ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ
Աշխարհի չորս կողմը ցնցիչ զինեալ վայրագութիւն կայ. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
Յուլիս 2022–ին, աշխարհի չորս կողմը, ցնցիչ զինեալ վայրագութիւն տեղի ունեցաւ.
«Ճափոնի ամէնէն յայտնի քաղաքագէտին [նախկին վարչապետ Սինձօ Ապէին] սպանութիւնը երկիրը տակնուվրայ ըրաւ եւ ամբողջ աշխարհի մէջ մարդիկը ցնցեց, մանաւանդ քանի որ Ճափոնի մէջ վայրագ ոճիրներու ցած մակարդակ կայ եւ զէնքի նկատմամբ խիստ օրէնքներ կան» (10 յուլիս 2022, The Japan Times)։
Դանիայի ժողովուրդը ցնցուեցաւ, երբ զինեալ մը երեք հոգի սպաննեց Քոփենհակընի գնումներու վաճառակեդրոնին մէջ» (4 յուլիս 2022, Reuters)։
«Հարաւային Ափրիկէ. 15 անհատներ սպաննուեցան, երբ զինեալներ կրակ բացին Սովեթօ քաղաքին մէկ գինետան մէջ» (10 յուլիս 2022, The Guardian)։
Միացեալ Նահանգներուն մէջ, աւելի քան 220 անհատներ զէնքով սպաննուեցան՝ յուլիս 4–ի շաբաթավերջի արձակուրդին (5 յուլիս 2022, CBS News)։
Յոյս կա՞յ, որ օր մը օրանց այս տեսակ վայրագութիւն վերջ գտնէ։ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։
Վերջ՝ վայրագութեան
Աստուածաշունչը մեր օրերուն մասին կ’ըսէ՝ «վերջին օրեր», որուն ժամանակ մարդիկ պիտի ըլլային «դաժանաբարոյ», այսինքն՝ վայրենի, եւ գազանային վարք պիտի ունենային (Բ. Տիմոթէոս 3։1, 3)։ Աս տեսակ վարք պատճառ կը դառնայ, որ մարդիկ վախի մէջ ապրին (Ղուկաս 21։11)։ Բայց, Աստուածաշունչը կը խոստանայ որ ժամանակ պիտի գայ, երբ վայրագութիւնը վերջ պիտի գտնէ եւ մարդիկ «խաղաղաւէտ բնակութեան մէջ ու ապահով վրաններու մէջ եւ կատարեալ հանգստութեան մէջ պիտի բնակի[ն]» (Եսայի 32։18)։ Լաւ, վայրագութիւնը ինչպէ՞ս վերջ պիտի գտնէ։
Աստուած չարերը մէջտեղէն պիտի վերցնէ եւ ամէն տեսակ զէնք կործանէ։
«Ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին» (Առակաց 2։22)։
«[Աստուած] պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ» (Սաղմոս 46։9)։
Աստուած մարդոց պիտի սորվեցնէ խաղաղօրէն ապրիլ եւ այսպէս ամէն տեսակ վայրագութեան վերջ պիտի դնէ։
«Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն» (Եսայի 11։9)։
Նոյնիսկ հիմա, ամբողջ աշխարհի մէջ, Աստուած մարդոց կը սորվեցնէ, որ վայրագութեամբ չվարուին, զէնք չգործածեն եւ ‘իրենց սուրերէն՝ խոփեր, ու իրենց նիզակներէն յօտոցներ շինեն’ (Միքիա 4։3)։
Աստուածաշունչը կը խոստանայ աշխարհ մը, ուր մարդիկ առանց վախի պիտի ապրին։ Ասոր մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Յոյս կա՞յ որ առանց վախի ապրինք» յօդուածը (արաբ.)։
Վայրագութեան մնայուն լուծումին մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Վե՛րջապէս խաղաղ աշխարհ» յօդուածը (արաբ.)։