Kim Steele/The Image Bank via Getty Images
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի ընէ տնտեսական խնդիրներուն նկատմամբ
Աշխարհի մէջ ամէն տեղ, շատերու համար ապրուստ ճարելը շատ դժուար դարձած է։ Եւ ցաւօք սրտի, այս վիճակը երթալով աւելի գէշ կ’ըլլայ։
Վերջերս լոյս տեսած համաշխարհային տեղեկագրութեան մը համաձայն, այսօր մարդիկ շատ քիչ բաներ կրնան գնել իրենց շահած դրամովa։ Տեղեկագրութիւնը կը զգուշացնէ, որ եթէ քայլեր չառնուին, աղքատներուն եւ հարուստներուն միջեւ եղած անհաւասարութիւնը երթալով աւելի պիտի մեծնայ եւ շատ մը աշխատաւորներու ու անոնց ընտանիքներուն կեանքի պայմանները աւելի գէշ պիտի ըլլան։
Արդեօք կառավարութիւնները պիտի կարենա՞ն համաշխարհային տնտեսական խնդիրները լուծել կամ առնուա՛զն բարելաւել։
Աստուածաշունչը կը բացատրէ, որ կա՛յ կառավարութիւն մը, որ տնտեսական բոլոր խնդիրները պիտի լուծէ, մէջը ըլլալով անհաւասարութիւնը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ «երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ», որ մէկ կառավարութիւն է եւ ամբողջ աշխարհի խնդիրներուն հոգ պիտի տանի (Դանիէլ 2։44)։ Երբ այդ համաշխարհային կառավարութիւնը իշխէ, մէ՛կը պիտի չմոռցուի, ո՛չ ալ պիտի անտեսուի (Սաղմոս 9։18)։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը վստահ պիտի ըլլայ, որ իր հպատակները պէտք եղած բոլոր բաները ունին, որ ուրախ զգան. եւ ամէն մարդ իր ծանր աշխատանքին արդիւնքը պիտի վայելէ (Եսայի 65։21, 22)։
a International Labour Organization Global Wage Report 2022-23