Անհաւասարութիւն Աստուած ի՞նք մտադրած էր զայն
Պատասխանը յստակ ո՛չ մըն է։ Տեսնենք թէ ինչու։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ մտադրութիւնն էր որ բոլոր մարդիկ կեանք եւ ուրախութիւն վայելելու հաւասար պատեհութիւններ ունենային։ Մարդուն ստեղծագործութեան մասին կը կարդանք. «Աստուած ըսաւ. ‘Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք։ Ան ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ անասուններուն ու բոլոր երկրի ու սողացող բոլոր սողուններուն վրայ թող իշխէ’»։ Երկրային ստեղծագործութիւնը աւարտելէ ետք, «Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր»։—Ծննդոց 1։26, 31
Աստուած ներկայ անհաւասարութեան տխուր վիճակը կրնա՞յ «շատ բարի» կոչել։ Դժուար թէ, քանի որ «Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Իր մասին ըսուած է որ «աչառութիւն չ’ըներ» եւ թէ «[իր] գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է»։ (Բ. Օրինաց 10։17. 32։4. համեմատել՝ Յոբայ 34։19) Իսկ Պետրոս առաքեալ հետեւցուց. «Ճշմարտութեամբ կը հասկնամ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։—Գործք 10։34, 35
Քանի որ Աստուած սիրալիր, անաչառ, ճիշդ, ուղիղ եւ արդար է, մարդիկը ի՞նչպէս ուրախութիւն վայելելու անհաւասար իրաւունքներով ստեղծած կրնար ըլլալ։ Աստուծոյ անձնաւորութեան ուղղակի հակառակ է մարդոց մէջ խտրականութիւն թոյլատրել եւ զիրենք դնել անհաւասար դրութեան մը մէջ։ Ինք մտադրած էր որ բոլորն ալ ‘ծնէին ազատ, եւ արժանապատուութեամբ ու իրաւունքներով՝ հաւասար’։ Սակայն, ներկայիս հարցերը բացայայտօրէն այդպէս չեն։ Ինչո՞ւ։
Անհաւասարութեան Դրդապատճառը
Աստուած մարդիկը հաւասար ստեղծած է. բայց ասիկա չի նշանակեր որ իր մտադրութիւնն էր որ անոնք բոլոր կողմերով հաւասար ըլլային։ Անոնք կրնային իրարմէ տարբերիլ իրենց տաղանդներով, հետաքրքրութիւններով ու անձնաւորութեամբ։ Անոնք կրնային տարբեր ըլլալ նաեւ դիրքով կամ հեղինակութեան աստիճանով։ Օրինակ, մարդը եւ կինը ամէն բանի մէջ հաւասար չեն, հապա Աստուած կինը որպէս մարդուն «օգնական» կամ լրացուցիչ ստեղծեց։ (Ծննդոց 2։18) Ծնողներ եւ զաւակներ հեղինակութեան հարցով ակներեւաբար իրարմէ տարբեր են։ Սակայն, հակառակ այս տարբերութիւններուն, բոլորն ալ՝ տղամարդիկ, կիներ եւ զաւակներ, ուրախութեան հիմնական կարիքները գոհացնելու աստուածատուր իրաւունքները վայելելու հաւասար պատեհութիւններ պէտք էր ունենային։ Բոլորն ալ Աստուծոյ առջեւ հաւասար արժանապատուութիւն եւ դիրք մը պիտի վայելէին։
Մարդոցմէ առաջ ստեղծուած Աստուծոյ հոգեղէն որդիներուն ալ տարբեր նշանակումներ ու պատասխանատուութիւններ տրուած էին։ (Ծննդոց 3։24. 16։7-11. Եսայեայ 6։6. Յուդա 9) Այսուհանդերձ, իրենց տրուած բաներուն սահմաններուն մէջ, բոլորն ալ հաւասար չափով աստուածատուր կեանքը եւ ուրախութիւնը վայելելու կարող էին։ Այս կերպով անոնք հոյակապօրէն Աստուծոյ անաչառութիւնը կ’արտացոլացնէին։
Դժբախտաբար, հոգեղէն արարածներէն մէկը Աստուծոյ անաչառ կարգադրութենէն գոհ չեղաւ։ Ան Աստուծոյ իրեն տուածէն աւելին ուզեց, աւելի բարձր, աւելի կարկառուն դիրքի մը տենչալով։ Այս սխալ ցանկութիւնը մշակելով, ան մրցակից դարձաւ Եհովայի, որ որպէս Ստեղծիչ իրաւացիօրէն բացարձակ գերիշխանն է։ Աստուծոյ այս ըմբոստ հոգեղէն որդին հետագային դրդեց մարդիկը որպէսզի Աստուծմէ աւելին պահանջեն, քան ինչ որ Ան իրենց տուած էր։ (Ծննդոց 3։1-6. համեմատել՝ Եսայեայ 14։12-14) Այս կերպով, կեանքը եւ ուրախութիւնը հաւասարապէս վայելելու մարդոց համար Եհովայի ըրած կարգադրութիւնը յանկարծ խախտեցաւ։ Այս հոգեղէն ըմբոստը, որ Յայտնութիւն 20։2–ի մէջ բնորոշուած է որպէս «Բանսարկուն ու Սատանան», մարդկային անհաւասարութիւն դրդող չար ոյժը եղաւ։
Արդեօք Կացութիւնը Պիտի Փոխուի՞ Օր մը
Պատասխանը յստակ այո մըն է։
Սակայն այս փափաքելի փոփոխութիւնը ո՞վ պիտի բերէ։ Մարդկային առաջնորդներ, որոնցմէ ոմանք ամենայն անկեղծութեամբ, դարեր պայքարած են ասոր համար։ Անոնք սահմանափակ յաջողութիւններ ձեռք ձգած են, որոնց պատճառաւ շատեր հետեւցուցած են թէ անիրապաշտ է ակնկալել որ օր մը մարդկային անհաւասարութեան հարցը պիտի լուծուի։ Սակայն այս մասին Աստուծոյ տեսակէտը արձանագրուած է Եսայեայ 55։10, 11–ի մէջ. «Ինչպէս անձրեւն ու ձիւնը երկնքէն կ’իջնեն եւ հոն չեն դառնար, հապա երկիրը կ’ոռոգեն ու զանիկա պտղաբեր եւ արգասաւոր կ’ընեն, ցանողին՝ հունտ եւ ուտողին հաց կու տան, իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի»։
Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ թէ Եհովա Աստուած ծանուցանած է որ ինք իր սկզբնական նպատակը պիտի կատարէ, բոլոր մարդոց կեանքի եւ ուրախութեան հաւասար պատեհութիւններ տալով։ Որպէս ճշմարտութեան Աստուած, ան իր խոստումները կատարելու պարտաւորուած կը զգայ։ Բարեբախտաբար, ինք ասիկա ընելու թէ՛ կամեցողութիւնը եւ թէ զօրութիւնը ունի։ Ասիկա ի՞նչպէս պիտի իրագործէ։
Պատասխանը կը կայանայ այն Թագաւորութեան մէջ, որու համար Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, . . . քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ (Մատթէոս 6։9, 10) Այո, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այն միջոցն է զոր Եհովա պիտի գործածէ, որպէսզի հիմա գոյութիւն ունեցող ‘բոլոր թագաւորութիւնները փշրէ ու հատցնէ ու ինք յաւիտեան մնայ’։—Դանիէլ 2։44
Երկնային Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, նոր մարդկային ընկերութիւն մը մէջտեղ պիտի գայ։ Այս մասին, Յովհաննէս առաքեալ Աստուածաշունչի վերջին գրքին՝ Յայտնութեան մէջ գրեց. «Նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը տեսայ, վասն զի առաջին երկինքը ու առաջին երկիրը անցան»։ (Յայտնութիւն 21։1) Անհաւասարութեան բոլոր տգեղ երեսները անցած գացած պիտի ըլլան. աղքատութիւնը, հիւանդութիւնը, տգիտութիւնը, խտրականութիւնը եւ մարդկային այլ թշուառութիւններ։a
Հիմա աւելի քան դար մըն է որ Եհովայի Վկաները մարդոց ուշադրութիւնը կը դարձնեն այդ Թագաւորութեան վրայ։ (Մատթէոս 24։14) Գրականութիւններով եւ անձնական օժանդակութեամբ, անոնք ամէն ջանք կը թափեն որ մարդիկ Աստուծոյ նպատակներուն մասին Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած գիտութիւնը ձեռք ձգեն։ Անոնց համերկրային դաստիարակչական գործը, ոչ միայն ապագային հաւասարութեան եւ ուրախութեան մէջ ապրելու յոյսը տուած է մարդոց, այլ հիմա անհաւասարութեան պատուհասը նուազեցնելու նպաստած է։ Տեսնենք թէ ի՛նչպէս։
[Ստորանիշ]
a Աստուծոյ Թագաւորութեան բոլորին համար բերելիք հաւասարութեան մասին աւելի լայն տեղեկութիւն ստանալու համար, հաճեցէք տեսնել՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին 10 եւ 11–րդ գլուխները, որ հրատարակուած է՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
[Մէջբերում՝ էջ 5]
Աստուծոյ մտադրութիւնն էր որ բոլոր մարդիկ կեանքի եւ ուրախութեան հաւասար պատեհութիւններ ունենային