Անհաւասարութեան ներկայ պատուհասը
«Մեզի համար բացայայտ են այն ճշմարտութիւնները, թէ բոլոր մարդիկ հաւասար ստեղծուած են, թէ անոնք իրենց Ստեղծիչին կողմէ որոշ անժխտելի Իրաւունքներով օժտուած են, թէ անոնց կարգին են Կեանքը, Ազատութիւնը եւ Ուրախութեան հետապնդումը»։—Անկախութեան Յայտարարութիւն, որդեգրուած Միացեալ Նահանգներու կողմէ՝ 1776–ին։
«Բոլոր մարդիկ ազատ եւ հաւասար իրաւունքներով ծնած են»։—Մարդուն եւ Քաղաքացիներուն Իրաւունքներու Յայտարարութիւնը, որդեգրուած Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին կողմէ՝ 1789–ին։
«Մարդ արարածներուն բոլորն ալ ծնած են ազատ եւ՝ արժանապատուութեամբ ու իրաւունքներով հաւասար»։—Մարդկային Իրաւանց Տիեզերական Յայտարարութիւն, որդեգրուած Միացեալ Ազգերու Ընդհանուր Խորհուրդին կողմէ՝ 1948–ին։
ԱՅՍ մասին կասկած չկայ։ Մարդոց մէջ հաւասարութեան ցանկութիւնը համընդհանուր է։ Դժբախտաբար, մարդուն հաւասարութեան գաղափարը ա՛յսքան կրկնուելու հարկը ինքնին կը փաստէ թէ հաւասարութիւնը խոյս տուած է մարդոցմէ։
Ոեւէ մէկը կրնա՞յ իրապէս առարկել թէ ներկայիս, Ի. դարու աւարտին, հարցերը աւելի լաւ եղած են։ Արդեօք Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի բոլոր քաղաքացիները, կամ Միացեալ Ազգերու 185 անդամներէն իւրաքանչիւրը իրապէս կը վայելե՞ն այն հաւասար իրաւունքները, որոնցմով իբրեւ թէ օժտուած են ի ծնէ։
Թէեւ մարդոց մէջ հաւասարութեան գաղափարը կրնայ «բացայայտ» ըլլալ, սակայն բոլոր մարդիկ ‘Կեանքի, Ազատութեան եւ Ուրախութեան հետապնդումի’ հաւասար իրաւունքներ ունենալէն շա՜տ հեռու են։ Օրինակ, կեանքի իրաւունքի ի՞նչպիսի հաւասարութեան մասին կրնայ խօսուիլ, երբ Ափրիկէի մէջ մէկ բժիշկ կայ 2,569 երախայի համար, մինչդեռ Եւրոպայի մէջ մէկ բժիշկ կայ՝ 289 երախայի համար։ Կամ՝ ազատութեան եւ ուրախութեան հետապնդումի իրաւունքներու ի՞նչ հաւասարութիւն գոյութիւն կրնայ ունենալ, երբ Հնդկաստանի մէջ տղոց մէկ երրորդը, իսկ աղջիկներուն երկու երրորդը անգրագէտ պիտի մեծնան, մինչդեռ Ճափոնի, Գերմանիոյ, եւ Մեծն Բրիտանիոյ նման երկիրներու մէջ, գրեթէ ամէն երախայի կրթութիւնը երաշխաւորուած է։
Կեդրոնական Ամերիկայի երկիրներու ժողովուրդները՝ անձգլուխ 1,380 $ տարեկան եկամուտով, կեանքի մէջ նոյն «արժանապատուութիւնը եւ իրաւունքները» կրնա՞ն վայելել ինչպէս Ֆրանսայի մէջ ապրողները, որոնց անձգլուխ տարեկան եկամուտն է 24,990 $։ Հաւասարութեան ի՞նչ նմանութիւն կայ Ափրիկեցի նորածին աղջիկ զաւկի մը՝ որու կեանքի ակնկալութիւնը 56 տարի է, եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ծնած աղջիկ զաւկի մը միջեւ, որու կեանքի ակնկալութիւնը 79 տարի է։
Անհաւասարութիւնը շատ երեսներ ունի, որոնց բոլորն ալ տգեղ են։ Ապրելակերպի չափանիշներուն, առողջապահական հոգատարութեան եւ կրթութեան մէջ եղած անհաւասարութիւնը անոնցմէ միայն քանի մը հատն են։ Երբեմն քաղաքական, ցեղային կամ կրօնական տարբերութիւններ վճռական դեր մը կ’ունենան մարդիկը իրենց արժանապատուութենէն եւ ազատութենէն զրկելու համար։ Հակառակ որ հաւասարութեան նիւթը այսքան կը ծեծուի, մենք կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ որ անհաւասար է։ Պատուհասի մը, «համատարած կամ մեծ դժբախտութեան պատճառ»ի մը նման՝ ըստ բառին բացատրութեան՝ անհաւասարութիւնը մարդկային ընկերութեան բոլոր մակարդակները կ’ընդգրկէ։ Անոր պատճառած ցաւերը՝ աղքատութիւնը, հիւանդութիւնը, տգիտութիւնը, անգործութիւնը եւ խտրականութիւնը, սիրտ կը խոցոտեն։
«Բոլոր մարդիկն ալ հաւասար ստեղծուած են»։ Ի՜նչ գեղեցիկ միտք մը։ Սակայն որքան ցաւալի է որ իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է։
[Նկարին աղբիւրը]
UN PHOTO 152113/SHELLEY ROTNER