Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կահ յօդուած 79
  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր սրտին մէ՞ջ է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր սրտին մէ՞ջ է
  • Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչին պատասխանը
  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ կրնայ նշանակել ձեզի համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը տիրէ
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
  • Յիսուս ի՛նչ սորվեցուց Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
Տես աւելին
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
կահ յօդուած 79
Մարդկային մարմին, որուն մէջ բառացի թագաւորութիւն գոյութիւն չունի

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր սրտին մէ՞ջ է

Աստուածաշունչին պատասխանը

Ո՛չ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քրիստոնեաներուն սրտին մէջ չէ։ Անիկա սրտի վիճակ չէa։ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Թագաւորութեան համար կ’ըսէ «երկնքի թագաւորութիւն» (Մատթէոս 4։17)։ Ուրեմն, այս Թագաւորութիւնը կը գտնուի երկնքի մէջ։ Տես թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս ցոյց կու տայ որ ատիկա իսկական կառավարութիւն է՝ որ կ’իշխէ երկինքէն։

  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ունի կառավարիչներ, հպատակներ, օրէնքներ եւ իշխանութիւն՝ որ Աստուծոյ կամքը հաստատէ երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ (Մատթէոս 6։10. Յայտնութիւն 5։10)։

  • Աստուծոյ կառավարութիւնը կամ Թագաւորութիւնը պիտի իշխէ ‘բոլոր ժողովուրդներու, ազգերու եւ լեզուներու վրայ’ (Դանիէլ 7։13, 14)։ Աստուա՛ծ է որ այդ կառավարութեան իշխանութիւն տուած է (Սաղմոս 2։4-6. Եսայի 9։7)։

  • Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն ըսաւ որ իրեն պիտի միանային երկնային Թագաւորութեան մէջ եւ ‘աթոռներու վրայ նստէին’ (Ղուկաս 22։28, 30)։

  • Թագաւորութիւնը ունի թշնամիներ, որոնց մէջտեղէն պիտի վերցնէ (Սաղմոս 2։1, 2, 8, 9. 110։1, 2. Ա. Կորնթացիս 15։25, 26)։

Կարգ մը մարդիկ կը հաւատան որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սրտիդ մէջ կ’ըլլայ, երբ որ Աստուծոյ հնազանդիս։ Բայց Աստուածաշունչը ասանկ բան չի սորվեցներ։ Բայց եւ այնպէս ատիկա կը սորվեցնէ որ «թագաւորութեան խօսքը» կամ ‘Արքայութեան աւետարանը’ կրնայ եւ պէտք է ազդէ մեր սրտին (Մատթէոս 13։19. 24։14)։

«Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր ներսիդին է» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ

Կարգ մը մարդիկ կը շուարին, երբ որ կարդան թէ կարգ մը Աստուածաշունչի թարգմանութիւններ Ղուկաս 17։21–ին մէջ ի՛նչ կ’ըսեն Թագաւորութեան մասին։ Օրինակ, Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ–ին մէջ այդ համարը այսպէս եկած է. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր ներսիդին է»։ Այս համարը ճիշդ կերպով հասկնալու համար, պէտք է նախ այդ լման գլուխը աչքէ անցընենք։

Կարգ մը կրօնական առաջնորդներ, որոնք Յիսուսին կը հակառակէին

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը չէր գտնուեր Յիսուսի յամառ եւ մարդասպան թշնամիներուն սրտին մէջ

Յիսուս կը խօսէր փարիսեցիներուն հետ, որոնք խումբ մը կրօնական առաջնորդներ էին, որ իրեն կը հակառակէին եւ ետքը զինք սպաննեցին (Մատթէոս 12։14. Ղուկաս 17։20)։ Տրամաբանակա՞ն է մտածել որ Թագաւորութիւնը անոնց՝ Յիսուսին հակառակորդներուն՝ չար սրտին մէջն էր։ Յիսուս անոնց ըսած էր. «Ներսէն կեղծաւորութեամբ եւ անօրէնութեամբ լեցուն էք» (Մատթէոս 23։27, 28)։

Անդին, ուրիշ թարգմանութիւններու մէջ աւելի յստակ է որ Յիսուս ի՛նչ ըսել ուզեց. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի հետ է» (շեղագիրը մեր կողմէ է. Contemporary English Version) կամ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր մէջ է» (Նոր աշխարհի թարգմանութիւն, ստորանիշ)։ Երկինքի Թագաւորութիւնը փարիսեցիներուն «հետ» կամ «մէջ» էր, այն իմաստով որ Յիսուս՝ Աստուծոյ նշանակած Թագաւորը՝ անոնց աչքին առջեւ կայնած էր (Ղուկաս 1։32, 33)։

a Շատ մը եկեղեցիներ կը սորվեցնեն որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը անձի մը մէջն է կամ անոր սրտին մէջն է։ Օրինակ, համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Աստուծոյ Թագաւորութիւն կը նշանակէ... թէ Աստուած կ’իշխէ մեր սրտին մէջ» (The Catholic Encyclopedia)։ Նոյնպէս, Պենետիկտոս ԺԶ. պապը իր գիրքին մէջ ըսաւ որ «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի գայ, երբ որ սրտանց Աստուծոյ ուշադրութիւն դարձնենք» (Jesus of Nazareth)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել