Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կահ յօդուած 136
  • Մարիամը Աստուծոյ մա՞յրն է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մարիամը Աստուծոյ մա՞յրն է
  • Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչին պատասխանը
  • Մարիամի օրինակը ի՛նչ կրնայ սորվեցնել մեզի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ»
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Առասպել 5. Մարիամ աստուածամայր է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Վիշտը դաշունահարեց իր սիրտը, բայց ան վերապրեցաւ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Տես աւելին
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
կահ յօդուած 136
Մարիամը Յիսուս մանուկին հետ

Մարիամը Աստուածամա՞յրն է

Աստուածաշունչին պատասխանը

Ո՛չ։ Աստուածաշունչը չի սորվեցներ, որ Մարիամը Աստուածամայրն է, ոչ ալ կ’ըսէ որ քրիստոնեաները պէտք է Մարիամը պաշտեն կամ մեծարենa։ Նկատի առ այս կէտերը.

  • Մարիամը բնաւ ինքզինք Աստուածամայր չսեպեց։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ, որ ան ծնունդ տուաւ «Աստուծոյ Որդի»ին եւ ոչ թէ՝ Աստուծոյ (Մարկոս 1։1. Ղուկաս 1։32)։

  • Յիսուս Քրիստոս բնաւ չըսաւ, թէ Մարիամ Աստուծոյ մայրն է կամ թէ ան յատուկ մեծարանքի արժանի է։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս սրբագրեց կին մը, որ յատուկ ուշադրութիւն տուաւ Մարիամին երանելի դերին որպէս Յիսուսի մայրը, երբ ըսաւ. «Մանաւանդ երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն» (Ղուկաս 11։27, 28)։

  • Աստուածաշունչին մէջ չենք գտներ «Աստուածամայր» եւ «Թէօթօգոս» (Աստուածածին) բառերը։

  • Աստուածաշունչին մէջ յիշուած «Երկնքի թագուհի» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ ո՛չ թէ Մարիամին, հապա՝ հաւատուրաց իսրայէլացիներուն պաշտած մէկ չաստուածուհիին (Երեմիա 44։15-19)։ «Երկնքի թագուհի»ն թերեւս բաբելոնացի չաստուածուհին՝ Իշթարն էր (Աստարտէ)։

  • Առաջին դարու քրիստոնեաները Մարիամը չպաշտեցին, ոչ ալ անոր յատուկ պատիւ տուին։ Պատմաբան մը իր գիրքին մէջ կ’ըսէ, որ առաջին դարու քրիստոնեաները «մերժած ըլլալու էին անձնաւորութիւններ աստուածացնելը եւ հաւանաբար վախցան Մարիամին անտեղի ուշադրութիւն տալու, քանի որ ատիկա կրնար այնպիսի տպաւորութիւն տալ, որ անոնք աստուածուհի կը պաշտէին (In Quest of the Jewish Mary)։

  • Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ Աստուած միշտ գոյութիւն ունեցած է (Սաղմոս 90։1, 2. Եսայի 40։28)։ Քանի՛ որ ան սկիզբ չունի, չի կրնար ըլլալ որ ան մայր ունենայ։ Ասկէ զատ, անկարելի էր որ Մարիամը իր արգանդին մէջ Աստուած շալկէր, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ նոյնիսկ երկինքը չի կրնար Աստուած պարունակել (Գ. Թագաւորաց 8։27)։

Մարիամը Յիսուսին մայրն է եւ ոչ թէ՝ «Աստուծոյ մայրը»

Մարիամը ծնունդով հրեայ էր եւ Դաւիթ թագաւորին սերունդէն էր (Ղուկաս 3։23-31)։ Իր հաւատքին ու բարեպաշտութեան պատճառով, Մարիամ Աստուծոյ հաճութիւնը ունէր (Ղուկաս 1։28)։ Անոր համար Աստուծոյ կողմէ ընտրուեցաւ, որ Յիսուսին մայրը դառնայ (Ղուկաս 1։31, 35)։ Յետագային, ան իր ամուսինէն՝ Յովսէփէն՝ ուրիշ զաւակներ ալ ունեցաւ (Մարկոս 6։3)։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ Մարիամը Յիսուսին աշակերտը դարձաւ. բայց ասկէ աւելի տեղեկութիւններ չկան իր մասին (Գործք 1։14)։

Ինչո՞ւ ոմանք կը հաւատան, որ Մարիամը Աստուածամայր է

Մարիամը մեծարանքի արժանացնելը առաջին անգամ սկսաւ Ք.Ե. չորրորդ դարուն վերջը։ Այդ ժամանակ, կաթողիկէութիւնը դարձաւ հռոմէական կայսրութեան պետական կրօնքը։ Այսպիսով, շատ մը հեթանոսներ անունով քրիստոնեաներ դարձան։ Ասկէ զատ, եկեղեցին որդեգրեց ոչ–սուրբգրային Երրորդութեան վարդապետութիւնը։

Երրորդութեան վարդապետութեան պատճառով, եկեղեցի գացողներէն շատեր եզրակացուցին, որ եթէ Յիսուս Աստուած է, ուրեմն պէտք է որ Մարիամը Աստուծոյ մայրը ըլլայ։ Ք.Ե. 431–ին, Եփեսոսի խորհրդաժողովը Մարիամը պաշտօնապէս ճանչցաւ որպէս՝ «Աստուածամայր»։ Ասկէ ետք, Մարիամ սկսաւ ա՛լ աւելի մեծարուիլ։ Եւ երբ հեթանոսները եկեղեցիի անդամներ դարձան, սկսան արգասաբերութեան չաստուածուհիներուն պատկերներն ու արձանները,– օրինակ՝ Արտեմիսին (հռոմէական դիցաբանութեան մէջ՝ Անահիտ չաստուածուհին) եւ Իզիսին պատկերներն ու արձանները,– փոխարինել կոյս Մարիամին պատկերներով եւ արձաններով։

Ք. Ե. 432–ին, Սիքստոս Երրորդ պապը հրաման տուաւ, որ Հռոմի մէջ եկեղեցի կառուցանուի՝ առ ի պատիւ «Աստուածամօր»։ Այդ եկեղեցին կառուցանուեցաւ վայրի մը մէջ, որ շատ հեռու չէր տաճառէ մը, որ անցեալին կառուցանուած էր ծննդաբերութեան չաստուածուհի՝ Լուսինայի՝ պատիւին։ Գիրքի մը մէջ կը կարդանք, որ այս եկեղեցին «յստակ փաստ է, որ հեթանոսական մայր չաստուածուհիի մը պաշտամունքը դարձաւ Մարիամի պաշտամունք, երբ Հռոմը քրիստոնէական կայսրութիւն դարձաւ» (Mary—The Complete Resource)։

a Տարբեր յարանուանութիւններ կը սորվեցնեն, որ Մարիամը Աստուծոյ մայրն է։ Անոր մասին կ’ըսեն որ «երկնքի թագուհին» է, կամ ալ Թէօթօգոս–ն է,– «Աստուածածին» նշանակող յունարէն բառ մը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել