Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ունկնդիրները Քաջալերել եւ Զօրացնել
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
    • Մեր Դիմաց Գտնուող Յոյսին Մասին Զգացումով Խօսեցէք։ Գալիք բաներուն մասին ներշնչեալ խոստումները քաջալերութեան մեծ աղբիւր մըն են Աստուած սիրողներուն համար։ Թերեւս ձեր ունկնդիրներէն շատեր յաճախ լսած են այս արտայայտութիւնները։ Բայց այդ խոստումներուն մասին խօսելու ատեն ձեր ցոյց տուած գնահատութեամբ, զանոնք կը կենդանացնէք, անոնց կատարման վրայ վստահութիւն կը կերտէք, եւ պատճառ կ’ըլլաք որ ձեր ունկնդիրներուն սիրտը երախտագիտութեամբ յորդի։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ ձեր սորվածները կիրարկելը ձեզի պիտի օգնէ որ ասիկա իրագործէք։

      Եհովա իր ժողովուրդին Մեծ Քաջալերողը եւ զօրութիւն Տուողն է։ Բայց կրնաք իրեն հետ համագործակցիլ այս քաջալերութիւնն ու զօրութիւնը փոխանցելով։ Երբ ժողովքին կը խօսիք, առիթէն օգտուեցէք ասիկա ընելու համար։

  • Շարունակեցէք Յառաջդիմել
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
    • Շարունակեցէք Յառաջդիմել

      ԴՊՐՈՑԻ այս յայտագրի իւրաքանչիւր խրատական կէտին վրայ անձնապէս աշխատեցա՞ք։ Յանձնարարուած վարժութիւններն ալ ըրի՞ք։ Իւրաքանչիւր կէտը կը կիրարկէ՞ք երբ դասախօսութիւններ կու տաք, դպրոցին թէ միւս ժողովներուն մէջ, եւ երբ դաշտի ծառայութեան կը մասնակցիք։

      Շարունակեցէք օգտուիլ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի կրթութենէն։ Հոգ չէ թէ ո՛րքան ժամանակէ դասախօսութիւն կու տաք, անպայման կան մարզեր, որոնց մէջ կրնաք յառաջդիմել։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել