Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Յոյս ունենալը տարբերութիւն կ’ընէ՞
    Զարթի՛ր 2004 | Ապրիլ 22
    • Յոյս ունենալը տարբերութիւն կ’ընէ՞

      ՏԷՆԻԷԼԸ միայն 9 տարեկան էր, երբ սկսաւ քաղցկեղի դէմ պայքարիլ։ 10 տարեկանին, բժիշկները եւ մօտիկ պարագաներ արդէն իրենց յոյսերնին կտրած էին։ Բայց Տէնիէլին յոյսը դեռ զօրաւոր էր։ Ան կը հաւատար որ պիտի մեծնար, գիտնական դառնար եւ մասնակցէր քաղցկեղին բուժում գտնելու մէջ։ Տէնիէլը շատ մեծ յոյս դրած էր այն բժիշկին այցելութեան վրայ, որ իր ունեցած քաղցկեղի տեսակին մէջ մասնագիտացած էր։ Բայց այցելութեան օրը բժիշկը չեկաւ՝ գէշ օդին պատճառաւ։ Տէնիէլին հոգեկանը գետինն էր։ Առաջին անգամ ըլլալով, ան իր յոյսը կտրեց եւ քանի մը օր վերջ մեռաւ։

      Տէնիէլին պատմութիւնը պատմեց առողջապահական բաժանմունքին մէջ աշխատող գործաւոր մը, որ կը սերտէր առողջութեան վրայ յոյսի եւ յուսահատութեան ազդեցութիւնը։ Թերեւս դուն ալ լսած ես Տէնիէլին պատմութեան նման պատմութիւններ։ Օրինակ, թերեւս քեզի պատմած են տարեց մարդու մը մասին, որ ինչպէս կեանքին կապուած կ’ըլլայ՝ յուսալով որ ներկայ ըլլայ յատուկ առիթի մը կամ սիրելիի մը այցելութեան, որուն երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասէ։ Եւ թէ այդ առիթին ներկայ ըլլալէ ետք կը մահանայ։ Լաւ ասանկ պարագաներու, յոյսը դեր մը կը խաղա՞յ, ինչպէս որ ոմանք կ’ըսեն։

      Երթալէն մեծ թիւով բժշկական մասնագէտներ կ’ըսեն որ դրական ըլլալը, յոյսը ունենալը եւ ուրիշ դրական զգացումներ ունենալը մէկու մը կեանքին եւ առողջութեան վրայ շատ մեծ ազդեցութիւն ունին։ Բայց շատեր այս գաղափարին հետ համաձայն չեն։ Անոնք կ’ըսեն որ ասանկ գաղափարներ եւ պատմութիւններ գիտական գետնի վրայ ճշգրիտ չեն։ Անոնք կը նախընտրեն սեպել որ հիւանդութիւններուն պատճառը բառացի մարմինին եւ անոր օրկաններուն ձախողութեան արդիւնքն է։

      Անշուշտ, նորութիւն չէ որ շատեր կասկածներ ունին յոյսին լաւ ազդեցութիւն ունենալուն նկատմամբ։ Հազարաւոր տարիներ առաջ, յոյն փիլիսոփայ Արիստոտէլ յոյսի մասին ըսաւ. «Ատիկա արթուն վիճակի մէջ երազ տեսնել է»։ Իսկ յետագային ամերիկացի դիւանագէտ՝ Պենճըմըն Ֆրենքլին ըսաւ. «Ան որ յոյսով կ’ապրի, անօթի պիտի մեռնի»։

      Լաւ, ճիշդ ի՞նչ է յոյսը։ Երազային աշխարհի մէջ ապրի՞լ է, կամ կապուիլ է երազներու, որոնք անկարելի է որ իրականանան, բայց եւ այնպէս մարդիկը կը մխիթարեն։ Տրամաբանական պատճառ կա՞յ յոյսը սեպելու զօրաւոր հիմ եւ իսկական օգուտներ բերող բան մը՝ որուն բոլորս պէտք ունինք, որ առողջ եւ ուրախ ըլլանք։

  • Ինչո՞ւ պէտք ունինք յոյսի
    Զարթի՛ր 2004 | Ապրիլ 22
    • Ինչո՞ւ պէտք ունինք յոյսի

      Ի՞ՆՉ կրնար պատահիլ, եթէ Տէնիէլը, որ քաղցկեղէ կը տառապէր, իր յոյսը զօրաւոր պահէր։ Պիտի կարենա՞ր քաղցկեղին հետ գլուխ ելլել եւ այսօր՝ ողջ պիտի ըլլա՞ր։ Նոյնիսկ անոնք՝ որոնք համոզուած են որ յոյս ունենալը մեծ դեր կը խաղայ առողջանալու մէջ, ասանկ խօսք չեն ըսեր։ Եւ ասիկա կարեւոր կէտ է։ Մենք պէտք չէ կարծենք որ յոյսը կրնայ ամէն բան լուծել կամ բոլոր մարդիկը բժշկել։

      «Սի.Պի.Էս. Նիուզ»ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, բժիշկ Նէյթըն Չըրնի զգուշացուց որ սխալ է ծանր հիւանդութիւն ունեցողներուն ըսել որ պիտի լաւանան, եթէ յոյս ունենան. «Երբեմն ամուսիններ իրենց հիւանդ կիներուն ծանր խօսքեր ըսած են, քանի որ անոնք բաւական ժամանակ չեն տրամադրած խոկալու կամ դրական կերպով մտածելու համար»։ Ետքը աւելցուց. «Աս տեսակ մտածելակերպ մարդոց մէջ կը տարածէ այն սխալ կարծիքը, որ եթէ անոնք լաւատես եւ դրական ըլլան, կրնա՛ն հիւանդութիւնը իրենց հակակշռին տակ առնել. իսկ եթէ հիւանդին առողջութիւնը ետեւ երթայ, ուրեմն ան պէտք եղածը չըրաւ որ լաւանայ։ Բայց ասիկա տրամաբանական չէ»։

      Իրականութեան մէջ, անոնք որ մահացու հիւանդութիւն ունին, շա՛տ յոգնեցուցիչ պայքարի մէջ կ’ըլլան։ Անոր համար, ընտանիքի անդամ մը պէտք չունի այդ պայքարը աւելի դժուար դարձնելու, հիւանդին յանցաւոր զգացնելով։ Բայց արդեօք ասիկա կը նշանակէ՞ որ յոյսը մեզի չի կրնար օգնել։

      Ո՛չ։ Օրինակ, վերը նշուած բժիշկին մասնագիտութիւնն է՝ անբուժելի հիւանդութիւն ունեցողներուն օգնել, որ իրենց կեանքին վերջին հանգրուանին քիչ ցաւ զգան։ Այս տեսակ բժիշկներ համոզուած են որ այն բուժումները, որոնք դրական եւ ուրախ կը պահեն իրենց հիւանդները,– նոյնիսկ անոնք՝ որոնք ծանր հիւանդութիւն ունին,– շա՛տ մեծ արժէք ունին։ Եւ շատ մը փաստեր կան, որոնք ցոյց կու տան որ յոյսը շա՛տ կ’օգնէ հիւանդներուն։

      Յոյսը կրնայ քեզի օգնել

      Բժիշկ Ու. Կիֆորտ Ճոնզ, որ բժշկական մարզի մէջ լրագրող է, կ’ըսէ որ «յոյսը զօրաւոր դարման է»։ Ան աչքէ անցուց բժշկական ուսումնասիրութիւններ, որոնք նկատի կ’առնեն մահացու հիւանդութիւն ունեցողները քաջալերելու կարեւորութիւնը զգացական գետնի վրայ։ Շատեր կը կարծեն որ այս տեսակ օգնութիւն անոնց կ’օգնէ որ յոյսով լեցուն ըլլան եւ դրական մնան։ Իսկ 1989–ին կատարուած ուսումնասիրութիւն մը, ցոյց տուաւ որ զգացական գետնի վրայ օգնութիւն ստացող հիւանդները աւելի երկար կ’ապրին. բայց յետագային տարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուին որ ատիկա հարիւր առ հարիւր ճիշդ չէ։ Բայց եւ այնպէս ուսումնասիրութիւնները փաստա՛ծ են որ անոնք՝ որոնք զգացական գետնի վրայ օգնութիւն կը ստանան այդքան ցաւ չեն ունենար եւ ընկճուած չեն զգար, որքան անոնք՝ որոնք այդ տեսակ օգնութիւն չեն ստանար։

      Նկատի առ ուրիշ ուսումնասիրութիւն մը, որ ցոյց կու տայ դրական ըլլալուն եւ ժխտական ըլլալուն ազդեցութիւնը սրտի երակներու հիւանդութիւն ունեցողներուն վրայ։ Աւելի քան 1300 տղամարդոց հարցուեցաւ որ կեանքի նկատմամբ դրակա՞ն թէ ոչ ժխտական տեսակէտ ունին։ 10 տարի ետք այս ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուաւ որ անոնցմէ մօտ 160 տղամարդիկ սրտի խնդիրներ ունեցան եւ թէ ատոնց մեծամասնութիւնը յոռետես էր (այսինքն՝ ամէն բանի գէշ կողմը տեսնող)։ Լորա Քուպզանսքին, մասնագէտ մը՝ որ դասեր կու տայ բժշկական դպրոցի մէջ, այս ուսումնասիրութեան մասին ըսաւ. «Հակառակ անոր որ դրական մտածելակերպին ազդեցութիւնը սրտի առողջութեան վրայ կու գայ անհիմն պատմութիւններէ, այս ուսումնասիրութիւնը առաջին անգամ ըլլալով գիտական փաստ տուաւ այս նիւթին նկատմամբ»։

      Կարգ մը ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան որ անոնք՝ որոնք կը սեպեն որ լաւ առողջութիւն ունին, գործողութենէ մը ետք աւելի արագ կ’ապաքինին, քան՝ անոնք որոնք կը սեպեն որ վատ առողջութիւն ունին։ Ուրիշ ուսումնասիրութիւններ նոյնիսկ ցոյց կու տան, որ լաւատես մարդիկ աւելի երկար կ’ապրին։ Օրինակ, ուսումնասիրութիւն մը եղաւ տարեցներու վրայ եւ անոնց հարցուեցաւ որ ինչպէ՛ս կը զգան ծերութեան նկատմամբ։ Եւ երբ անոնց ցոյց տրուեցաւ կարգ մը նոթեր, որոնք կ’ըսեն թէ ծերերը իմաստուն են եւ կեանքի փորձառութիւն ունին, նկատուեցաւ որ ետքը անոնք ճամբան մեծ աշխուժութեամբ կը քալէին։ Ասիկա այնքա՛ն լաւ ազդեցութիւն ունեցաւ անոնց վրայ, որքան 12 շաբթուան մարզանքի յայտագիր մը կրնայ ազդել մէկու մը։

      Ինչո՞ւ համար յոյսը, լաւատեսութիւնը եւ դրական ըլլալը լաւ ազդեցութիւն ունին մեր առողջութեան վրայ։ Թերեւս գիտնականները եւ բժիշկները դեռ շատ լաւ չեն հասկցած մարդկային միտքն ու մարմինը, որ կարենան ճշգրիտ պատասխան տալ։ Բայց մասնագէտներ, որոնք այս նիւթը կը սերտեն, փնտռտուքներու հիման վրայ կարգ մը ենթադրութիւններ կ’ընեն։ Օրինակ, ջղաբանութեան մէջ փրոֆէսոր մը կ’ըսէ. «Շատ աղուոր զգացում է ուրախ եւ յոյսով լեցուն ըլլալ։ Երբ մէկը ուրախ է, քիչ սթրես կ’ունենայ. ինչ որ շա՛տ լաւ ազդեցութիւն կ’ունենայ անոր առողջութեան վրայ։ Ատիկա առողջ ըլլալու կերպերէն մէկն է»։

      Թերեւս բժիշկներ, հոգեբաններ եւ գիտնականներ ասիկա նոր գաղափար կը սեպեն, բայց ատիկա նորութիւն չէ Աստուածաշունչը սերտողներուն համար։ Մօտ 3000 տարի առաջ, Աստուած իր սուրբ հոգիին միջոցաւ ուղղեց իմաստուն թագաւոր Սողոմոնը որ այս միտքը գրէ. «Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է, բայց ընկճուած հոգին անդամները կը չորցնէ» (Առակաց 17։22, ԱԾ): Ասիկա շա՛տ տրամաբանական խօսք է, քանի որ ատիկա չ’ըսեր որ ուրախ սիրտը բոլոր հիւանդութիւնները կը բժշկէ, հապա միայն կ’ըսէ որ «դեղի պէս օգտակար է»։

      Եթէ յոյսը դեղ ըլլար, շա՛տ հաւանաբար բժիշկները իրենց հիւանդներուն պիտի ըսէին որ այդ դեղը առնեն։ Բայց յոյսը առողջութիւնդ բարելաւելէն աւելի՛ն կրնայ ընել։

      Լաւատես կամ յոռետես ըլլալը ինչպէ՛ս կ’ազդէ մեր կեանքին

      Գիտնականներ նկատած են որ դրական ըլլալը շա՛տ կերպերով օգտած է լաւատես մարդոց։ Լաւատես մարդը աւելի լաւ աշակերտ է, գործաւոր է եւ մարզիկ է։ Օրինակ, ուսումնասիրութիւն մը եղաւ մարզական խումբի մը վրայ, որ կիներէ կը բաղկանայ։ Մարզիչներէն խնդրուեցաւ որ ամէն մէկ մարզիկ սերտեն՝ տեսնելու համար թէ որքա՛ն լաւ կրնան խաղալ մրցումի մը ընթացքին։ Նոյն ժամանակ, մարզիկներէն ալ խնդրուեցաւ որ իրենք ալ ըսեն թէ որքա՛ն լաւ կը կարծեն կրնան խաղալ մրցումին մէջ։ Արդիւնքը ցոյց տուաւ որ կիները ըրին այն ինչ որ յոյս ունէին որ իրենք կրնա՛ն ընել եւ ոչ թէ այն ինչ որ իրենց մարզիկները իրենցմէ կ’ակնկալէին։

      Գիտնականները շա՛տ բան սորված են սերտելով անհատներ, որոնք ժխտական են։ Աւելի քան 50 տարի առաջ, գիտնականները նկատած են որ թէ՛ անասունները եւ թէ մարդիկ կրնան սորվիլ անյոյս ըլլալ կամ զգալ։ Օրինակ, անոնք խումբ մը մարդիկ սենեակի մը մէջ դրին, ուր շատ աղմուկ կայ եւ անոնց ըսին որ կրնան աղմուկը դադրեցնել, եթէ որոշ կոճակներ որոշ շարքով սեղմեն։ Եւ սենեակին մէջ եղողները յաջողեցան աղմուկը դադրեցնել։

      Ուրիշ խումբ մը մարդոց ալ նոյն բանը ըսուեցաւ, բայց ատոնք կոճակներ սեղմելով արդիւնքի մը չհասան։ Ինչպէս կրնաս երեւակայել, այս խումբին մէջ շատեր ժխտական կեցուածք ունէին։ Վերջը, երբ անոնց վրայ ուրիշ փորձեր ալ եղան, անոնք նոյնիսկ չէին ուզեր քայլ մը առնել, քանի որ համոզուած էին որ ի՛նչ ալ ընեն՝ տեղ մը պիտի չհասնին։ Բայց այս խումբին մէջ կայի՛ն լաւատես մարդիկ, որոնք մերժեցին այդ ժխտական տեսակէտը ունենալ։

      Դոկտոր Մարթըն Սելիկմըն, որ մաս կազմեց այս փորձերը պատրաստելու մէջ, որոշեց աւելի սերտել լաւատեսութիւնը եւ յոռետեսութիւնը։ Ան սերտեց որ կարգ մը մարդիկ ինչո՛ւ անյոյս կը զգան։ Եւ եզրակացուց որ անոնք՝ որոնք ժխտական տեսակէտ ունին, իրենց համար դժուար է կամ նոյնիսկ անկարելի է որ քայլ մը առնեն։ Իր եզրակացութեան մէջ ըսաւ. «25 տարի ժխտական տեսակէտ ունեցող մարդիկը սերտեցի, որոնք կը հաւատան թէ ամէն գէշ բան որ գլուխնին կու գայ իրենց յանցանքն է եւ թէ ինչ ալ ընեն, գէշ բան մը պիտի՛ պատահի։ Համոզուած եմ, որ քանի որ ժխտական տեսակէտ ունեցող մարդիկը այսպէս կը մտածեն, անոնց հետ գէշ բաներ աւելի՛ կը պատահին, քան՝ լաւատես մարդոց հետ»։

      Թերեւս իր եզրակացութիւնն ալ շատերու համար նորութիւն է, բայց ոչ Աստուածաշունչը սերտողներուն համար։ Աստուածաշունչին մէջ առակ մը կ’ըսէ. «Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, ոյժդ քիչ է» (Առակաց 24։10): Յստակ է որ Աստուածաշունչը կը բացատրէ որ յուսահատ ըլլալը եւ ժխտական միտքեր ունենալը մեր ամբողջ ուժը պիտի սպառէ։ Լաւ ի՞նչ կրնաս ընել որ կեանքիդ մէջ աւելի լաւատես ըլլաս եւ յոյսով ապրիս։

      [Նկար]

      Յոյսը շա՛տ բան կրնայ ընել

  • Ինչպէ՞ս կրնաս ժխտական մտածելակերպին դէմ դնել
    Զարթի՛ր 2004 | Ապրիլ 22
    • Ինչպէ՞ս կրնաս ժխտական մտածելակերպին դէմ դնել

      ԵՐԲ խնդիրներու առջեւ ըլլաս, ի՞նչ կ’ընես։ Շատ մը մասնագէտներ կ’ըսեն որ պատասխանդ ցոյց կու տայ որ լաւատե՞ս կամ յոռետես մէկն ես։ Կեանքի մէջ, բոլո՛րս տարբեր–տարբեր դժուարութիւններէ կ’անցնինք. եւ մեզմէ ոմանք ուրիշներէն աւելի։ Լաւ, ինչո՞ւ կարգ մը մարդիկ պզտիկ դժուարութիւններու առջեւ կը յանձնուին, իսկ ուրիշներ՝ որոնք աւելի մեծ դժուարութիւններ ունին, չեն յանձնուիր։

      Օրինակ, երեւակայէ որ գործ կը փնտռես։ Կ’երթաս հարցազրոյցի, բայց կը մերժուիս։ Ի՞նչ կը զգաս։ Կրնաս եղածը անձնական առնել եւ մնայուն խնդիր սեպել, դուն քեզի ըսելով. ‘Մէ՛կը ինծի քովը պիտի չ’աշխատցնէ։ Ես կեանքի՛ս մէջ գործ պիտի չգտնեմ’։ Կամ թերեւս ձգես որ աս մէկ դէպքը քու գեղեցիկ եւ գունաւոր կեանքդ սեփ–սեւ դարձնէ, երբ դուն քեզի ըսես. ‘Շա՛տ ձախող մէկն եմ։ Մէկու մը գործի չեմ ծառայեր’։ Երկու պարագաներուն ալ, աս տեսակ մտածելակերպ շա՛տ ժխտական է։

      Ինչպէ՞ս կրնաս ժխտական միտքերու դէմ դնել

      Ի՞նչ կրնաս ընել որ ժխտական միտքերու դէմ դնես։ Նախ պէտք է անդրադառնաս որ ե՛րբ ժխտական միտքեր կ’ունենաս։ Եւ յաջորդ քայլը՝ անոնց դէմ դնես։ Փորձէ հասկնալ ինչո՛ւ գործի չընդունուեցար։ Օրինակ, ճի՞շդ է որ գործի չընդունուեցար քանի որ մէ՛կը չ’ուզեր քեզի իր քովը աշխատցնել, թէ ոչ գործատէրը պարզապէս ուրիշ ձիրքեր եւ կարողութիւններ ալ կը փնտռէր գործաւորի մը մէջ։

      Գիտնալու համար որ եթէ ժխտական միտքերդ չափազանցուած միտքեր են, մտածումներդ իրողութիւններու հետ համեմատէ։ Մէկ մերժում կը նշանակէ՞ որ դուն ձախող մէկն ես։ Մտածէ կեանքի ուրիշ երեսակներու մասին, որոնց մէջ դուն որոշ յաջողութիւն ունիս, թերեւս հոգեւոր կեանքիդ մէջ, ընտանիքիդ մէջ կամ բարեկամներու հետ։ Սորվէ մտածել որ ոչ թէ ամէն բան որ պիտի ընես՝ մեծ աղէտ մը պիտի դառնայ։ Վերջ ի վերջոյ, ճի՞շդ է որ կրնաս գիտնալ որ կեանքիդ մէջ գործ պիտի չգտնես։ Ուրիշ բան մըն ալ կրնայ քեզի օգնել որ ժխտական մտածելակերպի դէմ դնես։

      Ձեռքէդ եկած բաներու նկատմամբ դրական եղիր

      Վերջերս, գիտնականները «յոյսը» սահմանափակ կերպով բացատրած են։ Անոնք կ’ըսեն որ յոյս կը նշանակէ հաւատալ որ միտքդ դրած նպատակիդ պիտի՛ հասնիս։ Բայց ինչպէս որ յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ, յոյսը ատկէ աւելի՛ն կը նշանակէ։ Բայց եւ այնպէս գիտնականներուն այս ըսածը կրնայ մեզի օգնել որ դրական ըլլանք՝ մեր ձեռքէն եկած բաներուն նկատմամբ։

      Բայց որպէսզի դրական ըլլանք այդ մարզին մէջ, նախ պէտք է մեր կեանքին մէջ պզտիկ նպատակներ դնենք։ Եւ երբ որ ատոնց հասնինք, կրնանք վստահ ըլլալ որ ուրիշ կարեւոր նպատակներու ալ կրնանք հասնիլ։ Եթէ կը կարծես որ կեանքի մէջ նպատակներու չես հասած, լաւ կ’ըլլայ մտածես. նախ եւ առաջ ես կեանքի մէջ նպատակներ ունի՞մ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ շատ դիւրին է օրուան մէջ զբաղած ըլլալ եւ ժամանակ չտրամադրել մտածելու որ մենք աս կեանքէն ի՛նչ կ’ուզենք, ի՛նչը մեզի համար շատ կարեւոր է։ Շիտակը, Աստուածաշունչը կրնա՛յ մեզի օգնել ասոր մէջ։ Ատիկա կ’ըսէ. ‘Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք’ (Փիլիպպեցիս 1։10, ՆԱ)։

      Մէյ մը որ հասկնանք որ կեանքի մէջ ամէնէն կարեւոր բաները ի՛նչ են, մեզի համար դիւրին կ’ըլլայ դնել նպատակներ՝ որոնք կապ ունին մեր պաշտամունքին հետ, ընտանիքին հետ եւ ընդհանուր առմամբ կեանքի մէջ։ Բայց լաւ կ’ըլլայ շատ նպատակներ չդնել։ Հապա դնել նպատակներ՝ որոնց կրնանք դիւրաւ հասնիլ։ Իսկ եթէ դժուար նպատակ մը դնենք, ատիկա կրնայ մեզի յուսահատ դարձնել։ Անոր համար, լաւ կ’ըլլայ մեծ նպատակները պզտիկ–պզտիկ նպատակներու վերածել, որոնց կրնանք կարճ ժամանակուան մէջ հասնիլ։

      Լսած ենք որ կ’ըսեն. եթէ միտքդ դրած ես որ բան մը պիտի ընես, ատիկա ընելու կերպը պիտի՛ գտնես։ Եւ ասիկա շատ անգամ ճիշդ է։ Մէյ մը որ մեր մտքին մէջ մեր նպատակները յստականան, պէտք է որ վճռականութիւն ունենանք՝ եթէ կ’ուզենք ատոնց հասնիլ։ Եւ այդ վճռականութիւնը կը զօրանայ, երբ մտածենք որ ատոնց հասնելով՝ ինչպէ՛ս պիտի օգտուինք։ Անշուշտ դժուարութիւններ պիտի՛ ըլլան, բայց պէտք չէ ատոնց պատճառով յուսահատ դառնանք եւ յանձնուինք։

      Միւս կողմէ, մենք պէտք է ծրագրենք որ ինչպէ՛ս մեր նպատակներուն պիտի հասնինք։ Գրագէտ Շնայտըր,– որ սերտած է թէ որքա՛ն կարեւոր է յոյս ունենալ,– կ’ըսէ որ նպատակի մը հասնելու համար, պէտք չէ միայն մէկ ծրագիր ունենանք։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի եթէ մէկ ծրագիրը չի յաջողի, միւսին դիմենք։

      Շնայտըր նաեւ կ’առաջարկէ որ ատեններ պէտք է մեր նպատակը փոխենք։ Օրինակ, եթէ նպատակի մը չենք հասնիր եւ անդադար ատով մտահոգ ենք, յուսահատ պիտի դառնանք։ Բայց եթէ ատիկա տրամաբանական նպատակով մը փոխարինենք, ուրիշ բանի մը նկատմամբ յոյս պիտի ունենանք։

      Աստուածաշունչին մէջ աղուոր օրինակ մը ունինք ասոր մասին։ Դաւիթ թագաւոր ուզեց տաճար շինել իր Աստուծոյն՝ Եհովային։ Բայց Աստուած Դաւիթին ըսաւ որ այդ շինարարական ծրագիրը իր տղան՝ Սողոմոնը՝ պիտի ընէր։ Դաւիթ կրնար յուսահատիլ. բայց ան չնեղացաւ, ոչ ալ յամառօրէն ջանք թափեց որ իր այդ նպատակին հասնի։ Ընդհակառակը, ան իր նպատակը փոխեց։ Դաւիթ իր ամբողջ ուժը տրամադրեց դրամ հաւաքելու եւ պէտք եղած շինանիւթերը կարգի դնելու, որոնց իր տղան պէտք պիտի ունենար՝ տաճարը շինելու համար (Գ. Թագաւորաց 8։17-19. Ա. Մնացորդաց 29։3-7)։

      Ատեններ, նոյնիսկ եթէ կեանքի մէջ սորված ենք դրական եւ լաւատես ըլլալ, թերեւս յոյսով ապրիլը դժուար կը գտնենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ չենք կրնանք լուծել բոլոր այն խնդիրները, որոնք մեր յոյսը կը մաշեցնեն։ Լաւ ինչպէ՞ս կրնանք յոյսով ապրիլ՝ երբ մեր շուրջը տեսնենք աղքատութիւն, պատերազմներ, անարդարութիւն, եւ երբ հիւանդութիւնն ու մահը մեզ մտահոգ դարձնեն։

      [Նկար]

      Երբ մերժեն որ քովերնին աշխատիս, արդեօք դուն քեզի կ’ըսե՞ս որ կեանքի՛դ մէջ գործ պիտի չգտնես

      [Նկար]

      Դաւիթ թագաւոր պատրաստ էր իր նոր պարագային յարմարելու եւ իր նպատակը փոխելու

  • Ո՞ւր կրնաս գտնել իսկական յոյս
    Զարթի՛ր 2004 | Ապրիլ 22
    • Ո՞ւր կրնաս գտնել իսկական յոյս

      ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ որ ժամացոյցդ կը կենայ աշխատելէ։ Ատիկա նորոգելու կերպերը շատ են։ Շատեր քեզի կը խոստանան որ կրնան ժամացոյցդ նորոգել։ Բայց ետքը կը գիտնաս որ դրացիդ այդ ժամացոյցը ծրագրած ու շինած է անցեալին եւ հիմա պատրաստ է ատիկա ձրիօրէն նորոգելու։ Հիմա քեզի համար յստակ կը դառնայ որ ժամացոյցդ ո՛ւր նորոգութեան պիտի տաս։

      Ասիկա լաւ օրինակ է, որ ցոյց կու տայ, թէ մէկը ինչպէ՛ս կրնայ յոյս գտնել։ Եթէ նկատես որ երթալէն ամէն բանի հանդէպ յոյսդ կը կտրես,– ինչպէս որ է շատերու պարագան այսօր այս դժուար պայմաններուն մէջ,– ո՞ւր կը դիմես օգնութեան համար։ Շատեր կ’ըսեն որ կրնա՛ն քեզի օգնել՝ որ խնդիրներուդ հետ գլուխ ելլես, բայց իրենց տուած առաջարկները թերեւս քեզ շուարեցնեն։ Լաւ ի՞նչ կ’ըսես եթէ դիմես Ստեղծիչիդ, ան՝ որ քեզ ստեղծած է, քանի որ ի՛նքը կրնայ մեզի իսկական յոյս տալ։ Աստուածաշունչը իր մասին կ’ըսէ թէ «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» եւ թէ իրա՛ւ կ’ուզէ մեզի օգնել (Գործք 17։27. Ա. Պետրոս 5։7)։

      «Յոյս» բառին աւելի խոր իմաստը

      Աստուածաշունչը բժիշկներէն, գիտնականներէն եւ հոգեբաններէն աւելի լաւ կը բացատրէ «յոյս» բառին իմաստը։ Հոն, «յոյս» թարգմանուած բառը կը նշանակէ՝ անհամբեր սպասել եւ լաւ բան ակնկալել։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ յոյսին մէջ երկու բան կայ։ Առաջին, դուն կ’ուզե՛ս որ լաւ բան պատահի եւ երկրորդ՝ դուն լա՛ւ պատճառ ունիս հաւատալու որ ատիկա պիտի՛ պատահի։ Այն յոյսը, որուն մասին Աստուածաշունչը կը խօսի պարզապէս երազային բան մը չէ։ Ատիկա իսկական է եւ փաստերու վրայ հիմնուած է։

      Այս ուղղութեամբ, յոյսը կը նմանի հաւատքին։ Ատիկա ալ պէտք է հիմնուած ըլլայ փաստերու վրայ (Եբրայեցիս 11։1)։ Բայց Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ հաւատքը եւ յոյսը երկու տարբեր բաներ են (Ա. Կորնթացիս 13։13)։

      Օրինակով մը բացատրենք. երբ բարեկամէդ բան մը խնդրես, կը յուսաս որ քեզի օգնէ։ Բայց յոյսդ զօրաւոր հիմ ունի, քանի որ բարեկամդ լաւ կը ճանչնաս եւ անոր ազնիւ ու առատաձեռն գործերը տեսած ես անցեալին. անոր համար կը հաւատաս որ կրնա՛յ քեզի օգնել։ Հոս, հաւատքը եւ յոյսը, որոնք երկու տարբեր բաներ են, միասնաբար քեզի կ’օգնեն որ այդ եզրակացութեան հասնիս։ Լաւ ինչպէ՞ս կրնաս այս տեսակ յոյս դնել Աստուծոյ վրայ։

      Յոյսին հիմը

      Աստուած մեզի իսկական յոյս կու տայ։ Աստուածաշունչի օրերուն, Եհովա Աստուած կը կոչուէր «Իսրայէլի Յոյսը» (Երեմիա 14։8)։ Ինքն էր իր ժողովուրդին՝ իսրայէլացիներուն՝ յոյսը։ Անոնց յոյսը երեւակայութիւններու վրայ հիմնուած չէր։ Աստուած անոնց զօրաւոր փաստեր տուած էր, որ յոյսով ապրին։ Երկար ժամանակ, երբ իսրայէլացիները իր ժողովուրդն էին, Եհովա Աստուած միշտ իր խոստումները պահեց։ Իսրայէլացիներուն առաջնորդը՝ Յեսու անոնց ըսաւ. «Գիտէք թէ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ» (Յեսու 23։14)։

      Այսօր, մենք ալ նոյն պատճառները ունինք Աստուծոյ խոստումներուն հաւատալու։ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք Աստուծոյ շատ մը խոստումներուն մասին եւ թէ ատոնք ինչպէ՛ս կատարուեցան։ Այդ խոստումները ա՛յնքան վստահելի էին, որ երբ գրի առնուեցան, այնպէս մը գրուեցան, որ կարծես արդէ՛ն կատարուած են։

      Անոր համար է որ Աստուածաշունչին համար կրնանք ըսել որ յոյսի գիրք է։ Եւ երբ այս գիրքը սերտես, պիտի տեսնես որ կրնա՛ս Աստուծոյ վստահիլ եւ ատիկա իր խոստումներուն հանդէպ յոյսդ զօրաւոր պիտի պահէ։ Պօղոս առաքեալ Աստուածաշունչին նկատմամբ գրեց. «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվինք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք» (Հռովմայեցիս 15։4)։

      Աստուած ինչի՞ մասին յոյս կու տայ

      Մենք ամէնէն շատ յոյսի պէտք կ’ունենանք, երբ մեր սրտին մօտ եղող անհատ մը մեռնի։ Բայց շատեր ճիշդ այս պարագային է որ անյոյս կը զգան։ Վերջ ի վերջոյ, մահը ի՞նչ յոյս պիտի տայ մարդու մը։ Ատիկա բան մըն է որ կարծես առանց յոգնելու մեր ետեւէն կը վազէ։ Եւ կու գայ օրը որ ատոր առջեւ բոլորս անկարող կը դառնանք ու կը մեռնինք կամ ալ չենք կարենար ետ կեանքի բերել մեր մահացած սիրելիները։ Ճիշդ ասոր համար է որ Աստուածաշունչը մահուան համար կ’ըսէ. «Վերջին թշնամին» (Ա. Կորնթացիս 15։26)։

      Լաւ, մեռելները յոյս մը ունի՞ն։ Վերը նշուած Աստուածաշունչի համարը որ մահուան մասին կ’ըսէ որ մարդ արարածին վերջին թշնամին է, նաեւ կ’ըսէ որ ատիկա պիտի «խափանուի», այսինքն՝ ատոր վերջ պիտի դրուի։ Եհովա Աստուած մահուընէ աւելի՛ զօրաւոր է։ Աստուածաշունչին մէջ ինը անգամ կը կարդանք որ Աստուած ինչպէ՛ս իր ուժը գործածեց, որ մահացած անհատներ ետ կեանքի բերէ։

      Օրինակ, Եհովա Աստուած իր Որդիին՝ Յիսուսին՝ զօրութիւն տուաւ որ յարութիւն տայ անոր բարեկամին՝ Ղազարոսին, որ չորս օրէ ի վեր մահացած էր։ Եւ Յիսուս Ղազարոսին յարութիւն տուաւ շատերու աչքին առջեւ (Յովհաննէս 11։38-48, 53. 12։9, 10)։

      Թերեւս հարց տաս. ‘Մարդիկ ինչո՞ւ յարութիւն առին։ Ամէն պարագայի անոնք ետ չծերացա՞ն ու մեռան’։ Այո՛։ Բայց այն ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ այս յարութիւններուն մասին մեզի պատճառ կու տայ հաւատալու, որ անոնք՝ որոնք կը մեռնին, նորէ՛ն պիտի ապրին։ Ուրիշ խօսքով, Աստուածաշունչը մեզի իսկական յոյս կու տայ։

      Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը» (Յովհաննէս 11։25)։ Եհովա Աստուած Յիսուսին պիտի տայ զօրութիւն, որ ամբողջ աշխարհի մէջ մեռելները ե՛տ կեանքի բերէ։ Յիսուս ըսաւ. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր [Յիսուսին] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան» (Յովհաննէս 5։28, 29)։ Անոնք՝ որոնք մահացած են,– գերեզմանի մէջ են,– ետ կեանքի պիտի գան դրախտային երկրի վրայ։

      Եսայի մարգարէն յարութիւնը նկարագրեց այս գեղեցիկ խօսքերով. «Քու մեռելներդ պիտի ողջննան։ Մեռելներուդ մարմինները յարութիւն պիտի առնեն։ Արթնցէ՛ք ու ցնծութեամբ երգեցէ՛ք, ո՛վ հողի մէջ բնակողներ. քանզի քու ցօղդ խոտերու ցօղ է։ Երկիրը իր մեռելները դուրս պիտի նետէ» (Եսայի 26։19)։

      Այս խոստումը մեզ կը մխիթարէ։ Կրնանք վստահ ըլլալ թէ մեր մահացած սիրելիներուն յիշատակը ամէնէն ապահով տեղն է,– Եհովա Աստուծոյ մտքին մէջ,– եւ թէ անոնք յարութիւն պիտի առնեն, քանի որ ան՝ ամենակալ Աստուած՝ անոնցմէ ամէն մէկը կատարեալ կերպով կը յիշէ։ Անոնցմէ մէ՛կը պիտի չմոռցուի (Ղուկաս 20։37, 38)։ Անոնք մօտ օրէն ետ կեանքի պիտի գան եւ նոր աշխարհի մը մէջ պիտի դիմաւորուին իրենց սիրելիներուն կողմէ։ Ուրեմն, նոյնիսկ մեռելները իրենց առջեւ գեղեցիկ յոյս ունին։

      Յոյսը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել

      Պօղոս առաքեալ շատ բան կը սորվեցնէ մեզի յոյսի մասին։ Ան յոյսը նմանցուց սաղաւարտի, այսինքն՝ մետաղէ գլխարկի (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։8)։ Ինչո՞ւ։ Աստուածաշունչի օրերուն, զինուոր մը սաղաւարտ կը դնէր պատերազմի ժամանակ եւ այսպէս իր գլուխը կը պաշտպանէր թշնամիին նետերէն։ Լաւ Պօղոս առաքեալ ի՞նչ կը փորձէր սորվեցնել։ Ինչպէս որ սաղաւարտը գլուխը կը պաշտպանէ, նոյնպէս յոյսը մեր միտքը կը պաշտպանէ։ Եթէ Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ զօրաւոր յոյս ունենաս, ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ մտքի խաղաղութիւն ունենաս, նոյնիսկ երբ դժուար խնդիրներու առջեւ ըլլաս։ Մենք բոլորս այս տեսակ «սաղաւարտ»ի պէտք ունինք։

      Պօղոս առաքեալ ուրիշ օրինակով մըն ալ ցոյց տուաւ թէ յոյսը որքա՛ն կարեւոր է։ Ան գրեց. «Յոյսը... որ ունինք իբրեւ հաստատ ու անշարժ խարիսխ մը» (Եբրայեցիս 6։18, 19)։ Պօղոս մէկ անգամէ աւելի նաւի կործանումէ ազատեցաւ. եւ ան շատ լաւ գիտէր խարիսխի մը կարեւորութիւնը։ Երբ նաւը փոթորիկի մէջ կախուէր, նաւին վրայ աշխատող անձերը խարիսխը ծով կը նետէին։ Եթէ խարիսխը ծովուն յատակը հասնէր եւ կանգ առնէր, նաւը ապահով վիճակի մէջ կ’ըլլար եւ ժայռերուն չէր զարնուեր։

      Նոյնպէս, եթէ Աստուծոյ խոստումները մեզի համար «հաստատ ու անշարժ» յոյս են, այդ յոյսը կրնայ մեզի օգնել որ այս փոթորկանման դժուար օրերուն դիմանանք։ Եհովան կը խոստանայ որ մօտ օրէն պատերազմներ, ոճիր, ցաւ, նեղութիւն եւ նոյնիսկ մահ պիտի չըլլան (Տե՛ս էջ 10–ի շրջանակը)։ Այդ յոյսը մեզ կրնայ պաշտպանել եւ ոյժ տալ որ մեր շուրջի մարդիկը ընդօրինակելու տեղ՝ Աստուծոյ հնազանդինք։

      Եհովա Աստուած կ’ուզէ որ դո՛ւն ալ յոյսով ապրիս եւ կեանքը վայելես ինչպէս որ ինք ծրագրած էր։ Իր փափաքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին»։ Բայց նախ, պէտք է որ ամէն մէկ անձ ‘ճշմարտութիւնը ճանչնայ’ (Ա. Տիմոթէոս 2։4)։ Անոր համար, մենք քեզ կը քաջալերենք որ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը սերտես։ Քանի որ այն յոյսը, որուն մասին Աստուածաշունչը կը խօսի, կը գերազանցէ որեւէ յոյս որ աս աշխարհը քեզի կը խոստանայ։

      Այսպիսով, անյոյս պիտի չզգաս, քանի որ Աստուած քեզ պիտի տայ ոյժ որ կարենաս հասնիլ նպատակներուդ, որոնք իր կամքին համաձայն են (Բ. Կորնթացիս 4։7. Փիլիպպեցիս 4։13)։ Մենք բոլորս այս տեսակ յոյսի պէտք ունինք։ Ուրեմն եթէ յոյսի նշոյլ կը փնտռես եւ ատոր պէտք ունիս, ուրախ լուրեր կան. կրնա՛ս իսկական յոյս գտնել։

      [Շրջանակ/Նկար]

      Յոյս ունենալու պատճառներ

      Աստուածաշունչի այս համարները կրնան յոյսդ զօրաւոր պահել

      ◼ Աստուած ուրախ ապագայ կը խոստանայ։

      Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ամբողջ երկիրը դրախտ պիտի դառնայ, եւ հոն պիտի ապրին ուրախ եւ միացած մարդիկ (Սաղմոս 37։11, 29. Եսայի 25։8. Յայտնութիւն 21։3, 4)։

      ◼ Աստուած սուտ չի խօսիր։

      Աստուած կ’ատէ սուտերը։ Աստուած սուրբ է եւ անարատ, ուրեմն անկարելի է որ ան ստէ (Առակաց 6։16-19. Եսայի 6։2, 3. Տիտոս 1։2. Եբրայեցիս 6։18)։

      ◼ Աստուած անսահման զօրութիւն ունի։

      Միայն Եհովա Աստուած ամէն բանի կարող է։ Տիեզերքին մէջ բան մը չկայ, որ կրնայ արգելք ըլլալ որ ան իր խոստումները կատարէ (Ելից 15։11. Եսայի 40։25, 26)։

      ◼ Աստուած կ’ուզէ որ յաւիտեան ապրիս

      (Յովհաննէս 3։16. Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4)։

      ◼ Աստուած յոյս ունի որ մենք իրեն պիտի հնազանդինք։

      Ան կ’ընտրէ կեդրոնանալ ոչ թէ մեր սխալներուն եւ ձախողութիւններուն վրայ, հապա մեր լաւ յատկութիւններուն եւ ջանքերուն վրայ (Սաղմոս 103։12-14. 130։3. Եբրայեցիս 6։10)։ Ան յոյս ունի որ մենք ճիշդը պիտի ընենք եւ կ’ուրախանայ երբ ատիկա տեսնէ (Առակաց 27։11)։

      ◼ Աստուած կը խոստանայ քեզի օգնել որ իր աչքին հաճելի եղող բաներ ընես։

      Աստուծոյ ծառաները պէտք չունին անյոյս զգալու։ Աստուած անոնց օգնելու համար, առատօրէն իր սուրբ հոգին՝ ամէնէն զօրաւոր ուժը՝ կու տայ (Փիլիպպեցիս 4։13)։

      ◼ Երբ Աստուծոյ յուսանք, բնաւ յուսախաբ պիտի չըլլանք։

      Կրնաս Աստուծոյ լիովին վստահիլ եւ բնաւ յուսախաբ պիտի չըլլաս (Սաղմոս 25։3)։

      [Նկար]

      Ինչպէս որ սաղաւարտը գլուխը կը պաշտպանէ, նոյնպէս յոյսը մեր միտքը կը պաշտպանէ

      [Նկար]

      Խարիսխի նման, զօրաւոր հիմ ունեցող յոյսը իր հետ կայունութիւն կը բերէ

      [Նկարին աղբիւրը]

      Courtesy René Seindal/Su concessione del Museo Archeologico Regionale A. Salinas di Palermo

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել