Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ18 թիւ 1 էջ 4-7
  • Սուրբ Գիրքին իմաստուն ուսուցումները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Սուրբ Գիրքին իմաստուն ուսուցումները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2018
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՄԵԶԻ ՊԷՏՔ ԵՂԱԾ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ
  • ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆ ՀԻ՛ՄԱ ՔԵԶԻ ՕԳՆԵԼ
  • 3 Խնդիրներուն դիմանալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2018
  • Իմաստութեան անզուգական աղբիւր մը
    Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
  • Ներկայ կեանքին համար գործնական գիրք մը
    Գիրք մը՝ բոլոր մարդոց համար
  • 1 Խնդիրներէ հեռու մնալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2018
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2018
դհ18 թիւ 1 էջ 4-7
Զանազան ցեղերէ մարդիկ

Սուրբ Գիրքին իմաստուն ուսուցումները

ՊԱՀ ՄԸ ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ. թանգարանի մը մէջ ես եւ կը դիտես հին արձաններ։ Ատոնցմէ շատեր ծակ–ծակ եղած են, գոյներնին գացած է եւ մաշած են։ Կարգ մը արձաններէ մեծ կտորներ պակաս են։ Բայց կայ արձան մը, որ շատ զարմանալի է որ չէ վնասուած։ Ատոր բոլոր մանրամասնութիւնները յստակ են։ Առաջնորդիդ կը հարցնես. «Ասիկա միւսներէն աւելի նո՞ր է»։ Ան կ’ըսէ. «Ո՛չ. միւսներուն մեծամասնութենէն աւելի հին է, եւ իրեն վրայ նորոգութիւններ չեն եղած»։ Դարձեալ կը հարցնես. «Օդէն պաշտպանուա՞ծ էր»։ Առաջնորդդ կ’ըսէ. «Ամէնէն զօրաւոր հովերուն եւ անձրեւներուն տակ մնացած է, եւ շատ մը մարդիկ փորձած են քանդել զինք»։ Թերեւս զարմանալով դուն քեզի հարցնես. «Արդեօք ինչո՞վ շինուած է»։

Սուրբ Գիրքը ձեւով մը կը նմանի այդ հիանալի արձանին։ Անիկա շատ հին գիրք մըն է՝ գիրքերուն մեծամասնութենէն աւելի հին։ Անշուշտ, կան ուրիշ հին գիրքեր, բայց հին գրութիւններուն մեծամասնութիւնը ժամանակի ընթացքին շատ վնասուած է, ճիշդ մաշած հին արձաններու պէս։ Արդի գիտութիւնը յայտնած է, թէ ինչ որ ատոնք գիտական բաներ ըսած են՝ սխալ է։ Ատոնց մէջ գրուած բժշկական խրատները օգտակար չեն, հապա վնասակար։ Եւ շատ մը հին գրութիւններ կտոր–կտոր եղած են. ատոնցմէ մասեր կորսուած են կամ ալ շատ վնասուած են։

Բայց Սուրբ Գիրքը տարբեր է։ Անիկա սկսաւ գրուիլ աւելի քան 3500 տարի առաջ, բայց ժամանակի ընթացքին չվնասուեցաւ։ Թէեւ մարդիկ ջանացած են անոր բոլոր օրինակները այրել ու զայն կարդալը արգիլել եւ անոր մասին գէշ բաներ խօսած են, բայց անիկա եղածին պէս մնացած է։ Որքան ալ նոր գիտութիւն մէջտեղ ելլէ, Սուրբ Գիրքը չի հիննար։ Անիկա ըսած է շատ մը բաներ, որոնց ճիշդ ըլլալը փաստուած է ժամանակի ընթացքին (տե՛ս «Չգիտցուած տուեալներ յայտնած է» շրջանակը)։

ՄԵԶԻ ՊԷՏՔ ԵՂԱԾ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ

Թերեւս մտածես. ‘Սուրբ Գիրքին ըսածները իրապէ՞ս գործնական են մեր օրերուն’։ Պատասխանը առնելու համար դուն քեզի հարցուր. ‘Մարդոց ունեցած ամէնէն գէշ խնդիրները ի՞նչ են։ Ատոնցմէ որո՞նք ամէնէն շատ մտահոգութիւն կը պատճառեն’։ Թերեւս ըսես՝ պատերազմը, ապականութիւնը, ոճիրը կամ կաշառակերութիւնը։ Նկատի առ կարգ մը սկզբունքներ, որ Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ, եւ դուն քեզի հարցուր. ‘Եթէ մարդիկ այս սկզբունքներով ապրին, աշխարհը աւելի լաւ վիճակի մէջ կ’ըլլա՞յ’։

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ՍԻՐԵԼ

«Երանի՜ խաղաղութիւն ընողներուն, վասն զի անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» (Մատթէոս 5։9)։ «Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք» (Հռովմայեցիս 12։18)։

ՈՂՈՐՄԻԼ, ՆԵՐԵԼ

«Երանի՜ ողորմածներուն, վասն զի անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն» (Մատթէոս 5։7)։ «Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք։ Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք» (Կողոսացիս 3։13, ՆԹ)։

ՑԵՂԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Աստուած «միակ մարդէ մը ամբողջ մարդկութիւնը յառաջ բերաւ» (Գործք 17։26, ՆԹ)։ «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35)։

ԵՐԿԻՐ ՄՈԼՈՐԱԿԸ ՅԱՐԳԵԼ

«Տէր Աստուած առաւ մարդը ու Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէս զի զանիկա մշակէ ու պահէ» (Ծննդոց 2։15)։ Աստուած ‘պիտի ապականէ երկիրը ապականողները’ (Յայտնութիւն 11։18)։

ԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՆԲԱՐՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՏԵԼ

«Զգուշացէ՛ք ագահութենէ. վասն զի մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը» (Ղուկաս 12։15)։ «Պոռնկութեան եւ ամէն կերպ պղծութեան կամ ագահութեան անունը անգամ պէտք չէ յիշուի ձեր մէջ, ինչպէս կը վայլէ սուրբերուն» (Եփեսացիս 5։3)։

ՊԱՐԿԵՇՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՋԱՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

«Կ’ուզենք ամէն բանի մէջ վարուիլ պարկեշտութեամբ» (Եբրայեցիս 13։18, ԱԾ)։ ‘Ան որ գողութիւն կ’ընէր, ա՛լ թող չգողնայ. այլ մանաւանդ աղէկ գործի մը պարապի’ (Եփեսացիս 4։28)։

ՊԷՏՔ ՈՒՆԵՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14)։ «Որբերուն ու որբեւարիներուն այցելել [կամ՝ հոգ տանիլ] նեղութեան ատենը» (Յակոբոս 1։27)։

Սուրբ Գիրքը պարզապէս չի նշեր այս սկզբունքները, հապա գործնական կերպերով կը սորվեցնէ մեզի, որ զանոնք արժեւորենք եւ մեր առօրեայ կեանքին մէջ գործադրենք։ Եթէ աւելի մարդիկ գործադրէին այս սկզբունքները, աշխարհին մէջ աւելի քիչ խնդիրներ չէի՞ն ըլլար։ Ուրեմն, Սուրբ Գիրքի սկզբունքները որեւէ ժամանակէ աւելի գործնական են։ Բայց հի՛մա ինչպէ՞ս կրնաս օգտուիլ Սուրբ Գիրքին ուսուցումներէն։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆ ՀԻ՛ՄԱ ՔԵԶԻ ՕԳՆԵԼ

Անգամ մը, ամէնէն իմաստուն անձը ըսաւ. «Իմաստութիւնը կ’արդարանայ իր գործերով» կամ արդիւնքներով (Մատթէոս 11։19, ՆԱ)։ Չե՞ս համաձայնիր։ Սկզբունքի մը իսկապէս իմաստուն ըլլալը յայտնի կ’ըլլայ, երբ զայն ի գործ դնելով ատոր արդիւնքը տեսնես։ Թերեւս մտածես. ‘Եթէ Սուրբ Գիրքը իրապէս գործնական գիրք մըն է, պէտք չէ՞ լաւ արդիւնքներ տայ կեանքիս մէջ։ Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել խնդիրներուս մէջ’։ Նկատի առ օրինակ մը։

Տելֆինa անունով կին մը ունէր խճողուած, գործունեայ եւ հաճելի կեանք մը։ Բայց յանկարծ ետեւ–ետեւի ցաւալի բաներ պատահեցան։ Իր պատանուհի աղջիկը մեռաւ, ամուսնութիւնը քանդուեցաւ եւ դրամական նեղութիւն ունեցաւ։ Ան կը պատմէ. «Այլեւս իմ ո՛վ ըլլալս չէի գիտեր. ո՛չ աղջիկ, ո՛չ ամուսին եւ ոչ ալ տուն ունէի։ Զգացի որ ոչինչ եմ. չունիմ ինքնութիւն, ոյժ եւ նպատակ»։

Տելֆին որեւէ ժամանակէ աւելի զգաց թէ այս խօսքը ճիշդ է. «Մեր կեանքի տարիները եօթանասուն են. եթէ զօրութիւնով ութսուն ալ ըլլան, տակաւին անոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է, վասն զի անոնք շուտով կ’անցնին ու մենք կը թռչինք» (Սաղմոս 90։10)։

Տելֆին իր այս դժուար ժամանակին մէջ Սուրբ Գիրքին օգնութիւնը հիանալի կերպով վայելեց։ Յաջորդ յօդուածները պիտի ցուցնեն, որ շատ մը ուրիշ անհատներ ալ տեսած են, թէ Սուրբ Գիրքը հոյակապ կերպով իրենց օգնած է, երբ իր խրատները գործադրած են իրենց խնդիրները լուծելու համար։ Անոնք անդրադարձած են, որ Սուրբ Գիրքը կը նմանի սկիզբը նշուած արձանին։ Անիկա չի նմանիր այդ գիրքերուն, որոնք կը հիննան եւ այլեւս չեն գործածուիր։ Պատճառը կրնա՞յ ըլլալ որ անիկա Աստուծոյ խօսքերը կը պարունակէ եւ ոչ թէ պարզապէս մարդոց խօսքերը (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13)։

Թերեւս դուն ալ անդրադարձած ես որ կեանքը կարճ է եւ խնդիրներով լեցուն է։ Երբ խնդիրներու մէջ խեղդուած ըլլաս, ո՞ւր կը փորձես մխիթարութիւն, օգնութիւն ու վստահելի խրատ գտնել։

Նկատի առնենք թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ երեք գործնական կերպերով կրնայ քեզի օգնել։ Անիկա կ’օգնէ որ՝

  1. խնդիրներէ հեռու մնաս երբ կարելի է։

  2. խնդիրները լուծես երբ ծագին։

  3. դիմանաս այն պարագաներուն որ չես կրնար փոխել։

Յաջորդ յօդուածները նկատի պիտի առնեն այս երեք կէտերը։

a Այս եւ յաջորդ երեք յօդուածներուն մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել