Նախանձոտ՝ Եհովայի մաքուր պաշտամունքին համար
«Եհովան Նախանձոտ կը կոչուի եւ նախանձոտ Աստուած է»։—ԵԼԻՑ 34։14
1. Աստուծոյ տիրական յատկութիւնը ո՞րն է, եւ անիկա ի՞նչ յարակցութիւն ունի իր նախանձին հետ։
ԵՀՈՎԱ ինքզինք կը նկարագրէ որպէս «նախանձոտ Աստուած» մը։ Ասիկա կրնայ զարմացնել մեզ, քանի որ «նախանձ» բառը բացասական իմաստներ ունի։ Անշուշտ, Աստուծոյ տիրական յատկութիւնը սէրն է։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Ուստի, իր կողմէն նախանձի որեւէ զգացում պէտք է ըլլայ յօգուտ մարդկութեան։ Իրականութեան մէջ, պիտի տեսնենք որ Աստուծոյ նախանձը տիեզերքին խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան համար կենսական է։
2. «Նախանձ» թարգմանուած Եբրայերէն բառերուն կարգ մը ուրիշ թարգմանութիւնները ի՞նչ են։
2 Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ, «նախանձ» թարգմանուած Եբրայերէն յարակից բառերը աւելի քան 80 անգամ կ’երեւնան։ Այս մէջբերումներուն գրեթէ կէսը Եհովա Աստուծոյ կ’ակնարկուի։ «Երբ Աստուծոյ կը կիրարկուի», կը բացատրէ Կ. Հ. Լիվինկսթըն, «նախանձի գաղափարը վատթարացած զգացումի մը իմաստը չի կրեր, այլ, ընդհակառակը, Եհովայի պաշտամունքին նկատմամբ բացարձակութեան պահանջի մը իմաստը»։ (The Pentateuch in Its Cultural Environment) Անոր համար, Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը Եբրայերէն գոյականը երբեմն «բացարձակ պաշտամունքի պահանջք» կը թարգմանէ։ (Եզեկիէլ 5։13, ՆԱ) Ուրիշ պատշաճ թարգմանութիւններ են «եռանդ» կամ «նախանձախնդրութիւն»։—Սաղմոս 79։5, ՆԱ. Եսայեայ 9։7, ՆԱ։
3. Նախանձը ի՞նչ կերպերով կրնայ երբեմն բարի նպատակի մը ծառայել։
3 Մարդը ստեղծուած է նախանձ զգալու կարողութիւնով, բայց մարդկութեան մեղքի մէջ իյնալը այս նախանձի զգացումը խեղաթիւրման առաջնորդեց։ Այսուհանդերձ, մարդկային նախանձը կրնայ բարի նպատակի մը ծառայել։ Անիկա կրնայ անհատի մը մղել, որ իրեն սիրելի եղող մը պաշտպանէ չար ազդեցութիւններու դէմ։ Ասկէ զատ, մարդիկ կրնան Եհովայի եւ իր պաշտամունքին հանդէպ տեղին եղած նախանձ մը ցուցաբերել։ (Գ. Թագաւորաց 19։10) Եհովայի հանդէպ այսպիսի նախանձի ճշգրիտ հասկացողութիւնը հաղորդելու համար, Եբրայերէն գոյականը կրնայ թարգմանուիլ իր հանդէպ «որե՛ւէ մրցակցութեան անհանդուրժողութիւն»։—Դ. Թագաւորաց 10։16, ՆԱ։
Ոսկիէ Հորթը
4. Արդարացի նախանձ պարփակող ի՞նչ կարեւոր պատուէր տեղ կը գրաւէր Իսրայէլի տուած Աստուծոյ Օրէնքին մէջ։
4 Սինա Լերան մօտ Իսրայելացիները Օրէնքը ստանալէ ետք տեղի ունեցած դէպքերը արդարացի նախանձի օրինակ մըն են։ Անոնք բազմիցըս ազդարարութիւն ստացած էին մարդակերտ աստուածներ չպաշտել։ Եհովա անոնց ըսած էր. «Ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ (նախանձախնդիր) Աստուած [կամ ՝ «բացարձակ պաշտամունք պահանջող Աստուած մը. մրցակցութեան չհանդուրժող Աստուած մը», Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան ստորանիշը] եմ»։ (Ելից 20։5. բաղդատել Ելից 20։22, 23. 22։20. 23։13, 24, 32, 33։) Եհովա Իսրայելացիներուն հետ ուխտ մը ըրաւ զանոնք օրհնել եւ Խոստացեալ Երկիրը տանիլ խոստանալով։ (Ելից 23։22, 31) Իսկ ժողովուրդը ըսաւ. «Տէրոջը բոլոր ըսածը պիտի կատարենք ու անոր պիտի հնազանդինք»։—Ելից 24։7
5, 6. (ա) Երբ Սինա Լերան մօտ կը բանակէին, Իսրայելացիները ի՞նչ լուրջ մեղք գործեցին։ (բ) Եհովա եւ իր հաւատարիմ երկրպագուները ինչպէ՞ս արդարացի նախանձ ցուցաբերեցին Սինայի մէջ։
5 Այսուհանդերձ, Իսրայելացիները շուտով մեղանչեցին Աստուծոյ դէմ։ Անոնք տակաւին Սինա Լերան ստորոտը կը բանակէին։ Մովսէս բազմաթիւ օրերէ ի վեր լերան վրայ էր Աստուծմէ յաւելեալ հրահանգներ ստանալով, իսկ Իսրայելացիները Մովսէսի եղբօրը՝ Ահարոնին՝ վրայ ճնշում բանեցուցին, որ իրենց աստուած մը շինէ։ Ահարոն համաձայնեցաւ եւ անոնց բերած ոսկիով հորթ մը շինեց։ Անոնք դաւանեցան որ այս կուռքը Եհովան կը ներկայացնէր։ (Սաղմոս 106։20) Յաջորդ օրը, անոնք զոհեր մատուցանեցին եւ ‘անոր երկրպագութիւն կ’ընէին’։ Ապա անոնք «խաղալու ելան»։—Ելից 32։1, 4, 6, 8, 17–19
6 Մինչ Իսրայելացիները տօնախմբութեան մէջ էին, Մովսէս լեռնէն իջաւ։ Անոնց անշնորհք ընթացքը տեսնելով, ան բարձր կանչեց. «Ո՞վ Եհովայի կողմէն է»։ (Ելից 32։25, 26, ՆԱ) Ղեւիի որդիները Մովսէսի քով հաւաքուեցան. Մովսէս հրահանգեց անոնց որ սուրեր առնեն եւ այդ կռապաշտ շուայտացողները սպաննեն։ Աստուծոյ մաքուր պաշտամունքին հանդէպ իրենց նախանձը ապացուցանելով, Ղեւտացիները իրենց յանցապարտ եղբայրներէն շուրջ 3,000 հոգիներ մեռցուցին։ Եհովա այս արարքը սաստկացուց, վերապրողներուն վրայ պատուհաս մը ղրկելով։ (Ելից 32։28, 35) Ապա Աստուած հետեւեալ պատուէրը կրկնեց. «Ուրիշ Աստուծոյ երկրպագութիւն պէտք չէ ընես, քանզի Եհովան Նախանձոտ կը կոչուի եւ նախանձոտ Աստուած է»։—Ելից 34։14
Բելփեգովրի Բահաղը
7, 8. (ա) Բազմաթիւ Իսրայելացիներ ինչպէ՞ս Բելփեգովրի Բահաղի առնչութեամբ կռապաշտութեան մէջ ինկան։ (բ) Եհովայի կողմէ ղրկուած պատուհասը ինչպէ՞ս վերջ գտաւ։
7 Քառասուն տարի ետք, երբ Իսրայէլ ազգը Աւետեաց Երկրին սեմին կը գտնուէր, Մովաբացի ու Մադիանացի հրապուրիչ կիներ բազմաթիւ Իսրայելացիներ հրաւիրեցին, որ գան եւ իրենց հիւրասիրութիւնը վայելեն։ Այդ այր մարդիկը սուտ աստուածներ պաշտող կիներու մտերիմ ընկերակցութիւնը մերժած պէտք էր ըլլային։ (Ելից 34։12, 15) Ընդհակառակը, անոնք ‘սպանդանոց տարուող արջառներու’ պէս վազեցին, այդ կիներու հետ պոռնկութիւն ընելով եւ անոնց հետ Բելփեգովրի Բահաղին երկրպագութիւն ընելով։—Առակաց 7։21, 22. Թուոց 25։1–3
8 Եհովա պատուհաս մը ղրկեց սեռի այս անամօթ պաշտամունքին միջամուխ եղողները սպաննելու համար։ Աստուած նաեւ պատուիրեց անմեղ Իսրայելացիներուն որ իրենց յանցապարտ եղբայրները սպաննեն։ Իսրայէլի իշխան մը՝ Զամբրի անունով՝ յանդգնաբար Մադիանացի իշխանուհի մը իր վրանը բերաւ անոր հետ յարաբերութիւն ունենալու համար։ Ասիկա տեսնելով, աստուածավախ Փենեհէս քահանան այդ անբարոյ զոյգը սպաննեց։ Այն ատեն պատուհասը դադրեցաւ, իսկ Աստուած ըսաւ. «Փենեհէս իմ բարկութիւնս Իսրայէլի որդիներէն դարձուց, որովհետեւ ինծի համար նախանձախնդիր եղաւ անոնց մէջ. այդ պատճառով [«ես իմ նախանձովն», Արեւելահայերէն Թարգմանութիւն] Իսրայէլի որդիները բնաջինջ չըրի»։ (Թուոց 25։11) Թէեւ ազգը կործանումէ խնայուեցաւ, բայց առնուազն 23,000 Իսրայելացիներ մահացած էին։ (Ա. Կորնթացիս 10։8) Անոնք Աւետեաց Երկիրը մտնելու իրենց երկար ատեն գուրգուրացած յոյսը կորսնցուցին։
Ազդարարիչ Դաս մը
9. Եհովայի մաքուր պաշտամունքին համար նախանձոտ չըլլալուն որպէս հետեւանք, ի՞նչ պատահեցաւ Իսրայէլի եւ Յուդայի բնակիչներուն։
9 Դժբախտաբար, Իսրայելացիները շուտով մոռցան այս դասերը։ Անոնք Եհովայի մաքուր պաշտամունքին համար նախանձոտ չեղան։ Անոնք «[Աստուծոյ] նախանձը շարժեցին իրենց կուռքերովը»։ (Սաղմոս 78։58) Առ ի հետեւանք, Եհովա թոյլ տուաւ որ Իսրայէլի տասը ցեղերը Ասորեստանցիներուն կողմէ գերի տարուին Հ.Դ.Ա. 740–ին։ Յուդայի մնացեալ երկու ցեղեան թագաւորութիւնն ալ նոյնանման պատիժ մը կրեց, երբ անոնց մայրաքաղաքը՝ Երուսաղէմը՝ կործանեցաւ Հ.Դ.Ա. 607–ին։ Շատեր սպաննուեցան, իսկ վերապրողները Բաբելոն գերի տարուեցան։ Ի՜նչ ազդարարիչ օրինակ մը ներկայիս ապրող բոլոր Քրիստոնեաներուն համար։—Ա. Կորնթացիս 10։6, 11
10. Անզեղջ կռապաշտներուն ի՞նչ պիտի պատահի։
10 Ներկայիս երկրի բնակչութեան մէկ երրորդը, շուրջ մէկ միլիառ 900 միլիոն, կը դաւանի Քրիստոնեայ ըլլալ։ (1994 Britannica Book of the Year) Անոնցմէ շատեր կը պատկանին եկեղեցիներու որոնք սրբանկարներ, պատկերներ եւ խաչեր կը գործածեն իրենց պաշտամունքին մէջ։ Եհովա իր իսկ ժողովուրդին անդամները չխնայեց, որոնք իրենց կռապաշտութեամբ իր նախանձը շարժեցին։ Նոյնպէս ան պիտի չխնայէ Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողները որոնք նիւթական իրերու միջոցաւ կը պաշտեն։ «Աստուած հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն», ըսաւ Յիսուս Քրիստոս։ (Յովհաննու 4։24) Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ Քրիստոնեաները որ ինքզինքնին կռապաշտութենէ պահեն։ (Ա. Յովհաննու 5։21) Անզեղջ կռապաշտներ անոնց մէջ կը գտնուին, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն։—Գաղատացիս 5։20, 21
11. Կուռքի մը երկրպագութիւն չընելով հանդերձ, Քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ կռապաշտութեամբ յանցապարտ ըլլալ, իսկ ի՞նչ բան պիտի օգնէ անհատի մը որ այսպիսի կռապաշտութենէ խուսափի։ (Եփեսացիս 5։5)
11 Թէեւ ճշմարիտ Քրիստոնեայ մը բնաւ կուռքի մը երկրպագութիւն պիտի չընէր, սակայն ան պէտք է խուսափի որե՛ւէ վարքէ, զոր Աստուած կռապաշտական, պիղծ եւ մեղանչական կը սեպէ։ Օրինակի համար, Աստուածաշունչը կ’ազդարարէ. «Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը [սեռային ախորժակը (ՆԱ)], չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է. որոնց համար Աստուծոյ բարկութիւնը անհնազանդութեան որդիներուն վրայ կու գայ»։ (Կողոսացիս 3։5, 6) Այս խօսքերուն հնազանդիլը անբարոյ վարքը մերժել կը պահանջէ, որ կ’ընդգրկէ նաեւ սեռային պիղծ ախորժակը գրգռելու դիտումով եղած զբօսանքներէ խուսափիլ։ Փոխանակ այսպիսի ախորժակ մը յագեցնելու, ճշմարիտ Քրիստոնեաները Աստուծոյ մաքուր պաշտամունքին համար նախանձոտ են։
Աստուածային Նախանձի Հետագայ Օրինակներ
12, 13. Աստուծոյ մաքուր պաշտամունքին հանդէպ նախանձ ցուցաբերելու մէջ Յիսուս ինչպէ՞ս կարկառուն օրինակ հանդիսացաւ։
12 Աստուծոյ մաքուր պաշտամունքին հանդէպ նախանձ ցուցաբերած ամենէն կարկառուն անհատն էր Յիսուս Քրիստոս։ Իր ծառայութեան առաջին տարին, ան տեսաւ որ ագահ վաճառականներ տաճարին գաւիթներուն մէջ առուտուր կ’ընէին։ Երուսաղէմ այցելած Հրեաներ կրնային դրամափոխներու սպասարկութիւններու կարիքը ունենալ իրենց օտար դրամանիշները փոխելու համար, որպէսզի տաճարին տուրքը վճարէին ընդունելի կերպով։ Անոնք նաեւ անասուններ եւ թռչուններ պէտք էր գնէին Աստուծոյ Օրէնքին պահանջած զոհերը մատուցանելու համար։ Առեւտրական այսպիսի գործառնութիւններ տաճարին գաւիթներէն դուրս կատարուելու էին։ Ասկէ աւելի վատը այն էր թէ այդ վաճառականները բացայայտօրէն իրենց եղբայրներուն կրօնական կարիքները կը շահագործէին բարձր գիներ դնելով։ Աստուծոյ մաքուր պաշտամունքին հանդէպ նախանձով սպառուած, Յիսուս չուանէ խարազան մը շինեց եւ ոչխարներն ու արջառները տաճարէն դուրս քշեց։ Ան նաեւ դրամափոխներու սեղանները շրջեց, ըսելով. «Իմ Հօրս տունը առուտուրի տուն մի՛ ընէք»։ (Յովհաննու 2։14–16) Այս կերպով, Յիսուս Սաղմոս 69։9–ի խօսքերը կատարեց. «Քու տանդ նախանձը [մաքուր նախանձախնդրութիւնը (ՆԱ)] զիս կերաւ»։
13 Երեք տարի ետք, Յիսուս դարձեալ նշմարեց որ ագահ վաճառականներ Եհովայի տաճարին մէջ առուտուր կ’ընէին։ Ան անգամ մըն ալ պիտի մաքրէ՞ր զայն։ Աստուծոյ մաքուր պաշտամունքին հանդէպ իր նախանձը նո՛յնքան զօրաւոր էր այն ատեն, որքան էր իր ծառայութեան սկիզբը։ Ան թէ՛ ծախողները եւ թէ գնողները դուրս հանեց։ Այս անգամ իր արարքին համար, ան աւելի զօրաւոր պատճառ մը տուաւ, ըսելով. «Գրուած չէ՞ թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի բոլոր ազգերուն’։ Բայց դուք անիկա աւազակներու այր ըրիք»։ (Մարկոս 11։17) Աստուածային նախանձ ցուցաբերելու մէջ յարատեւելու ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը։
14. Մաքուր պաշտամունքին հանդէպ Յիսուսի նախանձը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։
14 Հիմա փառաւորուած Տէր Յիսուս Քրիստոսի անձնաւորութիւնը չէ փոխուած։ (Եբրայեցիս 13։8) Այս Ի. դարուն, ան իր Հօրը մաքուր պաշտամունքին համար նո՛յնքան նախանձոտ է, որքան էր, երբ երկրի վրայ էր։ Ասիկա կարելի է տեսնել Յայտնութիւն գրքին մէջ արձանագրուած եօթը ժողովքներուն յղուած իր պատգամներէն։ Ասոնք իրենց գլխաւոր կատարումը կ’ունենան մեր օրերուն՝ «Տէրունական օր»ուան մէջ։ (Յայտնութիւն 1։10. 2։1–3։22) Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքի մը մէջ փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոսը տեսաւ, որու աչքերը «կրակի բոցի պէս» էին։ (Յայտնութիւն 1։14) Ասիկա ցոյց կու տայ որ Քրիստոսի աչքէն բա՛ն մը չի վրիպիր, մինչ ան ժողովքները կը քննէ վստահ ըլլալու համար որ անոնք մաքուր կը մնան եւ Եհովայի ծառայութեան համար ընդունելի են։ Ներկայիս Քրիստոնեաները ի մտի պէտք է ունենան երկու տիրոջ՝ Աստուծոյ եւ մամոնայի՝ ծառայելու փորձութեան դէմ Յիսուսի ազդարարութիւնը։ (Մատթէոս 6։24) Յիսուս Լաւոդիկէի ժողովքին նիւթապաշտ անդամներուն ըսաւ. «Ուստի դուն որ գաղջ ես ու ո՛չ տաք՝ ո՛չ ալ պաղ, քեզ բերնէս դուրս փսխելու վրայ եմ։ ... Նախանձախնդիր եղի՛ր ու ապաշխարէ՛»։ (Յայտնութիւն 3։14–19) Իրենց խօսքով եւ օրինակով, ժողովքի նշանակուած երէցները իրենց հաւատակիցներուն պէտք է օգնեն, որ նիւթապաշտութեան որոգայթին մէջ իյնալէ խուսափին։ Երէցները նաեւ հօտը պէտք է պաշտպանեն այս սեռի խենդ աշխարհին բարոյական ապականութեան դէմ։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ ժողովուրդը ժողովքին մէջ Յեզաբէլական ազդեցութեան պէտք չէ հանդուրժէ։—Եբրայեցիս 12։14, 15. Յայտնութիւն 2։20
15. Պօղոս առաքեալ ինչպէ՞ս ընդօրինակեց Եհովայի պաշտամունքին հանդէպ Յիսուսի ցուցաբերած նախանձը։
15 Պօղոս առաքեալ Քրիստոսը ընդօրինակող մըն էր։ Նոր մկրտուած Քրիստոնեաները հոգեւոր գետնի վրայ ապառողջ ազդեցութիւններէ պահպանելու համար, ան ըսաւ. «Ձեզի հանդէպ աստուածային նախանձ մը ունիմ»։ (Բ. Կորնթացիս 11։2) Ասկէ առաջ, մաքուր պաշտամունքին հանդէպ Պօղոսի նախանձը զինք մղած էր այս նոյն ժողովքին հրահանգ տալու, որ վարակիչ ազդեցութիւն ունեցած անզեղջ պոռնկացող մը վտարէր։ Այդ առիթով տրուած ներշնչեալ հրահանգները օգտաշատ են ներկայիս երէցներուն որոնք կը ջանան Եհովայի Վկաներու աւելի քան 75,500 ժողովքները մաքուր պահել։—Ա. Կորնթացիս 5։1, 9–13
Աստուծոյ Նախանձը Օգուտ կը Բերէ Իր Ժողովուրդին
16, 17. (ա) Երբ Աստուած վաղեմի Յուդան պատժեց, ազգերը ի՞նչ կեցուածք ցոյց տուին։ (բ) Յուդայի 70–ամեայ գերութենէն ետք, Եհովա Երուսաղէմի հանդէպ իր նախանձը ինչպէ՞ս ցուցաբերեց։
16 Երբ Աստուած Յուդայի բնակիչները պատժեց թոյլ տալով որ Բաբելոն գերի տարուին, անոնք ծաղրանքի ենթարկուեցան։ (Սաղմոս 137։3) Նախանձագին ատելութեամբ, Եդովմացիները նոյնիսկ օգնեցին Բաբելոնացիներուն որ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ չարիք բերեն, իսկ Եհովա ասիկա նկատի առաւ։ (Եզեկիէլ 35։11. 36։15) Գերութեան մէջ վերապրողները զղջացին եւ 70 տարի ետք, Եհովա զանոնք իրենց հայրենիքը վերադարձուց։
17 Սկիզբը, Յուդայի բնակիչները վհատեցուցիչ վիճակի մը մէջ էին։ Երուսաղէմ քաղաքը եւ անոր տաճարը աւերուած էր։ Բայց շրջակայ ազգերը տաճարը վերաշինելու ամէն ջանքի կը հակառակէին։ (Եզրասայ 4։4, 23, 24) Եհովա ի՞նչ կը զգար այս մասին։ Ներշնչեալ արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Երուսաղէմի համար ու Սիօնի համար չափազանց նախանձախնդիր եմ։ Խաղաղ ազգերուն խիստ շատ բարկացած եմ, քանզի երբ ես բարկացայ, անոնք չարութիւնը աւելցուցին’։ Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Երուսաղէմին կարեկցութեամբ դարձայ։ Իմ տունս անոր մէջ պիտի շինուի’»։ (Զաքարեայ 1։14–16) Իր խոստումին հաւատարիմ ըլլալով, տաճարը եւ Երուսաղէմ քաղաքը յաջողապէս վերաշինուեցան։
18. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՞նչ փորձառութիւն ունեցան առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին։
18 Քրիստոնէական ճշմարիտ ժողովքը նման փորձառութիւն մը ունեցաւ Ի. դարուն։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, Եհովա իր ծառաները կրթեց, քանի որ անոնք այդ համաշխարհային պայքարին մէջ ամբողջովին չէզոք չէին մնացած։ (Յովհաննու 17։16) Աստուած թոյլ տուաւ որ քաղաքական ուժեր հարստահարեն զանոնք, իսկ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները այս չարիքին վրայ ուրախացան։ Իրականութեան մէջ, կղերները նախաքայլը կ’առնէին, որպէսզի քաղաքագէտները Աստուածաշունչի Աշակերտներուն, ինչպէս կը կոչուէին Եհովայի Վկաները այդ ատեն, գործունէութիւնը արգիլեն։—Յայտնութիւն 11։7, 10
19. 1919–էն ի վեր, Եհովա իր պաշտամունքին հանդէպ իր նախանձը ինչպէ՞ս ցուցաբերած է։
19 Սակայն, Եհովա իր պաշտամունքին հանդէպ նախանձ ցուցաբերեց եւ իր զղջացող ժողովուրդը վերահաստատեց իր հաճութեանը մէջ, 1919–ի յետ–պատերազմեան տարին։ (Յայտնութիւն 11։11, 12) Առ ի արդիւնք, 1918–ին 4,000–է նուազ Եհովան փառաբանողներու թիւը ներկայիս հասած է շուրջ 5 միլիոնի։ (Եսայեայ 60։22) Շուտով, իր մաքուր պաշտամունքին հանդէպ Եհովայի նախանձը աւելի եղերական կերպերով պիտի յայտնաբերուի։
Աստուածային Նախանձի Ապագայ Արարքներ
20. Աստուած շուտով ի՞նչ պիտի ընէ մաքուր պաշտամունքին հանդէպ իր նախանձը ցուցաբերելու համար։
20 Դարեր շարունակ, Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիները Եհովայի նախանձը շարժած հաւատուրաց Հրեաներուն ընթացքին հետեւած են։ (Եզեկիէլ 8։3, 17, 18) Եհովա Աստուած շուտով գործի պիտի լծուի Միացեալ Ազգերու անդամներուն սրտին մէջ ազդու խորհուրդ մը դնելով։ Այդ խորհուրդը պիտի մղէ քաղաքական ուժերուն որ Քրիստոնեայ Աշխարհը եւ սուտ կրօնքի մնացեալ մասերը աւերեն։ (Յայտնութիւն 17։16, 17, ՆԱ) Ճշմարիտ երկրպագուները աստուածային դատաստանի այդ սարսափազդու գործադրումէն պիտի վերապրին։ Անոնք երկնային արարածներու խօսքերուն պիտի ընդառաջեն, որոնք կ’ըսեն. «Ալէլուիա՜. ... Քանզի դատեց այն մեծ պոռնիկը [սուտ կրօնքը], որ իր պոռնկութիւնովը [իր սուտ ուսուցումներով եւ ապականած քաղաքագէտներու թիկունք կանգնելով] երկիրը ապականեց ու իր ծառաներուն արեան վրէժը անոր ձեռքէն պահանջեց»։—Յայտնութիւն 19։1, 2
21. (ա) Սուտ կրօնքը կործանուելէ ետք, Սատանան եւ իր դրութիւնը ի՞նչ պիտի ընեն։ (բ) Աստուած ինչպէ՞ս պիտի ընդառաջէ։
21 Սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան կործանումէն ետք ի՞նչ պիտի պատահի։ Սատանան պիտի դրդէ քաղաքական ուժերը որ Եհովայի ժողովուրդին վրայ համերկրային յարձակում մը կատարեն։ Ճշմարիտ Աստուած ինչպէ՞ս պիտի հակազդէ երկրին երեսէն մաքուր պաշտամունքը ջնջելու դիտումով Սատանայի այս փորձին։ Եզեկիէլ 38։19–23–ը մեզի կ’ըսէ. «Իմ նախանձովս [կամ՝ «եռանդովս»], իմ բարկութեանս կրակովը խօսեցայ, ... Զայն [Սատանան] ժանտախտով ու արիւնով պիտի դատեմ եւ անոր վրայ ու անոր զօրքերուն գունդերուն վրայ ու անոր հետ եղող ժողովուրդներուն վրայ յորդահոս անձրեւ ու կարկուտի քարեր, կրակ ու ծծումբ պիտի տեղամ։ Եւ շատ ազգերու առջեւ պիտի փառաւորուիմ ու սրբուիմ եւ ճանչցուիմ ու պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը [Եհովան]»։—Տես նաեւ Սոփոնեայ 1։18. 3։8։
22. Ինչպէ՞ս կրնաք ցոյց տալ որ Եհովայի մաքուր պաշտամունքին համար նախանձոտ ենք։
22 Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ թէ տիեզերքի Գերիշխանը իր ճշմարիտ երկրպագուներուն վրայ նախանձով կը հսկէ։ Իր անարժան ողորմութեան հանդէպ խոր երախտագիտութենէ մղուած, բոլորս ալ Եհովա Աստուծոյ մաքուր պաշտամունքին համար նախանձոտ ըլլանք։ Շարունակե՛նք բարի լուրը եռանդով քարոզել եւ վստահութեամբ սպասել այդ մեծ օրուան, երբ Եհովա իր մեծ անունը պիտի բարձրացնէ ու սրբացնէ։—Մատթէոս 24։14
Խոկալու Կէտեր
◻ Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովայի համար նախանձոտ ըլլալ։
◻ Վաղեմի Իսրայելացիներուն օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։
◻ Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի նախանձը շարժելէ խուսափիլ։
◻ Աստուած եւ Քրիստոս մաքուր պաշտամունքին հանդէպ իրենց նախանձը ինչպէ՞ս ցուցաբերած են։
[Շրջանակ՝ էջ 22]
Սէրը Չի Նախանձիր
ԺԹ. դարու Աստուածաշունչի ուսումնական Ալպէրթ Պարնզ նախանձի մասին գրեց. «Անիկա չարութեան ամենէն հասարակ յայտնաբերումներէն մէկն է եւ յստակօրէն մարդուն խորագոյն ապականութիւնը ցոյց կու տայ»։ Ապա ան աւելցուց. «Ան որ կարենայ բոլոր պատերազմներուն ու պայքարներուն եւ աշխարհային ծրագիրներուն աղբիւրին—նոյնիսկ Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանած անհատներուն կրօնքը այնքա՛ն ապականող եւ զայն աշխարհամիտ դարձնող բոլոր դաւերուն ու նպատակներուն, այո, անոնց բուն ծագումին—երթալ, պիտի զարմանայ տեսնելով որ շատ մը բաներ նախանձին պիտի վերագրուին։ Ցաւ կը զգանք որ ուրիշներ մեզմէ աւելի բարգաւաճ են. կը ցանկանք ունենալ ինչ որ ուրիշները ունին, հակառակ անոր որ իրաւունք չունինք. եւ ասիկա շատ մը դատապարտուած կերպերու կ’առաջնորդէ, որոնց նպատակն է իրենց ստացուածքներէն քաղած անոնց վայելքը նուազեցնել, կամ զանոնք խլել, կամ ցոյց տալ որ անոնք այնքան ալ չունին որքան կը կարծուի։ ... Քանի որ այս կերպով մեր ծոցը գտնուող նախանձի հոգին գոհացում կը ստանայ»։—Հռովմայեցիս 1։29. Յակոբու 4։5
Ասոր հակառակը, Պարնզ սիրոյ մասին հետաքրքրական բացատրութիւն մը կու տայ, որ «չի նախանձիր»։ (Ա. Կորնթացիս 13։4) Ան գրեց. «Սէրը չի նախանձիր այն ուրախութեան զոր ուրիշներ կը վայելեն. անիկա անոնց բարօրութենէն հաճոյք կ’առնէ. իսկ մինչ անոնց ուրախութիւնը կ’աւելնայ, ... սէրէ ազդուած անհատները ... այս ուրախութիւնը պիտի չնըւազեցնէին. անոնք իրենց ունեցած առաւելութիւններուն համար անհանգիստ պիտի չընէին զանոնք. անոնք իրենց ուրախութենէն պիտի չզրկուէին. անոնք պիտի չտրտնջային կամ գանգատէին թէ իրենք նոյն մեծ առաւելութիւնները չունին։ ... Եթէ ուրիշները սիրէինք, եթէ անոնց ուրախութիւնով ուրախանայինք, անոնց պէտք չէր նախանձէինք»։
[Նկար՝ էջ 20]
Փենեհէս Եհովայի մաքուր պաշտամունքին համար նախանձոտ էր