Իսրայէլի պատմութեան ուշագրաւ տօները
«Տարին երեք անգամ, . . . քու բոլոր արուներդ՝ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիտի երեւնան՝ այն տեղ, որ ինք պիտի ընտրէ ու մէկը Տէրոջը առջեւ ձեռքը պարապ թող չելլէ»։—Բ. ՕՐԻՆԱՑ 16։16
1. Ի՞նչ կրնանք ըսել Աստուածաշունչի ժամանակներու տօնակատարութիւններուն մասին։
ԵՐԲ տօնի մասին մտածէք, ի՞նչ կու գայ ձեր միտքը։ Անցեալին կարգ մը տօներ յատկանշուած էին իրենց զեխութեամբ եւ անբարոյութեամբ։ Նոյնը կարելի է ըսել արդի տօներու մասին։ Բայց Աստուծոյ Օրէնքին մէջ ուրուագծուած ու Իսրայէլի տրուած տօներու պարագան տարբեր էր։ Թէեւ անոնք հրճուալի առիթներ էին, բայց կարելի էր զանոնք բնութագրել որպէս «սուրբ ժողով»։—Ղեւտացւոց 23։2
2. (ա) Տարին երեք անգամ Իսրայելացի այրերէն ի՞նչ կը պահանջուէր։ (բ) «Տօն»ը ի՞նչ է, ինչպէս կը տեսնուի Բ. Օրինաց 16։16–ի մէջ։
2 Հաւատարիմ Իսրայելացի այրեր, յաճախ իրենց ընտանիքներուն ընկերակցութեամբ, հաճոյքով կ’երթային Երուսաղէմ՝ ‘այն տեղը զոր Եհովան ընտրած էր’, եւ երեք մեծ տօներուն առատաձեռնութեամբ իրենց նպաստը կը բերէին։ (Բ. Օրինաց 16։16) Հին Կտակարանի Բառերուն Ուսումնասիրութիւնները գիրքը, Բ. Օրինաց 16։16–ի մէջ «տօն» թարգմանուած Եբրայերէն բառը կը սահմանէ, որպէս «մեծ ուրախութեան առիթ մը . . . որու ընթացքին Աստուծոյ հաճութեան արժանացած կարգ մը յատկանշական դէպքեր կը տօնուէին, զոհեր մատուցանելով եւ տօնախմբութեամբ»։a
Մեծ Տօներուն Արժէքները
3. Տարեկան երեք տօները ի՞նչ օրհնութիւններ կը յիշեցնեն։
3 Իսրայելացիները հողագործ ժողովուրդ մը ըլլալով, Աստուծոյ օրհնութիւնը ապացուցանող անձրեւը, շատ կարեւոր էր իրենց համար։ Մովսիսական Օրէնքին երեք մեծ տօները կը զուգադիպէին, գարնան սկիզբը գարիի հունձքին, գարնան վերջաւորութեան ցորենի հունձքին եւ ամառուան վերջաւորութեան մնացեալ հունձքերու հաւաքին։ Ասոնք մեծ հրճուանքի, եւ անձրեւի շրջանը Տուողին ու արգասաբեր երկիրը Շինողին շնորհակալութիւն յայտնելու առիթներ էին։ Բայց այս տօները շատ աւելին կը պարփակէին։—Բ. Օրինաց 11։11-14
4. Առաջին տօնին, պատմական ի՞նչ դէպք տօնուեցաւ։
4 Առաջին տօնը տեղի ունեցաւ Աստուածաշունչի հին օրացոյցին առաջին ամսուն, Նիսան 15–էն մինչեւ 21, որ ներկայիս կը համապատասխանէ Մարտի վերջաւորութեան կամ Ապրիլի սկիզբին։ Անիկա կը կոչուէր Բաղարջակերաց Տօն, իսկ քանի որ անիկա Նիսան 14–ի Պասեքէն անմիջապէս ետք կու գար, ան նաեւ կոչուած է «զատկի տօն»։ (Ղուկաս 2։41. Ղեւտացւոց 23։5, 6) Այս տօնը Իսրայելացիներուն կը յիշեցնէր Եգիպտոսի նեղութենէն իրենց ազատագրումը, անոր համար անխմոր հացը կոչուեցաւ ‘դառնութեան հաց’։ (Բ. Օրինաց 16։3) Անիկա իրենց կը յիշեցնէր Եգիպտոսէ արտորնօք փախչիլը, այնպէս որ ժամանակ չունեցան իրենց խմորը թթուեցնելու եւ սպասելու որ անիկա բարձրանայ։ (Ելից 12։34) Այս տօնակատարութեան ընթացքին, Իսրայելացիի մը տան մէջ խմորեալ հաց պէտք չէր գտնուէր։ Տօնակատարութեան մասնակցող ոեւէ մէկը, նոյնիսկ օտարականը, եթէ խմորեալ հաց ուտէր՝ մահապատիժի կ’արժանանար։—Ելից 12։19
5. Երկրորդ տօնէն ի՞նչ առանձնաշնորհումներ կրնանք յիշել, եւ որո՞նք մասնակից եղան ուրախութեան։
5 Երկրորդ տօնը տեղի ունեցաւ Նիսան 16–էն եօթը շաբաթ (49 օր) ետք եւ երրորդ ամսուն՝ Սիվանի 6–րդ օրը, որ կը համապատասխանէ մեր Մայիսի վերջաւորութեան։ (Ղեւտացւոց 23։15, 16) Անիկա կը կոչուէր Շաբաթներու Տօն (Յիսուսի օրերուն, ան նաեւ կը կոչուէր Պէնտէկոստէ, որ Յունարէնի մէջ կը նշանակէր՝ «Յիսուներորդ»), եւ անիկա տեղի կ’ունենար գրեթէ տարուան այն ժամանակին, երբ Իսրայէլ Սինա Լերան վրայ Օրէնքի ուխտին մէջ մտաւ։ (Ղեւտացւոց 19։1, 2) Այս տօներու ընթացքին հաւատարիմ Իսրայելացիները հաւանաբար կը խորհէին որպէս Աստուծոյ սուրբ ազգ զատուած ըլլալու իրենց առանձնաշնորհումին մասին։ Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը ըլլալը Աստուծոյ Օրէնքին հնազանդիլ կը պահանջէր իրենցմէ, ի միջի այլոց, աննպաստ վիճակի մէջ եղողներուն հանդէպ սիրալիր հոգածութիւն ցոյց տալ, որպէսզի անոնք ալ կարենային տօնին մասնակցիլ։—Ղեւտացւոց 23։22. Բ. Օրինաց 16։10-12
6. Երրորդ տօնը ի՞նչ յիշեցուց Աստուծոյ ժողովուրդին։
6 Տարեկան երեք մեծ տօներուն վերջինը կը կոչուէր Հաւաքելու կամ Տաղաւարահարաց Տօնը։ Անիկա տեղի կ’ունենար եօթներորդ ամիսը, Թիշրի կամ Անթանի ամսուն 15–էն մինչեւ 21–րդ օրը, որ կը համապատասխանէ մեր Հոկտեմբերի սկիզբին։ (Ղեւտացւոց 23։34) Այս միջոցին, Աստուծոյ ժողովուրդը իրենց տուներէն դուրս, կամ տանիքներու վրայ, ժամանակաւոր պատսպարաններ (տաղաւարներ) կը շինէին ծառերու ճիւղերով եւ տերեւներով։ Ասիկա իրենց կը յիշեցնէր Եգիպտոսէն մինչեւ Խոստացեալ Երկիր 40 տարուան ճամբորդութիւնը, երբ ազգը սորվեցաւ իր առօրեայ կարիքներուն համար Աստուծոյ ապաւինիլ։—Ղեւտացւոց 23։42, 43. Բ. Օրինաց 8։15, 16
7. Վաղեմի Իսրայէլի տօնակատարութիւնները վերաքաղ ընելուն օգուտը ի՞նչ է։
7 Հիմա աչքէ անցընենք կարգ մը տօներ, որոնք Աստուծոյ վաղեմի ժողովուրդին մէջ յատկանշական տեղ մը գրաւեցին։ Ասիկա որպէս քաջալերութիւն պէտք է ծառայէ մեզի ներկայիս, քանի որ մենք ալ կանոնաւորաբար ամէն շաբաթ, իսկ տարին երեք անգամ մեծ համաժողովներու համար, իրարու քով հաւաքուելու հրաւէր ստացած ենք։—Եբրայեցիս 10։24, 25
Դաւիթենական Թագաւորներու Ժամանակ
8. (ա) Սողոմոն Թագաւորին օրերուն, պատմական ի՞նչ տօնակատարութիւն մը եղաւ։ (բ) Հակատիպ Տաղաւարահարաց Տօնի ի՞նչ հոյակապ բարձրակէտ մը կը սպասենք։
8 Դաւիթի որդւոյն՝ Սողոմոնի՝ բարգաւաճ իշխանութեան ընթացքին, յիշատակելի կերպով տօնուեցաւ Տաղաւարահարաց Տօնը։ Խոստացեալ Երկրին հեռաւոր մասերէն «խիստ մեծ ժողով մը» հաւաքուեցաւ Տաղաւարահարաց Տօնին եւ տաճարի նաւակատիքին համար։ (Բ. Մնացորդաց 7։8) Անոր աւարտումէն ետք, Սողոմոն Թագաւոր արձակեց տօնակիցները, «որոնք թագաւորը օրհնեցին ու իրենց վրանները գացին, զուարթ սրտով մը ուրախանալով այն բոլոր բարիքներուն համար, որոնք Տէրը իր ծառային ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին ըրաւ»։ (Գ. Թագաւորաց 8։66) Անիկա արդարեւ յատկանշական տօն մըն էր։ Ներկայիս, Աստուծոյ ծառաները մեծ ակնկալութեամբ կը սպասեն Մեծագոյն Սողոմոնի՝ Յիսուս Քրիստոսի, Հազարամեայ Իշխանութեան վերջաւորութեան հակատիպ Տաղաւարահարաց Տօնի հոյակապ բարձրակէտին։ (Յայտնութիւն 20։3, 7-10, 14, 15) Այդ ժամանակ, երկրի ամէն անկիւնները ապրող մարդիկ, մէջը ըլլալով յարուցուածներն ու Արմագեդոնէն վերապրողները, Եհովա Աստուծոյ ուրախ պաշտամունքին մէջ միացած պիտի ըլլան։—Զաքարեայ 14։16
9-11. (ա) Եզեկիա Թագաւորին օրերուն ի՞նչ բան յատկանշական տօնակատարութիւն մը ունենալու առաջնորդեց։ (բ) Հիւսիսային տասը–ցեղեան թագաւորութեան մէջ ապրողներէն ոմանք ի՞նչ օրինակ հանդիսացան, եւ ասիկա մեզի ի՞նչ կը յիշեցնէ այսօր։
9 Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած յիշատակութեան արժանի յաջորդ տօնակատարումը տեղի ունեցաւ տաճարը փակող եւ Յուդան հաւատուրացութեան առաջնորդող Աքազ չար թագաւորի իշխանութենէն ետք։ Աքազի յաջորդեց Եզեկիա բարի թագաւորը։ Իր իշխանութեան առաջին տարին՝ 25 տարեկանին՝ Եզեկիա վերակառուցման եւ բարեկարգումի մեծ յայտագրի մը ձեռնարկեց։ Անմիջապէս տաճարը բացաւ եւ անոր նորոգման համար կարգադրութիւններ ըրաւ։ Ապա թագաւորը նամակներ գրեց հիւսիսը գտնուող Իսրայէլի տասը ցեղեան թագաւորութեան մէջ բնակողներուն, հրաւիրելով որ գան Պասեքն ու Բաղարջակերաց Տօնը կատարեն։ Շատեր ներկայ գտնուեցան, հակառակ իրենց ազգակիցներուն հեգնանքին։—Բ. Մնացորդաց 30։1, 10, 11, 18
10 Տօնակատարութիւնը յաջողութեամբ պսակուեցա՞ւ։ Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ. «Երուսաղէմի մէջ գտնուող Իսրայէլի որդիները մեծ ուրախութեամբ եօթը օր բաղարջակերաց տօնը կատարեցին ու Ղեւտացիները եւ քահանաները ամէն օր բարձրաձայն նուագարաններ հնչեցնելով՝ Տէրը կ’օրհնէին»։ (Բ. Մնացորդաց 30։21) Այդ Իսրայելացիները ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ կը հանդիսանան Աստուծոյ ժողովուրդին ներկայիս, որոնցմէ շատեր հակառակութիւններու կ’ենթարկուին եւ երկար ճամբայ կը կտրեն, համաժողովներու ներկայ գտնուելու համար։
11 Օրինակ, 1989–ին Լեհաստանի մէջ, «Աստուածպաշտութիւն» բնաբանով երեք Նահանգային Համաժողովները նկատի առէք։ 166,518 ներկաներուն մէջ մեծ խումբեր կային, որոնք եկած էին նախկին Սովետական Միութենէն եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներէն, ուր Եհովայի Վկաներուն գործը արգիլուած էր այդ ժամանակ։ Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ծանուցանողներb գիրքը կը տեղեկագրէ թէ «այս համաժողովներուն յաճախողներէն ոմանք, առաջին անգամ ըլլալով 15 կամ 20 հոգիէ աւելի Եհովայի ծառաներու հետ կը հաւաքուէին։ Անոնց սիրտը գնահատութեամբ կը յորդէր, տեսնելով մարզաւանին մէջ հաւաքուած տասնեակ հազարաւորներ, որոնք իրենց կը միանային աղօթքի եւ Եհովան փառաբանող երգեցողութիւններու ընթացքին»։—Էջ 279
12. Յովսիա Թագաւորին օրերուն ի՞նչ բան նպաստեց յիշատակելի տօնակատարութիւն մը ունենալու։
12 Եզեկիայի մահուընէ ետք, Մանասէ եւ Ամոն թագաւորներու իշխանութեան ներքեւ, Յուդայականները անգամ մը եւս սուտ պաշտամունքի մէջ մխրճուեցան։ Անկէ ետք, ուրիշ բարի թագաւորի մը՝ երիտասարդ Յովսիայի՝ իշխանութիւնը սկսաւ, որ մաքուր պաշտամունքը վերահաստատելու համար խիզախօրէն գործեց։ 25 տարեկան հասակին, Յովսիա պատուէր տուաւ որ տաճարը վերանորոգեն։ (Բ. Մնացորդաց 34։8) Մինչ վերանորոգումը կը կատարուէր, տաճարին մէջ Մովսէսի կողմէ գրուած Օրէնքը գտնուեցաւ։ Յովսիա Թագաւորը Աստուծոյ Օրէնքէն իր կարդացած բաներէն խորապէս ազդուեցաւ եւ կարգադրութիւն ըրաւ որ անիկա ժողովուրդին ալ կարդացուի։ (Բ. Մնացորդաց 34։14, 30) Ապա գրութեան համաձայն, Պասեքի տօնակատարութիւնը կազմակերպեց։ Թագաւորը այս առիթով առատաձեռնօրէն իր նպաստը բերելով ալ օրինակ հանդիսացաւ։ Աստուածաշունչը արդիւնքը կը տեղեկագրէ, ըսելով. «Սամուէլ մարգարէին օրերէն ի վեր Իսրայէլի մէջ ասոր պէս զատիկ մը եղած չէր»։—Բ. Մնացորդաց 35։7, 17, 18
13. Եզեկիայի եւ Յովսիայի տօնակատարութիւնները մեզի ի՞նչ կը յիշեցնեն այսօր։
13 Եզեկիայի եւ Յովսիայի բարեկարգութիւնները կը համեմատին 1914–ին Յիսուս Քրիստոսի թագադրութենէն ի վեր, ճշմարիտ Քրիստոնեաներու մէջ մաքուր պաշտամունքի հոյակապ վերահաստատման։ Ճիշդ ինչպէս Յովսիայի բարեկարգութիւնը, արդի վերահաստատումն ալ Աստուծոյ Խօսքին հիման վրայ եղած է։ Իսկ Եզեկիայի եւ Յովսիայի օրերուն հետ բաղդատութիւն մը ընելով, արդի վերահաստատումն ալ նշուած է համաժողովներով, ուր Աստուածաշունչի մարգարէութեանց եւ անոր ժամանակայարմար կիրարկումներուն մասին խայտալի բացատրութիւններ տրուած են։ Այս դաստիարակիչ առիթներուն ուրախութիւնը աւելցուցած են մկրտուողներու հսկայ թիւեր։ Եզեկիայի եւ Յովսիայի օրերուն զղջացած Իսրայելացիներուն նման, նոր մկրտուողները իրենց կռնակը դարձուցած են Քրիստոնեայ Աշխարհի եւ Սատանայի մնացեալ աշխարհի պիղծ սովորութիւններուն։ 1997–ին, աւելի քան 375,000 անհատներ սուրբ Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ իրենց կատարած նուիրումը մկրտութեամբ խորհրդանշեցին. օրական աւելի քան 1,000 հոգի։
Գերութենէն Ետք
14. Ի՞նչ բան նպաստեց որ Հ.Դ.Ա. 537–ին յիշատակելի տօնակատարութիւն մը ըլլայ։
14 Յովսիայի մեռնելէն ետք, ժողովուրդը դարձեալ նուաստացուցիչ կեղծ պաշտամունքին վերադարձաւ։ Վերջապէս, Հ.Դ.Ա. 607–ին, Եհովա պատժեց իր ժողովուրդը, Երուսաղէմի վրայ բերելով բաբելոնական բանակները։ Քաղաքն ու անոր տաճարը կործանեցան, եւ երկիրը ամայացաւ։ Անոր յաջորդեց Հրեաներու 70 տարուան գերութիւնը Բաբելոնի մէջ։ Անկէ ետք, Աստուած զղջացած Հրեայ մնացորդ մը ոտքի հանեց, որպէսզի Խոստացեալ Երկիրը վերադառնայ ու ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատէ։ Անոնք Երուսաղէմի աւերուած քաղաքը հասան Հ.Դ.Ա. 537–ին։ Ամէն բանէ առաջ անոնք խորան մը կանգնեցին, որպէսզի, ինչպէս ուրուագծուած էր Օրէնքի ուխտին մէջ, կարենային կանոնաւորաբար օրուան զոհերը մատուցանել։ Պատմական ուրիշ տօնակատարութեան մը ժամանակը հասած էր։ «Տաղաւարահարաց տօնը գրուածին պէս կատարեցին»։—Եզրասայ 3։1-4
15. Հ.Դ.Ա. 537–ին վերադարձած մնացորդին դիմաց ի՞նչ գործ կար, եւ ի՞նչպէս նման կացութիւն մը գոյութիւն ունէր 1919–ին։
15 Գերութենէ վերադարձածներուն դիմաց հսկայ գործ մը կար. Աստուծոյ տաճարին եւ Երուսաղէմի պարիսպներուն վերաշինութիւնը։ Նախանձ դրացիներ մեծապէս հակառակեցան։ Երբ տաճարը կը շինուէր, անիկա «պզտիկ բաներուն օր»ն էր։ (Զաքարեայ 4։10) Կացութիւնը կը նմանէր 1919–ի օծեալ հաւատարիմ Քրիստոնեաներու վիճակին։ Այդ յիշատակելի տարին, անոնք Մեծն Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ հոգեւոր գերութենէն ազատագրուեցան։ Անոնք միայն քանի մը հազար էին եւ թշնամական աշխարհ մը կը դիմագրաւէին։ Աստուծոյ թշնամիները պիտի կարենայի՞ն ճշմարիտ պաշտամունքը կասեցնել։ Այդ հարցումին պատասխանը մեզի կը յիշեցնէ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ արձանագրուած վերջին երկու տօնակատարութիւնները։
16. Հ.Դ.Ա. 515–ի տօնակատարութիւնը ինչո՞ւ աչքառու էր։
16 Վերջապէս տաճարին շինութիւնը աւարտեցաւ Հ.Դ.Ա. 515 Ադար ամսուն, Նիսանի տօնակատարութիւններուն համար ժամանակին պատրաստ ըլլալով։ Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ. «Եօթը օր բաղարջակերաց տօնը կատարեցին ուրախութեամբ. վասն զի Տէրը զանոնք ուրախացուց ու Ասորեստանի թագաւորին սիրտը անոնց դարձուց, որպէս զի Աստուծոյ՝ Իսրայէլին Աստուծոյ՝ տանը գործին մէջ անոնց ձեռքը զօրացնէ»։—Եզրասայ 6։22
17, 18. (ա) Հ.Դ.Ա. 455–ին ի՞նչ յատկանշական տօնակատարութիւն մը տեղի ունեցաւ։ (բ) Մենք ալ ի՞նչպէս նման վիճակի մէջ կը գտնուինք։
17 Վաթսուն տարի ետք, Հ.Դ.Ա. 455–ին, յատկանշական ուրիշ բան մը գլուխ հանուեցաւ։ Այդ տարուան Տաղաւարահարաց Տօնը նշեց Երուսաղէմի պարիսպներու վերաշինութեան աւարտը։ Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ. «Գերութենէն դարձող բոլոր ժողովուրդը տաղաւարներ շինեցին ու տաղաւարներու մէջ նստան. վասն զի Իսրայէլի որդիները՝ Նաւեան Յեսուին օրերէն մինչեւ այդ օրը՝ այնպէս ըրած չէին ու խիստ մեծ ուրախութիւն եղաւ»։—Նէեմեայ 8։17
18 Դառն հակառակութեան դիմաց, Աստուծոյ ճշմարիտ պաշտամունքի ի՜նչ յիշատակելի վերահաստատում մըն էր ասիկա։ Պարագան նոյնն է այսօր։ Հակառակ հալածանքի ու հակառակութեան ալիքներուն, Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան հոյակապ գործը երկրին հեռաւոր մասերը հասած է, եւ Աստուծոյ դատաստանական պատգամները ամէնուրեք յայտարարուած են։ (Մատթէոս 24։14) 144,000 օծեալներու մնացորդին վերջնական կնքումը կը մօտենայ։ Անոնց հինգ միլիոնէ աւելի ընկերակիցները՝ «ուրիշ ոչխարներ»ը՝ բոլոր ազգերէն հաւաքուած են եւ օծեալներուն հետ «մէկ հօտ»ի մէջ եկած են։ (Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 7։3, 9, 10) Տաղաւարահարաց Տօնի մարգարէական պատկերին ի՜նչ հոյակապ կատարում մը։ Իսկ հաւաքումի այս հոյակապ գործը պիտի շարունակուի մինչեւ նոր աշխարհ, երբ միլիառաւոր յարուցեալներու ալ հրաւէր պիտի տրուի, որպէսզի հակատիպ Տաղաւարահարաց Տօնին միանան։—Զաքարեայ 14։16-19
Հ.Դ. Առաջին Դարուն
19. Հ.Դ. 32–ի Տաղաւարահարաց Տօնը ինչո՞ւ ուշագրաւ էր։
19 Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած ամենէն ուշագրաւ տօնակատարութիւններու շարքին են անկասկած անոնք, որոնց ներկայ գտնուեցաւ Աստուծոյ Որդի՝ Յիսուս Քրիստոս։ Օրինակ, նկատի առէք Հ.Դ. 32–ին Տաղաւարահարաց Տօնին Յիսուսի ներկայութիւնը։ Ան այս առիթը օգտագործեց կարեւոր ճշմարտութիւններ սորվեցնելու համար, եւ Եբրայերէն Գրութիւններէն մէջբերումներ ընելով, վաւերացուց իր ուսուցումը։ (Յովհաննու 7։2, 14, 37-39) Սովորութիւն էր այս առթիւ չորս մեծ աշտանակներ վառել տաճարի ներքին գաւիթին մէջ։ Ասիկա տօնախմբութեան ուրախութեան կը նպաստէր, որ կը շարունակուէր մինչեւ գիշեր։ Երեւութապէս Յիսուս այդ մեծ լոյսերուն ակնարկեց, երբ ըսաւ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը. ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ»։—Յովհաննու 8։12
20. Հ.Դ. 33–ի Պասեքը ինչո՞ւ յատկանշական էր։
20 Ապա եկաւ Հ.Դ. 33–ի յատկանշական տարուան Պասեքը եւ Բաղարջակերաց Տօնը։ Այդ Պասեքի օրը, Յիսուս իր թշնամիներուն կողմէ սպաննուեցաւ եւ Պասեքի հակատիպ Գառնուկը եղաւ, որ ‘աշխարհի մեղքը վերցնելու համար’ մեռաւ։ (Յովհաննու 1։29. Ա. Կորնթացիս 5։7) Երեք օր ետք, Նիսան 16–ին, Աստուած յարուցանեց Յիսուսը, անոր տալով հոգեղէն անմահ մարմին մը։ Ասիկա Օրէնքին կողմէ պահանջուած գարիի հունձքի երախայրիներու մատուցումին կը զուգադիպէր։ Այս կերպով, յարուցեալ Յիսուս Քրիստոս «ննջեցեալներուն առաջին պտուղը» եղաւ։—Ա. Կորնթացիս 15։20
21. Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին ի՞նչ պատահեցաւ։
21 Իրապէս աչքառու տօնակատարութիւն մը եղաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէն։ Այդ օրը բազմաթիւ Հրեաներ եւ նորադարձներ հաւաքուած էին Երուսաղէմի մէջ, որոնց մէջ կային նաեւ Յիսուսի շուրջ 120 աշակերտները։ Մինչ տօնակատարութիւնը իր ընթացքին մէջ էր, յարուցեալ Տէր Յիսուս Քրիստոս իր 120 աշակերտներուն վրայ Աստուծոյ սուրբ հոգին թափեց։ (Գործք 1։15. 2։1-4, 33) Անով՝ անոնք օծուեցան եւ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ միջնորդուած նոր ուխտով, Աստուծոյ ընտրեալ նոր ազգը կազմեցին։ Այդ տօնակատարութեան ընթացքին, Հրեայ քահանայապետը ցորենի երախայրիներէն պատրաստուած երկու խմորեալ հացեր կը մատուցանէր Աստուծոյ։ (Ղեւտացւոց 23։15-17) Այդ խմորեալ հացերը կը պատկերացնեն 144,000 անկատար անհատները, զորոնք Յիսուս ‘ծախու առաւ Աստուծոյ համար’, որպէս «թագաւորներ ու քահանաներ» ծառայելու, ‘որպէս զի երկրի վրայ թագաւորեն’։ (Յայտնութիւն 5։9, 10. 14։1, 3) Քանի որ այս երկնային կառավարիչները մարդկային երկու մեղաւոր ճիւղաւորումներէ՝ Հրեաներէ ու Հեթանոսներէ՝ կու գան, ուրեմն կրնան պատկերացուիլ երկու խմորեալ հացերով։
22. (ա) Քրիստոնեաները ինչո՞ւ Օրէնքի ուխտին տօնակատարութիւնները չեն պահեր։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
22 Երբ նոր ուխտը ի զօրու եղաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, անիկա նշեց թէ Օրէնքի հին ուխտը այլեւս անարժէք դարձած էր Աստուծոյ աչքին։ (Բ. Կորնթացիս 3։14. Եբրայեցիս 9։15. 10։16) Ասիկա չի նշանակեր որ օծեալ Քրիստոնեաները օրէնք չունին։ Անոնք Յիսուսի սորվեցուցած աստուածային օրէնքին ներքեւ կու գան, որ իրենց սրտին վրայ գրուած է։ (Գաղատացիս 6։2) Հետեւաբար, Քրիստոնեաները Օրէնքի ուխտին մաս կազմող տարեկան երեք տօները չեն պահեր։ (Կողոսացիս 2։16, 17) Այսուհանդերձ, իրենց տօներուն եւ պաշտամունքի ուրիշ հանդիպումներուն նկատմամբ Աստուծոյ նախաքրիստոնէական ծառաներուն կեցուածքէն շատ դասեր կրնանք առնել։ Յաջորդ յօդուածով նկատի պիտի առնենք օրինակներ, որոնք բոլորս պիտի մղեն, որ քրիստոնէական ժողովներու կանոնաւորաբար յաճախելու հանդէպ մեր գնահատութիւնը աւելցնենք։
[Ստորանիշներ]
a Տես նաեւ՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ գիրքը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ, Հատոր Ա., էջ 820, սիւնակ 1, պարբերութիւն 1 եւ 3, «Տօն» նիւթին ներքեւ։
b Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
Վերաքաղի Հարցումներ
◻ Իսրայէլի երեք մեծ տօնակատարութիւնները ի՞նչ նպատակի կը ծառայէին։
◻ Եզեկիայի եւ Յովսիայի օրուան տօնակատարութիւնները ի՞նչ բանով կը յատկանշուէին։
◻ Հ.Դ.Ա. 455–ին յատկանշական ի՞նչ բան տօնուեցաւ, եւ անիկա ինչո՞ւ քաջալերական է մեզի համար։
◻ Հ.Դ. 33–ի Պասեքն ու Պէնտէկոստէն ի՞նչ բանով ուշագրաւ էին։
[Շրջանակ՝ էջ 12]
Տօնական դաս մը բոլորիս համար
Բոլոր անոնք որոնք Յիսուսի մեղք քաւող զոհագործութենէն մնայուն օգուտ պիտի քաղեն, Բաղարջակերաց Տօնով պատկերացուած բաներուն համաձայն պէտք է ապրին։ Այս հակատիպ տօնը՝ այս չար աշխարհէն եւ, Յիսուսի փրկանքին շնորհիւ, մեղքի դատապարտութենէն ազատագրուելուն առթիւ օծեալ Քրիստոնեաներու վայելած ուրախութիւնն է։ (Գաղատացիս 1։4. Կողոսացիս 1։13, 14) Բառացի տօնակատարութիւնը եօթը օր կը տեւէր. Աստուածաշունչին մէջ հոգեւոր լիութիւն խորհրդանշող թիւ մը։ Հակատիպ տօնակատարութիւնը կը տեւէ երկրի վրայ օծեալ Քրիստոնեաներու ամբողջ տեւողութեան եւ զայն պէտք է տօնեն «անկեղծութեամբ եւ ճշմարտութեամբ»։ Ասիկա կը նշանակէ որ յարատեւաբար արթուն պէտք է ըլլան այլաբանական թթխմորին նկատմամբ։ Աստուածաշունչին մէջ թթխմորը գործածուած է ապականիչ ուսուցումներ, կեղծաւորութիւն եւ չարութիւն պատկերացնելու համար։ Եհովայի ճշմարիտ երկրպագուները պէտք է ատեն այսպիսի թթխմորներ, թոյլ չտալով որ անոնք իրենց կեանքը ապականեն, ոչ ալ թոյլ տան որ անիկա քրիստոնէական ժողովքին մաքրութիւնը խանգարէ։—Ա. Կորնթացիս 5։6-8. Մատթէոս 16։6, 12
[Նկար՝ էջ 9]
Ամէն տարի խուրձ մը գարի կը մատուցանուէր, Նիսան 16–ին, այն օրը որ Յիսուս յարուցանուեցաւ
[Նկար՝ էջ 10]
Երբ Յիսուս ինքզինք «աշխարհին լոյսը» կոչեց, հաւանաբար տօնի լոյսերուն ակնարկութիւն կ’ընէր