Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 6/1 էջ 7
  • Անոնք ինչո՞ւ կը ժողվուին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Անոնք ինչո՞ւ կը ժողվուին
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Նոյնանման նիւթեր
  • 1998–ի «Աստուծոյ Ընդունելի Ապրելակերպը» Բնաբանով Նահանգային եւ Միջազգային Համաժողովներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • 1999–ի «Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը» Բնաբանով Նահանգային Համաժողովներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Նահանգային համաժողովներ. մեր եղբայրակցութեան ուրախ ապացոյցներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Մեր նահանգային համաժողովները ազդուօրէն կը վկայեն ճշմարտութեան
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 6/1 էջ 7

Անոնք ինչո՞ւ կը ժողվուին

ԱՄԷՆ տարի համայն աշխարհի մէջ, Եհովայի Վկաները հազարներով կը հաւաքուին նահանգային համաժողովներու համար։ Հոն, անոնք իրարու ընկերակցութիւնը կը վայելեն եւ Աստուածաշունչի ուսուցման հոյակապ յայտագիր մը կը լսեն։ Ոմանք մեծ ջանքեր կը թափեն այս համաժողովներուն ներկայ գտնուելու համար։ Օրինակի համար, անցեալ տարի Մալաուիի մէջ, 60–ական տարիքի մէջ եղող զոյգ մը, իրենց զաւկին, հարսին ու թոռան հետ միասին, հեծանիւով 80 քիլոմեթր ճամբորդեցին նահանգային համաժողովի մը ներկայ գտնուելու համար։ Անոնք իրենց գիւղը ձգեցին առաւօտեան ժամը վեցին, իսկ համաժողովի վայրը հասան 15 ժամ ետք։

Մոզամպիկի մէջ, խումբ մը նահանգային համաժողովի մը ներկայ գտնուելու համար, երեք օր հեծանիւով ճամբորդեց։ Գիշեր մը, մինչ բացօթեայ տեղ մը կը գիշերէին, իրենց մօտակայքը առիւծներու մռնչոց լսեցին։ Թէեւ զանոնք վռնտելու համար անոնց ուղղութեամբ վառած փայտեր նետեցին, բայց առիւծները մինչեւ արշալոյս չհեռացան։ Միեւնոյն համաժողովին ճամբորդող ուրիշ Վկայ մը, ճամբուն վրայ առիւծի մը հետ դէմ յանդիման գտնուեցաւ։ Ան լուռ ու անշարժ մնաց, մինչեւ որ առիւծը հեռացաւ։ Համաժողովին, այս Վկաները ուրախութեամբ պատմեցին թէ ի՛նչպէս ‘առիւծին բերնէն ազատեցան’։—Բ. Տիմոթէոս 4։17

Եհովայի Վկաներէն շատեր, մեծ ջանքեր կը թափեն որպէսզի նահանգային համաժողովներու, կամ նոյնիսկ պաշտամունքի համար շաբաթական ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ գտնուին։ Ինչո՞ւ։ Յաջորդ յօդուածները պիտի օգնեն ձեզի հասկնալու, թէ իրարու քով հաւաքուիլը ինչո՛ւ կարեւոր է։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել