Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 6/1 էջ 4-7
  • Անոնք ինչո՞ւ ներում կը խնդրեն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Անոնք ինչո՞ւ ներում կը խնդրեն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Տիեզերականութիւն եւ Բարոյական Կեցուածք
  • Բոլորն ալ Համաձայն Չեն
  • Աստուածային Դատաստան
  • Եկեղեցիները կը խոստովանին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 6/1 էջ 4-7

Անոնք ինչո՞ւ ներում կը խնդրեն

ՆՈՐ չէ այն գաղափարը թէ՝ եկեղեցիները պէտք է իրենց յանցանքներուն համար զղջան եւ իրենք զիրենք բարեկարգեն։ Կրօնական բառարան մը՝ Րէլիժոնի է միթի (Կրօնքներ եւ Առասպելներ), կ’ըսէ թէ նախկին եկեղեցիին ենթադրեալ ուղղամտութիւնը, Միջին Դարերուն ապրող մարդոց հետաքրքրութիւնը շարժեց եւ շատեր մղեց որ կրօնական բարեկարգութիւն պահանջեն։

1523–ին, Մարթըն Լուտեր Հռովմէ անջատուելէն յետոյ, Ատրիան Զ. Պապը փորձեց միութիւն հաստատել, Նուրեմպէրկի Խորհրդարանին հետեւեալ պատգամը ղրկելով. «Շատ լաւ գիտենք թէ երկար տարիներէ ի վեր զզուելի բաներ շրջապատած են Հռովմի Պապական Աթոռը . . . Ամէն ջանք պիտի թափենք բարեկարգութիւններ մտցնելու, գլխաւորաբար Հռովմի Պապական Վարչութեան մէջ, ուրկէ հաւանաբար այս բոլոր չարութիւնները ծագում առած են»։ Սակայն, այս խոստովանութիւնը չյաջողեցաւ արգելք հանդիսանալ երկպառակութեան, ոչ ալ կրցաւ Պապական Վարչութեան մէջ տիրող ապականութիւնը կասեցնել։

Վերջերս, եկեղեցիները քննադատութեան ենթարկուեցան Ողջակիզութեան նկատմամբ իրենց լռութեան համար։ Նաեւ՝ մեղադրուեցան որ իրենց անդամները ետ չեն պահեր պատերազմներու մասնակցելէ։ 1941–ին, մինչ Համաշխարհային Բ. Պատերազմը կը մղուէր, Բրիմօ Մացոլարի անունով վարդապետ մը հարց տուաւ. «Հռովմը ինչո՞ւ զօրաւոր կերպով չհակազդեց Կաթողիկէութեան անկման, ինչպէս սովորութիւն ունէր ընելու, եւ տակաւին կ’ընէ, աւելի նուազ վտանգաւոր վարդապետութիւններու պարագային»։ Ի՞նչ բանի հետ բաղդատած աւելի նուազ վտանգաւոր վարդապետութիւններ։ Վարդապետը ռազմամոլ ազգայնականութեան մասին կը խօսէր, որ այն ժամանակ քաղաքակրթութիւնը կը կործանէր։

Սակայն, իրողութիւնը այն է թէ մինչեւ վերջերս, կրօնքներու կողմէ յանցանքներու խոստովանութիւնը բացառութիւն կը կազմէր եւ անսովոր բան մըն էր։ 1832–ին, Կաթողիկէ Եկեղեցիին՝ ‘ինքզինք բարեկարգելու’ յորդորին պատասխանելով, Կրէկորի ԺԶ. Պապը ըսաւ. «Բացայայտօրէն անիմաստ եւ վնասակար է [եկեղեցիին] ապահովութեան ու աճման համար, որոշ ‘վերահաստատում եւ բարեկարգութիւն’ առաջարկել, որպէս թէ անիկա թերութեան ենթակայ ըլլար»։ Սակայն, ի՞նչ կրնար ըսուիլ չափազանց բացայայտ թերութիւններուն մասին, զորս անկարելի էր ժխտել։ Զանազան ռազմավարութիւններ որդեգրուած են այդ թերութիւնները արդարացնելու համար։ Օրինակի համար, աստուածաբաններէն ոմանք պնդած են թէ եկեղեցին սուրբ եւ միեւնոյն ատեն՝ մեղաւոր է։ Այսինքն, եկեղեցին որպէս հաստատութիւն սուրբ է, քանի որ Աստուած զայն սխալէ պահպանած է։ Սակայն, իր անդամները մեղաւոր են։ Հետեւաբար, երբ եկեղեցիին անունով գազանային արարքներ կը գործուին, հաստատութիւնը ինքնին պատասխանատու պէտք չէ համարուի, այլ՝ եկեղեցիին անդամները։ Ասիկա տրամաբանական կը հնչէ՞։ Ո՛չ, ըստ Հռովմէական Կաթողիկէ աստուածաբան Հէնզ Գիւնկի, որ գրեց. «Եկեղեցիի անկատար անդամներէն անջատ կատարեալ եկեղեցիի մը գոյութեան գաղափարը սխալ է»։ Ան կը բացատրէ. «Գոյութիւն չունի եկեղեցի մը որ խոստովանելիք մեղքեր չունենայ»։

Տիեզերականութիւն եւ Բարոյական Կեցուածք

Կրնաք հարց տալ թէ ո՛ր դէպքերը մղեցին որ եկեղեցիներ ներկայիս ներում խնդրեն։ Սկիզբը, Բողոքականներն ու Ուղղափառները՝ զանազան յարանուանութիւններու միջեւ եղած «անցեալի բաժանումներուն» պատասխանատուութիւնը ընդունեցին։ Անոնք ասիկա ըրին «Հաւատք եւ Կարգապահութիւն» բնաբանով տիեզերական ժողովին, որ 1927–ին տեղի ունեցաւ Լոզանի մէջ, Զուիցերիա։ Անկէ ետք, Հռովմէական Կաթողիկէ Եկեղեցին անոնց օրինակին հետեւեցաւ։ Գլխաւորաբար, Վատիկան Բ.–էն ի վեր,a բարձրաստիճան կղերներ, ի ներառեալ Պապեր, հետզհետէ աւելցող կանոնաւորութեամբ ներում խնդրած են Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ եղած բաժանումներուն համար։ Ի՞նչ նպատակով։ Ըստ երեւոյթին, անոնք Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ աւելի միութիւն կ’ուզեն։ Կաթողիկէ պատմաբան Նիքոլինօ Սարալէ ըսաւ թէ Յովհաննէս Պօղոս Բ.–ի «‘միա քուլփա–ներու’ ծրագրին մէջ, ռազմավարութիւն մը կայ, որ է տիեզերականութիւնը»։

Սակայն, տիեզերականութենէն աւելին պարփակուած է։ Ներկայիս, Քրիստոնեայ Աշխարհի տխրահռչակ պատմութիւնը բոլորին ծանօթ է։ Աստուածաբան Հէնզ Ուրս վոն Պալդազար կ’ըսէ. «Կաթողիկէները այս բոլոր պատմութիւնը չեն կրնար պարզապէս զանց ընել։ Պապի պատկանած Եկեղեցին ըրած կամ արտօնած է բաներ, որոնց հաճութեամբ չենք նայիր ներկայիս»։ Այս պատճառաւ ալ, Պապը յանձնախումբ մը նշանակած է «եկեղեցիին սեւ էջերը բացատրելու համար, որպէսզի . . . կարելի ըլլայ ներում խնդրել»։ Ուստի, ուրիշ պատճառ մը որու համար եկեղեցին յօժար է ինքզինք ինքնաքննադատութեան ենթարկելու, ան ալ իր բարոյական կեցուածքը վերականգնելու փափաքն է։

Նոյն գծով, պատմաբան Ալպէրթօ Մելլոնի, երբ եկեղեցիին ներումի խնդրանքներուն մասին կը խօսէր, գրեց. «Իրականութեան մէջ, եկեղեցիին խնդրանքներուն ետին եղող նպատակը, պատասխանատուութեան ամբաստանութիւնները առկախել է»։ Այո՛, Կաթողիկէ Եկեղեցին կ’երեւի թէ կը փորձէ նուազագոյնի իջեցնել անցեալին գործուած մեղքերուն բեռը, որպէսզի հանրային կարծիքին առջեւ իր վարկը վերագտնէ։ Սակայն, ամենայն անկեղծութեամբ, պէտք է ըսուի թէ անիկա աւելի հետաքրքրուած է հաշտութիւն կնքելով աշխարհի հետ, քան թէ՝ Աստուծոյ։

Այսպիսի վարմունք մեզի կը յիշեցնէ Իսրայէլի առաջին թագաւորը՝ Սաւուղը։ (Ա. Թագաւորաց 15։1-12) Ան լուրջ յանցանք մը գործեց եւ երբ ասիկա երեւան ելաւ, նախ փորձեց ինքզինք արդարացնել ու իր յանցանքը չքմեղացնել, Աստուծոյ հաւատարիմ մարգարէին՝ Սամուէլին՝ առջեւ։ (Ա. Թագաւորաց 15։13-21) Վերջապէս, Սաւուղ թագաւոր ստիպուեցաւ Սամուէլի խոստովանիլ. «Մեղք գործեցի, որ Տէրոջը հրամանը . . . զանց ըրի»։ (Ա. Թագաւորաց 15։24, 25) Այո՛, ան իր յանցանքը ընդունեց, բայց Սամուէլի ուղղած իր յաջորդ խօսքերը ցոյց կու տան թէ անոր մտքին մէջ կարեւորագոյն հարցը ի՛նչ էր. «Մեղք գործեցի. կ’աղաչեմ, հիմա իմ ժողովուրդիս ծերերուն առջեւ ու Իսրայէլի առջեւ զիս պատուէ՛»։ (Ա. Թագաւորաց 15։30) Ակներեւաբար, Սաւուղ աւելի հետաքրքրուած էր Իսրայէլի մէջ իր կեցուածքը վերագտնելով, քան՝ Աստուծոյ հետ հաշտուելով։ Այս կեցուածքը Սաւուղը չարժանացուց Աստուծոյ ներումին։ Կը խորհի՞ք որ նոյնանման կեցուածք մը եկեղեցիները Աստուծոյ ներումին պիտի արժանացնէ։

Բոլորն ալ Համաձայն Չեն

Բոլորն ալ չեն համաձայնիր որ եկեղեցիները հանրապէս ներում պէտք է խնդրեն։ Օրինակի համար, Հռովմէական Կաթողիկէներէն ոմանք նեղութիւն կը զգան երբ իրենց Պապը ներում կը խնդրէ ստրկութեան համար եւ կամ երբ Հուսի եւ Կալվինի նման «հերետիկոսներուն» վարկը կը վերահաստատէ։ Վատիկանի աղբիւրներուն համաձայն, կարդինալներուն յղուած պաշտօնագիրը՝ որ Կաթողիկէութեան անցեալ հազարամեակի պատմութեան համար «խղճմտանքի քննութիւն» մը առաջարկած էր, քննադատուեցաւ Յունիս 1994–ին գումարուած ժողովի մը ներկայ գտնուող կարդինալներու կողմէ։ Երբ Պապը հակառակ ասոր փափաքեցաւ այդ առաջարկին պարունակութիւնը կոնդակի մը մէջ պարփակել, Իտալացի կարդինալ Ճաքոմօ Պիֆֆի հովուական գրութիւն մը գրեց, որուն մէջ հաստատօրէն ըսաւ. «Եկեղեցին մեղք չունի»։ Բայց եւ այնպէս ան նկատի առաւ թէ «անցեալ դարերու ընթացքին գործուած եկեղեցական յանցանքներու համար ներում խնդրելը . . . կրնայ մեզ նուազ տհաճելի դարձնել»։

Վատիկանի խօսնակ Լուիճի Աքաթոլի կ’ըսէ. «Կաթողիկէ Եկեղեցիին մէջ, մեղքերու խոստովանութիւնը ամենէն հակաճառելի նիւթերէն մէկն է։ Եթէ Պապը միսիոնարներուն յանցանքները ընդունի, կան միսիոնարներ, որոնք իրաւացի պատճառներով կ’ընդդիմանան ասոր»։ Հռովմէական Կաթողիկէ լրագրող մը գրեց. «Եթէ Պապը իրապէս եկեղեցական պատմութեան մասին այսպիսի սոսկալի տեսակէտ մը ունի, դժուար է հասկնալ թէ ներկայիս ան ի՛նչպէս այս միեւնոյն Եկեղեցին կը ներկայացնէ որպէս՝ ‘մարդկային իրաւանց’ ասպետը, ‘մայրը եւ ուսուցիչը’ որ ինքնին կրնայ մարդկութիւնը առաջնորդել դէպի իրապէս խոստմնալից երրորդ հազարամեան»։

Աստուածաշունչը կը դատապարտէ այն երեւութական զղջումը, որու միակ շարժառիթն է յանցանքի մը մէջ բռնուելուն ամօթը։ Այդպիսի զղջում մը, շատ քիչ անգամ վարմունքի մնայուն փոփոխութիւն մը յառաջ կը բերէ զղջացողին մէջ։ (Բաղդատել՝ Բ. Կորնթացիս 7։8-11։) Աստուծոյ աչքին արժէք ունեցող զղջումին կ’ընկերակցին «ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ»ներ, այսինքն՝ զղջումին անկեղծութիւնը ցոյց տուող փաստեր։—Ղուկաս 3։8

Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ զղջացող եւ խոստովանող անհատը պէտք է սխալ արարքներ գործելէ դադրի։ (Առակաց 28։13) Ա՞յս է պարագան։ Լաւ, Հռովմէական Կաթողիկէ Եկեղեցիին եւ ուրիշ եկեղեցիներուն խոստովանութիւններէն ետք, վերջերս ի՞նչ պատահեցաւ կեդրոնական Ափրիկէի եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ քաղաքացիական կռիւներու ընթացքին, ուր բնակչութեան մեծ մասը «Քրիստոնեաներ» էին։ Եկեղեցիները որպէս խաղաղութեան ոյժ մը ծառայեցի՞ն։ Անոնց եկեղեցական առաջնորդները միասնաբար դատապարտեցի՞ն իրենց անդամներուն գործած գազանային արարքները։ Ո՛չ։ Կղերներէն ոմանք նոյնիսկ սպանդին մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին։

Աստուածային Դատաստան

Երբ Պապի յաջորդական միա քուլփա–ներուն մասին կը խօսէր, Կարդինալ Պիֆֆի հեգնանքով հարցուց. «Անցեալին գործուած մեղքերուն համար, աւելի լաւ չըլլա՞ր եթէ բոլորս ալ տիեզերական դատաստանին սպասենք»։ Այո, բոլոր մարդկութեան դատաստանը վերահաս է։ Եհովա Աստուած լաւ գիտէ կրօնքի պատմութեան բոլոր սեւ էջերը։ Շատ շուտով, ան յանցագործներէն հաշիւ պիտի պահանջէ։ (Յայտնութիւն 18։4-8) Մինչ այդ, կարելի՞ է գտնել պաշտամունքի կերպ մը, որ ապականած չէ արիւնապարտութեամբ, ատելավառ անհանդուրժողութեամբ եւ ուրիշ ոճիրներով, որոնց համար Քրիստոնեայ եկեղեցիները ներում կը խնդրեն։ Այո՛, կարելի է։

Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Յիսուս Քրիստոսի ըսած կանոնը կիրարկելով. «Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք»։ Պատմութեան արձանագրութիւնը, որ կրօնքներէն ոմանք կը փափաքին որ մոռցուի, կ’օգնէ մեզի բնորոշելու ո՛չ միայն Յիսուսի կողմէ «սուտ մարգարէներ» կոչուածները, այլ նաեւ՝ «բարի պտուղ» արտադրողները։ (Մատթէոս 7։15-20) Որո՞նք են անոնք։ Կը հրաւիրենք որ ասոր պատասխանը անձամբ գտնէք, Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը քննելով։ Տեսէք թէ ներկայիս որո՛նք կը փորձեն Աստուծոյ Խօսքին հետեւիլ, փոխանակ աշխարհի մէջ հեղինակաւոր դիրք մը պահպանելու։—Գործք 17։11

[Ստորանիշ]

a 21–րդ տիեզերական ժողովը, որ չորս նիստերով գումարուեցաւ Հռովմի մէջ, 1962-1965–ի միջեւ։

[Նկար՝ էջ 5]

Այսպիսի գազանային արարքներու համար եկեղեցիները ներում կը խնդրեն

[Նկարին աղբիւրը]

The Complete Encyclopedia of Illustration/J. G. Heck

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել