Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 6/1 էջ 3-4
  • Եկեղեցիները կը խոստովանին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եկեղեցիները կը խոստովանին
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Երբ Պապը Ներում կը Խնդրէ
  • Ինչո՞ւ
  • Անոնք ինչո՞ւ ներում կը խնդրեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 6/1 էջ 3-4

Եկեղեցիները կը խոստովանին

«Պապը Եկեղեցին Քննութեան կ’Ենթարկէ»։ «Հաւատաքննութիւն եւ Հակասեմականութիւն—Եկեղեցին Իր Միա Քուլփա–ն կը Պատրաստէ»։a «Միա Քուլփա՝ Ողջակիզութեան Համար»։ «Մեթոտականները՝ Ծայրագոյն Արեւմուտքի Հնդիկներէն Ներողութիւն կը Խնդրեն»։

ԱՍՈՐ նման վերնագիրներ կարդացա՞ծ էք։ Այնպէս կը թուի թէ հետզհետէ աւելցող յաճախականութեամբ, եկեղեցիները իրենց յանցանքներ կ’ընդունին եւ դարերու ընթացքին իրենց կատարած արարքներուն համար ներում կը խնդրեն։ Լրատուական սպասարկութիւնները միշտ ու միշտ Պապին կողմէ նոր միա քուլփա–ներ կը ծանուցանեն։

Երբ Պապը Ներում կը Խնդրէ

1980–էն 1996–ի միջեւ, Յովհաննէս Պօղոս Բ. ‘Եկեղեցիին պատմական յանցանքները ընդունեց եւ կամ անոնց համար ներում խնդրեց’ առնուազն 94 անգամ, կ’ըսէ Վատիկանի խօսնակ՝ Լուիճի Աքաթոլի, իր գրքին՝ Գուանտօ իլ բաբա գիէտէ բերտօնօ (Երբ Պապը Ներում կը Խնդրէ)։ Աքաթոլիի համաձայն, «Կաթողիկէ Եկեղեցիին մէջ, միայն Պապը իրաւասութիւնը ունի միա քուլփա մը ընելու»։ Իսկ ան ասիկա ըրած է, ակնարկելով Կաթողիկէ պատմութեան ամենէն հակասական էջերուն՝ Խաչակրութիւններուն, պատերազմներուն, բռնատիրութիւններու աջակցութեան, եկեղեցիներու մէջ եղած բաժանումներուն, հակասեմականութեան, Հաւատաքննութիւններուն, Մաֆիային եւ ցեղապաշտութեան։ 1994–ին կարդինալներու ուղղուած յիշատակագրի մը մէջ (որ ոմանց կողմէ նկատուած է որպէս պապական ամենակարեւոր փաստաթուղթը), Յովհաննէս Պօղոս Բ. առաջարկեց՝ «վերջին հազարամեայի ընթացքին գործուած մեղքերու ընդհանուր խոստովանութիւն մը»։

Բազմաթիւ բարձրաստիճան կղերականներ Պապի օրինակին հետեւած են։ Դեկտեմբեր 1994–ին, Իլ Ժորնալէ իտալական լրագիրը տեղեկագրեց. «Շատ մը Ամերիկացի եպիսկոպոսներ հեռատեսիլէն հանդէս գալով հանրապէս ներում խնդրեցին»։ Ի՞նչ բանի համար։ Մանկամոլ քահանաներու խնդիրը ստորագնահատելնուն պատճառաւ, որու բազմաթիւ մանուկներ զոհ գացին։ Յունուար 1995–ին, Լա Րէբուպլիքա լրագիրը տեղեկագրեց «ժամանակակից Կաթողիկէութեան պատմութեան մէջ աննախընթաց քայլի» մը մասին. Ողջակիզութեան նկատմամբ Պապ Փիուս ԺԲ.–ի լուռ կենալուն հարցը նկատի առնուեցաւ։ Յունուար 1995–ին, միեւնոյն լրագիրը տեղեկագրեց թէ՝ Գերմանացի եպիսկոպոսներու մարմինը ներում խնդրեց Նացիներու կողմէ գործուած ոճիրներուն թիկունք կանգնող Հռովմէական Կաթողիկէներու «բազմաթիւ յանցանքներուն» համար։ Բողոքական զանազան եկեղեցիներ ալ իրենք զիրենք ինքնաքննադատութեան ենթարկեցին։

Ինչո՞ւ

Աստուածաշունչը կը քաջալերէ մեզ որ երբ յանցաւոր ըլլանք՝ ներում խնդրենք, եւ շատեր կը գովաբանեն եկեղեցիներու այս ինքնաքննադատութիւնները։ (Յակոբու 5։16) Սակայն, եկեղեցիները ասիկա ինչո՞ւ կ’ընեն։ Իսկ ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ իրենց հանդէպ մեր տեսակէտին վրայ։

[Ստորանիշ]

a «Մեղա՜յ» բառին Լատիներէնը, որ մաս կը կազմէ Կաթողիկէ աղօթքի մը՝ (Գոնֆիթէոր–ը կամ՝ «Կը խոստովանիմ»ը), որու ընթացքին հաւատացեալներ այս արտայայտութիւնը կը կրկնեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել