Եհովա կը սորվեցնէ մեզի ի՛նչպէս մեր օրերը համրել
«Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, որ սրտի իմաստութիւն ստանանք»։—ՍԱՂՄՈՍ 90։12
1. Ինչո՞ւ պատշաճ է Եհովայէ խնդրել որ մեզի սորվեցնէ «մեր օրերը համրել»։
ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ մեր Ստեղծիչն ու Կենսատուն է։ (Սաղմոս 36։9. Յայտնութիւն 4։10բ) Հետեւաբար, ուրիշ ոչ մէկը աւելի լաւ կերպով կրնայ մեզի ցոյց տալ, թէ մեր կեանքի տարիները ի՛նչպէս իմաստուն կերպով գործածենք։ Ուստի, տեղին ըլլալով, սաղմոսերգուն Աստուծոյ աղաչեց. «Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, որ սրտի իմաստութիւն ստանանք»։ (Սաղմոս 90։12) 90–րդ Սաղմոսը, ուր այս աղերսանքը կը գտնենք, վստահաբար մեր ուշադիր նկատողութեան արժանի է։ Սակայն, նախ եւ առաջ, հակիրճ ակնարկ մը նետենք աստուածային ներշնչումով գրուած այս երգին վրայ։
2. (ա) Ո՞վ յօրինեց 90–րդ Սաղմոսը, եւ թերեւս ե՞րբ գրուեցաւ։ (բ) Սաղմոս 90–ը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ կեանքի հանդէպ մեր հայեցակէտին։
2 Սաղմոս 90–ին մակագրութիւնը զայն կը կոչէ՝ «Աստուծոյ մարդուն՝ Մովսէսին աղօթքը»։ Քանի որ այս սաղմոսը մարդկային կեանքին անցաւոր ըլլալը կը շեշտէ, հաւանաբար անիկա յօրինուեցաւ Իսրայելացիները եգիպտական լուծէն ազատագրուելէ ետք եւ անապատին մէջ 40 տարուան թափառումի ընթացքին, երբ հազարաւորներու մահը անհաւատ սերունդի մը վերջ դրաւ։ (Թուոց 32։9-13) Ամէն պարագայի, 90–րդ Սաղմոսը ցոյց կու տայ թէ անկատար մարդուն կեանքը կարճ է։ Ուրեմն, բացայայտ է թէ մեր թանկարժէք օրերը իմաստութեամբ պէտք է գործածենք։
3. Սաղմոս 90–ի հիմնական բովանդակութիւնը ի՞նչ է։
3 Սաղմոս 90–ին մէջ, 1-6–րդ համարները Եհովան կը բնորոշեն որպէս մեր յաւիտենական ապաւէնը։ 7-12–րդ համարները ցոյց կու տան թէ ի՛նչ բանի կարիքը ունինք մեր կեանքի վաղանցուկ տարիները իրեն ընդունելի կերպով գործածելու համար։ Եւ ինչպէս 13-17–րդ համարներուն մէջ յիշուած է՝ բուռն կերպով կը փափաքինք Եհովայի ողորմութիւնը եւ օրհնութիւնը վայելել։ Անշուշտ, այս սաղմոսը չի նախագուշակեր որպէս Եհովայի ծառայ իւրաքանչիւրիս փորձառութիւնները։ Այսուհանդերձ, պէտք է անձնապէս հետաքրքրուինք անոր բովանդակած աղօթարար կեցուածքներով։ Հետեւաբար, ուշադրութեամբ նկատի առնենք Սաղմոս 90–ը, զայն դիտելով Աստուծոյ նուիրուած անհատի մը ակնոցով։
Եհովա՝ Մեր «Ապաւէն»ը
4-6. Եհովան ի՞նչպէս մեզի համար «ապաւէն» է։
4 Սաղմոսերգուն հետեւեալ բառերով կը սկսի. «Ո՜վ Տէր, դուն մեզի ապաւէն եղար ազգէ մինչեւ ազգ։ Լեռներուն ծնանելէն առաջ՝ [«երկունքի ցաւերով», ՆԱ] երկրի եւ աշխարհի ստեղծուելէն առաջ՝ յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս դո՛ւն ես Աստուած»։—Սաղմոս 90։1, 2
5 Մեզի համար, ‘յաւիտենական Աստուածը’՝ Եհովան՝ հոգեւոր «ապաւէն» է։ (Հռովմայեցիս 16։26) Ապահով կը զգանք, քանի որ ան միշտ ներկայ է մեզի օգնելու որպէս «աղօթքի լսող»։ (Սաղմոս 65։2) Քանի որ մեր մտահոգութիւնները մեր երկնաւոր Հօր վրայ կը ձգենք իր սիրելի Որդւոյն միջոցաւ, ‘Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, մեր սրտերը ու մտքերը կը պահպանէ’։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7. Մատթէոս 6։9. Յովհաննու 14։6, 14
6 Հոգեւոր ապահովութիւն կը վայելենք, քանի որ այլաբանական առումով, Եհովա մեզի համար «ապաւէն» է։ Ան նաեւ կը հայթայթէ «սենեակներ»՝ հաւանաբար սերտօրէն առնչուած իր ժողովուրդին ժողովքներուն հետ՝ որպէս հոգեւոր ապաստանարաններ, ուր սիրալիր հովիւներ մեծապէս կը նպաստեն մեր ապահովութեան։ (Եսայեայ 26։20. 32։1, 2. Գործք 20։28, 29) Ասկէ զատ, մեզմէ ոմանք կը պատկանին ընտանիքներու, որոնք Աստուծոյ ծառայութեան մէջ երկար արձանագրութիւն ունին եւ անձնապէս համոզուած են թէ ան ‘իրենց ապաւէն եղած է ազգէ մինչեւ ազգ’։
7. Ի՞նչ առումով լեռները ‘ծնանեցան’ եւ երկիրը «երկունքի ցաւերով» մէջտեղ եկաւ։
7 Եհովա գոյութիւն ունէր լեռները «ծնանելէն», կամ երկիրը «երկունքի ցաւերով» մէջտեղ գալէն առաջ։ Մարդկային տեսանկիւնէն դիտելով, այս երկիրը մէջտեղ բերելը, իր բոլոր առանձնայատկութիւններով, քիմիաբանութեամբ եւ կնճռոտ մեքենականութեամբ, բաւական մեծ ջանք պահանջեց։ Իսկ երբ կ’ըսէ թէ լեռները ‘ծնանեցան’ եւ երկիր «երկունքի ցաւերով» մէջտեղ եկաւ, սաղմոսերգուն խոր յարգանք ցոյց կու տայ այն մեծ աշխատանքին հանդէպ որ պահանջուեցաւ, երբ Եհովա այս բաները ստեղծեց։ Մենք ալ նոյնանման յարգանք եւ գնահատութիւն պէտք չէ՞ ունենանք Ստեղծիչին ձեռագործին հանդէպ։
Եհովա Միշտ Պատրաստ Է Մեզի Օգնելու
8. Ի՞նչ ըսել կ’ուզուի այն խօսքով թէ Եհովա «յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս» Աստուած է։
8 «Յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս դո՛ւն ես Աստուած», երգեց սաղմոսերգուն։ Բնագիր լեզուէն «յաւիտեան» թարգմանուած բառը, կրնայ ակնարկել բաներու, որոնք վերջ ունին, բայց անոնց տեւողութիւնը չէ սահմանուած։ (Ելից 31։16, 17. Եբրայեցիս 9։15) Սակայն, Սաղմոս 90։2–ի եւ Եբրայերէն Գրութիւններու այլ համարներու մէջ, անիկա կ’ակնարկէ յաւիտենականութեան, ինչպէս Հայերէն Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ։ (Ժողովողի 1։4) Մեր միտքը չի կրնար ըմբռնել թէ ի՛նչպէս կարելի է որ Աստուած միշտ գոյութիւն ունեցած ըլլայ։ Այսուհանդերձ, Եհովա ո՛չ սկիզբ ունեցած է եւ ոչ ալ վերջ պիտի ունենայ։ (Ամբակումայ 1։12, ՆԱ) Ան միշտ կենդանի է եւ պատրաստ է մեզի օգնելու։
9. Սաղմոսերգուն մարդկային գոյութեան հազար տարին ի՞նչ բանի հաւասար կը սեպէ։
9 Սաղմոսերգուն ներշնչուեցաւ ըսելու թէ մարդկային գոյութեան հազար տարին, յաւիտենական Ստեղծիչին համար շատ կարճ ժամանակի մը հաւասար է։ Խօսքը Աստուծոյ ուղղելով, ան գրեց. «Դուն մարդը փոշի կը դարձնես ու կ’ըսես. ‘Ե՛տ դարձէք, մարդոց որդիներ’։ Վասն զի հազար տարին քու առջեւդ երէկուան պէս է, որ անցաւ, կամ գիշերուան պահու մը պէս»։—Սաղմոս 90։3, 4
10. Աստուած ի՞նչպէս մարդը ‘փոշի կը դարձնէ’։
10 Մարդը մահկանացու է, եւ Աստուած զինք ‘փոշի կը դարձնէ’։ Այսինքն, մարդը «հողի» կը դառնայ, որպէս երկրի փոշին։ Խորքին մէջ, Եհովա կ’ըսէ՝ ‘Գետինը դարձէք, ուրկէ առնուեցաք’։ (Ծննդոց 2։7. 3։19) Ասիկա կը կիրարկուի բոլորին, ըլլան զօրաւոր թէ տկար, հարուստ թէ աղքատ, քանի որ չկայ անկատար մարդ մը ‘որ կրնայ փրկել իր եղբայրը, ո՛չ ալ անոր փրկանքը Աստուծոյ հատուցանել, որպէս զի ապրի յաւիտեան’։ (Սաղմոս 49։6-9) Սակայն, որքա՜ն երախտապարտ ենք որ ‘Աստուած իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ յաւիտենական կեանք ունենայ’։—Յովհաննու 3։16. Հռովմայեցիս 6։23
11. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ մեզի համար երկար ժամանակ մը, Աստուծոյ համար շատ կարճ ժամանակ մըն է։
11 Եհովայի տեսանկիւնէն դիտուած, նոյնիսկ 969 տարեկան Մաթուսաղան, մէկ օրէն նուազ ապրեցաւ։ (Ծննդոց 5։27) Աստուծոյ աչքին հազար տարին երէկուան պէս է՝ 24 ժամուան ժամանակաշրջան մը՝ որ անցաւ։ Սաղմոսերգուն նաեւ կը նշէ թէ Աստուծոյ համար հազար տարին գիշերուան ընթացքին բանակավայրի մը մէջ պահապանի մը չորս ժամ տեւող հսկողութեան պէս է։ (Դատաւորաց 7։19) Ուստի, բացայայտօրէն, մեզի համար երկար ժամանակ մը, յաւիտենական Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ համար շատ կարճ ժամանակ մըն է։
12. Աստուած ի՞նչպէս մարդիկ ‘կ’ընկղմէ’։
12 Աստուծոյ յաւիտենական գոյութեան հետ հակադրելով, մարդկային ներկայ կեանքը արդարեւ կարճ է։ Սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Կ’ընկղմես զանոնք, երազի [«պարզ քունի մը», ՆԱ] պէս կ’ըլլան. առտուն կանանչացած խոտի պէս կ’ըլլան. առտուն կը ծաղկի ու կը կանանչանայ, իրիկունը կը կտրուի ու կը չորնայ»։ (Սաղմոս 90։5, 6) Մովսէս տեսաւ հազարաւոր Իսրայելացիներու մահը անապատին մէջ, որպէս թէ Աստուած զանոնք ջրհեղեղով մը ‘կ’ընկղմէր’։ Այս սաղմոսին սոյն հատուածը հետեւեալ կերպով ալ թարգմանուած է. «Մարդիկը կ’ընկղմես մահուան քունին մէջ»։ (Նիու Ինթըրնէշընլ Վըրժըն) Միւս կողմէ, անկատար մարդոց կեանքի տեւողութիւնը կարճատեւ «պարզ քուն» մըն է, ինչպէս՝ գիշերուան մը մրափը։
13. Մենք ի՞նչպէս «կանանչացած խոտի» պէս ենք, եւ ասիկա ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեր մտածելակերպին։
13 Մենք ‘առտուն կանանչացած խոտի պէս’ ենք, որ արեւուն կիզիչ տաքութեան ներքեւ իրիկունը չորցած կ’ըլլայ։ Այո, մեր կեանքը անցաւոր է, մէկ օրուան մէջ չորցող խոտին պէս։ Հետեւաբար, թող որ չվատնենք այս թանկարժէք գանձը։ Փոխարէն, իրերու այս դրութեան մէջ մեր մնացեալ տարիները ի՛նչ կերպով գործածելու նկատմամբ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը պէտք է հայցենք։
Եհովան Մեզի կ’Օգնէ «Մեր Օրերը Համրել»ու
14, 15. Սաղմոս 90։7-9–ն Իսրայելացիներուն վրայ ի՞նչ կիրարկում ունեցաւ։
14 Աստուծոյ ակնարկելով, սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Քու բարկութենէդ կը մաշինք եւ քու սրտմտութենէդ կը խռովինք։ Մեր անօրէնութիւնները՝ քու առջեւդ ու մեր ծածուկ մեղքերը քու երեսիդ լոյսին մէջ դրիր։ Վասն զի մեր բոլոր օրերը քու բարկութիւնովդ կ’անցնին, մեր տարիները՝ ցնորքի [«փսփսուքի», ՆԱ] մը պէս»։—Սաղմոս 90։7-9
15 Անհաւատ Իսրայելացիները ‘Աստուծոյ բարկութենէն մաշեցան’։ Անոնք ‘իր սրտմտութենէն խռովեցան’ կամ ‘իր զայրոյթէն ահաբեկուեցան’։ (Նիու Ինթըրնէշընլ Վըրժըն) Ոմանք «անապատին մէջ փռուած ինկան», աստուածային դատաստանին առ ի հետեւանք։ (Ա. Կորնթացիս 10։5) Եհովա ‘անոնց անօրէնութիւնները իր առջեւ դրաւ’։ Անոնցմէ հաշիւ պահանջեց իրենց հանրապէս գործած յանցագործութեան համար, սակայն, նոյնիսկ անոնց «ծածուկ մեղքերը» ‘իր երեսին լոյսին’ առջեւ էին։ (Առակաց 15։3) Աստուծոյ բարկութեան թիրախը դառնալով, անզեղջ Իսրայելացիները ‘իրենց տարիները անցուցին փսփսուքի մը պէս’։ Հետեւաբար, մեր կարճատեւ կեանքը նման է որպէս պարզ փսփսուք մեր շրթներէն անցնող շունչի մը։
16. Եթէ ոմանք գաղտնաբար մեղաւոր ընթացքի մը մէջ են, ի՞նչ պէտք է ընեն։
16 Եթէ մեզմէ մէկը գաղտնաբար մեղաւոր ընթացքի մը մէջ ըլլայ, թերեւս կարենայ ատեն մը ասիկա մարդոցմէ ծածուկ պահել։ Սակայն մեր թաքնուած յանցագործութիւնը ‘Եհովայի երեսին լոյսին’ առջեւ պիտի ըլլայ, իսկ մեր արարքները իր հետ մեր յարաբերութեան վնաս պիտի հասցնեն։ Եհովայի բարեկամութիւնը վերաշահելու համար, պէտք է աղօթենք որ ան մեզի ներէ, մեր յանցագործութիւնները դադրեցնենք, եւ երախտագիտութեամբ ընդունինք Քրիստոնեայ երէցներու հոգեւոր օգնութիւնը։ (Առակաց 28։13. Յակոբու 5։14, 15) Ասիկա շա՜տ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, քան՝ ‘մեր տարիները փսփսուքի մը պէս անցընելը’, յաւիտենական կեանքի մեր յոյսը վտանգելով։
17. Ընդհանուր առմամբ մարդոց կեանքի տեւողութիւնը ի՞նչ է, եւ մեր տարիները ինչո՞վ լեցուն են։
17 Անկատար մարդոց կեանքի տեւողութեան ակնարկելով, սաղմոսերգուն ըսաւ. «Մեր կեանքի տարիները եօթանասուն են. եթէ զօրութիւնով ութսուն ալ ըլլան, տակաւին անոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է, վասն զի անոնք շուտով կ’անցնին ու մենք կը թռչինք»։ (Սաղմոս 90։10) Ընդհանուր առմամբ մարդոց կեանքի տեւողութիւնը 70 տարի է, ուստի 85 տարեկանին՝ Քաղէբ իր արտասովոր զօրութեան մասին խօսեցաւ։ Եղած են բացառութիւններ, ինչպէս՝ Ահարոնը (123), Մովսէսը (120), եւ Յեսուն (110)։ (Թուոց 33։39. Բ. Օրինաց 34։7. Յեսուայ 14։6, 10, 11. 24։29) Սակայն, Եգիպտոսէն դուրս եկող անհաւատ սերունդէն՝ 20 տարեկանէն վեր եղող բոլոր համրուածները, 40 տարուան միջոցին մեռան։ (Թուոց 14։29-34) Ներկայիս, բազմաթիւ երկիրներու մէջ, մարդուն կեանքի տեւողութիւնը ընդհանրապէս սաղմոսերգուին յիշած թիւին սահմաններուն մէջ է։ Մեր տարիները ‘աշխատանքով ու ցաւով’ լեցուն են։ Անոնք շուտով կ’անցնին, «ու մենք կը թռչինք»։—Յոբայ 14։1, 2
18, 19. (ա) Ի՞նչ կը նշանակէ «մեր օրերը համրել, որ սրտի իմաստութիւն ստանանք»։ (բ) Իմաստութիւն ի գործ դնելը մեզ ի՞նչ ընելու պիտի մղէ։
18 Սաղմոսերգուն կը շարունակէ տաղերգել. «Ո՞վ գիտէ քու բարկութեանդ զօրութիւնը եւ քու սրտմտութիւնդ քու վախիդ համեմատ։ Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, որ սրտի իմաստութիւն ստանանք»։ (Սաղմոս 90։11, 12) Ոչ մէկս լիովին գիտենք Աստուծոյ բարկութեան զօրութիւնը կամ իր սրտմտութեան տարողութիւնը, եւ ասիկա Եհովայի հանդէպ մեր յարգալից վախը պէտք է աւելցնէ։ Իրականութեան մէջ, անիկա պէտք է մեզ մղէ որ իրեն հարցնենք թէ ‘ի՛նչպէս կրնանք մեր օրերը համրել, որ սրտի իմաստութիւն ստանանք’։
19 Սաղմոսերգուին խօսքերը աղօթք մըն են, որ Եհովան իր ժողովուրդին սորվեցնէ ի՛նչպէս իմաստութիւն ի գործ դնեն, իրենց մնացեալ օրերը արժեւորելու եւ Աստուծոյ հաճած կերպով գործածելու համար։ 70 տարուան կեանքի տեւողութիւնը հաւասար է շուրջ 25,500 օրերու։ Սակայն, մեր տարիքը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, ‘չենք գիտեր թէ վաղը ի՛նչ պիտի ըլլայ մեր կեանքը. որովհետեւ նման ենք շոգիի մը՝ որ պահ մը կ’երեւի եւ ապա կը չքանայ’։ (Յակոբու 4։13-15, Երուսաղէմ) Քանի որ ‘ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուս’, չենք կրնար ըսել թէ ո՛րքան երկար կրնանք ապրիլ։ Հետեւաբար, աղօթքով իմաստութիւն խնդրենք՝ փորձութիւններու հետ գլուխ ելլելու, ուրիշներու հետ պատշաճօրէն վարուելու, եւ հիմա իսկ Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր լաւագոյնը ընելու համար։ (Ժողովողի 9։11. Յակոբու 1։5-8) Եհովա մեզ կ’առաջնորդէ իր Խօսքին, հոգիին, եւ կազմակերպութեան միջոցաւ։ (Մատթէոս 24։45-47. Ա. Կորնթացիս 2։10. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Իմաստութիւն ի գործ դնելը մեզ կը մղէ ‘առաջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը խնդրելու’ եւ մեր օրերը այնպէս մը գործածելու, որ Եհովայի փառք բերեն եւ իր սիրտը ուրախացնեն։ (Մատթէոս 6։25-33. Առակաց 27։11) Անշուշտ, զինք բոլորանուէր կերպով պաշտելը մեր բոլոր խնդիրները պիտի չվերցնէ, սակայն, վստահաբար մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ։
Եհովայի Օրհնութիւնը Ուրախութիւն կը Բերէ
20. (ա) Աստուած ի՞նչպէս ‘կը գթայ’։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս պիտի վարուի մեզի հետ, եթէ լուրջ մեղք մը գործենք՝ բայց իսկական զղջում ցուցաբերենք։
20 Ի՜նչ սքանչելի պիտի ըլլայ եթէ կարենանք մեր կեանքի մնացեալ օրերուն ուրախ ըլլալ։ Այս առնչութեամբ, Մովսէս կ’աղերսէ. «Դարձի՛ր, ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ. գթա՛ քու ծառաներուդ։ Կշտացուր մեզ կանուխ քու ողորմութիւնովդ, որպէս զի ցնծանք եւ ուրախ ըլլանք մեր բոլոր օրերուն մէջ»։ (Սաղմոս 90։13, 14) Աստուած սխալներ չի գործեր։ Այսուհանդերձ, ան ‘կը գթայ’ եւ ‘կը դառնայ’ իր բարկութենէն ու չի պատժեր, երբ պատիժին նկատմամբ իր տուած ազդարարութիւնը կը մղէ զղջացող յանցագործները իրենց կեցուածքն ու ընթացքը փոխելու։ (Բ. Օրինաց 13։17) Ուստի, նոյնիսկ երբ լուրջ մեղք մը գործենք, բայց իսկական զղջում ցուցաբերենք, Եհովա ‘մեզ իր ողորմութիւնով պիտի կշտացնէ’ եւ ամէն պատճառ պիտի ունենանք «որպէս զի ցնծանք»։ (Սաղմոս 32։1-5) Իսկ արդար ընթացք մը հետապնդելով, մեզի հանդէպ Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը պիտի զգանք եւ պիտի կարենանք ‘ուրախ ըլլալ մեր բոլոր օրերուն մէջ’, այո, մեր կեանքի մնացեալ օրերուն մէջ։
21. Սաղմոս 90։15, 16–ի խօսքերով, թերեւս Մովսէս ի՞նչ կը խնդրէր։
21 Սաղմոսերգուն ջերմեռանդօրէն կ’աղօթէ. «Ուրախացո՛ւր մեզ այն օրերուն չափովը որ տրտմեցուցիր. այն տարիներուն չափովը որ չարիք տեսանք։ Թող երեւնայ քու գործդ քու ծառաներուդ եւ քու փառքդ՝ անոնց որդիներուն»։ (Սաղմոս 90։15, 16) Թերեւս Մովսէս Եհովայէ կը խնդրէր որ Իսրայէլը ուրախութեամբ մը օրհնէր, որ հաւասար ըլլար կամ տեւէր ա՛յնքան, որքան տեւեցին իրենց տրտմութեան օրերը եւ այն տարիները, որոնց ընթացքին աղէտներէ տառապեցան։ Ան խնդրեց որ Իսրայելացիները օրհնելու Աստուծոյ ‘գործը’ Իր ծառաներուն բացայայտ ըլլար եւ թէ Իր փառքը անոնց որդիներուն, կամ սերունդին, յայտնի ըլլար։ Մենք ալ տեղին ըլլալով կրնանք աղօթել որ Աստուծոյ խոստացեալ նոր աշխարհին մէջ հնազանդ մարդկութեան վրայ օրհնութիւններ տեղան։—Բ. Պետրոս 3։13
22. Սաղմոս 90։17–ին համաձայն, ի՞նչ բանի համար կրնանք պատշաճօրէն աղօթել։
22 Սաղմոս 90–ը հետեւեալ պաղատանքով կ’եզրափակուի. «Մեր Տէր Աստուծոյն վայելչութիւնը մեր վրայ ըլլայ։ Ձեռքերնուս գործը հաստատէ մեր վրայ. մեր ձեռքերուն գործը հաստատէ»։ (Սաղմոս 90։17) Այս խօսքերը ցոյց կու տան թէ պատշաճօրէն կրնանք Աստուծոյ աղօթել որ իր ծառայութեան մէջ մեր ջանքերը օրհնէ։ Որպէս օծեալ Քրիստոնեաներ կամ անոնց ընկերակցող «ուրիշ ոչխարներ», կ’ուրախանանք որ ‘Եհովայի վայելչութիւնը’ մեր վրայ կը մնայ։ (Յովհաննու 10։16) Որքա՜ն ուրախ ենք որ Աստուած ‘մեր ձեռքերուն գործը հաստատած է’, որպէս Թագաւորութեան ծանուցանողներ եւ այլ գործունէութիւններու մէջ։
Շարունակենք Մեր Օրերը Համրել
23, 24. 90–րդ Սաղմոսին վրայ խոկալով, ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։
23 90–րդ Սաղմոսին մասին խոկալը, Եհովայի՝ մեր «ապաւէն»ին՝ վրայ մեր վստահութիւնը պէտք է աւելցնէ։ Կեանքին կարճատեւ ըլլալուն մասին անոր խօսքերուն վրայ խոկալով, մեր օրերը համրելու մէջ աստուածային առաջնորդութեան կարիքին պէտք է ա՛լ աւելի գիտակցինք։ Եւ եթէ աստուածային իմաստութիւն փնտռելու եւ զայն ի գործ դնելու մէջ յարատեւենք, վստահ կրնանք ըլլալ որ Եհովայի ողորմութեան եւ օրհնութեան պիտի արժանանանք։
24 Եհովա պիտի շարունակէ մեզի ցոյց տալ մեր օրերը ի՛նչպէս համրել։ Եւ եթէ իր ցուցմունքներուն ենթարկուինք, պիտի կարենանք շարունակել մեր օրերը համրել՝ յաւիտեան։ (Յովհաննու 17։3) Սակայն, եթէ իրապէս յաւիտենական կեանք կ’ուզենք, Եհովան մեր ապաստանը պէտք է ըլլայ։ (Յուդա 20, 21) Ինչպէս յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, այս կէտը շատ բացայայտ կը դարձուի 91–րդ Սաղմոսին սրտապնդիչ խօսքերուն մէջ։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Եհովան ի՞նչպէս մեզի համար «ապաւէն» է։
• Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Եհովան միշտ պատրաստ է մեզի օգնելու։
• Եհովա ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ որ ‘մեր օրերը համրենք’։
• Ի՞նչ բան մեզ կարող կը դարձնէ որ «ուրախ ըլլանք մեր բոլոր օրերուն մէջ»։
[Նկար՝ էջ 10]
Եհովան Աստուած էր «լեռներուն ծնանելէն առաջ»
[Նկար՝ էջ 12]
Եհովայի տեսանկիւնէն դիտուած, 969 տարեկան Մաթուսաղան մէկ օրէն նուազ ապրեցաւ
[Նկարներ՝ էջ 14]
Եհովա ‘մեր ձեռքերուն գործը հաստատած է’