‘Մեր Եհովա Աստուծոյն պէս ո՞վ կայ’
«Մեր Տէր [Եհովա] Աստուծոյն պէս ո՞վ կայ, որ բարձրութեան մէջ կը բնակի»։—ՍԱՂՄՈՍ 113։5
1, 2. (ա) Եհովայի Վկաները ինչպէ՞ս կը նկատեն Աստուած եւ Աստուածաշունչը։ (բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի առնուելու արժանի են։
ԵՀՈՎԱՆ փառաբանողները արդարեւ կ’օրհնուին։ Այս ուրախ ամբոխին մէջ ըլլալը ի՜նչ առանձնաշնորհում մըն է։ Որպէս իր Վկաները, մենք կ’ընդունինք Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ խրատները, օրէնքները, ուսուցումները, խոստումները եւ մարգարէութիւնները։ Ուրախ ենք որ Սուրբ Գրութիւններէն գիտութիւն ձեռք կը ձգենք եւ ‘Եհովայէ կը սորվինք’։—Յովհաննու 6։45
2 Աստուծոյ հանդէպ իրենց տածած ակնածանքին պատճառաւ, Եհովայի Վկաները կրնան հարցնել. «Մեր Տէր [Եհովա (ՆԱ)] Աստուծոյն պէս ո՞վ կայ»։ (Սաղմոս 113։5) Սաղմոսերգուին այս խօսքերը հաւատք կը թելադրեն։ Բայց Վկաները ինչո՞ւ այսպիսի հաւատք մը ունին Աստուծոյ հանդէպ։ Անոնք ի՞նչ պատճառներ ունին Եհովան փառաբանելու։
Հաւատքը եւ Փառաբանութիւնը Պատշաճ Են
3. Հալլէլի Սաղմոսները ի՞նչ են, եւ անոնք ինչո՞ւ այդպէս կոչուած են։
3 Եհովայի հանդէպ հաւատք ունենալը արդարացի է, քանի որ ան անզուգական Աստուածն է։ Ասիկա շեշտուած է 113–րդ, 114–րդ եւ 115–րդ Սաղմոսներուն մէջ, որոնք վեց Հալլէլի Սաղմոսներուն մաս կը կազմեն։ Ըստ Հելլելի ռաբբունական Դպրոցին, 113–րդ եւ 114–րդ Սաղմոսները կ’երգուէին Հրէական Պասէքի ընթրիքի ընթացքին, գինիին երկրորդ գաւաթը լեցնելէն եւ տօնակատարութեան նշանակութիւնը բացատրուելէն ետք։ 115–էն 118–րդ Սաղմոսները կ’երգուէին գինիին չորրորդ գաւաթէն ետք։ (Բաղդատել Մատթէոս 26։30–ը։) Անոնք կը կոչուին «Հալլէլի Սաղմոսներ», քանի որ կրկնակիօրէն կը գործածեն Ալէլուիա՜—«Փառաբանեցէք Եահը»—բացագանչութիւնը։
4. «Ալէլուիա՜» բառին նշանակութիւնը ի՞նչ է, եւ անիկա քանի՞ անգամ կը յիշուի Աստուածաշունչին մէջ։
4 «Ալէլուիա՜» բառը Եբրայերէն արտայայտութեան մը փոխատառում մըն է, որ Սաղմոսացին մէջ 24 անգամ կը յիշուի։ Աստուածաշունչին մէջ ուրիշ տեղ, անոր Յունարէն ձեւը չորս անգամ կը յիշուի, Մեծն Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ կործանումին պատճառած ուրախութեան եւ Եհովա Աստուծոյ որպէս Թագաւոր իշխել սկսելուն ընկերակցած ցնծութեան առթիւ։ (Յայտնութիւն 19։1–6) Մինչ կը քննենք Հալլէլի Սաղմոսներէն երեքը, երեւակայենք որ մենք ալ կը մասնակցինք Եհովան փառաբանող այս երգեցողութեան։
Փառաբանեցէք Եահը
5. 113–րդ Սաղմոսը ո՞ր հարցումին կը պատասխանէ, եւ Սաղմոս 113։1, 2–ի պատուէրը յատկապէս որո՞նց կը կիրարկուի։
5 Ինչո՞ւ փառաբանել Եհովան։ 113–րդ Սաղմոսը կը պատասխանէ այս հարցումին։ Անիկա կը սկսի հետեւեալ պատուէրով. «Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը ծառաներ, օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը, օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան»։ (Սաղմոս 113։1, 2) «Ալէլուիա՜»։ Այո, «Փառաբանեցէք Եահը»։ Այս պատուէրը Աստուծոյ ժողովուրդին կը կիրարկուի այս «վերջին ժամանակ»ին մէջ։ (Դանիէլ 12։4) Հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան, Եհովայի անունը պէտք է պանծացուի համայն երկրի վրայ։ Իր Վկաները այժմ կը յայտարարեն որ Եհովան Աստուած է, Քրիստոսը Թագաւոր է, իսկ Թագաւորութիւնը երկնքի մէջ հաստատուած է։ Բանսարկու Սատանան ու իր կազմակերպութիւնը չեն կրնար արգելք հանդիսանալ Եհովայի մատուցուած այս փառաբանութեան։
6. Եհովան ինչպէ՞ս կը փառաբանուի «արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք»։
6 Փառաբանութեան երգը պիտի շարունակուի մինչեւ որ Եհովա պատճառ ըլլայ որ անիկա երկիրը լեցնէ։ «Արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրոջը անունը»։ (Սաղմոս 113։3) Ասիկա պարզապէս քանի մը երկրային արարածներու կողմէ ամենօրեայ պաշտամունք մատուցանել չի նշանակեր։ Արեւը կը ծագի արեւելքէն եւ մար կը մտնէ արեւմուտքէն, ամբողջ երկիրը ծածկելով։ Ուր որ արեւը կը շողայ, Եհովայի անունը շուտով պիտի փառաբանուի սուտ կրօնքի եւ Սատանայի կազմակերպութեան կապանքներէն ազատագրուած բոլոր մարդոց կողմէ։ Իրականութեան մէջ, այս երգը, որ երբեք վերջ պիտի չունենայ, այժմ կ’երգուի Եհովայի օծեալ Վկաներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ անոնց կողմէ, որոնք իր Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ երկրային զաւակները պիտի ըլլան։ Ի՜նչ մեծ է առանձնաշնորհումը անոնց՝ որոնք Եհովայի փառաբանութիւնը կ’երգեն։
Եհովան Անբաղդատելի Է
7. Սաղմոս 113։4–ին մէջ Եհովայի գերակայութեան ո՞ր երկու երեսակները ընդգծուած են։
7 Սաղմոսերգուն կ’աւելցնէ. «Տէրը բարձր է բոլոր ազգերուն վրայ. անոր փառքը երկնքէն վեր է»։ (Սաղմոս 113։4) Ասիկա Աստուծոյ գերակայութեան երկու երեսակները կ’ընդգծէ. (1) Եհովային՝ Բարձրեալին՝ համար, որ «բարձր է բոլոր ազգերուն վրայ», անոնք դոյլէն կաթած կաթիլի մը եւ կշիռքին մէջի մանր փոշիին պէս են. (Եսայեայ 40։15. Դանիէլ 7։18) (2) անոր փառքը ֆիզիքական երկնքի փառքէն շատ աւելի մեծ է, քանի որ հրեշտակները իր գերիշխանական կամքը կը կատարեն։—Սաղմոս 19։1, 2. 103։20, 21
8. Եհովա ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կը խոնարհի երկնքի ու երկրի մէջ եղած բաներուն ուշադրութիւն դարձնելու համար։
8 Աստուծոյ վսեմութենէն ազդուած, սաղմոսերգուն ըսաւ. «Մեր Տէր [Եհովա] Աստուծոյն պէս ո՞վ կայ, որ բարձրութեան մէջ կը բնակի. որ երկնքի ու երկրի մէջ եղած բաները տեսնելու համար կը խոնարհի»։ (Սաղմոս 113։5, 6) Աստուած այնքան բարձր է, որ պէտք է խոնարհի երկնքի ու երկրի մէջ եղած բաներուն ուշադրութիւն դարձնելու համար։ Թէեւ Եհովա ոեւէ անհատէ ստորադաս չէ կամ ուրիշներու չենթարկուիր, ան խոնարհութիւն կը ցուցաբերէ, ողորմութիւն ու կարեկցութիւն ի գործ դնելով հեզաբարոյ մեղաւորներուն հանդէպ։ Եհովա խոնարհութիւն արտայայտեց իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը՝ որպէս «քաւիչ զոհ մը» տալով օծեալ Քրիստոնեաներուն եւ մարդկային աշխարհին համար։—Ա. Յովհաննու 2։1, 2
Եհովան Կարեկից Է
9, 10. Աստուած ինչպէ՞ս ‘տնանկը կը բարձրացնէ, որպէսզի զինք նստեցնէ իշխաններուն հետ’։
9 Աստուծոյ կարեկցութիւնը շեշտելով, սաղմոսերգուն կ’աւելցնէ որ Եհովա «աղքատը փոշիէն վեր կը վերցնէ ու տնանկը աղբանոցէն կը բարձրացնէ, որպէսզի զանոնք նստեցնէ իշխաններուն հետ՝ իր ժողովուրդին իշխաններուն հետ, որ ամուլ կինը տունը կը բնակեցնէ ու որդիներու ուրախ մայր կ’ընէ։ Ալէլուիա՜»։ (Սաղմոս 113։7–9) Եհովայի ժողովուրդը հաւատք ունի որ ան կրնայ ուղղամիտ կարօտեալները ազատել, անոնց վիճակը փոխել եւ անոնց պատշաճ կարիքներուն ու փափաքներուն գոհացում տալ։ ‘Բարձրը ու Բարձրեալը խոնարհներուն հոգին կը կենդանացնէ եւ կոտրած սրտերը կ’ապրեցնէ’։—Եսայեայ 57։15
10 Եհովա ինչպէ՞ս ‘տնանկը կը բարձրացնէ, որպէսզի զայն նստեցնէ իշխաններուն հետ’։ Երբ իր կամքին կը ծառայէ, Աստուած իր ծառաները իշխաններու հաւասար փառաւոր դիրքերու վրայ կը դնէ։ Այս էր որ ըրաւ Յովսէփի պարագային, որ Եգիպտոսի պարենամթերքին պատասխանատուն եղաւ։ (Ծննդոց 41։37–49) Իսրայէլի մէջ, իշխաններուն, կամ Եհովայի ժողովուրդին մէջ հեղինակաւոր անձերու հետ նստիլը գնահատուելիք առանձնաշնորհում մըն էր։ Ներկայ Քրիստոնեայ երէցներուն նման, այսպիսի անհատներ Աստուծոյ օգնութիւնն ու օրհնութիւնը ունէին։
11. Ինչո՞ւ կարելի է ըսել թէ Սաղմոս 113։7–9–ն մասնաւորաբար կը կիրարկուի Եհովայի այժմու ժողովուրդին։
11 Ի՞նչ ըսել ‘ամուլ կինը որդիներու ուրախ մայր ընել’ուն մասին։ Աստուած ամուլ Աննային որդի մը՝ Սամուէլը տուաւ՝ որու ան Իր ծառայութեան նուիրեց։ (Ա. Թագաւորաց 1։20–28) Աւելի իմաստալից կերպով, Յիսուսէն եւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին իր աշակերտներուն վրայ սուրբ հոգին թափուելէն ի վեր, Աստուծոյ այլաբանական կինը՝ երկնային Սիօնը՝ սկսաւ հոգեւոր զաւակներ ծնանիլ։ (Եսայեայ 54։1–10, 13. Գործք 2։1–4) Իսկ ճիշդ ինչպէս որ Աստուած Հրեաները Բաբելոն աքսորուելէ ետք իրենց հայրենիքը վերադարձուց, այնպէս ալ 1919–ին, ան «Աստուծոյ Իսրայէլին» օծեալ մնացորդը Բաբելոնական գերութենէն ազատագրեց եւ հոգեւորապէս ա՛յնքան օրհնեց զանոնք որ Սաղմոս 113։7–9–ի խօսքերը կը կիրարկուին անոնց։ (Գաղատացիս 6։16) Որպէս Եհովայի հաւատարիմ Վկաներ, հոգեւոր Իսրայէլի մնացորդը եւ երկրային յոյս ունեցող անոնց ընկերակիցները սրտանց կ’ընդառաջեն 113–րդ Սաղմոսին վերջին բառին. «Ալէլուիա՜»։
Եհովայի Անզուգականութեան Ապացոյցը
12. 114–րդ Սաղմոսը ինչպէ՞ս Եհովայի անզուգականութիւնը ցոյց կու տայ։
12 114–րդ Սաղմոսը Եհովայի անզուգականութիւնը ցոյց կու տայ, Իսրայելացիները պարփակող բացառիկ դէպքեր մէջբերելով։ Սաղմոսերգուն երգեց. «Երբ Իսրայէլ Եգիպտոսէն դուրս ելաւ ու Յակոբին տունը՝ օտարալեզու ժողովուրդին մէջէն, Յուդան՝ անոր սրբարանը ու Իսրայէլ անոր իշխանութիւնը եղաւ»։ (Սաղմոս 114։1, 2) Աստուած Իսրայէլը ազատագրեց Եգիպտացիներուն ստրկութենէն, որոնց լեզուն օտար էր իրենց ականջներուն։ Եհովայի ժողովուրդին ազատագրումը, որ բանաստեղծական զուգահեռութեամբ Յուդա եւ Իսրայէլ կոչուած է, ցոյց կու տայ որ Աստուած հիմա ալ կրնայ իր բոլոր ծառաները ազատագրել։
13. Սաղմոս 114։3–6–ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ Եհովայի գերակայութիւնը, եւ անիկա ինչպէ՞ս կը կիրարկուի վաղեմի Իսրայէլի ունեցած փորձառութիւններուն։
13 Համայն ստեղծագործութեան վրայ Եհովայի գերիշխանութիւնը բացայայտ է սա խօսքերով. «Ծովը տեսաւ ու փախաւ։ Յորդանան ետ դարձաւ։ Լեռները խոյերու պէս ցատկռտեցին ու բլուրները՝ գառնուկներու պէս։ Քեզի ի՞նչ եղաւ, ո՛վ ծով, որ փախար եւ դո՛ւն, Յո՛րդանան, որ ետ դարձար։ Ո՛վ լեռներ, ինչո՞ւ խոյերու պէս ցատկռտեցիք ու դո՛ւք, բլուրներ՝ գառնուկներու պէս»։ (Սաղմոս 114։3–6) Կարմիր Ծովը «փախաւ» երբ Աստուած անոր մէջէն ճամբայ մը բացաւ իր ժողովուրդին համար։ Ապա Իսրայէլ տեսաւ Եհովայի հզօր ձեռքը Եգիպտացիներուն դէմ գործի լծուած, որոնք վերադարձած ջուրերուն մէջ մեռան։ (Ելից 14։21–31) Աստուածային ոյժին նոյնանման ցուցադրութեամբ մը, Յորդանան Գետը «ետ դարձաւ», թոյլատրելով որ Իսրայելացիները Քանանու երկիրը անցնին։ (Յեսուայ 3։14–16) «Լեռները խոյերու պէս ցատկռտեցին», երբ Օրէնքի ուխտը հաստատուած ատեն, Սինա Լեռը մխաց ու դողաց։ (Ելից 19։7–18) Իր երգը բարձրակէտի հասնելու մտքով, սաղմոսերգուն իրերը հարցումի կերպով կը ներկայացնէ, թերեւս թելադրելով թէ անկենդան ծովը, գետը, լեռները եւ բլուրները Եհովայի զօրութեան այս ցուցադրութենէն սարսափահար եղած էին։
14. Եհովայի զօրութեամբ ի՞նչ բան կատարուեցաւ Մերիպայի ու Կադէսի մէջ, եւ ասիկա ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ իր այժմու ծառաներուն։
14 Տակաւին Եհովայի զօրութեան ակնարկելով, սաղմոսերգուն երգեց. «Սարսափէ՛, ո՛վ երկիր, Տէրոջը երեսէն, Յակոբին Աստուծոյն երեսէն, որ վէմը ջուրերու լիճի դարձուց ու ապառաժը՝ ջուրերու աղբիւրի»։ (Սաղմոս 114։7, 8) Այլաբանական կերպով, սաղմոսերգուն այսպիսով կը նշէ որ մարդկութիւնը Եհովայէն՝ ամբողջ երկրի Տէրէն եւ Տիեզերական Իշխանէն՝ պէտք է ակնածի։ Ան «Յակոբին», կամ Իսրայէլին, ‘Աստուածն’ էր, ինչպէս որ հոգեւոր Իսրայելացիներուն եւ անոնց երկրային ընկերակիցներուն Աստուածն է։ Անապատին մէջ, Մերիպայի ու Կադէսի մէջ, Եհովա իր զօրութիւնը ցոյց տուաւ հրաշալիօրէն Իսրայէլին ջուր հայթայթելով, «վէմը ջուրերու լիճի» դարձնելով, «ու ապառաժը՝ ջուրերու աղբիւրի»։ (Ելից 17։1–7. Թուոց 20։1–11) Եհովայի ահաւոր զօրութեան եւ խանդաղատանքին մասին այսպիսի վերյիշեցումներ իր Վկաներուն իրական պատճառներ կու տան իրեն հանդէպ աներկբայելի հաւատք ունենալու։
Կուռքերէն Տարբեր
15. 115–րդ Սաղմոսը թերեւս ի՞նչ կերպով կ’երգուէր։
15 115–րդ Սաղմոսը մեզ կը յորդորէ որ Եհովան փառաբանենք եւ անոր վստահինք։ Անիկա օրհնութիւնը եւ օգնութիւնը Աստուծոյ կը վերագրէ եւ կը փաստէ որ կուռքերը անօգուտ են։ Այս սաղմոսը թերեւս փոխերգական կերպով կ’երգուէր, այսինքն, մէկը կը մեներգէր՝ «Ո՛վ Տէրոջմէն վախցողներ, Տէրո՛ջը յուսացէք»։ Իսկ ժողովքը կը պատասխանէր՝ «Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը»։—Սաղմոս 115։11
16. Եհովայի եւ ազգերու կուռքերուն միջեւ ի՞նչ հակադրութիւն կարելի է դնել։
16 Փառքը պէտք է երթայ ոչ թէ մեզի, այլ՝ Եհովայի անուան, ողորմութեան, կամ հաւատարիմ սիրոյ եւ ճշմարտութեան Աստուծոյն։ (Սաղմոս 115։1, ՆԱ) Թշնամիները կրնան հեգնանքով հարցնել. «Ո՞ւր է ... անոնց Աստուածը»։ Բայց Եհովայի ժողովուրդը կրնայ պատասխանել. ‘Մեր Աստուածը երկինքն է եւ իր բոլոր ուզածը կ’ընէ’։ (Համարներ՝ 2, 3) Բայց ազգերուն կուռքերը չեն կրնար բան մը ընել, քանի որ անոնք մարդու ձեռքով շինուած արծաթէ եւ ոսկիէ արձաններ են։ Թէեւ անոնք բերան, աչքեր եւ ականջներ ունին, սակայն համր, կոյր, ու խուլ են։ Անոնք քիթ ունին՝ բայց չեն կրնար հոտ առնել, ոտքեր ունին՝ բայց չեն կրնար քալել, կոկորդ ունին՝ բայց չեն կրնար ձայն հանել։ Անկարող կուռքեր շինողները, ինչպէս նաեւ անոնց յուսացողները, հաւասարապէս կենսազուրկ պիտի ըլլան։—Համարներ՝ 4–8
17. Քանի որ մեռելները չեն կրնար Եհովան փառաբանել, մենք ի՞նչ պէտք է ընենք, եւ ի՞նչ հեռանկարներով։
17 Ապա կը յորդորուինք Եհովայի յուսալ որպէս Իսրայէլի, Ահարոնի քահանայական տան եւ Աստուծմէ բոլոր վախցողներուն Օգնականը եւ պաշտպանող Ասպարը։ (Սաղմոս 115։9–11) Որպէս Եհովայէ վախցողներ, մենք Աստուծոյ հանդէպ ակնածանք ունինք, իսկ զինք տհաճեցնելու՝ առողջ երկիւղ մը։ Նաեւ հաւատք ունինք որ ‘երկինքն ու երկիրը Ստեղծողը’ իր հաւատարիմ երկրպագուները կ’օրհնէ։ (Համարներ՝ 12–15) Իր գահը երկինքն է, բայց Աստուած երկիրը հաւատարիմ ու հնազանդ մարդկութեան յաւիտենական բնակարանը ըրաւ։ Քանի որ մունջ, անգիտակից մեռելները չեն կրնար Եհովան փառաբանել, մենք՝ ապրողներս՝ ամբողջական նուիրումով ու հաւատարմութեամբ պէտք է ընենք ասիկա։ (Ժողովողի 9։5) Միայն Եհովան փառաբանողները պիտի վայելեն յաւիտենական կեանքը եւ կարող պիտի ըլլան ընդմիշտ ‘օրհնել Եահը’, իր մասին աղէկ խօսելով «մինչեւ յաւիտեան»։ Հետեւաբար, հաւատարմութեամբ միանանք անոնց որոնք սա յորդորին ականջ կու տան. «Ալէլուիա՜»։—Սաղմոս 115։16–18
Եհովայի Սքանչելի Յատկութիւնները
18, 19. Եհովայի յատկութիւնները ի՞նչ կերպերով զինք կը զատորոշեն չաստուածներէն։
18 Անկենդան կուռքերուն հակառակը, Եհովա սքանչելի յատկութիւններ ցուցաբերող կենդանի Աստուածն է։ Ան սիրոյ մարմնացումն է եւ «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով» է։ (Ելից 34։6. Ա. Յովհաննու 4։8) Ան որքա՜ն կը տարբերի Քանանացի անգութ չաստուածէն՝ Մողոքէն, որու երախաներ զոհ կը մատուցուէին։ Կ’ըսուի որ այս չաստուածին արձանը մարդու կերպարանք եւ ցուլի գլուխ ունէր։ Ըստ տեղեկութեան, կուռքը կը տաքցուէր մինչեւ շիկանար, իսկ անոր տարածուած բազուկներուն մէջ կը նետուուէին երախաներ, որոնք կ’իյնային բոցավառ հնոցին մէջ։ Բայց Եհովա այնքան սիրալիր ու ողորմած է որ այսպիսի մարդկային զոհերու գաղափարն իսկ ‘իր մտքէն չէր անցած’։—Երեմեայ 7։31
19 Եհովայի գլխաւոր յատկութիւններուն մաս կը կազմեն կատարեալ արդարութիւնը, անսահման իմաստութիւնը եւ ամենակալ զօրութիւնը։ (Բ. Օրինաց 32։4. Յոբ 12։13. Եսայեայ 40։26) Ի՞նչ կրնանք ըսել առասպելաբանական չաստուածներու մասին։ Փոխանակ արդարութիւն ի գործ դնելու, Բաբելոնական չաստուածներն ու չաստուածուհիները վրէժխնդիր էին։ Եգիպտական չաստուածները իմաստութեան տիպարներ չէին, այլ՝ նկարագրուած էին որպէս մարդկային տկարութիւններ ունեցողներ։ Ատիկա զարմանալի չէ, քանի որ չաստուածներն ու չաստուածուհիները իմաստուն ըլլալ դաւանող ‘ունայն’ մարդոց արտադրութիւններն են։ (Հռովմայեցիս 1։21–23) Կ’ըսուի որ Յունական չաստուածները իրարու դէմ կը դաւադրէին։ Օրինակի համար, առասպելներու համաձայն, Զեւսը [Դիտ. Մարտ 1, 1991, էջ 31] իր զօրութիւնը չարաչար գործածեց գահընկէց ընելով իր հայրը՝ Կրոնոսը [Դիտ. Մարտ 1, 1991, էջ 31], որ իր կարգին գահազրկած էր իր հայրը՝ Ուրանոսը։ Ի՜նչ օրհնութիւն է Եհովային՝ կենդանի ու ճշմարիտ Աստուծոյն ծառայել ու զինք փառաբանել, որ կատարեալ սէր, արդարութիւն, իմաստութիւն եւ զօրութիւն կը ցուցաբերէ։
Եհովան Յաւիտենական Փառաբանութեան Արժանի Է
20. Դաւիթ Թագաւոր ի՞նչ պատճառներ տուաւ Եհովայի անունը փառաբանելու համար։
20 Ինչպէս Հալլէլի Սաղմոսները ցոյց կու տան, Եհովան յաւիտենական փառաբանութեան արժանի է։ Երբ Դաւիթ եւ իր Իսրայելացի ընկերակիցները տաճարին շինութեան համար նուիրատուութիւն ըրին, ան ժողովքին առջեւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, մեր հօրը Իսրայէլին Աստուածը, յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեալ ես։ Ո՛վ Տէր, մեծութիւնը, զօրութիւնը, փառքը, պայծառութիւնն ու վայելչութիւնը քուկդ են. քանզի բոլոր երկնքի ու երկրի վրայ եղածը քուկդ է։ Ո՛վ Տէր, թագաւորութիւնը քուկդ է ու դուն իբրեւ գլուխ ամենէն բարձրացեալն ես։ Եւ հարստութիւնն ու փառքը քեզմէ են ու ամենուն իշխանը դուն ես եւ զօրութիւնն ու կարողութիւնը քու ձեռքիդ մէջ են եւ մէկը մեծցնելն ու ուժովցնելը քու ձեռքդ է։ Եւ հիմա, ո՛վ մեր Աստուածը, քեզի գոհութիւն կու տանք ու քու փառաւորեալ անունդ կ’օրհնենք»։—Ա. Մնացորդաց 29։10–13
21. Յայտնութիւն 19։1–6–ը ինչպէ՞ս կ’ապացուցանէ որ Եհովան կը փառաբանուի երկնային ամբոխներուն կողմէ։
21 Եհովան երկնքի մէջ ալ յաւէտ պիտի օրհնուի ու փառաբանուի։ Յովհաննէս առաքեալ երկնքէն մեծ բազմութիւն մը լսեց, որ կ’ըսէր. «Ալէլուիա՜. փրկութիւն ու փառք եւ պատիւ ու զօրութիւն մեր Աստուծոյն. վասնզի ճշմարիտ ու արդար են անոր դատաստանները, քանզի դատեց այն մեծ պոռնիկը [Մեծն Բաբելոնը], որ իր պոռնկութիւնովը երկիրը ապականեց ու իր ծառաներուն արեան վրէժը անոր ձեռքէն պահանջեց»։ Դարձեալ անոնք կ’ըսէին. «Ալէլուիա՜»։ Նոյնը ըրին «քսանըչորս երէցները ու չորս կենդանիները»։ Աթոռէն ձայն մը ըսաւ. «Մեր Աստուծոյն օրհնութիւն տուէք, ո՛վ բոլոր ծառաներ ու դուք որ իրմէ կը վախնաք, պզտիկներ ու մեծեր»։ Ապա Յովհաննէս աւելցուց. «Լսեցի ձայն մը մեծ բազմութեան ձայնի պէս ու շատ ջուրերու ձայնի պէս ու սաստիկ որոտումներու ձայնի պէս, որոնք կ’ըսէին. ‘Ալէլուիա՜, վասնզի մեր Ամենակալ Տէր Աստուածը թագաւորեց’»։—Յայտնութիւն 19։1–6
22. Եհովա ինչպէ՞ս պիտի փառաբանուի իր խոստացեալ նոր աշխարհին մէջ։
22 Որքա՜ն տեղին է որ երկնային ամբոխներ Եհովան փառաբանեն։ Իր վերահաս նոր աշխարհին մէջ, յարուցուած հաւատարիմները այս դրութեան վախճանէն վերապրողներուն միանալով Եահը պիտի փառաբանեն։ Բարձրաբերձ լեռները իրենց գագաթները պիտի բարձրացնեն Աստուծոյ փառաբանութեան երգեր մատուցանելով։ Կանաչ բլուրները եւ պտղաբեր ծառերը անոր փառաբանութիւնները պիտի երգեն։ Ամէն ապրող ու շնչող արարած Եհովայի անունը պիտի փառաբանէ, Ալէլուիա՜–ի մեծ խմբերգին մէջ։ (Սաղմոս 148) Ձեր ձայնը պիտի լսուի՞ այդ ուրախ ամբոխին մէջ։ Պիտի լսուի՛, եթէ իր ժողովուրդին հետ Եահին հաւատարմօրէն ծառայէք։ Ատիկա պէտք է ըլլայ ձեր կեանքին նպատակը, քանի որ մեր Եհովա Աստուծոյն պէս ո՞վ կայ։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ինչո՞ւ փառաբանել Եհովա Աստուածը։
◻ Ի՞նչ կերպերով Եհովա անբաղդատելի է։
◻ Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Եհովա կարեկից է։
◻ Եհովա ինչպէ՞ս կը տարբերի կենսազուրկ կուռքերէն ու չաստուածներէն։
◻ Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Եհովա յաւիտենական փառաբանութիւն պիտի ստանայ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ։
[Նկար՝ էջ 8]
Հալլէլի Սաղմոսները կ’երգուէին Պասէքի ընթրիքի ընթացքին