Եհովայէ վախնանք ու անոր սուրբ անունը փառաւորենք
«Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասնզի դո՛ւն միայն սուրբ ես»։—ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 15։4
1, 2. (ա) Եհովա ինչպէ՞ս բացաւ երկնքի պատուհանները 1991–ին։ (բ) Կեանքի ո՞ր փորձառութիւնը մղեց որ միսիոնար մը «Եհովայէ վախցէք» խրատը տայ։ (Տես նաեւ 1991–ի Տարեգիրքը, էջ 187–9)։
ԵՀՈՎԱ ‘երկնքի պատուհանները բացաւ եւ օրհնութիւններ թափեց, այնքան շատ որ բաւական տեղ չեղաւ’։ Այս խօսքերը կրկին ու կրկին կատարում ունեցած են արդի Եհովայի Վկաներուն վրայ։ (Մաղաքեայ 3։10) Օրինակի համար, 1991–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, համայն երկրի վրայ տեղի ունեցած մասնաւոր համաժողովներուն այցելու Վկաներուն եւ տեղւոյն ներկաներուն միջեւ խանդավառութիւնը կը յորդէր—Պուէնոս Այրէսէն՝ Հարաւային Ամերիկայի մէջ՝ մինչեւ Մանիլա, Թայբէի եւ Պանքոք՝ ծայրագոյն արեւելքի մէջ՝ ուր տեղի ունեցան «Մաքուր Լեզուն» համաժողովները. իսկ մինչեւ Պուտաբէշթ, Փրակա եւ Զաղրէպ (Օգոստոս 16–18)՝ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ՝ «Ազատութիւն Սիրողներ» համաժողովները։
2 ի՜նչ ուրախութիւն էր արտասահմանէն եկած պատուիրակներուն համար, այս քաղաքներուն մէջ հանդիպիլ երկար ատենէ հաւատարմաբար ծառայող Վկաներու։ Օրինակի համար, Պանգոկի մէջ, ժամանակին Թայլանտի մէջ Թագաւորութեան միակ հրատարակիչը եղած Ֆրանգ Տիուոր իր 58 ամեայ միսիոնարական ծառայութեան մասին խօսեցաւ։ Իր գործունէութիւնները կ’երկարէր Խաղաղականի կղզիներէն մինչեւ Հարաւ–Արեւելեան Ասիան եւ նոյնիսկ մինչեւ Չինաստան։ Ան նաւակոծութեան, անտառներու վայրի անասուններու, արեւադարձային հիւանդութիւններու եւ Ճաբոնական բիրտ աւատապետական վարչաձեւի վտանգները դիմագրաւեց։ Երբ իրեն հարցուեցաւ թէ ի՛նչ խրատ կ’ուզէր տալ ներկաներուն, ան շատ պարզ պատասխան մը տուաւ. «Եհովայէ վախցէ՛ք»։
3. Ինչո՞ւ Աստուածային վախ պէտք է ցուցաբերենք։
3 «Եհովայէ վախցէ՛ք»։ Որքա՜ն կարեւոր է որ բոլորս ալ այս առողջ վախը մշակենք։ «Իմաստութեան սկիզբը Եհովայի վախն է»։ (Սաղմոս 111։10, ՆԱ։) Այս վախը, հիւանդագին կերպով Եհովայէ սարսափիլ չէ։ Այլ, անիկա խոր յարգանք մըն է իր ահաւոր վեհափառութեան եւ աստուածային յատկութիւններուն հանդէպ, որ Աստուծոյ Խօսքին ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած ներթափանցութեան վրայ հիմնուած է։ Յայտնութիւն 15։3, 4–ի մէջ, Մովսէսին եւ Գառնուկին երգը կ’ըսէ. «Մեծ ու զարմանալի են քու գործերդ, ո՛վ Տէր Աստուած Ամենակալ. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, ո՛վ Թագաւոր սուրբերու. Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասնզի դո՛ւն միայն սուրբ [հաւատարիմ] ես»։ Իր երկրպագուներուն հանդէպ հաւատարմութենէ մղուած, Եհովա «յիշատակի գիրք» մը ունի, որու մէջ «Տէրոջմէ վախցողներուն ու անոր անուան վրայ մտածողներուն» անունները գրուած են։ Անոնք յաւիտենական կեանքի վարձատրութիւնը կը ստանան։—Մաղաքեայ 3։16. Յայտնութիւն 20։12, 15
Աստուածային Վախը կը Յաղթէ
4. Վաղեմի ո՞ր ազատագրութիւնը մեզի պէտք է խրախուսէ որ Եհովայէ վախնանք։
4 Երբ Իսրայէլ Փարաւոնին Եգիպտոսէն դուրս ելաւ, Մովսէս յստակօրէն ցոյց տուաւ թէ ինք միմիայն Եհովայէն կը վախնար։ Շատ չանցած Իսրայելացիները Կարմիր Ծովուն եւ Եգիպտոսի հզօր զինուորական կառքերուն միջեւ բռնուեցան։ Ի՞նչ կրնային ընել։ «Մի՛ վախնա՛ք, սպասեցէ՛ք ու տեսէք Տէրոջը փրկութիւնը, որ այսօր պիտի ընէ ձեզի. վասնզի այսօրուան ձեր տեսած Եգիպտացիները յաւիտեան պիտի չտեսնէք։ Տէրը ձեզի համար պիտի պատերազմի։ Դուք լո՛ւռ կեցէք»։ Եհովա հրաշալիօրէն ջուրերը իրարմէ բաժնեց։ Իսրայելացիները ծովու հունէն անցան։ Ապա ջուրերը դղրդալով դարձեալ իջան։ Փարաւոնի բանակը անհետացաւ։ Եհովա փրկեց այդ աստուածավախ ազգը, միեւնոյն ատեն, դատաստան ի գործ դնելով Աստուած անգոսնող Եգիպտոսի վրայ։ Ներկայիս նմանապէս իր հաւատարմութիւնը պիտի արտայայտէ, իր աստուածավախ Վկաները ազատագրելով Սատանայի աշխարհէն։—Ելից 14։13, 14. Հռովմայեցիս 15։4
5, 6. Յեսուի օրերուն ո՞ր դէպքը ցոյց կու տայ թէ փոխանակ մարդէ վախնալու Աստուծմէ պէտք է վախնանք։
5 Եգիպտոսէ գաղթելէ ետք, Մովսէս 12 լրտեսներ ղրկեց Խոստացեալ Երկիր։ Լրտեսներէն տասն սարսափեցան տեսնելով հսկայ բնակիչները եւ ջանացին տարհամոզել Իսրայէլը երկիրը մտնելու։ Բայց մնացեալ երկուքը՝ Յեսուն եւ Քաղէբը ըսին. «[Անիկա] խիստ լաւ երկիր մըն է։ Եթէ Տէրը մեզի հաճի, մեզ այն երկիրը տանի եւ զանիկա մեզի տայ, որ կաթ ու մեղր բղխող երկիր մըն է։ Միայն թէ Տէրոջը դէմ ապստամբ մի՛ ըլլաք եւ այն երկրին ժողովուրդէն մի՛ վախնաք, քանզի անոնք մեր կերակուրն են. անոնց ապահովութիւնը գացած է իրենց վրայէն ու Տէրը մեզի հետ է։ Անոնցմէ մի՛ վախնաք»։—Թուոց 14։7–9
6 Այսուհանդերձ, Իսրայելացիները մարդու վախի անձնատուր եղան եւ, որպէս արդիւնք, բնաւ չհասան այդ խոստացեալ երկիրը։ Բայց Յեսու եւ Քաղէբ Իսրայելացիներու նոր սերունդին հետ առանձնաշնորհումը ունեցան այդ ընտրեալ երկիրը մտնելու եւ անոր այգիները եւ ձիթաստանները մշակելու։ Իսրայէլի հաւաքուած ժողովուրդին ուղղած իր հրաժեշտի խօսքերուն մէջ, Յեսու սա խրատը տուաւ. «Տէրոջմէ վախցէ՛ք եւ անոր հաւատարմութեամբ ու ճշմարտութեամբ ծառայութիւն ըրէք»։ Իսկ աւելցուց. «Բայց ես ու իմ տունս Եհովան պիտի պաշտենք»։ (Յեսուայ 24։14, 15) Որքա՜ն խրախուսիչ խօսքեր են ասոնք ընտանիքի գլուխներուն, ինչպէս նաեւ այն բոլորին՝ որոնք կը պատրաստուին Աստուծոյ արդար նոր աշխարհը մտնելու։
7. Դաւիթ ինչպէ՞ս կը շեշտէ Աստուծոյ վախին կարեւորութիւնը։
7 Պատանի հովիւ Դաւիթն ալ օրինակելի վախ մը ցուցաբերեց Եհովայի հանդէպ, երբ Գողիաթի ասպարէզ կարդաց Եհովայի անունով։ (Ա. Թագաւորաց 17։45, 47) Իր մահուան սնարին վրայ, Դաւիթ կարողացաւ ըսել. «Տէրոջը հոգին ինծմով խօսեցաւ ու անոր խօսքը իմ լեզուիս վրայ էր։ Իսրայէլին Աստուածը ըսաւ ու Իսրայէլին Վէմը ինծի խօսեցաւ ըսելով. ‘Մարդոց վրայ իշխողը թող արդար ըլլայ ու Աստուծոյ վախովը իշխէ’, այն ատեն անիկա առաւօտեան լոյսին կը նմանի, որ արեւուն ծագած ատենը կ’երեւնայ, այնպիսի առաւօտի մը, որ առանց ամպի է»։ (Բ. Թագաւորաց 23։2–4) Աստուծոյ այս վախը յատկապէս բացակայ է այս աշխարհի կառավարիչներուն մէջ, որու հետեւանքը ի՜նչ ողբերգական է։ Որքա՜ն տարբեր պիտի ըլլայ, երբ Յիսուս՝ «Որդի Դաւթի»ն երկիրը կ’առավարէ Եհովայի վախովը։—Մատթէոս 21։9
Եհովայի Վախովը Գործենք
8. Ինչո՞ւ Յուդա բարգաւաճեցաւ Յովսափատի օրերուն, եւ ասիկա ի՞նչ բանի կը մատնանշէ մեր օրերուն։
8 Դաւիթի մահուընէ շուրջ հարիւր տարի ետք, Յովսափատ Յուդայի թագաւորը եղաւ։ Դարձեալ ուրիշ թագաւոր մը որ Եհովայի վախով ծառայեց։ Ան Յուդայի մէջ աստուածպետական կարգը վերահաստատեց, ամբողջ երկրին մէջ դատաւորներ նշանակեց եւ անոնց հետեւեալ յորդորը տուաւ. «Ձեր դատաստանը մարդու չվերաբերիր, հապա Տէրոջը, որ դատաստանի մէջ ձեզի հետ է։ Ուրեմն տէրոջը վախը ձեր վրայ ըլլայ, զգուշութեամբ գործեցէք. քանզի մեր Տէր Աստուծոյն քով անիրաւութիւն, աչառութիւն ու կաշառք չկայ . . . Տէրոջը վախովը, հաւատարմութեամբ եւ ուղիղ սրտով ըրէք»։ (Բ. Մնացորդաց 19։6–9) Այս կերպով, Յուդան բարգաւաճեցաւ Եհովայի վախին մէջ, ճիշդ ինչպէս ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդը կ’օգտուի կարեկից տեսուչներուն ծառայութենէն։
9, 10. Յովսափատ ինչպէ՞ս յաղթեց Եհովայի վախով։
9 Սակայն, Յուդա թշնամիներ ունէր։ Անոնք վճռեցին Աստուծոյ ժողովուրդը բնաջնջել։ Ամմոնի, Մովաբի եւ Սէիր Լերան միացեալ բանակները խռնուեցան Յուդայի թաղամասին մէջ եւ Երուսաղէմի սպառնացին։ Յովսափատ աղօթքով Եհովայի դիմեց, երբ «բոլոր Յուդայեանները իրենց ընտանիքներովը, կիներովն ու տղաքներովը Տէրոջը առջեւ կեցեր էին»։ Ապա, այդ աղօթքին որպէս պատասխան, Եհովայի հոգին եկաւ Ղեւտացի Յազիէլին վրայ ու ան ըսաւ. «Տէրը ձեզի այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք մի՛ վախնաք ու այս մեծ բազմութեանը երեսէն մի՛ զարհուրիք, քանզի պատերազմը ձերը չէ, հապա Աստուծոյն է։ Վաղը անոնց վրայ իջէ՛ք. . . . Այս պատերազմին մէջ դուք պիտի չպատերազմիք. դուք երեւցէք ու կեցէ՛ք, որպէսզի Տէրոջը ձեզի ըրած փրկութիւնը տեսնէք։ Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմ. մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. վաղը անոնց դէմ ելէ՛ք ու Տէրը ձեզի հետ պիտի ըլլայ’»։—Բ. Մնացորդաց 20։5–7
10 Յաջորդ առաւօտ, Յուդայի մարդիկը կանուխ արթնցան։ Մինչ անոնք հնազանդօրէն դէպի թշնամին կը յառաջանային, Յովսափատ կայնեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչներ, ինծի մտիկ ըրէք. ձեր Տէր Աստուծոյն հաւատացէ՛ք ու ապահով պիտի ըլլաք։ Անոր մարգարէներուն հաւատացէ՛ք ու յաջողութիւն պիտի ունենաք»։ Զինեալներուն առջեւէն, Եհովայի երգիչները խումբով կ’երգէին. «Գոհացէք Տէրոջմէն, վասնզի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։ Եհովա այդ ողորմութիւնը արտայայտեց, թշնամիին բանակին մէջ այնպիսի շփոթութիւն մը յառաջացնելով, որ անոնք իրար բնաջնջեցին։ Երբ Յուդայի մարդիկը անապատին մէջի դիտանոցը հասան, միայն թշնամիներուն դիակները կային։—Բ. Մնացորդաց 20։20–24
11. Վախի առնչութեամբ, ազգերը ինչպէ՞ս տարբեր են Աստուծոյ ժողովուրդէն։
11 Երբ դրացի ազգերը այս հրաշագործ ազատագրումը լսեցին, անոնց վրայ «Աստուծոյ վախը ինկաւ»։ Միւս կողմէ, Եհովայի վախով հնազանդած ազգը ‘ամէն կողմէ հանգստացաւ’։ (Բ. Մնացորդաց 20։29, 30) Նոյն կերպով, երբ Եհովա Արմագեդոնին դատաստան ի գործ դնէ, ազգերը Աստուծոյ եւ իր Դահիճ Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի վախը պիտի ունենան եւ անոնք պիտի չկարենան կայնիլ Աստուծոյ մեծ բարկութեան օրը։—Յայտնութիւն 6։15–17
12. Եհովայի վախը ինչպէ՞ս վարձահատոյց եղած է անցեալին։
12 Եհովայի առողջ վախը ճոխ օրհնութիւններ կը բերէ։ Նոյ «վախնալով տապանը շինեց իր տունը փրկելու համար»։ (Եբրայեցիս 11։7) Իսկ գալով նախկին Քրիստոնեաներուն, անոնց մասին ըսուած է թէ հալածանքէն ետք, ժողովքը «խաղաղութիւն [ունեցաւ] եւ շինութիւն [կ’ընդունէր] ու Տէրոջը երկիւղովը եւ սուրբ հոգիին մխիթարութիւնովը քալելով [կ’աճէր]»։ Ինչպէս որ ասիկա տեղի կ’ունենայ ներկայիս Արեւելեան Եւրոպայի մէջ։—Գործք 9։31
Բարին Սիրենք, Չարը Ատենք
13. Միայն ի՞նչ կերպով Եհովայի օրհնութիւնը կրնանք ունենալ։
13 Եհովա բարութեան մարմնացումն է։ Հետեւաբար, «Տէրոջը վախը չարութիւնը ատել կը նշանակէ»։ (Առակաց 8։13) Յիսուսի մասին գրուած է. «Արդարութիւնը սիրեցիր ու անօրէնութիւնը ատեցիր. անոր համար, [ո՛վ] Աստուած, քու Աստուածդ ուրախութեան իւղով օծեց քեզ քու ընկերներէդ աւելի»։ (Եբրայեցիս 1։9) Եթէ մենք ալ Յիսուսի նման կը փափաքինք Եհովայի օրհնութիւնը ստանալ, պէտք է ատենք չարութիւնը, անբարոյութիւնը, բռնութիւնը եւ Սատանայի աշխարհին ամբարտաւանութիւնը։ (Բաղդատել Առակաց 6։16–19)։ Պէտք է սիրենք ի՛նչ որ Եհովան կը սիրէ եւ ատենք ի՛նչ որ ան կ’ատէ։ Պէտք է վախնանք Եհովայի անհաճոյ եղած որե՛ւէ բան ընելէ։ «Տէրոջը վախովը մարդ չարութենէ կը հեռանայ»։—Առակաց 16։6
14. Յիսուս ինչպէ՞ս մեզի օրինակ մը հայթայթեց։
14 Յիսուս մեզի օրինակ մը թողուց որպէսզի սերտօրէն իր քայլերուն հետեւինք։ «Կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր, կը չարչարուէր ու սպառնալիք չէր ըներ. հապա ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր»։ (Ա. Պետրոս 2։21–23) Եհովայի վախով, մենք ալ Սատանայի մեր վրայ տեղացուցած նախատինքներուն, ծաղրանքներուն, հալածանքներուն կրնանք տոկալ։
15. Ինչո՞ւ Եհովայէ պէտք է վախնանք քան թէ մարմինը սպաննողներէն։
15 Մատթէոս 10։28–ի մէջ, Յիսուս մեզ կը խրատէ. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել. հապա աւելի անկէ վախցէք, որ կրնայ հոգին ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել»։ Եհովայէ վախցող մը եթէ նոյնիսկ թշնամիին կողմէ պիտի սպաննուի, անոր մահուան ցաւերը ժամանակաւոր են։ (Ովսեայ 13։14) Յարուցուելէ ետք, այդ անհատը պիտի կարենայ ըսել. «Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ»։—Ա. Կորնթացիս 15։55
16. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ թէ Եհովայէ կը վախնար եւ զինք փառաւորեց։
16 Յիսուս հոյակապ օրինակ մը կը հայթայթէ բոլոր անոնց համար որոնք Եհովայի արդարութիւնը կը սիրեն եւ կ’ատեն ինչ որ չար է։ Յովհաննու 16։33–ի մէջ արձանագրուած, իր աշակերտներուն ուղղած իր վերջին խօսքերուն մէջ կը տեսնենք Յիսուսի ունեցած Եհովայի վախը. «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէսզի ինծմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»։ Յովհաննէսի պատմութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Յիսուս երբ ասոնք խօսեցաւ, իր աչքերը դէպի երկինք վերցուց ու ըսաւ. ‘Հա՛յր, ժամանակը հասեր է, փառաւորէ՛ քու Որդիդ, որպէսզի քու որդիդ ալ քեզ փառաւորէ. . . . Քու անունդ յայտնի ըրի այն մարդոց, որոնք աշխարհէն ինծի տուիր’»։—Յովհաննու 17։1–6
Եհովայէ Վախնանք եւ Զինք Փառաբանենք
17. Ի՞նչ կերպերով կրնանք ընդօրինակել Յիսուսը։
17 Ներկայիս, կրնա՞նք Յիսուսի քաջարի օրինակին հետեւիլ։ Վստահաբար կրնա՛նք, Եհովայի վախովը։ Յիսուս մեզի գիտցուց Եհովայի փառաւոր անունը եւ յատկութիւնները։ Որպէս մեր Գերիշխան Տէրը Եհովայէ վախնալով, զինք գերիվեր կը դասենք միւս բոլոր չաստուածներէն, նոյնիսկ Քրիստոնեայ Աշխարհի խորհրդաւոր եւ անանուն Երրորդութենէն։ Յիսուս Եհովայի ծառայեց առողջ վախով մը, մերժելով մահկանացու մարդու վախի ծուղակին մէջ իյնալ։ «Իր մարմնին օրերը սաստիկ գոչումով ու արցունքով աղօթք եւ աղաչանք մատուցանեց անոր որ կարող էր զինք մահուանէ ազատել ու լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով»։ Մենք ալ Յիսուսի նման Եհովայէ վախնանք եւ շարունակենք հնազանդութիւն սորվիլ մեր տառապանքէն, մեր յենակէտը ընելով յաւիտենական փրկութիւնը։—Եբրայեցիս 5։7–9
18. Ինչպէ՞ս կրնանք բարեպաշտութեամբ սրբազան ծառայութիւն մատուցանել Աստուծոյ։
18 Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն գրած այս նոյն նամակին հետագայ մէկ գլուխին մէջ, Պօղոս կը յորդորէ օծեալ Քրիստոնեաները. «Ուստի անշարժ թագաւորութիւնը առած ըլլալով՝ ամուր բռնենք այն շնորհքը ու Աստուած պաշտենք հաճելի կերպով, ակնածութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ»։ Ներկայիս, «մեծ բազմութիւն» մը կը մասնակցի այս սրբազան ծառայութեան։ Իսկ այս ծառայութիւնը ի՞նչ բանէ բաղկացած է։ Իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի զոհագործութիւնը հայթայթելով, Եհովայի անարժան ողորմութեան մասին խօսելէ ետք, Պօղոս կ’ըսէ. «Անոր ձեռքով ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին»։ (Եբրայեցիս 12։28. 13։12, 15) Եհովայի անարժան ողորմութիւնը գնահատելով, մենք պէտք է փափաքինք մեր բոլոր յարմար ժամերը իր սրբազան ծառայութեան տրամադրել։ Որպէս օծեալ Քրիստոնեաներու մնացորդին հաւատարիմ ընկերակից, ներկայիս մեծ բազմութիւնը այդ ծառայութեան գլխաւոր մասը կը կատարէ։ Անոնք փրկութիւնը Աստուծոյ եւ Քրիստոսի կը վերագրեն. այլաբանօրէն Աստուծոյ գահին առջեւ կայնած, «իրեն կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր»։—Յայտնութիւն 7։9, 10, 15
Յաւիտեան Եհովան Փառաբանենք
19, 20. ‘Տէրոջը օր’ուան մէջ ո՞ր երկու տեսակի վախեր բացայայտ պիտի ըլլան։
19 Եհովայի ջատագովման փառաւոր օրը արագօրէն կը մօտենայ։ «Քանզի ահա փուռի պէս վառուած օրը կու գայ, երբ բոլոր հպարտները եւ բոլոր ամբարշտութիւն ընողները յարդի պէս պիտի ըլլան ու եկած օրը զանոնք պիտի այրէ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը»։ Այս աղետալի ժամանակը «Տէրոջը մեծ ու ահեղ օր»ն է։ (Մաղաքեայ 4։1, 5) ամբարիշտներուն սրտերը պիտի «խռովին» եւ անոնք «պիտի չազատին»։—Երեմեայ 8։15. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3
20 Եհովայի ժողովուրդը սակայն, տարբեր վախով մը լեցուած է։ Այն հրեշտակը որուն «յաւիտենական աւետիսը» յանձնուած էր, բարձրաձայն հրաւէր կու տար անոնց, ըսելով. «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասնզի անոր դատաստանին ժամը եկաւ»։ (Յայտնութիւն 14։6, 7) Այդ դատաստանը ակնածութեամբ պիտի դիտենք, երբ Արմագեդոնի կիզիչ տաքութիւնը հրկիզէ Սատանայի աշխարհը։ Եհովայի առողջ վախը անջնջելիօրէն պիտի քանդակուի մեր սրտերուն մէջ։ Թող որ մենք ալ առանձնաշնորհումը ունենանք ‘Եհովայի անունը կանչելով փրկուողներուն’ մէջ ըլլալու։—Յովելեայ 2։31, 32. Հռովմայեցիս 10։13
21. Եհովայի վախը ի՞նչ օրհնութիւններու պիտի առաջնորդէ։
21 Հոյակապ օրհնութիւններ պիտի յաջորդեն ասոր, ի միջի այլոց, յաւիտենականութեան մէջ երկարող «կեանքի տարիներ»։ (Առակաց 9։11 Սաղմոս 37։9–11, 29) Հետեւաբար, մեր յոյսը ըլլայ Թագաւորութիւնը ժառանգել, թէ անոր երկրային ծիրին մէջ ծառայել, հիմա շարունակենք Աստուծոյ սրբազան ծառայութիւն մատուցանել, աստուածային վախով եւ ակնածութեամբ։ Շարունակենք իր սուրբ անունը փառաւորել։ Ասոր օրհնեալ արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Յաւիտեան երախտապարտութեան զգացում մը, որ սրտանց ընդունեցինք Եհովայէ վախնալու իմաստուն խրատը։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ի՞նչ կը նշանակէ «Եհովայի վախը»։
◻ Աստուծոյ վախը ինչպէ՞ս օգտակար եղաւ իր վաղեմի ժողովուրդին։
◻ Յիսուս բարեպաշտութեան ի՞նչ օրինակ թողուց մեզի։
◻ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ուղղամտութիւնը պահել Եհովայի վախովը։
[Նկար՝ էջ 16]
Յայտնութիւն գրքին մէջ, Յիսուսի եղբայրները կը տեսնուին, որոնք «Մովսէսին երգը» կ’երգեն. Եհովան փառաբանող երգ մը
[Նկար՝ էջ 18]
Յովսափատի բանակը կը յաղթէ Եհովայի վախով
[Նկար՝ էջ 21]
Եհովայէ վախցողներուն վարձատրութիւնը
պիտի ըլլայ յաւիտեան երկարող կեանքի տարիներ