Ո՞վ այպանելի է
ՇԱՏԵՐ իրենց խնդիրներուն համար Աստուած կ’այպանեն։ Աստուածաշունչի առակ մը կ’ըսէ. «Մարդուն յիմարութիւնը անոր ճամբան կ’աւերէ եւ անոր սիրտը Տէրոջը դէմ տրտունջ կ’ընէ»։ (Առակաց 19։3) Սակայն, մարդուն դժբախտութիւններուն համար Աստուած այպանելը, գինովութեան պատճառաւ եղած արկածներուն համար ինքնաշարժի գործարանատէրը այպանելուն կը նմանի։
Աստուած մարդկութեան արժէքաւոր առաջնորդութիւն տուած է իր Խօսքով՝ Աստուածաշունչով։ Աստուծոյ կողմէ հայթայթուած այս գրադարանը ուսումնասիրելով եւ անոր մէջ տրուած օրէնքներուն ու սկզբունքներուն համաձայն ապրելով, կեանքի շատ մը որոգայթներէն կրնանք խուսափիլ։ Ասոր հակառակը, Աստուծոյ առաջնորդութեան հակառակ վարուիլը՝ աղիտալի կրնայ ըլլալ։ Օրինակ, անոնք որ չափէ դուրս կ’ուտեն ու կը խմեն, կը ծխեն, կամ անբարոյութիւն կ’ընեն, յաճախ առողջապահական լուրջ խնդիրներ կ’ունենան։ (Ղուկաս 21։34. Ա. Կորնթացիս 6։18. Բ. Կորնթացիս 7։1) Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ։ Ան որ իր մարմնին կը սերմանէ, այն մարմնէն ապականութիւն պիտի հնձէ ու ան որ Հոգիին կը սերմանէ, այն Հոգիէն յաւիտենական կեանք պիտի հնձէ»։—Գաղատացիս 6։7, 8
Որքա՜ն նախընտրելի է Աստուծոյ օրէնքներով եւ սկզբունքներով ապրիլ։ Եթէ ասիկա ընենք, Եսայիի մարգարէին միջոցաւ տրուած Աստուծոյ խոստումին իրականացումը պիտի տեսնենք. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ։ Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար»։—Եսայեայ 48։17, 18