Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • մպ գլ. 16 էջ 125-131
  • Խրատը մտիկ ըրէ, կրթութիւնը ընդունէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Խրատը մտիկ ըրէ, կրթութիւնը ընդունէ
  • Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՄԵՐ ՕԳՏԻՆ ՀԱՄԱՐ ՅԻՇՈՒԱԾ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ
  • ՄՇԱԿԵԼԻՔ ԱՆԳԻՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԵՀՈՎԱՅԻ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻ՛ ՄԵՐԺԷՔ
  • «Իմաստուններուն խօսքերուն մտիկ ըրէ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Տուած խրատդ սիրտը կ’ուրախացնէ՞
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Ուրիշներ ձեր խրատը կ’ընդունի՞ն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Պիտի շարունակե՞ս ճշդումներ ընել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
Տես աւելին
Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
մպ գլ. 16 էջ 125-131

Գլուխ 16

Խրատը մտիկ ըրէ, կրթութիւնը ընդունէ

1. (ա) Արդեօք կա՞յ մէկը որ խրատի եւ կրթութեան կարիքը չունի։ (բ) Բայց ո՞ր հարցումները պէտք է քննենք։

ԲՈԼՈՐՍ ալ յօժարութեամբ կ’ընդունինք սա համարին գաղափարը որ կ’ըսէ. «Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք»։ (Յակոբու 3։2) Մեզի համար դժուար չէ մտաբերել այն շատ մը անգամները երբ Աստուածաշունչի յանձնարարած կամ մեր ուզած անձը ըլլալու մէջ թերացած ենք։ Ուստի կ’ընդունինք որ Աստուածաշունչը իրաւունք ունի երբ մեզի կ’ըսէ. «Խրատը [մտիկ ըրէ՛], ու կրթութիւնը ընդունէ՛, որպէսզի ապագային իմաստուն ըլլաս»։ (Առակաց 19։20) Գիտենք որ այսպիսի օգնութեան կը կարօտինք։ Շատ հաւանաբար, մեր կեանքին մէջ արդէն վերաճշդումներ ըրինք, որպէսզի Աստուծոյ Խօսքէն մեր սորվածներուն համակերպինք։ Բայց ինչպէ՞ս կը հակազդենք երբ Քրիստոնեայ ընկեր մը անհատապէս կը խրատէ մեզ նիւթի մը շուրջ, որու մէջ շատ իմաստուն չվարուեցանք, կամ, երբ կարգ մը թելադրութիւններ կու տայ թէ ինչպէս կրնանք բարելաւել որոշ գործունէութիւն մը։

2. (ա) Անձնական խրատներու համար ինչո՞ւ երախտագիտութիւն պէտք է յայտնենք։ (բ) Ի՞նչ հակազդեցութիւն պէտք չէ ունենանք։

2 Հակառակ մեր անկատար մարդկային բնոյթին ներքին անմիջական հակազդեցութեան, պէտք է անկեղծօրէն շնորհակալութիւն յայտնենք այդ խրատին համար եւ ջանանք զայն կիրարկել։ Այսպէս վարուիլը մեզի համար օգտակար պիտի ըլլայ։ (Եբրայեցիս 12։11) Սակայն, փոխանակ այսպէս ընելու, թերեւս կը ջանանք մենք մեզ արդարացնել, պարագային լրջութիւնը նսեմացնել եւ կամ յանցանքը ուրիշին վրայ նետել։ Արդեօք բնաւ այս կերպով վարուա՞ծ էք։ Երբ դէպի ետ նայինք ու վերյիշենք այդ պարագան, արդեօք մեր սրտին մէջ այդ խրատ տուող անձին հանդէպ բարկութիւն կը զգա՞նք։ Արդեօք հակումը ունի՞նք խրատողին տկարութիւնները մէջտեղ հանելու կամ իր խրատած կերպը քննադատելու, կարծես թէ անոնք կը չքմեղացնեն մեր տկարութիւնը։ Արդեօք Աստուածաշունչը կրնա՞յ օգնել այսպիսի անհատի մը որ իր այս հակումները յաղթահարէ։

ՄԵՐ ՕԳՏԻՆ ՀԱՄԱՐ ՅԻՇՈՒԱԾ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ

3. (ա) Աստուածաշունչը ի՞նչ կը պարունակէ, մեզի օգնելու համար որ շիտակ տեսակէտ մը ունենանք խրատի եւ կրթութեան հանդէպ։ (բ) Վերոյիշեալ հարցումները գործածեցէք, խրատի հանդէպ Սաւուղի եւ Ոզիայի ունեցած հակազդեցութիւնները վերլուծելու համար։

3 Այս նիւթին շուրջ բազմաթիւ եւ շեշտակի խրատներ տալէ զատ, Աստուածաշունչը խրատ ստացող անհատներու կենդանի փորձառութիւնները կու տայ։ Յաճախ, խրատը նաեւ կրթութիւն մըն էր, քանի որ զայն ստացող անձը իր կեցուածքը կամ վարքը պէտք էր փոխէր։ Երբ վարը յիշուած հարցումները կը գործածէք այս օրինակներէն մի քանի հատը քննելու համար, պիտի տեսնէք թէ բոլորս ալ անոնցմէ շատ օգուտներ կրնանք քաղել.

ԿԻՍԻ ՈՐԴԻՆ՝ ՍԱՒՈՒՂ. Ան ամբողջովին հնազանդ չեղաւ Եհովայի, քանի որ երբ Ամաղէկի դէմ պատերազմեցաւ, անոր թագաւորը եւ անոնց լաւագոյն անասունները խնայեց։ (Ա. Թագաւորաց 15։1–11)

Սամուէլի յանդիմանական խրատին իր տուած պատասխանէն ինչպէ՞ս ցոյց կը տրուի, որ Սաւուղ կը ջանար իր յանցանքը նսեմացնել։ (Համար 20) Որո՞ւ վրայ նետեց յանցանքը։ (Համար 21) Երբ վերջապէս ընդունեց իր սխալը, ինչպէ՞ս ջանաց ինքզինք արդարացնել։ (Համար 24) Նոյնիսկ այն ատեն, իր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը ի՞նչ էր։ (Համարներ 25 եւ 30)

ՈԶԻԱ. Ան Եհովայի տաճարը մտաւ խունկ ծխելու համար, հակառակ անոր որ միայն քահանաները հեղինակութիւն ունէին ասիկա ընելու։ (Բ. Մնացորդաց 26։16–20)

Երբ քահանայապետը ջանաց արգելք հանդիսանալ Ոզիայի, թագաւորը ինչո՞ւ բարկացաւ։ (Բաղդատել համար 16–ը)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ (Համարներ 19–21)

4. (ա) Ինչո՞ւ թէ՛ Սաւուղ եւ թէ Ոզիա դժուարութիւն ունեցան խրատ ընդունելու։ (բ) Ասիկա ինչո՞ւ լուրջ խնդիր մըն է այսօր։

4 Յիշուած իւրաքանչիւր պարագաներուն, յանդիմանութիւն ստացողը ինչո՞ւ խրատի կարիք ունենալը ընդունելու դժուարութիւն ունեցաւ։ Հիմնական խնդիրը հպարտութիւնը կամ ինքզինքին վրայ շատ համարում ունենալն էր։ Այսօր շատեր նկարագրի այս գիծը ունենալով, իրենք իրենց վրայ շատ վիշտ կը բերեն։ Խորհելով որ իրենց տարիքին կամ դիրքին բերմամբ արդէն այնպիսի մակարդակի մը հասած են որ անձնական խրատ մտիկ ընելու պէտք չունին, կարծելով որ անիկա զիրենք անատակ կը դարձնէ կամ իրենց համբաւը կը մրոտէ։ Բայց իրականութեան մէջ, այս թերացումին պատճառը իրենց հպարտութիւնն է։ Մէկը չի կրնար ասոր մէջ ինքզինք արդարացնել ըսելով, որ ասիկա հասարակ սխալ մըն է։ Անիկա Սատանայի լարած որոգայթներէն մէկն է զոր ան կը գործածէ անհատին մտածելակերպը մթագնելու համար, որպէսզի Իր գրաւոր Խօսքին եւ իր տեսանելի կազմակերպութեան միջոցաւ Եհովայի հայթայթած սիրալիր օգնութեան դէմ դնէ։ Եհովա մեզ կը զգուշացնէ, ըսելով. «Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ»։—Առակաց 16։18. տես նաեւ Հռովմայեցիս 12։3. Առակաց 16։5։

5. Այս պարբերութեան մէջ գտնուող հարցումները գործածելով, Մովսէսի եւ Դաւիթի պատմութիւններէն առնուելիք դասերը երեւան հանեցէք։

5 Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչը մեզի կու տայ նաեւ անոնց օրինակները, որոնք խրատը ընդունեցին։ Անոնցմէ արժէքաւոր դասեր կրնանք սորվիլ։ Ահաւասիկ մի քանի հատը.

ՄՈՎՍԷՍ. Իր աները իրեն գործնական խրատ մը տուաւ, որպէսզի կարենար իր ծանր բեռը տանիլ առանց իր առողջութիւնը քանդելու։ Մովսէս մտիկ ըրաւ եւ անմիջապէս գործադրեց տրուած խրատը։ (Ելից 18։13–24)

Հակառակ անոր որ Մովսէս շատ մեծ հեղինակութիւն ունէր, ան ինչո՞ւ ականջ տուաւ խոհեմ խրատի մը։ (Բաղդատել Թուոց 12։3)։ Այդ յատկութիւնը որքա՞ն կարեւոր է մեզի համար։ (Սոփոնիա 2։3)

ԴԱՒԻԹ. Ան պոռնկութիւն գործեց եւ անկէ զատ, ծրագրեց այդ կնկան ամուսինը սպաննել տալ, որպէսզի կարենար անոր հետ ամուսնանալ եւ այսպիսով ծածկել իր գործած շնութիւնը։ Ամիսներ ետք, Եհովա Նաթան մարգարէն ղրկեց զինք յանդիմանելու համար։ (Բ. Թագաւորաց 11։2–12։12)

Արդեօք Դաւիթ բարկացա՞ւ երբ յանդիմանուեցաւ, կամ իր սխալը նսեմացո՞ւց, կամ փորձե՞ց իր սխալը ուրիշի վրայ նետել։ (Բ. Թագաւորաց 12։13. 51–րդ Սաղմոսին վերնագիրը եւ 1–3–րդ համարները) Քանի որ Աստուած ընդունեց Դաւիթի զղջումը, անիկա կը նշանակէ՞ր որ Դաւիթ եւ իր ընտանիքը ազատուած էին իր սխալ վարքին գէշ հետեւանքներէն։ (Բ. Թագաւորաց 12։10, 11, 14. Ելից 34։6, 7)

6. (ա) Դաւիթ ի՞նչ զգաց իրեն ողջամիտ խրատ տուողներուն հանդէպ։ (բ) Ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ եթէ այսպիսի խրատներ մտիկ ընելու պատրաստակամ ըլլանք։ (գ) Եթէ խստօրէն խրատուինք, ի՞նչ բան պէտք չէ մոռնանք։

6 Դաւիթ Թագաւոր շատ լաւ գիտէր ողջամիտ խրատ մտիկ ընելու օգուտները։ Առիթով մը, ան Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնեց զինք խրատողին համար։ (Ա. Թագաւորաց 25։32–35. տես նաեւ Առակաց 9։8)։ Մենք ալ Դաւիթի կը նմանի՞նք։ Եթէ այո, այն ատեն մենք ալ պիտի զգուշանանք ըսելէ կամ ընելէ բաներ, որոնց համար պիտի զղջանք հետագային։ Բայց, եթէ պարագաներու բերմամբ, մենք ալ խստօրէն կրթութիւն ստանանք՝ ինչպէս Դաւիթ Բերսաբէի հետ իր գործած մեղքին պատճառով ստացաւ՝ բնաւ չմոռնանք որ այդ կրթութիւնը Եհովայի սիրոյն մէկ ապացոյցն է, մեր յաւիտենական բարօրութեան համար։—Առակաց 3։11, 12. 4։13

ՄՇԱԿԵԼԻՔ ԱՆԳԻՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

7. Յիսուս ի՞նչ յատկութիւն ցոյց տուաւ զոր մարդիկ պէտք է ունենան Թագաւորութիւնը մտնելու համար։

7 Եհովայի եւ մեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն հետ լաւ յարաբերութիւն մը ունենալու համար, անհատապէս կարգ մը յատկութիւններ պէտք է մշակենք։ Յիսուս այդ յատկութիւններէն մէկը ցցուն ըրաւ երբ մանուկ մը բերաւ իր աշակերտներուն մէջ եւ ըսաւ. «Եթէ դարձի չգաք եւ տղոց պէս չըլլաք, երկնքի թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք։ Ուստի ով որ իր անձը այս տղուն պէս խոնարհեցնէ, անիկա է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ»։ (Մատթէոս 18։3, 4) Իր աշակերտները փոփոխութիւններ պէտք էր ընէին. իրենց հպարտութիւնը իրենց մէջէն պէտք էր վանէին եւ խոնարհութիւն մշակէին։

8. (ա) Որո՞նց դիմաց ալ խոնարհ պէտք է ըլլանք եւ ինչո՞ւ։ (բ) Եթէ խոնարհ ենք, խրատի դիմաց ի՞նչ հակազդեցութիւն ցոյց պիտի տանք։

8 Պետրոս առաքեալ հետագային գրեց ընկեր Քրիստոնեաներուն. «Ամէնքդ իրարու հնազանդ ըլլալով՝ խոնարհութիւն հագէք. վասնզի Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։ (Ա. Պետրոս 5։5) Գիտենք որ պէտք է խոնարհինք Աստուծոյ առջեւ, բայց այս համարը մեզ կը քաջալերէ որ մեր հաւատակիցներուն հետ մեր ունեցած յարաբերութեանց մէջ ալ խոնարհ կամ հեզ ըլլանք։ Եթէ այդպէս ըլլանք, անոնց մեզի տուած թելադրութիւններուն հանդէպ յիմարօրէն դժգոհութիւն պիտի չյայտնենք։ Պէտք է յօժարինք իրարմէ սորվիլ։ (Առակաց 12։15) Իսկ երբ, մեր եղբայրները կարիքը տեսնեն մեզի սրբագրիչ խրատներ տալու, եթէ խորհինք որ Եհովա այս կերպով մեզ կը կաղապարէ, այն ատեն պիտի չմերժենք զանոնք։—Սաղմոս 141։5

9. (ա) Ո՞ր կարեւոր յատկութիւնը սերտօրէն կապուած է խոնարհութեան հետ։ (բ) Ուրիշներուն վրայ մեր վարմունքին ունեցած ազդեցութեամբ ինչո՞ւ հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք։

9 Ուրիշ յատկութիւն մը որ սերտօրէն կապուած է խոնարհութեան հետ, ուրիշներուն բարօրութեամբ անկեղծօրէն հետաքրքրուիլն է։ Չենք կրնար անտարբեր գտնուիլ, երբ գիտենք թէ մեր ընթացքը կ’ազդէ ուրիշներուն։ Պօղոս առաքեալ Կորնթոսի եւ Հռովմի նախկին Քրիստոնեաներուն խրատեց որ ուրիշներուն խղճմտանքը նկատի առնեն։ Պօղոս չէր ըսեր որ անհատ մը մէկ կողմ պէտք է դնէ իր բոլոր նախասիրութիւնները, այլ, ան կը յորդորէր զանոնք որ չընեն բան մը որ պատճառ ըլլայ ուրիշի մը հոգեւոր անկման, զայն մղելով որ իր խղճին հակառակ գործէ։ Այս սկզբունքը յստակօրէն բացատրելով, Պօղոս գրեց. «Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ ...։ Արդ, թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք։ Գայթակղութեան պատճառ մի՛ ըլլաք՝ ո՛չ Հրեաներուն, եւ ո՛չ հեթանոսներուն եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցիին [ժողովքին]»։—Ա. Կորնթացիս 10։24–33. 8։4–13. Հռովմայեցիս 14։13–23

10. Ի՞նչ բան կրնայ ապացուցանել որ մեզի տրուած սուրբ գրային խրատը կը գործադրենք կամ ոչ։

10 Արդեօք դուք մէ՞կն էք որ ուրիշներուն օգուտը ձեր անձնական նախընտրութիւններէն առաջ կը դասէք։ Ասիկա կարելի է ընել շատ մը կերպերով, բայց նկատի առէք օրինակ մը. Ընդհանուր առմամբ խօսելով, հագուելակերպը եւ յարդարանքը անձնական ճաշակի հետ կապ ունին, այնքան ատեն որ համեստ, մաքուր եւ կոկիկ ենք։ Բայց եթէ պատահի որ ձեր հագուելակերպին եւ յարդարանքին պատճառով, ձեր համայնքի մարդիկը կը մերժեն Թագաւորութեան պատգամին ականջ տալ, ասիկա գիտնալով բարեճշդումներ պիտի ընէ՞ք։ Արդեօք ուրիշի մը կեանքը ձեզի համար աւելի արժէք ունի՞ քան ձեր ինքնահաճութիւնը։

11. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ կարեւոր է մշակել այս յատկութիւնները եթէ իսկապէս կ’ուզենք Քրիստոնեաներ ըլլալ։

11 Երբ վերոյիշեալ յատկութիւնները մեր անձնաւորութեան մէկ մասը ըլլան, ասիկա կ’ապացուցանէ որ մենք Քրիստոսի միտքը սկսած ենք ունենալ։ Յիսուս խոնարհութեան կատարեալ օրինակ մը հանդիսացաւ։ (Յովհաննու 13։12–15. Փիլիպպեցիս 2։5–8) Ուրիշներուն հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց տալով՝ փոխանակ միայն իր անձին հաճոյ ըլլալու՝ ան մեզի օրինակ մը հանդիսացաւ որու պէտք է հետեւինք։—Հռովմայեցիս 15։2, 3

ԵՀՈՎԱՅԻ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻ՛ ՄԵՐԺԷՔ

12. (ա) Բոլորս ալ ի՞նչ փոփոխութիւններ պէտք է ընենք եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ հաճելի անձնաւորութիւն մը ունենալ։ (բ) Ի՞նչ բաները պիտի օգնեն մեզի։

12 Քանի որ բոլորս ալ մեղաւորներ ենք, մեր երկնաւոր Հօրը անձնաւորութիւնը ցոլացնելու համար, մեզմէ պահանջուած է մեր խօսակցութեան, վարքին եւ կեցուածքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնել։ ‘Նոր անձնաւորութիւնը’ պէտք է հագնինք։ (Կողոսացիս 3։5–14. Տիտոս 2։11–14) Խրատը եւ կրթութիւնը մեզի կ’օգնեն գիտնալու թէ ո՛ր մարզերուն մէջ վերաճշդումներ պէտք է ընենք եւ յետոյ նայինք թէ ի՛նչպէս կրնանք ընել զանոնք։

13. (ա) Եհովա ի՞նչ միջոցաւ մեզի խրատ եւ կրթութիւն կը հայթայթէ։ (բ) Ի՞նչ պէտք է ընենք։

13 Այդ խրատին բուն հիմը Աստուածաշունչն է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Յետոյ, սուրբ գրային գրականութիւններու եւ Իր տեսանելի կազմակերպութեան կողմէ կազմակերպուած ժողովներու միջոցաւ, Եհովա կ’օգնէ մեզի որ այդ խրատները կիրարկենք։ Խոնարհութեամբ պիտի ընդունի՞նք որ անոնց կարիքը ունինք, հոգ չէ թէ նախապէս արդէն լսած էինք այդ մասին եւ յարատեւաբար պիտի ջանա՞նք բարելաւումներ ընել։

14. Տակաւին, Եհովա յաւելեալ ի՞նչ օգնութիւն կու տայ մեզի անհատապէս։

14 Եհովա մեզ առանձին չի թողուր այն պայքարներուն մէջ, որոնք մեզի համար մասնաւոր հարց մըն են։ Սիրալիր հետաքրքրութեամբ, ան անձնական օգնութիւն տալու համար կարգադրութիւններ կ’ընէ։ Միլիոնաւոր անհատներ, Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններով այս օգնութիւնը ստացած են։ Ծնողներ մասնաւոր պատասխանատուութիւնը ունին իրենց զաւակները կրթելու, զիրենք պահպանելու համար հետագային այնպիսի վարմունք մը ունենալէ, որ շատ սրտցաւ կրնայ պատճառել։ (Առակաց 6։20–35. 15։5) Ժողովքին մէջն ալ, անոնք որոնք հոգեւոր որակումներ ունին, պատասխանատուութիւնը ունին համարներու գործածութեամբ սրբագրել ուրիշները, երբ անոր կարիքը տեսնուի, անշուշտ հեզութեան հոգիով մը ընելով ասիկա։ (Գաղատացիս 6։1, 2) Այս կերպերով Եհովա մեզ կը խրատէ եւ կը կրթէ, որպէսզի զինք պաշտենք որպէս միակամ ժողովուրդ մը։

ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ

● Եհովա ինչպէ՞ս սիրալիր կերպով կ’օգնէ մեզի տեսնելու թէ անհատապէս ի՛նչ վերաճշդումներ ընելու կարիքը ունինք։

● Ինչո՞ւ շատեր խրատ ընդունելու դժուարութիւն ունին։ Ասիկա որքա՞ն լուրջ է։

● Ո՞ր անգին յատկութիւնները պիտի օգնեն մեզի որ խրատ ընդունողներ ըլլանք։ Ասոր մէջ Յիսուս ինչպէ՞ս օրինակ հանդիսացաւ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել