Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 2/1 էջ 28-31
  • Ուրիշներ ձեր խրատը կ’ընդունի՞ն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ուրիշներ ձեր խրատը կ’ընդունի՞ն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Հեզութեան Հոգիով Ուղղութեան Բերէք»
  • Շնորհալի Կերպով Խրատեցէք
  • Խոնարհութիւնով Խրատեցէք
  • Խրատ մը Որ Ընդունուեցաւ
  • «Իմաստուններուն խօսքերուն մտիկ ըրէ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Տուած խրատդ սիրտը կ’ուրախացնէ՞
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Խրատը մտիկ ըրէ, կրթութիւնը ընդունէ
    Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
  • Ինչպէ՞ս պէտք է խրատ տանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 2/1 էջ 28-31

Ուրիշներ ձեր խրատը կ’ընդունի՞ն

ՊԱՏՇԱՃ կերպով տրուած խրատ մը մի՛շտ լաւ արդիւնք կու տայ։ Ճի՞շդ է։ Ո՜չ, սխալ է։ Նոյնիսկ ատակ խրատատուի մը կողմէ տրուած լաւագոյն խրատն անգամ յաճախ չ’ընդունուիր կամ կը մերժուի։—Առակաց 29։19

Ասիկա պատահեցաւ, երբ Եհովա խրատեց Կայէնը, որ իր եղբօր՝ Աբէլի՝ հանդէպ ատելութիւն զարգացուցած էր։ (Ծննդոց 4։3-5) Գիտնալով որ ասիկա վտանգաւոր էր Կայէնի համար, Աստուած անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ բարկացար ու ինչո՞ւ երեսդ կախեցիր. եթէ աղէկ ընես, ընդունելի չըլլա՞ր։ Եթէ աղէկ չընես, մեղքը դրանը քով պառկած է եւ անիկա քեզի պիտի հնազանդի ու դուն անոր պիտի իշխես»։—Ծննդոց 4։6, 7

Այս կերպով, Եհովա մեղքը նմանցուց գիշատիչի մը, որ Կայէնի վրայ պիտի յարձակէր, եթէ ան շարունակէր իր եղբօր դէմ չար նախանձ սնուցանել։ (Համեմատել՝ Յակոբու 1։14, 15։) Կայէն ժամանակ ունէր իր կեցուածքը փոխելու. փոխանակ աղիտալի ընթացքի մը հետեւելու, կրնար ‘աղէկը ընել’։ Դժբախտաբար, Կայէն ըսուածին ուշադրութիւն չըրաւ։ Ան մերժեց Եհովայի խրատը, ծանր հետեւանքներ կրելով։

Ոմանք իրենց տրուած որեւէ խրատի դէմ կ’ընդվզին ու կը մերժեն զայն։ (Առակաց 1։22-30) Երբ խրատը մերժուի, արդեօք խրատը տուողի՞ն է սխալը։ (Յոբայ 38։2) Արդեօք դուք որ խրատը կու տաք, զայն ընդունիլը կը դժուարացնէ՞ք։ Մարդկային անկատարութիւնը ասիկա իրապէս վտանգաւոր կը դարձնէ։ Բայց դուք Աստուածաշունչի սկզբունքներուն ուշադրութեամբ հետեւելով անոր հաւանականութիւնը կը նուազեցնէք։ Այդ սկզբունքներէն քանի մը հատը նկատի առնենք։

«Հեզութեան Հոգիով Ուղղութեան Բերէք»

«Եղբա՛յրներ, եթէ մէկը ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ, դուք որ հոգեւոր էք [«հոգեւոր որակումներ ունիք», ՆԱ], այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէք։ Քու անձիդ ալ զգուշութիւն ըրէ որ չըլլայ թէ փորձութեան մէջ իյնաս»։ (Գաղատացիս 6։1) Ուստի, Պօղոս առաքեալ նշեց որ «հոգեւոր որակումներ» ունեցողները պէտք է ջանան սրբագրել Քրիստոնեայ մը, որ ‘որեւէ յանցանքով կը բռնուի’։ Երբեմն այնպէս կը թուի որ անոնք որոնք ասիկա ընելու նուազագոյն որակումը ունին, իրենք են որ խրատ տալու հակումը կ’ունենան։ Ուստի, ուրիշներուն խրատ տալու մէջ արագ մի՛ ըլլաք։ (Առակաց 10։19. Յակոբու 1։19. 3։1) Գլխաւորաբար ժողովքին երէցները որակելի են ասիկա ընելու։ Անշուշտ, ոեւէ հասուն Քրիստոնեայ, երբ տեսնէ որ եղբայր մը վտանգի ճամբուն մէջ է, պէտք է զինք զգուշացնէ։

Եթէ խրատ մը կու տաք, վստահ եղէք որ ձեր ըսածը աստուածային իմաստութեան վրայ հիմնուած ըլլայ եւ ոչ թէ՝ մարդկային տեսութիւններու եւ փիլիսոփայութիւններու վրայ։ (Կողոսացիս 2։8) Ուշադիր խոհարարի մը նման եղէք, որ հոգ կը տանի որ իր գործածած որեւէ տարր լաւորակ ըլլայ եւ՝ թունաւորումէ զերծ։ Վստահ եղէք որ ձեր խրատը լաւ կերպով հաստատուած ըլլայ Աստուծոյ Խօսքին վրայ, եւ ոչ թէ՝ պարզապէս ձեր անձնական կարծիքներուն վրայ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Այսպէս ընելով, կրնաք վստահ ըլլալ որ ձեր խրատը վնաս պիտի չհասցնէ ոեւէ մէկուն։

Խրատին նպատակն է մոլորեալը ‘ուղղութեան բերել’ եւ ոչ թէ ստիպել որ դժկամելով փոփոխութիւն ընէ։ «Ուղղութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը կապուած է արտայայտութեան մը հետ, որ յաւելեալ վնասներ չհասցնելու համար տեղէն ելած ոսկոր մը տեղը դնելու հետ առնչուած է։ Բառարանագիր Ուիլիըմ Վայնի համաձայն, անիկա նաեւ կը թելադրէ «համբերութեան եւ ընթացքին մէջ յարատեւելու» անհրաժեշտութիւնը։ Երեւակայեցէք, անհարկի ֆիզիքական ցաւեր պատճառելէ խուսափելու համար պահանջուած փափկութիւնը եւ հմտութիւնը։ Նոյն կերպով, խրատ տուողը շատ մեծ հոգածութեան պէտք ունի, որպէսզի խրատուած անհատը վիրաւորելէն զգուշանայ։ Ասիկա բաւական դժուար է, երբ անհատ մը ձեզմէ խրատ կ’ուզէ։ Իսկ եթէ խրատը խնդրուած չէ, շատ աւելի հմտութիւն եւ փափկանկատութիւն կը պահանջուին։

Վստահաբար պիտի չկարենաք ‘ուղղել’ ոեւէ մէկը, եթէ զինք խրտչեցնէք։ Ասկէ զգուշանալու համար, ի մտի ունեցէք «գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը» ցուցաբերելու կարեւորութիւնը։ (Կողոսացիս 3։12) Եթէ բժիշկ մը անհամբեր եւ անտեղիօրէն կոշտ ըլլայ, հիւանդը կրնայ անտեսել իր տուած խրատը եւ բնաւ չվերադառնալ հարկ եղած դարմանումներուն համար։

Ասիկա չի նշանակեր որ խրատը թոյլ պիտի ըլլայ։ Յիսուս Քրիստոս երբ Ասիոյ նահանգին եօթը ժողովքները կը խրատէր՝ շատ հաստատօրէն ըրաւ ասիկա։ (Յայտնութիւն 1։4. 3։1-22) Անոնց տուաւ կարգ մը շատ շեշտակի խրատներ, զորս լսելու եւ գործադրելու կարիքը ունէին։ Բայց Յիսուսի հաստատ կեցուածքը միշտ հաւասարակշռուած էր կարեկցութեան եւ ազնուութեան յատկութիւններուն հետ, իր երկնաւոր Հօր սիրալիր հոգին արտացոլացնելով։—Սաղմոս 23։1-6. Յովհաննու 10։7-15

Շնորհալի Կերպով Խրատեցէք

«Ձեր խօսքերը միշտ շնորհալի թող ըլլան, աղով համեմուած, եւ գիտցէք՝ ի՛նչպէս պէտք է պատասխանէք իւրաքանչիւր մարդու»։ (Կողոսացիս 4։6, Անթիլիաս) Աղը կերակուրին համը մէջտեղ կը հանէ, զայն աւելի ախորժաբեր դարձնելով։ Եթէ կ’ուզէք որ ձեր խրատը քիմքի հաճելի ըլլայ, պէտք է զայն ներկայացնէք ‘շնորհալի կերպով ու աղով համեմուած’։ Սակայն, նոյնիսկ լաւագոյն տարրերը գործածելով, կերակուր մը կրնայ գէշ կերպով պատրաստուիլ, կամ անգրաւիչ կերպով հրամցուիլ։ Ասիկա ոեւէ մէկու ախորժակը չի սրեր։ Իրականութեան մէջ, անհամ բան մը նոյնիսկ մէկ պատառ կլլելը կրնայ դժուար ըլլալ։

Երբ կը խրատենք, կարեւոր է շիտակ բառերը ընտրել։ Իմաստուն մարդը Սողոմոն ըսաւ. «Յարմարութեամբ [«ատենին», ՆԱ] ըսուած խօսքը արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու կը նմանի»։ (Առակաց 25։11) Ան իր մտքին մէջ ունեցած ըլլալու է գեղեցիկ կերպով փորագրուած արծաթէ ափսէ մը, որու վրայ շատ սիրուն ոսկիէ խնձորներ քանդակուած են։ Անիկա ի՜նչ հաճելի է աչքերուն, եւ նման նուէր մը ստանալը որքա՜ն պիտի գնահատէիք։ Նոյն կերպով, լաւ ընտրուած շնորհալի խօսքերը կրնան զօրաւոր կերպով ձեր օգնել փափաքած անհատին սրտին խօսիլ։—Ժողովողի 12։9, 10

Ասոր հակառակը, «խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ»։ (Առակաց 15։1) Լաւ կերպով չընտրուած խօսքերը կրնան դիւրութեամբ ցաւցնել եւ բարկացնել, փոխանակ երախտագիտութիւն արթնցնելու։ Իրականութեան մէջ, ոչ միայն լաւ չընտրուած խօսքերը, այլ նաեւ ձայնի թոնը կրնայ պատճառ ըլլալ որ անհատ մը մերժէ հիմնականօրէն լաւ խրատ մը։ Անփափկանկատ եւ անզգայ կերպով խրատ մը տալը կրնայ անհատի մը վրայ զէնքով յարձակելու չափ վնաս հասցնել։ «Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն», կ’ըսէ Առակաց 12։18–ը։ Ինչո՞ւ անխոհեմաբար խօսինք եւ պատճառ ըլլանք որ անհատ մը խրատի անսալու դժուարութիւն ունենայ։—Առակաց 12։15

Ինչպէս Սողոմոն ըսաւ, խրատ մը պէտք է ‘ատենին ըսուի’։ Խրատ մը յաջողութիւն գտնելու համար, ժամանակը շա՛տ կարեւոր է։ Բացայայտ է որ իր ախորժակը կորսնցուցած անհատ մը թերեւս չգնահատէ կերակուր մը։ Կրնայ ըլլալ որ ան տակաւին նոր լաւ ճաշ մը կերած է, կամ թերեւս հիւանդ է։ Ուտելու փափաք չունեցողի մը ստիպմամբ կերցնելը ո՛չ իմաստութիւն է, ո՛չ ալ ընդունելի։

Խոնարհութիւնով Խրատեցէք

«Իմ ուրախութիւնս դո՛ւք լեցուցէք, նոյն խորհուրդը ունեցէ՛ք, միեւնոյն սէրը ձեր մէջ ունենալով, մէ՛կ շունչ, . . . բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք. միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ»։ (Փիլիպպեցիս 2։2-4) Եթէ լաւ խրատ տուող մըն էք, ձեր շարժառիթը պէտք է ըլլայ ուրիշներուն ‘շահը փնտռել’։ Ձեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ «խոնարհութիւնով» պէտք է վարուիք, ուրիշները ձեզմէ գերադաս նկատելով։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։

Խոնարհութիւնը արգելք պիտի ըլլայ դուք ձեզ գերադաս տեսնելու, կամ ձեր ձայնը բարձրացնելու։ Մեզմէ ո՛չ մէկը ինքզինք իր հաւատակիցներէն գերադաս զգալու պատճառ մը ունի։ Բոլորս ալ երբեմն թերութիւններ կ’ունենանք։ Քանի որ չէք կրնար սրտերը կարդալ, կարեւոր է որ ձեր խրատած անհատին շարժառիթները չդատէք։ Ան կրնայ որեւէ գէշ շարժառիթ չունենալ, կամ՝ չանդրադառնալ որ որեւէ սխալ կեցուածքի կամ արարքի մէջ է։ Նոյնիսկ եթէ որոշ չափով կը գիտակցի որ Աստուծոյ պահանջներէն շեղած է, անկասկած իրեն համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ տրուած խրատը ընդունիլ, եթէ անիկա խոնարհութիւնով տրուի, իր հոգեւոր բարօրութեան հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն տեսնելով։

Երեւակայեցէք թէ ի՛նչպէս պիտի զգայիք, եթէ ճաշի մը հրաւիրուած ըլլայիք եւ ձեր հիւրընկալը ձեզի հետ վարուէր պաղ ու անտարբեր կերպով։ Վստահաբար այդ ճաշէն հաճոյք պիտի չառնէիք։ Արդարեւ, «աւելի աղէկ է սէր եղած տեղը խոտեղէն կերակուրը, քան թէ գէր զուարակը՝ ատելութիւնով»։ (Առակաց 15։17) Նմանապէս, նոյնիսկ լաւագոյն խրատը դժուարամարս կ’ըլլայ, եթէ խրատատուն յայտնի ընէ թէ չ’ախորժիր խրատ տուած անհատէն, կամ զինք նուաստացնէ եւ գէշ կացութեան մատնէ։ Սակայն, սէրը, փոխադարձ յարգանքն ու վստահութիւնը խրատ տալը եւ ստանալը պիտի դիւրացնեն։—Կողոսացիս 3։14

Խրատ մը Որ Ընդունուեցաւ

Նաթան մարգարէն խոնարհութիւն ցոյց տուաւ, երբ խրատեց Դաւիթ Թագաւորը։ Նաթանի խօսքերուն եւ արարքին մէջ սէր եւ յարգանք կը տեսնուէին Դաւիթի հանդէպ։ Նաթան օրինակով մը սկսաւ, հաշուի առնելով որ թերեւս Դաւիթի համար կրնար դժուար ըլլալ խրատ մտիկ ընելը։ (Բ. Թագաւորաց 12։1-4) Մարգարէն իրաւունքի եւ արդարութեան հանդէպ Դաւիթի սիրոյն կոչ ըրաւ, հակառակ անոր որ Բերսաբէի հետ իր արարքներուն մէջ ասիկա բացայայտ չէր։ (Բ. Թագաւորաց 11։2-27) Երբ տրուած օրինակին միտքը շեշտուեցաւ, Դաւիթի սրտանց հակազդեցութիւնը եղաւ. «Տէրոջը դէմ մեղք գործեցի»։ (Բ. Թագաւորաց 12։7-13) Եհովայի չանսացող Կայէնի հակառակը, Դաւիթ խոնարհաբար ընդունեց սրբագրութիւնը։

Կասկած չկայ որ Եհովան ուղղութիւն տուաւ Նաթանի, նկատի առնելով Դաւիթի անկատարութիւնը եւ այն հաւանականութիւնը որ թերեւս ան աննպաստ կերպով հակազդէր։ Նաթան շատ մեծ փափկանկատութեամբ վարուեցաւ եւ բացայայտօրէն Դաւիթը իրմէ գերադաս սեպեց, որպէս Եհովայի կողմէ նշանակուած թագաւոր անոր դիրքը նկատի ունենալով։ Եթէ դուք հեղինակութեան որոշ դիրք մը ունիք, կրնաք պատշաճ խրատներ տալ, բայց ձեր խրատները դժուար պիտի ընդունուին, եթէ խոնարհութիւն ցոյց չտաք։

Նաթան խոնարհութիւնով սրբագրեց Դաւիթը։ Մարգարէին խօսքերը շնորհալի եւ հոգածութեամբ պատրաստուած էին, որպէսզի Դաւիթ այնպէս մը ընդառաջէր որ իր լաւագոյն օգտին ծառայէր։ Նաթան անձնական հետաքրքրութեամբ մղուած չէր, ոչ ալ փորձեց բարոյական կամ հոգեւոր գետնի վրայ Դաւիթէն գերադաս ըլլալու հովեր առնել։ Շիտակ խօսքերը յարմար կերպով ըսելու ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը։ Եթէ դուք ալ նման հոգի մը ցուցաբերէք, շատ աւելի հաւանականութիւն կայ որ ուրիշներ ձեր խրատը ընդունին։

[Նկար՝ էջ 28]

Սննդարար կերակուրի նման, ձեր խրատը պէտք է առողջարար ըլլայ

[Նկար՝ էջ 30]

Նաթան մարգարէն իրաւունքի եւ արդարութեան հանդէպ Դաւիթի սիրոյն խոնարհաբար կոչ ըրաւ

[Նկար՝ էջ 31]

Ձեր խրատները արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու նման կը ներկայացնէ՞ք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել