Աստուծոյ Խօսքը կարդայ եւ ճշմարտութեամբ իրեն ծառայէ
«Ո՛վ Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ, որպէսզի քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ»։—ՍԱՂՄՈՍ 86։11
1. Այս պարբերաթերթին առաջին թիւը ամփոփ կերպով ի՞նչ ըսած էր ճշմարտութեան մասին։
ԵՀՈՎԱ լոյս եւ ճշմարտութիւն կը ղրկէ։ (Սաղմոս 43։3) Ան նաեւ իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ կարդալու եւ ճշմարտութիւնը սորվելու կարողութիւն կու տայ։ Այս պարբերաթերթին Յուլիս 1879–ի առաջին թիւին մէջ ըսուած էր. «Ճշմարտութիւնը՝ կեանքի անապատին մէջ գտնուող համեստ ծաղիկի մը նման, կեղծիքի որոմներու փարթամ աճին կողմէ շրջապատուած եւ գրեթէ խեղթուած է։ Եթէ կ’ուզէք զայն գտնել, շատ արթուն պէտք է ըլլաք։ Եթէ կ’ուզէք անոր գեղեցկութիւնը տեսնել, կեղծիքի որոմներն ու սնապաշտութեան տատասկները պէտք է մէկդի ընէք։ Եթէ կ’ուզէք անոր տիրանալ, պէտք է ծռիք զայն քաղելու համար։ Ճշմարտութեան միայն մէկ ծաղիկով մի՛ բաւարարուիք։ Եթէ մէկ հատը բաւարար ըլլար, այսքան այլազանութիւն ստեղծուած չէր ըլլար։ Միշտ քաղելու նայեցէք, շարունակեցէ՛ք աւելին փնտռել»։ Աստուծոյ Խօսքը կարդալը եւ ուսումնասիրելը մեզի պիտի օգնեն որ ճշգրիտ գիտութիւն ունենանք եւ ճշմարտութեան մէջ քալենք։—Սաղմոս 86։11
2. Երբ Եզրաս եւ ուրիշներ վաղեմի Երուսաղէմի մէջ Աստուծոյ Օրէնքը կարդացին, հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։
2 Հ.Դ.Ա. 455–ին Երուսաղէմի պարիսպները շինուելէ ետք, Եզրաս քահանան եւ ուրիշներ Աստուծոյ Օրէնքը կարդացին Հրեաներուն։ Ասոր յաջորդեց Տաղաւարներու զուարթ Տօնախմբութիւնը, մեղքերու խոստովանութիւնը, որ «հաստատ ուխտ»ով մը աւարտեցաւ։ (Նէեմեայ 8։1–9։38) Կը կարդանք. «Անոնք Աստուծոյ օրէնքին գիրքը յստակ կերպով կարդացին ու մեկնելով կարդացածնին հասկցուցին»։ (Նէեմեայ 8։8) Ոմանք այդ միտքը կ’արտայայտեն թէ Հրեաները լաւ Եբրայերէն չէին գիտեր, անոր համար Արամերէնով մեկնութիւն տրուեցաւ անոնց։ Բայց համարը չի նշեր որ լեզուական պարզ մեկնաբանութիւն էր կատարուածը։ Եզրաս եւ ուրիշներ Օրէնքները մեկնեցին, որպէսզի ժողովուրդը անոնց սկզբունքները եւ կիրարկումը ըմբռնէր։ Քրիստոնէական գրականութիւններուն եւ ժողովներուն ալ նպատակն է Աստուծոյ Խօսքը ‘հասկցնել’։ Նշանակուած երէցները ‘սորվեցնելու որակումը’ ունենալով, ա՛յս է որ կ’ընեն։—Ա. Տիմոթէոս 3։1, 2, ՆԱ. Բ. Տիմոթէոս 2։24
Մնայուն Օգուտներ
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն քաղուած կարգ մը օգուտները ի՞նչ են։
3 Երբ Քրիստոնեայ ընտանիքներ միասնաբար Աստուածաշունչ կարդան, շատ հաւանաբար մնայուն օգուտներ կը քաղեն։ Անոնք Աստուծոյ օրէնքներուն կ’ընտելանան եւ վարդապետութիւններու, մարգարէութիւններու եւ ուրիշ նիւթերու շուրջ ճշմարտութիւնը կը սորվին։ Աստուծաշունչէն հատուած մը կարդալէ ետք, ընտանիքին գլուխը կրնայ հարցնել. Ասիկա ի՞նչ կերպով կ’ազդէ մեզի։ Ասիկա ի՞նչ կապակցութիւն ունի Աստուածաշունչի ուրիշ ուսուցումներուն հետ։ Այս կէտերը ի՞նչպէս կրնանք գործածել բարի լուրը քարոզելու ժամանակ։ Ընտանիք մը շատ աւելի ներատեսութիւն պիտի զարգացնէ, երբ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը կատարէ Դիտարանի Գրականութեանց Նիւթերու Ցանկին հետ եւ ուրիշ նիւթերու մէջէն փնտռտուքներ կատարէ։ Շատ օգտակար կրնայ ըլլալ Խորաթափանց Ակնարկ մը Սուրբ Գրութիւններու Վրայ (Անգլ). երկհատոր գրականութեան գործածութիւնը։
4. Յեսուն ի՞նչպէս պիտի կիրարկէր Յեսուայ 1։8–ի խրատը։
4 Աստուածաշունչէն քաղուած սկզբունքները կրնան կեանքի մէջ մեզի ուղղութիւն տալ։ Ասկէ զատ, ‘սուրբ գրութիւնները կարդալն ու ուսումնասիրելը կրնան մեզ իմաստուն ընել՝ փրկուելու համար’։ (Բ. Տիմոթէոս 3։15) Եթէ թոյլ տանք որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ առաջնորդէ, պիտի շարունակենք իր ճշմարտութեան մէջ քալել եւ մեր արդարացի փափաքները պիտի իրականացուին։ (Սաղմոս 26։3. 119։130) Սակայն, Մովսէսի յաջորդին՝ Յեսուի՝ նման, մենք ալ հասկնալու հետամուտ պէտք է ըլլանք։ «Օրէնքի գիրքը» իր բերնէն պէտք չէր զատուեր, հապա զայն ցորեկ ու գիշեր պէտք էր կարդար։ (Յեսուայ 1։8) Ասիկա կը նշանակէր որ Յեսու պէտք չէր դադարեր անկէ ստացած լուսաբանութիւնները ուրիշներու հաղորդելէ։ Օրէնքը ցորեկ ու գիշեր կարդալ կը նշանակէր որ Յեսու անոր վրայ պէտք էր խորհէր, զայն ուսումնասիրէր։ Պօղոս առաքեալ ալ յորդորեց Տիմոթէոսը որ իր վարքին, ծառայութեան եւ ուսուցումին վրայ ‘խորհէր’՝ խոր կերպով մտածէր։ Քրիստոնեայ երէց մը ըլլալով, Տիմոթէոս շատ զգոյշ պէտք էր ըլլար որ օրինակելի կեանք մը ունենար եւ սուրբ գրքի ճշմարտութիւնը սորվեցնէր։—Ա. Տիմոթէոս 4։15
5. Եթէ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը կ’ուզենք գտնել, ի՞նչ բանի կարիքը ունինք։
5 Աստուծոյ ճշմարտութիւնը անգին գանձ մըն է։ Զայն գտնելու համար պէտք է փորել, անվերջ Աստուածաշունչը հետազօտել։ Մեծ Ուսուցիչին մանկանման աշակերտները ըլլալով է որ միայն կրնանք իմաստութիւն ստանալ եւ Եհովայի հանդէպ յարգալից վախ ունենալ։ (Առակաց 1։7. Եսայեայ 30։20, 21) Անշուշտ, Սուրբ Գրքէն փաստեր պէտք է ունենանք։ (Ա. Պետրոս 2։1, 2) Բերիայի Հրեաները «Թեսաղոնիկէի մէջ եղողներէն աւելի ազնիւ մարդիկ էին, որոնք Աստուծոյ խօսքը կատարեալ յօժարութեամբ ընդունեցին եւ ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ այս բաները [Պօղոսի ըսածները] ճի՞շդ են»։—Գործք 17։10, 11
6. Յիսուս ինչո՞ւ ըսաւ որ Սուրբ Գրութիւնները քննող կարգ մը Հրեաներ անկէ չօգտուեցան։
6 Յիսուս կարգ մը Հրեաներու ըսաւ. «Գրքերը քննեցէք, վասնզի կը կարծէք թէ անոնցմով կրնաք յաւիտենական կեանք ունենալ։ Ահա բուն անոնք են, որ ինծի համար կը վկայեն. եւ դուք չէք ուզեր ինծի գալ, որ կեանք ունենաք»։ (Յովհաննու 5։39, 40) Անոնք լաւ միտումով Սուրբ Գրութիւնները կը քննէին՝ կեանքի մէջ ուղղութիւն ստանալու համար։ Արդարեւ, անոնց մէջ կային Մեսիական մարգարէութիւններ, որոնք Յիսուսի կը մատնանշէին, որպէս կեանք շահելու միջոցը։ Բայց Հրեաները մերժեցին զինք։ Հետեւաբար, Սուրբ Գրութիւնները քննելը անոնց համար օգուտ չունեցաւ։
7. Աստուածաշունչի հասկացողութեան մէջ աճելու համար ի՞նչ բանի կարիքը կայ եւ ի՛նչու։
7 Աստուածաշունչի հասկացողութեան մէջ ուրճանալու համար, Աստուծոյ հոգիին, կամ գործօն ուժին կարիքը ունինք։ «Հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ», որպէսզի անոնց իմաստը երեւան հանէ։ (Ա. Կորնթացիս 2։10) Թեսաղոնիկէի Քրիստոնեաները իրենց լսած որեւէ մարգարէութիւն ‘կը փորձէին’, կամ կը ստուգէին։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։20, 21) Երբ Պօղոս Թեսաղոնիկեցիներուն գրեց շուրջ (Հ.Դ. 50–ին), այն ատեն Յունարէն Գրութիւններէն միայն Մատթէոսի Աւետարանը գրուած էր։ Ուստի, Թեսաղոնիկեցիները եւ Բերիացիները ամէն բան կրնային ստուգել, հաւանաբար Եբրայերէն Գրութիւններու Եօթանասնից թարգմանութիւնը քննելով։ Անոնք պէտք ունէին Սուրբ Գրութիւնները կարդալու եւ ուսումնասիրելու, ինչպէս՝ մենք։
Բոլորիս Համար Կենսական Է
8. Նշանակուած երէցները ինչո՞ւ գիտութեան մէջ գերազանց պէտք է ըլլան։
8 Նշանակուած երէցները գիտութեան մէջ գերազանց պէտք է ըլլան։ Անոնք ‘սորվեցնելու համար որակելի’ պէտք է ըլլան եւ ‘հաստատ բռնեն հաւատարիմ խօսքը’։ Տիմոթէոս տեսուչը ‘ճշմարտութեան խօսքը շիտակ պէտք էր բացատրէր’։ (Ա. Տիմոթէոս 3։2. Տիտոս 1։9. Բ. Տիմոթէոս 2։15) Տիմոթէոսի մայրը՝ Եւնիկէն՝ եւ մեծ–մայրը՝ Լաւոդիան՝ մանկութենէն իրեն սորվեցուցած էին սուրբ գրութիւնները, իր մէջ ‘անկեղծ հաւատք’ զետեղելով, հակառակ անոր որ հայրը հաւատացեալ մը չէր։ (Բ. Տիմոթէոս 1։5. 3։15) Հաւատացեալ հայրեր, իրենց զաւակները պէտք է մեծցնեն ‘Եհովայի խրատովը եւ վարժութիւնովը’, իսկ մանաւանդ հայր եղող երէցներ ‘հաւատացեալ զաւակներ պէտք է ունենան, որոնք անառակութեան համար ամբաստանուած կամ անհնազանդ չըլլան’։ (Եփեսացիս 6։4. Տիտոս 1։6) Ուստի, ի՛նչ որ ալ ըլլայ մեր պարագան, շատ լուրջի պէտք է առնենք Աստուծոյ Խօսքը կարդալու, ուսումնասիրելու եւ կիրարկելու կարիքը։
9. Ինչո՞ւ պէտք է Աստուածաշունչը ուսումնասիրենք ուրիշ հաւատակիցներու հետ։
9 Հաւատակիցներու ընկերակցութեամբ ալ Աստուծաշունչը պէտք է ուսումնասիրենք։ Պօղոս փափաքեցաւ որ Թեսաղոնիկեցի Քրիստոնեաները իրարու հետ խօսին իր տուած խրատներուն մասին։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։17) Ճշմարտութեան մեր հասկացողութիւնը սրելու համար, ուրիշ նուիրուած աշակերտներու հետ Սուրբ Գրութիւնները քննելը լաւագոյն կերպն է։ Շատ ճիշդ է հետեւեալ առակը. «Երկաթը երկաթով կը սրուի ու մարդը իր բարեկամին երեսը կը սրէ»։ (Առակաց 27։17) Երկաթէ գործիք մը կը ժանգոտի երբ չգործածուի, կամ չսրուի։ Մենք ալ կանոնաւորաբար պէտք է իրար քով գանք եւ իրար սրենք, Աստուծոյ ճշմարտութեան Խօսքը կարդալով, ուսումնասիրելով եւ անոր վրայ խոկալով, մեր ստացած գիտութիւնը իրարու հետ բաժնելով։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Սակայն, ասիկա ընելը հոգեւոր լոյսի շողերէն օգտուելու կերպերէն միայն մէկն է։—Սաղմոս 97։11. Առակաց 4։18
10. Ի՞նչ կը նշանակէ ճշմարտութեան մէջ քալել։
10 Երբ Սուրբ Գրութիւնները կ’ուսումնասիրենք, շատ տեղին է որ Աստուծոյ աղօթենք սաղմոսերգուին նման, որ ըսաւ. «Քու լոյսդ ու ճշմարտութիւնդ ղրկէ, որպէսզի անոնք առաջնորդեն ինծի»։ (Սաղմոս 43։3) Եթէ կը փափաքինք Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալ, իր ճշմարտութեան մէջ պէտք է քալենք։ (Գ. Յովհաննու 3, 4) Ասիկա ընելու համար իր պահանջներուն համաձայն պէտք է ապրինք եւ հաւատարմօրէն ու անկեղծութեամբ իրեն ծառայենք։ (Սաղմոս 25։4, 5. Յովհաննու 4։23, 24) Եհովայի ճշմարտութեամբ պէտք է ծառայենք, ինչպէս յայտնուած է իր Խօսքին մէջ եւ յստակօրէն պարզուած է «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին գրականութիւններուն մէջ։ (Մատթէոս 24։45–47) Ասիկա կը պահանջէ որ Սուրբ Գրութիւններու մասին ճշգրիտ գիտութիւն ունենանք։ Արդ, Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչպէս պէտք է կարդանք եւ ուսումնասիրենք։ Արդեօք Ծննդոց Առաջին գլուխ, առաջին համարէ՞ն պէտք է սկսինք եւ ամբողջ 66 գրքերը կարդանք։ Այո, իր լեզուով լման Աստուածաշունչը ունեցող իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ պէտք է զայն կարդայ Ծննդոցէն մինչեւ Յայտնութիւն։ Իսկ Աստուածաշունչը եւ Քրիստոնէական գրականութիւնները կարդալու մեր նպատակը պէտք է ըլլայ ‘հաւատարիմ ծառային’ կողմէ մատչելի եղած սուրբ գրային ճշմարտութիւններու ամբողջութեան շուրջ մեր հասկացողութիւնը աւելցնել։
Աստուծոյ Խօսքը Բարձրաձայն Կարդալ
11, 12. Ժողովներու ընթացքին Աստուածաշունչը բարձաձայն կարդալը ինչո՞ւ օգտակար է։
11 Երբ առանձին ենք, կրնանք լռելեայն կարդալ։ Սակայն, անցեալին, անձնական ընթերցանութիւնը բարձրաձայն կը կատարուէր։ Երբ Եթովպիացի ներքինին իր կառքով կը ճամբորդէր, Փիլիպպոս աւետարանիչը լսեց որ ան Եսայիի մարգարէութենէն կը կարդար։ (Գործք 8։27–30) «Կարդալ» թարգմանուած Եբրայերէն բառը գլխաւորաբար կը նշանակէր «կանչել»։ Ուստի, անոնք որոնք սկիզբը լռելեայն կարդալով իրենց կարդացածին իմաստը չեն կրնար ըմբռնել, ամէն մէկ բառը բարձրաձայն արտասանելու թող չվարանին։ Գլխաւոր բանն է Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը կարդալով՝ ճշմարտութիւնը սորվիլ։
12 Քրիստոնէական ժողովներու ընթացքին Աստուածաշունչը բարձրաձայն կարդալը օգտակար է։ Պօղոս առաքեալ իր գործակիցը՝ Տիմոթէոսը՝ յորդորեց որ ‘շարունակէ հանրապէս կարդալ, յորդորել եւ սորվեցնել’։ (Ա. Տիմոթէոս 4։13. ՆԱ.) Պօղոս Կողոսացիներուն ըսաւ. «Երբ այս թուղթը ձեր մէջ կարդացուի, Լաւոդիկեցիներու եկեղեցիին մէջ ալ կարդալ տուէք եւ դուք ալ Լաւոդիկիայէ եկած թուղթը կարդացէք»։ (Կողոսացիս 4։16) Իսկ Յայտնութիւն 1։3–ը կ’ըսէ. «Երանի՜ անոր որ կը կարդայ ու անոնց որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը եւ կը պահեն ինչ որ անոր մէջ գրուած է. վասնզի ժամանակը մօտ է»։ Հետեւաբար, դասախօս մը, ժողովքին ուղղած իր խօսքերուն թիկունք կանգնող սուրբ գրային համարներ պէտք է կարդայ։
Նիւթ առ Նիւթ Ուսումնասիրելու Կերպը
13. Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորվելու ամենէն լաւ կերպը ի՞նչ է, իսկ ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ որ համարներ գտնենք։
13 Սուրբ գրային ճշմարտութիւնները սորվելու համար, նիւթ առ նիւթ ուսումնասիրութիւնը ամենէն լաւ կերպն է։ Աստուածաշունչի բառերը այբուբենի շարքով տուած համաբառբառները՝ ուր կը տրուին գիրքը, գլուխը եւ համարը՝ դիւրին կերպ մըն է նիւթի մը շուրջ համարներ գտնելու։ Իսկ այս համարները իրար հետ պէտք է համեմատել, քանի որ Աստուածաշունչի Հեղինակը չի կրնար ինքզինք հակասել։ Ան, իր սուրբ հոգիով, 40 անհատներ ներշնչած է, որպէսզի Աստուածաշունչը գրեն աւելի քան, 1,600 տարիներու շրջանի մը մէջ. ուստի, ճշմարտութիւնը սորվելու համար զայն նիւթ առ նիւթ ուսումնասիրելը փորձուած կերպ մըն է։
14. Ինչո՞ւ Եբրայերէն եւ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները միասնաբար պէտք է ուսումնասիրենք։
14 Աստուածաշունչի ճշմարտութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը պէտք է մեզ մղէ որ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները կարդանք Եբրայերէն Գրութիւններուն հետ։ Ասիկա ցոյց պիտի տայ որ Յունարէն Գրութիւնները ի’նչպէս կապուած են Աստուծոյ նպատակին հետ եւ Եբրայերէն մարգարէութիւններուն վրայ լոյս պիտի սփռէ։ (Հռովմայեցիս 16։25–27. Եփեսացիս 3։4–6. Կողոսացիս 1։26) Այս ուղղութեամբ շատ օգտակար է Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը։ Անիկա Աստուծոյ նուիրուած ծառաներու կողմէ պատրաստուած է, որոնք Աստուածաշունչի բնագրին, ինչպէս նաեւ անոր ծագումին եւ յատկաբանութեան մասին իրենց յաւելեալ գիտութիւնը օգտագործեցին։ Կենսական են նաեւ «հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառայ»ին կողմէ Եհովայի հայթայթած օժանդակ գրականութիւնները։
15. Ինչպէ՞ս կրնաք փաստել որ Աստուածաշունչի տարբեր մասերէն մէջբերում ընելը պատշաճ է։
15 Ոմանք կրնան ըսել. ‘Ձեր գրականութիւնները հազարաւոր մէջբերումներ կ’ընեն Աստուածաշունչէն, բայց ի՛նչու անոնք այստեղէն ուայնտեղէն կ’առնէք’։ Աստուածաշունչի 66 գրքերուն այստեղէն կամ այնտեղէն մէջբերումներ ընելով, մեր գրականութիւնները ներշնչեալ տարբեր վկաներու օգնութեամբ ուսուցումի մը ճշդութիւնը կը հաստատեն։ Յիսուս ի՛նք ալ ուսուցումի այս կերպը գործածեց։ Երբ իր Լերան Քարոզը տուաւ, Եբրայերէն Գրութիւններէն 21 մէջբերում ըրաւ։ Այդ բանախօսութիւնը երեք մէջբերումներ կը պարունակէ Ելիցէն, երկու հատ՝ Ղեւտացւոցէն, մէկ հատ՝ Թուոցէն, վեց հատ՝ Երկրորդ Օրինացէն, մէկ հատ՝ Չորրորդ Թագաւորացէն, չորս հատ՝ Սաղմոսէն, Երեք հատ՝ Եսայեայէն եւ մէկ հատ՝ Երեմեայէն։ Յիսուս ‘պարզապէս բան մը ըսելո՞ւ սիրոյն այսպէս ըրաւ’։ Ո՛չ, որովհետեւ «իշխանութիւն ունեցողի մը պէս կը սորվեցնէր անոնց, ոչ թէ դպիրներուն պէս»։ Պարագան այս էր, քանի որ Յիսուս Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին վրայ հիմնուելով կը սորվեցնէր։ (Մատթէոս 7։29) Պօղոս առաքեալ ալ նոյնը ըրաւ։
16. Հռովմայեցիս 15։7–13–ի մէջ, Պօղոս սուրբ գրային ի՞նչ մէջբերումներ ըրած է։
16 Հռովմայեցիս 15։7–13–ի համարներուն մէջ, Պօղոս Եբրայերէն Գրութիւններէն երեք հատուածներէ մէջբերում ըրաւ. Օրէնքէն, Մարգարէներէն եւ Սաղմոսներէն։ Ան ցոյց տուաւ որ Հրեաներն ու Հեթանոսները Աստուած պիտի փառաւորէին. հետեւաբար Քրիստոնեաները բոլոր ազգերէն եկած անհատները պէտք էր ընդունէին։ Պօղոս ըսաւ. «Ասոր համար մէկզմէկ ընդունեցէք, ինչպէս Քրիստոս մեզ ընդունեց Աստուծոյ փառքին համար։ Բայց կ’ըսեմ թէ Յիսուս Քրիստոս սպասաւոր եղաւ թլփատուածներուն, ցուցնելու համար Աստուծոյ ճշմարտութիւնը, որպէսզի նախահայրերուն տրուած խոստումները հաստատէ եւ հեթանոսները ողորմութեան համար Աստուած փառաւորեն. ինչպէս գրուած է [Սաղմոս 18։49–ի մէջ]. ‘Ասոր համար ազգերուն մէջ քեզ պիտի գովեմ ու քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ’։ Եւ դարձեալ կ’ըսէ [Բ. Օրինաց 32։43–ի մէջ]. ‘Ո՛վ ազգեր, անոր ժողովուրդին հետ ուրախացէք’։ Եւ դարձեալ [Սաղմոս 117։1–ի մէջ]. ‘Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ բոլոր ազգեր ու գովեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ’։ Եւ Դարձեալ Եսային [Եսայեայ 11։1, 10–ի մէջ] կ’ըսէ. ‘Յեսսէի արմատը պիտի գայ ու ան ազգերուն իշխան պիտի ըլլայ, ազգերը անոր պիտի յուսան’։ Արդ՝ յուսոյ Աստուածը ձեզ լեցնէ կատարեալ ուրախութիւնով ու խաղաղութիւնով՝ ձեր հաւատքին համաձայն, որպէսզի ձեր յոյսը առատանայ սուրբ հոգիին զօրութիւնովը»։ Նիւթ առ նիւթ առնելով, Պօղոս ցոյց տուաւ թէ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններ հաստատելու համար ի՛նչպէս պէտք է համարներ մէջբերել։
17. Ո՞ր նախօրինակի հիման վրայ, Քրիստոնեաները Աստուածաշունչի տարբեր մասերէն մէջբերումներ կ’ընեն։
17 Պետրոս առաքեալի ներշնչեալ առաջին նամակը, 34 մէջբերումներ կը պարունակէ Օրէնքի, Մարգարէներու տասը գիրքերէն եւ Սաղմոսներէն։ Իր երկրորդ նամակին մէջ, Պետրոս երեք գիրքերէ վեց մէջբերում կ’ընէ։ Մատթէոս Աւետարանը 122 մէջբերում կ’ընէ՝ Ծննդոցէն մինչեւ Մաղաքիա։ Յունարէն Գրութիւններու 27 գրքերուն մէջ, 320 ուղղակի մէջբերումներ, ինչպէս նաեւ ուրիշ հարիւրաւոր ակնարկումներ եղած են Ծննդոցէն մինչեւ Մաղաքեայ գիրքերէն։ Յիսուսի եւ իր օրինակին հետեւած առաքեալներուն հետ ներդաշնակ ըլլալով, երբ արդի Քրիստոնեաները սուրբ գրային նիւթի մը մասին ուսումնասիրութիւն մը կ’ընեն, անոնք Աստուածաշունչի տարբեր մասերէն մէջբերումներ կ’ընեն։ Ասիկա մասնաւորաբար պատշաճ է այս «վերջին օրեր»ուն, երբ Եբրայերէն եւ Յունարէն Գրութիւններուն մեծամասնութիւնը կը կատարուին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) ‘Հաւատարիմ ծառան’ իր հրատարակութիւններուն մէջ կը գործածէ Աստուածաշունչը, բայց Աստուծոյ Խօսքին վրայ բնա՛ւ բան մը չաւելցներ, ոչ ալ անկէ բան մը կը պակսեցնէ։—Առակաց 30։5, 6. Յայտնութիւն 22։18, 19
Միշտ Ճշմարտութեան մէջ Քալենք
18. Ինչո՞ւ ‘ճշմարտութեան մէջ պէտք է քալենք’։
18 Աստուածաշունչէն ո՛րեւէ բան չենք կրնար հանել, քանի որ անոր մէջի Քրիստոնէական ամբողջ ուսուցումը «ճշմարտութիւն» է, կամ «աւետարանին [բարի լուրին] ճշմարտութիւն»ն է։ Փրկութեան համար կենսական է այս ճշմարտութեան կառչիլ, անոր մէջ ‘քալել’։ (Գաղատացիս 2։5. Բ. Յովհաննու 4. Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4) Քանի որ Քրիստոնէութիւնը ‘ճշմարտութեան ճամբան’ է, երբ ուրիշներուն կ’օգնենք որ անոր շահերը յառաջ տանին, ‘ճշմարտութեան գործակից եղած կ’ըլլանք’։—Բ. Պետրոս 2։2. Գ. Յովհաննու 8
19. Ինչպէ՞ս կրնանք ‘ճշմարտութեան մէջ քալել’։
19 Եթէ ‘ճշմարտութեան մէջ պիտի քալենք’, պէտք է Աստուածաշունչ կարդանք եւ ‘Հաւատարիմ ծառային’ միջոցաւ Աստուծոյ մատուցանած բոլոր օգնութիւններէն օգտուինք։ (Գ. Յովհաննու 4) Ասիկա ընենք մեր օգտին համար, նաեւ, որպէսզի ի վիճակի ըլլանք ուրիշներուն սորվեցնելու Եհովա Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսի եւ աստուածային նպատակներուն մասին։ Իսկ երախտապարտ ըլլանք որ Եհովայի հոգին մեզի կ’օգնէ որ իր Խօսքը հասկնանք եւ ճշմարտութեամբ իրեն ծառայենք։
Ի՞նչ կը պատասխանէք
◻ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան մնայուն օգուտներէն ոմանք ի՞նչ են։
◻ Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը պէտք է կարդանք ուրիշ հաւատակիցներու ընկերակցութեամբ։
◻ Ինչո՞ւ անպատեհ չէ Աստուածաշունչի տարբեր մասերէն մէջբերումներ ընել։
◻ Ի՞նչ կը նշանակէ ‘ճշմարտութեան մէջ քալել’ եւ ասիկա ինչպէ՛ս կրնանք ընել։
[Նկար՝ էջ 26]
Ո՛վ Ծնողներ, ձեր զաւակներուն համարներ սորվեցուցէք