Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան 1991 | Նոյեմբեր 1
    • Առակաց գիրքը կը պարունակէ շատ համարներ որոնք իրարմէ անջատ են հակիրճ ու ազդու խրատական նախադասութիւններ են, բայց Առակաց 27։23–ը, համարներու խումբի մը մաս կը կազմէ, որոնք կ’ըսեն. «Քու ոչխարներուդ վիճակը աղէ՛կ գիտցիր եւ քու հօտերուդ աղէ՛կ նայէ, վասնզի հարստութիւնը միշտ չի մնար ու թագը դարէ դար չի տեւեր։ Կանանչը կը բուսնի, խոտը կ’երեւնայ եւ լեռներուն խոտերը կը հաւաքեն։ Գառները քու հագուստիդ համար են ու նոխազները դաշտերուն գինն են։ Քու կերակուրիդ համար եւ քու տանդ կերակուրին համար ու քու աղախիններուդ ապրուստին համար բաւական այծի կաթ պիտի ունենաս»։—Առակաց 27։23–27

  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան 1991 | Նոյեմբեր 1
    • «Հարստութիւնը» կամ առեւտրական արագ ու վտանգաւոր նախաձեռնութիւններով շահուած հարստութիւնը եւ անոր պատճառած երեւելիութիւնը («թագը»), կրնան դիւրութեամբ անյայտանալ, ինչպէս կը վկայեն շատեր։ Իրենց հօտերուն հոգ տանող վաղեմի Իսրայելացի հովիւներուն վարած պարզ կեանքը իր առաւելութիւնները ունէր։ Այդպիսի կենցաղ մը անհոգութեան իմաստով պարզ կեանք մը չէր։ Հովիւ մը իր հօտին ուշադիր պէտք էր ըլլար, վստահ ըլլալով որ ոչխարները ապահով են։ (Սաղմոս 23։4) Եթէ անոնց հոգ տարած ատեն տեսնէր թէ ոչխարներէն մէկը հիւանդ կամ վիրաւոր էր, զայն պէտք էր օծէր ամոքիչ իւղով։ (Սաղմոս 23։5. Եզեկիէլ 34։4. Զաքարեայ 11։16) Շատ մը պարագաներու, իր սիրտը հօտին վրայ դրած ժրաջան հովիւը իր ջանքերուն արդիւնքը կրնար նկատել, աստիճանաբար իր հօտին աճումը տեսնելով։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել