ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵՍԱՅԻ 24-28
Եհովան իր ժողովուրդին հոգ կը տանի
Առատաձեռն եւ հիւրասէր ըլլալով, Եհովան առատ հոգեւոր ուտելիք կը հայթայթէ մեզի
«Զօրքերու Տէրը. . . բոլոր ազգերուն կոչունք մը պիտի ընէ»
Աստուածաշունչի օրերուն, երբ երկու անհատներ քով–քովի գային ճաշելու համար, ասիկա կը նշանակէր որ անոնք խաղաղութեան մէջ էին եւ բարեկամներ էին
«Ծուծով լեցուած պարարտ բաներու ու զտուած հին գինիներու կոչունք»
Պարարտ բաները կամ կերակուրները եւ զտուած գինին ցոյց կու տան որ Եհովան լաւագոյն հոգեւոր սնունդը կը հայթայթէ