Կեղծ պատգամաբերները խաղաղութիւն չո՛ւնին
«Չարագործները պիտի կորսուին . . .։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։—ՍԱՂՄՈՍ 37։9, 11
1. Ինչո՞ւ պէտք է ակնկալենք որ «վերջին օրեր»ուն ճշմարիտ եւ կեղծ պատգամաբերներ ըլլան։
ՊԱՏԳԱՄԱԲԵՐՆԵՐ—կե՞ղծ՝ թէ ճշմարիտ։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն երկու տեսակն ալ կար։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր օրերուն մասին։ Դանիէլ 12։9, 10–ի մէջ, երկնային պատգամաբեր մը Աստուծոյ մարգարէին ըսաւ. «Այս խօսքերը մինչեւ վերջին ժամանակը գոցուած ու կնքուած են։ Շատերը պիտի մաքրուին ու պիտի ճերմկնան ու պիտի փորձուին, բայց ամբարիշտները ամբարշտութիւն պիտի ընեն ու բնաւ ամբարիշտ մը պիտի չհասկնայ, հապա իմաստունները պիտի հասկնան»։ Հիմա այդ «վերջին ժամանակ»ին մէջ կ’ապրինք։ Յստակօրէն կրնա՞նք զատորոշել «ամբարիշտները» եւ «իմաստունները»։ Անշո՛ւշտ։
2. Եսայեայ 57։20, 21–ը ի՞նչպէս կը կատարուի ներկայիս։
2 Աստուծոյ պատգամաբերին՝ Եսայիի՝ խօսքերը կը կարդանք իր գրքին 57–րդ գլուխին 20 եւ 21–րդ համարներուն մէջ. «‘Ամբարիշտները ալեծուփ ծովու պէս են, որ չի կրնար հանդարտիլ, որուն ջուրերը տիղմ ու ցեխ դուրս կը նետեն։ Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան’, կ’ըսէ իմ Տէր Աստուածս»։ Այս խօսքերը որքա՜ն կը յարմարին այս աշխարհին, մինչ անիկա 21–րդ դարուն կը մօտենայ։ Ոմանք նոյնիսկ կը հարցնեն. ‘Այդ դարը պիտի մտնե՞նք արդեօք’։ Իմաստուն պատգամաբերներ մեզի ի՞նչ ունին ըսելիք։
3. (ա) Ա. Յովհաննու 5։19–ի մէջ ի՞նչ հակադրութիւն կը տեսնուի։ (բ) «Իմաստունները» ի՞նչպէս նկարագրուած են Յայտնութիւն 7–րդ գլուխին մէջ։
3 Յովհաննէս առաքեալ Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած իմաստութիւն ունէր։ Ա. Յովհաննու 5։19–ի մէջ, ըսուած է. «Գիտենք թէ մենք Աստուծմէ ենք ու բոլոր աշխարհ չարին մէջ է»։ Իսկ այս աշխարհին հակառակը, կան 144,000 հոգեւոր Իսրայելացիները, որոնցմէ յառաջացած տարիքի մէջ եղող մնացորդ մը տակաւին երկրի վրայ է։ Ներկայիս անոնց միացած է «մեծ բազմութիւն մը . . . բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն», որոնք հինգ միլիոնէ աւելի են. անոնք ալ իմաստութիւն ունին։ «Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները»։ Իսկ անոնք ինչո՞ւ կը վարձատրուին։ Քանի որ անոնք ալ «իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին», Յիսուսի քաւիչ զոհին հաւատք ընծայելով։ Որպէս լուսոյ պատգամաբերներ, անոնք ալ «[Աստուծոյ] կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր»։—Յայտնութիւն 7։4, 9, 14, 15
Խաղաղութեան Կարծեցեալ Պատգամաբերներ
4. (ա) Սատանայի աշխարհի խաղաղութեան կարծեցեալ պատգամաբերները ինչո՞ւ ձախողութեան դատապարտուած են։ (բ) Եփեսացիս 4։18, 19–ը ի՞նչպէս կը կիրարկուի ներկայիս։
4 Իսկ Սատանայի դրութեան խաղաղութեան կարծեցեալ պատգամաբերներուն մասին ի՞նչ կրնանք ըսել։ Եսայեայ 33։7–ի մէջ կը կարդանք. «Ահա անոնց քաջերը դուրսը կ’աղաղակեն. խաղաղութեան դեսպանները դառնապէս կու լան»։ Ասիկա որքա՜ն կը յարմարի խաղաղութիւն բերելու համար աշխարհի մէկ մայրաքաղաքէն միւս մայրաքաղաքը վազվռտողներուն։ Ի՜նչ ունայն աշխատանք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք աշխարհի հիւանդութեան ախտանշաններուն հետ կը մարտնչին, փոխանակ արմատական պատճառներուն երթալու։ Նախ եւ առաջ, անոնք չեն ընդունիր Սատանայի գոյութիւնը, որու Պօղոս առաքեալ կոչեց «այս աշխարհի աստուածը»։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Սատանան մարդոց մէջ չարութեան սերմեր ցանած է, որու հետեւանքով մարդոց մեծամասնութիւնը՝ մէջը ըլլալով կառավարիչները՝ կը յարմարին Եփեսացիս 4։18, 19–ի նկարագրութեան. «Որոնց իմացականութիւնը խաւարած է ու օտարացած են Աստուծոյ կեանքէն, իրենց մէջ եղած տգիտութեան պատճառով եւ իրենց սրտին կուրութեանը համար. որոնք անզգայ ըլլալով՝ ինքզինքնին ագահութիւնով անառակութեան տուին, ամէն կերպ պղծութիւն գործելու»։
5. (ա) Մարդկային գործակալները ինչո՞ւ չեն կրնար խաղաղութիւն բերել։ (բ) 37–րդ Սաղմոսը մխիթարական ի՞նչ պատգամ կը հաղորդէ։
5 Անկատար մարդոցմէ բաղկացած ո՛չ մէկ գործակալ կրնայ մարդոց սրտէն արմատախիլ ընել ագահութիւնը, անձնասիրութիւնը եւ ատելութիւնը, որոնք տիրական են ներկայիս։ Միայն Գերիշխան Տէր Եհովան կրնայ ասիկա ընել։ Ասկէ զատ, մարդոց մէջէն սակաւաթիւ անհատներ կամեցողութիւնը ունին Աստուծոյ առաջնորդութեան ենթարկուելու։ Ասոնց եւ աշխարհի չարերուն հետեւանքը հակադրուած է Սաղմոս 37։9-11–ի մէջ. «Չարագործները պիտի կորսուին, սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն։ Վասն զի քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։
6, 7. Աշխարհի կրօնքներու մասին ո՞ր արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ որ անոնք ձախողած են որպէս խաղաղութեան պատգամաբերներ։
6 Արդ, այս հիւանդկախ աշխարհի կրօնքներուն մէջ խաղաղութեան պատգամաբերներ կարելի՞ է գտնել։ Լաւ, մինչեւ հիմա կրօնքները ի՞նչ արձանագրութիւն ունեցած են։ Պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ դարերու ընթացքին, կրօնքը մասնակցած եւ նոյնիսկ դրդիչ ոյժը եղած է բազմաթիւ արիւնահեղութեանց։ Օրինակ, Քրիսչըն Սէնչըրի (Անգլերէն) իր 30 Օգոստոս 1995–ի համարին մէջ, նախկին Եուկոսլաւիոյ տագնապին մասին տեղեկագրելով, նշեց. «Սերպերու ձեռքը գտնուող Պոսնիոյ մէջ, վարդապետները ինքնակազմ Խորհրդարանին առջեւի շարքերը կը նստին, ինչպէս նաեւ ռազմաճակատի առաջին գծերուն վրայ կը գտնուին, ուր միաւորները, եւ նոյնիսկ զէնքերը, կ’օրհնուին պատերազմէն առաջ»։
7 Ափրիկէի մէջ մէկ դարու միսիոնարական աշխատանքները աւելի լաւ արդիւնք մը չեն տուած, ինչ որ ցոյց կը տրուի 80 տոկոսը Կաթողիկէ եղող Ռուանտայի օրինակով։ Տը Նիւ Եորք Թայմզ–ը (Անգլերէն) իր 7 Յուլիս 1995–ի համարին մէջ տեղեկագրեց. «Լիոնի [Ֆրանսա] մէջ հրատարակուած ազատախոհ ու աշխարհիկ Կաթողիկէ պարբերաթերթը՝ Կոլիան՝ կը ծրագրէ 27 ուրիշ վարդապետներու եւ 4 մայրապետներու ինքնութիւնը երեւան հանել, որոնք անցեալ տարի Ռուանտայի մէջ սպաննեցին կամ սպանութիւնը քաջալերեցին»։ Լոնտոնի մէջ, Ափրիկեան Իրաւունքներ կոչուող մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւն մը, հետեւեալ մեկնութիւնը ըրաւ. «Իրենց լռութենէն աւելի, եկեղեցիները համարատու են ջարդին մէջ վարդապետներէն, պատուելիներէն ու մայրապետներէն ոմանց գործունեայ մեղսակցութեան համար»։ Ասիկա կը նմանի Իսրայէլի կացութեան, երբ Եհովայի ճշմարիտ պատգամաբերը՝ Երեմիան՝ նկարագրեց որ Իսրայէլ եւ անոր կառավարիչները, քահանաները եւ մարգարէները պիտի «ամչնան», ու կը շարունակէ, ըսելով. «Քու քղանցքներուդ վրայ անմեղ աղքատներու հոգիներուն արիւնները գտնուեցան»։—Երեմեայ 2։26, 34
8. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ որ Երեմիան խաղաղութեան պատգամաբեր մըն էր։
8 Երեմիան յաճախ կոչուած է ողբերգութեան մարգարէ, բայց պատշաճ պիտի ըլլար զայն կոչել նաեւ Աստուծոյ՝ խաղաղութեան պատգամաբերը։ Ան իրեն նախորդող Եսայիի չափ «խաղաղութեան» մասին խօսեցաւ։ Եհովա Երեմիան գործածեց, որպէսզի Երուսաղէմի վրայ իր դատաստանները ծանուցանէ, ըսելով. «Այս քաղաքը իր շինութեան օրէն մինչեւ այսօր իմ բարկութեանս ու սրտմտութեանս համար եղաւ, որպէս զի զանիկա երեսիս առջեւէն վերցնեմ, Իսրայէլի որդիներուն ու Յուդայի որդիներուն, թէ՛ իրենց եւ թէ՛ իրենց թագաւորներուն, իշխաններուն, քահանաներուն ու մարգարէներուն եւ Յուդայի մարդոցն ու Երուսաղէմի բնակիչներուն բոլոր չարութեանը պատճառով, որ ըրին զիս բարկացնելու համար»։ (Երեմեայ 32։31, 32) Ասիկա Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերներուն եւ կառավարիչներուն վրայ Եհովայի դատաստանին նախաշուքն էր։ Իրական խաղաղութիւնը տիրապետելու համար, չարութիւնն ու բռնութիւնը հրահրողները պէտք է մէջտեղէն վերցուին։ Անոնք վստահաբար խաղաղութեան պատգամաբերները չե՛ն։
ՄԱԿ–ը՝ Խաղաղարա՞ր
9. ՄԱԿ–ը ի՞նչպէս դաւանած է խաղաղութեան պատգամաբեր մը ըլլալ։
9 Միացեալ Ազգերը խաղաղութեան իրական պատգամաբեր մը չի՞ կրնար ըլլալ։ Հիւլէական ռումբը Հիրոշիմայի վրայ աւեր գործելէն 41 օր առաջ՝ Յունիս 1945–ին ներկայացուած իր դաշնագրի նախաբանին մէջ կը նշէր որ իր նպատակն է «յաջորդ սերունդները փրկել պատերազմի պատուհասէն»։ Միացեալ Ազգերու 50 անդամները հեռանկարը ունէին «[իրենց] ուժերը միացնել, միջազգային խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը պահպանելու համար»։ Ներկայիս ՄԱԿ–ը 185 անդամ ազգեր ունի, որոնք կը դաւանին նոյն նպատակը հետապնդել։
10, 11. (ա) Կրօնական առաջնորդները ի՞նչպէս արտայայտուած են որ ՄԱԿ–ի կողմնակից են։ (բ) Պապերը ի՞նչ կերպերով «Աստուծոյ Թագաւորութեան Բարի Լուրը» սխալ ներկայացուցած են։
10 Տարիներու ընթացքին, ՄԱԿ–ը մեծապէս ողջունուեցաւ, մանաւանդ կրօնական առաջնորդներուն կողմէ։ 11 Ապրիլ 1963–ին, Յովհաննէս ԻԳ. Պապը իր կոնդակը ստորագրեց, որու խորագիրն էր՝ «Երկրի Վրայ Խաղաղութիւն» (“Pacem in Terris”), որու մէջ ան նշեց. «Մեր ջերմ փափաքն է որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, իր կառոյցով, իր միջոցներով կարող ըլլայ իր վիթխարի եւ վեհ պարտականութիւնները կատարել»։ Հետագային, Յունիս 1965–ին, աշխարհի բնակչութեան կէսը ներկայացնող կրօնական առաջնորդներ, Սան Ֆրանսիսկոյի մէջ ՄԱԿ–ի քսանամեակը տօնեցին։ Նաեւ 1965–ին, Պօղոս Զ. Պապը Միացեալ Ազգեր այցելելով, զայն նկարագրեց որպէս՝ «Ներդաշնակութեան ու խաղաղութեան վերջին յոյսը»։ 1986–ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը Միացեալ Ազգերու Միջազգային Խաղաղութեան Տարին քաջալերելու մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ։
11 Հոկտեմբեր 1995–ին դարձեալ այցելութիւն մը տալով, պապը ըսաւ. «Այսօր մենք Աստուծոյ Թագաւորութեան Բարի Լուրը կը տօնակատարենք»։ Բայց անիկա արդեօք իրապէս Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին պատգամաբե՞րն է։ Աշխարհի խնդիրներուն մասին խօսելով, ան շարունակեց ըսել. «Մինչ այս հսկայական մարտահրաւէրները կը դիմագրաւենք, ի՞նչպէս կրնանք չգիտակցիլ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան խաղցած դերին»։ Պապը՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան փոխարէն, ՄԱԿ–ը կ’ընտրէ։
‘Դառնապէս Լալու’ Պատճառներ
12, 13. (ա) ՄԱԿ–ը ի՞նչպէս Երեմեայ 6։14–ի նկարագրութեան համաձայն վարուած է։ (բ) Եսայեայ 33։7–ի նկարագրութիւնը ինչո՞ւ կը յարմարի ՄԱԿ–ի առաջնորդութեան։
12 ՄԱԿ–ի 50–ամեակի տօնակատարութիւնը, ‘երկրի վրայ խաղաղութեան’ որեւէ իրական ակնկալութեան նշոյլ մը իսկ չբերաւ։ Գանատական Թորոնթօ Սթար–ին մէջ (Անգլերէն) գրող մը, պատճառներէն մէկը կը յիշէ. «ՄԱԿ–ը ակռայ չունեցող առիւծ մըն է, որ երբ մարդկային վայրագութեան դիմաց գտնուի՝ կը մռնչէ, բայց խածնելէ առաջ, պէտք է սպասէ որ իր անդամները իր ատամնաշարը դնեն»։ Յաճախ, շատ աննշան կերպով, կամ շատ ուշ կը խածնէ։ Ներկայ աշխարհի դրութեան, եւ մանաւանդ Քրիստոնեայ Աշխարհի, մէջի խաղաղութեան պատգամաբերները Երեմեայ 6։14–ի խօսքերը արձագանգած են. «Իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքը հարեւանցի բժշկելով՝ ‘Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն է’, կ’ըսեն, երբ խաղաղութիւն չկայ»։
13 ՄԱԿ–ի ընդհանուր–քարտուղարները յաջորդաբար ծանր աշխատած են՝ եւ անկասկած անկեղծօրէն՝ որպէսզի անոր յաջողութիւնը ապահովեն։ Սակայն, պատերազմը սահմանափակելու, իր քաղաքականութիւնը ծրագրելու եւ նիւթականը հակակշռելու մասին անոր 185 բազմառաջարկ անդամներուն միջեւ յարատեւ տաք վիճաբանութիւնները արգելք կը հանդիսանան յաջողութեան։ 1995–ի իր տարեկան տեղեկագրութեան մէջ, ընդհանուր–քարտուղարը գրեց որ «համերկրային կորիզային աղէտի ուրուական»ը կը նահանջէ, որպէսզի «ամբողջ մարդկութիւնը տնտեսական եւ ընկերային յառաջդիմութեան համար միասնաբար աշխատելու» ճամբան հարթուի։ Բայց ան կ’աւելցնէ. «Դժբախտաբար, անցեալ քանի մը տարուան աշխարհի գործերուն արձանագրութիւնը, այս լաւատես ակնկալութիւնները մեծապէս ի դերեւ հանած է»։ Արդարեւ, այդպէս կարծուած խաղաղութեան այս պատգամաբերները «դառնապէս կու լան»։
14. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ ՄԱԿ–ը նիւթական եւ բարոյական գետնի վրայ սնանկացած է։ (բ) Երեմեայ 8։15–ը ի՞նչպէս կը կատարուի։
14 Գալիֆորնիոյ Տը Օրէյնճ Գաունթի Ռէճիսթըր–ի մէջ (Անգլերէն) խորագիր մը կ’ըսէր. «ՄԱԿ–ը՝ Նիւթական ու Բարոյական Գետնի Վրայ Սնանկացած Է»։ Յօդուածը կը նշէր որ 1945-1990–ի միջեւ, աւելի քան 80 պատերազմներ տեղի ունեցած են, 30 միլիոնէ աւելի կեանքեր խլելով։ Ան կը մէջբերէր Ռիտըրզ Տայճէսթ–ի (Անգլերէն) 1995–ի Հոկտեմբեր համարին մէջ գրողի մը խօսքերը, որ «ՄԱԿ–ի զինուորական գործողութիւնները կը նկարագրէ որպէս ‘անատակ հրամանատարութեամբ, անկարգապահ զինուորներով, նախայարձակներու հետ դաշնագրութիւններով, վայրագութիւնները արգիլելու անկարող եւ երբեմն սարսափին նպաստող’ յատկանիշներ ունեցող։ Ասկէ զատ, ‘վատնումի, խարդախութեան եւ եղծանման մակարդակը ջախջախիչ է’»։ «ՄԱԿ–ը Իր 50–ականին Մէջ» խորագրով հատուածի մը մէջ, Տը Նիւ Եորք Թայմզ–ը (Անգլերէն) հետեւեալ վերնագիրը դրած էր. «Սխալ Տնօրինութիւնը եւ Վատնումը կը Նսեմացնեն ՄԱԿ–ի Լաւագոյն Միտումները»։ Լոնտոնի Տը Թայմզ–ը (Անգլերէն) հետեւեալ խորագրով յօդուած մը կը պարունակէր. «Յիսունական Տարիքին Մէջ՝ Դիւրաբեկ. ՄԱԿ–ը կազդուրման ծրագրի կարիքը ունի, իր կերպարը վերստին գտնելու համար»։ Արդարեւ, Երեմեայ 8։15–ի նկարագրութեան կը նմանի պարագան. «Խաղաղութեան սպասեցինք, բայց խռովութիւն եկաւ, բժշկութեան սպասեցինք, բայց վիրաւորները շատցան»։ Իսկ կորիզային ողջակիզութեան պատուհասը տակաւին մարդկութեան կը սպառնայ։ Բացայայտ է որ ՄԱԿ–ը խաղաղութեան ա՛յն պատգամաբերը չէ որու մարդիկ պէտք ունին։
15. Վաղեմի Բաբելոնը եւ անոր կրօնական զաւակները ի՞նչպէս փաստած են որ թէ՛ կործանարար եւ թէ շշմեցնող են։
15 Այս բոլորը ո՞ւր պիտի առաջնորդեն։ Եհովայի մարգարէական Խօսքը շա՜տ յստակ է այս ուղղութեամբ։ Նախ եւ առաջ, ի՞նչ կը սպասէ աշխարհի սուտ կրօնքներուն, որոնք յաճախ շատ մտերիմ եղած են ՄԱԿ–ի հետ։ Անոնք կռապաշտական մէկ ակունքէ ծագում առած են՝ վաղեմի Բաբելոնէն։ Տեղին ըլլալով, անոնք Յայտնութիւն 17։5–ի մէջ նկարագրուած են որպէս «Մեծ Բաբելոն՝ պոռնիկներու ու երկրի պղծութիւններու մայրը»։ Երեմիան այս կեղծաւոր կազմակերպութեան կործանումը նկարագրեց։ Պոռնիկի մը նման, ան երկրի քաղաքագէտներուն հետ քծնած է, Միացեալ Ազգերը շողոքորթելով եւ անոր քաղաքական անդամներուն հետ անօրէն յարաբերութիւններ զարգացնելով։ Անոնք պատմութեան պատերազմներուն մէջ կարեւոր մասնակցութիւն բերած են։ Հնդկաստանի կրօնական պատերազմներու մասին մեկնաբան մը նշեց. «Գարլ Մարքս կրօնքին ակնարկեց որպէս զանգուածներու ափիոնը։ Բայց այդ արտայայտութիւնը չի կրնար շատ շիտակ ըլլալ, քանի որ ափիոնը կը թմրեցնէ, անիկա մարդիկը բթամիտ կը դարձնէ։ Ո՛չ, կրօնքը աւելի կը նմանի գրէգ գոգայինի։ Անիկա հսկայական վայրագութիւն կ’արձակէ եւ շա՛տ կործանարար ոյժ մըն է»։ Բայց այդ գրողն ալ շատ ճիշդ չէ արտայայտուած. Սուտ կրօնքը թէ՛ կը կործանէ եւ թէ կը շշմեցնէ։
16. Պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներ ինչո՞ւ հի՛մա պէտք է փախչին Մեծն Բաբելոնէն։ (Տես նաեւ՝ Յայտնութիւն 18։4, 5։)
16 Ուստի, ուղղամիտ անհատներ ի՞նչ դիրք պէտք է բռնեն սուտ կրօնքին նկատմամբ։ Աստուծոյ պատգամաբերը, Երեմիա, կը պատասխանէ. «Բաբելոնի մէջէն փախէ՛ք։ Ամէն մարդ թող իր անձը ազատէ, . . . քանզի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութեան ժամանակն է»։ Ուրախ ենք որ միլիոնաւորներ փախած են Մեծն Բաբելոնէն՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութենէն։ Դուք ալ անոնց մաս կը կազմէ՞ք։ Այդ պարագային կրնաք լաւ ըմբռնել թէ Մեծն Բաբելոնը ի՛նչպէս ազդած է երկրի ազգերուն. «Անոր գինիէն ազգերը խմեցին, ատոր համար ազգերը յիմարացան»։—Երեմեայ 51։6, 7
17. Մեծն Բաբելոնի վրայ ի՞նչ դատաստան գալու վրայ է եւ անոր ի՞նչ պիտի յաջորդէ։
17 Շատ շուտով, Եհովա պիտի դրդէ որ ՄԱԿ–ի ‘յիմարացած’ ազգերը սուտ կրօնքին դէմ ելլեն, ինչպէս Յայտնութիւն 17։16–ի մէջ նկարագրուած է. «Անոնք պիտի ատեն պոռնիկը ու զանիկա պիտի մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն»։ Ասով պիտի սկսի մեծ նեղութիւնը, որու ակնարկուած է Մատթէոս 24։21–ի մէջ, եւ որ Արմագեդոնով, Ամենակալ Աստուծոյ մեծ օրուան պատերազմով, իր յանգումին պիտի հասնի։ Վաղեմի Բաբելոնին նման, Մեծն Բաբելոնը Երեմեայ 51։13 եւ 25–ի դատաստանին պիտի հանդիպի. «Ո՛վ շատ ջուրերու քով բնակող ու շատ գանձեր ունեցող [«կին», ՆԱ], քու վախճանդ հասաւ ու քու ագահութեանդ չափը լեցուեցաւ։ Ո՛վ բոլոր երկիրը աւերող ապականիչ լեռ, ահա ես քեզի դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը, իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ, քեզ ժայռերէն վար պիտի գլորեմ։ Քեզ այրած լեռ պիտի ընեմ»։ Սուտ կրօնքին ետեւէն, ապականած ու ռազմամոլ ազգերն ալ պիտի կործանին, մինչ Եհովայի վրէժխնդրութիւնը անոնց վրայ ալ կու գայ։
18. Եսայեայ 48։22–ը տակաւին ե՞րբ եւ ի՛նչպէս պիտի կատարուի։
18 Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3–ի մէջ, չարերուն մասին ըսուած է. «Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս ու պիտի չազատին»։ Անոնց մասին Եսային ըսաւ. «Ահա . . . խաղաղութեան դեսպանները դառնապէս կու լան»։ (Եսայեայ 33։7) Արդարեւ, ինչպէս Եսայեայ 48։22–ի մէջ կը կարդանք. «‘Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան’, կ’ըսէ Տէրը»։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել աստուածային խաղաղութեան պատգամաբերներուն մասին։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք ասիկա։
Վերաքաղի Հարցումներ
◻ Աստուծոյ մարգարէները ի՞նչ զօրաւոր բառերով քօղազերծեցին կեղծ պատգամաբերները։
◻ Մարդկային գործակալներ ինչո՞ւ չեն կրնար մնայուն խաղաղութիւն բերել։
◻ Ի՞նչ կերպերով խաղաղութեան ճշմարիտ պատգամաբերները ՄԱԿ–ի համակիրներուն հակառակն են։
◻ Հեզ անհատներ ի՞նչ պէտք է ընեն, որպէսզի Եհովայի խոստացած խաղաղութիւնը վայելեն։
[Նկարներ՝ էջ 14]
Եսային, Երեմիան եւ Դանիէլը գուշակեցին որ խաղաղութիւն բերելու մարդկային ջանքերը պիտի ձախողէին