Ուրախ՝ հիմա եւ յաւիտեան
Դուք իմ ստեղծագործութիւնովս յաւիտեանս յաւիտենից ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք. վասնզի ահա ես Երուսաղէմը՝ ցնծութեան համար ու անոր ժողովուրդը ուրախութեան համար կը ստեղծեմ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 65։18
1. Դարերու ընթացքին ճշմարիտ պաշտամունքը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է անհատներու վրայ։
ԴԱՐԵՐՈՒ ընթացքին, անհամար մարդիկ ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ ծառայելու մէջ մեծ ուրախութիւն գտած են։ Դաւիթ ճշմարիտ պաշտամունքի մէջ ուրախութիւն գտած անհատներէն մէկն էր։ Աստուածաշունչը կը պատմէ որ երբ ուխտի տապանակը Երուսաղէմ կը բերուէր, «Դաւիթ ու Իսրայէլի բոլոր տունը Տէրոջը տապանակը ուրախութեամբ ու փողերու ձայներով տարին»։ (Բ. Թագաւորաց 6։15) Եհովայի ծառայութեան մէջ այսպիսի ուրախութիւն մը միայն անցեալին չի պատկանիր։ Դուք ալ կրնաք զայն վայելել եւ նոյնիսկ շատ շուտով, ձեր ուրախութիւնը նոր տարողութիւններ կրնայ ունենալ։
2. Եսայեայ 35–րդ գլուխը Հրեայ հայրենադարձներուն վրայ առաջին կատարումը ունենալէ զատ, որո՞նց վրայ ալ կատարում մը ունեցաւ։
2 Նախորդ յօդուածին մէջ, Եսայեայ 35–րդ գլուխի ոգեւորիչ մարգարէութեան առաջին կատարումը քննեցինք։ Տեղին ըլլալով, կրնանք զայն կոչել վերահաստատումի մարգարէութիւն, քանի որ նախկին Հրեաներուն համար պարագան այդ եղաւ։ Անիկա նոյնանման կատարում մը ունի մեր օրերուն։ Ի՞նչպէս։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ի վեր, առաքեալներէն սկսած, Եհովա առնչութիւն ունի հոգեւոր Իսրայելացիներու հետ։ Ասոնք Աստուծոյ սուրբ հոգիով օծուած անհատներ են, որոնք Պօղոսի կոչած «Աստուծոյ Իսրայէլ»ին անդամները կ’ըլլան։ (Գաղատացիս 6։16. Հռովմայեցիս 8։15–17) Յիշեցէք նաեւ որ Ա. Պետրոս 2։9–ի մէջ այդ Քրիստոնեաները կոչուած են «ընտիր ցեղ, ... թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ»։ Պետրոս կը շարունակէ հոգեւոր Իսրայէլի յանձնուած նշանակումը բնորոշել. «Որպէսզի հռչակէք անոր առաքինութիւնները, որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց»։
Մերօրեայ Կատարումը
3, 4. Երբ Եսայեայ 34–րդ գլուխը կատարուեցաւ արդի ժամանակներուն, կացութիւնը ի՞նչ էր։
3 Այս դարուս սկիզբը, կար ժամանակ մը, երբ երկրի վրայ հոգեւոր Իսրայէլի մնացորդը շատ աշխուժօրէն չէր ծանուցաներ այս պատգամը։ Անոնք Աստուծմէ եկած սքանչելի լոյսով չէին ուրախանար. իրապէս, որոշ խաւարի մէջ կը գտնուէին։ Ե՞րբ էր ատիկա եւ այդ մասին Աստուած ի՞նչ ըրաւ։
4 Անիկա Ա. Աշխարհամարտի շրջանին էր, 1914–ին երկնքի մէջ Աստուծոյ Մեսիական թագաւորութիւնը հաստատուելէն անմիջապէս ետք։ Շատ մը երկիրներու եկեղեցական առաջնորդներու կողմէ քաջալերուած, ազգերը իրարու դէմ բարկացած էին։ (Յայտնութիւն 11։17, 18) Անշուշտ, Աստուած հաւատուրաց Քրիստոնեայ Աշխարհին եւ անոր ինքնահաւան կղերներուն ալ հակառակ էր, ինչպէս եղած էր Եդովմի բարձրամիտ ազգին։ Հետեւաբար, Եսայեայ 34–րդ գլուխի մարգարէութիւնը, արդի կատարում մը պիտի ունենայ Քրիստոնեայ Աշխարհի, հակատիպ Եդովմի վրայ։ Իսկ այս վերջնական բնաջնջումը նոյնքան վստահ է, որքան վաղմի Եդովմի վրայ եկած առաջին կատարումը։—Յայտնութիւն 18։4–8, 19–21
5. Եսայեայ 35–րդ գլուխը ի՞նչպիսի կատարում մը ունեցաւ մեր օրերուն։
5 Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Եսայիի մարգարէութեան 35–րդ գլուխին եւ ուրախութեան վրայ անոր դրած շեշտին մասին։ Անիկա ալ մեր օրերուն կատարում մը ունեցած է։ Ի՞նչպէս։ Անիկա որոշ գերութենէ մը հոգեւոր Իսրայէլի վերահաստատումով կատարուեցաւ։ Հիմա քննենք այն իրողութիւնները, որոնք այժմու աստուածպետական պատմութիւնը կազմեցին, եւ որոնք տակաւին ողջ եղող շատերու կեանքի տեւողութեան տեղի ունեցան։
6. Ինչո՞ւ կարելի է ըսել որ հոգեւոր Իսրայէլի մնացորդը գերութեան մէջ եկաւ։
6 Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, յարաբերաբար կարճ ժամանակաշրջան մը, հոգեւոր Իսրայէլի մնացորդը կերպով մը ամբողջովին մաքուր չէր մնացած հոգեւորապէս, ոչ ալ Աստուծոյ կամքին հետ լիովին ներդաշնակ վիճակ մը ունէր։ Անոնցմէ ոմանք վարդապետական սխալներով արատաւորուած էին եւ պատերազմող ազգերուն թիկունք կանգնելու համար ճնշումի տակ գալով, որոշ համակերպումներ ըրած էին, Եհովայի համար յստակ դիրք մը չբռնելով։ Այդ տարիներուն, անոնք ամէն տեսակ հալածանքի ներքեւ եկան. շատ մը շրջաններու մէջ, անոնց Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւնները արգիլուեցան։ Վերջապէս, պատասխանատու եղբայրներէն ոմանք սուտ ամբաստանութիւններով դատապարտուեցան ու բանտարկուեցան։ Երբ յետադարձ ակնարկ մը նետենք, կը նկատենք որ Աստուծոյ ժողովուրդը ազատ չէր, այլ, գերութեան վիճակի մէջ էր։ (Տես Յովհաննու 8։31, 32։) Անոնց հոգեւոր աշխարհայեացքը լուրջ թերացումներ ունէր։ (Եփեսացիս 1։16–18) Անոնք Աստուծոյ փառաբանութեան մէջ յարաբերաբար համր դարձած եւ հոգեւորապէս անբեղմնաւոր եղած էին։ (Եսայեայ 32։3, 4. Հռովմայեցիս 14։11. Փիլիպպեցիս 2։11) Նկատեցի՞ք թէ կացութիւնը ի՛նչպէս Բաբելոնի մէջ վաղեմի Հրեաներուն գերութեան կը նմանէր։
7, 8. Արդի մնացորդը ի՞նչպէս վերահաստատուեցաւ։
7 Բայց Աստուած իր արդի ծառաները այդ վիճակին մէջ պիտի ձգէ՞ր։ Ոչ, Ան որոշած էր զանոնք վերահաստատել, ինչպէս նախագուշակած էր Եսայիի միջոցաւ։ Այս կերպով, Եսայեայ 35–րդ գլուխի այս նոյն մարգարէութիւնը մասնայատուկ կատարում մը ունեցաւ մեր օրերուն, հոգեւոր Իսրայէլի մնացորդը, հոգեւոր դրախտին մէջ բարգաւաճ եւ առողջ վիճակի մէջ վերահաստատուելով։ Եբրայեցիս 12։12–ի մէջ, Պօղոս Եսայեայ 35։3–ը փոխաբերական իմաստով կիրարկելով, Եսայիի մարգարէութեան այս հատուածին մեր կատարած հոգեւոր կիրարկման թիկունք կը կանգնի։
8 Յետպատերազմեան շրջանին, հոգեւոր Իսրայէլի օծեալ մնացորդը որպէս թէ գերութենէ ազատագրուեցաւ։ Եհովա Աստուած զիրենք ազատագրելու համար գործածեց Մեծագոյն Կիւրոսը՝ Յիսուս Քրիստոսը։ Արդ, Երուսաղէմի բառացի տաճարը վերաշինելու համար Վաղեմի հայրենադարձ Հրեայ մնացորդին նման, օծեալ մնացորդը վերակառուցման գործի մը ձեռնարկեց։ Սակայն, արդի օրերու այս հոգեւոր Իսրայելացիները սկսան հոգեւոր ծաղկուն դրախտ մը, այլաբանական Եդեմի պարտէզ մը, մշակել եւ մէջտեղ բերել։
9. Եսայեայ 35։1, 2, 5–7–ի նման բան մը ի՞նչպէս գոյացաւ մեր օրերուն։
9 Վերը տրուած բացատրութիւնը ի մտի ունենալով, անգամ մը եւս նկատի առնենք Եսայեայ 35։1 եւ 2–ը։ Ինչ որ անոնց համար անջրդի շրջան մը կ’երեւնար, սկսաւ իրապէս ծաղկիլ եւ վաղեմի Սարօնի դաշտագետնին նման արգասաբեր ըլլալ։ Ապա նկատի առէք 5–7–րդ համարները։ Այս հոգեւոր Իսրայելացիներուն հասկացողութեան աչքերը բացուեցան, որոնցմէ որոշ թիւով անհատներ տակաւին ողջ են եւ Եհովայի ծառայութեան մէջ՝ աշխոյժ։ Անոնք աւելի լաւ ըմբռնեցին 1914–ին եւ անկէ ետք պատահած դէպքերուն իմաստը։ Ատիկա նաեւ ազդեցութիւն ունեցաւ «մեծ բազմութիւն»ը կազմող եւ մնացորդին կողքին ծառայող շատերուս վրայ։—Յայտնութիւն 7։9
Կատարման մէջ Դուք Բաժին Ունի՞ք
10, 11. (ա) Եսայեայ 35։5–7–ի կատարման մէջ դուք ի՞նչ բաժին ունեցած էք։ (բ) Անձամբ ի՞նչ է ձեր զգացումը այս փոփոխութիւններուն նկատմամբ։
10 Դուք ձեզ նկատի առէք։ Եհովայի Վկաներուն հետ շփման մէջ գալէ առաջ, կանոնաւորաբար Աստուածաշունչ կը կարդա՞յիք։ Եթէ այո, ո՞րքան կը հասկնայիք։ Հիմա, զոր օրինակ, մեռելներու վիճակին մասին ճշմարտութիւնը գիտէք։ Հաւանաբար այս հարցով հետաքրքրուած անհատի մը կրնաք Ծննդոց 2–րդ, Ժողովողի 9–րդ եւ Եզեկիէլ 18–րդ գլուխներուն մէջ գտնուող յարմար համարները, ինչպէս նաեւ շատ մը ուրիշ համարներ ցոյց տալ։ Անկասկած հիմա կը հասկնաք ինչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ շատ մը նիւթերու եւ հարցերու մասին։ Ուրիշ խօսքով, Աստուածաշունչը իմաստ մը ունեցաւ ձեզի համար եւ կրնաք ուրիշներուն բացատրել անոր շատ մը մասերը, ինչ որ անկասկած կ’ընէք։
11 Լաւ է որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Աստուածաշունչի ճշմարտութեան մասին այս բոլորը ի՞նչպէս սորվեցայ։ Եհովայի ժողովուրդին հետ ուսումնասիրելէ առաջ, այս բոլոր յիշուած համարներուն տեղերը գիտէ՞ի։ Անոնք կը հասկնայի՞ եւ անոնց կարեւորութիւնը լաւ կերպով կ’ըմբռնէ՞ի’։ Այս հարցումներուն անկեղծ պատասխանը հաւանաբար ո՛չ է։ Մի՛ նեղուիք, բայց կրնանք ըսել որ այս համարներուն եւ անոնց իմաստներուն նկատմամբ՝ կոյր էիք։ Այդպէս չէ՞։ Անոնք միշտ Աստուածաշունչին մէջ էին, բայց չէիք տեսներ զանոնք, կամ անոնց իմաստը չէիք ըմբռներ։ Արդ, ձեր հոգեւոր աչքերը ի՞նչպէս բացուեցան։ Օծեալ մնացորդին վրայ Եսայեայ 35։5–ի կատարման առնչութեամբ Եհովայի ըրածով։ Ձեր աչքերը բացուեցան. այլեւս հոգեւոր մթութեան մէջ չէք։ Այլեւս կրնա՛ք տեսնել։—Տես Յայտնութիւն 3։17, 18
12. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ հիմա հրաշալի բուժումներու ժամանակը չէ։ (բ) Եղբայր Ֆրանցի պարագան ի՞նչպէս ցոյց կու տայ Եսայեայ 35։5–ի կատարումը մեր օրերուն։
12 Աստուածաշունչը եւ դարերու ընթացքին Աստուծոյ գործառնութիւնները սերտողները գիտեն որ հիմա ֆիզիքական հրաշալի բուժումի շրջանի մը մէջ չենք ապրիր։ (Ա. Կորնթացիս 13։8–10) Ուստի, չենք ակնկալեր որ Յիսուս Քրիստոս բանայ կոյրերուն աչքերը, փաստելու համար որ ինք Մեսիան է, Աստուծոյ Մարգարէն։ (Յովհաննու 9։1–7, 30–33) Ոչ ալ կարելի կ’ընէ որ բոլոր խուլերը անգամ մը եւս լսեն։ Եղբայր Ֆրետերիք Ֆրանցը՝ Դիտարանի Ընկերութեան նախկին Նախագահը եւ օծեալ մը՝ երբ հարիւր տարեկանին մօտեցաւ, իր տեսողութիւնը գրեթէ կորսնցուցած էր եւ լսողական սարքի կարիք ունէր։ Քանի մը տարի ան այլեւս չկարողացաւ կարդալ։ Սակայն ո՞վ կրնար Եսայեայ 35։5–ի առումով զինք «կոյր» կամ «խուլ» նկատել։ Անոր հոգեւոր արտակարգ սրատեսութիւնը, համայն աշխարհի Աստուծոյ ծառաներուն համար օրհնութիւն մըն էր։
13. Աստուծոյ արդի ժողովուրդը ի՞նչ յեղաշրջման կամ վերահաստատման փորձառութիւն ունեցաւ։
13 Ի՞նչ կրնանք ըսել ձեր լեզուին մասին։ Եհովայի օծեալները թերեւս իրենց հոգեւոր գերութեան շրջանին համր էին։ Բայց անգամ մը որ Աստուած այդ կացութիւնը յեղաշրջեց, անոնց լեզուները սկսան ուրախութեամբ աղաղակել, Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան եւ ապագայի իր խոստումներուն մասին իրենց գիտցած բաներուն պատճառաւ։ Անոնք թերեւս ձեր լեզուները բացուելուն ալ նպաստած են։ Անցեալին, ուրիշներուն ո՞րքան կը խօսէիք Աստուածաշունչի ճշմարտութեան մասին։ Թերեւս մինչ կ’ուսումնասիրէիք՝ մտածեցիք. ‘Ուսումնասիրելէն հաճոյք կ’առնեմ, բայց բնաւ երթալով օտարներուն չեմ խօսիր’։ Սակայն, ճիշդ չէ՞ որ «համրը» հիմա ‘օրհնութիւն կ’երգէ’։—Եսայեայ 35։6
14, 15. Մեր օրերուն, շատեր ի՞նչպէս Սրբութեան Պողոտայէն քալած են։
14 Բաբելոնէն ազատագրուած վաղեմի Հրեաները երկար ճամբորդութիւն մը կատարեցին իրենց հայրենիքը վերադառնալու համար։ Ասիկա ի՞նչ բանի կը համապատասխանէ մեր օրերուն։ Կարդանք Եսայեայ 35։8–ն. «Հոն պողոտայ ու ճամբայ պիտի ըլլայ ու անիկա Սրբութեան Պողոտայ պիտի կոչուի։ Անկէ պիղծ մէ՛կը պիտի չանցնի»։
15 Հոգեւոր գերութենէ ազատագրուելէն ի վեր, օծեալ մնացորդը՝ որու հիմա ընկերակցած են միլիոնաւոր ուրիշ ոչխարներ՝ Մեծն Բաբելոնէն ելած եւ այլաբանական պողոտայի մը մէջ մտած են, սրբութեան մաքուր ճամբայ մը, որ հոգեւոր դրախտ կ’առաջնորդէ։ Ամէն ջանք կը թափենք, որպէսզի այս Սրբութեան Պողոտային մէջ մտնելու արժանի գտնուինք ու անոր մէջ մնանք։ Պահ մը մտածեցէք. ձեր բարոյական չափանիշները եւ ունեցած սկզբունքները հիմա շա՛տ աւելի բարձր չե՞ն, քան երբ աշխարհի մէջ էիք։ Մեծ ջանք չէ՞ք թափեր որպէսզի ձեր մտածելակերպը եւ վարքը Աստուծոյ չափանիշներուն համապատասխան ըլլան։—Հռովմայեցիս 8։12, 13. Եփեսացիս 4։22–24
16. Մինչ կը քալենք Սրբութեան Պողոտայէն, ի՞նչ վիճակներ կրնանք վայելել։
16 Երբ կը շարունակէք քալել այս Սրբութեան Պողոտայէն, գազանանման մարդոց վախէն բոլորովին զերծ էք։ Աշխարհի մէջ, անդադար արթուն պէտք է ըլլաք, որպէսզի ագահ կամ ատելավառ մարդիկ ձեզ չլափեն։ Շատեր ուրիշներու հետ իրենց վերաբերմունքին մէջ հոշոտող են։ Որքա՜ն մեծ է տարբերութիւնը Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ։ Պաշտպանուած միջավայրի մէջ էք։ Անշուշտ մեր Քրիստոնեայ ընկերները կատարեալ չեն. երբեմն անոնցմէ մէկը կրնայ սխալ մը գործել կամ ձեզ վիրաւորել։ Բայց գիտէք որ ձեր եղբայրները դիտումնաւոր կերպով չեն փորձեր ձեզ ցաւցնել կամ լափել։ (Սաղմոս 57։4. Եզեկիէլ 22։25. Ղուկաս 20։45–47. Գործք 20։29. Բ. Կորնթացիս 11։19, 20. Գաղատացիս 5։15) Ընդհակառակը, ձեզմով կը հետաքրքրուին, անոնք ձեզի կ’օգնեն եւ կ’ուզեն ձեր կողքին Եհովայի ծառայել։
17, 18. Ի՞նչ առումով հիմա դրախտ մը գոյութիւն ունի եւ անիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունի մեր վրայ։
17 Ուստի, Եսայեայ 35–րդ գլուխին կրնանք նայիլ, մեր մտքին մէջ ունենալով 1–8–րդ համարներուն այժմու կատարումը։ Ճիշդ չէ՞ որ մենք արդէն իսկ գտած ենք հոգեւոր դրախտը։ Անշուշտ, անիկա կատարեալ դրախտ մը չէ տակաւին։ Այսուհանդերձ, անիկա դրա՛խտ մըն է, քանի որ արդէն հոն կը տեսնենք «մեր Աստուծոյ վայելչութիւնը», ինչպէս կը յիշէ 2–րդ համարը։ Իսկ, ի՞նչ է անոր ազդեցութիւնը։ 10–րդ համարը կ’ըսէ. «Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան, երգով Սիօն պիտի գան եւ անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ։ Անոնք ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանան եւ տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան»։ Արդարեւ, սուտ կրօնքէն դուրս գալը եւ Աստուծոյ հաճութեան ներքեւ մաքուր պաշտամունք հետապնդելը ի՛րական ուրախութիւն կը պատճառեն։
18 Իսկ ճշմարիտ պաշտամունքի կապակցաբար այդ ուրախութիւնը երթալով կ’աւելնայ, այդպէս չէ՞։ Կը տեսնէք նորեկներ, որոնք փոփոխութիւններ կ’ընեն եւ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան մէջ կը հաստատուին։ Կը տեսնէք պատանիներ, որոնք կը մեծան եւ հոգեւորապէս կը յառաջդիմեն ժողովքին մէջ։ Մկրտութիւններ տեղի կ’ունենան, ուր ձեզի ծանօթ անհատներու մկրտուիլը կը դիտէք։ Այս բոլորը ուրախ ըլլալու, մեծապէս ուրախանալու պատճառներ չե՞ն այսօր։ Այո, ի՜նչ մեծ ուրախութիւն է տեսնել որ մեր հոգեւոր ազատութեան եւ դրախտային վիճակին մէջ ուրիշներ մեզի կը միանան։
Տակաւին Տեղի Ունենալիք Կատարումը
19. Եսայեայ 35–րդ գլուխը ի՞նչ յուսադրիչ ակնկալութեամբ կը լեցնէ մեզ։
19 Մինչեւ հիմա նկատի առինք Եսայեայ 35–րդ գլուխին առաջին կատարումը՝ Հրեաներուն վերադարձը, ինչպէս նաեւ, ներկայ հոգեւոր կատարումը։ Բայց ասով չի վերջանար. տակաւին շատ աւելին կայ։ Անիկա կապ ունի երկրի վրայ բառացի դրախտային վիճակներու մօտալուտ հաստատման մասին Աստուածաշունչի տուած երաշխիքին հետ։—Սաղմոս 37։10, 11. Յայտնութիւն 21։4, 5
20, 21. Ի՞նչու տրամաբանական եւ սուրբ գրային է հաւատալ որ Եսայեայ 35–րդ գլուխը ուրիշ կատարում մըն ալ պիտի ունենայ։
20 Եհովայի անձնաւորութեան չի համապատասխաներ վառ կերպով նկարագրել դրախտը եւ սակայն անոր կիրարկումը միմիայն հոգեւոր բաներու սահմանափակել։ Անշուշտ, ըսել չենք ուզեր որ հոգեւոր կատարումները շատ կարեւոր չեն։ Նոյնիսկ երբ բառացի դրախտը վերահաստատուէր, գոհ պիտի չըլլայինք, եթէ գեղեցիկ միջավայրին եւ խաղաղ անասուններուն մէջ, շրջապատուած ըլլայինք հոգեւորապէս ապականած, գազանանման վարմունք ունեցող մարդոցմով։ (Տես Տիտոս 1։12։) Այո, նախ հոգեւորը պէտք է գայ, քանի որ անիկա ամենէն կարեւորն է։
21 Այսուհանդերձ, գալիք Դրախտը միմիայն հիմա մեր վայելած եւ աւելի լման չափով ապագային վայելելիք հոգեւոր երեւոյթներու սահմանափակուած պիտի չըլլայ։ Լաւ պատճառ ունինք ակնկալելու որ Եսայեայ 35–րդ գլուխին նման մարգարէութիւններ բառացի կատարում մը ունենան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ 65–րդ գլուխին մէջ Եսային նախագուշակեց «նոր երկինք ու նոր երկիր մը»։ Պետրոս առաքեալ այդ համարը կիրարկեց, նկարագրելու համար թէ Եհովայի օրուան ի՛նչ պիտի յաջորդէր։ (Եսայեայ 65։17, 18. Բ. Պետրոս 3։10–13) Պետրոս հաստատեց որ Եսայիի նկարագրած երեւոյթները իրապէս գոյութիւն պիտի ունենան, երբ «նոր երկիր»ը իրողութիւն մը ըլլայ։ Ձեզի ծանօթ է այդ նկարագրութիւնը. տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին անոնց մէջ, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն, ամէն մարդ իր ձեռքին գործով պիտի ուրախանայ. գայլն ու գառնուկը մէկտեղ պիտի արածին եւ աշխարհին վնաս մը պիտի չհասնի։ Ուրիշ խօսքով, երկար կեանք, ապահով տուներ, առատ ուտելիք, գոհացուցիչ գործ եւ անասուններուն միջեւ եւ անասուններուն ու մարդոց միջեւ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ։
22, 23. Եսայեայ 35–րդ գլուխի կատարումը ապագայի համար ուրախութեան ի՞նչ հիմ կը հայթայթէ։
22 Այդ ակնկալութիւնը ձեր սիրտը ուրախութեամբ չի՞ լեցներ։ Պէ՛տք է լեցնէ, քանի որ Աստուած այսպիսի կեանքի համար ստեղծած է մեզ։ (Ծննդոց 2։7–9) Ուստի, մեր նկատի առած Եսայեայ 35–րդ գլուխի մարգարէութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։ Կը նշանակէ որ մենք ուրախութեամբ աղաղակելու յաւելեալ պատճառներ ունինք։ Բառացի անապատներն եւ անջրդի շրջանները պիտի ծաղկին, մեզի ուրախութիւն պատճառելով։ Այդ ժամանակ, կապոյտ, սեւ կամ ուրիշ գոյն աչքեր ունեցող անհատներ, որոնք հիմա կոյր են, դարձեալ պիտի տեսնեն։ Մեր Քրիստոնեայ ընկերակիցները, որոնք խուլ են, կամ դժուար կը լսեն, յստակօրէն լսելու կարող պիտի ըլլան։ Ի՜նչ ուրախութիւն է այդ կարողութիւնը գործածել Աստուծոյ Խօսքին կարդացուիլը եւ անոր բացատրութիւնը լսելու, ինչպէս նաեւ ծառերուն հաճելի սօսափիւնը, մանուկի մը ծիծաղը կամ թռչունի մը գեղգեղանքը մտիկ ընելու համար։
23 Անիկա նաեւ պիտի նշանակէ որ կաղերը, մէջը ըլլալով հիմա յօդատապէ տառապողները, առանց ցաւի պիտի շրջագային։ Ի՜նչ ամոքում։ Այդ ատեն հեղեղներ պիտի յորդին անապատներուն մէջէն։ Ջուրին ժայթքիլը պիտի տեսնենք ու անոր գլգլալը պիտի լսենք։ Պիտի կարենանք քալել եւ կանաչ խոտն ու կնիւնը ձեռնել։ Ի՛րապէս վերահաստատուած Դրախտ մը պիտի ըլլայ։ Իսկ ո՛րքան ուրախութիւն պիտի պատճառէ առանց վախնալու առիւծի մը կամ ուրիշ վայրի անասունի մը հետ գտնուիլը։ Հարկ չկայ զայն նկարագրել, քանի որ բոլորս ալ այդ տեսարանը արդէն ըմբոշխնած ենք։
24. Ինչո՞ւ կրնաք համաձայնիլ Եսայեայ 35։10–ի հետ։
24 Եսային մեզ կը վստահեցնէ. «Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան, երգով Սիօն պիտի գան եւ անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ»։ Ուստի, վստահաբար համաձայն էք որ ուրախութեամբ աղաղակելու պատճառ ունինք։ Ուրախութիւն՝ իր ծառաներուն ի նպաստ հոգեւոր դրախտին մէջ Եհովայի արդէն ըրած բաներուն համար, եւ ուրախութիւն՝ հիմա շատ մօտ եղող բառացի դրախտին մէջ մեր ակնկալած բաներուն համար։ Եսային իր խօսքը ուղղելով ուրախ անհատներու, այսինքն մեզի, կ’ըսէ. «Անոնք ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանան եւ տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան»։—Եսայեայ 35։10
Նկատեցի՞ք
◻ Եսայեայ 35–րդ գլուխը երկրորդական ի՞նչ կատարում ունի։
◻ Եսայիի նախագուշակած հրաշալի փոփոխութիւնները հոգեւոր ի՞նչ բաներու կը համեմատին։
◻ Այս մարգարէութեան կատարման մէջ ի՞նչ եղած է ձեր բաժինը։
◻ Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Եսայեայ 35 գլուխը ապագայի նկատմամբ մեզ յոյսով կը լեցնէ։
[Նկարներ՝ էջ 31]
Հոգեւոր աճումը եւ յառաջդիմութիւնը ուրախութեան պատճառներ են