Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 7/1 էջ 8-12
  • Ստեղծիչը կրնայ իմաստ տալ ձեր կեանքին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ստեղծիչը կրնայ իմաստ տալ ձեր կեանքին
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Պատասխաններ եւ Իմաստներ Գտնել
  • Հաւատալու Պատճառներ
  • Ստեղծիչը Ձեր Կեանքին Իմաստ Թող Աւելցնէ
  • Մեր Մեծ Ստեղծիչը Հոգածու Է Մեզի Հանդէպ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Ձեր Ստեղծիչը—սորվեցէք թէ ան ի՛նչպիսի մէկն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ստեղծիչին հանդէպ հաւատքդ զօրացուր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 7/1 էջ 8-12

Ստեղծիչը կրնայ իմաստ տալ ձեր կեանքին

«Թող Տէրոջը անունը օրհնեն. վասն զի ինք հրամայեց ու անոնք ստեղծուեցան»։—ՍԱՂՄՈՍ 148։5

1, 2. (ա) Ի՞նչ հարցում նկատի պիտի առնենք։ (բ) Եսայիի հարցումին մէջ ստեղծագործութիւնը ի՞նչպէս խնդրոյ առարկայ է։

«ՄԻԹԷ չգիտցա՞ր»։ Ասիկա այնպիսի հարցում մըն է որու շատերը պիտի պատասխանեն՝ ‘Ի՞նչ չգիտցանք’։ Բայց ասիկա լուրջ հարցում մըն է։ Անոր պատասխանը աւելի լաւ կրնանք գնահատել, եթէ նկատի առնենք թէ անիկա ի՛նչ պարագայի մէջ հարցուած է Եսայեայ 40–րդ գլուխին մէջ։ Երբեմնի Եբրայեցի մը, Եսային գրեց ասիկա, ուստի անիկա հին հարցում մըն է։ Բայց շատ արդիական ալ է, ձեր կեանքին հիմնական իմաստին հետ առնչուած ըլլալով։

2 Քանի որ ա՛յդքան կարեւոր է, Եսայեայ 40։28–ի հարցումը լուրջ նկատողութեան արժանի է. «Միթէ չգիտցա՞ր կամ չլսեցի՞ր թէ յաւիտենական Աստուածը՝ Եհովան, երկրի ծայրերուն Ստեղծիչ»ն է։ Ուստի, ‘գիտնալը’ երկրի Ստեղծիչին հետ կապ ունի, եւ ընդհանուր բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ թէ երկրէն շա՛տ աւելին պարփակուած է ասոր մէջ։ Երկու համար առաջ, Եսայի գրեց աստղերուն մասին, ըսելով. «Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք, ասոնք ո՞վ ստեղծեց։ Անիկա անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։ . . . Իր մեծ իշխանութիւնովը ու սաստիկ զօրութիւնովը անոնցմէ բնաւ մէկը չի կորսուիր»։

3. Եթէ նոյնիսկ շատ բան գիտէք Ստեղծիչին մասին, ինչո՞ւ պէտք է փափաքիք զինք աւելի լաւ ճանչնալ։

3 Այո, «չգիտցա՞ր» հարցումը իրապէս տիեզերքի Ստեղծիչին մասին է։ Թերեւս անձնապէս համոզուած էք թէ Եհովա Աստուած «երկրի ծայրերուն Ստեղծիչ»ն է։ Կրնայ ըլլալ որ բաւական գաղափար ալ ունիք իր անձնաւորութեան ու իր ճամբաներուն մասին։ Բայց եթէ հանդիպիք մէկու մը որ Ստեղծիչին գոյութեան վրայ կասկածներ ունի եւ իրեն համար յստակ չէ թէ ան ի՛նչպիսի մէկն է, ի՞նչ կրնաք ընել։ Երբ այսպիսի մէկու մը հանդիպիք, պէտք չէ զարմանաք, քանի որ միլիոնաւոր, նոյնիսկ միլիառաւոր անհատներ կան, որոնք Ստեղծիչին մասին չեն գիտեր, կամ անոր չեն հաւատար։—Սաղմոս 14։1. 53։1

4. (ա) Ինչո՞ւ ներկայիս տեղին է նկատի առնել Ստեղծիչի մը հարցը։ (բ) Գիտութիւնը ի՞նչպիսի պատասխաներ չի կրնար հայթայթել։

4 Դպրոցները բազմաթիւ սկեպտիկներ մէջտեղ կը բերեն, որոնք կը խորհին որ տիեզերքի ու կեանքի ծագումին մասին գիտութիւնը պատասխաններ ունի (կամ՝ պիտի գտնէ)։ Կեանքի Ծագումը (Ֆրանսերէն հրատարակութիւնը՝ Aux Origines de la Vie) գրքին մէջ, երկու հեղինակներ՝ Աժէն եւ Լէօնէ կը նշեն. «Քսանըմէկերորդ դարուն սկիզբը, կեանքի ծագումին հարցը տակաւին կը ծեծուի։ Այս հարցը՝ որու լուծումը շա՛տ դժուար է՝ կը պահանջէ բոլոր մարզերը հետազօտել, անջրպետի անհունութենէն մինչեւ ամենաչնչին նիւթը»։ Բայց «Հարցը կը Մնայ Վառ» խորագրով վերջին գլուխը կ’ընդունի. «Կեանքը ի՞նչպէս երեւցաւ երկրի վրայ, հարցումին համար, գիտական կարգ մը պատասխաններ հետազօտեցինք։ Բայց կեանքը ինչո՞ւ երեւցաւ։ Արդեօք կեանքը նպատակ մը ունի՞։ Գիտութիւնը չի կրնար այս հարցումներուն պատասխանել։ Անիկա միայն իրերու ‘ի՛նչպէս’ ըլլալը կը փնտռէ։ ‘ի՛նչպէս’ը եւ ‘ինչո՛ւ’ն իրարմէ բոլորովին տարբեր երկու հարցումներ են։ . . . Իսկ ինչ որ կը վերաբերի ‘ինչու’ հարցումին՝ փիլիսոփայութիւնը, կրօնքը եւ մանաւանդ՝ ամէն մէկ անհատ ի՛նք պէտք է գտնէ պատասխանը»։

Պատասխաններ եւ Իմաստներ Գտնել

5. Ստեղծիչի մը մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալով, ի՞նչպիսի անհատներ մասնաւորաբար կրնան օգտուիլ։

5 Այո, կ’ուզենք հասկնալ թէ կեանքը ինչո՛ւ գոյութիւն ունի եւ մանաւանդ՝ թէ մենք ինչո՛ւ հոս ենք։ Ասկէ զատ, պէտք է հետաքրքրուած ըլլանք ա՛յն մարդոցմով, որոնք տակաւին համոզուած չեն որ Ստեղծիչ մը կայ, եւ վստահաբար շատ քիչ բան գիտեն անոր ճամբաներուն մասին։ Կամ, խորհեցէք անոնց մասին, որոնք Աստուածաշունչի ներկայացուցածէն բոլորովին տարբեր Աստուծոյ մը կը հաւատան։ Միլիառաւոր անհատներ մեծցած են Արեւելքի մէջ կամ այլուր, ուր շատեր առինքնող անձնաւորութիւն մը ունեցող իրական Աստուծոյ մը մասին չեն մտածեր։ Անոնց համար «աստուած» բառը տարտամ ոյժի մը, կամ վերացական պատճառողի մը պատկերը կ’արթնցնէ։ Անոնք ո՛չ ‘Ստեղծիչը ճանչցած են’, ոչ ալ անոր ճամբաները։ Այսպիսիներ, կամ նոյնանման տեսակէտներ ունեցող ուրիշ միլիոնաւորներ եթէ համոզուին որ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի, ի՜նչ օգուտներ կրնան քաղել, որոնց կարգին՝ յաւիտենական ակնկալութիւններ։ Անոնք նաեւ կրնան ձեռք ձգել բան մը որ հազուադէպ է. կեանքի մէջ իրական իմաստ, իրական նպատակ եւ մտքի խաղաղութիւն։

6. Շատերուն կեանքը ի՞նչպէս Փոլ Կոկէնի փորձառութեան եւ անոր մէկ նկարչութեան կը նմանի։

6 Օրինակ մը տանք. 1891–ին, Ֆրանսացի արուեստագէտ Փոլ Կոկէն Ֆրանսական Փոլինեզիա գնաց՝ իսկական դրախտ մը, գոհացուցիչ կեանք մը գտնելու համար։ Բայց իր վարած անառակ կեանքին պատաճառաւ, շատ չանցած թէ՛ ինքզինքին եւ թէ ուրիշներուն հիւանդութեան դուռ բացաւ։ Զգալով որ մահը կը մօտենար, ան մեծ կտաւի վրայ նկարչութիւն մը ըրաւ, որու մէջ ‘կեանքը ներկայացուց որպէս մեծ խորհուրդ մը’։ Գիտէ՞ք Կոկէն այդ նկարչութիւնը ինչ անուանեց։ «Ուրկէ՞ կու Գանք. Ի՞նչ Ենք. Ո՞ւր կ’Երթանք»։ Ինչպէս շատերս՝ թերեւս դուք ալ նոյնանման հարցումներ լսած էք։ Բայց երբ անոնք գոհացուցիչ պատասխաններ չստանան, կեանքին իրական իմաստը չգտնեն, ո՞ւր կրնան դիմել։ Անոնք կրնան եզրակացնել որ իրենց կեանքը անասուններու կեանքէն շատ տարբերութիւն չունի։—Բ. Պետրոս 2։12a

7, 8. Գիտութեան հետազօտութիւնները ինչո՞ւ բաւարար չեն։

7 Ուստի, կրնաք հասկնալ թէ Ֆրիման Տայսընի նման բնագիտութեան ուսուցչապետ մը ինչո՛ւ գրեց. «Ես շատ մը յարգարժան անհատներու միտքը բաժնած կ’ըլլամ եթէ անգամ մը եւս հարցնեմ Յոբի հարցուցած հարցումները։ Ինչո՞ւ կը տառապինք։ Աշխարհը ինչո՞ւ այսքան անիրաւ է։ Ցաւին ու ողբերգութեան նպատակը ի՞նչ է»։ (Յոբայ 3։20, 21. 10։2, 18. 21։7) Ինչպէս յիշուեցաւ, շատեր պատասխաններ գտնելու համար փոխանակ Աստուծոյ դառնալու՝ գիտութեան կը դառնան։ Կենսաբաններ, ովկիանագիրներ եւ ուրիշներ մեր երկրագունդին եւ անոր վրայի կեանքին մասին գիտութեան աւելնալուն կը նպաստեն։ Իսկ ուրիշ ուղղութեամբ փնտռելով, աստղագէտներ եւ բնագէտներ իրենց գիտութիւնը կ’ընդլայնեն մեր արեգակնային դրութեան, աստղերուն եւ նոյնիսկ հեռաւոր հոյախումբերու շուրջ։ (Համեմատել՝ Ծննդոց 11։6) Անոնց երեւան հանած իրողութիւնները տրամաբանական ի՞նչ եզրակացութեան կը մատնանշեն։

8 Կարգ մը գիտնականներ կը խօսին տիեզերքի մէջ յայտնուած Աստուծոյ «մտքին», կամ անոր «ձեռագործին» մասին։ Բայց կրնա՞յ ըլլալ որ անոնք գլխաւոր կէտը կ’անգիտանան։ Սայէնս պարբերաթերթը (Անգլերէն) նշեց. «Երբ հետազօտողներ ըսեն որ Տիեզերաբանութիւնը Աստուծոյ ‘միտքը’ կամ ‘ձեռագործը’ կը յայտնէ, անոնք Աստուծոյ կը վերագրեն ինչ որ վերջ ի վերջոյ տիեզերքի աւելի նուազ երեւոյթը կրնայ ըլլալ, այսինքն՝ անոր ֆիզիքական կառոյցը»։ Բնագէտ եւ Նոպէլի դափնեկիր Սթիվըն Ուէնպէրկ գրեց. «Տիեզերքը որքան աւելի հասկնալի դառնայ, անիկա այդքան աւելի աննպատակ կը թուի»։

9. Ի՞նչ իրողութիւն կրնայ օգնել մեզի եւ ուրիշներուն որ Ստեղծիչին մասին սորվինք։

9 Սակայն, կրնայ ըլլալ որ դուք մաս կը կազմէք այն միլիոնաւորներուն, որոնք լրջօրէն ուսումնասիրած են այս հարցը եւ ըմբռնած են որ կեանքի իրական իմաստը առնչուած է Ստեղծիչը ճանչնալուն հետ։ Յիշեցէք ինչ որ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Արդարեւ, աշխարհի ստեղծումէն ի վեր՝ ստեղծագործութեան ընդմէջէն կ’իմացուին ու կը տեսնուին Աստուծոյ աներեւոյթ յատկանիշները, այսինքն՝ մշտնջենաւոր զօրութիւնը եւ անոր աստուածութիւնը. եւ ասիկա՝ որպէսզի մարդիկ ոեւէ արդարացում չունենան»։ (Հռովմայեցիս 1։20, Անթիլիաս) Այո, մեր աշխարհին եւ մեր մասին իրողութիւններ կան, որոնք կրնան մարդոց օգնել որ ընդունին Ստեղծիչը եւ անոր կապակցաբար իմաստ մը գտնեն։ Հիմա երեք մարզեր նկատի առնենք. մեր շուրջ գտնուող տիեզերքը, կեանքի ծագումը եւ մեր մտային կարողութիւնները։

Հաւատալու Պատճառներ

10. Ինչո՞ւ պէտք է «սկիզբ»ի մասին մտածենք։ (Ծննդոց 1։1. Սաղմոս 111։10)

10 Մեր տիեզերքը ի՞նչպէս գոյացաւ։ Անջրպետի հեռադիտակներու եւ հետախուզական տեղեկագրութիւններէն թերեւս տեղեակ էք թէ գիտնականներուն մեծամասնութիւնը կ’ընդունի որ մեր տիեզերքը միշտ գոյութիւն ունեցած չէ։ Անիկա սկիզբ մը ունեցած է եւ կը շարունակէ ընդլայնիլ։ Ասկէ ի՞նչ կը հասկնանք։ Լսեցէք թէ Սըր Պէրնարտ Լովէլ աստղագէտը ի՛նչ կ’ըսէ. «Եթէ անցեալին կար ժամանակ մը երբ Տիեզերքը մասնայատուկ կերպով չափազանց պզտիկ եւ չափազանց խտացուած վիճակի մը մէջ էր, պէտք է հարցնենք թէ անկէ առաջ ի՛նչ կար . . . Պէտք է Սկիզբի մը հարցը դիմագրաւենք»։

11. (ա) Տիեզերքը ո՞րքան ընդարձակ է։ (բ) Տիեզերքի մէջ գտնուած ճշգրտութիւնը ի՞նչ կը թելադրէ։

11 Տիեզերքին՝ մէջը ըլլալով մեր երկրին, կառոյցը, ապշեցուցիչ համերաշխութիւն կ’արտացոլացնէ։ Օրինակ, մեր արեւուն եւ միւս աստղերուն երկու հոյակապ յատկութիւններն են՝ երկարատեւ արդիւնագործութիւն եւ կայունութիւն։ Ըստ վերջին հաշիւներուն, տեսանելի տիեզերքին մէջի հոյախումբերուն թիւը 50–էն 125 միլիառի միջեւ է։ Իսկ մեր Ծիր Կաթին հոյախումբին մէջ կան միլիառաւոր աստղեր։ Հիմա խորհեցէք. ինքնաշարժի շարժակ մը վառելանիւթի եւ օդի շատ ճշգրիտ համեմատութիւն մը ունի։ Եթէ ինքնաշարժ մը ունիք, մարզուած արհեստաւորի մը կը վճարէք, որպէսզի անոր շարժակը այնպէս մը ներդաշնակէ, որ անիկա աւելի սահուն եւ լաւ կերպով աշխատի։ Եթէ պարզ շարժակ մը այսքան ճշգրտութեան կը կարօտի, հապա ի՞նչ կրնանք ըսել արտադրողականօրէն «վառող» արեւուն մասին, զոր օրինակ։ Ուրեմն, որոշ է որ երկրի վրայ կեանք գոյութիւն ունենալու համար, անհրաժեշտ եղող գլխաւոր ուժերը ծայր աստիճան ճշգրիտ կերպով ներդաշնակուած են։ Ասիկա դիպուածո՞վ եղաւ։ Վաղեմի Յոբին հարցուեցաւ. «Երկնքի կանոնները դո՞ւն դրիր կամ երկրի վրայ բնութեան օրէնքները դո՞ւն որոշեցիր»։ (Յոբայ 38։33, Անգլերէն Նոր Աստուածաշունչ) Ոեւէ մարդ չդրաւ այդ կանոնները։ Ուստի այս ճշգրտութիւնը ի՞նչպէս գոյացաւ։—Սաղմոս 19։1

12. Ինչո՞ւ ստեղծագործութեան ետին գտնուող հզօր Մտայղացումի մը գոյութիւնը նկատի ունենալը անտրամաբանական չէ։

12 Կրնա՞յ ըլլալ որ մարդկային աչքերուն անտեսանելի բան մը կամ մէկը զայն պատճառած է։ Այս հարցումը նկատի առէք արդի գիտութեան լոյսին տակ։ Աստղագէտներէն շատեր ներկայիս կ’ընդունին որ երկնային շատ հզօր մարմիններ կան, որոնք կը կոչուին սեւ ծակեր։ Այս սեւ ծակերը անտեսանելի են, բայց մասնագէտներ համոզուած են որ անոնք գոյութիւն ունին։ Նոյն գծով, Աստուածաշունչն ալ կը տեղեկագրէ թէ ուրիշ ոլորտի մէջ կան հզօր, հոգեղէն արարածներ, որոնք անտեսանելի են։ Եթէ այսպիսի հզօր, անտեսանելի գոյակցութիւններ կան, հաւանական չէ՞ որ ամբողջ տիեզերքին մէջ յայտնուած ճշգրտութիւնը, հզօր Մտայղացումէ մը ծագում առած ըլլայ։—Նէեմեայ 9։6

13, 14. (ա) Գիտութիւնը իրապէս ի՞նչ հաստատած է կեանքի ծագման մասին։ (բ) Երկրի վրայ կեանքի գոյութիւնը ի՞նչ կը մատնանշէ։

13 Ապացոյցի երկրորդ եզրը, որ կրնայ մարդոց օգնել որ Ստեղծիչի մը գոյութիւնը ընդունին, կեանքի ծագման հետ կապ ունի։ Լուի Փասթէօրի փորձարկումներէն ի վեր, ընդունուած է որ կեանքը ինքնաբերաբար ոչինչէն մէջտեղ չի գար, ինքնագոյ ծնունդով մը։ Ուստի, երկրային կեանքը ի՞նչպէս ծագում առաւ։ 1950–ական թուականներուն, գիտնականներ փորձեցին ապացուցանել որ երկրի վրայ կեանքը դանդաղօրէն զարգացած է նախնական ովկիանոսի մը մէջ, երբ փայլատակումներ կը հարուածէին նախնական մթնոլորտ մը։ Սակայն, աւելի վերջերս եղած ապացոյցներ ցոյց կու տան որ երկրային կեանքի այսպիսի ծագում մը անհաւանական է, քանի որ այդպիսի մթնոլորտ մը բնաւ գոյութիւն ունեցած չէ։ Հետեւաբար, կարգ մը գիտնականներ աւելի նուազ թերի բացատրութիւն մը կը փնտռեն։ Բայց արդեօք իրե՞նք ալ բուն կէտէն կը վրիպին։

14 Բրիտանացի աստղագէտ Սըր Ֆրէտ Հոյլ, որ տասնեակ տարիներ տիեզերքը եւ անոր մէջ կեանքը ուսումնասիրած է, ըսաւ. «Փոխանակ ընդունելու բնութեան կոյր ուժերու միջոցաւ կեանքի ծագումին երեւակայականօրէն պզտիկ հաւանականութիւնը, նախընտրելի թուեցաւ ենթադրել որ կեանքը ծագում առած է յօժարակամ գիտակից արարքով մը»։ Այո, որքան սորվինք կեանքի սքանչելիքներուն մասին, այդքան տրամաբանական կ’ըլլայ որ կեանքը մտացի Աղբիւրէ մը յառաջ եկած է։—Յոբայ 33։4. Սաղմոս 8։3, 4. 36։9. Գործք 17։28

15. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուի որ դուք անզուգական էք։

15 Ուստի, տրամաբանական առաջին եզրը՝ տիեզերքին, իսկ երկրորդը՝ երկրի վրայ կեանքի ծագումին հետ կապ ունէր։ Հիմա նկատի առէք երրորդը՝ մեր անզուգական ըլլալը։ Բոլոր մարդիկ՝ մէջը ըլլալով դո՛ւք, շատ մը կերպերով անզուգական են։ Ի՞նչպէս։ Հաւանաբար լսած էք որ ուղեղը նմանցուած է ուժեղ համակարգիչի մը։ Վերջին գիւտերը իրապէս ցոյց տուին որ այս բաղդատութիւնը շատ տկար է։ Մասաչուսէթսի Արուեստագիտութեան Հաստատութեան գիտնականներէն մէկը ըսաւ. «Ներկայ համակարգիչները չորս տարեկան մարդ արարածի մը տեսնելու, խօսելու, շարժելու, դատողութիւն գործածելու կարողութեան քովէն իսկ չեն անցնիր։ . . . Գնահատուած է որ նոյնիսկ ամենազօրաւոր գերհամակարգիչի մը ունեցած տեղեկութիւնը գործի դնելու եղանակին կարողութիւնը, հաւասար է խխունջի մը ջղային դրութեան. այսինքն՝ [ձեր] գանկին մէջ գտնուող գերհամակարգիչին ունեցած մատչելի զօրութեան չնչին մէկ կոտորակին»։

16. Ձեր լեզուական կարողութիւնը ի՞նչ բանի կը մատնանշէ։

16 Լեզուն՝ կարողութիւն մըն է որ ձեր ուղեղին կը պարտիք։ Ոմանք երկու, երեք, կամ աւելի լեզուներ կը խօսին, սակայն միայն մէկ լեզու խօսիլն անգամ մեզ անզուգական կը դարձնէ։ (Եսայեայ 36։11. Գործք 21։37-40) Ուսուցչապետներ՝ Ռ.Ս. եւ Տ.Հ. Ֆաութց հարցուցին. «Միայն մա՞րդն է որ . . . խօսակցութեամբ կը հաղորդակցի։ . . . Վստահաբար բոլոր լիակազմ անասունները կը հաղորդակցին . . . շարժուձեւերով, հոտառութեամբ, կանչերով, աղաղակներով, երգերով եւ մեղուներու պարագային նոյնիսկ պարերով։ Սակայն, մարդուն հակառակը, միւս անասունները շարահիւսութիւն չունին։ Իսկ մասնաւորաբար յատկանշական է որ անասունները արուեստի պատկերներ չեն գծեր։ Իսկ եթէ գծելու ալ ըլլան, անոնք միմիայն անիմաստ գիծեր կրնան ընել»։ Արդարեւ, միայն մարդիկ կրնան իրենց ուղեղը գործածել լեզու մը խօսելու եւ իմաստալից պատկերներ գծելու համար։—Համեմատել՝ Եսայեայ 8։1. 30։8. Ղուկաս 1։3

17. Ի՞նչ հիմնական տարբերութիւն մը կայ անասունի մը հայելիին մէջ նայելուն եւ մարդու մը նայելուն միջեւ։

17 Ասկէ զատ, դուք անձնագիտակցութիւն ունիք. դուք ձեզ կը ճանչնաք։ (Առակաց 14։10) Բնաւ տեսա՞ծ էք թռչուն մը, շուն մը, կատու մը, կամ ուրիշ անասուն մը որ ինքզինք տեսնելով հայելիին մէջ, կը սկսի կտցահարել, մռնչել, կամ յարձակիլ։ Անիկա ինքզինք չի ճանչնար եւ կը խորհի որ ուրիշ անասուն մը կը տեսնէ։ Իսկ դուք, երբ հայելիին նայիք, դուք ձեզ կը ճանչնաք։ (Յակոբու 1։23, 24) Կրնաք ձեր երեւոյթը աչքէ անցընել եւ դուք ձեզի հարց տալ որ քանի մը տարի ետք ի՛նչպէս պիտի ըլլաք։ Անասունները ասիկա չեն ըներ։ Այո, ձեր ուղեղը ձեզ անզուգական կը դարձնէ։ Ասոր վարկը որո՞ւ կ’երթայ։ Եթէ Աստուած չստեղծեց ձեր ուղեղը, անիկա ի՞նչպէս գոյացաւ։

18. Մտային ի՞նչ կարողութիւններ ձեզ անասուններէն կը զատորոշեն։

18 Ձեր ուղեղին շնորհիւ դուք արուեստը եւ երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ բարոյական արժէքները կրնաք գնահատել։ (Ելից 15։20. Դատաւորաց 11։34. Գ. Թագաւորաց 6։1, 29-35. Մատթէոս 11։16, 17) Ինչո՞ւ դո՛ւք այս յատկութիւնները ունիք եւ անասունները չունին։ Անասունները իրենց ուղեղը կը գործածեն իրենց անմիջական կարիքներուն հոգ տանելու համար, ինչպէս՝ ուտելիք ճարել, զուգաւորուիլ, կամ բոյն մը շինել։ Միայն մարդիկն են որ անմիջականէն անդին կը տեսնեն։ Ոմանք նոյնիսկ կը մտածեն որ կարգ մը արարքներ տարիներ ետք ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենան միջավայրին, կամ իրենց զաւակներուն վրայ։ Ինչո՞ւ։ Ժողովողի 3։11–ը մարդոց մասին կ’ըսէ. «[Ստեղծիչը] մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ»։ Այո, յաւերժական ժամանակին իմաստը նկատի առնելու, կամ յաւիտենական կեանք երեւակայելու ձեր կարողութիւնը մասնայատուկ է։

Ստեղծիչը Ձեր Կեանքին Իմաստ Թող Աւելցնէ

19. Տրամաբանական ի՞նչ երեք եզրեր գործածելով կրնաք օգնել ուրիշներու որ Ստեղծիչի մը մասին մտածեն։

19 Մենք միայն երեք մարզեր նկատի առինք. անհուն տիեզերքին մէջ ի յայտ եկած ճշգրտութիւնը, երկրի վրայ կեանքի ծագումը եւ մարդկային ուղեղին անժխտելի անզուգականութիւնը եւ անոր այլազան կարողութիւնները։ Այս երեքը ի՞նչ կը մատնանշեն։ Ահաւասիկ պատճառաբանութեան եզր մը, զոր կրնաք գործածել ուրիշներուն օգնելու համար որ եզրակացութեան մը յանգին։ Նախ կրնաք հարցնել. Տիեզերքը սկիզբ մը ունեցա՞ծ է։ Շատեր համամիտ են ասոր։ Ապա հարցուցէք. Այդ սկիզբը պատճառող մը ունեցա՞ծ է թէ ոչ առանց պատճառողի գոյացած է։ Շատեր կ’ընդունին որ տիեզերքին սկիզբը պատճառուած է։ Ասիկա վերջին հարցումին կ’առաջնորդէ. Այդ սկիզբը պատճառուած է յաւիտենական բանո՞վ մը թէ ոչ յաւիտեան եղող Մէկով մը։ Երբ հարցերը այսպէս յստակ ու տրամաբանական կերպով ներկայացուին, շատեր կրնան եզրակացնել որ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունենա՛լու է։ Պարագան այս ըլլալով, կարելի չէ՞ որ կեանքն ալ իմաստ մը ունենայ։

20, 21. Կեանքը իմաստ մը ունենալու համար, Ստեղծիչը ճանչնալը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։

20 Մեր ամբողջ գոյութիւնը, մէջը ըլլալով մեր բարոյական գիտակցութիւնը եւ բարոյականութիւնը ինքնին մեր Ստեղծիչին հետ առնչուած պէտք է ըլլայ։ Տոքթ. Ռոլօ Մէյ առիթով մը գրեց. «Բարոյականութեան համար միակ վերջնական կառոյցը անիկա է, որ կեանքի հիմնական իմաստին վրայ հաստատուած է»։ Ատիկա ո՞ւր կը գտնուի։ Ան շարունակեց. «Վերջնական կառոյցը Աստուծոյ բնոյթն է։ Աստուծոյ սկզբունքները ա՛յն սկզբունքներն են, որոնք ստեղծագործութեան սկիզբէն մինչեւ վերջը կեանքին հիմը կը կազմեն»։

21 Արդ, շատ լաւ կը հասկնանք թէ սաղմոսերգուն ինչո՛ւ թէ՛ խոնարհութիւն եւ թէ իմաստութիւն ցոյց տուաւ, երբ Ստեղծիչին պաղատեցաւ. «Ո՛վ Տէր, քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի, քու շաւիղներդ սորվեցուր ինծի։ Քու ճշմարտութեանդ մէջ ինծի առաջնորդէ ու սորվեցուր ինծի, քանզի դո՛ւն ես իմ փրկութեանս Աստուածը»։ (Սաղմոս 25։4, 5) Մինչ Ստեղծիչը աւելի լաւ ճանչցաւ, սաղմոսերգուին կեանքը վստահաբար աւելի իմաստ, նպատակ եւ առաջնորդութիւն ունեցաւ։ Նոյնը կրնայ ըլլալ ամէն մէկուս։—Ելից 33։13

22. Ստեղծիչին ճամբաները գիտնալը ի՞նչ կը ներփակէ։

22 Ստեղծիչին «ճամբաները» գիտնալը կը ներփակէ աւելի լաւ գիտնալ թէ ինք ի՛նչպիսի մէկն է՝ թէ՛ անձնաւորութեամբ եւ թէ իր ճամբաներով։ Բայց քանի որ Ստեղծիչը անտեսանելի է եւ՝ ահաւոր կերպով հզօր, ի՞նչպէս կրնանք աւելի լաւ ճանչնալ զինք։ Յաջորդ յօդուածը ասիկա նկատի պիտի առնէ։

[Ստորանիշ]

a Նացի կեդրոնացման ճամբարներէն իր քաղած փորձառութիւններուն հիման վրայ, Տոքթ. Վիգտոր Ի. Ֆրանգլ գիտակցեցաւ. «Իմաստ մը փնտռելն է մարդուն համար իր կեանքին գլխաւոր ոյժը, եւ ոչ թէ բնազդով տարուած երկրորդական բանականութիւնը», անասուններուն նման։ Ան աւելցուց որ, երկրորդ աշխարհամարտի յաջորդող տասնամեակներուն, Ֆրանսայի մէջ փորձագիտանք մը «ցոյց տուաւ որ հարցափորձուած ժողովուրդին 89 տոկոսը ընդունեց որ մարդը կարիքը ունի ‘բանի’ մը, որպէսզի անոր սիրոյն ապրի»։

Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Մեր տիեզերքին մասին ինչո՞ւ գիտական տեղեկութիւն առնելէն աւելին պէտք է ընենք։

◻ Երբ ուրիշներուն կ’օգնէք որ Ստեղծիչի մը մասին մտածեն, ի՞նչ բանի կրնաք մատնանշել։

◻ Ստեղծիչը ճանչնալը ինչո՞ւ կեանքին գոհացուցիչ իմաստ մը կու տայ։

[Գծապատկեր/Նկար՝ էջ 10]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

Ի՞նչ է ձեր եզրակացութիւնը

ՄԵՐ ՏԻԵԶԵՐՔԸ սկիզբ մը ունեցած չէ

↓

պատճառուած չէ յաւիտենական ԲԱՆՈՎ մը

ՄԵՐ ՏԻԵԶԵՐՔԸ սկիզբ մը ունեցած է

↓

պատճառուած է յաւիտենական ՄԷԿՈՎ մը

[Նկար՝ էջ 9]

Տիեզերքի անծայրածիր եւ բացայայտօրէն ճշգրիտ ըլլալը առաջնորդած է որ շատեր Ստեղծիչին մասին մտածեն

[Նկարներուն աղբիւրները]

Pages 9 and 10։ Jeff Hester (Arizona State University) and NASA

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել