Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 9/1 էջ 28-31
  • Արծիւներու պէս թեւերով վեր բարձրանանք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Արծիւներու պէս թեւերով վեր բարձրանանք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Արծիւի Դրօշին Ներքեւ
  • Արծիւին Աչքը
  • «Օդին մէջ՝ Արծիւին Ճամբան»
  • Արծիւի Թեւերուն Շուքին Ներքեւ
  • Ազատութեան Միջոց
  • Եհովան յոգնածին ոյժ կու տայ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
  • Դասեր քաղենք երկնքի թռչուններէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 9/1 էջ 28-31

Արծիւներու պէս թեւերով վեր բարձրանանք

ՀԻՆԳ տարի Նացի կեդրոնացման ճամբարներուն մէջ անցընելէ ետք անհատ մը ի՞նչպէս կը զգայ. յուսահատա՞ծ, դառնացա՞ծ, վրէժխնդի՞ր։

Այսպիսի մարդ մը հետեւեալը գրեց, որ տարօրինակ կրնայ թուիլ. «Կեանքս յուսացածէս աւելի ճոխացաւ»։ Ինչո՞ւ այդպէս զգաց։ Ան կը բացատրէ. «Բարձրելոյն թեւերուն տակ ապաստանեցայ եւ Եսայիի մարգարէին խօսքերուն կատարումը ապրեցայ, երբ կ’ըսէ. ‘Եհովայի ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն, . . . պիտի քալեն ու չյոգնին’»։—Եսայեայ 40։31

Այս Քրիստոնեան, որ աներեւակայելիօրէն ֆիզիքական ամենէն տաժանելի չարչարանքները կրեց, մտայնութիւն մը ունէր որ այլաբանօրէն դէպի վեր կը սաւառնէր, տրամադրութիւն մը, որու Նացիական բրտութիւնը չկրցաւ յաղթել։ Դաւիթի նման, ան Աստուծոյ «թեւեր»ուն շուքին ներքեւ ապաստանեցաւ։ (Սաղմոս 57։1) Այս Քրիստոնեան Եսայիի մարգարէին տուած մէկ նմանութիւնը գործածեց, իր հոգեւոր զօրութիւնը բաղդատելով միշտ աւելի բարձրերը սլացող արծիւի մը։

Դուք ալ երբեմն խնդիրներով ծանրաբեռնուած կը զգա՞ք։ Անկասկած դուք ալ պիտի ուզէիք Բարձրելոյն թեւերուն ներքեւ ապաստանիլ, ‘արծիւներու պէս թեւերով վեր ելլելու’ համար։ Հասկնալու համար թէ ասիկա ինչպէս կարելի է, պէտք է որոշ բաներ գիտնանք արծիւի մասին, որ յաճախ Աստուածաշունչին մէջ փոխաբերական իմաստով գործածուած է։

Արծիւի Դրօշին Ներքեւ

Վաղեմի ժողովուրդները բոլոր թռչուններուն մէջէն ամենէն շատ հիացած են արծիւին վրայ, թերեւս անոր զօրութեան եւ վեհաշուք թռիչքին համար։ Վաղեմի բանակներէն շատեր՝ մէջը ըլլալով Բաբելոնը, Պարսկաստանը եւ Հռովմը, արծիւի դրօշին ներքեւ քալեցին։ Մեծն Կիւրոսի բանակը անոնցմէ մէկն էր։ Աստուածաշունչը մարգարէացած էր որ այս Պարսիկ թագաւորը գիշատիչ թռչունի մը նման արեւելքէն պիտի գար, Բաբելոնական Կայսրութիւնը բզկտելու համար։ (Եսայեայ 45։1. 46։11) Այս մարգարէութիւնը գրուելէն երկու հարիւր տարի ետք, Կիւրոսի բանակները, որոնք պատերազմի նշանակներուն վրայ արծիւներ ունէին, Բաբելոն քաղաքին վրայ խոյացան, ինչպէս գիշատիչ մը իր որսին վրայ կը սլանայ։

Աւելի վերջերս, Շարլըմանյի եւ Նաբոլէոնի նման ռազմիկներ եւ Միացեալ Նահանգներու ու Գերմանիոյ նման երկիրներ ալ արծիւը ընտրած են որպէս իրենց զինանշանը։ Իսրայելացիներուն ըսուած էր որ արծիւի կամ որեւէ արարածի պատկերը չպաշտեն։ (Ելից 20։4, 5) Սակայն, Աստուածաշունչ գրողները արծիւի յատկանիշներուն ակնարկութիւններ ըրին, որպէսզի իրենց պատգամը աւելի պատկերալից դարձնեն։ Անոր համար, արծիւը, Աստուածաշունչին մէջ յաճախ յիշուած այս թռչունը գործածուած է իմաստութիւնը, աստուածային պաշտպանութիւնը եւ արագութիւնը խորհրդանշելու համար։

Արծիւին Աչքը

Արծիւին սուր տեսողութիւնը առածի վերածուած է։ Թէեւ ոսկեգոյն արծիւը հազիւ թէ 5 քիլօ կը կշռէ, բայց անոր աչքը մարդու աչքէն աւելի մեծ է, իսկ տեսողութիւնը՝ շատ աւելի սուր։ Եհովա որ Յոբի կը բացատրէր իր կերակուրը փնտռող արծիւին կարողութեան մասին, ըսաւ. «Անոր աչքերը հեռուէն կը տեսնեն»։ (Յոբ 39։27, 29) Ալիս Փարմէլի՝ Աստուածաշունչի Բոլոր Թռչունները խորագրով իր գրքին մէջ կը տեղեկագրէ որ «անգամ մը արծիւ մը 5 քմ. հեռուն գտնուող լիճի մը մէջ ծփացող մեռած ձուկ մը նկատեց, շեղակի էջք կատարեց ճիշդ վրան։ Արծիւը ոչ միայն կրցաւ պզտիկ իր մը տեսնել այնքան հեռաւորութեան վրայ, ուր մարդկային տեսողութիւնը չի հասնիր, այլ, 5 քմ. թռիչքի ընթացքին ձուկը իր աչքէն չվիրապեցաւ»։

Իր սուր տեսողութեան պատաճառաւ, արծիւը պատշաճ կերպով կը խորհրդանշէ իմաստութիւնը, Եհովայի գլխաւոր յատկութիւններէն մէկը։ (Բաղդատել Եզեկիէլ 1։10. Յայտնութիւն 4։7։) Ինչո՞ւ արդեօք։ Իմաստութիւնը կը պահանջէ որ մեր կատարելիք որեւէ գործ նախատեսենք։ (Առակաց 22։3) Արծիւը շատ հեռուն տեսնելու իր կարողութեամբ, հեռուէն վտանգ մը կրնայ նկատել եւ անոր առաջքը առնել, Յիսուսի առակին խելացի մարդուն նման, որ փոթորիկի կարելիութիւնը նախատեսեց եւ իր տունը ապառաժի վրայ շինեց։ (Մատթէոս 7։24, 25) Հետաքրքրականօրէն, Սպաներէնի մէջ երբ անհատ մը արծիւի նմանցուի, կը նշանակէ որ ան հեռատես եւ ներատես է։

Եթէ մօտէն արծիւ մը տեսնելու պատեհութիւնը ունենաք, նկատի առէք որ իր աչքերը ինչպէս կը գործեն։ Անիկա ձեր վրայ պարզ նայուածք մը չի նետեր, այլ կարծես վերէն վար կը զննէ ձեզ։ Նմանապէս, իմաստուն անհատ մը հարց մը ուշադիր կերպով կը վերլուծէ, որոշումի մը հանգելէ առաջ, փոխանակ իր բնազդին կամ զգացումներուն վստահելու։ (Առակաց 28։26) Մինչ արծիւին սրատեսութիւնը յարմար կերպով կը խորհրդանշէ իմաստութեան աստուածային յատկութիւնը, բայց անոր վեհաշուք թռիչքն ալ այլաբանօրէն գործածուած է Աստուածաշունչ գրողներուն կողմէ։

«Օդին մէջ՝ Արծիւին Ճամբան»

«Օդին մէջ՝ արծիւին ճամբան» յատկանշական է թէ՛ իր արագութեան եւ թէ դիւրասլաց թռիչքին համար, որ ոչ նախագծուած ուղիի մը կը հետեւի, ոչ ալ հետք կը ձգէ։ (Առակաց 30։19) Ողբք 4։19–ի մէջ, ակնարկուած է արծիւին արագութեան, ուր Բաբելոնացի զինուորները նկարագրելով կ’ըսէ. «Մեզ հալածողները երկնքի արծիւներէն արագընթաց եղան. մեզ լեռներու վրայ հալածեցին»։ Երբ օդին մէջ պտոյտ տուող արծիւ մը իր որսը նկատէ, իր թեւերը կը հաւաքէ եւ զառիթափ կը սլանայ, ըստ կարգ մը տեղեկագրութիւններու, երբեմն ժամական 130 քմ. արագութեամբ։ Զարմանալի չէ որ Աստուածաշունչը արծիւը կը գործածէ որպէս արագութեան հոմանիշ, մանաւանդ երբ զինուորական ուժերու կ’ակնարկէ։—Բ. Թագաւորաց 1։23. Երեմեայ 4։13. 49։33

Իսկ միւս կողմէ, Եսային արծիւի դիւրասլաց թռիչքին կ’ակնարկէ։ «Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն, պիտի վազեն ու չթուլնան, պիտի քալեն ու չյոգնին»։ (Եսայեայ 40։31) Սակայն արծիւի դիւրասլացութեան գաղտնիքը ի՞նչ է։ Արծիւին համար բարձրանալը շատ ջանք չի պահանջեր, քանի որ անիկա տաք հոսանքը, կամ բարձրացող տաք օդի հոսանքը կը գործածէ։ Այդ հոսանքները անտեսանելի են, բայց արծիւը դիւրութեամբ կը գտնէ զանոնք։ Տաք հոսանքը գտնելէ ետք, անիկա իր թեւերը եւ պոչը կը տարածէ եւ տաք օդին մէջ շուրջանակի կը դառնայ, մինչեւ որ օդը զինք երթալով վեր բարձրացնէ։ Երբ բաւական բարձրացած է, ան կը սահի յաջորդ տաք օդի հոսանքի մը մէջ, նոյն գործողութիւնը շարունակելու համար։ Այս կերպով, արծիւը կրնայ բարձրութեան մէջ ժամեր մնալ, առանց շատ ուժ վատնելու։

Իսրայէլի մէջ, մանաւանդ Ռիֆթ Հովիտին մէջ, որ Կարմիր Ծովու ափը գտնուող Էցիոն–Կէպէրէն մինչեւ Դան՝ դէպի հիւսիս՝ կ’երկարի, արծիւները սովորական երեւոյթ մըն են։ Մանաւանդ գարնան ու աշնան, երբ կը գաղթեն, անոնց թիւը կը բազմանայ։ Եղած է տարիներ, ուր 100,000 արծիւներ համրուած են։ Երբ առաւօտեան արեւը օդը կը տաքցնէ, Ռիֆթ Հովիտի երկայնքի խարակներուն վրայ հարիւրաւոր սաւառնող գիշատիչ թռչուններ կը տեսնուին։

Արծիւներու առանց ջանքի թռիչքը գեղեցիկ կերպով կը պատկերացնէ թէ Եհովայի զօրութիւնը ի՛նչպէս կրնայ մեզ բարձրացնել հոգեւորապէս եւ զգացականօրէն, որպէսզի մեր գործը կատարենք։ Ճիշդ ինչպէս որ արծիւ մը իր անձնական ուժով չէ որ այդքան վերեւ կը բարձրանայ, մենք ալ մեր անձնական ուժով չենք կրնար բան մը գլուխ հանել։ «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց», ըսաւ Պօղոս առաքեալ։ (Փիլիպպեցիս 4։13) Անտեսանելի տաք հոսանքներ փնտռող արծիւի մը նման, մեր ջերմեռանդ աղօթքներով, Եհովայի անտեսանելի գործօն ոյժը ‘կը շարունակենք խնդրել’։—Ղուկաս 11։9, 13

Գաղթող թռչունները յաճախ ուրիշ գիշատիչ թռչունները դիտելով կը գտնեն տաք հոսանքները։ Բնագէտ Տ. Ռ. Մագինթոշ տեղեկագրեց որ առիթով մը 250 արծիւներ եւ անգղեր միասնաբար նոյն տաք հոսանքին մէջ շրջելով վեր բարձրացան։ Քրիստոնեաներն ալ այսօր կրնան սորվիլ Եհովայի ոյժին վստահիլ, ուրիշ աստուածավախ ծառաներուն հաւատարիմ օրինակին հետեւելով։—Տես՝ Ա. Կորնթացիս 11։1։

Արծիւի Թեւերուն Շուքին Ներքեւ

Արծիւի մը կեանքին ամենէն վտանգաւոր շրջաններէն մէկը՝ թռչիլ սորվելու պահերն են։ Շատ արծիւներ այս փորձը կատարելու ընթացքին կը մահանան։ Նորածին Իսրայէլ ազգն ալ վտանգի մէջ էր երբ Եգիպտոսէ դուրս ելաւ։ Հետեւաբար, Իսրայէլի ուղղած Եհովայի խօսքերը շատ տեղին էին. «Դուք տեսաք ինչ որ ըրի Եգիպտացիներուն եւ ինչպէս ձեզ արծիւի թեւերուն վրայ վերցուցի ու քովս բերի»։ (Ելից 19։4) Կը տեղեկագրուի որ արծիւներ կարճ ժամանակ մը իրենց ձագերը իրենց կռնակը կը կրեն, որպէսզի թռիչքի փորձ կատարելու ժամանակ իյնալով չմեռնին։ Ճ. Տրայվըր իր գրքին մէջ (Palestine Exploration Quarterly) այսպիսի տեղկագրութիւններու մասին կ’ըսէ. «[Սուրբ Գրային] պատկերը պարզ երեւակայութիւն մը չէ, այլ իրողութեան վրայ հիմնուած է»։

Արծիւները օրինակելի ծնողներ են ուրիշ մարզերու մէջ ալ։ Անոնք ոչ միայն իրենց թռչնիկներուն կանոնաւորաբար ուտելիք կը հայթայթեն, հապա մայր թռչունը արու թռչունին բերած կերը կը մանրէ, որպէսզի թռչնիկները կարենան զայն կլլել։ Քանի որ անոնց բոյները սովորաբար խարակներու կամ բարձր ծառերու վրայ դրուած կ’ըլլան, թռչնիկները տարերքներու ենթակայ են։ (Յոբ 39։27, 28) Սուրբ գրային երկիրներու համար սովորական եղող կիզիչ արեւը թռչնիկներուն կեանքին կը սպառնար, եթէ ծնողքին հոգատարութիւնը չըլլար։ Չափահաս արծիւը իր թեւերը կը տարածէ՝ երբեմն ժամերով՝ իր մատղաշ թռչնիկներուն վրայ շուք ընելու համար։

Ուստի, պատշաճօրէն Աստուածաշունչին մէջ արծիւին թեւերը գործածուած են աստուածային պաշտպանութիւնը խորհրդանշելու համար։ Բ. Օրինաց 32։9–12–ը կը նկարագրէ թէ Եհովա ինչպէ՛ս պաշտպանեց Իսրայելացիները, երբ անապատին մէջ աստանդական կը թափառէին. «Տէրոջը բաժինը իր ժողովուրդն է ու իր ժառանգութեան վիճակը Յակոբն է։ Զանիկա ամայի երկրի մէջ, անկոխ ու ահագին անապատի մէջ գտաւ։ Զանիկա պաշտպանեց, խրատեց ու իր աչքին բիբին պէս պահեց։ Ինչպէս արծիւը իր բոյնը կը խառնէ, կը շարժի իր ձագերուն վրայ իր թեւերը կը տարածէ, զանոնք վրան կ’առնէ ու թեւերովը կը վերցնէ, այնպէս ալ Տէրը միայն զանիկա պտըտցուց»։ Եհովա մեզի ալ նոյնպէս սիրալիր կերպով պիտի պաշտպանէ՝ եթէ իրեն ապաւինինք։

Ազատութեան Միջոց

Երբ խնդիրներ դիմագրաւենք, երբեմն թերեւս կը փափաքինք ամէն բան ձգել ու փախչիլ մեր դժուարութիւններէն։ Դաւիթ ճիշդ այսպէս զգաց։ (Տես՝ Սաղմոս 55։6, 7։) Թէեւ Եհովա կը խոստանայ օգնել մեզի, երբ այս դրութեան մէջ փորձութիւններ եւ տառապանքներ դիմագրաւենք, բայց անոնցմէ ամբողջական ազատութիւն չի հրամցներ։ Աստուածաշունչը հետեւեալ երաշխիքը կու տայ. «Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէսզի կարող ըլլաք համբերել»։—Ա. Կորնթացիս 10։13

«Ազատութեան միջոց» կամ «փրկութեան ելք» (Արեւելահայերէն Թարգ.) ունենալու համար, պէտք է սորվինք Եհովայի ապաւինիլ։ Այս յօդուածին սկիզբը մէջբերուած Մաքս Լէպսթըրը ա՛յս է որ երեւան հանեց։ Կեդրոնացման ճամբարներու մէջ գտնուած տարիներուն, ան Եհովան ճանչցաւ եւ անոր ապաւինեցաւ։ Ինչպէս Մաքս անդրադարձաւ, Եհովա իր Խօսքին, իր հոգիին եւ իր կազմակերպութեան միջոցաւ մեզ կը զօրացնէ։ Նոյնիսկ ճամբարներուն մէջ, Վկաները իրենց հաւատակիցները կը փնտռէին եւ անոնց հոգեւոր օգնութիւն կը մատուցանէին, անոնց հետ բաժնելով հոգեւոր խորհուրդներ եւ սուրբ գրային ի՛նչ գրականութիւն որ ունէին։ Իսկ ինչպէս վերապրած հաւատարիմ անհատներ յաճախ կը վկայեն, Եհովա զիրենք զօրացուց։ Մաքս կը բացատրէ, «Անդադար Եհովայէ կը խնդրէի որ ինծի օգնէր, եւ իր հոգին թիկունք կանգնեցաւ ինծի»։

Ի՛նչ փորձութիւն ալ դիմագրաւենք, մենք ալ կրնանք Աստուծոյ սուրբ հոգիին ապաւինիլ, բայց պէտք է շարունակենք խնդրել զայն։ (Մատթէոս 7։7–11) ‘Բնականէն վեր եղող զօրութեամբ’ տոգորուած, դէպի վեր պիտի սլանանք, փոխանակ մեր խնդիրներով ջախջախուած զգալու։ Պիտի շարունակենք Եհովայի ճամբուն մէջ քալել ու պիտի չյոգնինք։ Արծիւի թեւերով վեր պիտի բարձրանանք։—Բ. Կորնթացիս 4։7. Եսայեայ 40։31

[Մէջբերում՝ էջ 29]

Ձեր վրայ պարզ նայուածք մը չի նետեր

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել