Եհովան ընդօրինակեցէք՝ իրաւունք ու արդարութիւն ընելով
«Ե՛ս եմ Տէրը, որ երկրի վրայ ողորմութիւն, իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընեմ. քանզի ես ասոնց կը հաճիմ»։—ԵՐԵՄԵԱՅ 9։24
1. Եհովա ի՞նչ հոյակապ հեռանկար մը վերապահած է։
ԵՀՈՎԱ խոստացաւ որ պիտի գայ օր մը, երբ ամէն մարդ զինք պիտի ճանչնայ։ Իր Եսայի մարգարէին միջոցաւ, ան նշեց. «Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ (Եսայեայ 11։9) Ի՜նչ հոյակապ հեռանկար մըն է։
2. Եհովան ճանչնալ ի՞նչ կը բովանդակէ եւ ինչո՛ւ։
2 Արդ, ի՞նչ կը նշանակէ Եհովան ճանչնալ։ Եհովա Երեմիային յայտնեց թէ իրեն համար ի՛նչ բան մեծագոյն արժէքը ունէր. «[Ան] որ կը հասկնայ ու զիս կը ճանչնայ եւ գիտէ թէ ե՛ս եմ Տէրը, որ երկրի վրայ ողորմութիւն, իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընեմ. քանզի ես ասոնց կը հաճիմ»։ (Երեմեայ 9։24) Ուստի, Եհովան ճանչնալ իր մէջ կը բովանդակէ գիտնալ թէ ինք ի՛նչպէս իրաւունք եւ արդարութիւն ի գործ կը դնէ։ Ապա, եթէ այս յատկութիւնները մենք ալ ի գործ դնենք, ինք մեզի պիտի հաճի։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ, Եհովա դարերու ընթացքին անկատար մարդոց հետ իր ունեցած վերաբերմունքին մասին արձանագրութիւն մը պահած է։ Զայն ուսումնասիրելով, կրնանք տեսնել Եհովայի իրաւունք ու արդարութիւն ի գործ դրած կերպը եւ այս կերպով զինք կ’ընդօրինակենք։—Հռովմայեցիս 15։4
Իրաւ՝ Բայց Կարեկից
3, 4. Եհովա ինչո՞ւ արդարացի էր Սոդոմն ու Գոմորը կործանելուն մէջ։
3 Եհովայի իրաւունքի տարբեր երեսակները յայտնաբերող հոյակապ օրինակ մըն է Սոդոմի ու Գոմորի վրայ գործադրուած աստուածային դատաստանը։ Եհովա ոչ միայն անհրաժեշտ պատիժը սահմանեց, հապա արժանի եղողները փրկելու միջոց ալ հայթայթեց։ Այդ քաղաքներու կործանումը իրապէս արդարացի՞ էր։ Աբրահամ, որ հաւանաբար Սոդոմի ամբարշտութեան մասին սահմանափակ գաղափար մը ունէր, սկիզբը այդպէս չխորհեցաւ։ Եհովա վստահեցուց Աբրահամի որ եթէ միայն տասը արդար գտնուէր, քաղաքին պիտի խնայէր։ Շատ պարզ է որ Եհովայի իրաւունքը որեւէ ատեն հապճեպով կամ անողորմ կերպով չի գործադրուիր։—Ծննդոց 18։20-32
4 Երկու հրեշտակներուն կողմէ կատարուած քննութիւնը վառ կերպով ապացուցանեց Սոդոմի բարոյական ստորնութիւնը։ Երբ քաղաքին տղամարդիկը՝ «երիտասարդներէն մինչեւ ծերերը», գիտցան որ երկու տղամարդիկ իջեւանած են Ղովտի տունը, անոնք տան վրայ յարձակեցան, խմբովին միասեռական բռնաբարում կատարելու համար։ Անոնց անշնորհքութիւնը ամենաստորին մակարդակի հասած էր։ Կասկած չկայ, թէ այդ քաղաքին վրայ եկած Եհովայի դատաստանը արդարացի էր։—Ծննդոց 19։1-5, 24, 25
5. Աստուած ի՞նչպէս Ղովտը եւ իր ընտանիքը Սոդոմէն ազատեց։
5 Սոդոմի ու Գոմորի կործանումը որպէս ազդարարութիւն յիշելէ ետք, Պետրոս առաքեալ գրեց. «Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել»։ (Բ. Պետրոս 2։6-9) Իրաւունք ի գործ դրուած պիտի չըլլար, եթէ արդար Ղովտը եւ իր ընտանիքը Սոդոմի ամբարիշտ ժողովուրդին հետ բնաջինջ ըլլար։ Հետեւաբար, Եհովայի հրեշտակը մօտալուտ կործանումին դէմ զգուշացուց Ղովտը։ Տեսնելով որ Ղովտ կը տնտնար, «Տէրոջը անոր ողորմելովը», հրեշտակները բռնեցին անոր ու անոր կնկան եւ աղջիկներուն ձեռքէն եւ քաղաքէն դուրս հանեցին։ (Ծննդոց 19։12-16) Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա այս ամբարիշտ դրութեան վերահաս կործանման ժամանակ, նոյնանման հոգածութիւն ցոյց պիտի տայ արդարներուն հանդէպ։
6. Իրերու ամբարիշտ դրութեան վերահաս կործանումին համար ինչո՞ւ անտեղիօրէն պէտք չէ մտահոգուինք։
6 Թէեւ այս դրութեան վախճանը «դատաստանի եւ պատիժի» ժամանակ մըն է, բայց մենք անտեղիօրէն մտահոգուելու պատճառ չունինք։ (Ղուկաս 21։22, Անթիլիաս) Արմագեդոնին Աստուծոյ գործադրած դատաստանը «բոլորովին արդար» է։ (Սաղմոս 19։9) Ինչպէս Աբրահամ սորվեցաւ, մենք ալ կրնանք անվերապահօրէն վստահիլ Եհովայի իրաւունքի գործադրութեան, որ մերինէն գերիվեր է։ Աբրահամ հարցուց. «Միթէ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞»։ (Ծննդոց 18։25. բաղդատել՝ Յոբայ 34։10։) Կամ ինչպէս Եսային տեղին ըլլալով ըսաւ. ‘Ո՞վ անոր [Եհովայի] դատաստանի [«իրաւունքի», ՆԱ] ճամբան սորվեցուց’։—Եսայեայ 40։14
Մարդկութիւնը Փրկելու Համար Արդար Արարք մը
7. Աստուծոյ իրաւունք ընելուն եւ իր ողորմութեան միջեւ ի՞նչ յարակցութիւն կայ։
7 Աստուած միայն յանցագործները պատժելով չէ որ իր իրաւունքը կը յայտնաբերէ։ Եհովա ինքզինք կը բնութագրէ որպէս «ճշմարիտ Աստուած ու Փրկիչ»։ (Եսայեայ 45։21) Յայտնի է որ սերտ յարակցութիւն մը կայ Աստուծոյ արդարութեան, կամ իրաւունքի, գործադրութեան եւ մեղքի ազդեցութենէն մարդկութիւնը փրկելու իր փափաքին միջեւ։ Այս համարին մասին բացատրութիւն տալով, Տը Ինթըրնէշընլ Սթենտըրտ Պայպըլ Ինսայգլոբիտիա, 1982–ի Հրատարակութիւն, կը նշէ թէ «Աստուծոյ իրաւունքի գործադրութիւնը՝ Իր ողորմութիւնը արտայայտելու եւ Իր փրկութիւնը իրագործելու գործնական կերպեր կը փնտռէ»։ Հարցը այդ չէ որ Աստուծոյ իրաւունքը ողորմութեամբ պէտք է բարեխառնուի, հապա՝ թէ ողորմութիւնը Աստուծոյ իրաւունքի գործադրութեան մէկ արտայայտութիւնն է։ Մարդկութեան փրկութեան համար փրկանքի կարգադրութիւնը աստուածային իրաւունքին այս երեսակին ամենէն աչքառու օրինակն է։
8, 9. (ա) ‘արդար արարք’ին մէջ ի՞նչ բան պարփակուած էր եւ ինչո՛ւ։ (բ) Եհովա մեզմէ ի՞նչ կը սպասէ։
8 Փրկանքի գինը՝ Աստուծոյ միածին Որդւոյն, Յիսուս Քրիստոսի թանկագին կեանքը՝ բարձր գին մըն էր, քանի որ Եհովայի չափանիշները համապարփակ են եւ ինք անձամբ զանոնք կը պահէ։ (Մատթէոս 20։28) Կատարեալ կեանք մը՝ Ադամին կեանքը՝ կորսուած էր, ուստի կատարեալ կեանքի մը կարիքը կար Ադամի սերունդը փրկելու համար։ (Հռովմայեցիս 5։19-21) Պօղոս առաքեալ Յիսուսի ուղղամտութեան ընթացքը, մէջը ըլլալով փրկանքի վճարումը, կը նկարագրէ որպէս «արդար արարք մը»։ (Հռովմայեցիս 5։18, ՆԱ, ստորանիշ) Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովայի համար մարդկութիւնը փրկելը շիտակ ու արդար բան մըն էր, նոյնիսկ երբ անոր համար շատ սուղ գին մը պիտի վճարուէր։ Ադամի սերունդը «ջախջախուած եղէգ»ի նման էր, զոր Աստուած չուզեց փշրել, կամ ‘պլպլացող պատրոյգի’ նման՝ զոր չուզեց մարել։ (Մատթէոս 12։20) Աստուած վստահութիւն ունէր որ Ադամի սերունդէն բազմաթիւ հաւատարիմ այրեր ու կիներ պիտի գտնուէին։—Բաղդատել՝ Մատթէոս 25։34։
9 Այս գերադաս սիրոյ եւ իրաւունքի գործադրութեան ի՞նչպէս պէտք է ընդառաջենք։ Ասոր փոխարէն Եհովայի մեզմէ խնդրած բաներէն մէկն է՝ որ մենք ալ ‘իրաւունք ընենք’։ (Միքիայ 6։8) Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։
Իրաւունք Փնտռենք եւ Արդարութեան Ետեւէ Ըլլանք
10. (ա) Իրաւունք գործադրելու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք առաջ Աստուծոյ արդարութիւնը խնդրել։
10 Ամէն բանէ առաջ, Աստուծոյ բարոյական չափանիշներուն պէտք է համակերպինք։ Քանի որ Աստուծոյ չափանիշները իրաւունքով ու արդար են, երբ անոնց համաձայն ապրինք, իրաւունք ի գործ դրած կ’ըլլանք։ Եհովա ասիկա է որ կ’ակնկալէ իր ժողովուրդէն։ «Բարութիւն ընել սորվեցէ՛ք, իրաւունքը փնտռեցէ՛ք», ըսաւ Եհովա Իսրայելացիներուն։ (Եսայեայ 1։17) Լերան Քարոզին մէջ Յիսուս իր ունկնդիրներուն նման խրատներ տուաւ, երբ անոնց պատուիրեց որ ‘առաջ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ու անոր արդարութիւնը խնդրեն’։ (Մատթէոս 6։33) Պօղոս քաջալերութիւն տուաւ Տիմոթէոսի որ ‘արդարութեան ետեւէ երթայ’։ (Ա. Տիմոթէոս 6։11) Երբ Աստուծոյ վարքի չափանիշներուն համաձայն ապրինք եւ նոր անձնաւորութիւնը հագնինք, ճշմարիտ իրաւունքի ու արդարութեան հետամուտ եղած կ’ըլլանք։ (Եփեսացիս 4։23, 24) Ուրիշ խօսքով, ամէն բան Աստուծոյ ուզած կերպով ընելով՝ իրաւունք փնտռած կ’ըլլանք։
11. Ինչո՞ւ եւ ի՛նչպէս պէտք է պայքարինք մեղքի տիրապետութեան դէմ։
11 Բոլորս կը գիտակցինք որ անկատար մարդոց համար միշտ դիւրին չէ շիտակ եւ արդար բաներ ընել։ (Հռովմայեցիս 7։14-20) Պօղոս Հռովմէացի Քրիստոնեաները քաջալերեց որ մեղքի տիրապետութեան դէմ պայքարին, որպէսզի կարենան իրենց մարմինները Աստուծոյ նուիրել որպէս «արդարութեան գործիքներ», որոնք պիտանի պիտի ըլլային Աստուծոյ, իր կամքը իրագործելու համար։ (Հռովմայեցիս 6։12-14) Նմանապէս, Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար ուսումնասիրելով եւ գործադրելով, կրնանք ‘Եհովայի վարժութիւնը’ ըմբռնել եւ ‘արդարութեան մէջ խրատուիլ’։—Եփեսացիս 6։4. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17
12. Ի՞նչ բանէ պէտք է խուսափինք, եթէ ուրիշներու հետ պիտի վարուինք ինչպէս կ’ուզենք որ Եհովան վարուի մեզի հետ։
12 Երկրորդ՝ իրաւունք ըրած կ’ըլլանք երբ ուրիշներուն հետ կը վարուինք այն կերպով որ կ’ուզենք որ Եհովա մեզի հետ վարուի։ Շատ դիւրին է երկու չափանիշ ունենալ. թոյլատու չափանիշ մը մեզի համար եւ խիստ հատ մը՝ ուրիշներուն համար։ Մենք մեր տկարութիւնները անմիջապէս կը չքմեղացնենք, բայց շուտով կը քննադատենք ուրիշներու յանցանքները, որոնք կրնան մերինին հետ բաղդատած աննշան ըլլալ։ Յիսուս շեշտակիօրէն հարցուց. «Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր»։ (Մատթէոս 7։1-3) Բնաւ պէտք չէ մոռնանք որ մեզմէ ոեւէ մէկը չի կրնար ոտքի մնալ, եթէ Եհովա մեր յանցանքները զննելու ըլլայ։ (Սաղմոս 130։3, 4) Եթէ Եհովայի իրաւունք ընելը իրեն թոյլ կու տայ որ մեր եղբայրներուն տկարութիւնները անտեսէ, մենք ո՞վ ենք որ զիրենք դատապարտենք։—Հռովմայեցիս 14։4, 10
13. Արդար մարդ մը ինչո՞ւ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու հարկադրուած կը զգայ։
13 Երրորդ՝ աստուածային իրաւունք ցուցաբերած կ’ըլլանք, երբ ժրաջանօրէն կը մասնակցինք քարոզչութեան։ «Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, կարօտ եղողէն մի՛ խնայեր զանիկա»։ (Առակաց 3։27) Աստուծոյ առատօրէն շնորհած կենսատու գիտութիւնը մենք մեզի պահելը շիտակ պիտի չըլլար։ Ճիշդ է որ շատեր կը մերժեն մեր պատգամը, բայց ա՛յնքան ատեն որ Աստուած անոնց կ’ողորմի, պէտք է փափաքինք անոնց պատեհութիւն տալ որ «ապաշխարեն»։ (Բ. Պետրոս 3։9) Իսկ Յիսուսի նման, կ’ուրախանանք, երբ կարենանք անհատի մը օգնել որ իրաւունքի ու արդարութեան վերադառնայ։ (Ղուկաս 15։7) Հիմա նպաստաւոր ժամանակն է որ ‘արդարութիւնով ցանենք’։—Ովսեայ 10։12
‘Իրաւունքով Իշխող Իշխաններ’
14. Երէցները ի՞նչ դեր կը խաղան իրաւունք ընելու մէջ։
14 Բոլորս ալ արդարութեան ճամբուն մէջ պէտք է քալենք, բայց այս առնչութեամբ քրիստոնէական ժողովքի երէցները մասնաւոր պատասխանատուութիւն ունին։ Յիսուսի իշխանութիւնը ‘իրաւունքով ու արդարութիւնով հաստատուած’ է։ Հետեւաբար, երէցներուն չափանիշը պէտք է ըլլայ աստուածային իրաւունքը։ (Եսայեայ 9։7) Անոնք ի մտի ունին ինչ որ մարգարէաբար նկարագրուած է Եսայեայ 32։1–ի մէջ. «Ահա թագաւոր մը արդարութեամբ պիտի թագաւորէ ու իշխանները իրաւունքով պիտի իշխեն»։ Որպէս հոգիէն նշանակուած տեսուչներ կամ ‘Աստուծոյ տնտեսներ’, երէցները պէտք է Աստուծոյ վարուած կերպով վարուին։—Տիտոս 1։7
15, 16. (ա) Երէցները ի՞նչպէս Յիսուսի առակին մէջի հաւատարիմ հովիւը կ’ընդօրինակեն։ (բ) Երէցները ի՞նչ կը զգան հոգեւորապէս կորսուածներուն հանդէպ։
15 Յիսուս ցոյց տուաւ որ Եհովայի իրաւունքը կարեկից, ողորմած եւ բանաւոր էր։ Ան ամէն բանէ առաջ, ջանաց խնդիրներ ունեցողներուն օգնել եւ ‘կորսուածը փնտռել ու փրկել’։ (Ղուկաս 19։10) Յիսուսի առակին մէջի հովիւին նման, որ անխոնջօրէն փնտռեց մինչեւ որ գտաւ կորսուած ոչխարը, երէցները կը փնտռեն հոգեւորապէս մոլորածները եւ կը ջանան զանոնք ետ փարախ բերել։—Մատթէոս 18։12, 13
16 Փոխանակ լուրջ մեղք գործողները դատապարտելու, երէցները կը ջանան բժշկել զանոնք եւ եթէ կարելի է զղջումի առաջնորդել։ Անոնք կ’ուրախանան, երբ կարենան մոլորածի մը օգնել։ Սակայն կը տխրին՝ երբ յանցագործ մը մերժէ զղջալ։ Այդ պարագային, Աստուծոյ արդար չափանիշները իրենցմէ կը պահանջեն որ անզեղջ անհատը վտարեն։ Նոյնիսկ այդ պարագային, անառակ որդիին առակին մէջի հօրը նման, կը յուսան որ օր մը մոլորեալը ‘ինքզինքին գայ’։ (Ղուկաս 15։17, 18) Հետեւաբար, երէցները կարգ մը վտարուածներուն այցելելու նախաքայլը կ’առնեն, անոնց վերյիշեցնելու համար թէ ի՛նչ կրնան ընել Եհովայի կազմակերպութեան վերադառնալու համար։a
17. Երբ յանցագործութեան պարագայ մը ձեռք կ’առնեն, երէցներուն նպատակակէտը ի՞նչ կ’ըլլայ, եւ ո՞ր յատկութիւնը անոնց պիտի օգնէ որ այդ նպատակակէտին հասնին։
17 Յանցագործութեան պարագաներ ձեռք առնելու ժամանակ, երէցները մասնաւորաբար պէտք ունին Եհովայի նման իրաւունք ընելու։ Մեղաւորներ Յիսուսի «կը մօտենային», քանի որ կը զգային որ զիրենք պիտի հասկնար եւ պիտի օգնէր իրենց։ (Ղուկաս 15։1. Մատթէոս 9։12, 13) Անշուշտ, Յիսուս յանցագործութեան վրայ աչք չգոցեց։ Ճաշի պահ մը Յիսուսի հետ անցընելը տխրահռչակ հարստահարիչ Զաքէոսի մղեց որ զղջայ եւ ուրիշներուն ըրած զրկանքները հատուցանէ։ (Ղուկաս 19։8-10) Այսօր երէցներն ալ նոյն նպատակակէտը ունին, երբ դատական նիստ մը կ’ունենան. մոլորեալը զղջումի առաջնորդել։ Եթէ անոնք Յիսուսի նման դիւրամերձ են, շատ մը յանցագործներու համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ անոնցմէ օգնութիւն խնդրել։
18. Երէցները ի՞նչ ընելով «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս» պիտի ըլլան։
18 Զգայուն սիրտ ունենալը պիտի օգնէ երէցներուն որ աստուածային իրաւունք ի գործ դնեն, որ ո՛չ բիրտ է եւ ոչ ալ անզգայ։ Հետաքրքրական է այն գաղափարը թէ Եզրաս ոչ միայն իր միտքը պատրաստեց, այլ նաեւ իր սիրտը՝ որպէսզի իրաւունք ընել սորվեցնէ Իսրայելացիներուն։ (Եզրասայ 7։10) Հասկացող սիրտ մը պիտի օգնէ երէցներուն որ սուրբ գրային յարմար սկզբունքներ կիրարկեն եւ իւրաքանչիւր անհատի պարագաները հաշուի առնեն։ Երբ Յիսուս արեան ծորում ունեցող կինը բուժեց, ան ցոյց տուաւ որ Եհովայի իրաւունքի գործադրութիւնը կը նշանակէր օրէնքի խօսքերը եւ անոնց ետին գտնուող հոգին հասկնալ։ (Ղուկաս 8։43-48) Այն երէցները որոնք կարեկցութեամբ իրաւունք կ’ընեն, կարելի է նմանցնել «հովին դէմ դնող պատսպարանի», անոնց համար որոնք իրենց անձնական տկարութիւններով, կամ մեր ապրած այս չար դրութեան կողմէ հարուածուած են։—Եսայեայ 32։2
19. Քոյր մը ի՞նչպէս ընդառաջեց աստուածային իրաւունքի գործադրութեան։
19 Քոյր մը որ լուրջ մեղք մը գործած էր, ուղղակիօրէն զգաց աստուածային իրաւունքը։ Ան ընդունեց. «Անկեղծօրէն, ես կը վախնայի երէցներուն երթալու։ Բայց անոնք ինծի հետ կարեկցաբար վարուեցան եւ արժանապատուութիւնս յարգեցին։ Երէցները աւելի հայրերու պէս էին, քան թէ՝ խիստ դատաւորներու պէս։ Անոնք ինծի օգնեցին որ հասկնամ թէ Եհովա զիս պիտի չմերժէ եթէ ես իմ ճամբաներս սրբագրեմ։ Ես ուղղակիօրէն սորվեցայ թէ ինչպէս մեզ կը կրթէ որպէս սիրալիր Հայր մը։ Կրցայ սիրտս բանալ Եհովայի, վստահ ըլլալով որ իմ պաղատանքս պիտի լսէր։ Երբ յետադարձ ակնարկ մը նետեմ, կրնամ ի՛րապէս ըսել որ եօթը տարի առաջ երէցներուն հետ ունեցած հանդիպումս՝ Եհովայէ օրհնութիւն մըն էր։ Անկէ ի վեր, իրեն հետ իմ յարաբերութիւնս շատ աւելի զօրացած է»։
Իրաւունքը Պահեցէք եւ Արդարութիւն Ըրէք
20. Իրաւունքը եւ արդարութիւնը հասկնալուն եւ գործադրելուն օգուտները ի՞նչ են։
20 Բարեբախտաբար, աստուածային իրաւունքը ամէն մէկուն արժանի եղածը տալէն շատ աւելին կը նշանակէ։ Եհովայի իրաւունքը զինք մղեց որ հաւատք ընծայողներուն յաւիտենական կեանք շնորհէ։ (Սաղմոս 103։10. Հռովմայեցիս 5։15, 18) Աստուած ա՛յս կերպով կը վարուի մեզի հետ, քանի որ իր իրաւունքը հաշուի կ’առնէ մեր պարագաները եւ ան կը ջանայ մեզ փրկել, փոխանակ դատապարտելու։ Իրապէս, Եհովայի իրաւունքի տարողութիւնը աւելի լաւ հասկնալը մեզի աւելի կը մօտեցնէ իրեն։ Իսկ մինչ կը ջանանք իր անձնաւորութեան այս երեսակը ընդօրինակել, մեր եւ ուրիշներուն կեանքը առատօրէն պիտի օրհնուի։ Երբ իրաւունք ընելու ետեւէ ըլլանք, մեր երկնաւոր Հայրը պիտի նկատէ ասիկա։ Եհովա մեզի կը խոստանայ. «Իրաւունքը պահեցէ՛ք ու արդարութիւն ըրէ՛ք, քանզի իմ փրկութիւնս պիտի գայ եւ արդարութիւնս պիտի յայտնուի։ Երանի՜ այն մարդուն, որ ասիկա կ’ընէ»։—Եսայեայ 56։1, 2
[Ստորանիշ]
Կը Յիշէ՞ք
◻ Սոդոմի ու Գոմորի կործանումը ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովայի իրաւունքին մասին։
◻ Փրկանքը ինչո՞ւ Աստուծոյ իրաւունքի ու սիրոյն աչքառու մէկ արտայայտութիւնն է։
◻ Իրաւունք ընելու երեք կերպերը ի՞նչ են։
◻ Մասնայատուկ ո՞ր կերպով երէցները կրնան ընդօրինակել աստուածային իրաւունքը։
[Նկար՝ էջ 25]
Մեր քարոզչութեամբ, աստուածային իրաւունք ցուցաբերած կ’ըլլանք