Մեսիային ներկայութիւնը եւ իր իշխանութիւնը
«Այս Յիսուսը որ ձեզմէ երկինք համբարձաւ, այսպէս պիտի գայ՝ ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը»։—ԳՈՐԾՔ 1։11
1, 2. (ա) Երկու հրեշտակներ ինչպէ՞ս մխիթարեցին Յիսուսի առաքեալները, երբ ան երկինք համբարձաւ։ (բ) Քրիստոսի վերադառնալու հեռանկարը ի՞նչ հարցումներ կը յարուցանէ։
ՁԻԹԵՆԵԱՑ Լերան արեւելեան զառիթափին վրայ տասնըմէկ մարդ կեցած էին, իրենց աչքերը դէպի երկինք սեւեռած։ Պահ մը առաջ, Յիսուս Քրիստոս իրենց մէջէն համբարձած էր, անոր կերպարանքը աղօտած եւ ապա ամպով մը ծածկուած էր։ Անոր հետ իրենց անցուցած տարիներուն ընթացքին, այս մարդիկը տեսած էին որ Յիսուս բազմիցս փաստած էր իր Մեսիան ըլլալը. անոնք նոյնիսկ ապրած էին անոր սրտաբեկ մահը եւ անոր յարութեան գերցնծութեան փորձառութիւնը ունեցած էին։ Հիմա, ան մեկնած էր։
2 Երկու հրեշտակներ յանկարծ երեւցան եւ այս մխիթարիչ խօսքերը ըսին. «Ո՛վ Գալիլիացի մարդիկ, ինչո՞ւ կայներ դէպի երկինք կը նայիք. այս Յիսուսը որ ձեզմէ երկինք համբարձաւ, այսպէս [նոյն կերպով (ՆԱ)] պիտի գայ՝ ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը»։ (Գործք 1։11) Ի՜նչ սրտապնդիչ էր—Յիսուսի երկինք համբարնալը չէր նշանակեր որ ան այլեւս երկրին ու մարդկութեան հետ առնչութիւն չունէր։ Ճիշդ հակառակը, Յիսուս պիտի վերադառնար։ Անկասկած այս խօսքերը յոյսով լեցուցին առաքեալները։ Միլիոնաւոր անհատներ այսօր ալ մեծ կարեւորութիւն կու տան Քրիստոսի վերադարձի խոստումին։ Ոմանք անոր մասին կը խօսին որպէս «Երկրորդ Գալուստ» կամ «Գալուստ»։ Սակայն, այնպէս կը թուի որ մեծամասնութիւնը չի գիտեր թէ Քրիստոսի վերադարձը իրապէս ի՛նչ պիտի նշանակէ։ Քրիստոս ի՞նչ կերպով կը վերադառնայ։ Ե՞րբ։ Ասիկա ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեր կեանքերուն այսօր։
Քրիստոսի Վերադարձին Կերպը
3. Շատ մը մարդիկ ի՞նչ կը հաւատան Քրիստոսի վերադարձին մասին։
3 Ըստ Աւետարանչական Քրիստոսաբանութիւն մը (Անգլ.) խորագրով գրքին, «Քրիստոսի երկրորդ գալուստը կամ վերադարձը (բարուսիա) Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը հաստատէ վերջնականապէս, յայտնապէս եւ յաւիտենապէս»։ Լայնօրէն ընդունուած համոզում մըն է թէ Քրիստոսի վերադարձը յայտնապէս տեսանելի պիտի ըլլայ, մոլորակին վրայ եղող ամէն անհատ բառացիօրէն պիտի տեսնէ զայն։ Այս կարծիքին թիկունք կանգնելու համար, շատեր կ’ակնարկեն Յայտնութիւն 1։7–ին, զոր կը կարդանք. «Ահա ամպերով կու գայ ու ամէն աչք պիտի տեսնէ զանիկա եւ անոնք որ զանիկա խոցեցին»։ Բայց այս համարը բառացիօրէ՞ն պէտք է առնուի։
4, 5. (ա) Ինչպէ՞ս գիտենք որ Յայտնութիւն 1։7–ն բառացի իմաստ չունի։ (բ) Յիսուսի խօսքերը ինչպէ՞ս կը հաստատեն այս հասկացողութիւնը։
4 Յիշենք որ Յայտնութիւն գիրքը «նշաններով» ներկայացուած է։ (Յայտնութիւն 1։1, ՆԱ) Ուստի, այս համարը այլաբանական պէտք է ըլլայ. իրապէս, «անոնք որ զանիկա խոցեցին» ինչպէ՞ս կրնային տեսնել Քրիստոսը որ կը վերադառնայ։ Անոնք մօտ 20 դարերէ ի վեր մեռած են։ Ասկէ զատ, հրեշտակները ըսին որ Քրիստոս պիտի վերադառնար «նոյն կերպով» որ մեկնած էր։ Լաւ, ան ինչպէ՞ս մեկնեցաւ։ Միլիոնաւոր հանդիսատեսներո՞ւ ներկայութեան։ Ոչ, միայն մի քանի հաւատարիմներ տեսան դէպքը։ Իսկ երբ հրեշտակները անոնց հետ խօսեցան, առաքեալները բառացիօրէն կը դիտէի՞ն Քրիստոսի ճամբորդութիւնը մինչեւ անոր երկինք հասնիլը։ Ոչ, ամպի ծածկոց մը Յիսուսը աննշմարելի դարձուցած էր։ Անկէ որոշ ժամանակ մը ետք, ան հոգեւոր երկինք մտած ըլլալու էր որպէս մարդկային աչքերուն անտեսանելի հոգեղէն էութիւն մը։ (Ա. Կորնթացիս 15։50) Հետեւաբար, առաքեալները Յիսուսի ճամբորդութեան միայն սկիզբը տեսան. անոնք չէին կրնար դիտել անոր աւարտը, իր Հօր՝ Եհովայի երկնային ներկայութեան իր վերադարձը։ Անոնք կրնային ասիկա ըմբռնել միայն իրենց հաւատքի աչքերով։—Յովհաննու 20։17
5 Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ Յիսուս նոյն կերպով կը վերադառնայ։ Յիսուս անձամբ ըսաւ իր մահէն քիչ առաջ. «Քիչ մը ատենէն ա՛լ աշխարհ զիս պիտի չտեսնէ»։ (Յովհաննու 14։19) Ան նաեւ ըսաւ որ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը դրսէն երեւցած բաներով չի գար»։ (Ղուկաս 17։20) Ուստի, ի՞նչ իմաստով «ամէն աչք պիտի տեսնէ զանիկա»։ Պատասխանելու համար, նախ յստակօրէն պէտք է հասկնանք այն բառը զոր Յիսուս եւ իր հետեւորդները գործածեցին իր վերադարձին հետ կապակցաբար։
6. (ա) Ինչո՞ւ այսպիսի բառեր, զոր օրինակ, «վերադառնալ», «հասնիլ», «գալուստ» եւ «գալ» շիտակ թարգմանութիւններ չեն Յունարէն բարուսիա բառին համար։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ բարուսիան, կամ «ներկայութիւն»ը, կը տեւէ շատ աւելի երկար քան որեւէ պարզ վայրկենական դէպք։
6 Իրողութիւնը այդ է որ Քրիստոս պարզապէս «վերադառնալ»էն շատ աւելին կը կատարէ։ Այդ բառը, «գալ», «հասնիլ», կամ «գալուստ» բառերուն նման, կ’ակնարկէ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կատարուող դէպքի մը։ Բայց Յիսուսի եւ իր հետեւորդներուն գործածած Յունարէն բառը շատ աւելին կը նշանակէ։ Բառը բարուսիա է, բառացիօրէն նշանակելով «քովը ըլլալ» կամ «ներկայութիւն մը»։ Շատ մը ուսումնականներ կը համաձայնին որ այս բառը կը պարփակէ ոչ միայն հասնիլ մը, այլ նաեւ՝ յաջորդող ներկայութիւն մը—ինչպէս արքայական անձնաւորութեան մը տուած Պաշտօնական այցելութիւն մը։ Այս ներկայութիւնը վայրկենական դէպք մը չէ. ան մասնայատուկ ժամանակաշրջան մըն է, յատկանշական ժամանակամիջոց մը։ Մատթէոս 24։37–39–ին մէջ, Յիսուս ըսաւ որ «Որդի մարդոյ գալուստն ալ [բարուսիա՝ ներկայութիւնը]» «Նոյի օրեր»ուն պէս պիտի ըլլար, որոնք գագաթնակէտին հասան Ջրհեղեղով։ Նոյ տապանը շինեց ու ամբարիշտները ազդարարեց Ջրհեղեղը գալէն ու այդ համաշխարհային եղծանուած դրութիւնը ջնջելէն տասնեակ տարիներ առաջ։ Ուստի, նմանապէս Քրիստոսի անտեսանելի ներկայութիւնը կը տեւէ մի քանի տասնամեակներու ժամանաշրջան մը, մեծ կործանումով մը իր գագաթնակէտին հասնելէ առաջ։
7. (ա) Ի՞նչ բան կը փաստէ թէ բարուսիան տեսանելի չէ մարդկային աչքերու։ (բ) Ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ պիտի կատարուին այն համարները որոնք Քրիստոսի վերադարձը կը նկարագրեն որպէս տեսանելի «ամէն աչք»ի։
7 Անկասկած, բարուսիան բառացիօրէն տեսանելի չէ մարդկային աչքերու։ Եթէ այդ ըլլար պարագան, Յիսուս ինչո՞ւ այսքան շատ ժամանակ պիտի յատկացնէր իր հետեւորդներուն նշան մը տալով, անոնց օգնելու համար որ այս ներկայութիւնը ըմբռնէին, ինչպէս պիտի տեսնենք։a Այսուհանդերձ, երբ Քրիստոս գայ Սատանայի համաշխարհային դրութիւնը կործանելու համար, իր ներկայութեան իրողութիւնը ջախջախիչ կերպով բոլորին յայտնի պիտի ըլլայ։ Այն ատեն է որ «ամէն աչք պիտի տեսնէ զանիկա»։ Նոյնիսկ Յիսուսի հակառակորդները ահաբեկուած պիտի կարենան ըմբռնել թէ Քրիստոսի իշխանութիւնը իրական է։—Տես Մատթէոս 24։30. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։8. Յայտնութիւն 1։5, 6։
Անիկա Ե՞րբ կը Սկսի
8. Ո՞ր դէպքը Քրիստոսի ներկայութեան սկիզբը կը նշէ, եւ ասիկա ո՞ւր տեղի կ’ունենայ։
8 Մեսիային ներկայութիւնը կը սկսի դէպքով մը որ Մեսիական մարգարէութիւններու յաճախակի բնաբանը կը կազմէ։ Ան կը թագադրուի որպէս Թագաւոր երկնքի մէջ։ (Բ. Թագաւորաց 7։12–16. Եսայեայ 9։6, 7. Եզեկիէլ 21։26, 27) Յիսուս անձամբ ցոյց տուաւ որ իր ներկայութիւնը կապուած պիտի ըլլար իր թագաւորութեան հետ։ Բազմաթիւ առակներու մէջ, ան ինքզինք նմանցուց տիրոջ մը՝ որ իր ընտանիքն ու ծառաները իր ետին կը ձգէ երկար ժամանակի մը համար «հեռու երկիր» մը ճամբորդելով, ուր «թագաւորութիւն» կը ստանայ։ Ան այսպիսի առակներէն մէկը տուաւ որպէս իր առաքեալներուն հարցումին տուած իր պատասխանին մէկ մասը թէ ե՛րբ իր բարուսիան պիտի սկսէր. ուրիշ առակ մըն ալ տուաւ «անոնց այնպէս կարծելուն համար թէ՝ շուտ մը Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի յայտնուի»։ (Ղուկաս 19։11, 12, 15. Մատթէոս 24։3. 25։14, 19) Ուստի, երբ որպէս մարդ երկրի վրայ էր, իր թագադրութիւնը տակաւին շատ հեռու էր։ Անիկա տեղի պիտի ունենար «հեռու երկիր»ին՝ երկնքին՝ մէջ։ Անիկա ե՞րբ պիտի պատահէր։
9, 10. Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Քրիստոս ներկայիս կ’իշխէ երկնքի մէջ, եւ ան ե՞րբ սկսաւ իր իշխանութիւնը։
9 Երբ Յիսուսի աշակերտները իրեն հարցուցին. «Քու գալուստիդ [ներկայութեանդ (ՆԱ)] ու աշխարհիս վերջին [իրերու դրութեան վախճանին (ՆԱ)] նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ», Յիսուս պատասխանեց անոնց տալով մանրամասն նկարագրութիւն մը այդ ապագայ ժամանակին մասին։ (Մատթէոս գլուխ 24. Մարկոս գլուխ 13. Ղուկաս գլուխ 21. տես նաեւ՝ Բ. Տիմոթէոս 3։1–5. Յայտնութիւն գլուխ 6։) Այս նշանը կը համապատասխանէ տագնապալի ժամանակաշրջանի մը մանրամասն պատկերին։ Անիկա միջազգային պատերազմներով, աճող ոճիրով, ընտանեկան կեանքի վատթարացումով, հիւանդութեան համաճարակներով, սովերով եւ երկրաշարժներով յատկանշուած ժամանակ մըն է—եւ ասոնք ոչ թէ որպէս տեղական խնդիրներ են, այլ՝ որպէս երկրագունդը շրջապատող տագնապներ։ Այս երեւոյթները ծանօ՞թ են ձեզի։ Ամէն անցած օր կը հաստատէ թէ Ի. դարը կատարելապէս կը յարմարի Յիսուսի նկարագրութեան։
10 Պատմաբանները կը համաձայնին թէ 1914–ը մարդկային պատմութեան մէջ դարձակէտ մը եղաւ, առանցքային տարի մը, որմէ ետք այս խնդիրներէն շատերը սկսան անհակակշռելի դառնալ, համերկրային տարողութեան մը հասնելով։ Այո, ֆիզիքական աշխարհի դէպքերը, առ ի կատարում Աստուածաշունչի մարգարէութեան, բոլորն ալ 1914–ին կը մատնանշեն որպէս այն տարին երբ Յիսուս սկսաւ որպէս Թագաւոր իշխել երկնքի մէջ։ Ասկէ զատ, Դանիէլ 4–րդ գլուխին մէջ մարգարէութիւն մը ժամանակագրական ապացոյց մը կը հայթայթէ, որ մեզ այս նոյն տարուան՝ 1914–ին կ’առաջնորդէ որպէս այն ժամանակը երբ Եհովայի նշանակուած Թագաւորը իր իշխանութիւնը պիտի սկսէր։b
Ինչո՞ւ Տագնապալի Ժամանակ մը
11, 12. (ա) Ոմանց համար ինչո՞ւ դժուար է հաւատալ թէ Քրիստոս հիմա իսկ երկնքի մէջ կ’իշխէ։ (բ) Ինչպէ՞ս կրնանք պատկերացնել թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ որպէս Թագաւոր Յիսուս թագադրուելէ ետք։
11 Սակայն, ոմանք հարց կու տան. ‘Աշխարհի մէջ ինչո՞ւ այսքան տագնապ կայ եթէ Մեսիան կ’իշխէ երկնքի մէջ։ Անոր իշխանութիւնը ազդեցի՞կ չէ’։ Օրինակ մը կրնայ օգնել որ հասկնանք։ Չար նախագահ մը կը կառավարէ երկիր մը։ Ան եղծանուած դրութիւն մը հաստատած է, որ երկրին ամէն կողմ հասնող ցանցեր ունի։ Բայց ընտրութիւն մը տեղի կ’ունենայ եւ բարի մարդ մը կը շահի։ Արդ ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։ Ինչպէս է պարագան կարգ մը ժողովրդավարական երկիրներու, քանի մը ամիսներու փոխանցումի ժամանակաշրջան մը կը յաջորդէ նոր նախագահը պաշտօնապէս գործի անցնելէ առաջ։ Այս երկու անհատները ինչպէ՞ս պիտի վարուէին այսպիսի ժամանակաշրջանի մը ընթացքին։ Բարի մարդը անմիջապէս պիտի յարձակի ու քանդէ՞ բոլոր չարութիւնները զորս իր նախորդը ըրած էր ամբողջ երկրին մէջ։ Ընդհակառակը, ան պիտի չկեդրոնանա՞ր նախ մայրաքաղաքին վրայ, նոր դահլիճ մը հաստատելով եւ նախորդ նախագահին անպարկեշտ մտերիմներուն ու հետեւորդներուն հետ իր կապերը խզելով։ Այսպիսով, երբ ան լման հեղինակութեան տիրանայ, կրնայ իր իշխանութիւնը վարել մաքուր, ատակ աթոռէ մը։ Իսկ կաշառակեր նախագահը իրեն մնացած քիչ ժամանակը պիտի չօգտագործէ՞ երկրէն հանելու համար չարութեամբ ձեռք ձգած բոլոր շահերը, ամէն հեղինակութիւն կորսնցնելէ առաջ։
12 Իրականութեան մէջ, նոյնն է պարագան Քրիստոսի բարուսիային։ Յայտնութիւն 12։7–12–ը ցոյց կու տայ որ երբ Քրիստոս երկնքի մէջ Թագաւոր եղաւ, ան նախ Սատանան ու դեւերը երկնքէն դուրս նետեց, այսպիսով Իր կառավարութեան վայրը մաքրելով։ Երկար ատենէ սպասուած այս պարտութիւնը կրած ըլլալով, Սատանան ինչպէ՞ս կը վարուի իրեն մնացած «քիչ ժամանակ»ին ընթացքին, Քրիստոս իր լման հեղինակութիւնը հոս երկրի վրայ բանեցնելէ առաջ։ Այդ ապականած նախագահին նման, ան կը փորձէ այս հին դրութենէն ձեռք ձգել ամէն ինչ որ կրնայ։ Ան դրամով չէ հետաքրքրուած, այլ մարդկային հետեւորդներ կ’ուզէ։ Ան իր ձեռքէն եկածը կ’ընէ կարելի եղածին չափ շատ անհատներ Եհովայէն ու Իր իշխող Թագաւորէն հեռացնելու համար։
13. Սուրբ Գրութիւնները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան որ Քրիստոսի իշխանութեան սկիզբը տագնապալի ժամանակ մը պիտի ըլլար հոս երկրի վրայ։
13 Հետեւաբար, զարմանալի չէ որ Մեսիայի իշխանութեան սկիզբը «վա՜յ»ի ժամանակ մը պիտի ըլլար «երկրին» համար։ (Յայտնութիւն 12։12) Սաղմոս 110։1, 2, 6–ն ալ ցոյց կու տայ որ Մեսիան իր իշխանութիւնը կը սկսի ‘իր թշնամիներուն մէջտեղը’։ Միայն անկէ ետքն է որ ան ամբողջովին կը խորտակէ, մոռացութեան մատնելով, «հեթանոսներ»ը կամ ազգերը, ինչպէս նաեւ Սատանայի եղծանուած դրութեան ամէն երեսակ։
Երբ Մեսիան Իշխէ Երկրի Վրայ
14. Սատանայի իրերու ամբարիշտ դրութիւնը կործանելէ ետք, Մեսիան ի՞նչ ընելու կարող պիտի ըլլայ։
14 Սատանայի դրութիւնը եւ անոր բոլոր նեցուկ կանգնողները կործանելէ ետք, Մեսիական Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ վերջապէս ի վիճակի պիտի ըլլայ իր Հազարամեայ Իշխանութիւնը նկարագրող Աստուածաշունչի հոյակապ մարգարէութիւնները կատարելու։ Եսայեայ 11։1–10–ն կ’օգնէ մեզի տեսնելու թէ Մեսիան ի՛նչպիսի իշխան մը պիտի ըլլայ։ 2–րդ համարը կ’ըսէ մեզի որ ան «[Եհովայի (ՆԱ)] հոգին, իմաստութեան ու հանճարի հոգին, խորհուրդի ու զօրութեան հոգին» պիտի ունենայ։
15. «Զօրութեան հոգին» ի՞նչ պիտի նշանակէ Մեսիական իշխանութեան ատեն։
15 Նկատի առէք թէ «զօրութեան հոգին» ի՛նչ պիտի նշանակէ Յիսուսի իշխանութեան ատեն։ Երբ երկրի վրայ էր, ան Եհովայէն որոշ չափով զօրութիւն ստացած էր, որով կարողացաւ հրաշքներ գործել։ Ան սրտագին փափաք յայտնեց մարդոց օգնելու, ըսելով. «Կ’ուզե՛մ»։ (Մատթէոս 8։3) Բայց այդ օրերուն իր գործած հրաշքները միայն նախաշող մըն էին այն բաներուն զորս պիտի ընէր երբ երկնքէն իշխէր։ Յիսուս հրաշքներ պիտի գործէ համերկրային տարողութեամբ։ Հիւանդները, կոյրերը, խուլերը, հաշմանդամները եւ կաղերը ընդմիշտ պիտի բուժուին։ (Եսայեայ 35։5, 6) Արդարութեամբ բաշխուած կերակուրի առատութիւն մը անօթութեան վերջ պիտի դնէ յաւիտեան։ (Սաղմոս 72։16) Ի՞նչ ըսել գերեզմաններու մէջ եղող այն անհամար միլիոնաւորներու մասին, որոնց Աստուած հաճութեամբ կը յիշէ։ Յիսուսի ‘զօրութիւն’ը պիտի պարփակէ զանոնք յարուցանելու կարողութիւնը, իւրաքանչիւրին Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը տալով։ (Յովհաննու 5։28, 29) Բայց եւ այնպէս, այս ամէն զօրութիւնը ունենալով հանդերձ, Մեսիական Թագաւորը խոր կերպով միշտ խոնարհ պիտի ըլլայ։ Անիկա «Տէրոջը վախովը պիտի ուրախանայ»։—Եսայեայ 11։3
16. Մեսիական Թագաւորը ի՞նչպիսի Դատաւոր մը պիտի ըլլայ, եւ ան մարդկային դատաւորներէն ինչպէ՞ս տարբեր պիտի ըլլայ։
16 Այս Թագաւորը նաեւ կատարեալ Դատաւոր մը պիտի ըլլայ։ Ան «իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ»։ Մարդկային ո՞ր դատաւորը, անցեալին թէ ներկայիս, կարելի է այդ կերպով նկարագրել։ Նոյնիսկ շատ ողջադատ անհատ մը կրնայ դատել իր տեսած ու իր լսած բաներով, իր ձեռք ձգած ամբողջ իմաստութիւնը կամ ներատեսութիւնը գործածելով։ Հետեւաբար, այս հին աշխարհի դատաւորներն ու դատական կազմերը կրնան ազդուիլ կամ շփոթումի մատնուիլ ուշիմ սոփեստութեամբ, դատարանի մէջ եղած զաւեշտութեամբ, կամ հակասական ապացոյցներով։ Յաճախ միայն հարուստները եւ զօրաւոր անհատները ի վիճակի են ազդեցիկ պաշտպանութիւն ունենալու, իրականութեան մէջ, կարծէք թէ արդարութիւնը ծախու կ’առնուի։ Մեսիական Դատաւորին ներքեւ, պարագան նոյնը պիտի չըլլայ։ Ան սրտերը կը կարդայ։ Անոր նկատողութենէն ոչ մէկ բան կը վրիպի։ Արդարութիւնը, սիրով ու ողորմածութեամբ հաւասարակշռուած ըլլալով ծախու պիտի չառնուի։ Անիկա միշտ ի զօրու պիտի ըլլայ։—Եսայեայ 11։3–5
Անոր Իշխանութիւնը Ի՛նչպէս կ’Ազդէ Ձեզի
17, 18. (ա) Եսայեայ 11։6–9–ին մէջ, մարդկութեան ապագային նկատմամբ ի՞նչ գրաւիչ պատկեր մը գծուած է։ (բ) Այս մարգարէութիւնը գլխաւորաբար որո՞ւ կը կիրարկուի եւ ինչո՞ւ։ (գ) Այս մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս բառացի կատարում մը պիտի ունենայ։
17 Հասկնալի է որ Մեսիային իշխանութիւնը խոր ազդեցութիւն մը ունի իր հպատակներուն վրայ։ Անիկա մարդիկը կը փոխէ։ Եսայեայ 11։6–9–ն ցոյց կու տայ թէ ո՛ր տարողութեամբ կը կատարուին այս փոփոխութիւնները։ Այս մարգարէութիւնը սրտառուջ պատկեր մը կը գծէ. վտանգաւոր, գիշատիչ անասուններ—արջեր, գայլեր, ինձեր, առիւծներ, իժեր—անվնաս ընտանի անասուններու եւ նոյնիսկ մանուկներու ընկերակցութեամբ։ Բայց գիշատիչները վտանգ չեն ներկայացներ։ Ինչո՞ւ։ 9–րդ համարը կը պատասխանէ. «Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։
18 Անշուշտ, «Տէրոջը գիտութիւն»ը ոչ մէկ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ բառացի անասուններու վրայ. հետեւաբար այս համարները գլխաւորաբար պէտք է կիրարկուին մարդոց։ Մեսիային իշխանութիւնը համերկրային դաստիարակչական յայտագիր մը կ’երաշխաւորէ, մարդոց ուսուցանելով Եհովայի ու իր ճամբաներուն մասին, բոլորին սորվեցնելով որ իրենց ընկերին հետ սիրով, յարգանքով եւ արժանապատուութեամբ վարուին։ Գալիք Դրախտին մէջ, Մեսիան մարդկութիւնը հրաշալիօրէն պիտի հասցնէ ֆիզիքական ու բարոյական կատարելութեան։ Գիշատիչ, անասնային յատկանիշները, որոնք կը խանգարեն մարդկային անկատար բնոյթը, անհետացած պիտի ըլլան։ Բառացի առումով ալ մարդկութիւնը վերջապէս անասուններուն հետ խաղաղութեան մէջ պիտի ըլլայ։—Բաղդատել Ծննդոց 1։28։
19. Մեսիային իշխանութիւնը այս վերջին օրերուն մէջ ինչպէ՞ս կ’ազդէ անհատներու կեանքին։
19 Յիշեցէք, սակայն, որ Մեսիան հիմա կ’իշխէ։ Նոյնիսկ հիմա, իր Թագաւորութեան հպատակները իրարու հետ խաղաղութեամբ ապրիլ կը սորվին, կատարելով Եսայեայ 11։6–9–ին մէկ երեսակը։ Ասկէ զատ, շուրջ 80 տարիներէ ի վեր, Յիսուս Եսայեայ 11։10–ն կը կատարէ. «Այն օրը Յեսսէին արմատը պիտի կանգնի ժողովուրդներուն դրօշակ ըլլալու համար։ Ազգերը զանիկա պիտի փնտռեն ու անոր հանգիստը փառաւոր պիտի ըլլայ»։ Ամէն ազգէ անհատներ Մեսիային կը դիմեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իշխելու սկսելէն ի վեր, ան ‘կը կանգնի որպէս դրօշակ մը’։ Ան իր ներկայութիւնը կը գիտցնէ համայն աշխարհի մէջ վերը նկարագրուած դաստիարակչական հսկայ յայտագրին միջոցաւ։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս նախագուշակեց որ համերկրային քարոզչական գործ մը իր ներկայութեան ուշագրաւ մէկ նշանը պիտի ըլլար այս հին դրութեան վախճանէն առաջ։—Մատթէոս 24։14
20. Մեսիային իշխանութեան բոլոր հպատակները ո՞ր կեցուածքէ պէտք է զգուշանան եւ ինչո՞ւ։
20 Ուստի, Թագաւորական զօրութիւն ստացած Քրիստոսի ներկայութիւնը առնչազուրկ տեսական հարց մը չէ, աստուածաբաններու մէջ պարզապէս մտաւորական վիճարկութեան նիւթ ըլլալով։ Անոր իշխանութիւնը երկրի վրայ կեանքերու կ’ազդէ ու զանոնք կը փոխէ, ճիշդ ինչպէս որ Եսայի նախագուշակած էր։ Յիսուս միլիոնաւոր հպատակներ այս համաշխարհային եղծանուած դրութենէն դուրս բերած է իր Թագաւորութեան համար։ Արդեօք դուք այսպիսի հպատա՞կ մըն էք։ Ուրեմն մեր Իշխանին արժանի եղող բոլոր խանդավառութեամբ եւ ուրախութեամբ ծառայեցէք։ Այո, շատ դիւրին է յոգնիլ եւ աշխարհին հետ անամօթաբար հարցնել. «Ո՞ւր է անոր գալուն [ներկայութեան (ՆԱ)] խոստումը»։ (Բ. Պետրոս 3։4) Բայց ինչպէս Յիսուս ըսաւ. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։—Մատթէոս 24։13
21. Բոլորս ալ ինչպէ՞ս կրնանք զօրացնել մեր երախտագիտութիւնը Մեսիական յոյսին հանդէպ։
21 Ամէն անցած օր մեզ աւելի կը մօտեցնէ այն մեծ օրուան, երբ Եհովա պիտի հրահանգէ Իր Որդւոյն որ իր ներկայութիւնը համայն աշխարհին բացայայտ ընէ։ Բնաւ թոյլ մի՛ տաք որ այդ օրուան նկատմամբ ձեր յոյսը մթագնի։ Յիսուս Մեսիան ըլլալուն եւ որպէս իշխող Թագաւոր իր յատկութիւններուն վրայ խոկացէք։ Նաեւ Եհովա Աստուծոյ, Աստուածաշունչին մէջ ուրուագծուած Մեսիական մեծ յոյսի հեղինակին ու հանճարեղ ծրագրողին մասին խոր կերպով մտածեցէք։ Մինչ ասիկա կ’ընէք, դուք ալ երթալով Պօղոս առաքեալին նոյն զգացումը պիտի ունենաք, երբ գրեց. «Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը»։—Հռովմայեցիս 11։33
[Ստորանիշ էջ 13]
a 1864–ին, աստուածաբան Ռ. Կովէթ այս կերպով արտայայտուեցաւ. «Ասիկա շատ վճռական կը թուի ինծի։ Ներկայութեան նշան մը տալը ցոյց կու տայ թէ անիկա բացայայտ չէ։ Մենք նշանի մը կարիքը չունինք մեր տեսածին ներկայութիւնը մեզի գիտցնելու համար»։
[Ստորանիշ էջ 14]
b Մանրամասնութիւններու համար, տես «Քու Թագաւորութիւնդ Գայ» գիրքը, էջ 132–8։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ի՞նչ կերպով Քրիստոս կը վերադառնայ։
◻ Ինչպէ՞ս գիտենք որ Քրիստոսի բարուսիան անտեսանելի է եւ կը տեւէ երկար ժամանակաշրջան մը։
◻ Քրիստոսի ներկայութիւնը ե՞րբ կը սկսի, եւ ինչպէ՞ս գիտենք ասիկա։
◻ Մեսիան երկնաւոր ի՞նչպիսի իշխան մըն է։
◻ Ի՞նչ կերպերով Քրիստոսի իշխանութիւնը կ’ազդէ իր հպատակներուն կեանքին։
[Նկար՝ էջ 13]
Այն յոյսը թէ Յիսուս պիտի վերադառնար իր հաւատարիմ առաքեալներուն համար շատ կարեւորութիւն ունէր
[Նկար՝ էջ 15]
Երկնքէն իշխելով, Յիսուս հրաշքներ պիտի գործէ համերկրային տարողութեամբ
[Վերապահուած Իրաւասութիւն]
Earth։ Based on NASA photo