Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 6/1 էջ 12-17
  • «Ձեռքերդ թող չթուլնան»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Ձեռքերդ թող չթուլնան»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Եհովայի Բարկութեան Օրը Ծածկուիլ’
  • «Բոլոր Ժողովուրդներուն մէջ . . . Անուանի ու Գովելի»
  • «Տէրոջը Օրը . . . Պիտի Գայ»
  • «Ձեռքերդ Թող Չթուլնան»
  • Անտարբերութեան Դէմ Պայքարիլ
  • Յառաջ Երթանք Մինչ Մեծ Օրուան կը Սպասենք
  • «Ինծի սպասեցէ՛ք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Եհովայի վերահաստատուած ժողովուրդը զինք կը փառաբանէ համայն երկրի մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Եհովա՛ն փնտռեցէք՝ իր բարկութեան օրը չեկած
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Եհովայի դատաստանի օրը մօ՛տ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 6/1 էջ 12-17

«Ձեռքերդ թող չթուլնան»

«Ձեռքերդ թող չթուլնան։ Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է, անիկա քեզ պիտի փրկէ»։—ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3։16, 17

1. Աստուածաշունչի ուսումնական մը Սոփոնիայի մարգարէութեան մասին ի՞նչ ըսաւ։

ՍՈՓՈՆԻԱՅԻ մարգարէութիւնը Հ.Դ.Ա. եօթներորդ եւ վեցերորդ դարերուն իր առաջին կատարումէն շատ անդին կը մատնանշէր։ Սոփոնեայ գրքին մասին իր մեկնութեան մէջ, Ուսուցչապետ Գ. Ֆ. Գէյլ գրեց. «Սոփոնիայի մարգարէութիւնը . . . ոչ միայն համայն աշխարհի վրայ տիեզերական դատաստանի մը յայտարարութեամբ կը սկսի, որմէ ծագում կ’առնէ այն դատաստանը որ պիտի գործադրուի Յուդայի վրայ, իր մեղքերուն պատճառաւ եւ ազգերուն վրայ՝ Եհովայի ժողովուրդին դէմ անոնց ցուցաբերած թշնամութեան պատճառաւ. այլ նաեւ ընդհանուր առմամբ Եհովայի մեծ ու ահեղ օրը նկատի կ’առնէ»։

2. Սոփոնիայի օրերուն տիրական եղող վիճակներուն եւ ներկայիս Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ տիրող կացութեան միջեւ ի՞նչ նմանութիւններ կան։

2 Ներկայիս, Եհովայի դատավճիռն է ազգերը հաւաքել այնպիսի կործանման մը համար, որ Սոփոնիայի օրերուն պատահածէն շատ աւելի մեծ տարողութեամբ պիտի ըլլայ։ (Սոփոնեայ 3։8) Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանող ազգերը յատկապէս մեղադրելի են Աստուծոյ աչքին։ Ինչպէս Երուսաղէմ Եհովայի հանդէպ անհաւատարիմ գտնուելուն համար սուղ գին վճարեց, Քրիստոնեայ Աշխարհն ալ իր անառակ ճամբաներուն համար Աստուծոյ հաշիւ պէտք է տայ։ Սոփոնիայի օրերուն Յուդայի ու Երուսաղէմի դէմ յայտարարուած աստուածային դատաստանները ա՛լ աւելի մեծ ուժգնութեամբ Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներուն եւ աղանդներուն կը կիրարկուին։ Անոնք նաեւ մաքուր պաշտամունքը արատաւորած են Աստուած անպատուող իրենց վարդապետութիւններով, որոնցմէ շատերը հեթանոսական ծագում ունին։ Անոնք իրենց միլիոնաւոր առողջ զաւակները պատերազմի արդի զոհասեղանին վրայ զոհած են։ Ասկէ զատ, հակատիպ Երուսաղէմի բնակիչները այդպէս կոչուած Քրիստոնէութիւնը կը խառնեն աստղաբաշխութեան, ոգեհարցական սովորութիւններու եւ Բահաղի պաշտամունքը յիշեցնող նուաստացած սեռային անբարոյութեան հետ։—Սոփոնեայ 1։4, 5

3. Շատ մը աշխարհային առաջնորդներու եւ քաղաքական կառավարութիւններու մասին ի՞նչ կարելի է ըսել, եւ Սոփոնիա ի՞նչ մարգարէացաւ։

3 Քրիստոնեայ Աշխարհի շատ մը քաղաքական առաջնորդները եկեղեցիին մէջ կարկառուն ըլլալը կը սիրեն։ Սակայն Յուդայի «իշխաններ»ուն նման, անոնցմէ ոմանք «մռնչող առիւծներ»ու եւ գիշատիչ «գայլեր»ու պէս ժողովուրդը կը շահագործեն։ (Սոփոնեայ 3։1–3) Անոնց քաղաքական հետեւորդները «իրենց Տէրոջը [տէրերուն (ՆԱ)] տունը զրկանքով ու նենգութեամբ [կը լեցնեն]»։ (Սոփոնեայ 1։9) Կաշառակերութիւնն ու ապականութիւնը լայնատարած են։ Իսկ գալով քաղաքական կառավարութիւններուն՝ Քրիստոնեայ Աշխարհէն ներս թէ դուրս՝ երթալով աւելի կառավարութիւններ ‘կը հպարտանան’ զօրքերու տէր Եհովայի ժողովուրդին՝ իր Վկաներուն՝ դէմ, անոնց հետ վարուելով որպէս անարգուած «աղանդ» մը։ (Սոփոնեայ 2։8. Գործք 24։5, 14) Այս բոլոր քաղաքական առաջնորդներուն ու անոնց հետեւորդներուն նկատմամբ, Սոփոնիա մարգարէացաւ. «Տէրոջը բարկութեան օրը անոնց արծաթն ու ոսկին անգամ զանոնք ազատելու կարող պիտի չըլլան։ Բոլոր երկիրը անոր նախանձին կրակովը պիտի սպառի, քանզի անիկա խիստ շուտով երկրի բոլոր բնակիչները պիտի հատցնէ»։—Սոփոնեայ 1։18

‘Եհովայի Բարկութեան Օրը Ծածկուիլ’

4. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Եհովայի մեծ օրէն վերապրողներ պիտի ըլլան, բայց անոնք ի՞նչ պէտք է ընեն։

4 Հ.Դ.Ա. եօթներորդ դարուն Յուդայի բոլոր բնակիչները չբնաջնջուեցան։ Նոյնպէս, Եհովայի մեծ օրէն վերապրողներ պիտի ըլլան։ Եհովա իր Սոփոնիա մարգարէին միջոցաւ այսպիսիներուն ըսաւ. «Դեռ մղեղի պէս մէկ կողմ չքշուած, դեռ Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ձեր վրայ չեկած, դեռ Տէրոջը բարկութեան օրը ձեր վրայ չհասած Տէրը փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհներ։ Դուք որ անոր օրէնքը կը գործադրէք, արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք, թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք»։—Սոփոնեայ 2։2, 3

5. Այս վերջին ժամանակին մէջ, Սոփոնիայի ազդարարութեան առաջին անսացողները որո՞նք էին, եւ Եհովա զանոնք ի՞նչպէս գործածած է։

5 Աշխարհի այս վերջին ժամանակին մէջ, մարգարէական հրաւէրին առաջին անսացողները հոգեւոր Իսրայելացիներուն՝ օծեալ Քրիստոնեաներուն՝ մնացորդն էր։ (Հռովմայեցիս 2։28, 29. 9։6. Գաղատացիս 6։16) Քանի որ արդարութիւն ու խոնարհութիւն փնտռած էին եւ Եհովայի օրէնքին հանդէպ յարգանք ցուցաբերած էին, անոնք Մեծն Բաբելոնէն՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութենէն՝ ազատագրուեցան ու Աստուծոյ հաճութիւնը վերստացան 1919–ին։ Անկէ ի վեր, մանաւանդ 1922–էն ի վեր, այս հաւատարիմ մնացորդը անվախօրէն Եհովայի դատաստանները յայտարարած է Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներուն ու աղանդներուն դէմ, ինչպէս նաեւ՝ քաղաքական ազգերուն դէմ։

6. (ա) Հաւատարիմ մնացորդին նկատմամբ Սոփոնիա ի՞նչ մարգարէացաւ։ (բ) Այս մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կատարուած է։

6 Այս հաւատարիմ մնացորդին մասին, Սոփոնիա մարգարէացաւ. «Քու մէջդ խոնարհ ու աղքատ ժողովուրդ մը իբր մնացորդ պիտի թողում, որոնք Տէրոջը անուանը պիտի յուսան։ Իսրայէլին մնացորդները անօրէնութիւն պիտի չընեն ու սուտ պիտի չխօսին, անոնց բերնին մէջ նենգաւոր լեզու պիտի չգտնուի. քանզի անոնք պիտի արածին ու պիտի պառկին ու վախցնող պիտի չըլլայ»։ (Սոփոնեայ 3։12, 13) Այս օծեալ Քրիստոնեաները Եհովայի անունը միշտ առաջնագոյն տեղը պահած են, մասնաւորաբար 1931–էն ի վեր, երբ Եհովայի Վկաներ անունը որդեգրեցին։ (Եսայեայ 43։10–12) Եհովայի գերիշխանութեան հարցը աչքառու դարձնելով, անոնք աստուածային անունը պատուած են, իսկ ասիկա անոնց համար ապաստանարան մը եղած է։ (Առակաց 18։10) Եհովա հոգեւոր առատ կերակուր հայթայթած է անոնց եւ անոնք հոգեւոր դրախտի մը մէջ առանց վախի կը բնակին։—Սոփոնեայ 3։16, 17

«Բոլոր Ժողովուրդներուն մէջ . . . Անուանի ու Գովելի»

7, 8. (ա) Հոգեւոր Իսրայէլի մնացորդին վրայ ի՞նչ յաւելեալ մարգարէութիւն կատարուած է։ (բ) Միլիոնաւոր մարդիկ ի՞նչ բան ըմբռնած են, եւ ասոր առնչութեամբ ձեր զգացումները ի՞նչ են։

7 Եհովայի անուան ու անոր Խօսքին արդար սկզբունքներուն մնացորդին սերտօրէն կառչիլը աննկատ չէ մնացած։ Անկեղծ անհատներ նկատած են տարբերութիւնը մնացորդին վարքին եւ այս աշխարհի քաղաքական ու կրօնական առաջնորդներուն ապականութեան եւ կեղծաւորութեան միջեւ։ Եհովա «[հոգեւոր] Իսրայէլին մնացորդները» օրհնած է։ Ան իր անունը կրելու առանձնաշնորհումով զանոնք պատուած է եւ պատճառ եղած է որ անոնք երկրի ժողովուրդներուն մէջ բարի համբաւ մը վայելեն։ Ասիկա տեղի ունեցած է Սոփոնիայի մարգարէութեան համաձայն. «‘Այն ատեն ձեզ ետ պիտի բերեմ, այն ատեն ձեզ պիտի հաւաքեմ եւ երկրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ ձեզ անուանի ու գովելի պիտի ընեմ, երբ ձեր գերութիւնը ձեր աչքերուն առջեւ դադրեցնեմ’, կ’ըսէ Տէրը»։—Սոփոնեայ 3։20

8 1935–էն ի վեր, բառացիօրէն միլիոնաւոր մարդիկ գիտակցած են որ Եհովայի օրհնութիւնը մնացորդին վրայ է։ Անոնք ուրախութեամբ այս հոգեւոր Հրեաներուն՝ կամ Իսրայելացիներուն՝ կը հետեւին, ըսելով. «Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է»։ (Զաքարեայ 8։23) Այս «ուրիշ ոչխարներ»ը կ’ըմբռնեն որ օծեալ մնացորդը «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» է, որ Քրիստոսի կողմէ նշանակուած է «իր բոլոր [երկրային] ունեցածին վրայ»։ Անոնք շնորհակալութեամբ կը մասնակցին ծառայ դասակարգին կողմէ «ատենին» պատրաստուած հոգեւոր կերակուրին։—Յովհաննու 10։16. Մատթէոս 24։45–47

9. Միլիոնաւոր մարդիկ ի՞նչ «լեզու» սորված են, եւ ի՞նչ մեծ գործունէութեան մը մէջ ուրիշ ոչխարները օծեալ մնացորդին հետ «ուս ուսի» կը ծառայեն։

9 Մնացորդին կողքին, այս միլիոնաւոր ուրիշ ոչխարները կը սորվին «մաքուր լեզուի»ն համաձայն ապրիլ ու խօսիլ։a Եհովա Սոփոնիայի միջոցաւ մարգարէացաւ. «Այն ժամանակ ժողովուրդներուն լեզուները մաքուր լեզուի մը պիտի փոխեմ, որպէսզի ամէնքը Եհովայի անունը կանչեն եւ ուս ուսի անոր ծառայութիւն ընեն»։ (Սոփոնեայ 3։9, ՆԱ) Այո, ուրիշ ոչխարները «պզտիկ հօտ»ի օծեալ անդամներուն հետ միացած՝ «ուս ուսի» Եհովայի կը ծառայեն, ստիպողաբար քարոզելով «Արքայութեան այս աւետարանը . . . բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու»։—Ղուկաս 12։32. Մատթէոս 24։14

«Տէրոջը Օրը . . . Պիտի Գայ»

10. Օծեալ մնացորդը ի՞նչ բանէ միշտ վստահ եղած է, եւ որպէս դասակարգ իր կեանքի ընթացքին ի՞նչ բանի ականատես պիտի ըլլայ։

10 Օծեալ մնացորդը Պետրոս առաքեալի հետեւեալ ներշնչեալ խօսքերը յարատեւ իր միտքը պահած է. «Տէրը չուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասնզի չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն։ Սակայն Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ»։ (Բ. Պետրոս 3։9, 10) Հաւատարիմ ծառայ դասակարգին անդամները բնաւ չեն կասկածած որ Եհովայի օրը մեր ժամանակին պիտի գայ։ Այդ մեծ օրը պիտի սկսի Աստուծոյ դատաստանները ի գործ դրուելով Քրիստոնեայ Աշխարհին՝ հակատիպ Երուսաղէմի՝ եւ Մեծն Բաբելոնի մնացեալ մասերուն դէմ։—Սոփոնեայ 1։2–4. Յայտնութիւն 17։1, 5. 19։1, 2

11, 12. (ա) Սոփոնիայի մարգարէութեան ուրիշ ո՞ր մասը մնացորդին վրայ կատարուած է։ (բ) «Ձեռքերդ թող չթուլնան» կոչին ի՞նչպէս օծեալ մնացորդը ուշադրութիւն ընծայած է։

11 Հաւատարիմ մնացորդը, 1919–ին Մեծն Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ հոգեւոր գերութենէն ազատագրուելուն համար, կ’ուրախանայ։ Անոնք Սոփոնիայի մարգարէութեան կատարման փորձառութիւնը ունեցած են. «Ցնծա՛, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, բարձրաձայն աղաղակէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, բոլոր սրտով ուրախ եւ զուարթ եղի՛ր, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ։ Տէրը քու դատապարտութիւնդ հեռացուց քեզմէ, քու թշնամիդ վռնտեց. Իսրայէլի թագաւորը՝ Տէրը՝ քու մէջդ է, անգամ մըն ալ չարիք պիտի չտեսնես։ Այն օրը Երուսաղէմին պիտի ըսուի՝ ‘Մի՛ վախնար’ ու Սիօնին՝ ‘Ձեռքերդ թող չթուլնան’։ Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է, անիկա քեզ պիտի փրկէ»։—Սոփոնեայ 3։14–17

12 Այն համոզումով ու բազմաթիւ ապացոյցներով որ Եհովա իրեն թիկունք կը կանգնի, օծեալ մնացորդը անվախօրէն շարունակած է իր աստուածային յանձնարարութիւնը կատարել։ Անոնք Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզած են եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի, Մեծն Բաբելոնի մնացեալ մասերուն ու Սատանայի իրերու ամբողջ ամբարիշտ դրութեան դէմ Եհովայի դատաստանները ճանչցուցած են։ Հակառակ բոլոր դժուարութեանց, 1919–էն ի վեր տասնամեակներու ընթացքին, անոնք աստուածային պատուէրին հնազանդած են. ‘Մի՛ վախնար, ո՛վ Սիօն։ Ձեռքերդ թող չթուլնան’։ Անոնք Եհովայի Թագաւորութիւնը ծանուցանող միլիառաւոր թերթիկներ, պարբերաթերթեր, գրքեր եւ գրքոյկներ բաշխելու մէջ ժրաջան եղած են։ Անոնք հաւատք ներշնչող օրինակ մը հանդիսացած են 1935–էն ի վեր իրենց կողքին հաւաքուող ուրիշ ոչխարներուն։

«Ձեռքերդ Թող Չթուլնան»

13, 14. (ա) Կարգ մը Հրեաներ ինչո՞ւ Եհովայի ծառայելէ քաշուեցան, եւ ասիկա ի՞նչպէս յայտնի եղաւ։ (բ) Մեր կողմէ ի՞նչ բան ընելը անիմաստութիւն է, եւ ո՞ր գործունէութեան մէջ մեր ձեռքերը պէտք չէ թուլցնենք։

13 Մինչ Եհովայի մեծ օրուան ‘կը սպասենք’, Սոփոնիայի մարգարէութենէն ի՞նչպէս կրնանք գործնական օգնութիւն ստանալ։ Առաջին, պէտք է զգուշանանք որ այն Հրեաներուն չնմանինք որոնք Սոփոնիայի օրերուն Եհովայի հետեւելէ ետ դարձան, քանի որ Եհովայի օրուան մօտիկ ըլլալուն նկատմամբ կասկածներ սնուցանեցին։ Այս Հրեաները անպայմանօրէն իրենց կասկածները հանրապէս չարտայայտեցին, սակայն անոնց արարքները յայտնեցին որ իրապէս չէին հաւատար որ Եհովայի մեծ օրը մօտ էր։ Փոխանակ Եհովայի սպասելու, անոնք հարստութիւն դիզելու վրայ կեդրոնացան։—Սոփոնեայ 1։12, 13. 3։8

14 Ներկայիս ժամանակը չէ թոյլ տալու որ մեր սրտերուն մէջ կասկածներ արմատանան։ Իրապէս իմաստութիւն չէ մեր մտքերուն կամ սրտերուն մէջ յետաձգել Եհովայի օրուան գալը։ (Բ. Պետրոս 3։1–4, 10) Եհովայի չհետեւելէ կամ իր ծառայութեան մէջ ‘մեր ձեռքերը թուլցնելէ’ պէտք է խուսափինք։ Ասիկա կը պարփակէ ‘բարի լուր’ի մեր քարոզչութեան մէջ «ծոյլ ձեռքով բանող»ներ չըլլալ։—Առակաց 10։4. Մարկոս 13։10

Անտարբերութեան Դէմ Պայքարիլ

15. Ի՞նչ բան կրնայ մեր ձեռքերը թուլցնել Եհովայի ծառայութեան մէջ, եւ այս խնդիրը ի՞նչպէս նախագուշակուած էր Սոփոնիայի մարգարէութեան մէջ։

15 Երկրորդ, անտարբերութեան տկարացուցիչ ազդեցութիւններէն պէտք է զգոյշ ըլլանք։ Արեւմտեան շատ մը երկիրներու մէջ, հոգեւոր հարցերու հանդէպ մարդոց անհոգ կեցուածքը կրնայ վհատութեան պատճառ դառնալ բարի լուրի կարգ մը քարոզիչներուն։ Նման անտարբերութիւն մը գոյութիւն ունէր Սոփոնիայի օրերուն։ Եհովա իր մարգարէին միջոցաւ ըսաւ. «Մարդիկը . . . իրենց սրտին մէջ կ’ըսեն՝ ‘Տէրը ո՛չ բարիք պիտի ընէ եւ ո՛չ չարիք’»։ (Սոփոնեայ 1։12) Իր գրքին մէջ (Cambridge Bible for Schools and Colleges) այս համարին մասին գրելով, Ա. Պ. Տավիտսըն նշեց որ ատիկա կ’ակնարկէ այն մարդոց, որոնք «մարդկութեան գործերուն մէջ գերակայ ոյժի մը կողմէ որեւէ միջամտութեան նկատմամբ անզգայ անտարբերութեան կամ նոյնիսկ թերահաւատութեան մէջ խորասուզուած են»։

16. Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներու բազմաթիւ անդամներուն մէջ ի՞նչ մտավիճակ կը տիրէ, բայց Եհովա ի՞նչ քաջալերութիւն կու տայ մեզի։

16 Ներկայիս անտարբերութիւնը տիրող կեցուածքն է երկրի շատ մը մասերուն մէջ, մանաւանդ աւելի հարուստ ազգերուն մէջ։ Նոյնիսկ Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներու անդամները չեն հաւատար որ մեր օրերուն Եհովա Աստուած մարոց գործերուն պիտի միջամտէ։ Անոնք Թագաւորութեան բարի լուրը իրենց հասցնելու մեր ջանքերը կը խափանեն կա՛մ կասկածամիտ ժպիտով մը եւ կամ «Հետաքրքրուած չեմ» կտրուկ պատասխանով։ Այս պայմաններուն ներքեւ, վկայելու գործունէութեան մէջ յարատեւելը կրնայ իսկական մարտահրաւէր մը ըլլալ։ Անիկա մեր համբերութիւնը կը քննէ։ Սակայն Սոփոնիայի մարգարէութեան միջոցաւ, Եհովա իր հաւատարիմ ժողովուրդը կը խրախուսէ, ըսելով. «Ձեռքերդ թող չթուլնան։ Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է, անիկա քեզ պիտի փրկէ։ Անիկա քեզի համար ուրախութեամբ պիտի զուարճանայ ու իր սիրովը քեզի թողութիւն պիտի տայ եւ քու վրադ ցնծութեամբ պիտի ուրախանայ»։—Սոփոնեայ 3։16, 17

17. Ուրիշ ոչխարներէն եղող նորեկ անհատները ո՞ր ընտիր օրինակին պէտք է հետեւին, եւ ի՞նչպէս։

17 Եհովայի ժողովուրդին արդի պատմութեան մէջ իրողութիւն մըն է որ մնացորդը, ինչպէս նաեւ ուրիշ ոչխարներէն եղող տարեց անհատներ, այս վերջին օրերուն ընթացքին հաւաքումի հսկայական գործ մը իրագործած են։ Այս բոլոր հաւատարիմ Քրիստոնեաները տասնամեակներու ընթացքին համբերութիւն ցուցաբերած են։ Անոնք թոյլ չեն տուած որ Քրիստոնեայ Աշխարհի մեծամասնութեան կողմէ ցուցաբերուած անտարբերութիւնը զիրենք վհատեցնէ։ Ուստի, ուրիշ ոչխարներէն եղող նորեկ անհատները ներկայիս շատ մը երկիրներու մէջ հոգեւոր հարցերու հանդէպ խիստ տիրական եղող անտարբեր կեցուածքին պատճառաւ չվհատին։ Անոնք իրենց ‘ձեռքերը չթուլցնեն’, ոչ ալ դանդաղին։ Թող անոնք ամէն պատեհութիւն օգտագործեն ներկայացնելու համար Դիտարանը, Զարթի՛րը եւ ուրիշ ընտիր գրականութիւնները, որոնք յատկապէս ծրագրուած են ոչխարանման մարդոց օգնելու որ Եհովայի օրուան ու անոր յաջորդող օրհնութիւններուն մասին ճշմարտութիւնը սորվին։

Յառաջ Երթանք Մինչ Մեծ Օրուան կը Սպասենք

18, 19. (ա) Մատթէոս 24։13 եւ Եսայեայ 35։3, 4–ի մէջ, համբերելու համար ի՞նչ քաջալերութիւն կը գտնենք։ (բ) Եթէ Եհովայի ծառայութեան մէջ միութեամբ յառաջ երթանք, ի՞նչպէս պիտի օրհնուինք։

18 Յիսուս ըսաւ. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։ (Մատթէոս 24։13) Ուստի, ‘թուլցած ձեռքեր’ կամ ‘դողդոջուն ծունկեր’ չունենանք մինչ Եհովայի մեծ օրուան կը սպասենք։ (Եսայեայ 35։3, 4) Սոփոնիայի մարգարէութիւնը Եհովայի առնչութեամբ սրտապնդիչ կերպով կ’ըսէ. ‘Որպէս զօրաւոր մը, անիկա քեզ պիտի փրկէ’։ (Սոփոնեայ 3։17) Այո, Եհովա «մեծ բազմութիւն»ը պիտի փրկէ ‘մեծ նեղութեան’ վերջին հանգրուանէն, երբ իր Որդւոյն հրամայէ որ իր ժողովուրդին դէմ ‘հպարտացող’ քաղաքական ազգերը փշրէ։—Յայտնութիւն 7։9, 14. Սոփոնեայ 2։10, 11. Սաղմոս 2։7–9

19 Մինչ Եհովայի մեծ օրը կը մօտենայ, թող նախանձախնդրաբար յառաջանանք, «ուս ուսի» իրեն ծառայելով։ (Սոփոնեայ 3։9, ՆԱ) Այսպէս ընելով, մենք եւ անհամար ուրիշներ ‘Եհովայի բարկութեան օրը ծածկուելու’ եւ իր սուրբ անուան սրբացման ականատես ըլլալու ի վիճակի պիտի ըլլանք։

[Ստորանիշ]

a «Մաքուր լեզուի»ն մասին մանրամասն բացատրութեան համար, տես Դիտարան Յունիս 1, 1991–ի թիւը էջ 16–21 եւ Մայիս 1, 1991–ի Անգլերէն թիւը էջ 10–20։

Վերաքաղ

◻ Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական վիճակը Սոփոնիայի օրերուն եղած վիճակին ի՞նչ կերպերով կը համապատասխանէ։

◻ Ներկայիս շատ մը քաղաքական առաջնորդներ ի՞նչպէս կը նմանին Սոփոնիայի ատենուան աշխարհային «իշխաններ»ուն։

◻ Սոփոնեայ գրքին մէջ գտնուող ի՞նչ խոստումներ մնացորդին վրայ կատարուած են։

◻ Միլիոնաւոր մարդիկ ի՞նչ բան ըմբռնած են։

◻ Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր ձեռքերը ինչո՞ւ պէտք չէ թուլցնենք։

[Նկարներ՝ էջ 15]

Սոփոնիայի նման, օծեալ Քրիստոնեաներու հաւատարիմ մնացորդը խիզախօրէն Եհովայի դատաստանները յայտարարած է

[Նկարներ՝ էջ 17]

«Ուրիշ ոչխարներ»ը թոյլ չեն տուած որ մարդոց անտարբերութիւնը զիրենք վհատեցնէ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել