Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 1/1 էջ 22-31
  • Եհովայի տան աւելի մեծ փառքը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի տան աւելի մեծ փառքը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Առատ «Ուտելիք»
  • Երկրածաւալ Հունձք
  • Միշտ Յառաջխաղացքի մէջ Ըլլանք
  • Անգէի Վերջին Պատգամները
  • Թող բոլորը Եհովա՛ն փառաբանեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • «Ես ձեզի հետ եմ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Ձեր ձեռքերը թող ուժովնան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • «Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 1/1 էջ 22-31

Եհովայի տան աւելի մեծ փառքը

«‘Այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը»։—ԱՆԳԵԱՅ 2։7

1. Հաւատքին եւ գործին հետ սուրբ հոգին ի՞նչ կապակցութիւն ունի։

ԵՐԲ տունէ տուն կը քարոզէր, Եհովայի Վկայ մը Պէնտէկոստական կնոջ մը հանդիպեցաւ, որ ըսաւ. ‘Մենք սուրբ հոգին ունինք, բայց դուք էք որ գործը կ’ընէք’։ Անոր փափկանկատութեամբ բացատրուեցաւ որ սուրբ հոգին ունեցողը բնականաբար պիտի մղուի Աստուծոյ գործը ընելու։ Յակոբու 2։17–ն կ’ըսէ. «Հաւատքը, եթէ իրեն հետ գործ չունենայ, առանձինն մեռած է»։ Եհովայի հոգիին օգնութեամբ, իր Վկաները զօրաւոր հաւատք զարգացուցած են եւ Ան ‘իր տունը փառքով լեցուցած է’ ու զանոնք ղրկած է որ շիտակ գործեր ընեն, գլխաւորաբար՝ ‘Թագաւորութեան բարի լուրը բովանդակ աշխարհի մէջ քարոզեն, բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու’։ Երբ այս գործը Եհովայի ուզած չափով կատարուի, «անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։—Մատթէոս 24։14

2. (ա) Եհովայի գործին մէջ մխրճուիլը ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի բերէ։ (բ) Որեւէ երեւութական ‘ուշացում’ ինչո՞ւ պէտք է ուրախացնէ մեզ։

2 Յիսուսի այս խօսքերէն դատելով, կ’եզրակացնենք որ ներկայիս մեր գործը կը համարենք ուրիշներուն քարոզել մեզի վստահուած «երանելի Աստուծոյ փառաւոր աւետարան»ը։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11) Որքան ուրախութեամբ մխրճուինք Եհովայի ծառայութեան մէջ, կարծես այդքան արագ պիտի գայ վախճանը։ Ամբակումայ 2։2, 3–ի մէջ կը կարդանք Եհովայի հետեւեալ խօսքը. «Տեսիլքը գրէ՛ ու տախտակներու վրայ յայտնի նշանակէ, որպէս զի զանիկա կարդացողը համարձակ կարդայ։ Քանզի տեսիլքը որոշուած ժամանակի համար է, բայց դէպի վախճանը կ’արտորայ եւ սուտ պիտի չելլէ. եթէ ուշանայ՝ անոր սպասէ, քանզի անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ [«պիտի չուշանայ», ՆԱ]»։ Այո, «տեսիլքը» պիտի կատարուի՝ «եթէ ուշանայ» իսկ։ Յիսուսի Թագաւորական իշխանութեան այս 83–րդ տարուան մէջ, ոմանք կրնան խորհիլ որ արդէն ուշացումի շրջանի մէջ ենք։ Սակայն ուրախ պէտք չէ՞ ըլլանք որ տակաւին վախճանը եկած չէ։ 1990–ական տարիներուն, Արեւելեան Եւրոպայի, ափրիկեան կարգ մը մասերու եւ ուրիշ երկիրներու մէջ, բարի լուրի քարոզչութեան վրայ դրուած արգելքները վերցուեցան, որպէս թէ հրաշքով։ Երեւութական ‘ուշացումը’ առիթ կու տայ որ աւելի շատ «ոչխարներ» հաւաքուին ա՛յն շրջաններէն, որոնք տակաւին վերջերս բացուեցան։—Յովհաննու 10։16

3. «Այս սերունդ»ին մասին մեր ներկայ հասկացողութիւնը ինչո՞ւ մեզ պէտք է մղէ որ Աստուծոյ գործին ստիպողական կարիքը տեսնենք։

3 «Պիտի չուշանայ», կ’ըսէ մարգարէն։ Յիսուս ըսաւ որ ներկայ չար սերունդը պիտի չանցնի, «մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան»։ (Մատթէոս 24։34) Արդեօք սերունդի մասին մեր ներկայ հասկացողութիւնը կը նշանակէ՞ որ մեր քարոզչութիւնը այդքան ալ ստիպողական չէ։a Իրողութիւնները ցոյց կու տան որ պարագան ճի՛շդ հակառակն է։ Մեր ժամանակակից սերունդը ամբարշտութեան մէջ կը թաղուի եւ պատմութեան մէջ ա՛յսքան պղծութիւն բնաւ չէ եղած։ (Բաղդատել Գործք 2։40։) Պէտք է ստիպողական հոգիով մեր գործը կատարենք։ (Բ. Տիմոթէոս 4։2) Մեծ նեղութեան ժամանակին մասին բոլոր մարգարէութիւնները ցոյց կու տան որ անիկա անակնկալօրէն, յանկարծակի ու գաղտագողի պիտի գայ՝ գողի մը նման։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։1–4. Յայտնութիւն 3։3. 16։15) «Անոր համար դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։ (Մատթէոս 24։44) Մինչ մարդկային այս անաստուած սերունդը բնաջնջումի սեմին կը գտնուի, վստահաբար չենք ուզեր յաւիտենական կեանքի մեր թանկագին յոյսը կորսնցնել, աշխարհային հաճոյքներու ‘ցեխին մէջ տապըլտկելով’։—Բ. Պետրոս 2։22. 3։10. Ղուկաս 21։32–36

4. Ի՞նչ կացութիւն ‘ատենին կերակուրը’ յաւելեալ չափով հայթայթելու կարիքը ցոյց տուած է, եւ այս կարիքը ինչպէ՞ս լեցուած է։

4 Յիսուսի մարգարէութիւնը կատարուելով, 1914–ին «ցաւերուն սկիզբ»ը եղաւ, մինչ մարդկութիւնը «աշխարհիս վերջին» հանգրուանին մէջ մտաւ։ Մինչեւ օրս, վիշտերը, աղիտալի պատահարները եւ անօրէնութիւնը երթալով բազմապատկուած են։ (Մատթէոս 24։3–8, 12) Միեւնոյն ժամանակ, Եհովա հաւատարիմ ու իմաստուն օծեալ ծառային յանձնարարութիւն տուած է որ իր Տիրոջ՝ Քրիստոսի՝ տան անդամներուն ‘ատենին հոգեւոր կերակուր տայ’։ (Մատթէոս 24։45–47) Իր երկնային գահէն, այս Մեսիական Թագաւորը համայն աշխարհի մէջ կերակրումի հոյակապ յայտագիր մը կ’առաջնորդէ ներկայիս։

Առատ «Ուտելիք»

5. «Կերակուր»ի հիմնական տարրին ի՞նչ ուշադրութիւն կը տրուի։

5 «Ուտելիք»ի պատրաստութիւնը նկատի առէք։ (Ղուկաս 12։42) Քրիստոնէական ճաշացուցակին վրայ հիմնական տարրը՝ Աստուծոյ Խօսքը, Աստուածաշունչն է։ Աստուածաշունչը ազդու կերպով սորվեցնելու համար, ընթեռնլի, ճշգրիտ թարգմանութիւն մը անհրաժեշտութիւն է։ Տարիներու ընթացքին, այս կարիքին աստիճանաբար գոհացում տրուած է, մասնաւորաբար 1950–էն սկսեալ, երբ, Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը անգլերէնով հրատարակուեցաւ։ 1961–ին, ամբողջ Աստուածաշունչի Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը լոյս տեսաւ եւ անմիջապէս ուրիշ գլխաւոր լեզուներով հրատարակութիւններ կատարուեցան։ 1996–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին հրատարակուած 3 հատորները, անոնց թիւը կը հասցնեն 27–ի, որոնցմէ 14–ը ամբողջ Աստուածաշունչն է։ Աստուածաշունչի այս գործը եւ ուրիշ օգնական գրականութիւններ պատրաստելու համար, ներկայիս 1,174 նուիրուած Քրիստոնեաներ լիաժամ թարգմանութիւն կ’ընեն 77 երկիրներու մէջ։

6. Ընկերութիւնը ինչպէ՞ս գոհացում տուած է սուրբ գրային գրականութիւններու պահանջքին։

6 Թարգմանիչներու այս բանակին աշխատանքներուն թափ տալով, Դիտարանի Ընկերութեան տպարան ունեցող 24 մասնաճիւղերը շատ աւելի մեծ քանակութեամբ գրականութիւններ արտադրած են։ Այս նպատակով, սրընթաց թաւալուն տպագրամեքենաներ շարունակաբար կը զետեղուին գլխաւոր մասնաճիւղերու մէջ։ Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերու արտադրութիւնը ամսէ ամիս կը բարձրանայ, ներկայիս անոնց տպաքանակը միասնաբար հասնելով 943,892,500–ի. այս տարուան համար 13.4 առ հարիւր յաւելում մը։ Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ճափոնի, Մեքսիկայի, Միացեալ Նահանգներու, Պրազիլիոյ, Քորէայի եւ Ֆինլանտայի մէջ Աստուածաշունչերու եւ գրքերու ընդհանուր արտադրութիւնը 1995–էն 40 տոկոս աւելի եղած է, 1996–ին 76,760,098 օրինակի հասնելով։ Ուրիշ մասնաճիւղեր ալ գրականութեան ընդհանուր արտադրութեան մեծապէս նպաստած են։

7. Եսայեայ 54։2–ը հիմա ինչպէ՞ս աւելի ստիպողական դարձած է։

7 1990–ական թուականներուն, Արեւելեան Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ Եհովայի Վկաներուն վրայէն արգելափակումներու վերացումով, շատ աւելի մեծ յաւելում մը անհրաժեշտ եղած է։ Այդ շրջաններուն մէջ հոգեւոր անօթութիւնը զգալիօրէն մեծ է։ Ուստի, հետեւեալ կոչը հնչեցնելու շատ աւելի մեծ ստիպողականութիւն կայ. «Վրանիդ տեղը լայնցուր, քու բնակարանիդ վարագոյրները թող տարածուին. մի՛ խնայեր, չուաններդ երկնցուր ու ցիցերդ ամրացո՛ւր»։—Եսայեայ 54։2

8. Առատաձեռն ի՞նչ ընդառաջում կ’օգնէ պէտք եղած նիւթականը հայթայթելու։

8 Հետեւաբար, Ընկերութեան 104 մասնաճիւղերուն մէջ, հարկ տեսնուած է որ շէնքերը ընդլայնուին։ Նոր բացուած շրջաններու մէջ գոյութիւն ունեցող տնտեսական դաժան պայմաններու պատճառաւ, այս ընդլայնման ծախսերուն մեծամասնութիւնը կը հոգացուի աւելի հարուստ երկիրներու մէջ համաշխարհային գործին ի նպաստ եղած նուիրատըւութիւններով։ Բարեբախտաբար, ժողովքներ եւ անհատներ սրտաբուխ կ’ընդառաջեն, Ելից 35։21–ի մէջ ցուցաբերուած հոգիով. «Յօժարասիրտ եղողներն ու բոլոր հոգիով կամեցողները եկան ու . . . գործին համար . . . Տէրոջը ընծայ բերին»։ Առիթէն կ’օգտուինք, շնորհակալութիւն յայտնելու այն բոլորին, որոնք առատաձեռնօրէն տուած են։—Բ. Կորնթացիս 9։11

9. Հռովմայեցիս 10։13, 18–ը ներկայիս ինչպէ՞ս կը կատարուի։

9 1996 տարուան ընթացքին, Դիտարանի Ընկերութեան գրականութիւնները արդարեւ փառաւորած են Եհովայի անունը եւ իր նպատակները, մինչեւ երկրին ծայրերը, ճիշդ ինչպէս Պօղոս առաքեալ նախագուշակած էր։ Յովէլի մարգարէութենէն եւ 19–րդ Սաղմոսէն մէջբերելով, ան գրեց. «‘Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի’։ Բայց կ’ըսեմ. ‘Միթէ չլսեցի՞ն. մանաւանդ՝ ‘Բոլոր երկի՛ր ելաւ անոնց հնչիւնը ու անոնց խօսքը՝ մինչեւ աշխարհի ծայրերը’»։ (Հռովմայեցիս 10։13, 18) Եհովա թանկարժէք անունը այս կերպով գովաբանելով, իր ծառաները իր տունը փառքով լեցնելու մէջ յատկանշական բաժին մը բերած են։ Այս ծանուցումը ի՞նչպէս ընդարձակուած է մասնաւորաբար 1996–ին։ Հաճեցէք նկատի առնել 27–30 էջերու վրայի ցուցակը։

Երկրածաւալ Հունձք

10. Եհովայի ծառաներուն գործունէութեան մէջ արտակարգ ի՞նչ երեսակներ կը նշմարէք, ինչպէս ամփոփուած է 27–30 էջերու վրայ։

10 Ղուկաս 10։2–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը որեւէ ժամանակէ աւելի հիմա ի զօրու են. «Հունձքը շատ է բայց մշակները քիչ. ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։ Դուք այդ կոչին կ’ընդառաջէ՞ք։ Համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներ դրական ընդառաջում ցոյց կու տան։ Ասիկա կը տեսնուի 1996–ին դաշտի ծառայութիւն տեղեկագրող 5,413,769 Թագաւորութեան հրատարակիչներէն։ Իսկ 366,579 նոր եղբայրներ եւ քոյրեր մկրտուած են։ Ո՜րքան կը գնահատենք «բոլոր ազգերուն [այս] ցանկալի բաները», որոնք ‘Եհովայի պաշտամունքի տունը փառքով լեցուելուն’ մէջ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն։—Անգեայ 2։7

11. Բոլորս ալ ցնծալու ի՞նչ պատճառներ ունինք։

11 Նոր բացուած դաշտերուն մէջ ընդլայնումի տեղեկագրութիւնները արտակարգ են։ Արդեօք այս աճը տեսնելով, մեզմէ ոմանք կը նախանձի՞ն։ Ընդհակառակը, անոնց հետ կ’ուրախանանք։ Ամէն երկիր պզտիկ սկզբնաւորութիւն մը ունեցած է։ Անգէի ժամանակակից մարգարէն՝ Զաքարիան, գրեց. «Ո՞վ պզտիկ բաներուն օրը անարգեց»։ (Զաքարեայ 4։10) Մեծապէս կը հրճուինք որ վկայութեան գործը լաւ հաստատուած երկիրներու մէջ, ներկայիս միլիոնաւոր Թագաւորութեան հրատարակիչներ կան եւ թաղամասը յաճախ կ’աշխատցուի. մեծ քաղաքներէն շատերուն մէջ՝ գրեթէ ամէն շաբաթ։ Երբ Եհովա փրկութեան ձեռք կ’երկարէ նախապէս աննպաստ եղող շրջաններու մէջ, մենք պատճառ ունի՞նք մեր ձեռքերը թուլցնելու։ Բնա՛ւ։ «Արտը աշխարհս է», ըսաւ Յիսուս։ (Մատթէոս 13։38) Ճիշդ ինչպէս որ նախկին աշակերտները լիակատար վկայութիւն մը տուին հրէական իրերու դրութեան վախճանին, մենք ալ պէտք է շարունակենք լիակատար վկայութիւն տալ։—Գործք 2։40. 10։42. 20։24. 28։23

Միշտ Յառաջխաղացքի մէջ Ըլլանք

12. Ի՞նչ բան մեզ կը մղէ որ ‘շիտակ յառաջ երթանք’։ (Նկատի առ նաեւ՝ «‘Երկրի Ծայրերէն’ Հնձել» շրջագծուած մասը։)

12 Այո, հրեշտակներէ բաղկացած Եհովայի երկնային կառքին հետ քայլ պէտք է պահենք՝ ‘շիտակ յառաջ երթալով’։ (Եզեկիէլ 1։12) Կը յիշենք Պետրոսի խօսքերը. «Տէրը չուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասն զի չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։ (Բ. Պետրոս 3։9) Տնտեսապէս աղքատ երկիրներու մէջ գտնուող մեր եղբայրներուն օրինակելի նախանձախնդրութիւնը թող մղիչ ոյժ ծառայէ մեզի։ Արմագեդոնի գալուն նկատմամբ որեւէ երեւութական ուշացում, թոյլ տուած է որ այդ երկիրներու՝ ինչպէս նաեւ շատ աշխատցուած թաղամասերու՝ մէջէն հարիւր հազարաւորներ հաւաքուին։ Մի՛ սխալիք. «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ»։ (Սոփոնեայ 1։14) Մենք ալ պէտք է արտորա՛նք, լիակատար վերջին վկայութիւն մը տալով։

13, 14. (ա) 1996–ի ընթացքին բաշխուած գրականութիւններու մասին ի՞նչ կրնանք ըսել։ (բ) Ժողովքները ամէն տարի ի՞նչ մասնայատուկ ծրագիրներ կրնան ընել, իսկ դուք անոնց մասնակցելու ի՞նչ ծրագիր կ’ընէք։

13 Թէեւ ծառայութեան ցուցակին մէջ ամէն մանրամասնութիւն տրուած չէ, բայց անցեալ տարի յատկանշական յաւելում մը տեղի ունեցած է Աստուածաշունչի, գրքերու եւ պարբերաթերթերու բաշխումին մէջ։ Օրինակ, համայն աշխարհի մէջ պարբերաթերթերու տեղաւորումը 19 տոկոսով աւելցած է, ընդամէնը 543,667,923 օրինակ։ Մեր պարբերաթերթերը բազմատեսակ քարոզչութեան կը նպաստեն. փողոցներու եւ պարտէզներու մէջ, փոխադրակառքի կայանները, առեւտրական շրջանները։ Տեղեկագրութիւնները ցոյց կու տան որ Թագաւորութեան քարոզչութեամբ յորդած կարգ մը թաղամասերու մէջ, արհեստավարժ անհատներ մեր պարբերաթերթերուն որակէն տպաւորուելով, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կ’ընդունին։

14 Ամէն տարի Ապրիլ ամսուան ընթացքին, սովորաբար ժողովքները պարբերաթերթի մասնայատուկ գործունէութիւն մը կը կազմակերպեն, ամբողջ օր մը տունէ տուն եւ հանրային վայրերու մէջ զանիկա ներկայացնելով։ 1997–ի Ապրիլին, որպէս ժողովք դուք ալ պիտի մասնակցի՞ք ասոր։ Ապրիլի համար Դիտարանի եւ Զարթի՛րի արտակարգ օրինակներ պատրաստուած են եւ համայն աշխարհի մէջ անոնց միաժամանակ ներկայացումը յատկանշական պիտի ըլլայ։ Կիպրոս կղզիին մէջ, այն ժողովքները, որ իրենց նշանաբանը ըրած են՝ «կարելի եղածին չափ ամենուն հասնիլ Թագաւորութեան պատգամով», ամէն ամիս պարբերաթերթ տեղաւորելու այս յայտագրուած գործը շարունակելով, անցեալ տարի նոր գագաթի մը հասած են, տեղաւորելով 275,359 օրինակներ. 54 առ հարիւր յաւելում մը։

Անգէի Վերջին Պատգամները

15. (ա) Եհովա ինչո՞ւ Անգէի միջոցաւ յաւելեալ պատգամներ ղրկեց։ (բ) Անգէի երրորդ պատգամը ի՞նչ դաս պէտք է սորվեցնէ մեզի։

15 Անգէ իր երկրորդ պատգամը հաղորդելէն 63 օր ետք, Եհովա զինք ղրկեց երրորդ ծանուցում մը ընելու, որու պէտք է սրտանց ուշադրութիւն ընծայենք։ Անգէ այնպէս մը խօսեցաւ որպէս թէ Հրեաները այն ատեն տաճարին հիմը կը նետէին, ինչ որ արդէն ըրած էին 17 տարի առաջ։ Անգամ մը եւս Եհովա մաքրագործութիւն կատարելու հարկը տեսաւ։ Թէ՛ քահանաները եւ թէ ժողովուրդը անհոգ դարձած՝ հետեւաբար Եհովայի աչքին անմաքուր եղած էին։ Արդեօք ներկայիս Եհովայի ծառաներէն ոմա՞նք ալ իրենց ձեռքերը թուլցուցած են, թերեւս աշխարհի մեղկ եւ նիւթապաշտական ճամբաներուն անձնատուր ըլլալով։ Ստիպողական է որ բոլորս ալ «այս օրուընէ սկսեալ» մտածենք Եհովայի անուան փառք բերել, վստահելով իր խոստումին, որ ըսաւ. «Այս օրէն սկսեալ պիտի օրհնեմ»։—Անգեայ 2։10–19, ՆԱ. Եբրայեցիս 6։11, 12

16. Մօտ ատենէն ի՞նչ ‘շարժում’ տեղի պիտի ունենայ եւ ի՛նչ արդիւնքով։

16 Նոյն օրը «զօրքերու Տէր»ոջ խօսքը չորրորդ եւ վերջին անգամ ըլլալով եկաւ Անգէի։ Ան գիտցուց որ ‘երկինքն ու երկիրը շարժել’ ի՛նչ պիտի նշանակէր, ըսելով. «Թագաւորութիւններու աթոռները տակնուվրայ պիտի ընեմ, ազգերու թագաւորութիւններուն զօրութիւնը պիտի կորսնցնեմ, կառքն ու անոր հեծեալները տակնուվրայ պիտի ընեմ։ Ձիերն ու անոնց հեծեալները պիտի իյնան իւրաքանչիւրը իր եղբօրը սուրովը»։ (Անգեայ 2։6, 7, 21, 22) ‘Շարժելը’ այսպիսով իր գագաթնակէտին պիտի հասնի, երբ Արմագեդոնին Եհովա լիովին երկիրը մաքրէ։ Մինչեւ այդ ժամանակ, «բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները» պիտի գան, նոր աշխարհի մարդկային ընկերութեան կորիզը կազմելու համար։ Հրճուանքի եւ Եհովան փառաբանելու ի՜նչ պատճառներ ունինք։—Անգեայ 2։7. Յայտնութիւն 19։6, 7. 21։1–4

17. Յիսուս ինչպէ՞ս նշանակուած է որպէս ‘կնիքի մատանի’։

17 Իր մարգարէութիւնը եզրափակելով, Անգէն գրեց. «‘Այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, քեզ պիտի առնեմ, ո՛վ Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլ, . . . քեզ կնիքի պէս պիտի դնեմ, քանզի քեզ ընտրեր եմ’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը»։ (Անգեայ 2։23) Երկրային Երուսաղէմի մէջ Զօրաբաբէլ Կառավարիչին եւ Յեսու Քահանայապետին անջատաբար կատարած երկեակ պաշտօնները լեցնելով, Յիսուս Քրիստոս հիմա երկնքի մէջ Եհովայի հակատիպ Մեսիական Թագաւորը եւ Քահանայապետն է։ Եհովայի աջ ձեռքին վրայ պաշտօնական կնիքի մատանիի նման, Յիսուս «Այո» եղած է, «Աստուծոյ խոստումներ»ը իրականացնելու մէջ որպէս Եհովայի գործիքը ծառայելով։ (Բ. Կորնթացիս 1։20. Եփեսացիս 3։10, 11. Յայտնութիւն 19։10) Աստուածաշունչի մարգարէական պատգամին առանցքը կը կազմէ Եհովայի կողմէ Քրիստոսի հայթայթումը, որպէս Թագաւոր եւ քահանայական Փրկագործ։—Յովհաննու 18։37. Ա. Պետրոս 1։18, 19

18. ‘Զօրքերու Տէրոջ խօսք’ին եզրակացութիւնը ի՞նչ կազդուրիչ կատարում մը պիտի ունենայ։

18 Արդա՛րեւ, մեր օրերուն Եհովայի շողշողուն հոգեւոր տաճարին մէջ գտնուի՛լն է մեծագոյն փառքը։ Շուտով, Եհովա Սատանայի դրութիւնը մէջտեղէն վերցնելէ ետք, Անգեայ 2։9–ն ուրիշ հրճուելի կատարում մը պիտի ունենայ. «‘Այս տեղը խաղաղութիւն պիտի տամ’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը»։ Վե՜րջապէս խաղաղութիւն. տեւական, տիեզերական խաղաղութիւն մը, որ երաշխաւորուած պիտի ըլլայ Եհովայի ‘մատանիին կնիքով’՝ Յիսուս Քրիստոսով՝ «Խաղաղութեան Իշխան»ով, որու մասին գրուած է. «Անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ, . . . Զօրքերու Տէրոջը նախանձը պիտի ընէ ասիկա»։ (Եսայեայ 9։6, 7) Եհովայի պաշտամունքի տան փառքը յաւիտեան պիտի շողշողայ, իր տիեզերական գերիշխանութեան խաղաղ ծիրէն ներս։ Մեր սրտին փափաքն է մի՛շտ այդ տան մէջ մնալ։—Սաղմոս 27։4. 65։4. 84։10

[Ստորանիշ]

a Դիտարան 1 Մարտ 1996–ի թիւին մէջ, տես՝ «Այս ‘Չար Սերունդ’էն Փրկուինք» եւ՝ «Արթուն Մնալու Ժամանակ մը», յօդուածները։

Կրնա՞ք Բացատրել

◻ Ներկայիս Եհովայի տունը ինչպէ՞ս ‘փառքով կը լեցուի’։

◻ Ինչո՞ւ հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի ստիպողական է բարի լուրը քարոզել։

◻ 1996–ի Ծառայութեան Տարեկան Տեղեկագրութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի որ ստիպողական զգացումէ մղուած քարոզենք։

◻ Քրիստոս ինչպէ՞ս կը ծառայէ որպէս Եհովայի ‘կնիքի մատանին’։

[Շրջանակ՝ էջ 25]

‘Երկրի ծայրերէն’ հնձել

ԵՍԱՅԵԱՅ 43։6–ի մէջ, Եհովա կը պատուիրէ. «‘Մի՛ արգիլեր’. իմ տղաքներս հեռուէն ու աղջիկներս երկրի ծայրէն բե՛ր»։ Այս համարը ներկայիս բացառիկ կատարում մը կ’ունենայ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ։ Օրինակ, նկատի առէք նախկին Համայնավար երկիր մը՝ Մոլտավիան։ Հոն գիւղեր կան, ուր բնակչութեան կէսը հիմա Վկաներ են։ Անոնք երկար հեռաւորութիւններ կը կտրեն, որպէսզի քարոզելու թաղամասեր գտնեն, որու համար բնա՛ւ չեն դժկամիր։ Այդ ժողովքներու հրատարակիչներէն շատեր, 1950–ական թուականներուն Սիպերիա աքսորուած ծնողներուն սերունդն են։ Հիմա անոնց ընտանիքները հունձքի գործին գլուխը անցած են։ 12,565 հրատարակիչներուն 1,917–ն անցեալ տարի մկրտուած են։ 43 ժողովքներ իւրաքանչիւրը շուրջ 150 հրատարակիչներէ բաղկացած է, իսկ ծառայութեան նոր տարուան ընթացքին, չորս շրջանները՝ վերածուած են ութի։

Ալպանիոյ մէջ ալ աճը արտակարգ է։ Հոն գտնուող ափ մը հաւատարիմ Վկաներ, շուրջ 50 տարի դաժանագոյն բռնատիրութեան տոկացին։ Անոնցմէ շատեր սպաննուեցան։ Ասիկա Յիսուս Քրիստոսի խոստումը կը յիշեցնէ, որ ըսաւ. «Բնաւ մի՛ վախնար այն բաներէն որոնք պիտի կրես. ահա Բանսարկուն ձեզմէ մէկ քանիները բանտը պիտի ձգէ, որպէս զի փորձուիք . . .։ Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղէ՛ք ու ձեզի կենաց պսակը պիտի տամ»։ (Յայտնութիւն 2։10. տես նաեւ՝ Յովհաննու 5։28, 29. 11։24, 25։) Ալպանիոյ մէջ հիմա ի՞նչ կը տեսնենք։ Ի՛րապէս, Եսայեայ 60։22–ի մէջ գտնուած Եհովայի խոստումին բացայայտ կատարումը. «Քիչուորը՝ հազարաւոր . . . պիտի ըլլայ»։ 1990–ին, միայն մէկ հրատարակիչ ծառայութիւն տեղեկագրած էր Ալպանիոյ մէջ։ Սակայն, Իտալիայէն եւ ուրիշ երկիրներէ «մշակներ» ընդառաջեցին Յիսուսի հետեւեալ կոչին. «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք»։ (Մատթէոս 28։19. Ղուկաս 10։2) Մինչեւ 1996–ի Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնի ժամանակ, 773 հրատարակիչներ գործօն մասնակցութիւն կը բերէին ծառայութեան մէջ եւ անոնք 6,523 անհատներ հաւաքեցին իրենց Յիշատակատօնի ժողովին. հրատարակիչներու թիւին աւելի քան ութ անգամը։ Մեկուսացած շրջաններու մէջ ներկաներուն թիւը ապշեցուցիչ էր։ Տեղւոյն վրայ ոեւէ հրատարակիչ չըլլալով հանդերձ, Գուգէս եւ Տիվիագի քաղաքներու մէջ յաջորդաբար 192 եւ 230 ներկաներ գտնուեցան։ Մէկ հրատարակիչ ունեցող Գրույէ քաղաքին մէջ՝ 212 անհատներ ներկայ գտնուեցան։ Գորիչայի 30 հրատարակիչները մինչեւ 300 հոգի պարունակող վայր մը վարձեցին։ Լսարանին մէջ այդ թիւը խռնուելէ ետք, անոնք ստիպուեցան շուրջ 200 հոգի ետ ղրկել, քանի որ ա՛լ տեղ չկար։ Արդարե՛ւ, հնձուելու համար հասունցած արտ մը։

Ռումանիայէն հետեւեալ տեղեկագրութիւնը կու գայ. «Մինչ տունէ–տուն կը ծառայէինք, անհատի մը հանդիպեցանք որ ըսաւ թէ ինքն ալ Եհովայի Վկայ մըն էր եւ պզտիկ քաղաքի մը մէջ կ’ապրէր, ուր, ըստ մեր տեղեկութեան, ոեւէ Վկայ չկար։ Ան ըսաւ որ իրմէ զատ 15 ուրիշ անհատներ կային եւ տարիներէ ի վեր ամէն Հինգշաբթի եւ Կիրակի օրերը իրենց ժողովները կ’ունենային եւ սկսած էին տունէ–տուն քարոզել։ Յաջորդ օրը այդ քաղաքը գացինք։ Երկու սենեակի մէջ մեզի կը սպասէին 15 տղամարդիկ, կիներ եւ երախաներ, որոնց 20 գիրք եւ 20 վերջին պարբերաթերթերը տուինք։ Անոնց ցոյց տուինք թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ ի՛նչպէս կրնան վարել։ Միասնաբար երգեցինք եւ իրենց համար առաջնահերթ եղող հարցումներուն պատասխանեցինք։ Խումբին վարիչը խոստովանեցաւ. ‘Քանի մը օր առաջ, արցունքով Եհովայի աղօթեցի որ հովիւ մը ղրկէ եւ աղօթքս պատասխանուեցաւ’։ Չափազանց ուրախացանք եւ երբ կը մեկնէինք, վերջապէս հայր մը գտնող որբի մը նման, ան ըսաւ. ‘Հաճի՜ք, մեզ մի՛ մոռնաք։ Դարձեալ այցելեցէք’։ Վերայցելեցինք զիրենք եւ հիմա այդ քաղաքին մէջ եօթը ուսումնասիրութիւններ կը վարուին։ Տակաւին բնաւ չաշխատցուած բազմաթիւ թաղամասերու մէջ, գործը հոյակապ կերպով կը սկսի Աստուածաշունչի գրականութիւններով՝ որոնք շատ գնահատուած են՝ եւ ասիկա ցոյց կու տայ որ այս գործին հեղինակը Աստուած է»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել