Եհովա առատօրէն խաղաղութիւն եւ ճշմարտութիւն կու տայ
«Զանոնք պիտի բժշկեմ եւ խաղաղութեան ու բարօրութեան [ճշմարտութեան (ՆԱ)] առատութիւնը անոնց պիտի յայտնեմ»։—ԵՐԵՄԵԱՅ 33։6
1, 2. (ա) Խաղաղութեան առնչութեամբ ազգերր ի՞նչ արձանագրութիւն ունին։ (բ) Հ.Դ.Ա. 607–ին, Եհովա խաղաղութեան մասին ի՞նչ դաս սորվեցուց Իսրայէլի։
ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ որքա՜ն ցանկալի բան մըն է, այսուհանդերձ, անիկա մարդկային պատմութեան մէջ որքա՜ն հազուագիւտ եղած է։ Յատկապէս Ի. դարը խաղաղութեան դար մը չէ եղած։ Ընդհակառակը, անիկա մարդկային պատմութեան երկու ամենէն աւերիչ պատերազմները տեսած է։ Առաջին աշխարհամարտէն ետք, համաշխարհային խաղաղութիւնը պահպանելու համար Ազգերու Դաշնակցութիւնը հիմնուեցաւ։ Այդ կազմակերպութիւնը ձախողեցաւ։ Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք, նոյն նպատակը հետապնդող Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը հաստատուեցաւ։ Բաւարար է միայն օրաթերթերը կարդալ, տեսնելու համար թէ ի՛նչպէս անիկա ալ ամբողջովին ձախողելու վրայ է։
2 Պէ՞տք է զարմանանք որ մարդկային կազմակերպութիւններ չեն կրնար խաղաղութիւն բերել։ Բնա՛ւ երբեք։ Աւելի քան 2,500 տարիներ առաջ, Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը՝ Իսրայէլը՝ այս ուղղութեամբ դաս մը սորվեցաւ։ Հ.Դ.Ա. եօթներորդ դարուն, Իսրայէլի խաղաղութիւնը սպառնալիքի տակ էր համաշխարհային ոյժ դարձող Բաբելոնի կողմէ։ Իսրայէլ խաղաղութեան համար Եգիպտոսի դիմեց։ Եգիպտոս զիրենք յուսախաբ ըրաւ։ (Երեմեայ 37։5–8. Եզեկիէլ 17։11–15) Հ.Դ.Ա. 607–ին, Բաբելոնական բանակները Երուսաղէմի պարիսպները փլեցին եւ Եհովայի տաճարը հրկիզեցին։ Այսպիսով Իսրայէլ չարաչար սորվեցաւ մարդկային կազմակերպութիւններու ապաւինելուն ունայն ըլլալը։ Փոխանակ խաղաղութիւն վայելելու, Իսրայէլ ազգը Բաբելոն աքսորուեցաւ։—Բ. Մնացորդաց 36։17–21
3. Երեմիայի միջոցաւ Եհովայի խօսքերուն առ ի կատարում, պատմական ի՞նչ դէպքեր խաղաղութեան մասին կենսական երկրորդ դաս մը սորվեցուցին Իսրայէլի։
3 Երուսաղէմի անկումէն առաջ, սակայն, Եհովա յայտնած էր որ ի՛նք Իսրայէլի իրական խաղաղութիւն պիտի բերէր եւ ո՛չ թէ՝ Եգիպտոսը։ Երեմիայի միջոցաւ Ան խոստացաւ. «Զանոնք պիտի բժշկեմ եւ խաղաղութեան ու բարօրութեան [ճշմարտութեան (ՆԱ)] առատութիւնը անոնց պիտի յայտնեմ։ Յուդան գերութենէ ու Իսրայէլը գերութենէ պիտի դարձնեմ ու զանոնք առաջուան պէս պիտի հաստատեմ»։ (Երեմեայ 33։6, 7) Եհովայի խոստումը Հ.Դ.Ա. 539–ին սկսաւ կատարուիլ, երբ Բաբելոն նուաճուեցաւ եւ աքսորեալ Իսրայելացիներուն ազատութիւն շնորհուեցաւ։ (Բ. Մնացորդաց 36։22, 23) Հ.Դ.Ա. 537–ին վերջերը, 70 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, խումբ մը Իսրայելացիներ Տաղաւարահարաց Տօնը Իսրայէլի հողին վրայ տօնակատարեցին։ Տօնակատարութենէն ետք, անոնք Եհովայի տաճարը վերաշինելու համար գործի լծուեցան։ Ի՞նչ էր անոնց զգացումը։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Բոլոր ժողովուրդը մեծաձայն աղաղակելով Տէրը օրհնեցին Տէրոջը տանը հիմնադրութեան համար»։—Եզրասայ 3։11
4. Եհովա ի՞նչպէս Իսրայելացիները ոգեւորեց որ տաճարի կառուցման աշխատանքին ձեռնարկեն, եւ խաղաղութեան մասին անոնց ի՞նչ խոստացաւ։
4 Ուրախութեամբ այս գործին ձեռնարկելէ ետք սակայն, հակառակորդներուն պատճառաւ Իսրայելացիները վհատեցան եւ տաճարի շինարարութիւնը դադրեցուցին։ Մի քանի տարիներ ետք, Եհովա Անգէ եւ Զաքարիա մարգարէները հանեց Իսրայելացիները ոգեւորելու որ վերաշինութեան աշխատանքը ամբողջացնեն։ Անոնց համար որքա՜ն խայտալի ըլլալու էր կառուցանուելիք տաճարին առնչութեամբ Անգէի խօսքերը լսել. «‘Վերջին տանը փառքը նախկինէն մեծ պիտի ըլլայ’, ‘այս տեղը խաղաղութիւն պիտի տամ’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը»։—Անգեայ 2։9
Եհովա Իր Խոստումները կը Կատարէ
5. Զաքարեայ ութերորդ գլուխին նկատմամբ ի՞նչ բան յատկանշական է։
5 Աստուածաշունչի Զաքարեայ գրքին մէջ, ներշնչուած բազմաթիւ տեսիլքներու եւ մարգարէութիւններու մասին կը կարդանք, որոնք Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն Աստուծոյ ժողովուրդը զօրացուցին։ Այս նոյն մարգարէութիւնները կը շարունակեն մեզ վստահեցնել թէ Եհովա մեզի թիկունք կը կանգնի։ Անոնք ամէն պատճառ կու տան հաւատալու որ Եհովա մեր օրերուն ալ իր ժողովուրդին խաղաղութիւն պիտի տայ։ Օրինակի համար, իր անունը կրող գրքին ութերորդ գլուխին մէջ, Զաքարիա մարգարէն տասը անգամ սա խօսքերը կը յայտարարէ. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ»։ Իւրաքանչիւր անգամ, արտայայտութիւնը Աստուծոյ ժողովուրդին խաղաղութեան հետ առնչուած աստուածային ծանուցում մը կը ներկայացնէ։ Այս խոստումներէն ոմանք Զաքարիայի օրերուն կատարուեցան։ Ներկայիս բոլոր խոստումները կատարուած են կամ կատարուելու ընթացքին մէջ են։
«Սիօնի Համար Խիստ Նախանձախնդիր Եղայ»
6, 7. Ի՞նչ կերպերով Եհովա ‘Իսրայէլի համար մեծ սրտմտութիւնով նախանձեցաւ’։
6 Այս արտայայտութիւնը առաջին անգամ Զաքարեայ 8։2–ին մէջ կը յիշուի, ուր կը կարդանք. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Սիօնի համար խիստ նախանձախնդիր եղայ ու անոր համար մեծ սրտմտութիւնով նախանձեցայ’»։ Իր ժողովուրդին համար նախանձելու՝ մեծ նախանձախնդրութիւն ունենալու՝ Եհովայի խոստումը կը նշանակէր որ անոնց խաղաղութիւնը վերահաստատելու համար, ինք աչալրջութեամբ պիտի հսկէր։ Իսրայէլի հայրենիք վերադարձը եւ տաճարին վերաշինութիւնը այդ նախանձախնդրութեան ապացոյցներն էին։
7 Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անոնց մասին որոնք Եհովայի ժողովուրդին հակառակած էին։ Եհովա իր ժողովուրդին հանդէպ ունեցած նախանձախնդրութեան չափով պիտի հակադարձէր, ‘մեծ սրտմտութիւն’ բերելով այդ թշնամիներուն վրայ։ Երբ հաւատարիմ Հրեաները վերաշինուած տաճարին մէջ պաշտամունք մատուցանէին, անոնք պիտի կարենային հզօր Բաբելոնի ճակատագրին մասին մտածել, որ արդէն ինկած էր։ Անոնք նաեւ կրնային խորհիլ տաճարին վերաշինութեան արգելք հանդիսանալ փորձող թշնամիներուն ամբողջական ձախողութեան մասին։ (Եզրասայ 4։1–6. 6։3) Իսկ անոնք կրնային Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնել որ իր խոստումը կատարած էր։ Անոր նախանձախնդրութիւնը իրենց յաղթանակ նշանակեց։
«ճշմարտութեան Քաղաք»ը
8. Զաքարիայի օրերուն, Երուսաղէմ նախկին ժամանակներուն հետ հակադրուելով ի՞նչպէս ճշմարտութեան քաղաք մը պիտի ըլլար։
8 Երկրորդ անգամ ըլլալով Զաքարիա կը գրէ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ»։ Այս առիթով Եհովայի խօսքերը ի՞նչ են։ «Սիօնին պիտի դառնամ ու Երուսաղէմի մէջ պիտի բնակիմ ու Երուսաղէմ՝ ճշմարտութեան քաղաք եւ զօրքերու Տէրոջը լեռը Սուրբ պիտի կոչուի»։ (Զաքարեայ 8։3) Հ.Դ.Ա. 607–էն առաջ, Երուսաղէմ ո՛չ մէկ կերպով ճշմարտութեան քաղաք մըն էր։ Անոր քահանաներն ու մարգարէները եղծանուած էին, իսկ անոր ժողովուրդը անհաւատարիմ էր։ (Երեմեայ 6։13. 7։29–34. 13։23–27) Հիմա Աստուծոյ ժողովուրդը տաճարը կը վերաշինէր, մաքուր պաշտամունքին հանդէպ իր հաւատարմութիւնը ցոյց տալով։ Եհովա դարձեալ Երուսաղէմի մէջ կը բնակէր՝ հոգիով։ Մաքուր պաշտամունքին մասին ճշմարտութիւնը դարձեալ կը խօսուէր այդ քաղաքին մէջ, հետեւաբար, կարելի էր Երուսաղէմը կոչել «ճշմարտութեան քաղաք»։ Անոր ունեցած վեհ դիրքին պատճառաւ ալ կարելի էր զայն կոչել՝ «Տէրոջը լեռը»։
9. 1919–ին, «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը վիճակի ի՞նչ աչքառու փոփոխութիւն ունեցաւ։
9 Թէեւ այս երկու ծանուցումները վաղեմի Իսրայէլին համար նշանակալից էին, բայց անոնք մեզի համար ալ խոր նշանակութիւն ունին, մինչ Ի. դարը իր վախճանին կը մօտենայ։ Գրեթէ 80 տարիներ առաջ, առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, այն ատեն «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը ներկայացնող քանի մը հազար օծեալները հոգեւոր գերութեան գացին, ճիշդ ինչպէս վաղեմի Իսրայէլը Բաբելոն աքսորուեցաւ։ (Գաղատացիս 6։16) Մարգարէական լեզուով, օծեալները նկարագրուած էին որպէս հրապարակին մէջ ինկած դիակներ։ Այսուհանդերձ, անոնք Եհովան «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» պաշտելու անկեղծ փափաք մը ունէին։ (Յովհաննու 4։24) Հետեւաբար, 1919–ին, Եհովա զանոնք գերութենէ արձակեց, հոգեւորապէս մեռած վիճակէն զիրենք յարուցանելով։ (Յայտնութիւն 11։7–13) Այսպիսով Եհովա Եսայիի մարգարէական հետեւեալ հարցումին պատասխանեց, այո՛ մը թնթացնելով. «Միթէ երկիր մէկ օրուան մէ՞ջ կը ծնի, կամ ազգ մը մէկ անգամէ՞ն ծնաւ»։ (Եսայեայ 66։8) 1919–ին, Եհովայի ժողովուրդը անգամ մը եւս որպէս հոգեւոր ազգ մը իր ‘երկրին’ մէջ, կամ երկրի վրայ իր հոգեւոր վիճակին մէջ, հաստատուեցաւ։
10. 1919–էն սկսեալ, օծեալ Քրիստոնեաները իրենց ‘երկր’ին մէջ ի՞նչ օրհնութիւններ վայելեած են։
10 Այդ երկրին մէջ ապահով ըլլալով, օծեալ Քրիստոնեաները Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարին մէջ կը ծառայէին։ Անոնք նշանակուած էին որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ», Յիսուսի երկրային ստացուածքներուն հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը ընդունելով, առանձնաշնորհում մը՝ զոր տակաւին կը վայելեն, մինչ Ի. դարը իր վախճանին կը մօտենայ։ (Մատթէոս 24։45–47) Անոնք շատ լաւ սորվեցան այն դասը թէ Եհովա «խաղաղութեան Աստուած» է։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։23
11. Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական առաջնորդները ի՞նչպէս ցոյց տուած են որ իրենք Աստուծոյ ժողովուրդին թշնամիներն են։
11 Բայց ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Աստուծոյ Իսրայէլի թշնամիներուն մասին։ Իր ժողովուրդին հանդէպ Եհովայի ունեցած նախանձախնդրութիւնը կը հակադրուի հակառակորդներուն դէմ իր ունեցած սրտմտութեան հետ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական առաջնորդները հսկայ ճնշում բանեցուցին, մինչ կը փորձէին ճշմարտախօս Քրիստոնեաներու այս խմբակին վերջ դնել. բայց ձախողեցան։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները միայն մէկ բանի մէջ միացած էին. Կռիւի երկու կողմերն ալ յորդորեցին կառավարութիւնները որ Եհովայի Վկաներուն արգելք հանդիսանան։ Նոյնիսկ ներկայիս, շատ մը երկիրներու մէջ կրօնական առաջնորդներ կառավարութիւնները կը դրդեն որ Եհովայի Վկաներուն Քրիստոնէական քարոզչութիւնը սահմանափակեն կամ բանադրանքի տակ դնեն։
12, 13. Եհովայի սրտմտութիւնը ի՞նչպէս Քրիստոնեայ Աշխարհին դէմ արտայայտուած է։
12 Ասիկա Եհովայի աչքէն չէ վրիպած։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, Քրիստոնեայ Աշխարհը՝ Մեծն Բաբելոնի մնացեալ մասերուն հետ՝ անկում մը կրեց։ (Յայտնութիւն 14։8) Քրիստոնեայ Աշխարհի անկման իրողութիւնը հանրութեան ուշադրութեան յանձնուեցաւ, երբ 1922–էն սկսեալ, այլաբանական հարուածներու շարք մը տեղաց, անոր հոգեւորապէս մեռած վիճակը հրապարակաւ քօղազերծելով եւ անոր մօտալուտ կործանման մասին ազդարարելով։ (Յայտնութիւն 8։7–9։21) Ապացուցանելու համար որ այս հարուածները տակաւին կը տեղան, 23 Ապրիլ 1995–ին, համայն աշխարհի մէջ դասախօսութիւն մը տրուեցաւ՝ «Սուտ Կրօնքին Վախճանը Մօտ Է» բնաբանով, որու յաջորդեց Թագաւորութեան Լուրերու մասնաւոր թիւի մը հարիւր միլիոնաւոր օրինակներու բաշխումը։
13 Ներկայիս Քրիստոնեայ Աշխարհը խղճալի վիճակի մէջ է։ Ի. դարու տեւողութեան, անոր անդամները զիրար սպաննած են, իրենց վարդապետներուն եւ քարոզիչներուն կողմէ օրհնուած վայրագ պատերազմներու ընթացքին։ Կարգ մը երկիրներու մէջ անիկա իր ազդեցութիւնը գրեթէ կորսնցուցած է։ Մեծն Բաբելոնի մնացեալ մասերուն հետ, ինքն ալ կործանումի դատապարտուած է։—Յայտնութիւն 18։21
Խաղաղութիւն՝ Եհովայի Ժողովուրդին Համար
14. Խաղաղութեան մէջ եղող ժողովուրդի մը մասին ի՞նչ մարգարէական նկարագրութիւն տրուած է։
14 Միւս կողմէն, այս տարի՝ 1996–ին՝ Եհովայի ժողովուրդը առատ խաղաղութիւն կը վայելէ իր վերահաստատուած երկրին մէջ, ինչպէս Եհովայի երրորդ ծանուցման մէջ նկարագրուած է. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Երուսաղէմի հրապարակներուն մէջ տակաւին ծեր մարդիկ ու պառաւ կիներ պիտի նստին, որոնց ամէն մէկուն ձեռքը գաւազան մը պիտի ըլլայ, քանի որ ծերացած են։ Քաղաքին հրապարակները տղաքներով ու աղջիկներով պիտի լեցուին, որոնք անոր հրապարակներուն մէջ պիտի խաղան’»։—Զաքարեայ 8։4, 5
15. Հակառակ ազգերու պատերազմներուն, Եհովայի ծառաները ի՞նչ խաղաղութիւն վայելած են։
15 Այս բերկրալի նկարագրութիւնը պատերազմով պառակտուած այս աշխարհին մէջ արտակարգ բան մը՝ խաղաղութեան մէջ եղող ժողովուրդ մը՝ կը ներկայացնէ։ 1919–էն ի վեր, Եսայիի մարգարէական խօսքերը կատարուած են. «‘Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն ըլլայ հեռուն եղողին եւ մօտը եղողին’, կ’ըսէ Տէրը, ‘ես զանիկա պիտի բժշկեմ։ Բայց . . . ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան’, կ’ըսէ իմ Տէր Աստուածս»։ (Եսայեայ 57։19–21) Անշուշտ, Եհովայի ժողովուրդը թէեւ աշխարհի մէկ մասը չէ, սակայն ինքնաբերաբար ինք ալ կ’ազդուի ազգերուն խառնաշփոթ վիճակէն։ (Յովհաննու 17։15, 16) Կարգ մը երկիրներու մէջ, անոնք խիստ նեղութիւններ կը կրեն եւ ոմանք նոյնիսկ սպաննուած են։ Այսուհանդերձ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները երկու գլխաւոր կերպերով խաղաղութիւն ունին։ Առաջին, անոնք «խաղաղութիւն [ունին] Աստուծոյ հետ, [իրենց] Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ (Հռովմայեցիս 5։1) Երկրորդ, անոնք իրարու հետ խաղաղութիւն ունին։ Անոնք «վերին իմաստութիւնը» կը մշակեն, որ «նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար»։ (Յակոբու 3։17. Գաղատացիս 5։22–24) Ասկէ զատ, անոնք կ’ակնկալեն ամբողջական իմաստով խաղաղութիւն վայելել, երբ «հեզերը . . . ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը . . . ուրախանան»։—Սաղմոս 37։11
16, 17. (ա) «Ծեր մարդիկ ու պառաւ կիներ» ինչպէս նաեւ ‘տղաքներ ու աղջիկներ’ Եհովայի կազմակերպութիւնը ի՞նչպէս զօրացուցած են։ (բ) Ի՞նչ բան Եհովայի ժողովուրդին խաղաղութիւնը ցոյց կու տայ։
16 Եհովայի ժողովուրդին մէջ տակաւին «ծեր մարդիկ ու պառաւ կիներ» կան, օծեալներ՝ որոնք Եհովայի կազմակերպութեան սկզբնական յաղթանակները կը յիշեն։ Անոնց հաւատարմութիւնն ու համբերութիւնը մեծապէս կը գնահատուին։ Աւելի երիտասարդ օծեալները առաջնորդութիւնը ստանձնեցին Բ. Աշխարհամարտին առաջնորդող 1930–ական թուականներու բուռն օրերուն, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող աճման խայտալի տարիներու ընթացքին։ Անկէ ետք, յատկապէս 1935–էն ի վեր, «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւն»ը երեւան եկած է։ (Յայտնութիւն 7։9. Յովհաննու 10։16) Մինչ օծեալ Քրիստոնեաները տարիքով յառաջացած են ու թիւով նուազած են, ուրիշ ոչխարները ստանձնած են քարոզչութիւնը եւ զայն երկրագունդին չորս կողմը տարածած են։ Վերջին տարիներուն, ուրիշ ոչխարները Աստուծոյ ժողովուրդին երկիրը ողողած են։ Միայն անցեալ տարի, 338,491 անհատներ մկրտուեցան, Եհովայի կատարած իրենց նուիրումը խորհրդանշելու համար։ Այսպիսի նորեկներ, արդարեւ երախաներ են, հոգեւոր տեսանկիւնէ դիտուած։ Անոնց թարմութիւնն ու խանդավառութիւնը կ’արժեւորուին, մինչ կ’աւելցնեն անոնց շարքերը որոնք երախտապարտ փառաբանութիւններ կ’երգեն «մեր Աստուծոյ . . . որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին»։—Յայտնութիւն 7։10
17 Ներկայիս ‘հրապարակները լեցուած են տղաքներով ու աղջիկներվ’՝ երիտասարդական կորով ունեցող Վկաներով։ 1995–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, Ընկերութիւնը 232 երկիրներէ ու կղզիներէ տեղեկագրութիւններ ստացաւ։ Բայց օծեալներուն եւ ուրիշ ոչխարներուն միջեւ ազգամիջեան մրցակցութիւն, միջցեղային ատելութիւն, անպատշաճ նախանձ գոյութիւն չունի։ Բոլորն ալ հոգեւոր գետնի վրայ միասնաբար կ’աճին, սիրոյ մէջ միացած։ Եհովայի Վկաներու համաշխարհային եղբայրակցութիւնը աշխարհի թատերաբեմին վրայ իրապէս անզուգական է։—Կողոսացիս 3։14. Ա. Պետրոս 2։17
Եհովայի Համար Շատ Դժուա՞ր Է
18, 19. 1919–էն ի վեր, Եհովա ի՞նչպէս իրագործած է այն ինչ որ կրնար շատ դժուար թուիլ մարդկային տեսանկիւնէ դիտուած։
18 1918–ին, երբ օծեալ մնացորդը հոգեւոր գերութեան մէջ եղող միայն մի քանի հազար վհատած հոգիներէ կը բաղկանար, ո՛չ մէկը կրնար դէպքերուն բռնելիք ընթացքը նախատեսել։ Այսուհանդերձ, Եհովա գիտէր, ինչպէս իր մարգարէական չորրորդ ծանուցումը կը հաստատէ. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ այն օրերը այս ժողովուրդին մնացորդին աչքերուն ասիկա դժուար երեւնայ, միթէ իմ աչքերո՞ւս ալ դժուար պիտի երեւնայ’»։—Զաքարեայ 8։6
19 1919–ին, Եհովայի հոգին գալիք գործին համար իր ժողովուրդը ոգեւորեց։ Սակայն եւ այնպէս, Եհովայի երկրպագուներէ բաղկացած փոքր կազմակերպութեան կառչիլը հաւատք կը պահանջէր։ Անոնք շատ քիչ էին, իսկ շատ բաներ յստակ չէին։ Սակայն, Եհովա կազմակերպչական գետնի վրայ զիրենք հետզհետէ զօրացուց եւ բարի լուրը քարոզելու եւ աշակերտելու Քրիստոնէական գործը կատարելու համար՝ զինեց։ (Եսայեայ 60։17, 19. Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Ան աստիճանաբար օգնեց անոնց որ կենսական հարցեր ըմբռնեն, ինչպէս՝ չէզոքութիւնը եւ տիեզերական գերիշխանութիւնը։ Եհովայի համար շատ դժուա՞ր էր Վկաներու այդ խմբակին միջոցաւ իր կամքը իրագործել։ Պատասխանը վստահաբար ո՛չ է։ Այս պարբերաթերթին 18–21 էջերը կը հաստատեն ասիկա, ուր կը գտնենք Վկաներուն 1995–ի ծառայութեան տարուան գործունէութեան ցուցակը։
«Անոնց Աստուած Պիտի Ըլլամ»
20. Ըստ մարգարէութեան, Աստուծոյ ժողովուրդին հաւաքումը ո՞րքան ծաւալուն պիտի ըլլար։
20 Հինգերորդ ծանուցումը ներկայիս Եհովայի Վկաներու ուրախ վիճակը աւելի լաւ կերպով ցոյց կու տայ. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա իմ ժողովուրդս արեւելեան երկրէն ու արեւմտեան երկրէն պիտի փրկեմ եւ զանոնք պիտի բերեմ, որ Երուսաղէմի մէջ բնակին։ Անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան, ես ալ ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ’»։—Զաքարեայ 8։7, 8
21. Եհովայի ժողովուրդին առատ խաղաղութիւնը ի՞նչ կերպով պահպանուած եւ ընդարձակուած է։
21 1996–ին, առանց վարանելու կրնանք ըսել թէ բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ քարոզուած է, «արեւելեան երկրէն» մինչեւ «արեւմտեան երկիր»ը։ Բոլոր ազգերէն մարդիկ աշակերտուած են եւ Եհովայի խոստումին կատարումը տեսած են. «Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ»։ (Եսայեայ 54։13) Մենք խաղաղութիւն ունինք, քանի որ Եհովայի կողմէ կը դաստիարակուինք։ Այս նպատակով, աւելի քան 300 լեզուներով գրականութիւններ կը հրատարակուին։ Միայն անցեալ տարի, 21 լեզուներ աւելցուեցան։ Հիմա Դիտարան պարբերաթերթը 111 լեզուներով միաժամանակ կը հրատարակուի, իսկ Զարթի՛րը՝ 54 լեզուներով։ Ազգային եւ միջազգային համաժողովները Աստուծոյ ժողովուրդին խաղաղութիւնը հանրապէս կ’ապացուցանեն։ Շաբաթական ժողովները մեզ կը միացնեն եւ պէտք եղած քաջալերութիւնը կը մատուցանեն, որպէսզի անխախտ մնանք։ (Եբրայեցիս 10։23–25) Այո, Եհովա իր ժողովուրդը «ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ» կը դաստիարակէ։ Ան իր ժողովուրդին խաղաղութիւն կու տայ։ Մեզի համար ի՜նչ օրհնութիւն է այդ առատ խաղաղութեան մասնակից ըլլալ։
Կրնա՞ք բացատրել
◻ Արդի ժամանակներուն, Եհովա ի՞նչպէս իր ժողովուրդին համար ‘մեծ սրտմտութիւնով նախանձած է’։
◻ Նոյնիսկ պատերազմներով պառակտուած երկիրներու մէջ, Եհովայի ժողովուրդը ի՞նչպէս խաղաղութիւն կը վայելէ։
◻ Ի՞նչ կերպով ‘հրապարակները տղաքներով ու աղջիկներով լեցուած են’։
◻ Որպէսզի Եհովայի ժողովուրդը իրմէ սորվի, ի՞նչ կարգադրութիւններ եղած են։
[Նկար՝ էջ 24, 25]
Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն, տաճարը վերաշինող հաւատարիմ Հրեաները սորվեցան որ Եհովան էր խաղաղութեան միակ վստահելի աղբիւրը