«Ճշմարտութիւնն ու խաղաղութիւնը սիրեցէք»
«Դարձեալ զօրքերու Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով. ‘. . . Ճշմարտութիւնն ու խաղաղութիւնը սիրեցէք’»։—ԶԱՔԱՐԵԱՅ 8։18, 19
1, 2. (ա) Խաղաղութեան առնչութեամբ մարդկութիւնը ի՞նչ արձանագրութիւն ունի։ (բ) Այս ներկայ աշխարհը ինչո՞ւ երբեք իրական խաղաղութիւն պիտի չտեսնէ։
«ԱՇԽԱՐՀ երբեք խաղաղութիւն չէ ունեցած։ Յաճախ տեղ մը, կամ շատ տեղեր միաժամանակ, պատերազմ եղած է»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Մասաչուսէթի (Ա.Մ.Ն.) Համալսարանէն Ուսուցչապետ Միլդըն Մայըր։ Մարդկութեան մասին ի՜նչ տխուր մեկնաբանութիւն մը։ Շիտակ է որ մարդիկ խաղաղութիւն փափաքած են։ Քաղաքագէտներ զայն պահպանելու համար ամէն կերպերու դիմած են, Հռովմէական ժամանակներու Փաքս Րոմանայէն մինչեւ Պաղ Պատերազմի ընթացքին «Փոխադարձ Վստահ Կործանում»ի քաղաքականութիւնը։ Ի վերջոյ, սակայն, անոնց բոլոր ջանքերը ձախողած են։ Ինչպէս Եսայի շատ դարեր առաջ արտայայտուեցաւ՝ «խաղաղութեան դեսպանները դառնապէս կու լան»։ (Եսայեայ 33։7) Ինչո՞ւ։
2 Քանի որ մնայուն խաղաղութիւնը ատելութեան եւ ագահութեան չգոյութենէն պէտք է ծագում առնէ. ան պէտք է ճշմարտութեան վրայ հաստատուած ըլլայ։ Խաղաղութիւնը չի կրնար սուտերու վրայ հիմնուիլ։ Ատոր համար է որ Եհովա, երբ վաղեմի Իսրայէլի համար վերահաստատում եւ խաղաղութիւն կը խոստանար, ըսաւ. «Ահա ես անոր վրայ խաղաղութիւնը գետի պէս ու ազգերուն փառքը յորդահոս հեղեղի պէս պիտի տարածեմ»։ (Եսայեայ 66։12) Իրերու այս դրութեան աստուածը՝ Բանսարկու Սատանան՝ «մարդասպան» ու «ստախօս է եւ անոր հայրը»։ (Յովհաննու 8։44. Բ. Կորնթացիս 4։4) Այսպիսի աստուած մը ունեցող աշխարհ մը ի՞նչպէս կրնայ երբեւիցէ խաղաղութիւն ունենալ։
3. Եհովա իր ժողովուրդին նկատելի ի՞նչ պարգեւ մը տուած է, հակառակ որ ան տառապալից աշխարհի մը մէջ կ’ապրի։
3 Սակայն, նշանակալից է որ Եհովա իր ժողովուրդին խաղաղութիւն կու տայ նոյնիսկ երբ անոնք կ’ապրին պատերազմով պառակտուած Սատանայի աշխարհին մէջ։ (Յովհաննու 17։16) Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն, ան Երեմիայի միջոցաւ իր ըրած խոստումը կատարեց եւ իր մասնայատուկ ժողովուրդին ‘խաղաղութիւն ու ճշմարտութիւն’ տուաւ, երբ զիրենք վերահաստատեց իրենց հայրենի հողին վրայ։ (Երեմեայ 33։6) Իսկ այս վերջին օրերուն, ան իր ժողովուրդին ‘խաղաղութիւն ու ճշմարտութիւն’ տուած է իրենց ‘երկր’ին՝ կամ երկրային հոգեւոր վիճակին՝ մէջ, հակառակ անոր որ անոնք այս աշխարհի ցարդ տեսած ամենէն տագնապալից ժամանակին մէջ ապրած են։ (Եսայեայ 66։8. Մատթէոս 24։7–13. Յայտնութիւն 6։1–8) Մինչ կը շարունակենք Զաքարեայ 8–րդ գլուխը նկատի առնել, աստուածատուր այս խաղաղութեան ու ճշմարտութեան մասին աւելի խոր գնահատութիւն ձեռք պիտի ձգենք եւ պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի մենք ալ մասնակից ըլլանք անոր։
«Ձեր Ձեռքերը Թող Ուժովնան»
4. Զաքարիա ի՞նչպէս քաջալերեց Իսրայէլը որ գործի լծուի, որպէսզի խաղաղութիւն վայելէ։
4 Զաքարեայ 8–րդ գլուխին մէջ վեցերորդ անգամ ըլլալով, Եհովայի կողմէ խայտալի ծանուցում մը կը լսենք. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր ձեռքերը թող ուժովնան, ո՛վ դուք, որ այս օրերս կը լսէք այս խօսքերը այն մարգարէներուն բերնէն, որոնք զօրքերու Տէրոջը տանը հիմնարկութեան ու տաճարին նորոգութեան օրը խօսեցան։ Քանզի այն օրերէն առաջ մարդու համար վարձք չկար ու անասունի համար վարձք չկար եւ նեղութեան պատճառով՝ ելլողին ու մտնողին խաղաղութիւն չկար, քանզի ես ամէն մարդ իր ընկերին դէմ ոտքի հաներ էի’»։—Զաքարեայ 8։9, 10
5, 6. (ա) Իսրայելացիներուն վհատութեան պատճառաւ, Իսրայէլի մէջ ի՞նչ վիճակ կը տիրէր։ (բ) Եհովա Իսրայէլի ի՞նչ փոփոխութիւն խոստացաւ, եթէ ան Իր պաշտամունքը առաջին տեղը դնէր։
5 Զաքարիա այս խօսքերը ըսաւ մինչ Երուսաղէմի մէջ տաճարը վերաշինութեան ընթացքի մէջ էր։ Սակայն նախապէս, Բաբելոնէ վերադարձած Իսրայելացիները վհատած եւ տաճարի կառուցման աշխատանքը դադրեցուցած էին։ Քանի որ իրենց ուշադրութիւնը իրենց անձնական հանգստութեան դարձուցին, անոնք ո՛չ օրհնութիւն եւ ոչ խաղաղութիւն ստացան Եհովայէ։ Թէեւ իրենց արտերը մշակեցին եւ այգիներուն հոգ տարին, բայց անոնք չբարգաւաճեցան։ (Անգեայ 1։3–6) Կարծես թէ անոնք առանց «վարձք»ի կ’աշխատէին։
6 Հիմա որ տաճարը վերաշինութեան մէջ էր, Զաքարիա Հրեաները քաջալերեց որ «ուժովնան», խիզախօրէն Եհովայի պաշտամունքը առաջին տեղը դնելով։ Եթէ անոնք այդպէս ընէին, ի՞նչ պիտի պատահէր։ «‘Հիմա այս ժողովուրդին մնացորդին՝ առաջուան օրերուն պէս պիտի չըլլամ’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ ‘Քանզի խաղաղութիւն պիտի սերմանուի, որթատունկը իր պտուղը պիտի տայ ու երկիրը իր բերքը պիտի տայ ու երկինք իր ցօղը պիտի տայ եւ այս ամէն բաները այս ժողովուրդին մնացորդին ժառանգել պիտի տամ։ Ու ինչպէս դուք ազգերու մէջ անէծք եղաք, ո՛վ Յուդայի տուն ու Իսրայէլի տուն, այնպէս ձեզ պիտի ազատեմ ու օրհնութիւն պիտի ըլլաք։ Մի՛ վախնաք, ձեր ձեռքերը թող ուժովնան’»։ (Զաքարեայ 8։11–13) Եթէ հաստատամտութեամբ գործէր, Իսրայէլ պիտի բարգաւաճէր։ Նախապէս, երբ ազգերը ուզէին անէծքի օրինակ մը տալ, անոնք կրնային Իսրայէլի մատնանշել։ Բայց այլեւս Իսրայէլ օրհնութեան օրինակ մը պիտի ըլլար։ ‘Իրենց ձեռքերը ուժովցնելու’ ի՜նք սքանչելի պատճառ մը։։
7. (ա) Եհովայի ժողովուրդը ի՞նչ խայտալի փոփոխութիւններ ունեցած է, 1995–ի ծառայութեան տարուան մէջ իր գագաթնակէտին հասնելով։ (բ) Տարեկան տեղեկագրութեան վրայ ակնարկ մը նետելով, ո՞ր երկիրներու մէջ հրատարակիչներու, ռահվիրաներու, ժամերու միջինի ուշագրաւ արձանագրութիւն մը կը տեսնէք։
7 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր ժամանակին մասին։ 1919–ին նախորդող տարիներուն, Եհովայի ժողովուրդը կերպով մը նախանձախնդրութեան պակասը ունէր։ Անոնք առաջին համաշխարհային պատերազմին լման կերպով չէզոք կեցուածք մը չորդեգրեցին եւ հակումը ունէին աւելի մարդու հետեւելու քան թէ իրենց Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի։ Որպէս հետեւանք, ոմանք՝ կազմակերպութեան ներսէն եւ դուրսէն եկած հակառակութեան պատճառաւ՝ վհատեցան։ Ապա, 1919–ին, Եհովայի օգնութեամբ անոնք իրենց ձեռքերը ուժովցուցին։ (Զաքարեայ 4։6) Եհովա անոնց խաղաղութիւն տուաւ եւ անոնք մեծապէս բարգաւաճեցան։ Անցեալ 75 տարիներու արձանագրութիւնը ասիկա կ’ապացուցանէ, իր գագաթնակէտին հասնելով 1995–ի ծառայութեան տարուան մէջ։ Որպէս ժողովուրդ, Եհովայի Վկաները ազգայնականութենէ, ցեղապաշտութենէ, նախապաշարումէ եւ ատելութեան մնացեալ բոլոր ազդակներէն կը խուսափին։ (Ա. Յովհաննու 3։14–18) Անոնք հարազատ նախանձախնդրութեամբ Եհովայի կը ծառայեն իր հոգեւոր տաճարին մէջ։ (Եբրայեցիս 13։15. Յայտնութիւն 7։15) Միայն անցեալ տարի, անոնք իրենց երկնաւոր Հօր մասին ուրիշներու խօսելու համար աւելի քան մէկ միլիառ ժամ տրամադրեցին։ Անոնք ամէն ամիս միջին հաշուով 4,865,060 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարեցին։ Ամէն ամիս միջին հաշուով 663,521 անհատներ ռահվիրայական ծառայութեան մասնակցեցան ամէն ամիս։ Երբ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերներ ուզեն պաշտամունքի նկատմամբ իրապէս խանդավառ եղող ժողովուրդի մը մասին օրինակ մը տալ, անոնք երբեմն Եհովայի Վկաներուն կը մատնանշեն։
8. Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ի՞նչպէս կրնայ ‘խաղաղութեան սերմ’էն օգտուիլ։
8 Իր ժողովուրդին նախանձախնդրութեան պատճառաւ, Եհովա ‘խաղաղութեան սերմ’ը իրենց կու տայ։ Այդ սերմը մշակող իւրաքանչիւր անհատ իր սրտին եւ կեանքին մէջ խաղաղութեան աճումը պիտի զգայ։ Եհովայի եւ Քրիստոնեայ ընկերակիցներուն հետ խաղաղութիւն հետապնդող ամէն հաւատացեալ Քրիստոնեայ, Եհովայի անունը կրող ժողովուրդին ճշմարտութեան ու խաղաղութեան կը մասնակցի։ (Ա. Պետրոս 3։11. բաղդատել Յակոբու 3։18։) Ասիկա սքանչելի չէ՞։
«Մի՛ Վախնաք»
9. Եհովա իր ժողովուրդին հետ իր վերաբերմունքին մասին ի՞նչ փոփոխութիւն խոստացաւ։
9 Հիմա Եհովայի կատարած եօթներորդ ծանուցումը կարդանք։ Անիկա ի՞նչ է։ «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ինչպէս ձեզի չարիք ընելու դիտաւորութիւն ունեցայ, երբ ձեր հայրերը զիս սրդողցուցին ու չզղջացի, այնպէս դարձայ ու այս օրերը Երուսաղէմի ու Յուդայի տանը բարիք ընելու դիտաւորութիւն ունեցայ։ Մի՛ վախնաք’»։—Զաքարեայ 8։14, 15
10. Եհովայի Վկաներու ո՞ր արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ անոնք չեն վախցած։
10 Թէեւ Եհովայի ծառաները առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին հոգեւոր առումով ցիրուցան եղած էին, բայց իրենց սրտին մէջ կ’ուզէին շիտակը ընել։ Հետեւաբար, որոշ կրթութիւն մատակարարելէ ետք, Եհովա անոնց հանդէպ իր վարուելակերպը փոխեց։ (Մաղաքեայ 3։2–4) Այսօր, երբ յետադարձ ակնարկ մը նետենք, իր ըրածին համար սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնենք։ Շիտակ է որ մենք ‘բոլոր ազգերուն ատելի եղած ենք’։ (Մատթէոս 24։9) Մեզմէ շատեր բանտարկուած են եւ ոմանք իրենց հաւատքին համար նոյնիսկ մահացած են։ Յաճախ անտարբերութեան կամ հակառակութեան կը հանդիպինք։ Բայց մենք չե՛նք վախնար։ Գիտենք որ Եհովա տեսանելի թէ անտեսանելի որեւէ հակառակութենէ աւելի զօրաւոր է։ (Եսայեայ 40։15. Եփեսացիս 6։10–13) Մենք պիտի շարունակենք հետեւեալ խօսքերուն հնազանդիլ. «Տէրոջը սպասէ՛։ Զօրացի՛ր ու սիրտդ թող զօրանայ»։—Սաղմոս 27։14
«Ճշմարտութիւնը Խօսեցէ՛ք Ամէն Մէկդ Իր Ընկերին Հետ»
11, 12. Անհատապէս ի՞նչ բաներ ի մտի պէտք է ունենանք, եթէ կ’ուզենք լիովին մասնակից ըլլալ այն օրհնութիւններուն, զորս Եհովա իր ժողովուրդին կու տայ։
11 Եհովայի օրհնութիւններուն լիովին մասնակից ըլլալու համար, բաներ կան զորս պէտք է յիշենք։ Զաքարիա կ’ըսէ. «‘Ձեր ընելիքները ասոնք են՝ ճշմարտութիւնը խօսեցէ՛ք ամէն մէկդ իր ընկերին հետ, ձեր դռներուն մէջ արդարութեամբ եւ խաղաղութեամբ դատաստան տեսէք ու ձեզմէ մէկը իր սրտին մէջ իր ընկերին համար չարութիւն թող չմտածէ եւ սուտ երդումը մի՛ սիրէք. վասնզի ես այս բոլոր բաները կ’ատեմ’, կ’ըսէ Տէրը»։—Զաքարեայ 8։16, 17
12 Եհովա մեզ կը յորդորէ որ ճշմարտութիւնը խօսինք։ (Եփեսացիս 4։15, 25) Ան չի լսեր անոնց աղօթքները, որոնք վնասակար բաներ կը ծրագրեն, անձնական շահերու համար ճշմարտութիւնը կը ծածկեն կամ սուտ երդում կ’ընեն։ (Առակաց 28։9) Քանի որ ան հաւատուրացութիւնը կ’ատէ, կ’ուզէ որ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան կառչինք։ (Սաղմոս 25։5. Բ. Յովհաննու 9–11) Ասկէ զատ, Իսրայէլի քաղաքի դռներուն մէջ եղող ծերերուն նման, դատական հարցեր ձեռք առնող երէցները պէտք է իրենց խրատներն ու որոշումները Աստուածաշունչի ճշմարտութեան վրայ հիմնեն, ո՛չ թէ՝ անձնական կարծիքի վրայ։ (Յովհաննու 17։17) Եհովա կ’ուզէ որ անոնք ‘խաղաղութեան դատաստան’ փնտռեն, որպէս Քրիստոնեայ հովիւներ, փորձելով վիճող կողմերու միջեւ խաղաղութիւնը վերահաստատել, զղջացող մեղաւորներուն օգնելով, որ Աստուծոյ հետ վերստին խաղաղութիւն ունենան։ (Յակոբու 5։14, 15. Յուդա 23) Միեւնոյն ժամանակ, երէցները ժողովքին խաղաղութիւնը կը պահպանեն, խիզախօրէն վտարելով անոնք որոնք այդ խաղաղութիւնը կը խանգարեն, յանցագործութեան մէջ յամառօրէն յարատեւելով։—Ա. Կորնթացիս 6։9, 10
«Ցնծութիւն եւ Ուրախութիւն»
13. (ա) Ծոմ պահելուն նկատմամբ Զաքարիա ի՞նչ փոփոխութիւն մարգարէացաւ։ (բ) Իսրայէլի մէջ ի՞նչ ծոմեր կը պահուէին։
13 Արդ, ութերորդ հանդիսաւոր ծանուցումը լսենք. «[Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.] ‘Չորրորդ ամսուան ծոմն ու հինգերորդին՝ ծոմը ու եօթներորդին՝ ծոմը եւ տասներորդին ծոմը Յուդայի տանը ցնծութիւն եւ ուրախութիւն ու խնդալից տօներ պիտի ըլլան. ուստի ճշմարտութիւնն ու խաղաղութիւնը սիրեցէք’»։ (Զաքարեայ 8։19) Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ, Իսրայելացիները Քաւութեան Օրը ծոմ կը պահէին, որպէսզի իրենց մեղքերուն համար ցաւ յայտնէին։ (Ղեւտացւոց 16։29–31) Զաքարիայի յիշած չորս ծոմերը երեւութապէս կը պահուէին Երուսաղէմի նուաճման եւ կործանման հետ առնչուած դէպքերուն վրայ ողբալու համար։ (Դ. Թագաւորաց 25։1–4, 8, 9, 22–26) Հիմա, սակայն, տաճարը կը վերաշինուէր եւ Երուսաղէմը կը վերաբնակուէր։ Ողբը՝ ուրախութեան կը փոխուէր իսկ ծոմերը՝ խրախճանքի պահերու։
14, 15. (ա) Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը ի՞նչպէս մեծ պատճառ մըն էր ցնծութեան եւ ասիկա մեզի ի՞նչ պէտք է յիշեցնէ։ (բ) Ինչպէս տարեկան տեղեկագրութեան մէջ կը տեսնուի, ո՞ր երկիրներուն մէջ Յիշատակատօնին ներկայ եղողներուն թիւը ուշագրաւ եղած է։
14 Ներկայիս մենք Զաքարիայի յիշած ծոմերը կամ Օրէնքին մէջ սահմանուած ծոմապահութիւնը չենք ըներ։ Քանի որ Յիսուս մեր մեղքերուն համար իր կեանքը մատուցանեց, մենք աւելի մեծ Քաւութեան Օրուան մը օրհնութիւնները կը վայելենք։ Մեր մեղքերը, ո՛չ թէ այլաբանօրէն, այլ ամբողջովին ծածկուած են։ (Եբրայեցիս 9։6–14) Երկնային Քահանայապետին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ պատուէրին հետեւելով, մենք իր մահուան Յիշատակատօնը կը կատարենք, որպէս Քրիստոնէական օրացոյցին մէջ միակ օրինական տօնակատարութիւնը։ (Ղուկաս 22։19, 20) Երբ ամէն տարի այդ տօնակատարութեան համար միասնաբար կը հաւաքուինք, «ցնծութիւն եւ ուրախութիւն» չե՞նք զգար։
15 Անցեալ տարի, Յիշատակատօնը տօնակատարելու համար 13,147,201 անհատներ հաւաքուեցան, 1994–ին ներկայ եղողներէն 858,284 հոգի աւելի։ Ի՜նչ բազմութիւն մը։ Պահ մը մտապատկերացուցէք Եհովայի Վկաներու 78,620 ժողովքներուն մէջ եղած ուրախութիւնը, երբ տօնակատարութեան համար արտասովոր մեծ թիւով անհատներ անոնց Թագաւորութեան Սրահներուն մէջ համախմբուեցան։ Վստահաբար, բոլոր ներկաները ‘ճշմարտութիւնն ու խաղաղութիւնը սիրել’ու մղուեցան, յիշելով մահը Անոր՝ որ «ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանք»ն է եւ որ ներկայիս կ’իշխէ որպէս Եհովայի «Խաղաղութեան [մեծ] Իշխան»ը։ (Յովհաննու 14։6. Եսայեայ 9։6) Այդ տօնակատարութիւնը մասնաւոր նշանակութիւն ունցաւ, խռովութեամբ ու պատերազմով տանջուած երկիրներու մէջ զայն տօնակատարողներուն համար։ 1995–ի ընթացքին, մեր եղբայրներէն ոմանք աննկարագրելի սարսափներու ականատես եղան։ Այսուհանդերձ, ‘Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, անոնց սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պահպանեց’։—Փիլիպպեցիս 4։7
‘Եկէ՛ք Եհովայի Հաճութիւնը Խնդրենք’
16, 17. Ամէն ազգերէն անհատներ ի՞նչպէս կրնան ‘Եհովայի հաճութիւնը խնդրել’։
16 Սակայն, Յիշատակատօնին ներկայ եղող այս միլիոնաւոր անհատները ուրկէ՞ եկան։ Եհովայի իններորդ ծանուցումը կը բացատրէ. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Նորէն ժողովուրդներ ու շատ քաղաքներու բնակիչներ պիտի գան։ Մէկուն բնակիչները միւսին պիտի երթան ու ըսեն. ‘‘Եկէ՛ք Տէրոջը առջեւ աղօթք ընելու [Եհովայի հաճութիւնը խնդրելու (ՆԱ)] եւ զօրքերու Տէրը փնտռելու երթանք։ Ես ալ պիտի երթամ’’։ Ու շատ ժողովուրդներ եւ զօրաւոր ազգեր Երուսաղէմի մէջ զօրքերու Տէրը փնտռելու ու Տէրոջը առջեւ աղօթք ընելու [Եհովայի հաճութիւնը խնդրելու (ՆԱ)] պիտի գան’»։—Զաքարեայ 8։20–22
17 Յիշատակատօնին ներկայ եղողները ուզեցին «զօրքերու Տէրը փնտռել»։ Անոնցմէ շատեր իր նուիրուած, մկրտուած ծառաներն էին։ Ներկայ եղողներէն միլիոնաւորներ տակաւին այդ հանգրուանին չեն հասած։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, Յիշատակատօնին ներկայ եղողներուն թիւը Թագաւորութեան հրատարակիչներուն թիւէն չորս կամ հինգ անգամ աւելի էր։ Այս հետաքրքրուողներէն շատեր օգնութեան կարիքը ունին, որպէսզի շարունակեն յառաջդիմել։ Անոնց սորվեցնենք որպէսզի իրենք ալ ցնծան այն գիտութեամբ, թէ Յիսուս մեր մեղքերուն համար մեռաւ եւ ներկայիս Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ կ’իշխէ։ (Ա. Կորնթացիս 5։7, 8. Յայտնութիւն 11։15) Զիրենք քաջալերենք որ Եհովա Աստուծոյ նուիրուին եւ իր նշանակուած Թագաւորին հպատակին։ Այս կերպով անոնք ‘Եհովայի հաճութիւնը պիտի խնդրեն’։—Սաղմոս 116։18, 19. Փիլիպպեցիս 2։12, 13
«Ազգերուն Բոլոր Լեզուներէն Տասը Մարդ»
18, 19. (ա) Զաքարեայ 8։23–ին առ ի կատարում, ներկայիս ո՞վ է «Հրեայ» մարդը։ (բ) Ներկայիս որո՞նք են «Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը» բռնող «տասը մարդ»ը։
18 Զաքարեայ ութերորդ գլուխին մէջ վերջին անգամ ըլլալով կը կարդանք. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ»։ Եհովայի վերջին յայտարարութիւնը ի՞նչ է։ «Այն օրերը ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն՝ այսինքն Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. ‘Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է’»։ (Զաքարեայ 8։23) Զաքարիայի օրերուն, մարմնաւոր Իսրայէլը Աստուծոյ ընտրեալ ազգն էր։ Առաջին դարուն, սակայն, Իսրայէլ մերժեց Եհովայի Մեսիան։ Հետեւաբար, մեր Աստուածը «Հրեայ» մը՝ նոր Իսրայէլ մը՝ ընտրեց, հոգեւոր Հրեաներէ բաղկացած «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը որպէս իր սեփական ժողովուրդը։ (Գաղատացիս 6։16. Յովհաննու 1։11. Հռովմայեցիս 2։28, 29) Ատոնց վերջնական թիւը 144,000 պիտի ըլլար, մարդկութեան մէջէն ընտրուած՝ Յիսուսի հետ իր երկնային Թագաւորութեան մէջ իշխելու։—Յայտնութիւն 14։1, 4
19 Այս 144,000–ին մեծամասնութիւնը արդէն հաւատարմօրէն մեռած եւ իր երկնային վարձատրութիւնը ստացած է։ (Ա. Կորնթացիս 15։51, 52. Յայտնութիւն 6։9–11) Անոնցմէ քիչեր երկրի վրայ են տակաւին եւ կ’ուրախանան տեսնելով որ «Հրեայ»ին հետ երթալ փափաքող «տասը մարդ»ը, արդարեւ «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն» «մեծ բազմութիւն մը»ն է։—Յայտնութիւն 7։9. Եսայեայ 2։2, 3. 60։4–10, 22
20, 21. Մինչ այս աշխարհի վախճանը աւելի կը մօտենայ, Եհովայի հետ ինչպէ՞ս կրնանք խաղաղութեան մէջ մնալ։
20 Մինչ այս աշխարհի վախճանը անխուսափելիօրէն կը մօտենայ, Քրիստոնեայ Աշխարհը Երեմիայի օրուան Երուսաղէմի կը նմանի. «Խաղաղութեան սպասեցի[ն], բայց խռովութիւն եկաւ, բժշկութեան ժամանակին սպասեցի[ն], բայց վիրաւորները շատցան [ահա՛ սարսափ (ՆԱ)]»։ (Երեմեայ 14։19) Այդ սարսափը իր գագաթնակէտին պիտի հասնի, երբ ազգերը սուտ կրօնքին դէմ ելլեն եւ վայրագօրէն անոր վերջը բերեն։ Անկէ քիչ ետք, ազգերը իրենք ալ Աստուծոյ վերջին պատերազմին՝ Արմագեդոնին՝ պիտի կործանին։ (Մատթէոս 24։29, 30. Յայտնութիւն 16։14, 16. 17։16–18. 19։11–21) Ատիկա ի՜նչ վրդովեցուցիչ ժամանակ մը պիտի ըլլայ։
21 Այդ բոլոր ժամանակամիջոցին, Եհովա պիտի պաշտպանէ անոնք որոնք ճշմարտութիւնը կը սիրեն եւ ‘խաղաղութեան սերմը’ կը մշակեն։ (Զաքարեայ 8։12. Սոփոնեայ 2։3) Ուստի, թող իր ժողովուրդին երկրին մէջ ապահով մնանք, նախանձախնդրաբար զինք հանրապէս փառաբանելով եւ կարելի եղածին չափ շատերու օգնելով որ ‘Եհովայի հաճութիւնը խնդրեն’։ Եթէ այդպէս ընենք, միշտ Եհովայի խաղաղութիւնը պիտի վայելենք։ Այո, «Տէրը իր ժողովուրդին զօրութիւն պիտի տայ, Տէրը իր ժողովուրդը խաղաղութիւնով պիտի օրհնէ»։—Սաղմոս 29։11
Կրնա՞ք բացատրել
◻ Աստուծոյ ծառաները ի՞նչպէս ‘իրենց ձեռքերը ուժովցուցին’ Զաքարիայի օրերուն, եւ ներկայիս։
◻ Հալածանքի, հակառակութեան եւ անտարբերութեան ի՞նչպէս կ’ընդառաջենք։
◻ ‘Իրարու հետ ճշմարտութիւնը խօսելու’ մէջ ի՞նչ պարփակուած է։
◻ Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ ‘Եհովայի հաճութիւնը խնդրել’։
◻ Զաքարեայ 8։23–ի կատարման մէջ, ցնծութեան ի՞նչ մեծ պատճառ կը տեսնուի։
[Նկար՝ էջ 31]
Անցեալ տարի, Եհովայի Վկաները 1,150,353,444 ժամ տրամադրեցին Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին մարդոց խօսելու