Իրապէս վերջին օրերու մէ՞ջ ենք
ԴՈՒՔ տափանաւի մը յառաջամասին մէջ նստած էք, երբ անիկա գետին դժուար նաւարկելի մասին կը հասնի։ Պղպջակներու եւ փրփուրներու ընդմէջէն հսկայ խութեր կը սպառնան ձեզի։ Կը ջանաք զանոնք շրջանցել։ Ձեր ետեւ գտնուող անհատը ի՛նք է որ ուղղութիւն պէտք է տայ նաւակին, բայց շատ փորձառու չէ։ Աւելի գէշ, քարտէս ալ չունիք. հետեւաբար գաղափար իսկ չունիք թէ այս հոսանքը ձեզ խաղաղ տե՞ղ մը, թէ ոչ ջրվէժ մը պիտի հասցնէ։
Թատերական հաճելի ուրուագիծ մը չէ, այդպէս չէ՞։ Լաւ՝ փոխենք զայն։ Երեւակայեցէք որ ձեր հետ փորձառու առաջնորդ մը ունիք, մէկը որ այս գետին իւրաքանչիւր ժայռն ու դարձուածքը լաւ գիտէ։ Ան նախապէս գիտէ թէ այս փրփրոտ ջուրերը կը մօտենան եւ թէ անոնք ո՛ւր պիտի հասցնեն. գիտէ նաեւ՝ ի՛նչպէս իր ուղղութիւնը պահել։ Աւելի ապահով պիտի չզգայի՞ք։
Իրականութեան մէջ, բոլորս ալ սիրտ հատցնող նման կացութեան մէջ կը գտնուինք։ Կամքէ անկախ, մենք մեզ կը գտնենք մարդկային պատմութեան փոթորկալից շրջանի մը մէջ։ Շատեր գաղափար իսկ չունին թէ իրերը մինչեւ ե՛րբ այս կերպով պիտի շարունակուին, վիճակները պիտի բարելաւուին թէ ոչ, եւ կամ մինչ այդ, ի՛նչպէս կարելի է լաւագոյն կերպով մեր գոյութիւնը պահել։ Բայց պէտք չունինք կորսուած կամ յուսալքուած զգալու։ Մեր Ստեղծիչը մեզի առաջնորդ մը տուած է. առաջնորդ մը, որ պատմութեան այս խաւար օրերը նախագուշակեց եւ մեզի պէտք եղած ուղղութիւնը տալով, ըսաւ նաեւ, թէ անոնք ի՛նչպէս վերջ պիտի գտնեն։ Այդ առաջնորդը գիրք մըն է՝ Աստուածաշունչը։ Անոր Հեղինակը՝ Եհովա Աստուած, ինքզինք կը կոչէ Մեծ Ուսուցիչը եւ Եսայիի միջոցաւ մեզ կը վստահեցնէ, ըսելով. «Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս, քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. ‘Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք’»։ (Եսայեայ 30։20, 21) Սիրով պիտի ընդունի՞ք այսպիսի առաջնորդութիւն մը։ Ուրեմն, նայինք թէ Աստուածաշունչը իրապէս մեր օրերուն մասին մարգարէութիւն ըրած է թէ ոչ։
Յիսուսի Հետեւորդները Իմաստալից Հարցում մը կը Հարցնեն
Յիսուսի հետեւորդները ապշած ըլլալու էին։ Յիսուս շեշտակիօրէն անոնց տակաւին նոր ըսած էր որ Երուսաղէմի տպաւորիչ տաճարը ամբողջովին պիտի կործանուէր։ Այսպիսի գուշակութիւն մը ապշեցուցիչ էր։ Անկէ քիչ ետք, երբ անոնք Ձիթենեաց Լերան վրայ նստած էին, աշակերտներէն չորսը Յիսուսի հարցուցին. «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։3. Մարկոս 13։1-4) Յիսուսի պատասխանը քանի մը կատարումներ պիտի ունենար, սակայն չենք գիտեր թէ անոնք ասիկա ըմբռնեցին թէ ոչ։
Երուսաղէմի տաճարին կործանումն ու հրէական իրերու դրութեան վախճանը, Քրիստոսի ներկայութեան ժամանակին եւ աշխարհի իրերու դրութեան վախճանին հետ բաղդատած՝ նոյնը չէին։ Այսուհանդերձ, իր տուած երկար պատասխանին մէջ, Յիսուս ճարտարօրէն հարցումին բոլոր երեսակները շօշափեց։ Անոնց բացատրեց թէ կացութիւնը ի՛նչ պիտի ըլլար Երուսաղէմի կործանումէն առաջ. անոնց ըսաւ նաեւ, թէ աշխարհ ի՛նչ վիճակի մէջ պիտի ըլլար իր ներկայութեան ընթացքին, երբ ինք երկնքէն պիտի իշխէր որպէս Թագաւոր եւ աշխարհի իրերու դրութիւնը իր վախճանին հասցնելու սեմին պիտի գտնուէր։
Երուսաղէմի Վախճանը
Նախ նկատի առէք ինչ որ Յիսուս ըսաւ Երուսաղէմի ու անոր տաճարին մասին։ Աւելի քան երեք տասնամեակներ առաջ, ան ահաւոր նեղութիւն մը նախագուշակեց աշխարհի մեծագոյն քաղաքներէն մէկուն համար։ Մասնաւորաբար նկատի առէք Ղուկաս 21։20, 21–ի մէջ արձանագրուած իր խօսքերը. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է։ Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան եւ անոնք որ ագարակներն են՝ թող չմտնեն անոր մէջ»։ Եթէ Երուսաղէմը պիտի շրջապատուէր զօրքերով, «անոր մէջ եղողները» ի՞նչպէս պիտի կարենային ‘հեռանալ’, ինչպէս Յիսուս պատուիրած էր։ Որոշ է ուրեմն, որ Յիսուս ըսել կ’ուզէր որ պատեհութեան դուռ մը պիտի բացուէր։ Արդեօք այդպէս եղա՞ւ։
Հասարակ Դարաշրջան 66–ին, հռովմէական բանակները Սեսդիոս Գաղիոսի հրամանատարութեան ներքեւ, հրեայ ապստամբները ետ Երուսաղէմ նահանջել տուած եւ քաղաքին մէջ զանոնք անշարժութեան մատնած էին։ Հռովմէացիները նոյնիսկ քաղաքին վրայ յարձակած եւ մինչեւ տաճարին պարիսպները հասած էին։ Բայց յանկարծ Գաղիոս իր բանակին՝ ի՛րապէս խելքի չպառկող ուղղութիւն մը տուաւ։ Անոնց պատուէր տուաւ որ նահանջեն։ Հրեայ զինուորները ուրախութեամբ հալածեցին զիրենք, փախուստ տուող Հռովմէացի թշնամիներուն վնասներ ալ հասցնելով։ Այս կերպով, Յիսուսի նախագուշակած պատեհութեան դուռը բացուեցաւ։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները իր ազդարարութեան մտիկ ընելով, Երուսաղէմէ փախան։ Ասիկա իմաստութիւն էր, քանի որ միայն չորս տարի ետք, հռովմէական բանակները վերադարձան, Զօրավար Տիտոսի առաջնորդութեան ներքեւ։ Այս անգամ փախուստը անկարելի էր։
Հռովմէական բանակները դարձեալ պաշարեցին Երուսաղէմը. անոր շուրջ սուր ցիցերով պատնէշ մը քաշեցին։ Յիսուս Երուսաղէմի համար մարգարէացած էր. «Օրեր պիտի գան քու վրադ՝ երբ թշնամիներդ քու բոլորտիքդ պատնէշ պիտի շինեն ու քեզ պիտի պաշարեն եւ ամէն կողմէ քեզ նեղը պիտի ձգեն»։a (Ղուկաս 19։43) Շատ չանցած, Երուսաղէմ ինկաւ. անոր փառաւոր տաճարը այրուելով աւերակ դարձաւ։ Յիսուսի խօսքերը ամենայն մանրամասնութեամբ կատարուեցան։
Սակայն Յիսուս իր մտքին մէջ Երուսաղէմի կործանումէն շա՜տ աւելին ունէր։ Իր աշակերտները իր ներկայութեան նշանին մասին ալ հարցուցած էին։ Այն ատեն անոնք չէին գիտեր, բայց ասիկա կ’ակնարկէր ա՛յն ժամանակին, երբ ինք երկնքի մէջ պիտի գահակալուէր որպէս Թագաւոր։ Ան ի՞նչ նախատեսեց։
Վերջին Օրերուն՝ Պատերազմ
Եթէ կարդաք Մատթէոս 24 եւ 25–րդ գլուխները, Մարկոս 13–րդ գլուխը եւ Ղուկաս 21–րդ գլուխը, անժխտելի ապացոյցներով պիտի տեսնէք որ Յիսուս մեր դարաշրջանին մասին կը խօսէր։ Ան նախագուշակեց որ պատերազմներու ժամանակ մը պիտի ըլլար. ո՛չ միայն «պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր», որոնք մարդկային պատմութեան մէջ միշտ վնաս հասցուցած են, այլ՝ համաշխարհային մեծ պատերազմներ՝ ‘ազգ ազգի վրայ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ’։—Մատթէոս 24։6-8
Պահ մը խորհեցէք որ պատերազմը ինչպէս փոխուած է մեր դարուն։ Անցեալին, երբ պատերազմի խօսք ըլլար, կը նշանակէր երկու հակառակող ազգեր ներկայացնող բանակներու միջեւ բախում, սուրերով իրար խոցոտել, կամ իրարու վրայ կրակել ռազմադաշտին մէջ. արդէն ասոնք բաւական սարսափելի բաներ էին։ Բայց 1914–ին Մեծ Պատերազմը ծագեցաւ։ Ազգեր իրարու ետեւէն այս պայքարին մէջ մտան, առաջին համերկրային պատերազմը պատճառելով։ Ինքնագործ զէնքեր ծրագրուեցան, որպէսզի կարելի եղածին չափ շատ մարդ սպաննեն եւ՝ աւելի հեռուէն։ Արագահարուած հրացաններ, գնդակներ արձակեցին դաժան ատակութեամբ. պատերազմական թունաւոր կազեր այրեցին, չարչարեցին, խեղանդամեցին եւ սպաննեցին հազարաւոր զինուորներ. հրասայլեր անգութօրէն որոտացին թշնամիներու շարքերէն ներս, իրենց գնդացիրները արձակելով։ Օդանաւն ու սուզանաւն ալ պատկերին մէջ մտան, որոնք գալիքներուն նախակարապետներ եղան։
Երկրորդ Աշխարհամարտը աներեւակայելին ըրաւ. անիկա շուքի մէջ ձգեց իր նախորդը, տասնեակ միլիոնաւոր անհատներ սպաննելով։ Հսկայական օդանաւակիր նաւեր՝ ուղղակիօրէն ծփացող քաղաքներ՝ ծովերուն մէջ երթեւեկեցին եւ օդանաւերու միջոցաւ երկնքէն կրակ տեղացուցին թշնամի թիրախներու վրայ։ Սուզանաւեր թորփիլահարեցին եւ թշնամի նաւերը ընկղմեցին։ Իսկ հիւլէական ռումբեր ձգուեցան, իւրաքանչիւր հարուածին հազարաւոր կեանքեր խլելով։ Ճիշդ ինչպէս Յիսուս մարգարէացաւ, պատերազմի այս դարաշրջանը նշելու համար «սոսկալի բաներ» եղած են։—Ղուկաս 21։11
Երկրորդ Աշխարհամարտէն ի վեր պատերազմները դադրա՞ծ են։ Բնա՛ւ։ Երբեմն նոյն տարուան մէջ բառացիօրէն տասնեակ պատերազմներ կը մղուին, միլիոնաւոր կեանքեր խլելով, նոյնիսկ 1990–ի այս տասնամեակին մէջ։ Իսկ պատերազմի գլխաւոր զոհերուն մէջ ալ փոփոխութիւն մը եղած է։ Այլեւս զոհերը գլխաւորաբար զինուորներ չեն։ Ներկայիս, պատերազմի մէջ սպաննուողներուն կամ վիրաւորուողներուն մեծամասնութիւնը, իրականութեան մէջ 90 տոկոսը՝ քաղաքացիներ են։
Նշանին Ուրիշ Երեսակները
Պատերազմը Յիսուսի յիշած նշանին երեսակներէն միայն մէկն է։ Ան նաեւ զգուշացուց որ «սովեր» ալ պիտի ըլլային։ (Մատթէոս 24։7) Այդպէս ալ եղած է, հակառակ անոր որ երկիրը ամբողջ մարդկութեան հարկ եղածէն աւելի ուտելիք կ’արտադրէ, երկրագործութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի յառաջացած է եւ արագ ու ատակ փոխադրամիջոցներով կարելի է ուտելիք հասցնել աշխարհի որեւէ մասին։ Հակառակ այս բոլորին, ամէն օր աշխարհի բնակչութեան շուրջ մէկ հինգերորդը անօթի է։
Յիսուս նաեւ նախագուշակեց որ «տեղ տեղ» «մահտարաժամներ» պիտի ըլլային։ (Ղուկաս 21։11) Դարձեալ մեր դարաշրջանը անսովոր հակասութիւններու ականատես եղած է. որեւէ ժամանակէ աւելի բժշկական լաւ խնամք, արուեստագիտական քաջագործութիւններ, հասարակ եղող բազմաթիւ հիւանդութիւններ կանխարգիլող պատուաստներ, բայց եւ այնպէս, մահտարաժամները որեւէ ժամանակէ աւելի վերելք արձանագրած են։ Սպանական Ինֆլուէնզան անմիջապէս յաջորդեց Առաջին Աշխարհամարտին եւ պատերազմէ՛ն աւելի զոհեր խլեց։ Այս հիւանդութիւնը այդքան վարակիչ էր, որ Նիւ Եորքի նման քաղաքներու մէջ մարդիկ երբ փռնգտային՝ տուգանքի կ’ենթարկուէին կամ կը բանտարկուէին։ Ներկայիս, խլիրդն ու սրտի հիւանդութիւնը տարեկան միլիոնաւոր կեանքեր կը խլեն. իրական մահտարաժամներ։ Իսկ ԱԴԱ–ն [ԷՅՏԾ] կը շարունակէ կեանքերու սպառնալ, բժշկագիտութեան կողմէ հիմնականօրէն առանց մասնայատուկ դարմանի։
Մինչ Յիսուս վերջին օրերուն մասին խօսեցաւ գլխաւորաբար պատմական եւ քաղաքական երեսակները նկատի առնելով, Պօղոս առաքեալ աւելի ընկերային խնդիրներու եւ ընդհանրացած կեցուածքներու վրայ կեդրոնացաւ։ Ան մասամբ գրեց. «Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, . . . անսուրբ, անգութ, անհաշտ, . . . անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր»։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5
Այս խօսքերը ծանօթ կը հնչե՞ն ձեզի։ Ներկայ աշխարհին մէջ ընկերային փճացման միայն մէկ երեսակը նկատի առէք՝ ընտանիքի քայքայումը։ Քանդուած տուներու, ծեծուած կողակիցներու, չարչարուած երախաներու եւ տարեց ծնողներու հանդէպ գէշ վերաբերմունքի ալիքը որքա՜ն յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ մարդիկ «անգութ», «դաժանաբարոյ», «մատնիչ» եւ «բարին չսիրող» են։ Այո, ներկայիս նկարագրի այս գծերը համաճարակի աստիճանի հասած են։
Արդեօք Մե՞ր Սերունդին Մասին Էր Խօսքը
Թերեւս հարց տաք. ‘Այս վիճակները միշտ տիրապետած չե՞ն մարդկութեան վրայ։ Ի՞նչպէս գիտենք թէ այդ հին մարգարէութիւնները մեր ներկայ սերունդին կը մատնանշեն’։ Ապացոյցի երեք եզրեր առնենք, որոնք կը փաստեն թէ Յիսուս մեր ժամանակին մասին կը խօսէր։
Նախ՝ թէեւ Յիսուսի խօսքերուն մէկ մասը առաջին կատարում մը ունեցաւ Երուսաղէմի ու անոր տաճարին կործանումով, բայց անոնք իրապէս հեռաւոր ապագայի կը մատնանշէին։ Երուսաղէմը կործանող աղէտէն շուրջ 30 տարի ետք, Յիսուս տարեց Յովհաննէս առաքեալին տեսիլքով մը ցոյց տուաւ որ մարգարէացուած վիճակները՝ պատերազմը, սովը, համաճարակներն ու անոնց պատճառած մահերը՝ ապագային համայն աշխարհի մէջ ծաւալուն կերպով տեղի պիտի ունենային։ Այո, այս նեղութիւնները ո՛չ միայն մէկ վայրի մէջ պիտի ըլլային, այլ՝ համայն ‘երկրի’ վրայ։—Յայտնութիւն 6։2-8
Երկրորդ՝ մեր դարուն, Յիսուսի տուած նշանին կարգ մը երեսակները կը կատարուին մեծագոյն տարողութեամբ։ Օրինակի համար, հաւանականութիւնը կա՞յ որ պատերազմները 1914–էն ի վեր եղածներէն աւելի գէշ ըլլան։ Եթէ Երրորդ Աշխարհամարտ մը ըլլայ եւ ներկայիս կորիզային ուժեր ունեցող երկիրները իրենց զէնքերը գործածեն, հաւանաբար որպէս հետեւանք՝ մեր երկիրը մոխրացած աղբանոց մը պիտի ըլլայ, իսկ մարդկութիւնը՝ պիտի չքանայ։ Նոյն եզրով, Յայտնութիւն 11։18–ն կը նախագուշակէր որ այս վերջին օրերուն, երբ ազգերը ‘բարկացած’ են, մարդիկ ‘երկիրը պիտի ապականէին’։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, ապականութիւնը եւ միջավայրի քայքայումը այս մոլորակին վրայ կեանքի գոյատեւման կը սպառնայ։ Հետեւաբար, այս երեսակն ալ կը կատարուի կամ իր բարձրակէտին կը մօտենայ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ պատերազմներն ու ապականութիւնը պարզապէս շարունակուին, մինչեւ որ մարդը ինքզինք եւ այս մոլորակը իր հետ կործանէ։ Ո՛չ. քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ երկիրը յաւիտեան պիտի մնայ եւ անոր վրայ արդարամիտ անհատներ պիտի բնակին։—Սաղմոս 37։29. Մատթէոս 5։5
Երրորդ՝ երբ որպէս ամբողջութիւն առնուի, վերջին օրերու նշանը մասնաւորաբար համոզիչ է։ Երբ նկատի առնենք երեք Աւետարաններուն մէջ Յիսուսի թուած երեսակները, Պօղոսի գրածները եւ Յայտնութեան գրքին ըսածները, կը տեսնենք որ այս նշանը բազմաթիւ երեսակներ ունի։ Անհատ մը կրնայ այս մասին առարկել, ըսելով որ ուրիշ ժամանակաշրջաններուն ալ նոյնանման խնդիրներ եղած են. բայց երբ բոլորը միասնաբար նկատի առնենք, անոնք անվրէպ կը մատնանշեն միայն մէ՛կ շրջանի՝ մեր ժամանակաշրջանին։
Արդ, այս բոլորը ի՞նչ կը նշանակեն։ Կը նշանակեն թէ Աստուածաշունչը պարզապէս մեր ժամանակաշրջանը կը նկարագրէ որպէս անյոյս ժամանա՞կ մը։ Բնա՛ւ երբեք։
Բարի Լուր
Վերջին օրերու նշանին ամենէն յատկանշական մէկ երեսակը արձանագրուած է Մատթէոս 24։14–ի մէջ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ Այս դարուն, Եհովայի Վկաները մարդկային պատմութեան մէջ նմանը չեղող գործ մը կատարած են։ Անոնք Եհովա Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին Աստուածաշունչի պատգամը ընդունած են՝ անոր ի՛նչ ըլլալը, ի՛նչպէս իշխելը, եւ ի՛նչ իրագործելը՝ եւ զայն համայն աշխարհի մէջ տարածած են։ Անոնք այս նիւթին շուրջ գրականութիւններ հրատարակած են աւելի քան 300 լեզուներով եւ զանոնք տարած են մարդոց տուները, փողոցը կամ իրենց գործատեղին գտնուող մարդոց, բառացիօրէն՝ համայն երկրի վրայ։
Այսպէս ընելով, անոնք այս մարգարէութիւնը կը կատարեն, միեւնոյն ատեն, մարդոց յոյս ալ տալով։ Ուշադրութիւն ըրէք որ Յիսուս ասիկա «բարի լուր» կոչեց եւ ո՛չ թէ գէշ լուր։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի պիտի ըլլար այս խաւար ժամանակներուն մէջ։ Քանի որ Աստուածաշունչի հիմնական պատգամը՝ այս հին աշխարհի վախճանին որքան գէշ բաներ պատահելուն մասին չէ։ Անոր հիմնական պատգամը Աստուծոյ Թագաւորութեան հետ առնչուած է, եւ թէ այս Թագաւորութիւնը խաղաղասէր իւրաքանչիւր անհատի սրտին փափաքելի եղող բան մը կը խոստանայ՝ ազատագրութի՜ւն։
Իրապէս ի՞նչ է այդ ազատագրութիւնը եւ ինչպէս կրնաք ձեռք ձգել զայն։ Հաճեցէք նկատի առնել այս նիւթը շօշափող յաջորդ յօդուածները։
[Ստորանիշ]
a Տիտոս յաղթանակը ապահոված էր։ Այսուհանդերձ, երկու կարեւոր մարզերու մէջ, անոր փափաքը չիրականացաւ։ Ան առաջարկեց որ խաղաղ կերպով յանձնուին, բայց քաղաքին առաջնորդները յամառաբար, անբացատրելիօրէն մերժեցին։ Իսկ երբ քաղաքին պարիսպը վերջապէս ծակեցին ու ներս մտան, ան պատուէր տուաւ որ տաճարին խնայեն։ Բայց եւ այնպէս, անիկա ամբո՛ղջովին հրկիզուեցաւ։ Յիսուսի մարգարէութիւնը բացայայտօրէն ըսած էր որ Երուսաղէմ աւերակ՝ իսկ տաճարը քարուքանդ պիտի ըլլար։—Մարկոս 13։1, 2
[Մէջբերում՝ էջ 5]
Մարդիկ զիրենք տակնուվրայ ընող հարցումներուն պատասխան կը փնտռեն, որոնցմէ է՝ Մեր ժամանակները ինչո՞ւ այսքան գէշ են։ Մարդկութիւնը դէպի ո՞ւր կ’ուղղուի
[Մէջբերում՝ էջ 6]
Ներկայիս պատերազմէն սպաննուողներուն կամ վիրաւորուողներուն 90 տոկոսը քաղաքացիներ են