Մեր ժամանակները ինչո՞ւ այսքան գէշ են
ԵՐԲ օրաթերթ կը կարդաք, հեռատեսիլէն լուրերը կը դիտէք, կամ ձայնասփիւռէն լուրերը կը լսէք, միշտ գէշ լուրեր կ’ակնկալէք, այդպէս չէ՞։ Հաւանաբար, չէք զարմանար որ պատերազմը տակաւին կը շարունակէ աւերներ գործել, վայրագ ոճիրները հետզհետէ կ’աւելնան, կամ՝ սով մը զարգացումի վրայ եղող երկրի մը ոյժը կը տկարացնէ։
Եթէ դուք այսպիսի իրադարձութիւններէն քիչ մը հեռու էք, հաւանաբար այսպիսի տեղեկագրութիւններ ձեզ չափազանց չեն մտահոգեր։ Արդարեւ, ո՞վ կրնայ այն բոլոր տառապող զանգուածներուն համար կարեկցելու կարող ըլլալ։ Այսուհանդերձ, շատ դժուար է չազդուիլ, երբ դէմ յանդիման գանք անհատներու քաշած տառապանքին հետ։ Ուրիշ խօսքով, մինչ պատերազմի մը մասին կարդալը եւ սպաննուածներու վիճակագրութիւններուն մասին խորհիլը բան մըն է, բայց բոլորովին տարբեր բան մըն է կարդալ ինը տարեկան Պոսնիացի տղեկի մը՝ Ատնանին մասին, որու մայրը սպաննուեցաւ, երբ ռումբ մը քանդեց իրենց տունը։ Ատնանի հայրը քանի մը ամիս ետք արձակազէնի մը կողմէ զարնուեցաւ, երբ միասնաբար փողոցին մէջ կը քալէին։ Ասկէ քանի մը շաբաթ ետք, իր աչքերուն առջեւ քոյրը արիւնահոսութենէ մահացաւ, դպրոցի բակին մէջ հրետանիի ռումբի մը զոհ երթալով։ Բժիշկները, որ Ատնանը կը դարմանէին հոգեկան խանգարման համար, նկատեցին որ տղեկը ապուշ դարձած էր, ամէն զգացումէ՝ նոյնիսկ հետաքրքրութենէ զուրկ։ Արթուն ժամերուն ան կը տանջուէր վախերով եւ անցեալի գէշ յիշատակներու անդրադարձներով. իսկ մղձաւանջները կը խանգարէին իր քունը։ Ատնանը վիճակագրութիւն մը չէ, այլ՝ տառապող տղեկ մը. չենք կրնար բան մը ընել, միայն կը կարեկցինք իրեն։
Աշխարհի ուրիշ ցաւերու պարագան ալ նոյնն է։ Սովի մասին կարդալը բան մըն է, բայց բոլորովին տարբեր բան է տեսնել հինգ տարեկան աղջնակի մը պատկերը՝ ուռած փորով եւ ոսկոր ու կաշի դարձած սրունքներով. իրապէս սովի կենդանի զոհ մը։ Ոճիրի վիճակագրութիւններու մասին կարդալը բան մըն է, բայց բոլորովին տարբեր բան է լսել, որ տարեց այրի մը վայրագօրէն ծեծուած, կողոպտուած եւ բռնաբարուած է։ Ընտանիքի քայքայումը լսելը բան մըն է, բայց բոլորովին տարբեր բան է գիտնալ, որ մայր մը գիտակցաբար անօթի ու ծարաւ ձգած եւ վայրագօրէն չարչարած է իր իսկ զաւակը։
Այսպիսի բաներու մասին կարդալը ցաւ կը պատճառէ։ Բայց որքա՜ն աւելի, երբ այս համաշխարհային պատուհասներէն մէկուն զոհը մե՛նք ըլլանք։ Երբ անձնապէս չարիքէ մը կը տառապիք, աշխարհի լուրերուն մէջ ներկայացուած համաշխարհային պատկերը կրնայ ջախջախիչ ըլլալ։ Սարսափ կը պատճառէ գիտնալ այն իրողութիւնը թէ ոճիրը, պատերազմը, սովը եւ հիւանդութիւնները աննախընթաց համեմատութեամբ կ’աւելնան մարդկային պատմութեան մէջ։ Այս քսաներորդ դարու իրադարձութիւններուն հետ շփում ունենալուն ազդեցութիւնները կրնան շա՜տ խորունկ ըլլալ. շփոթութիւնը, վախն ու յուսալքումը սովորական բաներ են։
Ամէն կրօնքի պատկանող անհատներ պատասխաններ կը փնտռեն հետեւեալին նման հարցումներու. Ինչո՞ւ ամէն բան դէպի վատ կ’երթայ։ Մարդկութիւնը դէպի ո՞ւր կ’ուղղուի։
Դժբախտաբար, ներկայիս կրօնքները գոհացուցիչ պատասխաններ չեն տար։ Երբ առաջին անգամ այս պարբերաթերթի կողքին վրայի հարցումը կարդացիք, թերեւս կասկածանքով մօտեցաք, ինչ որ հասկնալի հակազդեցութիւն մըն է։ Աստուածաշունչը տառացիօրէն մեկնաբանող կրօնքներ յաճախ կը փորձեն Աստուածաշունչէն ապացուցանել բան մը, որ անիկա չի պարունակեր՝ այս աշխարհի կործանման ճշգրիտ օրն ու ժամը։ (Տես՝ Մատթէոս 24։36։) Այս պարբերաթերթին հրատարակիչները կը ձգեն որ Աստուածաշունչը ինքզինք բացատրէ։ Թերեւս զարմանաք գիտնալով որ վերջին օրերու մասին Աստուածաշունչին ըսածը իրական ու տրամաբանական է։ Իսկ Աստուածաշունչը չի բաւականանար միայն ըսելով թէ ինչո՛ւ ամէն բան աւելի կը վատթարանայ։ Անիկա ապագայի համար յոյս ալ կու տայ, յոյս մը՝ որ իրապէս մխիթարական է։ Ձեզ կը հրաւիրենք որ յաջորդ յօդուածները կարդաք, ասիկա տեսնելու համար։