Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 6/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • 1997–ի տարուան համարը. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»։—Սաղմոս 143։10
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 6/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

1997–ի տարուան համարը. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»։—Սաղմոս 143։10

Յուլիս 1—Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք։—Ղուկ. 20։25, Դիտ. 8/1/96 1

Յուլիս 2—Մինչեւ ես գամ միտք դիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու։—Ա. Տիմ. 4։13, Դիտ. 8/1/96 1, 2բ

Յուլիս 3—Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք։—Մատթ. 11։29, Դիտ. 11/1/95 4, 5գ

Յուլիս 4—Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար։—Ա. Կորն. 13։4, Դիտ. 12/1/95 1, 6, 7գ

Յուլիս 5—Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս բակէն չեն. զանոնք ալ պէտք է որ բերեմ ու իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն եւ ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ։—Յովհ. 10։16, Դիտ. 11/1/95 14, 15

Յուլիս 6—Ստութիւնը ատեցի ու անարգեցի, բայց քու օրէնքդ սիրեցի։ Օրը եօթը անգամ կ’օրհնեմ քեզ քու արդար դատաստաններուդ համար։—Սաղմ. 119։163, 164, Դիտ. 12/1/95 8, 9ա

Յուլիս 7—Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով։—Եփ. 6։1, Դիտ. 1/1/96 18, 19ա

Յուլիս 8—Տեսիլքը որոշուած ժամանակի համար է, բայց դէպի վախճանը կ’արտորայ եւ սուտ պիտի չելլէ. եթէ ուշանայ՝ անոր սպասէ, քանզի անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ։—Ամբ. 2։3, Դիտ. 3/1/96 8, 9ա

Յուլիս 9—Միւս մեռելները չապրեցան մինչեւ հազար տարին լրացաւ։—Յայտ. 20։5, Դիտ. 3/1/96 15գ

Յուլիս 10—Ով որ իշխանութեան դէմ կը կենայ, Աստուծոյ հրամանին դէմ կը կենայ եւ անոնք որ դէմ կը կենան, անձերնուն դատապարտութիւն կ’ընդունին։—Հռովմ. 13։2, Դիտ. 8/1/96 3

Յուլիս 11—Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք։—Մատթ. 25։40, Դիտ. 1/1/96 5, 6դ

Յուլիս 12—Մինչեւ ես գամ միտք դիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու։—Ա. Տիմ. 4։13, Դիտ. 8/1/96 3, 4բ

Յուլիս 13—Ցանկալի են անոնք ոսկիէն ու շատ փորձուած ոսկիէն. մեղրէն անոյշ են ու խորիսխէ կաթած մեղրէն։ Քու ծառադ անոնցմով կը խրատուի ու զանոնք պահելուն վարձքը շատ է։—Սաղմ. 19։10, 11, Դիտ. 2/1/96 13

Յուլիս 14—Ամէնքդ մէկ մտքի վրայ եղէք, կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ։—Ա. Պետ. 3։8, Դիտ. 4/1/96 19, 20ա

Յուլիս 15—Ճշմարտութիւնը խօսեցէ՛ք ամէն մէկդ իր ընկերին հետ, ձեր դռներուն մէջ արդարութեամբ եւ խաղաղութեամբ դատաստան տեսէք ու ձեզմէ մէկը իր սրտին մէջ իր ընկերին համար չարութիւն թող չմտածէ։—Զաք. 8։16, 17, Դիտ. 2/1/96 11, 12գ

Յուլիս 16—Չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։—Ա. Կորն. 6։9, Դիտ. 5/1/96 16, 17ա

Յուլիս 17—Դուք վկայ էք եւ Աստուած ալ՝ թէ ի՛նչպէս սրբութիւնով ու արդարութիւնով եւ անարատութիւնով վարուեցանք ձեզի հետ՝ որ հաւատացիք։—Ա. Թես. 2։10, Դիտ. 6/1/96 15, 16բ

Յուլիս 18—Ահա ես նոր երկինք ու նոր երկիր պիտի ստեղծեմ եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան։ Բայց դուք իմ ստեղծագործութիւնովս յաւիտեանս յաւիտենից ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք։—Եսայ. 65։17, 18, Դիտ. 7/1/96 17, 18ա

Յուլիս 19—Իմ պաշտօնս կը մեծարեմ։—Հռովմ. 11։13, Դիտ. 8/1/96 5, 6ա

Յուլիս 20—Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն։—Մար. 13։10, Դիտ. 4/1/96 6գ

Յուլիս 21—Ալէլուիա՜. փրկութիւն ու փառք եւ պատիւ ու զօրութիւն մեր Աստուծոյն. վասն զի ճշմարիտ ու արդար են անոր դատաստանները, քանզի դատեց այն մեծ պոռնիկը, . . . ու իր ծառաներուն արեան վրէժը անոր ձեռքէն պահանջեց։—Յայտ. 19։1, 2, Դիտ. 7/1/96 1, 2գ

Յուլիս 22—Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը։ . . . Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ։—Ղուկ. 1։32, 33, Դիտ. 11/1/95 11, 12

Յուլիս 23—Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ։—Մատթ. 11։28-30, Դիտ. 11/1/95 5, 6գ

Յուլիս 24—Ասոնք պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը, իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքը։—Մատթ. 25։46, Դիտ. 1/1/96 16, 17, 19դ

Յուլիս 25—Երանի՜ անոր որ կը կարդայ ու անոնց որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը եւ կը պահեն ինչ որ անոր մէջ գրուած է. վասն զի ժամանակը մօտ է։—Յայտ. 1։3, Դիտ. 8/1/96 5, 7բ

Յուլիս 26—Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի։—Բ. Պետ. 3։13, Դիտ. 5/1/95 20, 21դ

Յուլիս 27—Այն օրը Երուսաղէմին պիտի ըսուի՝ ‘Մի՛ վախնար’ ու Սիօնին՝ ‘Ձեռքերդ թող չթուլնան’։ Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է, անիկա քեզ պիտի փրկէ։—Սոփ. 3։16, 17, Դիտ. 6/1/96 11, 12ա

Յուլիս 28—Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար։—Ա. Կորն. 13։4, Դիտ. 12/1/95 1, 9գ

Յուլիս 29—Ո՛վ իմ ժողովուրդս, մտիկ ըրէք իմ օրէնքիս։ Խոնարհեցուցէք ձեր ականջը իմ բերնիս խօսքերուն։ . . . Յաջորդ սերունդին պիտի պատմենք Տէրոջը փառաւոր գործերն ու անոր զօրութիւնը եւ անոր ըրած հրաշքները։—Սաղմ. 78։1, 4, Դիտ. 3/1/96 18, 19ա

Յուլիս 30—Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած։—Բ. Տիմ. 3։16, 17, Դիտ. 12/1/95 9, 10ա

Յուլիս 31—Այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, . . . զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։—Բ. Օր. 6։6, 7, Դիտ. 1/1/96 13-15ա

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել