Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 11/1 էջ 24-29
  • Երբ Աստուած գործի անցնի դուք պիտի ազատի՞ք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Երբ Աստուած գործի անցնի դուք պիտի ազատի՞ք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յիսուս Ի՛նչ Նախագուշակեց եւ Ի՛նչ Կատարուեցաւ
  • Փրկուած Մարմիններ—Ի՞նչպէս
  • Ի՞նչ Ապագայ կը Սպասէ Ձեզի
  • «Այս ամէնը պէտք է որ ըլլան»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • ‘Քու գալուստիդ նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 11/1 էջ 24-29

Երբ Աստուած գործի անցնի դուք պիտի ազատի՞ք

«Եթէ այն օրերը չքիչնային, բնաւ մարմին մը պիտի չապրէր. բայց ընտրեալներուն համար այն օրերը պիտի քիչնան»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 24։22

1, 2. (ա) Ինչո՞ւ բնական է մեր ապագայով հետաքրքրուիլ։ (բ) Ո՞ր կենսական հարցերով բնական է հետքրքրուիլ։

Ո՞ՐՔԱՆՈՎ հետաքրքրուած էք ձեր անձով։ Ներկայիս շատեր ա՛յն աստիճան հետաքրքրուած են իրենց անձով, որ անձնակեդրոն դարձած են։ Սակայն Աստուածաշունչը մեզ ազդող բաներով՝ մէջը ըլլալով մեր ապագայով՝ հետաքրքրուիլը չի դատապարտեր։ (Եփեսացիս 5։33) Ուստի, բնական է որ հետաքրքրուիք թէ ապագան ի՛նչ վերապահած է ձեզի։ Ասով հետաքրքրուա՞ծ էք։

2 Յիսուսի առաքեալներն ալ իրենց ապագայով հետաքրքրուած էին։ (Մատթէոս 19։27) Հաւանաբար ասիկա ալ պատճառներէն մէկն էր, որու համար Ձիթենեաց Լերան վրայ Յիսուսի հետ եղող չորս առաքեալներ անոր հարցուցին. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ ի՞նչ նշան պիտի ըլլայ այդ բաներուն կատարուելու ատենը»։ (Մարկոս 13։4) Յիսուս ապագայի նկատմամբ անոնց՝ ինչպէս նաեւ մեր՝ բնական հետաքրքրութիւնը անկարեւոր չնկատեց։ Ան կրկին անգամ շեշտեց թէ իր հետեւորդները ինչպէս պիտի ազդուէին անկէ եւ ի՛նչ պիտի ըլլար վերջնական արդիւնքը։

3. Յիսուսի պատասխանը ի՞նչու մեր ժամանակին հետ կը կապենք։

3 Յիսուս իր պատասխանով մարգարէութիւն մը տուաւ որ գլխաւորաբար մեր օրերուն պիտի կատարուէր։ Մեր դարուն պատահած համաշխարհային պատերազմները եւ ուրիշ պայքարներ, անհամար կեանքեր խլող երկրաշարժներ, հիւանդութիւն եւ մահ պատճառող սովեր, ինչպէս նաեւ պատուհասներ, 1918–ի Սպանական ինֆլուէնզայէն մինչեւ ԱԴԱ–ի [AIDS] պատուհասը, մեր աչքերուն առջեւ կը կատարուին։ Սակայն Յիսուսի պատասխանին կարեւոր մէկ մասը կը վերաբերէր Հ.Դ. 70–ին Հռովմէացիներու կողմէ Երուսաղէմի կործանման։ Յիսուս իր աշակերտներուն հետեւեալ ազդարարութիւնը տուաւ. «Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն համար. քանզի ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու ժողովարաններու մէջ ձեզ պիտի ծեծեն եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի կենաք՝ անոնց վկայութիւն ըլլալու համար»։—Մարկոս 13։9

Յիսուս Ի՛նչ Նախագուշակեց եւ Ի՛նչ Կատարուեցաւ

4. Յիսուսի պատասխանին մէջ ի՞նչ ազդարարութիւններ կան։

4 Յիսուս ոչ միայն նախագուշակեց ինչ որ ուրիշներ պիտի ընէին իր աշակերտներուն, այլ նաեւ, թէ անոնք ի՛նչպէս պէտք էր վարուէին։ Ի միջի այլոց, ան ըսաւ. «Երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ . . . թէ արժան չեղած տեղը կը կենայ, (ով որ կարդայ՝ թող հասկնայ) այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին»։ (Մարկոս 13։14) Ղուկաս 21։20–ի զուգընթաց տեղեկութեան մէջ կ’ըսէ. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած»։ Առաջին կատարման մէջ, ասիկա ի՛նչպէս շիտակ ելաւ։

5. Հ.Դ. 66–ին Յուդայի Հրեաներուն ի՞նչ պատահեցաւ։

5 Համայնագիտարան մը (The International Standard Bible Encyclopedia, 1982) կ’ըսէ. «Հռովմէական լուծին ներքեւ Հրեաները երթալով աւելի ըմբոստ կը դառնային, իսկ [Հռովմէացի] գործակալները՝ աւելի վայրագ, բիրտ եւ անպարկեշտ։ Բացայայտ ըմբոստութիւնը պայթեցաւ Ք.Թ. 66–ին . . . Պատերազմը սկսաւ երբ Հրեայ Մոլեռանդներ Մասատան գրաւեցին եւ ապա Մէնայիմի առաջնորդութեան ներքեւ, Երուսաղէմի վրայ արշաւեցին։ Միաժամանակ, կառավարչական քաղաքի՝ Կեսարիոյ՝ Հրեաները ջարդուեցան եւ այս վայրագութիւններուն լուրը ամբողջ երկրին մէջ տարածուեցաւ։ Նոր մետաղադրամներ կոխուեցան, որոնց վրայ յեղափոխութեան 1–5 տարիները նշուած էին»։

6. Հռովմէացիները ի՞նչպէս հակազդեցին Հրէական ըմբոստութեան։

6 Սեսդիոս Գաղիոսի հրամանատարութեան ներքեւ եղող Հռովմէական ԺԲ. Լեգէոնը Սուրիայէն արշաւեց, Գալիլիան եւ Յուդան աւերեց եւ ապա յարձակեցաւ մայրաքաղաքին վրայ, նոյնիսկ «Երուսաղէմ սուրբ քաղաք»ին վերի մասը գրաւելով։ (Նէեմեայ 11։1. Մատթէոս 4։5. 5։35. 27։53) Այս դէպքերը ամփոփելով, գիրք մը (The Roman Siege of Jerusalem) կ’ըսէ. «Հինգ օր Հռովմէացիները փորձեցին Երուսաղէմի պարիսպին վրայ բարձրանալ, բայց կրկին ու կրկին ետ մղուեցան։ Վերջապէս, արտընկէցներու տարափին ներքեւ, պաշտպանողները տեղի տուին։ Իրենց վահանները պաշտպանութեան համար իրենց գլխուն վերեւ բռնելով զինուորական պատնէշ կազմելով՝ Հռովմէացի զինուորները պարիսպը տակէն փորեցին եւ փորձեցին դուռը կրակի տալ։ Պաշտպանողները ահաւոր շփոթութեան մատնուեցան»։ Քաղաքին ներսը գտնուող Քրիստոնեաները յիշեցին Յիսուսի խօսքերը եւ ըմբռնեցին որ պիղծ բանը սուրբ տեղը կեցած էր։a Սակայն քաղաքը պաշարուած ըլլալով, այս Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնային փախչիլ, ինչպէս Յիսուս խրատած էր։

7. Հ.Դ. 66–ին թէեւ յաղթանակը իրենց ձեռքն էր, Հռովմէացիները ի՞նչ ըրին։

7 Պատմաբան Յովսեփով Ֆլաւիոս կը պատմէ. «Սեսդիոսը [Գաղիոս] ոչ պաշարեալներուն յուսահատութենէն եւ ո՛չ ալ ժողովուրդին զգացումներէն տեղեակ ըլլալով, յանկարծ իր զինուորներուն կոչ ըրաւ որ յարձակումը դադրեցնեն, յաղթանակի յոյսէն ձեռք քաշեց, հակառակ անոր որ չէր պարտուած, եւ առանց որեւէ պատճառի Քաղաքէն ետ քաշուեցաւ»։ Գաղիոս ի՞նչու ետ քաշուեցաւ։ Ի՛նչ որ ալ ըլլար պատճառը, ասիկա Քրիստոնեաներուն առիթ տուաւ որ Յիսուսի պատուէրին հնազանդին եւ լեռները փախչին ապահովութեան համար։

8. Երուսաղէմի դէմ Հռովմէական երկրորդ յարձակումը ի՞նչպէս եղաւ եւ վերապրողները ի՞նչ բաներէ անցան։

8 Հնազանդութիւնը կեանք պիտի փրկէր։ Շատ չանցած, Հռովմէացիները ուզեցին ըմբոստութիւնը ջախջախել։ Զօրավար Տիտոսի հրամանատարութեան ներքեւ կազմակերպուած արշաւը իր գագաթնակէտին հասաւ Երուսաղէմի պաշարումով, Հ. Դ. 70–ի Ապրիլէն մինչեւ Օգոստոս։ Մարդուն արիւնը կը սառի, երբ կարդայ Հրեաներուն կրած տառապանքին մասին Յովսեփոսի նկարագրութիւնը։ Հռովմէացիներու դէմ կռուելու ընթացքին մեռնողներէն զատ, ուրիշ Հրեաներ մորթուեցան Հրեաներու մրցակից խումբերու կողմէ եւ սովը մարդակերութեան պատճառ դարձաւ։ Երբ Հռովմէացիները վերջապէս յաղթանակ տարին, 1,100,00 Հրեաներ մեռած էին։b 97,000 վերապրողներէն մաս մը անմիջապէս սպաննուեցան, իսկ մնացեալը գերի տարուեցաւ։ Յովսեփոս կ’ըսէ. «Տասնըեօթը տարեկանէն վեր եղողները շղթայակապ Եգիպտոս ղրկուեցան տաժանակիր աշխատանքի, մինչ Տիտոս մեծ թիւով ուրիշներ տարբեր նահանգներու նուիրեց, որպէսզի թատրոններու մէջ սուրով կամ գազաններու կողմէ, սպաննուին»։ Իսկ մինչեւ որ իրենց նշանակուած ճակատագրին ենթարկուին, 11,000 բանտարկեալներ սովամահ եղան։

9. Քրիստոնեաները ի՞նչու Հրեաներուն ճակատագրին չարժանացան, բայց ի՞նչ հարցումներ պատասխանի կը կարօտին։

9 Քրիստոնեաները երախտապարտ ըլլալու էին որ իրենց Տիրոջ պատուէրին հնազանդելով քաղաքէն փախած էին, Հռովմէական բանակը վերադառնալէ առաջ։ Այսպիսով, անոնք կերպով մը փրկուեցան Յիսուսի կոչած ‘մեծ նեղութենէն, որու նմանը աշխարհի ըլլալէն ի վեր ոչ եղած էր եւ ոչ ալ պիտի ըլլար’։ (Մատթէոս 24։21) Յիսուս աւելցուցած էր. «Եթէ այն օրերը չքիչնային, բնաւ մարմին մը պիտի չապրէր. բայց ընտրեալներուն համար այն օրերը պիտի քիչնան»։ (Մատթէոս 24։22) Արդ, ատիկա ի՞նչ նշանակեց այդ ժամանակ եւ ի՞նչ կը նշանակէ հիմա։

10. Մատթէոս 24։22–ը նախապէս ի՞նչպէս բացատրած էինք։

10 Անցեալին բացատրուած էր որ ‘ազատուող մարմինները’ կ’ակնարկէր Հ.Դ. 70–ին Երուսաղէմի նեղութենէն վերապրող Հրեաներուն։ Քրիստոնեաները փախած ըլլալով, Աստուած կրնար թոյլ տալ որ Հռովմէացիները արագօրէն կործանեն քաղաքը։ Ուրիշ խօսքով, քանի որ «ընտրեալները» վտանգէ զերծ էին, նեղութեան օրերը կրնային կարճեցուիլ, թոյլ տալով որ կարգ մը Հրեայ «մարմիններ» փրկուին։ Կը խորհէինք որ վերապրած Հրեաները կը նախապատկերացնէին մեր օրերուն պատահելիք մեծ նեղութենէն վերապրողները։—Յայտնութիւն 7։14

11. Ինչո՞ւ հարկ կը տեսնուի որ Մատթէոս 24։22–ի բացատրութիւնը վերստին նկատի առնուի։

11 Բայց այս բացատրութիւնը Հ.Դ. 70–ին պատահած բաներուն կը համապատասխանէ՞ր։ Յիսուս ըսաւ որ մարդկային «մարմին»ներ պիտի ապրէին նեղութենէն։ Կրնա՞նք ‘ապրիլ’ բառը կիրարկել 97,000 վերապրողներուն, որոնցմէ հազարաւորներ սովամահ եղան կամ թատրոններու մէջ սպաննուեցան։ Յովսեփոս Կեսարիոյ թատրոնին մասին խօսելով կ’ըսէ. «2,500–է աւելի անհատներ կորսուեցան գազաններու, կամ իրարու հետ կատարուած կռիւներու ընթացքին եւ կամ ողջ հրկիզուեցան»։ Թէեւ անոնք պաշարումի ընթացքին չմեռան, սակայն չենք կրնար ըսել որ ‘ապրեցան’։ Իսկ Յիսուս կրնա՞ր զանոնք բաղդատել մօտալուտ ‘մեծ նեղութենէն’ ուրախ վերապրողներուն հետ։

Փրկուած Մարմիններ—Ի՞նչպէս

12. Որո՞նք էին առաջին դարու «ընտրեալներ»ը, որոնցմով հետաքրքրուած էր Աստուած։

12 Հ.Դ. 70–ին, Աստուած մարմնաւոր Հրեաները այլեւս իր ժողովուրդը չէր նկատեր։ Յիսուս ցոյց տուաւ որ Աստուած մերժած էր այդ ազգը եւ թոյլ պիտի տար որ անոր մայրաքաղաքը, տաճարը եւ պաշտամունքի դրութիւնը բնաջնջուին։ (Մատթէոս 23։37–24։2) Աստուած նոր ազգ մը՝ հոգեւոր Իսրայէլը ընտրած էր։ (Գործք 15։14. Հռովմայեցիս 2։28, 29. Գաղատացիս 6։16) Այս ազգը կազմող այրերն ու կիները բոլոր ազգերէն ընտրուած եւ սուրբ հոգիով օծուած են։ (Մատթէոս 22։14. Յովհաննու 15։19. Գործք 10։1, 2, 34, 35, 44, 45) Սեսդիոս Գաղիոսի յարձակումէն քանի մը տարի առաջ, Պետրոս ‘Հօր Աստուծոյ կանխագիտութեանը համեմատ, հոգիին սրբացնելովը ընտրուածներուն’ նամակ գրեց։ (Ա. Պետրոս 1։1, 2. 2։9) Աստուած այս ընտրուածները երկինք պիտի առնէր, որպէսզի Յիսուսի հետ իշխէին։—Կողոսացիս 1։1, 2. 3։12. Տիտոս 1։1. Յայտնութիւն 17։14

13. Մատթէոս 24։22–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը ի՞նչ իմաստ կրնան ունենալ։

13 Այս ընտրեալները բնորոշելը կարեւոր է, քանի որ Յիսուս ըսաւ որ նեղութեան օրերը պիտի կարճեցուին «ընտրեալներուն համար»։ «Համար» թարգմանուած Յունարէն բառը կրնայ թարգմանուիլ նաեւ՝ «որուն սիրոյն», կամ «պատճառաւ»։ (Մարկոս 2։27. Յովհաննու 12։30. Ա. Կորնթացիս 8։11. 9։10, 23. 11։9. Բ. Տիմոթէոս 2։10. Յայտնութիւն 2։3) Ուստի, Յիսուս ըսել ուզելու էր ‘մինչեւ որ այդ օրերը չկարճեցուին, մարմին մը պիտի չապրի. բայց ընտրեալներուն «սիրոյն» այդ օրերը պիտի կարճեցուին’։c (Մատթէոս 24։22) Բան մը պատահեցա՞ւ որ Երուսաղէմի մէջ որոգայթի մէջ բռնուած ընտրեալ Քրիստոնեաներուն նպաստեց կամ անոնց «սիրոյն» եղաւ։

14. Երբ ՀԴ. 66–ին Հռովմէական բանակը անակնկալօրէն նահանջեց, ինչպէ՞ս «մարմին»ներ ապրեցան։

14 Չմոռնանք որ Հ.Դ. 66–ին, Հռովմէացիները երկրէն անցան, Երուսաղէմի վերի մասը գրաւեցին եւ սկսան պարիսպը տակէն փորել։ Յովսեփոս կ’ըսէ. «Եթէ պաշարումը քիչ մը եւս տեւէր, ան անմիջապէս կրնար գրաւել Քաղաքը»։ Դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Հռովմէական հզօր բանակը ի՞նչու յանկարծ լքեց իր արշաւը եւ «առանց մասնաւոր պատճառի» նահանջեց։ Զինուրական պատմութիւնները վերլուծող մասնագէտ մը Ռուբէրթ Ֆըրնօ կը բացատրէ. «Ո՛չ մէկ պատմաբան յաջողած է Գաղիոսի արտակարգ եւ աղետալի որոշումին պատշաճ պատասխան մը տալ»։ Ամենայնդէպս, ասիկա պատճառ եղաւ որ նեղութիւնը կարճեցուի։ Հռովմէացիները նահանջեցին եւ Հրեաները զանոնք վայրագօրէն հալածեցին։ Իսկ որոգայթի մէջ բռնուած օծեալ Քրիստոնեայ «ընտրեալներ»ուն ի՞նչ պատահեցաւ։ Պաշարումը վերցուելով անոնք նեղութեան պատճառաւ սպաննուելու սպառնալիքէն ազատուեցան։ Հետեւաբար, Հ.Դ. 66–ին նեղութեան կարճեցուելէն օգտուող Քրիստոնեաներն էին Մատթէոս 24։22–ի մէջ նշուած փրկուած «մարմին»ները։

Ի՞նչ Ապագայ կը Սպասէ Ձեզի

15. Ինչո՞ւ Մատթէոս 24–րդ գլուխը մասնաւոր նշանակութիւն մը ունի մեր օրերուն։

15 Թերեւս հարցնէք. ‘Յիսուսի խօսքերուն այս յստակացումը ի՞նչ կերպով կը հետաքրքրէ զիս’։ Շատ պատճառներ ունինք եզրակացնելու որ Յիսուսի խօսքերը շատ աւելի մեծ կատարում մը ունենան, քան ինչ որ տեղի ունեցաւ Հ.Դ. 70–ին եւ անկէ առաջ։d (Տես Մատթէոս 24։7. Ղուկաս 21։10, 11. Յայտնութիւն 6։2–8։) Եհովայի Վկաները տասնեակ տարիներէ ի վեր կը քարոզեն որ մեր օրերուն տեղի ունեցող գլխաւոր կատարումը կ’ապացուցանէ որ շատ աւելի մեծ տարողութեամբ «մեծ նեղութիւն» մը կը սպասէ մեզ։ Անոր ընթացքին, Մատթէոս 24։22–ի մարգարէական խօսքը ինչպէ՞ս պիտի կատարուի։

16. Յայտնութիւնը ի՞նչ քաջալերական իրողութիւններ կու տայ մօտալուտ մեծ նեղութեան մասին։

16 Երուսաղէմի վրայ եկած նեղութենէն շուրջ քսան տարի ետք, Յովհաննէս առաքեալ Յայտնութիւն գիրքը գրեց, որ կը հաստատէր որ մեծ նեղութիւնը տակաւին պիտի գար։ Իսկ քանի որ մեր անձին հետ կապացութիւն ունեցող բաներով հետաքրքրուած ենք, կրնանք հանգստանալ գիտնալով որ Յայտնութիւնը մարգարէաբար մեզ կը վստահեցնէ որ մարդկային մարմիններ ողջ պիտի անցնին մեծ նեղութենէն։ Յովհաննէս նախագուշակեց «մեծ բազմութիւն մը . . . բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն»։ Որո՞նք են ասոնք։ Երկինքէն ձայն մը կը պատասխանէ. «Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները»։ (Յայտնութիւն 7։9, 14) Այո, վերապրողներ պի՛տի ըլլան։ Յայտնութիւնը նաեւ մեզի կ’օգնէ ըմբռնելու թէ մօտալուտ մեծ նեղութեան դէպքերը ի՛նչպէս իրար պիտի յաջորդեն եւ Մատթէոս 24։22–ը ի՛նչպէս պիտի կատարուի։

17. Մեծ նեղութեան առաջին հանգրուանը ի՞նչ պիտի պարփակէ։

17 Այս նեղութիւնը պիտի սկսի «Մեծ Բաբելոն» կոչուած այլաբանական պոռնիկին վրայ կատարուած յարձակումով մը։ (Յայտնութիւն 14։8. 17։1, 2) Այս պոռնիկը կը ներկայացնէ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը, որու ամենէն մեղադրելի մասը Քրիստոնեայ Աշխարհն է։ Յայտնութիւն 17։16–18–ի համաձայն, Աստուած քաղաքական տարրերուն սրտին մէջ պիտի դնէ որ այս այլաբանական պոռնիկին վրայ յարձակին։e Խորհեցէք որ այդ յարձակումը ի՛նչ տպաւորութիւն պիտի ունենայ օծեալ «ընտրեալներ»ուն եւ անոնց ընկերակցող ‘մեծ բազմութեան’ վրայ։ Մինչ կրօնքի վրայ այս աւերիչ յարձակումը պիտի շարունակուի, այնպէս պիտի թուի որ կրօնական բոլոր կազմակերպութիւնները՝ մէջը ըլլալով Եհովայի ծառաները՝ պիտի բնաջնջուին։

18. Ի՞նչու այնպէս պիտի թուի որ մեծ նեղութեան առաջին հանգրուանին «մարմին» մը պիտի չապրի։

18 Այս հանգրուանին է որ Մատթէոս 24։22–ի մէջ գտնուած Յիսուսի խօսքերը աւելի մեծ տարողութեամբ պիտի կատարուին։ Ինչպէս որ Երուսաղէմի մէջ գտնուող Քրիստոնեաները երեւութապէս վտանգի մէջ էին, կրօնքին վրայ յարձակում կատարուած ատեն ալ, այնպէս պիտի թուի որ Եհովայի ծառաները վտանգի մէջ են. որպէս թէ այդ յարձակումը Աստուծոյ ժողովուրդին պատկանող ամէն «մարմին» պիտի բնաջնջէ։ Բայց յիշենք ինչ որ տեղի ունեցաւ Հ.Դ. 66–ին։ Հռովմէացիներու կողմէ պատճառուած նեղութիւնը կրճատուեցաւ, Աստուծոյ օծեալ ընտրեալներուն բաւարար առիթ տալով որ փախչին եւ ողջ մնան։ Ուստի, վստահ կրնանք ըլլալ որ կրօնքին վրայ աւերիչ յարձակման ընթացքին, թոյլ պիտի չտրուի որ ճշմարիտ երկրպագուներու համերկրային ժողովքը բնաջնջուի։ Անիկա շատ արագ պիտի ըլլայ, որպէս թէ «մէկ օրուան» մէջ։ Սակայն կերպով մը անիկա պիտի կարճեցուի, իր նպատակին ամբողջովին պիտի չհասնի, որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդը ‘ապրի’։—Յայտնութիւն 18։8

19. (ա) Մեծ նեղութեան առաջին մասէն ետք, ի՞նչ բան բացայայտ պիտի ըլլայ։ (բ) Ասիկա ի՞նչ բանի պիտի առաջնորդէ։

19 Բանսարկու Սատանային երկրային կազմակերպութեան ուրիշ տարրերը անկէ ետք պիտի գոյատեւեն որոշ ժամանակ մը, իրենց կրօնական պառաւ սիրուհիին կորուստը սգալու համար։ (Յայտնութիւն 18։9–19) Ժամանակ մը ետք պիտի նշմարեն որ Աստուծոյ ճշմարիտ ծառաները մնացած են ու ‘ապահովութեամբ կը բնակին, անպարիսպ տեղեր’ եւ այնպէս պիտի թուի որ անոնք դիւրին որս մըն են։ Ի՜նչ անակնկալի առջեւ պիտի գտնուին։ Իր ծառաներուն վրայ իրական կամ սպառնացող յարձակման վտանգին հակազդելով, Աստուած պիտի սկսի իր թշնամիները դատել, մեծ նեղութեան վերջին հանգրուանին։—Եզեկիէլ 38։10–12, 14, 18–23

20. Մեծ նեղութեան երկրորդ հանգրուանին, Աստուծոյ ժողովուրդին ի՞նչու վտանգ պիտի չսպառնայ։

20 Մեծ նեղութեան այս երկրորդ հանգրուանը պիտի նմանի Հ.Դ. 70–ին Երուսաղէմի եւ անոր բնակիչներուն վրայ Հռովմէացիներու կատարած երկրորդ յարձակման։ Անիկա իրապէս «մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզնէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։21) Վստահ կրնանք ըլլալ սակայն, որ Աստուծոյ ընտրեալները եւ անոնց ընկերակիցները վտանգաւոր գօտիին մէջ, կամ սպաննուելու վտանգին ներքեւ պիտի չըլլան։ Անշուշտ, անոնք աշխարհագրական վայր մը պիտի չփախչին։ Երուսաղէմի մէջ գտնուող առաջին դարու Քրիստոնեաները այդ քաղաքէն դէպի լեռնային շրջան փախան, ինչպէս Յորդանանի անդիի կողմը գտնուող Փելլայի շրջանը։ Ապագային սակայն, Աստուծոյ հաւատարիմ Վկաները երկրագունդին բոլոր մասերուն մէջ պիտի ըլլան, հետեւաբար ապահովութիւնը եւ պաշտպանութիւնը աշխարհագրական վայրէ կախեալ պիտի չըլլայ։

21. Վերջին պատերազմին ո՞վ պիտի կռուի եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ արդիւնքը։

21 Կործանումը Հռովմէական բանակին, կամ մարդկային որեւէ գործակալի մը կողմէ պիտի չկատարուի։ Յայտնութիւն գիրքը կը բացատրէ որ դահիճները երկինքէն պիտի ըլլան։ Այո, մեծ նեղութեան այդ վերջին մասը ո՛չ թէ մարդկային որեւէ բանակի կողմէ պիտի կատարուի, այլ, «Բանն Աստուծոյ», Թագաւոր Յիսուս Քրիստոս պիտի կատարէ, «երկնքի մէջ եղող զօրքեր»ուն օգնութեամբ, մէջը ըլլալով յարուցուած օծեալ Քրիստոնեաները։ «Թագաւորներուն Թագաւորը եւ տէրերուն Տէրը», Հ.Դ. 70–ին Հռովմէացիներուն կատարած կործանումէն աւելի մեծ կործանում մը պիտի բերէ։ Աստուծոյ բոլոր հակառակորդները պիտի չքացուին. թագաւորներ, հազարապետներ, ազատներ եւ գերիներ, պզտիկներ եւ մեծեր։ Նոյնիսկ Սատանայի աշխարհի մարդկային կազմակերպութիւններ իրենց վախճանին պիտի հասնին։—Յայտնութիւն 2։26, 27. 17։14. 19։11–21. Ա. Յովհաննու 5։19

22. Ուրիշ ի՞նչ իմաստով ալ «մարմին»ներ պիտի ապրին։

22 Չմոռնանք որ թէ օծեալ մնացորդին եւ թէ ‘մեծ բազմութեան’ «մարմին»ները արդէն անգամ մը պիտի ապրին, երբ Մեծն Բաբելոնը արագօրէն եւ ամբողջական կերպով բնաջնջուի մեծ նեղութեան առաջին մասին մէջ։ Նմանապէս, նեղութեան վերջին մասին մէջ, Եհովայի կողմը փախած «մարմին»ները պիտի փրկուին։ Ասիկա ՀԴ. 70–ին ըմբոստ Հրեաներուն գլխուն եկածէն որքա՜ն տարբեր պիտի ըլլայ։

23. Վերապրող «մարմին»ները ի՞նչ պիտի ակնկալեն։

23 Ձեզի եւ ձեր սիրելիներուն համար ապագայի կարելիութիւններու մասին մտածելով, նկատի առէք թէ Յայտնութիւն 7։16, 17–ն ի՛նչ կը խոստանայ. «Այսուհետեւ ո՛չ պիտի անօթենան ու ո՛չ ծարաւին, ո՛չ ալ արեւը կամ տաքութիւն մը անոնց վրայ պիտի իյնայ. վասնզի Գառնուկը, որ աթոռին մէջ է, պիտի հովուէ զանոնք ու դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն»։ Վստահաբար, ասիկա ի՛րապէս հոյակապ եւ մշտատեւ արժէք ունեցող ‘ապրիլ’ պիտի ըլլայ։

[Ստորանիշներ]

a Տես Դիտարանը Սեպտեմբեր 1996, էջ 14–19

b Յովսեփոս կ’ըսէ. «Երբ Տիտոս ներս մտաւ, ան շշմեցաւ քաղաքին զօրութեան վրայ . . . Ան աղաղակեց. ‘Աստուած ի՛րապէս մեր հետ էր. Աստուած էր որ Հրեաները այս ամրոցներէն վար իջեցուց. քանի որ այսպիսի աշտարակներու դէմ մարդկային ձեռքերը կամ գործիքները ի՞նչ կրնան ընել»։

c Հետաքրքրականօրէն, թարգմանութիւն մը (Shem-Tob) Մատթէոս 24։22–ի մէջ կը գործածէ Եբրայերէն ‘ավուր’ բառը, որ կը նշանակէ, «սիրոյն, պատճառաւ, որպէսզի»։—Տես նախորդ յօդուածը, էջ . . .

d Տես Մայիս 1994–ի Դիտարանը, էջ 21, 22 եւ իսկ 24 եւ 25 էջերուն վրայի ցուցակը, որ զուգահեռ սիւնակներու մէջ կը ներկայացնէ Յիսուսի մարգարէական պատասխանը, զոր կը գտնենք Մատթէս 24, Մարկոս 13 եւ Ղուկաս 21–րդ գլուխներուն մէջ։

e Տես՝ Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօ՛տ Է գրքին 235–258–րդ էջերը. 1988–ին հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ, (Անգլ.)։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէիք

◻ Երուսաղէմի վրայ Հռովմէական բանակի յարձակման երկու հանգրուանները որո՞նք են։

◻ Ինչո՞ւ անհաւանական է որ Հ.Դ. 70–ին վերապրած 97,000 Հրեաները Մատթէոս 24։22–ի մէջ յիշուած «մարմին»ները ըլլան։

◻ Երուսաղէմի նեղութեան օրերը ի՞նչպէս կարճեցուեցան եւ այս կերպով ի՞նչպէս «մարմին»ներ ապրեցան։

◻ Մօտալուտ մեծ նեղութեան ընթացքին, օրերը ի՞նչպէս պիտի կարճեցուին եւ «մարմին»ներ պիտի ապրին։

[Նկար՝ էջ 25]

Ըմբոստութենէ ետք կոխուած Հրէական մետաղադրամ։ Եբրայերէն գրութիւնը կ’ըսէ «տարի երկու», այսինքն, Հ.Դ. 67, իրենց ինքնավարութեան երկրորդ տարին

[Նկար՝ էջ 26]

Հռովմէական մետաղադրամ՝ կոխուած Հ.Դ. 71–ին։ Ձախին Հռովմէացի զինեալ մը կայ. աջին՝ ողբացող Հրէուհի մը։ Վրայի գրութիւնը կը նշանակէ՝ «Գերի Յուդան»

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել