Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Այս ամէնը պէտք է որ ըլլան»
    Դիտարան 1999 | Մայիս 1
    • Ժամանակակիցները Պիտի Տեսնէին

      11. Յիսուս ի՞նչ ըսաւ «այս սերունդ»ին մասին։

      11 Հրեաներէն շատեր կը խորհէին որ տաճարին շուրջ կեդրոնացած իրենց պաշտամունքի դրութիւնը անվերջ պիտի շարունակուէր։ Բայց Յիսուս ըսաւ. «Թզենիէն . . . սորվեցէք. որ երբ անոր ոստերը կակուղնան ու տերեւները ցցուին, կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է։ Նոյնպէս դուք երբ այս ամէն բաները տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ այս ազգը [«սերունդը», Անթիլիաս] պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան։ Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։—Մատթէոս 24։32-35

      12, 13. Աշակերտները ի՞նչպէս հասկցած ըլլալու էին Յիսուսի ակնարկած «այս սերունդը»։

      12 Հ.Դ. 66–ին առաջնորդող տարիներուն, Քրիստոնեաները տեսած ըլլալու էին բաղադրեալ նշանին նախնական շատ մը մասերուն կատարուիլը. պատերազմներ, սովեր, նոյնիսկ Թագաւորութեան բարի լուրին լայնածաւալ քարոզչութիւնը։ (Գործք 11։28. Կողոսացիս 1։23) Սակայն, վախճանը ե՞րբ պիտի գար։ Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Այս սերունդը [Յունարէն կէ·նէ·իա] պիտի չանցնի»։ Յիսուս իրեն ժամանակակից հակառակորդ Հրեաները, մէջը ըլլալով անոնց կրօնական առաջնորդները, յաճախ կոչած էր «չար եւ շնացող ազգ [«սերունդ», Անթիլիաս]»։ (Մատթէոս 11։16. 12։39, 45. 16։4. 17։16. 23։36) Ուստի, երբ Ձիթենեաց Լերան վրայ ան դարձեալ խօսեցաւ «այս սերունդ»ին մասին, ան բացայայտօրէն ամբողջ պատմութեան ընթացքին հրէական համայն ցեղին չակնարկեց. ոչ ալ ակնարկեց իր հետեւորդներուն, հակառակ անոր որ անոնք «ընտիր ցեղ մըն» էին։ (Ա. Պետրոս 2։9) Ոչ ալ Յիսուս ըսել կ’ուզէր որ «այս սերունդը» ժամանակաշրջան մըն է։

      13 Ընդհակառակը, Յիսուս ի մտի ունէր այն ատենուան հակառակորդ Հրեաները, որոնք իր տուած նշանին կատարման ականատես պիտի ըլլային։ Ղուկաս 21։32–ի (Անթիլիաս) «այս սերունդը» ակնարկումին մասին, Ուսուցչապետ Ճոէլ Պ. Կրին կը նշէ. «Երրորդ Աւետարանին մէջ, ‘այս սերունդը’ (եւ կապակից նախադասութիւնները) միշտ կը նշէ մարդոց դասակարգ մը, որ Աստուծոյ նպատակին ընդդիմացած է։ . . . [Անիկա կ’ակնարկէ] այն մարդոց, որոնք յամառօրէն կռնակ կը դարձնեն աստուածային նպատակին»։b

      14. Այդ «սերունդը» ի՞նչ բանի փորձառութիւնը ունեցաւ, սակայն Քրիստոնեաներուն համար արդիւնքը ի՞նչպէս տարբեր եղաւ։

      14 Հրեայ հակառակորդներու չար սերունդը, որոնք կրնային տեսնել կատարուող նշանը, պիտի տեսնէին նաեւ վախճանը։ (Մատթէոս 24։6, 13, 14) Ա՛յսպէս ալ եղաւ։ Հ.Դ. 70–ին, Վեսպասիանոս Կայսրի որդւոյն՝ Տիտոսի գլխաւորութեամբ հռովմէական բանակը վերադարձաւ։ Դարձեալ քաղաքին մէջ խռնուած Հրեաներուն տառապանքը գրեթէ անհաւատալի էր։c Ականատես Փլավիոս Յովսեպոս կը տեղեկագրէ որ Հռովմէացիները քաղաքը կործանած ժամանակ, շուրջ 1,100,000 Հրեաներ մեռան եւ 100,000 ալ գերի տարուեցան, որոնցմէ շատերը ահաւոր կերպով բնաջնջուեցան անօթութենէ կամ հռովմէական թատրոններուն մէջ։ Արդարեւ, Հ.Դ. 66-70–ի նեղութիւնը մեծագոյնն էր զոր Երուսաղէմ կամ հրէական դրութիւնը տեսաւ կամ կրնայ տեսնել։ Քրիստոնեաներուն համար արդիւնքը որքա՜ն տարբեր էր, որոնք Յիսուսի մարգարէական ազդարարութեան ականջ տալով Երուսաղէմէն հեռացած էին Հ.Դ. 66–ին հռովմէական բանակներուն մեկնումէն ետք։ Օծեալ Քրիստոնեաները՝ «ընտրեալներ»ը ‘ապրեցան’ կամ փրկուեցան Հ.Դ. 70–ին։—Մատթէոս 24։16, 22

  • «Այս ամէնը պէտք է որ ըլլան»
    Դիտարան 1999 | Մայիս 1
    • b Բրիտանացի ուսումնական Ճ. Ռ. Պիսլի–Մըռէյ դիտել կու տայ. «‘Այս սերունդը’ արտայայտութիւնը մեկնաբաններուն համար դժուարութիւն պէտք չէ յարուցանէ։ Թէեւ ընդունելի է որ նախկին Յունարէնին մէջ կէ·նէ·իա կը նշանակէր ծնունդ, զաւակ եւ հետեւաբար՝ ազգ, . . . [Եօթանասնից–ի Յունարէնին] մէջ անիկա յաճախ Եբրայերէն տոր արտայայտութեան տեղ թարգմանուած է, որ կը նշանակէ տարիք, մարդկութեան տարիքը, կամ սերունդ՝ ժամանակակիցներու իմաստով։ . . . Յիսուսի վերագրուած արտայայտութիւններուն մէջ, այս բառը երկու իմաստ կը թուի ունենալ. մէկ կողմէն անիկա միշտ կը նշանակէ իր ժամանակակիցները, իսկ միւս կողմէ, անիկա միշտ իր մէջ կը բովանդակէ լռելեայն քննադատութիւն»։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել