«Պատրաստ Կեցէք»
1 Իրերու այս դրութեան վախճանին նկատմամբ իր աչքառու մարգարէութեան մէջ, Յիսուս զգուշացուց որ կեանքի մտահոգութիւններով կլանուած չըլլանք։ (Մատթ. 24։36-39. Ղուկ. 21։34, 35) Որովհետեւ մեծ նեղութիւնը կրնայ որեւէ ատեն սկսիլ, շատ կարեւոր է որ Յիսուսի յորդորին անսանք. «Պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։ (Մատթ. 24։44) Այս ուղղութեամբ ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել։
2 Մտահոգութիւններու ու Զբաղումներու Դէմ Պայքարիլ. «Կեանքին հոգեր»ը հոգեւոր որոգայթ մըն է, որմէ պէտք է զգուշանանք։ (Ղուկ. 21։34, ԱՎ) Կարգ մը երկիրներու մէջ, աղքատութիւնը, անգործութիւնը եւ ապրուստի սղութիւնը կը դժուարացնեն կեանքի անհրաժեշտութիւնները ճարելը։ Այլ երկիրներու մէջ, նիւթական ստացուածքներ ձեռք ձգելը սովորական է։ Եթէ սկսինք միայն նիւթական բաներու մասին մտածել, կրնանք այլեւս Թագաւորութեան իրականութիւններուն վրայ չկեդրոնանալ։ (Մատթ. 6։19-24, 31-33) Քրիստոնէական ժողովները մեզի կ’օգնեն մեր կեդրոնացումը պահելու։ Նպատակակէտ դրա՞ծ էք իւրաքանչիւր ժողովի ներկայ գտնուիլ։—Եբր. 10։24, 25
3 Ներկայիս աշխարհը զբաղումներով զեղուն է, որոնք դիւրաւ կրնան մեզմէ թանկարժէք ժամանակ խլել։ Համակարգիչի գործածութիւնը կրնայ թակարդ մը դառնալ, եթէ անհատը անչափաւոր ժամանակ անցընէ Համացանցը նաւարկելով, Ե–նամակներ կարդալով եւ յղելով, կամ համակարգչային խաղեր խաղալով։ Հեռատեսիլը, շարժապատկերները, նախասիրութիւնները, աշխարհիկ գրականութիւններ կարդալը եւ մարմնամարզանքը կրնան անհամար ժամեր խլել, հոգեւոր հետապնդումներու համար քիչ ժամանակ կամ կորով ձգելով մեզի։ Մինչ զբօսանքը կրնայ ժամանակաւորապէս թարմացնել, Աստուածաշունչի անձնական ու ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը յաւիտենական օգուտներ կու տայ։ (Ա. Տիմ. 4։7, 8) Ամէն օր Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկալու համար ժամանակ ծախու կ’առնէ՞ք։—Եփ. 5։15-17
4 Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Եհովայի կազմակերպութիւնը հոգեւոր ուսուցումի յայտագիր մը կարգադրած է, մեզի օգնելու համար որ ‘այս բոլոր նեղութիւններէն ազատինք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլանք’։ (Ղուկ. 21։36) Թող որ այս կարգադրութիւններէն լիովին օգտուինք եւ ‘պատրաստ կենանք’, որպէսզի մեր հաւատքը «գտնուի գովութիւնով ու պատիւով եւ փառքով Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելու ատենը»։—Ա. Պետ. 1։7