Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ20 թիւ 2 էջ 14-15
  • Աստուծոյ Թագաւորութեան հիմա աջակցէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ Թագաւորութեան հիմա աջակցէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՌԱՋ ՊԻՏԻ ԽՆԴՐԵ՞Ս ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
  • Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • Աստուծոյ Թագաւորութեան իմաստը կ’ըմբռնէ՞ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
դհ20 թիւ 2 էջ 14-15
Մարդ մը Աստուածաշունչը կարդալէ առաջ կ’աղօթէ։

Աստուծոյ Թագաւորութեան հիմա աջակցէ

Երեւակայէ որ կործանիչ ոլորամրրիկ մը շրջանդ պիտի հարուածէ։ Կառավարական գործակալութիւնները կը յայտարարեն հրատապ զգուշացումներ. «ԴՈ՛ՒՐՍ ԵԼԷՔ։ ՀԻՄԱ՛ ԱՊԱՀՈՎ ՏԵՂ ՄԸ ԳԱՑԷՔ»։ Ի՞նչ բան ընելը իմաստութիւն պիտի ըլլար։ Անշուշտ, դէպի ապահով տեղ մը երթալը։

Առումով մը, բոլորիս կը սպառնայ ահռելի «ոլորամրրիկ» մը, որ Յիսուս նկարագրեց որպէս «մեծ նեղութիւն» (Մատթէոս 24։21)։ Մենք չենք կրնար այդ նեղութենէն խուսափիլ, բայց կրնա՛նք բան մը ընել, որպէսզի պաշտպանուինք։ Ի՞նչ։

Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս Քրիստոս այս ուղղութիւնը տուաւ. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը» (Մատթէոս 6։33)։ Ասիկա ինչպէ՞ս կ’ընենք։

Առա՛ջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը խնդրէ։ Ասիկա կը նշանակէ, որ պէտք է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը որեւէ բանէ աւելի կարեւոր նկատենք (Մատթէոս 6։25, 32, 33)։ Ինչո՞ւ։ Պարզապէս քանի որ մարդիկ կարող չեն մարդկութեան խնդիրները լուծել։ Միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ այդ դժուար գործը կատարել։

Անոր արդարութիւնը խնդրէ։ Պէտք է ամէն ջանք ընենք, որպէսզի Աստուծոյ արդար օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն համաձայն ապրինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ եթէ մե՛նք որոշենք թէ ի՛նչը ճիշդ է ու ի՛նչը սխալ, արդիւնքները գէշ պիտի ըլլան (Առակաց 16։25)։ Միւս կողմէ, եթէ Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրինք, ոչ միայն զինք պիտի հաճեցնենք, այլեւ մենք մեզի պիտի օգտենք (Եսայի 48։17, 18)։

Շարունակէ առաջ խնդրել Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը։ Յիսուս զգուշացուց որ ոմանք պիտի շեղին, մտածելով թէ կրնան ապահովութիւն գտնել, եթէ կարելի եղածին չափ շատ դրամ շահին։ Իսկ ուրիշներ թոյլ պիտի տան, որ կեանքի մտահոգութիւնները ա՛յնքան զիրենք զբաղեցնեն, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը խնդրելու ժամանակ չունենան (Մատթէոս 6։19-21, 25-32)։

Սակայն Յիսուս խոստացաւ, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան թիկունք կանգնողները, հիմա իրենց պէտք եղածը պիտի ստանան, եւ ապագային անվերջ օրհնութիւններ պիտի վայելեն (Մատթէոս 6։33)։

Առաջին դարուն, թէեւ Յիսուսի աշակերտները առա՛ջ կը խնդրէին Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը, բայց չտեսան ցաւին ու տառապանքին վերջ գտնելը։ Այսուհանդերձ պաշտպանուած էին։ Ինչպէ՞ս։

Անոնք Աստուծոյ արդար չափանիշներուն համաձայն ապրեցան, եւ այսպէս պաշտպանուեցան այն դժուարութիւններէն, որոնք Աստուծոյ ըսածը անտեսողները դիմագրաւեցին։ Անոնց զօրաւոր հաւատքը, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի գար, իրենց օգնեց որ տոկան նոյնիսկ ամենադժուար խնդիրներուն։ Եւ Աստուած անոնց տուաւ «սովորականը գերազանցող ուժը», որպէսզի կարենան դիմանալ (Բ. Կորնթացիս 4։7-9, ՆԱ)։

ԱՌԱՋ ՊԻՏԻ ԽՆԴՐԵ՞Ս ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Առաջին դարու քրիստոնեաները հնազանդեցան առաջ Թագաւորութիւնը խնդրելու Յիսուսի պատուէրին։ Անոնք Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզեցին իրենց բոլոր շրջաններուն մէջ (Կողոսացիս 1։23)։ Արդեօք այսօր մէկը ատիկա կ’ընէ՞։

Այո՛։ Եհովայի վկաները կը գիտակցին, որ մօտ ատենէն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այս չար աշխարհին վերջ պիտի դնէ։ Ուստի ամէն բան կ’ընեն, որ կատարեն Յիսուսի սա խօսքերը. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14)։

Աւետարանին կամ բարի լուրին ինչպէ՞ս պիտի ընդառաջես։ Քեզ կը քաջալերենք որ առաջին դարու Բերիա քաղաքի բնակիչներուն օրինակին հետեւիս։ Երբ Թագաւորութեան բարի լուրը լսեցին Պօղոս առաքեալէն, անոր պատգամը «կատարեալ յօժարութեամբ» ընդունեցին։ Անոնք ‘գրքերը քննեցին’ ստուգելու համար, որ իրենց լսածը Սուրբ Գրութիւններուն համաձայն է, եւ իրենց սորվածին հիման վրայ գործեցին (Գործք 17։11, 12)։

Աշխարհի տարածքին, միլիոնաւորներ քայլեր առած են Աստուծոյ Թագաւորութեան թիկունք կանգնելու համար

  1. Եհովայի վկաներ մարդու մը հետ կը խօսին, անոր տան դրան առջեւ։

    Թագաւորութեան բարի լուրը մտիկ ըրէ

  2. Նոյն մարդը իր տան մէջ Աստուածաշունչը կը սերտէ Եհովայի վկայի մը հետ։

    Աստուածաշունչը ուշի–ուշով քննէ

  3. Մարդը Թագաւորութեան սրահի մը մէջ ժողովի ներկայ կը գտնուի։

    Թագաւորութեան թիկունք կանգնողներուն հետ ընկերակցէ

  4. Մարդը Աստուածաշունչը կարդալէ առաջ կ’աղօթէ։

    Աստուծոյ ցոյց տուր, թէ կ’ուզես իրեն ծառայել

Կրնաս նոյնը ընել։ Առաջ խնդրելով Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը, հիմա պաշտպանութիւն պիտի գտնես, իսկ ապագային՝ մնայուն խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն։

Եհովայի վկաներուն գործունէութեան մասին աւելի գիտնալու համար, այցելէ jw.org կայքը։

Հոն աւելի քան 1000 լեզուներով տեղեկութիւններ կարելի է գտնել։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել