Յոգնածներուն մատուցանուած սիրալիր հրաւէր մը
«Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 11։28
1. Յիսուս Գալիլիոյ մէջ իր քարոզչական երրորդ շրջապտոյտին ընթացքին ի՞նչ տեսաւ։
ՄԵՐ Հասարակ Դարաշրջանի 32 թուականին սկիզբը, Յիսուս Գալիլիոյ նահանգին մէջ իր քարոզչական երրորդ շրջապտոյտը կը կատարէր։ Ան քաղաքներն ու գիւղերը կը պտըտէր ու «անոնց ժողովարաններուն մէջ կը սորվեցնէր ու կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը եւ կը բժշկէր բոլոր ախտերն ու բոլոր հիւանդութիւնները»։ Իր գործունէութեան ընթացքին, ան ժողովուրդները տեսաւ եւ «անոնց վրայ խղճաց, վասնզի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։—Մատթէոս 9։35, 36
2. Յիսուս ինչպէ՞ս օգնեց մարդոց։
2 Սակայն, Յիսուս ժողովուրդներուն վրայ խղճալէ աւելին ըրաւ։ Իր աշակերտներուն սորվեցնելէ ետք, որ «հունձքին Տէրոջը»՝ Եհովա Աստուծոյ՝ աղօթեն, ան մարդոց օգնելու ղրկեց զանոնք։ (Մատթէոս 9։38. 10։1) Ապա ան անձամբ երաշխիք տուաւ մարդոց թէ ի՛նչ կերպով իրական սփոփանք ու մխիթարութիւն գտնեն։ Ան սա սրտապնդիչ հրաւէրը մատուցանեց անոնց. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք»։—Մատթէոս 9։28, 29
3. Յիսուսի հրաւէրը ինչո՞ւ մեր օրերուն ալ գրաւիչ է։
3 Այսօր կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, երբ շատեր ծանրաբեռնուած եւ շատ բեռնաւորուած կը զգան։ (Հռովմայեցիս 8։22. Բ. Տիմոթէոս 3։1) Ոմանց համար, գոնէ ապրուստ մը ճարելը այնքան ժամանակ ու կորով կը խլէ իրենցմէ որ իրենց ընտանիքին, բարեկամներուն, կամ ուրիշ որեւէ բանի համար քիչ բան կը մնայ։ Շատեր լուրջ հիւանդութիւնով, ցաւերով, ընկճուածութիւնով եւ ֆիզիքական ու հոգեկան ուրիշ խնդիրներով բեռնաւորուած են։ Ճնշումը զգալով, ոմանք կը փորձեն սփոփանք գտնել հաճոյքներու, կերուխումի եւ նոյնիսկ թմրեցուցիչի մոլութեան ամբողջովին անձնատուր ըլլալով։ Ասիկա, անշուշտ, միայն յոռի շրջանակի մը մէջ կը ձգէ զանոնք, յաւելեալ խնդիրներ ու ճնշումներ յարուցանելով։ (Հռովմայեցիս 8։6) Յստակ է որ Յիսուսի սիրալիր հրաւէրը նոյնքան գրաւիչ է մեր օրերուն, որքան գրաւիչ էր իր օրերուն։
4. Յիսուսի սիրալիր հրաւէրէն օգուտ քաղելու համար ի՞նչ հարցումներ նկատի պէտք է առնենք։
4 Արդ, Յիսուսի օրերուն, մարդիկ ի՞նչ բաներու կ’ենթարկուէին, այնպէս որ անոնք «յոգնած ու ցիրուցան եղած» կ’երեւնային, պատճառ ըլլալով որ Յիսուս անոնց վրայ խղճար։ Անոնք ի՞նչ բեռներ պէտք էր կրէին։ Իսկ Յիսուսի հրաւէրը ինչպէ՞ս պիտի օգնէր անոնց։ Այս հարցումներուն պատասխանները կրնան օգտաշատ ըլլալ մեզի, յոգնածներուն մատուցանած Յիսուսի սիրալիր հրաւէրէն օգուտ քաղելով։
«Յոգնած ու Բեռնաւորուածներ»ը
5. Ինչո՞ւ տեղին էր որ Մատթէոս առաքեալը տեղեկագրէր Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին այս միջադէպը։
5 Հետաքրքրական է որ միայն Մատթէոսը տեղեկագրած է Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին այս միջադէպը։ Մաքսաւոր մը ըլլալով, Մատթէոս, որ նաեւ Ղեւի կը կոչուէր, լաւ գիտէր մասնայատուկ մէկ բեռը զոր մարդիկ կը կրէին։ (Մատթէոս 9։9. Մարկոս 2։14) Գիրք մը (Daily Life in the Time of Jesus) կ’ըսէ. «Այն տուրքերը զորս [Հրեաները պէտք էր] վճարէին դրամով եւ այլ կերպով չափազանց ծանր էին, իսկ անոնք բոլորն ալ աւելի ծանր էին, քանի որ երկու ձեւի տուրքերը՝ թէ՛ քաղաքացիական տուրքերը եւ թէ կրօնական տուրքերը՝ իրարու վրայ կը դրուէին եւ ոչ մէկը թեթեւ էր»։
6. (ա) Յիսուսի ժամանակուան հարկային դրութիւնը ինչպէ՞ս կը գործադրուէր։ (բ) Մաքսաւորները ինչո՞ւ այդքան վատ համբաւ մը ունէին։ (գ) Պօղոս իր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն ի՞նչ յիշեցնելու կարիքը տեսաւ։
6 Այս բոլորը մասնաւորաբար ծանր դարձնողը այդ ժամանակուան հարկային դրութիւնն էր։ Հռովմէացի պաշտօնեաները նահանգներուն մէջ տուրքեր հաւաքելու իրաւունքը կը սակարկէին ամենէն բարձր գին կտրողներուն հետ։ Անոնք, իրենց կարգին, տեղական համայնքներու մէջ մարդիկ կ’աշխատցնէին տուրք հաւաքելու գործին անձամբ տնօրինելու համար։ Այս բրգաձեւ պատկերին մէջ ամէն մարդ կը խորհէր որ իր կատարեալ իրաւունքն էր այդ տուրքին վրայ իր անձնական շահաբաժինը աւելցնել։ Օրինակի համար, Ղուկաս կը պատմէր որ «մարդ մը, Զաքէոս անունով, ... մաքսապետ ու հարուստ էր»։ (Ղուկաս 19։2) «Մաքսապետ» Զաքէոսը եւ իր տնօրինութեան ներքեւ եղած անհատները երեւութապէս մարդոց թշուառութեանը վրայ կը դիզէին իրենց հարստութիւնը։ Այս դրութենէն առթած զեղծմունքն ու ապականութիւնը պատճառ եղան որ մարդիկ մաքսաւորները դասէին մեղաւորներու ու պոռնիկներու շարքին եւ շատ մը պարագաներու, հաւանաբար անոնք այս վատ համբաւին արժանի էին։ (Մատթէոս 9։10. 21։31, 32. Մարկոս 2։15. Ղուկաս 7։34) Քանի որ մարդիկ գրեթէ անտանելի այս բեռը կը զգային, զարմանալի չէ որ Պօղոս առաքեալ կարիքը տեսաւ իր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն յիշեցնելու, որ Հռովմէական լուծին ներքեւ չսրտնեղին, այլ «[հատուցանեն] պէտք եղածը անոնց։ Որո՛ւ որ տուրք տրուելու է՝ տուրքը, որո՛ւ որ մաքս՝ մաքսը»։—Հռովմայեցիս 13։7ա. բաղդատել Ղուկաս 23։2։
7. Հռովմէական պատժական օրէնքները ինչպէ՞ս մարդոց բեռը կ’աւելցնէին։
7 Պօղոս նաեւ յիշեցուց Քրիստոնեաներուն որ հատուցանեն «որո՛ւ որ վախ՝ վախնալը, որո՛ւ որ պատիւ՝ պատիւը»։ (Հռովմայեցիս 13։7բ) Հռովմէացիները իրենց պատժական օրէնքներուն անգթութեանը եւ խստութեանը համար հռչակաւոր էին։ Անոնք յաճախ ձաղկանքի, մտրակումի, բանտարկութեան ծանր դատապարտութիւններու եւ մահապատիժներու կը դիմէին մարդիկը շարքի մէջ պահելու համար։ (Ղուկաս 23։32, 33. Գործք 22։24, 25) Նոյնիսկ Հրեայ առաջնորդներուն հեղինակութիւն տրուած էր այսպիսի պատիժներ գործադրելու համար, եթէ անոնք հարկը տեսնէին։ (Մատթէոս 10։17. Գործք 5։40) Այս դրութիւնը վստահաբար շատ ճնշիչ, աւելի ճիշդը, հարստահարիչ էր անոր ներքեւ գտնուած բոլոր անհատներուն համար։
8. Կրօնական առաջնորդները ժողովուրդին վրայ ի՞նչ բեռ կը դնէին։
8 Հռովմէական տուրքերէն եւ օրէնքներէն աւելի վատը, սակայն, այդ օրերուն կրօնական առաջնորդներուն կողմէ հասարակ ժողովուրդին վրայ դրուած բեռն էր։ Իրականութեան մէջ, ասիկա Յիսուսի գլխաւոր մտահոգութիւնն էր, երբ մարդիկը կը նկարագրէր որպէս «յոգնած ու բեռնաւորուածներ»։ Ոտնակոխուած ժողովուրդին փոխանակ յոյս ու մխիթարութիւն տալու, կրօնական առաջնորդները, ըսաւ Յիսուս, ‘ծանր եւ տանելու դժուար բեռներ կը կապէին ու կը դնէին մարդոց ուսերուն վրայ եւ իրենց մատովը չէին ուզեր զանոնք շարժել’։ (Մատթէոս 23։4. Ղուկաս 11։46) Աւետարաններուն մէջ կը նշմարուի կրօնական առաջնորդներուն, մասնաւորաբար դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն, յստակ պատկերը. ամբարտաւաններու, անսիրտներու եւ կեղծաւորներու խմբակ մը։ Անոնք հասարակ ժողովուրդին անարգանքով կը նայէին, դատուած՝ որպէս տգէտ ու պիղծ, իսկ իրենց մէջ գտնուած օտարականները կը նախատէին։ Անոնց կեցուածքին մասին հետեւեալ դիտողութիւնը եղած է. «Մեր օրերուն ձի մը չափազանց բեռնաւորող մը օրէնքին դիմաց պարսաւելի է։ Ի՛նչ կրնայ ըսուիլ մարդու մը մասին, որ 613 պատուիրաններով կրօնական մարզում չունեցած ‘ռամիկ ժողովուրդը’ կը բեռնաւորէր. ապա, անոնց օգնելու համար բա՛ն մը ըրած չըլլալով, զանոնք կը դատապարտէր որպէս ամբարիշտներ»։ Անշուշտ, բուն բեռը Մովսիսական Օրէնքը չէր, այլ ժողովուրդին պարտադրուած աւանդութիւններու զանգուածն էր։
Դժուարութեան Բուն Պատճառը
9. Յիսուսի ժամանակուան ժողովուրդին վիճակը ինչպէ՞ս տարբեր էր Սողոմոն Թագաւորին օրերու ժողովուրդին վիճակէն։
9 Երբեմն, ժողովուրդին վրայ դրուած նիւթական բեռը այնքան ծանր էր որ համատարած աղքատութիւն կը տիրէր։ Իսրայելացիները Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ դրուած տրամաբանական տուրքերը պէտք էր վճարէին։ Ապա Սողոմոնի իշխանութեան ընթացքին, ժողովուրդը ազգային թանկարժէք ծրագիրներու, ինչպէս տաճարին եւ ուրիշ շինարարութիւններու, ծախսերուն մասնակցեցաւ։ (Գ. Թագաւորաց 7։1–8. 9։17–19) Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Իսրայելացիները «կ’ուտէին, կը խմէին եւ ուրախութիւն կ’ընէին։ ... Սողոմոնին բոլոր օրերուն մէջ՝ Յուդա ու Իսրայէլ, Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ, իւրաքանչիւր մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ ապահովութեամբ կը նստէր»։ (Գ. Թագաւորաց 4։20, 25) Ինչո՞ւ այս տարբերութիւնը։
10. Առաջին դարու Իսրայէլի վիճակին պատճառը ի՞նչ էր։
10 Այնքան ատեն որ ազգը մաքուր պաշտամունքին համար հաստատ կը մնար, Եհովայի հաճութիւնը կը վայելէր եւ հակառակ ազգային ծանըր նախաձեռնութիւններուն, ապահովութեամբ ու բարգաւաճութեամբ կ’օրհնուէր։ Սակայն, Եհովա զգուշացուց որ, եթէ անոնք ‘իրմէ խոտորէին եւ իր պատուիրանքները չպահէին’, լուրջ հետեւանքներ պիտի կրէին։ Իրապէս, «Իսրայէլ բոլոր ազգերուն մէջ առակ ու կատակի առարկայ պիտի [ըլլար]»։ (Գ. Թագաւորաց 9։6, 7) Իրերը ճիշդ այդ կերպով պատահեցան։ Իսրայէլ օտար տիրապետութեան ներքեւ եկաւ եւ ատենօք փառաւոր եղած թագաւորութիւնը պարզ գաղթային վիճակի հասաւ։ Իրենց հոգեւոր պարտաւորութիւնները անտեսած ըլլալնուն համար ի՜նչ մեծ գին մը վճարուեցաւ։
11. Յիսուս ինչո՞ւ կը զգար որ ժողովուրդները «յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։
11 Այս բոլորը մեզի կ’օգնեն հասկնալու թէ Յիսուս ի՛նչու կը զգար որ իր տեսած ժողովուրդները «յոգնած ու ցիրուցան եղած էին»։ Անոնք Իսրայելացիներ էին, Եհովայի ժողովուրդը, որոնք ընդհանուր առմամբ կը ջանային Աստուծոյ օրէնքներուն համաձայն ապրիլ եւ ընդունելի կերպով մը իրենց պաշտամունքը կատարել։ Սակայն, անոնք շահագործուած ու ոտնակոխուած էին ոչ միայն քաղաքական եւ առեւտրական հեղինակութիւններու կողմէ, այլ նաեւ իրենց մէջ գտնուած կրօնական հաւատուրաց առաջնորդներու կողմէ։ Անոնք «հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս» էին, քանի որ անոնք մէկը չունէին, որ իրենց հոգ տանէր կամ իրենց դատը պաշտպանէր։ Անոնք օգնութեան կարիքը ունէին շատ դժուար իրողութիւններուն հետ գլուխ ելլելու համար։ Յիսուսի սիրալիր եւ ազնիւ հրաւէրը որքա՜ն ժամանակայարմար էր։
Յիսուսի Հրաւէրը՝ Այսօր
12. Աստուծոյ ծառաները եւ ուրիշ անկեղծ անհատներ ի՞նչ ճնշումներ կը զգան այսօր։
12 Շատ մը կերպերով, իրերը նոյնն են այսօր։ Պարկեշտօրէն ապրուստ ճարել ջանացող անկեղծ անհատներ իրերու ապականած դրութենէն եկող ճնշումներն ու պահանջները կրելը ծանր կը գտնեն։ Իրենց կեանքերը Եհովայի նուիրած անհատներն ալ այս աշխարհին ազդեցութենէն զերծ չեն։ Տեղեկագրութիւններ ցոյց կու տան որ Եհովայի ծառաներէն ոմանք, փափաքը ունենալով հանդերձ, իրենց բոլոր պատասխանատուութիւնները կատարելը երթալով դժուար կը գտնեն։ Անոնք շատ բեռնաւորուած, յոգնած, մաշուած կը զգան։ Ոմանք նոյնիսկ կը խորհին որ սփոփանք պիտի ըլլար, եթէ կարենային ամէն բան լքել եւ տեղ մը ապաստանիլ իրենք զիրենք գտնելու համար։ Դուք ալ այսպէս զգացա՞ծ էք։ Կը ճանչնա՞ք ձեզի մօտիկ եղող մէկը որ այս վիճակին մէջ է։ Այո, Յիսուսի սրտապնդիչ հրաւէրը մեծ նշանակութիւն մը ունի մեզի համար այսօր։
13. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Յիսուս կրնայ օգնել մեզի որ մխիթարութիւն ու հանգստութիւն գտնենք։
13 Իր սիրալիր հրաւէրը տալէ առաջ, Յիսուս նշած էր. «Ամէն բան ինծի տրուեցաւ իմ Հօրմէս ու մէկը չի ճանչնար Որդին, բայց Հայրը եւ մէ՛կը չի ճանչնար Հայրը, բայց Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել»։ (Մատթէոս 11։27) Յիսուսի եւ իր Հօրը միջեւ գոյութիւն ունեցող այս մտերիմ յարաբերութեան պատճառաւ, վստահ կ’ըլլանք որ Յիսուսի հրաւէրը ընդունելով եւ իր աշակերտները ըլլալով, կրնանք ‘ամէն մխիթարութեան Աստուծոյն’՝ Եհովային հետ մտերիմ, անձնական յարաբերութեան մը մէջ գալ։ (Բ. Կորնթացիս 1։3. բաղդատել Յովհաննու 14։6։) Ասկէ զատ, քանի որ ‘ամէն բան իրեն տրուեցաւ’, միայն Յիսուս Քրիստոս մեր բեռները թեթեւցնելու զօրութիւնը եւ հեղինակութիւնը ունի։ Ո՞ր բեռները։ Այն բեռները որոնք մեզի պարտադրուած են քաղաքական, առեւտրական եւ կրօնական ապականած դրութիւններէն, ինչպէս նաեւ մեր ժառանգական մեղքէն ու անկատարութենէն մեզի պարտադրուած բեռները։ Ասիկա իր առաջին բառերէն իսկ որքա՜ն քաջալերական ու սրտապնդիչ միտք մըն է։
14. Յիսուս ի՞նչպիսի յոգնութեան դէմ կրնար հանգըստութիւն հայթայթել։
14 Յիսուս շարունակեց ըսել. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»։ (Մատթէոս 11։28) Վստահաբար Յիսուս ծանր աշխատելուն դէմ չէր խօսեր, քանի որ ան յաճախ կը խրատէր իր աշակերտները որ իրենց ստանձնած գործունէութեան մէջ ճիգ թափեն։ (Ղուկաս 13։24) Բայց ‘յոգնիլ’ը («ճգնիլ», Թագաւորութեան Տողընդմիջեայ) երկարատեւ եւ ուժաբեկիչ աշխատանք կը պարփակէ, յաճախ առանց արժէքաւոր արդիւնքի։ Իսկ «բեռնաւորուած» արտայայտութիւնը կը բովանդակէ բնական կարողութենէ աւելի ծանր բեռ մը կրելու գաղափարը։ Այս երկուքին միջեւ եղող տարբերութիւնը կրնայ նմանցուիլ պահուած գանձ մը փնտռելու համար փորող անհատի մը եւ տաժանակիր աշխատանքի ճամբարի մը մէջ խրամներ փորող անհատին։ Երկուքն ալ նոյն ծանր գործը կը կատարեն։ Մէկը իր պարտականութիւնը ջանադրութեամբ կը կատարէ, իսկ միւսին համար, անիկա անվերջ տաժանելի աշխատանք մըն է։ Տարբերութիւնը գործին նպատակ ունենալն, կամ նպատակէ զերծ ըլլալն է։
15. (ա) Մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ կրնանք ուղղել, եթէ կը զգանք որ մեր ուսերուն վրայ ծանր բեռ մը ունինք։ (բ) Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր բեռներուն աղբիւրին մասին։
15 Դուք ալ կը զգա՞ք որ «յոգնած ու բեռնաւորուած» էք եւ որ ձեր ժամանակն ու կորովը խլող շատ բաներ կան։ Այն բեռները զոր կը կրէք շատ ծա՞նր կը թուին ձեզի։ Եթէ այո, թերեւս օգտակար է որ դուք ձեզի հարց տաք. ‘Ի՞նչ բանի համար կը յոգնիմ։ Ի՞նչպիսի բեռ մը կը կրեմ ’։ Այս առնչութեամբ Աստուածաշունչի մեկնաբան մը աւելի քան 80 տարի առաջ դիտել տուաւ. «Եթէ կեանքի բեռները նկատի առնենք, անոնք երկու կարգի մէջ կ’իյնան, կրնանք զանոնք կոչել՝ ինքնապարտադրուած բեռներ եւ անխուսափելի բեռներ. անոնք որ մեր իսկ արարքներուն հետեւանքն են եւ անոնք որ մեր արարքներուն հետեւանքը չեն»։ Ապա ան աւելցուց. «Խիստ անձնաքննութիւն մը կատարելէ ետք, շատերս պիտի զարմանայինք տեսնելով որ մեր բոլոր բեռներուն մեծ համեմատութիւնը ինքնապարտադրուած բեռներն են»։
16. Ի՞նչ բեռներ թերեւս անխոհեմաբար մենք մեզի կը պարտադրենք։
16 Ի՞նչ են կարգ մը բեռներ զորս թերեւս մենք մեզի կը պարտադրենք։ Ներկայիս կ’ապրինք նիւթապաշտ, հաճոյասէր եւ անբարոյ աշխարհի մը մէջ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1–5) Նոյնիսկ նուիրուած Քրիստոնեաները աշխարհին նորոյթներուն ու ոճերուն հետ քայլ պահելու յարատեւ ճնշումին ներքեւ կը գտնուին։ Յովհաննէս առաքեալ ‘մարմնի ցանկութեան ու աչքերու ցանկութեան եւ այս կեանքին ամբարտաւանութեան’ մասին գրեց։ (Ա. Յովհաննու 2։16) Ասոնք զօրաւոր ազդեցութիւններ են, որոնք կրնան դիւրութեամբ պատել մեզ։ Գիտենք որ ոմանք մեծ պարտքերու մէջ մտնելու յօժար են աշխարհային հաճոյքները աւելի ձեռք ձգելու կամ կեանքի որոշ ոճ մը պահելու համար։ Ապա անոնք կ’անդրադառնան որ չափէ աւելի ժամանակ պէտք է յատկացնեն իրենց աշխատանքին, կամ բազմաթիւ գործեր պէտք է ընեն, որպէսզի իրենց պարտքերը վճարելու համար դրամ շահին։
17. Ո՞ր վիճակը կրնայ բեռը կրելը ալ աւելի տաժանելի դարձնել, եւ ասոր ճարը ի՞նչ է։
17 Մինչ անհատ մը կրնայ պատճառաբանել որ սխալ չէ կարգ մը բաներ ունենալ կամ ընել զորս ուրիշներ ունին կամ կ’ընեն, բայց կարեւոր է որ ան վերլուծումներ ընէ, տեսնելու համար թէ իր բեռը անպէտ կերպով չաւելցներ։ (Ա. Կորնթացիս 10։23) Քանի որ կրնանք միայն որոշ չափով բեռ կրել, ուրիշ բան մը մէկդի պէտք է դրուի, նոր բեռ մը առնելու համար։ Յաճախ, առաջին հերթին, մէկդի կը դրուին այն բաները որոնք մեր հոգեւոր բարօրութեան անհրաժեշտ են. Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւնը, ժողովներու ներկայ գտնուիլը եւ քարոզչութիւնը։ Ասոր հետեւանքը կ’ըլլայ հոգեւոր զօրութեան կորուստ, որ, իր կարգին, բեռը կրելը ալ աւելի տաժանելի կը դարձնէ։ Յիսուս Քրիստոս այս վտանգին դէմ զգուշացուց, երբ ըսաւ. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի ... որոգայթի մը պէս»։ (Ղուկաս 21։34, 35. Եբրայեցիս 12։1) Դժուար է որոգայթ մը նշմարել եւ անկէ խուսափիլ, երբ բեռնաւորուած ու յոգնած ենք։
Սփոփանք եւ Հանգստութիւն
18. Յիսուս իրեն եկողներուն ի՞նչ հրամցուց։
18 Հետեւաբար Յիսուս սիրալիր կերպով ճարը հրամցուց. «Եկէ՛ք ինծի, ... եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»։ (Մատթէոս 11։28) Հոս գործածուած ‘հանգչեցնել’, իսկ 29–րդ համարին մէջ «հանգստութիւն» բառերը Յունարէն բառերէ կու գան, որոնք կը համապատասխանեն այն բառին զոր Եօթանասնից թարգմանութիւնը կը գործածէ Եբրայերէն «շաբաթ» կամ ‘շաբաթ պահել’ բառին համար։ (Ելից 16։23) Ուստի, Յիսուս չխոստացաւ որ անոնք որոնք իրեն կու գային այլեւս պիտի չաշխատէին, այլ ան խոստացաւ որ զանոնք պիտի հանգստացնէր, որպէսզի անոնք Աստուծոյ նպատակին հետ ներդաշնակ եղող իրենց տրուելիք գործին համար պատրաստ ըլլային։
19. Ինչպէ՞ս ‘Յիսուսի կու գանք’։
19 Արդ, ինչպէ՞ս ‘Յիսուսի կու գանք’։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ»։ (Մատթէոս 16։24) Ուստի, Յիսուսի գալը կը պարփակէ մեր կամքը Աստուծոյ եւ Քրիստոսի կամքին ենթարկել, պատասխանատուութեան որոշ բեռ մը ընդունիլ եւ ասիկա շարունակաբար ընել։ Այս բոլորը շա՞տ բան կը պահանջէ։ Գինը շա՞տ բարձր է։ Տեսնենք թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ յոգնածներուն իր սիրալիր հրաւէրը տալէ առաջ։
Կրնա՞ք Յիշել
◻ Յիսուսի օրերուն, մարդիկ ի՞նչ կերպերով բեռնաւորուած էին։
◻ Ժողովուրդին դժուարութեան բուն պատճառը ի՞նչ էր։
◻ Եթէ ծանրաբեռնուած կը զգանք, մենք մեզ ինչպէ՞ս պէտք է քննենք։
◻ Ի՞նչ բեռներ թերեւս անխոհեմաբար մենք մեզի կը պարտադրենք։
◻ Յիսուսի խոստացած հանգստութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք ստանալ։
[Նկար՝ էջ 21]
Ի՞նչ են կարգ մը բեռներ զորս թերեւս մենք մեզի կը պարտադրենք։