Ուսումնասիրութիւն 36
Բնաբանի Մշակում
ՓՈՐՁԱՌՈՒ դասախօսներ գիտեն բնաբան մը ունենալուն արժէքը։ Երբ դասախօսութիւն մը կը պատրաստեն, բնաբանը անոնց կ’օգնէ որ աւելի մասնայատուկ տեղեկութեան վրայ կեդրոնացնեն իրենց ուշադրութիւնը եւ անոր մասին աւելի խոր կերպով մտածեն։ Արդիւնքը այն կ’ըլլայ որ փոխանակ մակերեսային կերպով շատ կէտեր շօշափելու, իրենց նիւթը այնպիսի կերպով մը կը մշակեն որ իրենց ունկնդիրներուն համար աւելի օգտաւէտ ըլլայ։ Երբ գլխաւոր կէտերէն իւրաքանչիւրը ուղղակիօրէն կապուած ըլլայ բնաբանին եւ անոր մշակման նպաստէ, ունկնդիրներուն համար աւելի հեշտ կ’ըլլայ յիշել զանոնք եւ անոնց նշանակութիւնը գնահատել։
Թէեւ կրնայ ըսուիլ որ բնաբանը այն նիւթն է որուն մասին կը խօսիք, բայց պիտի նկատէք որ ձեր դասախօսութիւններուն որակը պիտի բարելաւուի, եթէ որդեգրէք այն կեցուածքը թէ ձեր բնաբանը այն մասնայատուկ տեսանկիւնն է, որուն համաձայն կը մշակէք ձեր նիւթը։ Թագաւորութիւնը, Աստուածաշունչը եւ յարութիւնը ընդարձակ նիւթեր են։ Այս նիւթերուն շուրջ այլազան բնաբաններ կրնան մշակուիլ։ Ահաւասիկ կարգ մը օրինակներ. «Թագաւորութիւնը՝ Իրական Կառավարութիւն մը», «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Երկիրը Դրախտի Պիտի Վերածէ», «Աստուածաշունչը Աստուծմէ Ներշնչուած Է», «Աստուածաշունչը Գործնական Առաջնորդ մըն Է Մեր Օրերուն», «Յարութիւնը Յոյս կու Տայ Վշտահարներուն», եւ՝ «Յարութեան Յոյսը Մեզի կ’Օգնէ որ Հալածանքի Դիմաց Հաստատ Մնանք»։ Այս բոլոր բնաբանները բոլորովին տարբեր մօտեցումով մշակուիլ կը պահանջեն։
Աստուածաշունչի հիմնական բնաբանին հետ համապատասխան ըլլալով, իր երկրային ծառայութեան ընթացքին Յիսուս Քրիստոսի կատարած քարոզչութիւնը հետեւեալ բնաբանը ցցուն ըրաւ. «Երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է»։ (Մատթ. 4։17) Այդ բնաբանը ի՞նչպէս մշակուեցաւ։ Չորս Աւետարաններուն մէջ աւելի քան 110 անգամ այդ Թագաւորութեան ակնարկում եղած է։ Բայց Յիսուս կրկին անգամ «թագաւորութիւն» արտայայտութիւնը գործածելէն աւելին ըրաւ։ Թէ՛ իր ուսուցումով եւ թէ իր կատարած հրաշքներով, Յիսուս լուսաբանեց որ ինք՝ որ իրենց մէջ ներկայ էր՝ Աստուծոյ Որդին ու Մեսիան էր, ան՝ որուն Եհովա պիտի տար Թագաւորութիւնը։ Յիսուս ցոյց տուաւ նաեւ որ իր միջոցաւ դուռը բացուած էր որ ուրիշներն ալ մասնակից ըլլային Թագաւորութեան։ Ան բնորոշեց այն յատկութիւնները, զորս այդ առանձնաշնորհումը ստացողները պէտք էր ցուցաբերէին։ Իր ուսուցումներով ու իր կատարած հզօր գործերով, ան պարզեց թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ պիտի նշանակէր մարդոց կեանքին մէջ, եւ նշեց թէ Աստուծոյ հոգիին միջոցաւ իր դեւեր հանելը ապացոյց մըն էր որ ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը իրենց վրայ հասած էր’։ (Ղուկ. 11։20) Այս Թագաւորութիւնն էր, որուն մասին Յիսուս իր հետեւորդներուն յանձնարարեց որ վկայեն։—Մատթ. 10։7. 24։14
Յարմար Բնաբան մը Գործածել։ Ձեզմէ չի պահանջուիր որ բնաբան մը Աստուածաշունչին մշակած տարողութեամբ մշակէք, բայց յարմար բնաբան մը ունենալը նոյնքան կարեւոր է։
Եթէ բնաբանին ընտրութիւնը ձեզի ձգուած է, նախ ձեր ներկայացման նպատակը նկատի ունեցէք։ Ապա, մինչ ձեր ուրուագիծը կազմող գլխաւոր կէտերը կ’ընտրէք, վստահ եղէք որ անոնք իրապէս ձեր ընտրած բնաբանին թիկունք կը կանգնին։
Եթէ բնաբանը նշանակուած է, ուշադիր կերպով վերլուծեցէք թէ ըստ անոր ձեր նիւթը ի՛նչ կերպով պէտք է մշակուի։ Թերեւս քիչ մը ջանք պահանջուի այսպիսի բնաբանի մը արժէքը եւ հնարաւորութիւնը ըմբռնելու համար։ Եթէ ձեզի նշանակուած բնաբանը մշակելու համար տեղեկութիւններ կը հաւաքէք, հոգածութեամբ ընտրեցէք զանոնք, որպէսզի բնաբանը միշտ ցցուն ըլլայ։ Միւս կողմէ, եթէ ձեզի նիւթը հայթայթուած է, տակաւին պէտք է վերլուծէք թէ ի՛նչպէս կրնաք գործածել զայն բնաբանին հետ համապատասխան ըլլալու համար։ Նկատի պէտք է ունենաք նաեւ թէ նիւթը ինչո՛ւ կարեւոր է ձեր ունկնդիրներուն եւ զայն տալու մէջ ձեր նպատակը ի՛նչ է։ Ասիկա պիտի օգնէ որոշելու թէ ի՛նչ պիտի շեշտէք ձեր դասախօսութեան մէջ։
Ի՛նչպէս Շեշտել Բնաբանը։ Բնաբանը պատշաճօրէն շեշտելու համար, ձեր նիւթը ընտրելու ու դասաւորելու ընթացքին հիմը պէտք է դնէք։ Եթէ միայն ձեր բնաբանին թիկունք կանգնող բաները ընտրէք եւ լաւ ուրուագիծ պատրաստելու սկզբունքներուն հետեւիք, գրեթէ բնականաբար պիտի շեշտէք բնաբանը։
Կրկնումը կրնայ օգնել որ բնաբանը ցցուն ըլլայ։ Դասական երաժշտութեան մէջ, բնաբանը այն մեղեդին է, որ յաճախ կը կրկնուի եւ ամբողջ ստեղծագործութիւնը կը յատկորոշէ։ Մեղեդին միշտ նոյն կերպով չի կրկնուիր։ Երբեմն անիկա մէկ կամ երկու նախադասութիւն կ’ըլլայ, պարբերաբար փոփոխութիւն մը կը դրուի բնաբանին մէջ, բայց ստեղծագործողը հմտօրէն իր ամբողջ ստեղծագործութեան մէջ կերպով մը կ’ընդելուզէ զայն։ Դասախօսութեան մը բնաբանն ալ նոյն կերպով պէտք է ըլլայ։ Բնաբանի գլխաւոր բառերուն կրկնումը, երաժշտական ստեղծա գործութեան մը կրկնուող մեղեդիին կը նմանի։ Այս բառերուն հոմանիշները, կամ բնաբանը տարբեր կերպով կրկնելը՝ բնաբանին այլազանութիւն կու տան։ Այսպիսի կերպերու գործածութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ որ ձեր ունկնդիրները գլխաւորաբար բնաբանը յիշեն։
Այս սկզբունքները ո՛չ միայն բեմէն տրուած դասախօսութիւններուն կը կիրարկուին, այլ նաեւ դաշտի ծառայութեան զրոյցներուն։ Յարաբերաբար կարճ խօսակցութիւն մը շատ աւելի կը յիշուի, եթէ բնաբանը ցցուն ըլլայ։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը ընթացքին տրուած ուսուցում մը շատ աւելի դիւրին պիտի մտաբերուի, եթէ բնաբանը շեշտուած ըլլայ։ Յարմար բնաբաններ ընտրելու ու մշակելու ձեր ջանքերը մեծապէս պիտի օգնեն ձեզի որ ազդեցիկ ըլլաք որպէս դասախօս եւ Աստուծոյ Խօսքը ուսուցանող մը։