Աստուծոյ Թագաւորութեան իմաստը կ’ըմբռնէ՞ք
«Իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, միտք կ’առնէ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 13։23
1. ‘Երկնքի թագաւորութեան’ նկատմամբ հասարակաց համոզումներէն ոմանք ի՞նչ են։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ Թագաւորութեան ‘իմաստը ըմբռնած՞’ էք։ Դարերու ընթացքին, «երկնքի թագաւորութիւնը» ի՞նչ ներկայացնելուն մասին շատ տարբեր մեկնութիւններ տրուած են։ Ներկայիս եկեղեցիի անդամներէն ոմանց հասարակաց համոզումն է որ Թագաւորութիւնը բան մըն է, զոր Աստուած անհատին սրտին մէջ կը դնէ հաւատադարձութեան ատեն։ Ուրիշներ կը խորհին որ անիկա վայր մըն է, ուր բարի մարդիկ իրենց մահուընէ ետք կ’երթան, յաւիտենական երանութիւն վայելելու համար։ Տակաւին ուրիշներ կը դաւանին որ Աստուած մարդոց ձգած է որ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ հաստատեն, ջանալով Քրիստոնէական ուսուցումներ ու սովորութիւններ ներմուծել ընկերային ու կառավարական գործառնութիւններու մէջ։
2. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը բացատրէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, եւ անիկա ի՞նչ պիտի իրագործէ։
2 Սակայն, Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրային հիմնարկ մը չէ։ Անիկա ո՛չ սրտի վիճակ մըն է, ո՛չ ալ մարդկային ընկերութիւնը Քրիստոնէականացնել է։ Ճիշտ է որ այս Թագաւորութեան ինքնութեան մասին շիտակ հասկացողութիւնը անոր հաւատք ընծայողներուն կեանքին մէջ հսկայ փոփոխութիւններ կը մտցնէ։ Բայց Թագաւորութիւնը ինքնին Աստուծոյ կողմէ հաստատուած երկնային կառավարութիւն մըն է, որ մեղքին ու մահուան ազդեցութիւնները ջնջելով եւ երկրի վրայ արդար վիճակներ վերահաստատելով, Աստուծոյ կամքը պիտի իրագործէ։ Այս Թագաւորութիւնը արդէն երկնքի մէջ իշխանութիւն ստացած է եւ շուտով «այս բոլոր [մարդկային] թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։—Դանիէլ 2։44. Յայտնութիւն 11։15. 12։10
3. Երբ Յիսուս իր ծառայութիւնը սկսաւ, մարդոց ի՞նչ պատեհութիւն տրուեցաւ։
3 Պատմաբան Հ. Կ. Ուէլզ գրեց. «Երկնքի Թագաւորութեան այս վարդապետութիւնը, որ Յիսուսի գլխաւոր ուսուցումն էր եւ որ այսքան պզտիկ տեղ կը գրաւէ Քրիստոնէական հանգանակներուն մէջ, վստահաբար ամենէն յեղափոխական վարդապետութիւններէն մէկն է, որ մարդկային միտքը գրգռած եւ փոխած է»։ Սկիզբէն իսկ, Յիսուսի ծառայութեան բնաբանն էր. «Ապաշխարեցէք, վասնզի երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է»։ (Մատթէոս 4։17) Արդ, Յիսուս երկրի վրայ էր որպէս օծեալ Թագաւոր, ու ի՜նչ ցնծութիւն. մարդոց պատեհութիւն կը տրուէր ո՛չ միայն այս Թագաւորութեան օրհնութիւններուն մասնակցելու, այլ նաեւ՝ Թագաւորութեան մէջ Յիսուսի հետ իշխանակիցներ ու քահանաներ ըլլալու։—Ղուկաս 22։28–30. Յայտնութիւն 1։6. 5։10
4. Առաջին դարուն ամբոխները «արքայութեան աւետարան»ին ի՞նչպէս ընդառաջեցին, եւ ասիկա ի՞նչ դատապարտութեան առաջնորդեց։
4 Թէեւ ամբոխներ «արքայութեան» խայտալի «աւետարանը» լսեցին, սակայն քիչեր անոր հաւատք ընծայեցին։ Պատճառը մասամբ այն էր որ կրօնական առաջնորդները ‘երկնքի թագաւորութիւնը մարդոց առջեւ գոցած էին’։ Անոնք իրենց սուտ ուսուցումներով ‘գիտութեան բանալին վերցուցած էին’։ Քանի որ մարդոց մեծամասնութիւնը Յիսուսը մերժեց որպէս Մեսիան ու Աստուծոյ Թագաւորութեան օծեալ Թագաւորը, Յիսուս անոնց ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ»։—Մատթէոս 4։23. 21։43. 23։13. Ղուկաս 11։52
5. Յիսուսի առակները լսողներուն մեծամասնութիւնը ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ հասկացողութեամբ մտիկ չէր ըներ։
5 Առիթով մը, երբ մեծ բազմութեան մը կը սորվեցնէր, Յիսուս իր սովորութեան համաձայն շարք մը առակներ գործածեց, բազմութիւնը փորձի ենթարկելու ու Թագաւորութեան նկատմամբ միմիայն մակերեսային հետաքրքրութիւն ունեցողները բնորոշելու համար։ Առաջին առակը չորս տեսակ հողերու մէջ սերմ ցանողի մը մասին էր։ Առաջին երեք տեսակները բոյսերու աճման համար նպաստաւոր չէին, սակայն վերջինը՝ լաւ արդիւնք տուող «աղէկ հող» էր։ Այս կարճ առակը եզրափակուեցաւ հետեւեալ յորդորով. «Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ [մտիկ ընէ (ՆԱ)]»։ (Մատթէոս 13։1–9) Ներկաներէն շատեր զինք լսեցին, բայց անոր ‘մտիկ չըրին’։ Անոնք մասնաւոր մղում մը չունէին, իրապէս հետաքրքրուած չէին գիտնալու թէ զանազան պայմաններու ներքեւ ցանուած սերմը երկնքի Թագաւորութեան ի՛նչպէս կը նմանէր։ Անոնք իրենց տուները, իրենց առօրեայ աշխատանքին վերադարձան, հաւանաբար խորհելով որ Յիսուսի առակները պարզապէս բարոյական լաւ պատմութիւններ էին։ Քանի որ անոնց սրտերը անտարբեր էին, անոնք շատ մեծ հասկացողութիւն ու հոյակապ առանձնաշնորհումներ եւ պատեհութիւններ կորսնցուցին։
6. «Թագաւորութեան խորհուրդները» հասկնալը ինչո՞ւ միմիայն Յիսուսի աշակերտներուն տրուած էր։
6 Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ձեզի տրուած է գիտնալ երկնքի թագաւորութեան խորհուրդները, բայց անոնց տրուած չէ»։ Եսայիի մարգարէութենէն մէջբերելով, ան աւելցուց. «‘Վասնզի այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ եւ իրենց ականջներովը ծանր լսեցին ու աչքերնին գոցեցին, որպէսզի չըլլայ թէ աչքերով տեսնեն եւ ականջներով լսեն եւ սրտով իմանան ու դարձի գան եւ ես զանոնք բժշկեմ’։ Բայց երանի՜ է ձեր աչքերուն, որոնք կը տեսնեն ու ձեր ականջներուն, որոնք կը լսեն»։—Մատթէոս 13։10–16. Մարկոս 4։11–13
Թագաւորութեան ‘Իմաստը Ըմբռնել’
7. Թագաւորութեան ‘իմաստը ըմբռնել’ը ի՞նչու կարեւոր է։
7 Յիսուս մատը վէրքին վրայ դրաւ։ Հարցը Թագաւորութեան պատգամին ‘իմաստը ըմբռնել’ուն հետ առնչութիւն ունէր։ Ան իր աշակերտներուն առանձնաբար ըսաւ. «Հիմա դուք սերմ ցանողին առակը լսեցիք։ Ամէն ով որ թագաւորութեան խօսքը կը լսէ ու միտք չառներ, չարը կու գայ ու անոր սրտին մէջ ցանուածը կը յափշտակէ»։ Ան շարունակեց բացատրել որ հողի չորս տեսակները սրտի զանազան վիճակներ կը ներկայացնէին, ուր «թագաւորութեան խօսքը» պիտի ցանուէր։—Մատթէոս 13։18–23. Ղուկաս 8։9–15
8. Առաջին երեք տեսակ հողերուն մէջ ցանուած «սերմ»ին պտղաբեր ըլլալուն ի՞նչ բան արգելք հանդիսացաւ։
8 «Սերմ»ին որակը իւրաքանչիւր պարագային լաւ էր, բայց պտուղը՝ հողին վիճակէն կախեալ պիտի ըլլար։ Եթէ սրտին հողը բանուկ ճամբու մը հողին նման պինդ ըլլար, այսինքն, հոգեւոր չեղող բազմաթիւ գործունէութիւններով կարծրացած ըլլար, Թագաւորութեան պատգամը լսողը դիւրութեամբ ինքզինք պիտի չքմեղացնէր, ըսելով որ Թագաւորութեան համար տրամադրելիք ժամանակ չունի։ Անտեսուած սերմը, արմատ բռնելէ առաջ կրնար դիւրութեամբ խլուիլ։ Իսկ եթէ սերմը ապառաժուտ հողի նմանող սրտի մը մէջ ցանուած ըլլար, թերեւս ծլէր, բայց սնունդ առնելու ու հաստատուելու համար իր արմատները խորացնելու դժուարութիւն պիտի ունենար։ Յատկապէս կիզիչ հալածանքի ներքեւ Աստուծոյ հնազանդ ծառայ մը ըլլալու հեռանկարը, ջախջախիչ մարտահրաւէր մը պիտի ներկայացնէր ու անհատը կրնար գայթակղիլ։ Դարձեալ, եթէ սրտին հողը փշանման մտահոգութիւններով կամ հարստութիւն ձեռք ձգելու նիւթապաշտական ցանկութիւնով չափազանց խճողուած ըլլար, Թագաւորութեան վտիտ տունկը պիտի խեղդուէր։ Կեանքի մէջ սովորական եղող այս երեք պարագաներուն, Թագաւորութեան որեւէ պտուղ պիտի չարտադրուէր։
9. Աղէկ հողի մէջ ցանուած սերմը ի՞նչու կրցաւ բարի պտուղ տալ։
9 Սակայն, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ աղէկ հողին մէջ ցանուած Թագաւորութեան սերմին մասին։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, միտք կ’առնէ եւ պտուղ կու տայ, ո՛րը հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն ու ո՛րը՝ երեսուն»։ (Մատթէոս 13։23) Թագաւորութեան ‘իմաստը ըմբռնել’ով, անոնք իրենց անհատական պարագաներուն համաձայն աղէկ պտուղ պիտի տային։
Հասկացողութիւնը՝ Պատասխանատուութիւն Կը Բերէ
10. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ Թագաւորութեան ‘իմաստը ըմբռնել’ը թէ՛ օրհնութիւններ եւ թէ պատասխանատուութիւն կը բերէ։ (բ) Յիսուսի տուած աշակերտելու պատուէրը միայն առաջի՞ն դարու աշակերտներուն կիրարկելի էր։
10 Թագաւորութեան զանազան երեսակները բացատրելու համար յաւելեալ վեց առակներ տալէ ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն հարցուց. «Հասկցա՞ք այս ամէն բաները»։ Երբ անոնք «այո՛» պատասխանեցին, ան ըսաւ. «Անոր համար ամէն դպիր որ երկնքի թագաւորութեան աշակերտ եղած է, նման է տանտէր մարդու մը որ իր գանձէն նոր ու հին բաներ կը հանէ»։ Յիսուսի հայթայթած ուսուցումներն ու մարզումը իր աշակերտները հասուն Քրիստոնեաներ պիտի դարձնէին, որոնք իրենց ‘շտեմարան’էն հոգեւոր ճոխ կերակուրի անվերջ պաշար պիտի հանէին։ Այս պաշարը գլխաւորաբար Աստուծոյ Թագաւորութեան հետ կապ պիտի ունենար։ Յիսուս պարզօրէն հասկցուց որ Թագաւորութեան ‘իմաստը ըմբռնել’ը ոչ միայն օրհնութիւններ պիտի բերէր, այլ նաեւ՝ պատասխանատուութիւն։ Ան պատուիրեց. «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, . . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը»։—Մատթէոս 13։51, 52. 28։19, 20
11. Երբ 1914–ը եկաւ, Թագաւորութեան վերաբերեալ ի՞նչ դէպքեր տեղի ունեցան։
11 Իր խոստումին համաձայն, Յիսուս դարերու ընթացքին շարունակած է իր ճշմարիտ աշակերտներուն հետ ըլլալ՝ մինչեւ օրս։ Այս վերջին օրերուն, ան աստիճանաբար անոնց հասկացողութիւնը աւելցուցած է, իսկ ճշմարտութեան յաւելեալ լոյսին գործածութեան նկատմամբ, զիրենք պատասխանատու նկատած է։ (Ղուկաս 19։11–15, 26) 1914–ին, Թագաւորութեան հետ կապ ունեցող դէպքերը սկսան արագօրէն ու անակնկալօրէն պարզուիլ։ Այդ տարին, ոչ միայն շատոնց սպասուած Թագաւորութեան ‘ծնունդ’ը տեղի ունեցաւ, այլ նաեւ, «իրերու դրութեան վախճան»ը սկսաւ։ (Յայտնութիւն 11։15. 12։5, 10. Դանիէլ 7։13, 14, 27) Ընթացիկ դէպքերուն իմաստը ըմբռնելով, ճշմարիտ Քրիստոնեաները Թագաւորութիւնը քարոզելու եւ ուսուցանելու մեծագոյն արշաւին ձեռնարկեցին։ Յիսուս ասիկա գուշակած էր, ըսելով. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։—Մատթէոս 24։14
12. (ա) Թագաւորութեան մասին ընդլայնուած վկայութեան արդիւնքը ի՞նչ եղած է մեր օրերուն։ (բ) Այս կասկածոտ աշխարհին մէջ, ի՞նչ վտանգ կը սպառնայ Քրիստոնեաներուն։
12 Թագաւորութեան մասին այս ընդարձակ վկայութիւնը աւելի քան 230 երկիրներ հասած է։ Արդէն հինգ միլիոնէ աւելի ճշմարիտ աշակերտներ այս գործին կը մասնակցին, եւ տակաւին ուրիշներ կը հաւաքուին։ Սակայն, եթէ աշակերտներուն թիւը երկրի 5.6 միլիառ բնակչութեան հետ բաղդատենք, կը պարզուի որ Յիսուսի օրերուն նման, մարդկութեան մեծամասնութիւնը Թագաւորութեան ‘իմաստը չ’ըմբռներ’։ Ինչպէս նախագուշակուած էր, շատեր կը ծաղրեն ու կ’ըսեն. «Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը»։ (Բ. Պետրոս 3։3, 4) Որպէս Քրիստոնեաներ մեզի համար վտանգ կայ որ անոնց ինքնագոհ, կասկածամիտ, նիւթապաշտ վերաբերմունքը, Թագաւորութեան առանձնաշնորհումներուն հանդէպ մեր ունեցած տեսակէտին աստիճանաբար ազդէ։ Այս աշխարհի մարդոցմով շրջապատուած ըլլալով, կրնանք անոնց վերաբերմունքներէն ու սովորութիւններէն ոմանք դիւրութեամբ որդեգրել։ Ուստի, որքա՜ն կենսական է որ Աստուծոյ Թագաւորութեան ‘իմաստը ըմբռնենք’ ու անոր կառչինք։
Թագաւորութեան Առնչութեամբ Մենք Մեզ Քննենք
13. Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու պատուէրին առնչութեամբ, ինչպէս կրնանք քննել թէ կը շարունակե՞նք ներատեսութեամբ ‘լսել’ թէ ոչ։
13 Հունձքի ժամանակին նկատմամբ, որու մէջ կ’ապրինք, Յիսուս ըսաւ. «Որդին մարդոյ իր հրեշտակները պիտի ղրկէ ու պիտի ժողվեն անոր թագաւորութենէն բոլոր գայթակղութիւնները եւ զանոնք, որ անօրէնութիւն կը գործեն։ . . . Այն ատեն արեւի պէս պիտի փայլին արդարները իրենց Հօրը Թագաւորութեանը մէջ։ Ան որ լսելու ականջ ունի, թող լսէ»։ (Մատթէոս 13։41, 43) Թագաւորութիւնը քարոզելու ու աշակերտելու պատուէրին անսալով, կը շարունակէ՞ք ‘լսել’։ Մի մոռնաք որ «աղէկ հողի մէջ ցանուածը» ‘խօսքը լսեց եւ միտք առաւ’ ու լաւ պտուղ տուաւ։—Մատթէոս 13։23
14. Երբ խրատ մը տրուի, ի՞նչպէս ցոյց կու տանք որ անոր ‘իմաստը ըմբռնած’ ենք։
14 Երբ անձնական ուսումնասիրութիւն կ’ընենք ու Քրիստոնէական ժողովներուն կը յաճախենք, պէտք է ‘մեր սրտերը հանճարին բանանք’։ (Առակաց 2։1–4) Երբ վարքի, հագուելակերպի, երաժշտութեան ու զբօսանքի նկատմամբ խրատ տրուի, պէտք է թոյլ տանք որ ան մեր սրտերուն թափանցէ ու մեզ մղէ որ հարկ եղած վերաճշդումը կատարենք։ Բնաւ չբանարկենք, չքմեղանքներ չփնտռենք, կամ այլ կերպով չթերանանք։ Եթէ Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ իրականութիւն մըն է, անոր չափանիշներուն համաձայն պիտի ապրինք ու զանիկա նախանձախնդրաբար ուրիշներու պիտի ծանուցանենք։ Յիսուս ըսաւ. «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ»։—Մատթէոս 7։21–23
15. Ինչո՞ւ կարեւոր է ‘առաջ խնդրել Թագաւորութիւնը եւ Աստուծոյ արդարութիւնը’։
15 Մարդկային է մտահոգուիլ ուտելիքի, հագուելիքի ու պատսպարանի հարցով, սակայն Յիսուս ըսաւ. «Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր [Աստուծոյ] արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։ (Մատթէոս 6։33, 34) Ձեր կեանքին մէջ նախապատուութիւնը թագաւորութեան տուէք։ Անհրաժեշտ բաներով գոհանալով, պարզ կեանք մը վարեցէք։ Յիմարութիւն պիտի ըլլար մեր կեանքը լեցնել անկարեւոր գործունէութիւններով ու ստացուածքներով, թերեւս բանարկելով որ այսպէս ընելը առարկելի չէ, քանի որ այս բաները ինքնին գէշ չեն։ Թէեւ ասիկա կրնայ շիտակ ըլլալ, բայց, անհրաժեշտ չեղող այսպիսի բաներ ձեռք ձգելը ու գործածելը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենան մեր անձնական ուսումնասիրութեան, Քրիստոնէական ժողովներու յաճախելու ու քարոզչութեան մասնակցելու մեր յայտագրին վրայ։ Յիսուս ըսաւ որ Թագաւորութիւնը վաճառական մարդու մը նման է, որ «պատուական մարգարիտ մը գտնելով, կ’երթայ իր բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու զանիկա կը գնէ»։ (Մատթէոս 13։45, 46) Մենք ալ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ա՛յսպէս պէտք է նկատենք։ Պէտք է նմանինք Պօղոսի եւ ոչ թէ Դեմասի, որ ծառայութիւնը լքեց, քանի որ «աշխարհը սիրեց»։—Բ. Տիմոթէոս 4։10, 18. Մատթէոս 19։23, 24. Փիլիպպեցիս 3։7, 8, 13, 14. Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10, 17–19
«Անիրաւները Աստուծոյ Արքայութիւնը Պիտի Չժառանգեն»
16. Աստուծոյ Թագաւորութեան ‘իմաստը ըմբռնել’ը ի՞նչպէս սխալ վարքէ խուսափելու պիտի օգնէ։
16 Երբ Կորնթոսի ժողովքը անբարոյութեան կը հանդուրժէր, Պօղոս համարձակօրէն ըսաւ. «Չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն»։ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10) Եթէ Աստուծոյ Թագաւորութեան ‘իմաստը ըմբռնենք’, մենք մեզ պիտի չխաբենք, խորհելով որ Եհովա անբարոյ կարգ մը արարքներու պիտի հանդուրժէ, այնքան ատեն որ Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ զբաղած կը մնանք։ Պղծութեան անունը անգամ պէտք չէ յիշուի մեր մէջ։ (Եփեսացիս 5։3–5) Նշմարա՞ծ էք որ այս աշխարհի գարշելի մտածելակերպերէն կամ անոր սովորութիւններէն ոմանք ձեր կեանքէն ներս սկսած են թափանցել։ Զանոնք ա՛նմիջապէս ձեր կեանքէն դուրս վանեցէք։ Թագաւորութիւնը ա՛յնքան թանկարժէք է որ չարժէր այսպիսի բաներու համար զայն կորսնցնել։—Մարկոս 9։46
17. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գնահատելը ի՞նչ կերպերով խոնարհութեան պիտի նպաստէ ու գայթակղութեան պատճառները պիտի վանէ։
17 Յիսուսի աշակերտները իրեն հարցուցին. «Ո՞վ է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ»։ Անոնց մէջտեղը տղայ մը կայնեցնելով, Յիսուս պատասխանեց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Եթէ դարձի չգաք եւ տղոց պէս չըլլաք, երկնքի թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք’։ Ուստի ով որ իր անձը այս տղուն պէս խոնարհեցնէ, անիկա է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ»։ (Մատթէոս 18։1–6) Հպարտները, խստապահանջները, ուրիշներու հանդէպ անտարբեր եղողները եւ անօրէնները Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ պիտի չըլլան. անոր հպատակներն ալ հոն պիտի չգտնուին։ Ձեր եղբայրներուն հանդէպ ձեր ունեցած սէրը, ձեր խոնարհութիւնը, ձեր աստուածավախութիւնը, ձեզ կը մղե՞ն որ ձեր վարքով ուրիշները գայթակղեցնելէ խուսափիք։ Կամ, ձեր «իրաւունքները» կը փնտռէ՞ք, առանց նկատի առնելու թէ ձեր կեցուածքը ու վարքը ի՛նչ ազդեցութիւն կրնան ունենալ ուրիշներու վրայ։—Հռովմայեցիս 14։13, 17
18. Երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Իր կամքը կատարէ «ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ», հնազանդ մարդկութեան համար արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։
18 Մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովա՝ շուտով ամբողջովին պիտի պատասխանէ այս ջերմեռանդ աղօթքին. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ Իշխող Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ անյապաղ պիտի գայ, այն առումով որ դատաստանի համար իր աթոռը պիտի նստի, որպէսզի «ոչխարները այծերէն» զատէ։ Այդ որոշուած ժամանակին, «թագաւորը իր աջ կողմը եղողներուն պիտի ըսէ. ‘Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք’»։ Այծերը «պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը, իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքը»։ (Մատթէոս 6։10. 25։31–34, 46) ‘Մեծ նեղութիւնը’ մէջտեղէն պիտի վերցնէ հին դրութիւնը եւ Թագաւորութեան ‘իմաստը ըմբռնել’ մերժողները։ Սակայն, «մեծ նեղութենէն» վերապրող միլիոնաւոր անհատները ու յարութիւն առնող միլիառաւորները, վերահաստատուած երկրային Դրախտին մէջ Թագաւորութեան անվերջ օրհնութիւններ պիտի ժառանգեն։ (Յայտնութիւն 7։14) Երկինքէն իշխելով, Թագաւորութիւնը երկրին նոր կառավարութիւնը պիտի կազմէ։ Անիկա երկրին ու մարդկութեան նկատմամբ Եհովայի նպատակը ամբողջովին պիտի իրագործէ, Անոր ամենասուրբ անունը սրբացնելու համար։ Չա՞րժէր այսպիսի ժառանգութեան մը համար աշխատիլ, զոհողութիւն ընել ու սպասել։ Մեզի համար, Թագաւորութեան ‘իմաստը ըմբռնել’ը այս բոլորը պէտք է նշանակէ։
Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէիք
◻ Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։
◻ Յիսուսի ունկնդիրներուն մեծամասնութիւնը ի՞նչու Թագաւորութեան ‘իմաստը չըմբռնեց’։
◻ Թագաւորութեան ‘իմաստը ըմբռնել’ը ի՛նչպէս թէ՛ օրհնութիւններ եւ թէ պատասխանատուութիւն կը բերէ։
◻ Քարոզչութեան նկատմամբ, ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Թագաւորութեան ‘իմաստը ըմբռնած’ ենք կամ ոչ։
◻ Ի՞նչպէս մեր վարքով ցոյց կու տանք որ տրուած խրատին ‘իմաստը ըմբռնած’ ենք։