Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 5/1 էջ 26-29
  • Անձնազոհ հոգի մը ունեցէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Անձնազոհ հոգի մը ունեցէք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Սուրբ Գրային Պահանջ մը
  • Անձնազոհութենէ Առթող Օրհնութիւններ
  • Անձնազոհ Ըլլալու Կերպեր
  • Ինչո՞ւ անձնազոհ ըլլալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Անձնազոհութեան Հոգին Ունի՞ք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Եհովան հաճեցնող փառաբանութեան զոհեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Սրտանց Եհովային զոհեր մատուցանենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 5/1 էջ 26-29

Անձնազոհ հոգի մը ունեցէք

ՌՈԼՖa շատ գնահատուած գործաւոր մըն էր։ Իր Քրիստոնէական ծառայութիւնը ընդլայնելու համար, երբ ան որոշեց մասնակի ժամեր աշխատիլ, իր գործատէրը սիրով համագործակցեցաւ իրեն հետ։ Այս կերպով Ռոլֆ տարիներ կրցաւ ռահվիրայութիւն ընել։ Սակայն, օր մը գործին պայմանները փոխուեցան։ Ռոլֆ իր գործին մէջ այդքան ատակ եղած էր, որ իրեն առաջարկուեցաւ այդ հաստատութեան առեւտրական տնօրինութեան պաշտօնը։ Ասիկա փորձիչ ամսականով եւ յառաջիկայէն աւելի խոստմնալից ակնկալութիւններով գործի առաջարկ մըն էր։ Սակայն, կարելի պիտի չըլլար մասնակի ժամեր աշխատիլ։

Ռոլֆ իր հոգատարութեան ներքեւ ունէր կին մը եւ երկու զաւակներ եւ յաւելեալ դրամը կրնար շահաւէտ ըլլալ։ Այսուհանդերձ, ան մերժեց այս առաջարկը եւ ուրիշ գործի մը դիմում ըրաւ, որպէսզի կարենար իր թէ՛ հոգեւոր եւ թէ նիւթական պարտականութիւններուն հոգալ։ Ռոլֆին գործատէրը ապշեցաւ իր այս որոշումին վրայ։ Անդրադառնալով որ նոյնիսկ աւելի բարձր ամսականի առաջարկ մը ի զուր պիտի ըլլար, իր գործատէրը եզրակացուց. «Կը տեսնեմ որ չեմ կրնար քու համոզումներուդ հետ մրցիլ»։

Այո, Ռոլֆ համոզումներ ունէր, բայց ան նաեւ ունէր ուրիշ յատկութիւն մը. անձնազոհ հոգին։ Այսպիսի հոգի մը հազուագիւտ է մեր այս ինքնահաճ աշխարհին մէջ։ Բայց ատիկա կրնայ օգտաշատ եւ գոհացուցիչ կենցաղի մը առաջնորդել։ Ի՞նչ է անձնազոհ հոգին։ Անիկա ի՞նչ կը պահանջէ։ Ի՞նչ պէտք է ընենք զայն պահելու համար։

Սուրբ Գրային Պահանջ մը

Զոհել կը նշանակէ արժէքաւոր բան մը լքել կամ անկէ հրաժարիլ։ Զոհերը մաքուր պաշտամունքին մաս կազմած են առաջին հաւատարիմ վկայէն՝ Աբէլէն ի վեր, որ իր «ոչխարներուն անդրանիկներէն» զոհ մատուցանեց Աստուծոյ։ (Ծննդոց 4։4) Նոյի եւ Յակոբի նման հաւատքի տէր մարդիկ նոյնը ըրին։ (Ծննդոց 8։20. 31։54) Անասնական զոհերն ալ Մովսիսական Օրէնքին կարեւոր երեսակներէն մէկն էին։ (Ղեւտացւոց 1։2–4) Այդ Օրէնքին ներքեւ, սակայն, երկրպագուները յորդորուած էին իրենց լաւագոյնը մատուցանել։ Անոնց թոյլատրուած չէր որեւէ արատաւոր անասուն զոհ մատուցանել։ (Ղեւտացւոց 22։19, 20. Բ. Օրինաց 15։21) Երբ հաւատուրաց Իսրայելացիներ բեկանեցին այս օրէնքը, Աստուած մեղադրեց զանոնք, ըսելով. «Երբ [զոհի համար,] կաղը ... կը մատուցանէք, [կ’ըսէք.] ‘Գէշ չէ՞’։ Աղէ՜, եթէ զանիկա քու իշխանիդ ընծայես, միթէ քեզի պիտի հաճի՞, կամ քեզ սիրով պիտի ընդունի՞։ ... Միթէ զանոնք պիտի ընդունի՞մ»։—Մաղաքեայ 1։8, 13

Զոհի սկզբունքը փոխադրուեցաւ Քրիստոնէական պաշտամունքին մէջ։ Սակայն, Քրիստոս փրկանքի լիարժէք գինը վճարելէն ի վեր, անասնական զոհերը այլեւս Աստուծոյ հաճելի չեն։ Ուստի, Քրիստոնեաները ի՞նչ կրնան զոհել որ հաճելի ըլլայ։ Հռովմայեցիս 12։1–ի մէջ, Պօղոս կը գրէ. «Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը»։ Ի՜նչ ապշեցուցիչ փոփոխութիւն մը։ Փոխանակ անկենդան մարմիններ մատուցանելու, Քրիստոնեաները կենդանի զոհ մը՝ իրենց անձերը—իրենց կորովը, ստացուածքը եւ կարողութիւնները—պիտի մատուցանէին։ Իսրայէլի պարագային նման, Եհովա չի հաճիր «կաղ», կամ կէս–սրտով մատուցուած զոհերու։ Ան կը պահանջէ որ իր երկրպագուները իրեն տան իրենց լաւագոյնը եւ որ իրեն ծառայեն իրենց ամբողջ սրտովը, անձովը, մտքովը եւ զօրութիւնովը։—Մարկոս 12։30

Անձնազոհ հոգի մը ցուցաբերելը իր մէջ շատ աւելին կը բովանդակէ քան ժողովներու եւ Քրիստոնէական ծառայութեան մասնակցելու յայտագրի մը ենթարկուիլը։ Անիկա կը նշանակէ վճռել Աստուծոյ կամքը կատարել, ի՛նչ որ ալ արժէ անիկա։ Անիկա կը նշանակէ պատրաստ ըլլալ փորձութիւններու եւ անախորժութիւններու տոկալու։ «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ», ըսաւ Յիսուս, «թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ»։ (Մատթէոս 16։24) Քրիստոնեայ մը անձնական ցանկութիւնը կամ նիւթապաշտական նպատակակէտերը իր գլխաւոր մտահոգութիւնը չի դարձներ։ Իր կեանքը կը կեդրոնանայ նախ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ Անոր արդարութիւնը փնտռելուն վրայ։ (Մատթէոս 6։33) Եթէ հարկ ըլլայ, ան պատրաստ է ‘իր խաչը վերցնել’ու, հալածանքի, նախատինքի եւ նոյնիսկ մահուան տոկալու։

Անձնազոհութենէ Առթող Օրհնութիւններ

Այս զգաստացուցիչ կարելիութիւններուն ի տես, անհատ մը բնականաբար կրնայ հարց տալ թէ կ’արժէ՞ անձնազոհ ըլլալ։ Եհովա Աստուած սիրողներուն եւ իր անուան պանծացուիլը տեսնել փափաքողներուն համար իրապէս կ’արժէ անձնազոհ ըլլալ։ (Մատթէոս 22։37) Նկատի առնենք Յիսուս Քրիստոսի ձգած կատարեալ օրինակը։ Երկիր գալէն առաջ, ան երկինքի մէջ բարձր դիրք մը կը վայելէր որպէս հոգեղէն արարած մը։ Սակայն, ինչպէս իր աշակերտներուն ըսաւ, ան ‘իր կամքը չփնտռեց, հապա՝ անոր կամքը որ զինք ղրկեց’։ (Յովհաննու 5։30) Ուստի, ան յօժարութեամբ իր «անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով եւ մարդու կերպարանքովը ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ»։—Փիլիպպեցիս 2։7, 8

Այսպիսի զոհողութիւններ անպտուղ չմնացին։ Քանի որ կը յօժարէր ‘իր կեանքը բարեկամներուն համար դնել’, Յիսուս կրցաւ փրկանքին գինը վճարել, կարելի դարձնելով որ անկատար մարդիկ կա՛մ անմահութիւն շահին երկնքի մէջ եւ կամ յաւիտենական կեանք՝ երկրի վրայ։ (Յովհաննու 3։16. 15։13. Ա. Յովհաննու 2։2) Իր ուղղամտութիւնը կատարելապէս պահելով, ան պատճառ եղաւ որ Եհովայի անունը մեծապէս փառաւորուի։ (Առակաց 27։11) Զարմանալի չէ որ Եհովա օրհնեց զինք իր անձնազոհ ընթացքին համար։ «Աստուած ալ զանիկա խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է»։—Փիլիպպեցիս 2։9

Անշուշտ, Յիսուս Աստուծոյ միածին Որդին էր։ Արդեօք Աստուած իրեն համար զոհողութիւններ ընող ուրիշներն ալ կը վարձատրէ՞։ Այո՛ եւ ասիկա կը տեսնուի վաղեմի եւ արդի շատ մը օրինակներով։ Նկատի առնենք Մովաբացի Հռութին պատմութիւնը Աստուածաշունչին մէջ։ Ան բացայայտօրէն Եհովայի մասին սորվեցաւ իր Իսրայելացի ամուսինէն։ Այս վերջինին մահէն ետք, ան որոշում մը պէտք էր առնէր։ Իր հեթանոս ծննդավայրին մէջ պիտի մնա՞ր, թէ ոչ իր տարեց զոքանջին՝ Նոեմիին հետ Խոստացեալ Երկիրը պիտի երթար։ Հռութ երկրորդը ընտրեց, հակառակ անոր որ ասիկա կը նշանակէր զոհողութիւն ընել. զրկուիլ իր ծնողքին ընկերակցութենէն եւ թերեւս նոյնիսկ վերամուսնանալու ակնկալութենէն։ Այսուհանդերձ, Հռութ սորված էր Եհովան ճանչնալ, իսկ իր ընտրեալ ժողովուրդին հետ Զինք պաշտելու ցանկութիւնը մղեց զինք որ Նոեմիին կառչած մնայ։

Հռութ վարձատրուեցա՞ւ իր այս անձնազոհութեան համար։ Արդարե՛ւ։ Ժամանակ մը ետք, Բոոս անունով հողատէր մը զինք կնութեան առաւ եւ Հռութ Ովբէդ անունով որդի մը ունեցաւ, որու պատճառաւ Յիսուս Քրիստոսի նախամայրերէն մէկը եղաւ։—Մատթէոս 1։5, 16

Արդի ժամանակներուն, Աստուծոյ անձնազոհ ծառաներ նմանապէս օրհնութիւններ վայելեցին։ Օրինակի համար, 1923–ին, Ուիլիըմ Ռ. Պրաուն, աւելի լաւ ճանչցուած որպէս «Աստուածաշունչ» Պրաուն, Արեւմտեան Ինտիզի մէջ իր տունը ձգեց Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ քարոզչութեան գործը յառաջացնելու համար։ Անոր հետ ընկերակցեցան իր կինն ու աղջիկը։ Ան վերջապէս Նիկերիա փոխադրուեցաւ, ուր տակաւին նոր կը ծլէր քարոզչութեան գործը։ Սեւ Ամերիկացիի մը՝ Վինսէն Սամուէլզի եւ Անթիլեան Հնդիկ ուրիշ Վկայի մը՝ Գլոտ Պրաունի հետ, «Աստուածաշունչ» Պրաունը կարեւոր դեր մը խաղցաւ Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ գործունէութեան յառաջխաղացման մէջ։

Ներկայիս, աւելի քան 187,000 հրատարակիչներ կը ծառայեն «Աստուածաշունչ» Պրաունի եւ իր ընկերակիցներուն ռահվիրայութիւն ըրած թաղամասերուն՝ Սիերրա Լէոնի, Լիպերիոյ, Կանայի եւ Նիկերիոյ մէջ։ 1967–ին, իր մահուընէ առաջ, «Աստուածաշունչ» Պրաուն ըսաւ. «Ի՜նչ ուրախութիւն է տեսնել այրեր եւ կիներ որոնք կը հնազանդին Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին»։ Այո, ան մեծապէս օրհնուեցաւ իր անձնազոհ ընթացքին համար։

Անձնազոհ Ըլլալու Կերպեր

Ի՞նչ կերպերով մենք ալ կրնանք նոյն հոգին ցուցաբերել։ Կերպերէն մէկն է ամէն շաբաթ կանոնաւորաբար մասնակցիլ տունէ տուն ծառայութեան։ (Գործք 20։20) Աշխարհային գործով յոգնեցուցիչ շաբաթ մը ունենալէ ետք, ասիկա կրնայ դիւրին չըլլալ։ Ասիկա կրթութիւն եւ լաւ յայտագիր կը պահանջէ։ Սակայն, անկէ առթող ուրախութիւնները կը գերակշռեն որեւէ պատճառուած անախորժութեան։ Այո, առանձնաշնորհումը կրնաք ունենալ անհատի մը օգնելու, որ «Քրիստոսին թուղթը [ըլլայ] ... ո՛չ թէ մելանով գրուած, հապա կենդանի Աստուծոյ հոգիովը, ո՛չ թէ քարեղէն տախտակներուն վրայ, հապա սրտին մարմնեղէն տախտակներու վրայ»։—Բ. Կորնթացիս 3։3

Ուշադրութեամբ «ժամանակը ծախու» ‘առնել’ով, թերեւս աշխարհային գործէն կամ զբօսանքէն, ոմանք կրնան աւելի մասնակցիլ քարոզչութեան։ (Եփեսացիս 5։16) Շատեր իրենց յայտագիրը կը դասաւորեն որպէսզի տարին առնուազն անգամ մը օժանդակ ռահվիրայութիւն վայելեն։ Ուրիշներ շարունակաբար օժանդակ ռահվիրայութիւն կ’ընեն կամ որպէս կանոնաւոր ռահվիրաներ կը ծառայեն։ Ուրիշ կարելի զոհողութիւն մըն է Թագաւորութեան յաւելեալ հրատարակիչներու կարիքը եղող շրջաններ փոխադրուիլ։ Ասիկա յաճախ կը պահանջէ ապրելակերպի հսկայական փոփոխութիւններ ընել, անախորժութիւններու դիմանալ, նոր մշակոյթներու եւ սովորութիւններու վարժուիլ։ Սակայն, կեանք ստանալու մէջ ուրիշներուն օգնելու համար աւելի լման մասնակցութիւն բերելէն քաղուած օրհնութիւնները կը գերակշռեն այսպիսի զոհողութիւններուն։

Գանատացի Ճոն Գաթֆորթ անձնապէս ասոր փորձառութիւնը ունեցաւ։ Դիտարանի Գաղաադու Դպրոցէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ան որպէս միսիոնար նշանակուեցաւ Աւստրալիա։ «Տունէն որքա՜ն հեռու էր», կը վերյիշէ Եղբայր Գաթֆորթ։ «Ես ինծի հարց կու տայի թէ արդեօք Արմագեդոնէն առաջ պիտի կարենայի՞ Գանատա վերադառնալ, ծնողքս եւ բարեկամներս դարձեալ տեսնելու համար։ Ասիկա գիտնալու միակ կերպը երթալն էր»։ Եղբայր Գաթֆորթ գնաց եւ ան չզղջաց իր ըրած զոհողութեան համար։ Աւելի ետք, ան Փափուա Նոր Կիւնէայի մէջ վկայութեան գործին գլուխը անցաւ, ուր տակաւին նախանձախնդրութեամբ կը ծառայէ, ամբողջացնելով լիաժամ ծառայութեան իր 50–րդ տարին։ Ան առիթով մը ըսաւ. «Եհովայի առաջնորդութեան միշտ հետեւիլը, իր յարմար տեսած որե՛ւէ նշանակում ընդունիլը, ուրախութիւն, երջանկութիւն, գոհունակութիւն եւ անթիւ բարեկամներ կու տայ»։

Անշուշտ, կարգ մը պարագաներ, ինչպէս՝ առողջութիւնը, տնտեսական նեղութիւնները եւ ընտանեկան պատասխանատուութիւնները՝ կրնան ձեզ սահմանափակ դարձնել. ամէն մարդ չի կրնար ծառայել որպէս ռահվիրայ կամ միսիոնար։ Այսուհանդերձ, վճռեցէք կարելի եղած չափով լման մասնակցութիւն բերել ժողովներուն եւ դաշտի ծառայութեան մէջ, թոյլ չտալով որ չնչին անախորժութիւններ, ինչպէս՝ աննպաստ եղանակ մը՝ ձեզ ետ կեցնէ։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Կրնաք նաեւ աւելի ժամանակ զոհել Աստուծոյ Խօսքին անձնական ուսումնասիրութեան համար։ Կարգ մը ընտանիքներ ասիկա կ’ընեն հեռատեսիլի յայտագիրներ դիտելու ժամանակը սահմանափակելով, թերեւս շաբթուան մէջ երեկոյ մը ընդհանրապէս կամ բոլորովին հեռատեսիլ չդիտելով։ Անձնական ուսումնասիրութեան ժամանակ յատկացնելով, ժողովներուն եւ քարոզչութեան մէջ ‘իր անունը դաւանել’ու ձեր «օրհնութեան պատարագ»ներուն որակը վստահաբար աւելի բարձր պիտի ըլլայ։—Եբրայեցիս 13։15

Յիշեցէք որ քարոզչութեան գործը իր վերջին հանգրուանին մէջն է։ Աստուած շուտով դատաստան ի գործ պիտի դնէ այս ագահ եւ ինքնահաճ աշխարհին վրայ։ (Սոփոնեայ 2։3) Աստուծոյ հաճութիւնը պահելու համար, չենք կրնար անձնախնայ ըլլալ։ ‘Մեր մարմինները պէտք է ընծայենք որպէս կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի’։ (Հռովմայեցիս 12։1) Այսպիսի հոգի մը մեծ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն պիտի բերէ եւ պիտի օգնէ մեզի որ մեր ծառայութեան մէջ աւելի մեծ ուրախութիւն ձեռք ձգենք։ Մանաւանդ անիկա Եհովա Աստուծոյ սիրտը պիտի ուրախացնէ։—Առակաց 27։11

Ուստի, անձնազոհ հոգի մը պահեցէ՛ք։ Դուք ձեզ ուրիշներու տրամադրութեան տակ դնելու կամ Թագաւորութեան շահերուն թիկունք կանգնելու մի՛ վարանիք։ Պօղոս կը յորդորէ. «Բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը մի՛ մոռնաք, վասնզի Աստուած այնպիսի պատարագներու կը հաւնի»։—Եբրայեցիս 13։16

[Ստորանիշ էջ 26]

a Անունը փոխուած է։

[Նկար՝ էջ 27]

Անձնական ուսումնասիրութեան եւ քարոզչութեան համար ժամանակ յատկացնելը կրնայ զոհողութիւն պահանջել, բայց անիկա վարձահատոյց է

[Նկար՝ էջ 29]

Ու. Ռ. Պրաուն եւ Ճոն Գաթֆորթ մեծապէս օրհնուեցան իրենց անձնազոհ ընթացքին համար

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել