Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ95 4/1 էջ 13-18
  • ‘Անիրաւ մամոնայէն բարեկամներ ըրէք’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Անիրաւ մամոնայէն բարեկամներ ըրէք’
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Եհովայի Ընծան’
  • Տաճարին Համար Նուիրատուութիւններ
  • Նիւթական Միջոցներու Պատշաճ Գործածութիւնը Քրիստոնէական Ժամանակներուն
  • Հաւատարիմ Տնտեսներ
  • Առատաձեռնութեան Օրինակ մը
  • ‘Անիրաւ Մամոնայէն Բարեկամներ Ըրէք’
  • Ճշմարի՛տ հարստութեան ետեւէ եղիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Թագաւորութեան գործունէութիւններուն ֆինանսաւորումը
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Յօժարակամ նուիրատուութիւններ՝ ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջացնելու համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Առատաձեռնութիւնը ուրախութիւն կը բերէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
դ95 4/1 էջ 13-18

‘Անիրաւ մամոնայէն բարեկամներ ըրէք’

«Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք ...։ Ան որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ է, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ»։—ՂՈՒԿԱՍ 16։9, 10

1. Եգիպտոսէն իրենց ելքէն ետք, Մովսէս եւ Իսրայէլի որդիները ինչպէ՞ս Եհովան փառաւորեցին։

ՀՐԱՇՔՈՎ մը ազատագրուած. ի՜նչ հաւատք զօրացնող փորձառութիւն մը։ Եգիպտոսէն Իսրայէլի ելքը մի՛միայն Եհովայի՝ Ամենակալին՝ կարելի էր վերագրել։ Զարմանալի չէ որ Մովսէս եւ Իսրայելացիները երգեցին. «Տէրն է իմ զօրութիւնս ու գովութիւնս եւ իմ փրկութիւնս եղաւ. անիկա է իմ Աստուածս ու պիտի փառաւորեմ զանիկա. իմ հօրս Աստուածն է ու պիտի բարձրացնեմ զանիկա»։—Ելից 15։1, 2. Բ. Օրինաց 29։2

2. Մինչ Եգիպտոսէն դուրս կ’ելլէին, Եհովայի ծառաները իրենց հետ ի՞նչ առած էին։

2 Իսրայելացիներուն նոր գտած ազատութիւնը որքա՜ն կը հակադրէր Եգիպտոսի մէջ անոնց ունեցած վիճակին։ Արդ, անոնք կրնային Եհովան պաշտել առանց խոչընդոտի։ Իսկ անոնք Եգիպտոսէն դատարկաձեռն դուրս չէին ելլեր։ Մովսէս կը պատմէ. «Իսրայէլի որդիները ... Եգիպտացիներէն արծաթեղէն զարդեր եւ ոսկեղէն զարդեր ու հանդերձներ խնդրեցին։ Տէրը ժողովուրդին շնորհք տուաւ Եգիպտացիներուն առջեւ, այնպէս որ Եգիպտացիները անոնց խնդրածը տուին։ Անոնք կողոպտեցին Եգիպտացիները»։ (Ելից 12։35, 36) Բայց անոնք Եգիպտոսի այս հարստութիւնները ինչպէ՞ս գործածեցին։ Անոնք անով ‘Եհովան բարձրացուցի՞ն’։ Անոնց օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։—Տես Ա. Կորնթացիս 10։11։

‘Եհովայի Ընծան’

3. Երբ Իսրայելացիները իրենց ոսկին սուտ պաշտամունքին համար գործածեցին, Եհովա ինչպէ՞ս հակազդեց։

3 Իսրայէլի տրուելիք Աստուծոյ հրահանգները ստանալու համար Սինա Լերան վրայ Մովսէսի 40 օրուան կեցութեան ընթացքին, Իսրայելացիները, որոնք վարը կը սպասէին, անհամբեր դարձան։ Իրենց ոսկի օղերը հանելով, անոնք Ահարոնին հրահանգեցին, որ պաշտամունքի համար կուռք մը շինէ իրենց։ Ահարոն սեղան մըն ալ շինեց անոնց եւ հետեւեալ օրը առաւօտ կանուխ, անոնք ողջակէզներ մատուցանեցին հոն։ Իրենց ոսկին այս կերպով գործածելը իրենց Ազատարարին հաճելի՞ էր։ Վստա՛հաբար ոչ։ «Հիմա զիս առանձին [թո՛ղ]», ըսաւ Եհովա Մովսէսին, «որպէսզի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ բորբոքի ու փճացնեմ զանոնք»։ Միայն Մովսէսի աղաչանքին վրայ է որ Եհովա խնայեց ազգը, թէեւ ըմբոստ խռովարարները Աստուծոյ կողմէ եկած պատուհասով մը սպաննուեցան։—Ելից 32։1–6, 10–14, 30–35

4. ‘Եհովայի ընծան’ ի՞նչ էր, եւ ո՞վ ընծայեց զայն։

4 Հետագային, Իսրայելացիները իրենց հարըստութիւնները Եհովայի հաճելի եղած կերպով մը գործածելու պատեհութիւնը ունեցան։ Անոնք ‘Տէրոջը համար ընծայ’ հաւաքեցին։a Տաղաւարին կառուցման ու կահաւորման համար եղած նուիրատուութիւնները կը բովանդակէին ոսկի, արծաթ, պղինձ, կապուտակ, ներկուած այլազան նիւթեր, խոյի մորթեր, թէհաշի մորթեր եւ Սատիմի փայտեր։ Արձանագրութիւնը մեր ուշադրութիւնը կ’ուղղէ նուիրատուներուն կեցուածքին վրայ. «Ով որ սրտով կը յօժարի, թող անիկա Տէրոջը [Եհովայի (ՆԱ)] ընծայ բերէ»։ (Ելից 35։5–9) Իսրայելացիները արտակարգ կերպով ընդառաջեցին։ Հետեւաբար, տաղաւարը «գեղեցկութեան ու գերագոյն շքեղութեան» կառոյց մըն էր, ըստ ուսումնականի մը խօսքերուն։

Տաճարին Համար Նուիրատուութիւններ

5, 6. Տաճարին առնչութեամբ Դաւիթ իր հարստութիւնները ինչպէ՞ս գործածեց, եւ ուրիշներ ինչպէ՞ս ընդառաջեցին։

5 Թէեւ Իսրայէլի Սողոմոն Թագաւորը Եհովայի պաշտամունքին համար մնայուն տան մը շինութիւնը առաջնորդեց, սակայն Դաւիթ՝ իր հայրը՝ խիստ շատ պատրաստութիւն տեսած էր անոր համար։ Դաւիթ մեծ քանակութիւնով ոսկի, արծաթ, պղինձ, երկաթ, փայտ եւ պատուական քարեր հաւաքեց։ «Իմ Աստուծոյս տանը վրայ մեծ սէր ունենալուս համար», ըսաւ Դաւիթ իր ժողովուրդին, «սրբարանին տանը համար ամէն պատրաստած բաներէս զատ՝ իմ յատուկ գանձիս մէջ եղած ոսկին ու արծաթն ալ իմ Աստուծոյս տանը համար տուի։ ... Երեք հազար տաղանդ ոսկի ու եօթը հազար տաղանդ մաքուր արծաթ՝ որպէսզի անոնցմով տան որմերը պատեն»։ Դաւիթ ուրիշները քաջալերեց որ անոնք ալ առատաձեռն ըլլան։ Ընդառաջումը լիառատ էր. աւելիով ոսկի, արծաթ, պղինձ, երկաթ եւ պատուական քարեր բերուեցան։ Իսրայելացիները «բոլոր սրտով» նուիրեցին «կամաւոր ընծան ... Տէրոջը»։—Ա. Մնացորդաց 22։5. 29։1–9

6 Այս կամաւոր նուիրատուութիւններով, Իսրայելացիները Եհովայի պաշտամունքին համար խոր գնահատանք կ’արտայայտէին։ Դաւիթ խոնարհաբար աղօթեց. «Ես ո՞վ եմ ու իմ ժողովուրդս ո՞վ է, որ այսպէս կամաւոր ընծայ տալու կարող ըլլանք»։ Ինչո՞ւ։ «Քանզի ամէն բան քեզմէ է ու քուկիններէդ քեզի տուինք։ ... Ասոնց ամէնքը ես ուղիղ սրտով ու յօժար կամքով ընծայ ըրի»։—Ա. Մնացորդաց 29։14, 17

7. Ամովսի օրերէն ի՞նչ ազդարարական դաս կը սորվինք։

7 Այսուհանդերձ, Իսրայէլի ցեղերը իրենց մտքին ու սրտին մէջ Եհովայի պաշտամունքին միշտ նախապատուութիւնը չտուին։ Հ.Դ.Ա. իններորդ դարուն, բաժանուած Իսրայէլը հոգեւոր անտարբերութեամբ յանցաւոր եղած էր։ Իսրայէլի՝ հիւսիսային տասը ցեղեան թագաւորութեան՝ նկատմամբ, Եհովա Ամովսի միջոցով յայտարարեց. «Վա՜յ Սիօնի մէջ հանգիստ բնակողներուն ու Սամարիայի լերանը վրայ՝ ապահովութեամբ նստողներուն»։ Ան զանոնք նկարագրեց որպէս մարդիկ որոնք «փղոսկրեայ մահիճներու մէջ կը պառկին, իրենց անկողիններուն վրայ կ’երկննան, հօտերէն՝ գառնուկները ու գոմերու մէջէն պարարտ հորթերը կ’ուտեն։ ... Գաւաթներով գինի կը խմեն»։ Բայց անոնց ճոխութիւնը բնաւ պաշտպանութիւն մը պիտի չըլլար։ Աստուած ազդարարեց. «Գերի քշուողներուն առաջինը պիտի ըլլաք եւ ձեր խնճոյքներուն ուրախութեան ձայնը պիտի դադրի»։ Հ.Դ.Ա. 740–ին, Իսրայէլ Ասորեստանի ձեռքէն տառապեցաւ։ (Ամովսեայ 6։1, 4, 6, 7) Իսկ ժամանակի ընթացքին, Յուդան՝ հարաւային թագաւորութիւնն՝ ալ նիւթապաշտութեան որոգայթէն բռնուեցաւ։—Երեմեայ 5։26–29

Նիւթական Միջոցներու Պատշաճ Գործածութիւնը Քրիստոնէական Ժամանակներուն

8. Յովսէփ եւ Մարիամ իրենց նիւթական միջոցները գործածելու մէջ ի՞նչ լաւ օրինակ կը հանդիսանան։

8 Ճիշդ հակառակը, աւելի ետքը ապրած Աստուծոյ ծառաներուն յարաբերաբար համեստ վիճակը արգելք չհանդիսացաւ անոնց որ ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ նախանձախնդիր ըլլան։ Նկատի առնենք Մարիամն ու Յովսէփը։ Օգոստոս Կայսրին հրամանին հնազանդելով, անոնք իրենց ընտանիքին ծննդավայրը՝ Բեթլեհէմ ՝ ճամբորդեցին։ (Ղուկաս 2։4, 5) Հո՛ն Յիսուս ծնաւ։ Քառասուն օր ետք, Յովսէփ եւ Մարիամ մօտակայ Երուսաղէմի տաճարը գացին, պատուիրուած մաքրութեան զոհը ընծայելու համար։ Մարիամ երկու պզտիկ թռչուն ընծայեց, ինչ որ անոնց նիւթական համեստ վիճակը կը յայտնէր։ Ո՛չ ինք եւ ոչ Յովսէփ չքաւորութիւնը գործածեցին որպէս չքմեղանք։ Ընդհակառակը, անոնք իրենց սահմանափակ նիւթական միջոցները հնազանդութեամբ գործածեցին։—Ղեւտացւոց 12։8. Ղուկաս 2։22–24

9–11. (ա) Մատթէոս 22։21–ին մէջ Յիսուսի խօսքերը ի՞նչ ուղղութիւն կու տան մեր դրամը գործածելու առնչութեամբ։ (բ) Որբեւարիին չնչին նուիրատուութիւնը ինչո՞ւ ի զուր չէր։

9 Հետագային, Փարիսեցիներն ու Հերովդէսեանները փորձեցին Յիսուսը որոգայթի մէջ ձգել, ըսելով. «Մեզի ըսէ. Քեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, Պէ՞տք է Կայսրին տուրք տալ թէ ոչ»։ Յիսուսի պատասխանը իր ներատեսութիւնը յայտնեց։ Իրեն տրուած դահեկանին ակնարկելով, Յիսուս հարցուց. «Որո՞ւնն են այս պատկերն ու գիրը»։ Անոնք պատասխանեցին. «Կայսրին»։ Ան իմաստութեամբ եզրափակեց. «Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ (Մատթէոս 22։17–21) Յիսուս գիտէր որ դահեկանը կոխող հեղինակութիւնը կ’ակնկալէր որ տուրքեր վճարուէին։ Բայց հոս, ան իր հետեւորդներուն օգնեց, ինչպէս նաեւ իր թշնամիներուն, որ գիտակցին թէ ճշմարիտ Քրիստոնեան նաեւ կը ջանայ «զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ» տալ։ Ասիկա անհատին նիւթական միջոցներու պատշաճ գործածութիւնը կը պարփակէ։

10 Միջադէպ մը, որու Յիսուս տաճարին մէջ ականատես եղաւ, կը պատկերացնէ ասիկա։ Ան տակաւին նոր դատապարտած էր ագահ դպիրները որոնք ‘որբեւարիներուն տուները կ’ուտէին’։ «Յիսուս տեսաւ հարուստներ, որոնք իրենց ընծաները գանձանակը կը ձգէին», կը տեղեկագրէ Ղուկաս։ «[Յիսուս] տնանկ որբեւարի մըն ալ տեսաւ, որ հոն երկու լումայ ձգեց։ [Ան] ըսաւ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւարին ամենէն աւելի ձգեց. վասնզի անոնք իրենց աւելցածէն Աստուծոյ ընծաներուն մէջ ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն իր բոլոր ունեցած ապրուստը ձգեց’»։ (Ղուկաս 20։46, 47. 21։1–4) Ոմանք նշմարել տուին թէ տաճարը պատուական քարերով զարդարուած էր։ Յիսուս ընդառաջեց. «Այդ բաները որոնք կը տեսնէք, օրեր պիտի գան երբ քար մը քարի վրայ պիտի չմնայ որ չքակուի»։ (Ղուկաս 21։5, 6) Այդ որբեւարիին չնչին նուիրատուութիւնը ի զո՞ւր էր։ Վստա՛հաբար ոչ։ Ան այդ ատեն Եհովայի ըրած կարգադրութեան թիկունք կը կանգնէր։

11 Յիսուս իր ճշմարիտ հետեւորդներուն ըսաւ. «Ծառայ մը չի կրնար երկու տէրերու ծառայութիւն ընել, վասնզի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը արհամարհէ։ Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։ (Ղուկաս 16։13) Արդ, ինչպէ՞ս կրնանք մեր նիւթական միջոցները գործածելու մէջ շիտակ հաւասարակշռութիւն ցոյց տալ։

Հաւատարիմ Տնտեսներ

12–14. (ա) Քրիստոնեաները ի՞նչ նիւթական միջոցներու տնտեսներ են։ (բ) Եհովայի ծառաները այսօր ի՞նչ ուշագրաւ կերպերով հաւատարմօրէն կը կատարեն իրենց տնտեսութիւնը։ (գ) Ներկայիս աստուածային գործունէութեան հոգ տանելու համար պէտք եղած դրամը ո՞ւրկէ կու գայ։

12 Երբ Եհովայի կը նուիրուինք, արդարեւ կ’ըսենք որ մեր ամէն ունեցածը՝ մեր բոլոր նիւթական միջոցները՝ իրեն կը պատկանի։ Ուստի, մեր ունեցածը ինչպէ՞ս պէտք է գործածենք։ ժողովքին մէջ Քրիստոնէական ծառայութեան մասին խօսելով, Եղբայր Չ. Թ. Ռասըլ, Դիտարանի Ընկերութեան առաջին նախագահը, գրեց. «Իւրաքանչիւր անհատ իր անձը պէտք է նկատէ որպէս իր անհատական ժամանակին, ազդեցութեան, դրամին եւ ուրիշ բաներու վրայ Տիրոջ կողմէ նշանակուած տնտես եւ իւրաքանչիւր անհատ պէտք է ջանայ այս տաղանդները լաւագոյն կերպով գործածել Տիրոջ փառքին համար»։—Նոր Ստեղծագործութիւն, էջ 345, Անգլերէնով։

13 «Տնտեսէն կը պահանջուի որ հաւատարիմ ըլլայ», կը նշէ Ա. Կորնթացիս 4։2–ը։ Միջազգային կազմակերպութիւն մը ըլլալով, Եհովայի Վկաները ամէն ջանք կը թափեն, որ այդ նկարագրութեան համաձայն ապրին, Քրիստոնէական ծառայութեան կարելի եղած չափով շատ ժամանակ տրամադրելով, իրենց սորվեցնելու կարողութիւնները ուշադրութեամբ մշակելով։ Ասկէ զատ, Շրջանային Շինարարութեան Անձնակազմերու առաջնորդութեան ներքեւ կամաւորներու խումբեր իրենց ժամանակը, զօրութիւնն ու գործնական հմտութիւնը յօժարակամօրէն կը տրամադրեն պաշտամունքի համար գործածուելիք ընտիր ժողովասրահներ կառուցանելու համար։ Այս բոլորը շատ հաճելի է Եհովային։

14 Սորվեցնելու այս հսկայ արշաւին եւ շինարարութեան գործին հոգ տանելու համար պէտք եղած դրամը ո՞ւրկէ կու գայ։ Յօժարասիրտ անհատներէ, ինչպէս էր պարագան տաղաւարի շինարարութեան ժամանակ։ Անհատապէս բաժին կը բերե՞նք։ Մեր նիւթական միջոցները գործածելու կերպը ցոյց կու տա՞յ թէ Եհովայի ծառայութիւնը գերագոյն կարեւորութիւնը ունի մեզի համար։ Դրամական հարցերուն մէջ, հաւատարիմ տնտեսներ ըլլանք։

Առատաձեռնութեան Օրինակ մը

15, 16. (ա) Պօղոսի օրերուն, Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս առատաձեռնութիւն ցոյց տուին։ (բ) Այս ներկայ ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։

15 Պօղոս առաքեալ Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի Քրիստոնեաներուն առատաձեռն հոգիին մասին գրեց։ (Հռովմայեցիս 15։26) Անհատապէս նեղութեան մէջ ըլլալով հանդերձ, անոնք անյապաղ նուիրատուութիւն ըրին իրենց եղբայրներուն օգնելու համար։ Պօղոս քաջալերեց Կորնթոսի Քրիստոնեաները որ նոյնպէս առատաձեռնութեամբ տան, ուրիշներու պակասութիւնը լեցնելու համար իրենց աւելին նուիրելով։ Ո՛չ ոք կրնար իրաւացիօրէն Պօղոսը ամբաստանել որպէս կորզիչ մը։ Ան գրեց. «Ան որ խնայելով կը սերմանէ՝ խնայելով պիտի հնձէ ու ան որ առատութիւնով կը սերմանէ՝ առատութիւնով պիտի հնձէ։ Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասնզի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։—Բ. Կորնթացիս 8։1–3, 14. 9։5–7, 13

16 Մեր օրերուն, Թագաւորութեան երկրածաւալ գործունէութեան համար նուիրատուութիւնները, զորս առատաձեռնութեամբ կ’ընեն մեր եղբայրներն ու հետաքրքրուող անհատները, ցոյց կու տան որ անոնք ո՜րքան կը գնահատեն այս առանձնաշնորհումը։ Բայց, ինչպէս Պօղոս Կորնթացիներուն վերյիշեցուց, լաւ կ’ընենք որ մենք այս ուսումնասիրութիւնը նկատենք որպէս յուշարար։

17. Պօղոս նուիրատուութիւններու համար ի՞նչ կերպ քաջալերեց, եւ ասիկա կարելի՞ է կիրարկել այսօր։

17 Պօղոս յորդորեց իր եղբայրները որ նուիրատուութիւններու համար կերպ մը ծրագրեն։ «Ամէն մէկշաբթի օրերը», ըսաւ ան, «ձեզմէ ամէն մէկը իր քով թող դիզէ ինչ որ կրնայ»։ (Ա. Կորնթացիս 16։1, 2) Ատիկա կրնայ որպէս օրինակ ծառայել մեզի եւ մեր զաւակներուն, երբ մեր նուիրատուութիւնը կ’ընենք կա՛մ ժողովքին միջոցաւ կամ ալ ուղղակիօրէն Դիտարանի Ընկերութեան ամենէն մօտիկ մասնաճիւղի գրասենեակին։ Արեւելեան Ափրիկեան քաղաքի մը մէջ քարոզելու նշանակուած միսիոնար զոյգ մը հետաքրքրուող անհատներ հրաւիրած էր իրենց հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մասնակցելու համար։ Առաջին ժողովին վերջաւորութեան, միսիոնարները փափկանկատութեամբ որոշ դրամ դրին տուփի մը մէջ, որու վրայ գրուած էր. «Թագաւորութեան գործունէութեան համար նուիրատուութիւններ»։ Ուրիշներ ալ նոյնը ըրին։ Հետագային, այս նորեկները Քրիստոնէական ժողովք կազմուելէ ետք, շրջանային տեսուչը այցելեց եւ անոնց նուիրատուութիւններուն կանոնաւորութիւնը նկատեց։—Սաղմոս 50։10, 14, 23

18. Մեր տառապեալ եղբայրներուն ինչպէ՞ս կրնանք օգնել։

18 Մենք բնական աղէտներու զոհ եղողներուն եւ պատերազմով պառակտուած շըրջաններու մէջ ապրողներուն օգնելու համար ալ մեր նիւթական միջոցները գործածելու առանձնաշնորհումը ունինք։ Որքա՜ն տոգորուեցանք Արեւելեան Եւրոպա ղրկուած նպաստին մասին կարդալով, ուր տնտեսական ու քաղաքական խռովութիւնը պատած էր։ Նուիրուած իրերն ու նիւթականը կարօտեալ Քրիստոնեաներուն նկատմամբ մեր եղբայրներուն առատաձեռնութիւնն ու համերաշխութիւնը ցոյց կու տային։b—Բ. Կորնթացիս 8։13, 14

19. Գործնական ի՞նչ բաներ կրնանք ընել լիաժամ ծառայութեան մէջ եղողներուն օժանդակելու համար։

19 Մենք մեծապէս կ’արժեւորենք որպէս ռահվիրաներ, ճամբորդող տեսուչներ, միսիոնարներ եւ Պէթէլի կամաւոր աշխատաւորներ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկող մեր եղբայրներուն աշխատանքը, այդպէս չէ՞։ Եթէ մեր պարագաները կը ներեն, կրնանք ուղղակիօրէն որոշ նիւթական օգնութիւն տալ անոնց։ Օրինակի համար, երբ շրջանային տեսուչը ձեր ժողովքը այցելէ, կրնանք բնակարան ու ճաշ հայթայթել իրեն, կամ օգնել որ անոր ճամբորդութեան ծախսերը ծածկուին։ Այսպիսի առատաձեռնութիւն աննկատ չի մնար մեր երկնաւոր Հօր կողմէ, որ կ’ուզէ որ իր ծառաներուն հոգ տարուի։ (Սաղմոս 37։25) Տարիներ առաջ, եղբայր մը, որ միայն թեթեւ զովացուցիչ հրամցնելու կարողութիւնը ունէր, ճամբորդող տեսուչը եւ անոր կինը իր տունը հրաւիրեց։ Երբ զոյգը երեկոյեան քարոզչութեան համար անկէ կը մեկնէր, եղբայրը իր այցելուներուն պահարան մը յանձնեց։ Անոր մէջ կար թղթադրամ մը (Մ.Ն. մէկ տոլարի համարժէքով) հետեւեալ գրութիւնով. «Գաւաթ մը թէյ կամ կալոն մը քարիւղ առնելու համար»։ Ի՜նչ ընտիր երախտագիտութիւն այսքան խոնարհ կերպով արտայայտուած։

20. Ի՞նչ առանձնաշնորհում եւ պատասխանատուութիւն չենք ուզեր անտեսել։

20 Հոգեւոր գետնի վրայ, Եհովայի ժողովուրդը օրհնուած է։ Մեր շրջանային ու նահանգային համաժողովներուն հոգեւոր կոչունք կը վայելենք, ուր նոր գրականութիւններ, ընտիր ուսուցում եւ գործնական խրատներ կը ստանանք։ Մեր հոգեւոր օրհնութիւններուն համար գնահատութեամբ լեցուած սրտերով, մենք նուիրատուութիւններ ընելու մեր առանձնաշնորհումն ու պատասխանատուութիւնը չենք մոռնար, որոնք պիտի գործածուին համայն աշխարհի մէջ Աստուծոյ Թագաւորութեան շահերը յառաջ մղելու համար։

‘Անիրաւ Մամոնայէն Բարեկամներ Ըրէք’

21, 22. Շուտով ի՞նչ պիտի պատահի «անիրաւ մամոնայ»ին, եւ մինչ այդ, ի՞նչ պէտք է ընենք։

21 Իրապէս, շատ մը կերպեր կան, որոնցմով կրնանք ցոյց տալ թէ մեր կեանքին մէջ Եհովայի պաշտամունքը առաջնագոյն տեղը կը գրաւէ, իսկ անոնց մաս կը կազմէ Յիսուսի սա խրատին հետեւիլը. «Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք, որպէսզի երբ անիկա պակսի ձեզ յաւիտենական բնակարաններու մէջ ընդունին»։—Ղուկաս 16։9

22 Նկատեցէք որ Յիսուս անիրաւ մամոնային պակսելուն մասին խօսեցաւ։ Այո, պիտի գայ այն օրը, երբ այս դրութեան դրամը անարժէք պիտի դառնայ։ «Իրենց արծաթը փողոցներուն մէջ պիտի նետեն, անոնց ոսկին անարգ բան մը պիտի սեպուի», մարգարէացաւ Եզեկիէլ։ «Անոնց արծաթն ու ոսկին Տէրոջը բարկութեան օրը կարող պիտի չըլլան զիրենք ազատել»։ (Եզեկիէլ 7։19) Մինչ այդ, մենք մեր նիւթական միջոցները իմաստութեամբ եւ ներատեսութեամբ պէտք է գործածենք։ Այսպէս վարուելով, Յիսուսի ազդարարութեան ուշադրութիւն ընծայելու մէջ թերացած ըլլալու զգացումը պիտի չունենանք. «Եթէ անիրաւ մամոնային մէջ հաւատարիմ չըլլաք, ճշմարիտ հարստութիւնը ո՞վ պիտի հաւատայ ձեզի։ ... Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։—Ղուկաս 16։11–13

23. Ի՞նչ բան իմաստութեամբ պէտք է գործածենք, եւ մեր վարձատրութիւնը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

23 Արդ, մեր կեանքին մէջ Եհովայի պաշտամունքին առաջին տեղը տալու եւ մեր բոլոր նիւթական միջոցները իմաստութեամբ գործածելու համար, բոլորս ալ հաւատարմօրէն հետեւինք այս վերյիշեցումներուն։ Այսպիսով, կրնանք Եհովայի ու Յիսուսի հետ մեր բարեկամութիւնը պահպանել, որոնք կը խոստանան որ, երբ դրամը պակսի, իրենք մեզ պիտի ընդունին «յաւիտենական բնակարաններու մէջ», յաւիտենական կեանքի հեռանկարով, ըլլա՛յ երկնային Թագաւորութեան մէջ կամ դրախտային երկրի մը վրայ։—Ղուկաս 16։9

[Ստորանիշ էջ 13]

a «Ընծայ» թարգմանուած Եբրայերէն բառը ծագում կ’առնէ բայէ մը որ բառացիօրէն կը նշանակէ «բարձրացուիլ. վսեմանալ. վերցնել»։

[Ստորանիշ էջ 17]

b Տես Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ծանուցանողներ, էջ 307–15, Անգլերէնով հրատարակուած՝ 1993–ին, Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

Կը Յիշէ՞ք

◻ Իսրայելացիները տաղաւարին կառուցման համար նուիրատուութիւններ ընելու Եհովայի հրաւէրին ինչպէ՞ս ընդառաջեցին։

◻ Որբեւարիին նուիրատուութիւնը ինչո՞ւ ի զուր չէր։

◻ Իրենց նիւթական միջոցները գործածելու կերպին նկատմամբ, Քրիստոնեաները ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին։

◻ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր դրամին գործածութեան պատճառաւ զղջալէ խուսափիլ։

[Նկար՝ էջ 15]

Չնչին ըլլալով հանդերձ, որբեւարիին նուիրատուութիւնը ի զուր չէր

[Նկարներ՝ էջ 16,17]

Մեր նուիրատուութիւնները Թագաւորութեան երկրածաւալ գործունէութեան թիկունք կը կանգնին

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել