Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 5/1 էջ 15-20
  • «Այս ամէնը պէտք է որ ըլլան»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Այս ամէնը պէտք է որ ըլլան»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աղիտալի Կատարում մը Մօտ Ապագային
  • Ժամանակակիցները Պիտի Տեսնէին
  • Գալիք Ուրիշ Կատարում մը
  • Մօտալուտ Դատաստանը
  • Երբ Աստուած գործի անցնի դուք պիտի ազատի՞ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • ‘Քու գալուստիդ նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Այս «չար սերունդ»էն փրկուինք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 5/1 էջ 15-20

«Այս ամէնը պէտք է որ ըլլան»

«Յիսուս պատասխանեց. ‘. . . Այս ամէնը պէտք է որ ըլլան, բայց դեռ վերջը չէ’»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 24։4-6

1. Ի՞նչ նիւթով հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք։

ԱՆԿԱՍԿԱԾ հետաքրքրուած էք ձեր կեանքով ու ձեր ապագայով։ Ուրեմն պէտք է հետաքրքրուած ըլլաք նաեւ նիւթով մը որ Չ. Թ. Ռասըլի ուշադրութիւնը գրաւեց 1877–ին։ Ռասըլ, որ հետագային հիմնեց Դիտարանի Ընկերութիւնը, 64 էջնոց գրքոյկ մը գրեց, Մեր Տիրոջ Վերադարձին Նպատակն ու Կերպը խորագրով որ Յիսուսի վերադարձին կամ ապագայ գալուստին մասին կը խօսէր։ (Յովհաննու 14։3) Առիթով մը, երբ Յիսուս Ձիթենեաց Լերան վրայ նստած էր, առաքեալները իրեն հարցուցին այդ վերադարձին մասին. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։—Մատթէոս 24։3

2. Յիսուսի նախագուշակածին մասին ինչո՞ւ հակաճառելի շատ տեսակէտներ կան։

2 Յիսուսի տուած պատասխանը գիտէ՞ք ու զայն կը հասկնա՞ք։ Անիկա կը գտնուի երեք Աւետարաններուն մէջ։ Ուսուցչապետ Տ. Ա. Գարսըն կը նշէ. «Աստուածաշունչի շատ քիչ գլուխներ այսքան հակաճառութեան նիւթ դարձած են մեկնաբանողներու կողմէ, որքան Մատթէոս 24, Մարկոս 13 եւ Ղուկաս 21–ը»։ Ապա ան կու տայ իր անձնական կարծիքը, որ մարդկային տեսակէտներու ուրիշ հակաճառելի հայեցողութիւն մըն է։ Անցեալ դարուն, այսպիսի տեսակէտներէն շատեր հաւատքի պակաս կ’արտացոլացնէին։ Այս տեսակէտները ներկայացնողները այն գաղափարը յայտնեցին թէ Յիսուս բնաւ չէ ըսած ինչ որ Աւետարաններուն մէջ կը կարդանք, թէ իր խօսքերը հետագային խեղաթիւրուած էին, կամ իր նախագուշակութիւնը ձախողած էր. բարձրագոյն քննադատութեան կողմէ յառաջ քշուած տարբեր տեսակէտներ։ Մեկնաբան մը նոյնիսկ Մարկոսի Աւետարանը դիտեց ‘Մահայանա–Պուտտայական փիլիսոփայութեան ոսպնեակով’։

3. Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս կը նկատեն Յիսուսի մարգարէութիւնը։

3 Ասոնց հակառակը, Եհովայի Վկաները Աստուածաշունչին հարազատութիւնը եւ վստահելիութիւնը կ’ընդունին, մէջը ըլլալով ինչ որ Յիսուս ըսաւ չորս առաքեալներուն, որոնք իրեն հետ էին Ձիթենեաց Լերան վրայ, իր մահուընէ երեք օր առաջ։ Չ. Թ. Ռասըլի օրերէն ի վեր, Աստուծոյ ժողովուրդը աստիճանաբար աւելի յստակ հասկացողութիւն մը ձեռք ձգած է հոն տուած Յիսուսի մարգարէութեան մասին։ Վերջին քանի մը տարիներուն, Դիտարան–ը տակաւին շատ աւելի յստակացուցած է այս մարգարէութեան նկատմամբ իրենց տեսակէտը։ Այդ տեղեկութիւնը իւրացնելով ձեր կեանքին վրայ անոր ունեցած տպաւորութիւնը տեսա՞ծ էք։a Եթէ կ’ուզէք, դարձեալ աչքէ անցընենք զայն։

Աղիտալի Կատարում մը Մօտ Ապագային

4. Առաքեալները հաւանաբար ինչո՞ւ ապագայի մասին Յիսուսի հարցումներ հարցուցին։

4 Առաքեալները գիտէին որ Յիսուս Մեսիան էր։ Ուստի, երբ անոնք լսեցին որ Յիսուս իր մահուան, յարութեան եւ վերադարձին մասին կը խօսէր, անպայման հարց տուած ըլլալու էին. ‘Եթէ Յիսուս մեռնի եւ երթայ, ի՞նչպէս պիտի կարենայ իրագործել Մեսիայէն ակնկալուած հոյակապ բաները’։ Ասկէ զատ, Յիսուս խօսեցաւ Երուսաղէմի ու անոր տաճարին վախճանին մասին։ Առաքեալները իրենք իրենց հարց տուած ըլլալու էին. ‘Ասիկա ե՞րբ եւ ի՞նչպէս պիտի ըլլայ’։ Այս բաները հասկնալ փորձելով, առաքեալները հարցուցին. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ ի՞նչ նշան պիտի ըլլայ այդ բաներուն կատարուելու ատենը»։—Մարկոս 13։4. Մատթէոս 16։21, 27, 28. 23։37–24։2

5. Յիսուսի ըսածը ի՞նչպիսի կատարում մը ունեցաւ առաջին դարուն։

5 Յիսուս նախագուշակեց որ պիտի ըլլային պատերազմներ, սովեր, մահտարաժամներ, երկրաշարժներ, Քրիստոնեաներու հանդէպ ատելութիւն ու հալածանք, սուտ Մեսիաներ, եւ Թագաւորութեան բարի լուրին լայնածաւալ քարոզչութիւն։ Ասոնցմէ ետքն էր որ վախճանը պիտի գար։ (Մատթէոս 24։4-14. Մարկոս 13։5-13. Ղուկաս 21։8-19) Յիսուս ասիկա ըսաւ Հ.Դ. 33–ի սկիզբը։ Յաջորդ տասնամեակներու ընթացքին, իր արթուն աշակերտները պիտի գիտակցէին որ նախագուշակուած բաները իրապէս ուշագրաւօրէն տեղի կ’ունենային։ Այո, պատմութիւնը կը փաստէ որ տրուած նշանը այդ ժամանակ կատարում մը ունեցաւ եւ ասիկա Հռովմէացիներու ձեռքով հրէական իրերու դրութեան կործանման առաջնորդեց, Հ.Դ. 66-70–ին։ Ասիկա ի՞նչպէս պատահեցաւ։

6. Հ.Դ. 66–ին Հռովմէացիներու ու Հրեաներու միջեւ ի՞նչ զարգացաւ։

6 Հ.Դ. 66–ի Հրէաստանի տաք ամառուան ընթացքին, Հրեայ Նախանձայոյզներ, Երուսաղէմի տաճարին մօտ գտնուող բերդի մը մէջ հռովմէական պահակներուն վրայ յարձակեցան, երկրին ուրիշ մասերուն մէջ ալ բռնութիւն հրահրելով։ Հրեաներուն Պատմութիւնը գրքին մէջ, Ուսուցչապետ Հէնրիխ Կրաթց կը պատմէ. «Սեսդիոս Գաղիոս, որպէս Սուրիոյ Կուսակալ, իր պարտականութիւնն էր հռովմէական բանակին պատիւը պաշտպանել, . . . այլեւս չէր կրնար հանդուրժել իր շուրջ տարածուող ապստամբութեան, որու ականատես էր, առանց անոր յառաջխաղացքը կասեցնելու ջանք մը թափելու։ Ան իր լեգէոնները հաւաքեց, իսկ շրջակայ պետութիւնները սիրայօժար կերպով իրենց բանակները ղրկեցին»։ 30,000 հոգիէ բաղկացած այս բանակը, պաշարեց Երուսաղէմը։ Քիչ մը կռուելէ ետք, Հրեաները տաճարին մօտ գտնուող պարիսպներուն ետին քաշուեցան։ «Յաջորդական հինգ օրերու ընթացքին, Հռովմէացիները յարձակեցան պարսպին վրայ, բայց միշտ ստիպուեցան նահանջել, Յուդայականներու նետարձակութեան դիմաց։ Միայն վեցերորդ օրն էր որ անոնք յաջողեցան Տաճարին դիմացի հիւսիսային պարիսպին մէկ մասին տակէն փորել»։

7. Յիսուսի աշակերտները ինչո՞ւ հարցերը շատ մը Հրեաներէն տարբեր կերպով կը տեսնէին։

7 Միայն խորհեցէք թէ Հրեաները որքա՜ն շփոթած ըլլալու էին, քանի որ միշտ կը խորհէին որ Աստուած զիրենք եւ իրենց սուրբ քաղաքը պիտի պաշտպանէր։ Յիսուսի աշակերտները սակայն, կանխազդարարուած էին որ Երուսաղէմի մեծ չարիք կը սպասէր։ Յիսուս նախագուշակած էր. «Օրեր պիտի գան քու վրադ՝ երբ թշնամիներդ քու բոլորտիքդ պատնէշ պիտի շինեն ու քեզ պիտի պաշարեն եւ ամէն կողմէ քեզ նեղը պիտի ձգեն եւ հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ ու մէջդ եղած զաւակներդ եւ ամենեւին քար մը քարի վրայ պիտի չթողուն քու մէջդ»։ (Ղուկաս 19։43, 44) Բայց անիկա Հ.Դ. 66–ին Երուսաղէմի մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն համա՞ր ալ մահ պիտի նշանակէր։

8. Յիսուս ի՞նչ չարիք նախագուշակեց, եւ որո՞նք էին «ընտրեալներ»ը, որոնց համար օրերը պիտի կարճեցուէին։

8 Երբ Ձիթենեաց Լերան վրայ առաքեալներուն կը պատասխանէր, Յիսուս նախագուշակեց. «Այն օրերը այնպիսի նեղութիւն պիտի ըլլայ, որուն նմանը Աստուծոյ ստեղծած արարածներուն սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։ Եթէ Տէրը այն օրերը չկարճեցնէ, բնաւ մարմին մը պիտի չապրի։ Բայց ընտրեալներուն համար որոնք ընտրեց՝ այն օրերը կարճեցուց»։ (Մարկոս 13։19, 20. Մատթէոս 24։21, 22) Ուստի, օրերը պիտի կարճեցուէին եւ «ընտրեալներ»ը պիտի փրկուէին։ Որո՞նք էին այս ընտրեալները։ Վստահաբար ապստամբ Հրեաները չէին, որոնք կը դաւանէին Եհովան պաշտել, բայց անոր Որդին մերժած էին։ (Յովհաննու 19։1-7. Գործք 2։22, 23, 36) Այն ատեն ճշմարիտ ընտրեալները, որպէս Մեսիա կամ Փրկիչ Յիսուսի հաւատք ընծայող Հրեաները եւ ոչ–Հրեաներն էին։ Աստուած այսպիսիները ընտրած էր եւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, զանոնք ձեւակերպած էր որպէս հոգեւոր նոր ազգ մը՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը։—Գաղատացիս 6։16. Ղուկաս 18։7. Գործք 10։34-45. Ա. Պետրոս 2։9

9, 10. Հռովմէացիներու յարձակման օրերը ի՞նչպէս ‘կարճեցուեցան’ եւ ի՛նչ արդիւնքով։

9 Օրերը ‘կարճեցուելով’ Երուսաղէմի օծեալ ընտրեալները փրկուեցա՞ն։ Ուսուցչապետ Կրաթց կը թելադրէ. «[Սեսդիոս Գաղիոս] իմաստութիւն չհամարեց հերոս մոլեռանդներու դէմ կռիւը շարունակել եւ այդ եղանակին երկար արշաւի մը ձեռնարկել, երբ աշնան անձրեւները շուտով պիտի սկըսէին . . . թերեւս բանակին պաշար հասնելուն արգելք ըլլալով։ Հաւանաբար, անոր համար ան աւելի խոհեմութիւն նկատեց նահանջել»։ Ինչ որ ալ ըլլար Սեսդիոս Գաղիոսի խորհուրդը, հռովմէական բանակը քաղաքէն նահանջեց, զիրենք հետապնդող Հրեաներուն կողմէ ծանր վնասներ կրելով։

10 Հռովմէացիներու այդ անակնկալ նահանջը թոյլ տուաւ որ «մարմին մը»՝ Երուսաղէմի մէջ վտանգուած Յիսուսի աշակերտները՝ փրկուէր։ Պատմութիւնը կ’ըսէ թէ երբ պատեհութեան այս դուռը բացուեցաւ, Քրիստոնեաները այդ շրջանէն փախան։ Ապագան գիտնալու եւ իր երկրպագուներուն վերապրումը ապահովելու աստուածային կարողութեան ի՜նչ հոյակապ ցուցադրութիւն։ Սակայն Երուսաղէմի ու Հրէաստանի մէջ մնացած անհաւատ Հրեաներուն ի՞նչ պիտի պատահէր։

Ժամանակակիցները Պիտի Տեսնէին

11. Յիսուս ի՞նչ ըսաւ «այս սերունդ»ին մասին։

11 Հրեաներէն շատեր կը խորհէին որ տաճարին շուրջ կեդրոնացած իրենց պաշտամունքի դրութիւնը անվերջ պիտի շարունակուէր։ Բայց Յիսուս ըսաւ. «Թզենիէն . . . սորվեցէք. որ երբ անոր ոստերը կակուղնան ու տերեւները ցցուին, կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է։ Նոյնպէս դուք երբ այս ամէն բաները տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ այս ազգը [«սերունդը», Անթիլիաս] պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան։ Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։—Մատթէոս 24։32-35

12, 13. Աշակերտները ի՞նչպէս հասկցած ըլլալու էին Յիսուսի ակնարկած «այս սերունդը»։

12 Հ.Դ. 66–ին առաջնորդող տարիներուն, Քրիստոնեաները տեսած ըլլալու էին բաղադրեալ նշանին նախնական շատ մը մասերուն կատարուիլը. պատերազմներ, սովեր, նոյնիսկ Թագաւորութեան բարի լուրին լայնածաւալ քարոզչութիւնը։ (Գործք 11։28. Կողոսացիս 1։23) Սակայն, վախճանը ե՞րբ պիտի գար։ Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Այս սերունդը [Յունարէն կէ·նէ·իա] պիտի չանցնի»։ Յիսուս իրեն ժամանակակից հակառակորդ Հրեաները, մէջը ըլլալով անոնց կրօնական առաջնորդները, յաճախ կոչած էր «չար եւ շնացող ազգ [«սերունդ», Անթիլիաս]»։ (Մատթէոս 11։16. 12։39, 45. 16։4. 17։16. 23։36) Ուստի, երբ Ձիթենեաց Լերան վրայ ան դարձեալ խօսեցաւ «այս սերունդ»ին մասին, ան բացայայտօրէն ամբողջ պատմութեան ընթացքին հրէական համայն ցեղին չակնարկեց. ոչ ալ ակնարկեց իր հետեւորդներուն, հակառակ անոր որ անոնք «ընտիր ցեղ մըն» էին։ (Ա. Պետրոս 2։9) Ոչ ալ Յիսուս ըսել կ’ուզէր որ «այս սերունդը» ժամանակաշրջան մըն է։

13 Ընդհակառակը, Յիսուս ի մտի ունէր այն ատենուան հակառակորդ Հրեաները, որոնք իր տուած նշանին կատարման ականատես պիտի ըլլային։ Ղուկաս 21։32–ի (Անթիլիաս) «այս սերունդը» ակնարկումին մասին, Ուսուցչապետ Ճոէլ Պ. Կրին կը նշէ. «Երրորդ Աւետարանին մէջ, ‘այս սերունդը’ (եւ կապակից նախադասութիւնները) միշտ կը նշէ մարդոց դասակարգ մը, որ Աստուծոյ նպատակին ընդդիմացած է։ . . . [Անիկա կ’ակնարկէ] այն մարդոց, որոնք յամառօրէն կռնակ կը դարձնեն աստուածային նպատակին»։b

14. Այդ «սերունդը» ի՞նչ բանի փորձառութիւնը ունեցաւ, սակայն Քրիստոնեաներուն համար արդիւնքը ի՞նչպէս տարբեր եղաւ։

14 Հրեայ հակառակորդներու չար սերունդը, որոնք կրնային տեսնել կատարուող նշանը, պիտի տեսնէին նաեւ վախճանը։ (Մատթէոս 24։6, 13, 14) Ա՛յսպէս ալ եղաւ։ Հ.Դ. 70–ին, Վեսպասիանոս Կայսրի որդւոյն՝ Տիտոսի գլխաւորութեամբ հռովմէական բանակը վերադարձաւ։ Դարձեալ քաղաքին մէջ խռնուած Հրեաներուն տառապանքը գրեթէ անհաւատալի էր։c Ականատես Փլավիոս Յովսեպոս կը տեղեկագրէ որ Հռովմէացիները քաղաքը կործանած ժամանակ, շուրջ 1,100,000 Հրեաներ մեռան եւ 100,000 ալ գերի տարուեցան, որոնցմէ շատերը ահաւոր կերպով բնաջնջուեցան անօթութենէ կամ հռովմէական թատրոններուն մէջ։ Արդարեւ, Հ.Դ. 66-70–ի նեղութիւնը մեծագոյնն էր զոր Երուսաղէմ կամ հրէական դրութիւնը տեսաւ կամ կրնայ տեսնել։ Քրիստոնեաներուն համար արդիւնքը որքա՜ն տարբեր էր, որոնք Յիսուսի մարգարէական ազդարարութեան ականջ տալով Երուսաղէմէն հեռացած էին Հ.Դ. 66–ին հռովմէական բանակներուն մեկնումէն ետք։ Օծեալ Քրիստոնեաները՝ «ընտրեալներ»ը ‘ապրեցան’ կամ փրկուեցան Հ.Դ. 70–ին։—Մատթէոս 24։16, 22

Գալիք Ուրիշ Կատարում մը

15. Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ Յիսուսի մարգարէութիւնը Հ.Դ. 70–էն ետք աւելի մեծ կատարում մը պիտի ունենար։

15 Սակայն, այսքանով չվերջացաւ։ Յիսուս նախապէս նշած էր որ քաղաքը կործանուելէ ետք, դարձեալ պիտի գար Եհովայի անունով։ (Մատթէոս 23։38, 39. 24։2) Ապա ասիկա աւելի յստակացուց Ձիթենեաց Լերան վրայ իր տուած մարգարէութեան մէջ։ ‘Մեծ նեղութեան’ գալը յիշելէ ետք, ան ըսաւ որ անոր պիտի յաջորդէր սուտ Քրիստոսներու յայտնուիլը եւ Երուսաղէմ ազգերու կողմէ երկար ժամանակ ոտից կոխան պիտի ըլլար։ (Մատթէոս 24։21, 23-28. Ղուկաս 21։24) Կրնա՞յ ըլլալ որ ուրիշ եւ աւելի մեծ կատարում մը տակաւին գալու էր։ Իրողութիւնները այո՛ կը պատասխանեն։ Երբ Յայտնութիւն 6։2-8–ը (որ Հ.Դ. 70–ի Երուսաղէմի նեղութենէն ետք գրուեցաւ) բաղդատենք Մատթէոս 24։6-8 եւ Ղուկաս 21։10, 11–ի հետ, կը տեսնենք որ պատերազմը, սովերը եւ պատուհասները աւելի մեծ տարողութեամբ տակաւին գալիք էին։ Յիսուսի խօսքերուն այս աւելի մեծ կատարումը տեղի կ’ունենայ 1914–ին Առաջին Աշխարհամարտը ծագելէն ասդին։

16-18. Տակաւին ի՞նչ բանի կատարումը կը սպասենք։

16 Հիմա տասնամեակներէ ի վեր, Եհովայի Վկաները սորվեցուցած են որ նշանին ընթացիկ կատարումը կը փաստէ որ «մեծ նեղութիւնը» տակաւին մեր դիմաց է։ Ներկայ չար «սերունդը» պիտի տեսնէ այդ նեղութիւնը։ Այնպէս կը թուի որ դարձեալ անիկա նախնական փուլի մէջ պիտի մտնէ (ամբողջ սուտ կրօնքին վրայ յարձակում մը), ճիշդ ինչպէս որ Հ.Դ. 66–ին Գաղիոսի յարձակումը նեղութեան դուռը բացաւ Երուսաղէմի վրայ։d Ապա, ժամանակը չսահմանուած միջոցէ մը ետք, վախճանը՝ համաշխարհային տարողութեամբ կործանումը՝ պիտի գայ, համապատասխանելով Հ.Դ. 70–ի կործանման։

17 Մեր դիմաց եղող նեղութեան ակնարկելով, Յիսուս ըսաւ. «Այն նեղութեան օրերէն [սուտ կրօնքի կործանումէն] յետոյ արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ, աստղերը երկնքէն պիտի իյնան ու երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։ Այն ատեն Որդի մարդոյ նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ ու երկրի բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն եւ պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով»։—Մատթէոս 24։29, 30

18 Ուստի, Յիսուս ինք կ’ըսէ որ «այն նեղութեան օրերէն յետոյ», որոշ ձեւի երկնային անսովոր երեւոյթներ տեղի պիտի ունենան։ (Համեմատել՝ Յովելեայ 2։28-32. 3։15։) Ասիկա այնքան պիտի ապշեցնէ ու ցնցէ անհնազանդ մարդկութիւնը, որ անոնք «կոծ պիտի ընեն»։ Շատերու «սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն»։ Բայց ճշմարիտ Քրիստոնեաները այս պարագային մէջ պիտի չիյնան։ Անոնք իրենց ‘գլուխները պիտի բարձրացնեն, վասն զի իրենց փրկութիւնը կը մօտենայ’։—Ղուկաս 21։25, 26, 28

Մօտալուտ Դատաստանը

19. Ոչխարներու ու այծերու առակին կատարման ժամանակը ի՞նչպէս կրնանք սահմանել։

19 Նկատի առէք որ Մատթէոս 24։29-31–ը կը նախագուշակէ որ (1) Որդին մարդոյ կու գայ, (2) այս գալը մեծ փառքով պիտի ըլլայ, (3) հրեշտակները իրեն հետ պիտի ըլլան, եւ (4) երկրի բոլոր ազգերը պիտի տեսնեն զինք։ Յիսուս ոչխարներու ու այծերու իր առակին մէջ այս երեսակները կը կրկնէ։ (Մատթէոս 25։31-46) Հետեւաբար, կրնանք եզրակացնել որ այս առակը կը կիրարկուի նեղութեան ծագման սկիզբին յաջորդող ժամանակին, երբ Յիսուս իր հրեշտակներով պիտի գայ եւ իր աթոռին վրայ նստի՝ դատելու համար։ (Յովհաննու 5։22. Գործք 17։31. համեմատել՝ Գ. Թագաւորաց 7։7. Դանիէլ 7։10, 13, 14, 22, 26. Մատթէոս 19։28։) Որո՞նք պիտի դատուին եւ ի՛նչ հետեւանքով։ Առակը ցոյց կու տայ որ Յիսուս իր ուշադրութիւնը պիտի դարձնէ բոլոր ազգերուն, որպէս թէ անոնք իր երկնային գահին առջեւ հաւաքուած ըլլան։

20, 21. (ա) Յիսուսի առակին ոչխարներուն ի՞նչ վիճակուած է։ (բ) Ապագային՝ այծերը ի՞նչ բանի փորձառութիւնը պիտի ունենան։

20 Ոչխարանման այրեր ու կիներ Յիսուսի հաճութեան աջ կողմը պիտի զատուին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք իր եղբայրներուն՝ Քրիստոսի երկնային Թագաւորութեան մասնակից ըլլալիք օծեալ Քրիստոնեաներուն՝ բարիք ընելու առիթը օգտագործած էին։ (Դանիէլ 7։27. Եբրայեցիս 2։9–3։1) Առակին հետ համընթաց ըլլալով, ոչխարանման միլիոնաւոր Քրիստոնեաներ Յիսուսի հոգեւոր եղբայրները ճանչցած են, եւ անոնց նեցուկ կանգնելու համար աշխատած են։ Որպէս հետեւանք, մեծ բազմութիւնը՝ «մեծ նեղութենէն» վերապրելու ու յաւիտեան Աստուծոյ Թագաւորութեան երկրային ծիրին, Դրախտին մէջ ապրելու, Սուրբ Գրքի վրայ հիմնուած յոյսը ունի։—Յայտնութիւն 7։9, 14. 21։3, 4. Յովհաննու 10։16

21 Այծերը ի՜նչ տարբեր վախճան մը պիտի ունենան։ Անոնք Մատթէոս 24։30–ի մէջ նկարագրուած են, որպէս Յիսուսի եկած ժամանակ ‘կոծ ընողներ’։ Պատճառ ունին կոծ ընելու, քանի որ անոնք Թագաւորութեան բարի լուրը մերժելու, Յիսուսի աշակերտներուն հակառակելու եւ վաղանցիկ աշխարհը նախընտրելու գէշ արձանագրութիւնը շինած են իրենց համար։ (Մատթէոս 10։16-18. Ա. Յովհաննու 2։15-17) Ոչ թէ երկրի վրայ իր աշակերտները, հապա Յիսուս անձամբ կ’որոշէ թէ որոնք այծեր են։ Անոնց մասին ան կ’ըսէ. «Անոնք պիտի երթան յաւիտենական պատիժի»։—Մատթէոս 25։46, Անթիլիաս։

22. Յիսուսի մարգարէութեան ո՞ր մասը մեր յաւելեալ ուշադրութեան արժանի է։

22 Մատթէոս 24 եւ 25–րդ գլուխներու մարգարէութեան հասկացողութեան մէջ մեր յառաջդիմելը ցնծալի եղած է մեզի համար։ Սակայն, Յիսուսի մարգարէութեան մէկ մասը կայ որ մեր յաւելեալ ուշադրութեան արժանի է. ‘աւերմունքին պղծութիւնը որ սուրբ տեղը կեցած է’։ Յիսուս քաջալերեց իր հետեւորդները որ այս ուղղութեամբ ներատեսութիւն գործածեն եւ գործի լծուելու պատրաստ ըլլան։ (Մատթէոս 24։15, 16, ՆԱ) Ի՞նչ է «պղծութիւնը»։ Անիկա ե՞րբ սուրբ տեղը կը կենայ։ Իսկ մեր ներկայ ու ապագայ կեանքի ակնկալութիւնները ի՞նչպէս անկէ կախեալ են։ Յաջորդ յօդուածը պիտի խօսի ասոնց մասին։

[Ստորանիշներ]

a Տես՝ Դիտարան 1 Մայիս 1994, 1 Յունուար, 1 Մարտ եւ 1 Նոյեմբեր 1996–ի ուսումնասիրութեան նիւթերը։

b Բրիտանացի ուսումնական Ճ. Ռ. Պիսլի–Մըռէյ դիտել կու տայ. «‘Այս սերունդը’ արտայայտութիւնը մեկնաբաններուն համար դժուարութիւն պէտք չէ յարուցանէ։ Թէեւ ընդունելի է որ նախկին Յունարէնին մէջ կէ·նէ·իա կը նշանակէր ծնունդ, զաւակ եւ հետեւաբար՝ ազգ, . . . [Եօթանասնից–ի Յունարէնին] մէջ անիկա յաճախ Եբրայերէն տոր արտայայտութեան տեղ թարգմանուած է, որ կը նշանակէ տարիք, մարդկութեան տարիքը, կամ սերունդ՝ ժամանակակիցներու իմաստով։ . . . Յիսուսի վերագրուած արտայայտութիւններուն մէջ, այս բառը երկու իմաստ կը թուի ունենալ. մէկ կողմէն անիկա միշտ կը նշանակէ իր ժամանակակիցները, իսկ միւս կողմէ, անիկա միշտ իր մէջ կը բովանդակէ լռելեայն քննադատութիւն»։

c Հրեաներուն Պատմութիւնը գրքին մէջ, Ուսուցչապետ Կրաթց կ’ըսէ որ Հռովմէացիներ երբեմն օրական 500 բանտարկեալներ կը ցցահանէին։ Ուրիշ բռնուած Հրեաներուն ձեռքերը կը կտրէին եւ ետ քաղաք կը ղրկէին։ Հոն ի՞նչ վիճակներ կը տիրէին։ «Դրամը իր արժէքը կորսնցուցած էր, քանի որ անով հաց չէին կրնար գնել։ Փողոցներուն մէջ մարդիկ յուսահատօրէն զզուելի եւ նողկալի ուտելիքի, ափ մը յարդի, կաշիի կտորի մը, կամ շուներուն նետուած փորոտիքի համար կը կռուէին։ . . . Անթաղ դիակներուն հետզհետէ աւելցող թիւը ամառնային հեղձուցիչ օդը համաճարակային վիճակի հասցուցած էր եւ ժողովուրդը հիւանդութեան, սովի ու սուրի զոհ գնաց»։

d Յաջորդ յօդուածը կը խօսի ապագայ նեղութեան այս երեսակին մասին։

Կը Յիշէ՞ք

◻ Մատթէոս 24։4-14–ը ի՞նչ կատարում ունեցաւ առաջին դարուն։

◻ Առաքեալներուն ժամանակ, օրերը ի՞նչպէս կարճեցուեցան ու մարմին մը փրկուեցաւ, ինչպէս նախագուշակուած էր Մատթէոս 24։21, 22–ի մէջ։

◻ Մատթէոս 24։34–ի մէջ յիշուած «սերունդը» ի՞նչ բանով յատկորոշուած է։

◻ Ի՞նչպէս գիտենք թէ Ձիթենեաց Լերան վրայ տրուած մարգարէութիւնը ուրիշ եւ աւելի մեծ կատարում մը պիտի ունենայ։

◻ Ոչխարներու ու այծերու առակը ե՞րբ եւ ի՛նչպէս պիտի կատարուի։

[Նկար՝ էջ 18]

Հռովմի մէջ Տիտոսի Կամարէն մանրամասնութիւններ, որոնք ցոյց կու տան Երուսաղէմի կործանումէն բերուած աւարները

[Նկարին աղբիւրը]

Soprintendenza Archeologica di Roma

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել