Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 12/1 էջ 3-4
  • Ներելու պատրա՞ստ էք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ներելու պատրա՞ստ էք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ներելը Մարտահրաւէր մըն Է
  • ‘Շարունակեցէք իրարու անհաշիւ ներել’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ձեր սրտէն ներեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Իրարու ներենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Ինչո՞ւ ներելու պատրաստ ըլլալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 12/1 էջ 3-4

Ներելու պատրա՞ստ էք

ՊԻԼԸ եւ իր 16 տարեկան աղջիկը՝ Լիզան՝ չէին կրնար իրարու հետ մէկտեղ ապրիլ։ Իրար միջեւ պզտիկ անհամաձայնութիւններ յաճախ պոռչտուքի կը վերածուէին։ Վերջապէս, լարուածութիւնը հասաւ այն աստիճանին որ Լիզային ըսուեցաւ տունը ձգել։a

Ժամանակ մը ետք, Լիզան անդրադարձաւ որ ինք յանցաւոր էր եւ իր հօրմէն ներողութիւն խնդրեց։ Բայց փոխանակ իր աղջկան անցեալի սխալներուն վրայ աչք խբելու, դառնացած հայրը մերժեց անոր խաղաղութիւն ընելու ջանքերը։ Երեւակայեցէք. ան չուզեց իր իսկ աղջկան հանդէպ ողորմութիւն ցուցաբերել։

Դարեր առաջ, անմեղ մարդ մը մահուան դատապարտուեցաւ ոճիրի մը համար, զոր ան չէր գործած։ Վկաներ սուտ վկայութիւն ըրին, իսկ քաղաքական պաշտօնեաներ արդարութեան հանդէպ իրենց գլուխը դարձուցին եւ իրենց աչքերը գոցեցին։ Այդ անմեղը Յիսուս Քրիստոսն էր։ Իր մահուընէ քիչ առաջ, ան աղօթքի մէջ Աստուծմէ խնդրեց. «Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց, վասնզի չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն»։—Ղուկաս 23։34

Յիսուս յօժարակամօրէն, սրտանց ներեց եւ իր հետեւորդներն ալ յորդորուեցան զինք ընդօրինակել այս ուղղութեամբ։ (Եփեսացիս 4։32) Պիլին նման սակայն, շատեր անսրտօրէն չեն ուզեր ներել։ Այս առնչութեամբ ի՞նչ է ձեր կեցուածքը։ Պատրա՞ստ էք ուրիշներուն ներել, երբ ձեզի դէմ մեղանչեն։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել լուրջ մեղքերուն մասին։ Անոնք ալ պէ՞տք է ներել։

Ներելը Մարտահրաւէր մըն Է

Միշտ դիւրին չէ ներել։ Այս չար ժամանակներուն, մարդկային յարաբերութիւնները շատ աւելի դժուարացած են։ Ընտանեկան կեանքը յաճախ լեցուն է լարուածութիւններով եւ ճնշումներով։ Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալ վաղուց նշած էր որ այսպիսի վիճակներ տիրական պիտի ըլլային «վերջին օրեր»ուն։ Ան ըսաւ. «Մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, ... բարին չսիրող, մատնիչ յանդուգն, գոռոզ»։—Բ. Տիմոթէոս 3։1–4

Ուստի, բոլորս ալ անխուսափելիօրէն արտաքին ճնշումներ կը դիմագրաւենք, որոնք փորձի կ’ենթարկեն ներելու մեր կարողութիւնը։ Ասկէ զատ, ներքին ուժերու դէմ ալ կը պայքարինք։ Պօղոս ողբաց. «Ո՛չ թէ բարին որ կ’ուզեմ, զայն կ’ընեմ, հապա չարը՝ որ չեմ ուզեր, զայն կ’ընեմ։ Իսկ եթէ չուզած բանս կ’ընեմ, ալ ո՛չ թէ ես կ’ընեմ զանիկա, հապա մեղքը՝ որ իմ ներսիդիս բնակած է»։ (Հռովմայեցիս 7։19, 20) Որպէս հետեւանք, շատերս այդքան ներող չենք որքան կ’ուզէինք ըլլալ։ Ժառանգուած անկատարութիւնն ու մեղքը զօրաւոր ազդեցութիւն կը բանեցնեն բոլորիս վրայ, երբեմն մեր նմաններուն հանդէպ անկարեկից դարձնելով մեզ։

Երբ պզտիկ յանցանքի մը համար ուրիշի մը ներելու քաջալերութիւն ստացաւ, կին մը պատասխանեց. «Ո՛չ մէկը արժանի է ներելու համար թափուելիք ջանքին»։ Մակերեսէն դիտելով, այսպիսի արտայայտութիւն մը կրնայ պաղ, անկարեկից, նոյնիսկ լկտի թուիլ։ Սակայն երբ խորանանք, անոր մէջ կը տեսնենք ընդվզում մը որ շատերը կը պատէ, երբ անոնք անձնասէր, անհոգածու եւ թշնամական աշխարհի մը հետ դէմ յանդիման գան։ Մարդ մը ըսաւ. «Մարդիկ առիթէն կ’օգտուին երբ իրենց ներէք։ Կարծէք թէ ձեզ ոտնակոխ կ’ընեն»։

Զարմանալի չէ, ուրեմն, որ այս վերջին օրերուն ներելու հոգի մը մշակելը դժուար է։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ ազնուօրէն ներել։ (Բաղդատել Բ. Կորնթացիս 2։7։) Ինչո՞ւ ներելու պատրաստ պէտք է ըլլանք։

[Ստորանիշ էջ 3]

a Անունները փոխուած են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել