Յորդ առատաձեռնութիւն
ԵԹԷ թագաւորի մը նուէր մը ընծայելու պատեհութիւնը ունենայիք՝ ի՞նչ պիտի տայիք իրեն։ Ի՞սկ եթէ ան աշխարհի ամենահարուստ եւ ամենէն իմաստուն կառավարիչը ըլլար. . . ։ Կրնայի՞ք նուէրի մը մասին մտածել, որ իրեն հաճոյք պատճառէր։ Շուրջ երեք հազար տարի առաջ, Սաբայի թագուհին հաւանաբար այս հարցումներուն մասին մտածեց, երբ այսպիսի կառավարիչի մը՝ Իսրայէլի Սողոմոն Թագաւորին, այցելելու կը պատրաստուէր։
Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ իր նուէրին մաս կը կազմէին «հարիւր քսան տաղանդ ոսկի ու խիստ շատ խունկեր ու պատուական քարեր»։ Ներկայ գիներով, միայն ոսկին 40,000,000 $ համարժէք էր։ Խունկը, կամ բժշկական անուշահոտ իւղը, արժէքի կողմանէ ոսկիին հետ կը չափուէր, որպէս թանկարժէք ապրանք։ Թէեւ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ թագուհին որքան իւղ տուաւ Սողոմոնի, բայց կ’ըսէ որ անոր տուած նուէրը անհամեմատելի մնաց։—Գ. Թագաւորաց 10։10
Բացայայտ է որ Սաբայի թագուհին հարուստ եւ առատաձեռն կին մըն էր։ Մանաւանդ որ իր առատաձեռնութիւնը փոխարինուեցաւ իրեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Սողոմոն թագաւորը Սաբայի թագուհիին բոլոր ուզած ու խնդրած բաները տուաւ, այն բաներէն զատ՝ որոնք անիկա թագաւորին բերաւ»։ (Բ. Մնացորդաց 9։12) Ճիշդ է որ արքայական դասին պատկանողներու միջեւ նուէրներ փոխանակելը սովորական բան մը ըլլալու էր, բայց Աստուածաշունչը կը մասնաւորէ Սողոմոնի ‘առատաձեռնութիւնը’։ (Գ. Թագաւորաց 10։13) Սողոմոն անձամբ գրեց. «Բարերար անձը պիտի գիրնայ եւ ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի»։—Առակաց 11։25
Անշուշտ, Սաբայի թագուհին ալ Սողոմոնին այցելելու համար մեծ զոհողութիւն ըրաւ թէ՛ ժամանակի եւ թէ ջանքի կողմէ։ Երեւութապէս Սաբան ներկայ Եէմէնի Հանրապետութեան շրջանին մէջ կը գտնուէր. ուստի թագուհին եւ իր ուղտերու կարաւանը աւելի քան 1,600 քմ. ճամբորդեցին, մինչեւ Երուսաղէմ հասան։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ՝ ան «երկրի ծայրերէն եկաւ»։ Սաբայի թագուհին ինչո՞ւ այսքան դժուարութեան մատնեց ինքզինք։ Ան եկաւ գլխաւորաբար «Սողոմոնին իմաստութիւնը լսելու»։—Ղուկաս 11։31
Երրորդ Թագաւորաց 10։1, 2–ը կ’ըսէ թէ Սաբայի թագուհին «եկաւ որպէս զի խրթին հարցումներով [Սողոմոնը] փորձէ։ . . . [Ան] իր սրտին մէջ եղածը անոր ըսաւ»։ Սողոմոն ի՞նչպէս ընդառաջեց։ «Սողոմոն անոր բոլոր հարցումները բացատրեց ու բնաւ խօսք մը չկար, որ թագաւորը չհասկնար ու չբացատրէր անոր»։—Գ. Թագաւորաց 10։3
Իր լսած ու տեսած բաներէն ափիբերան մնացած, թագուհին հեզութեամբ ըսաւ. «Երանի՜ այս քու ծառաներուդ՝ որոնք միշտ քու առջեւդ կենալով՝ քու իմաստութիւնդ կը լսեն»։ (Գ. Թագաւորաց 10։4-8) Ան Սողոմոնի ծառաները երանելի չկոչեց իրենց վայելած պերճանքին համար, ինչ որ էր պարագան։ Հապա Սողոմոնի ծառաները երանելի էին, քանի որ միշտ կրնային լսել Սողոմոնի աստուածատուր իմաստութիւնը։ Սաբայի թագուհին ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մըն է Եհովայի արդի ծառաներուն համար, որոնք ուղղակի Ստեղծիչին եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի իմաստութիւնը կը վայելեն։
Ուշագրաւ է նաեւ Սողոմոնի ըրած թագուհիին յաջորդ ակնարկութիւնը. «Քու Եհովա Աստուածդ օրհնեալ ըլլայ»։ (Գ. Թագաւորաց 10։9) Ան բացայայտօրէն Եհովայի ձեռքը տեսաւ Սողոմոնի իմաստութեան ու բարգաւաճութեան մէջ։ Ասիկա ներդաշնակ է նախապէս Իսրայէլի տուած Եհովայի խոստումին հետ։ Ան ‘իր կանոնները պահելուն’ մասին ըսաւ. «Ձեր իմաստութիւնն ու հանճարը այս պիտի ըլլայ ազգերուն առջեւ, որոնք այս բոլոր կանոնները լսելով պիտի ըսեն. ‘Իրաւցընէ այս մեծ ազգը իմաստուն ու հանճարեղ ժողովուրդ մըն է’»։—Բ. Օրինաց 4։5-7
Իմաստութիւն Տուողին Մօտենալ
Արդի ժամանակներուն, միլիոնաւոր անհատներ ալ Եհովայի կազմակերպութեան մօտեցած են, քանի որ նկատած են որ «Աստուծոյ Իսրայէլը» «իմաստուն ու հանճարեղ ժողովուրդ մըն է», ո՛չ թէ բնութեամբ, այլ քանի որ Աստուծոյ կատարեալ օրէնքներն ու սկզբունքները զինք կ’առաջնորդեն։ (Գաղատացիս 6։16) Մկրտութեան թուանշանները ցոյց կու տան որ վերջին տարիներուն, ամէն տարի հարիւր հազարաւոր նոր աշակերտներ արդարեւ ըսած են հոգեւոր Իսրայէլի՝ «Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է»։ (Զաքարեայ 8։23) Այս նորեկները որքա՜ն կ’ապշին, երբ կը տեսնեն իր ծառաներուն դիմաց Եհովայի տարածած հոգեւոր կոչունքը։ Անոնք իրենց նախկին եկեղեցիներուն մէջ ասոր նման բան մը բնաւ չէին տեսած։—Եսայեայ 25։6
Մեծագոյն Պարգեւողին Տանք
Այսքան շատ բան ստանալով, գնահատող անհատներ բնականաբար հարց կու տան թէ իր տուածին փոխարէն ի՛նչ կրնան տալ մեծագոյն Թագաւորին ու Պարգեւողին՝ Եհովա Աստուծոյ։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ լաւագոյն նուէրը որ կրնանք տալ Եհովայի՝ «օրհնութեան պատարագ» է։ (Եբրայեցիս 13։15) Ինչո՞ւ։ Քանի որ այս զոհը ուղղակիօրէն կապ ունի կեանք փրկելու հետ, ինչ որ այս վերջին ժամանակին մէջ Եհովայի մեծագոյն հետաքրքրութիւնն է։ (Եզեկիէլ 18։23) Ասկէ զատ, երբ անհատ մը հիւանդին, ընկճուածին եւ ուրիշներուն օգնելու համար զօրութիւն եւ ժամանակ կը տրամադրէ, անիկա ընդունելի զոհ մըն է։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14. Եբրայեցիս 13։16. Յակոբու 1։27
Նիւթական նուիրատուութիւնները գլխաւոր դեր մը կը խաղան։ Անոնք կարելի կը դարձնեն Աստուածաշունչերու, սուրբ գրային գրականութիւններու արտադրութիւնը եւ Քրիստոնեաները հաւաքուելու համար հարկ եղող վայրերու կարգադրութիւնը։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Նուիրատուութիւնները նաեւ օգնութեան հիմնադրամներ կը հայթայթեն, պատերազմէ եւ բնական աղէտներէ վնասուողներուն օգնելու համար։
Տալու հարցին մէջ մեզ առաջնորդելու համար, Աստուծոյ Խօսքը կարգ մը գեղեցիկ սկզբունքներ կու տայ։ Օրինակ, անիկա կը սորվեցնէ որ Քրիստոնեաները ոչ թէ որոշ գումար մը տան, այլ՝ տրամաբանականօրէն ինչ որ կարող են, սիրայօժար կերպով եւ ուրախութեամբ տալով։ (Բ. Կորնթացիս 9։7) Ոմանք կրնան շատ տալ, իսկ ուրիշներ Յիսուսի ժամանակուան աղքատ կնոջ նման՝ շատ քիչ։ (Ղուկաս 21։2-4) Հոյակապ բան մը չէ՞ որ Եհովա՝ համայն տիեզերքի Սեփականատէրը՝ կ’արժեւորէ լաւ միտումով տրուած ո՛րեւէ նուէր եւ իր անունով եղած ո՛րեւէ զոհողութիւն։—Եբրայեցիս 6։10
Որպէսզի կարենան ուրախութեամբ տալ, Եհովայի ծառաներուն ուշադրութեան կը յանձնուին տարբեր կարիքներ եւ այդ կարիքները լեցնելու ազդու կերպեր։ Իր կարգին, Եհովայի սուրբ հոգին սիրայօժար սրտերը կը մղէ որ ընդառաջեն։ Երբեմնի Իսրայէլի մէջ, տաղաւարին, ու հետագային տաճարին շինութեան համար այս ընթացքին հետեւեցան։ (Ելից 25։2. 35։5, 21, 29. 36։5-7. 39։32. Ա. Մնացորդաց 29։1-19) Հ.Դ. առաջին դարուն, այդ նոյն ընթացքը կարելի դարձուց որ Քրիստոնեաներ Թագաւորութեան բարի լուրը ազգերուն տանելու համար հարկ եղած միջոցները ունենան եւ Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած սովի մը ընթացքին, եղբայրներուն պէտք եղածը հայթայթեն։—Ա. Կորնթացիս 16։2-4. Բ. Կորնթացիս 8։4, 15. Կողոսացիս 1։23
Նմանապէս այսօր, Եհովա օրհնած է իր ժողովուրդը եւ պիտի շարունակէ օրհնել, աշխարհի մէջ աննախընթաց եղող մեծագոյն քարոզչութիւնը եւ ուսուցումը կատարելու արշաւը ամբողջացնելու համար հարկ եղածը տալով անոր։—Մատթէոս 24։14. 28։19, 20
Ի՞նչ Են Ներկայ Կարիքները
Վերջին տարիներուն, Եհովայի Վկաները գրանցուած են շատ մը երկիրներու մէջ, ուր նախապէս իրենց գործը արգելքի տակ էր։ Որպէս հետեւանք, այս երկիրներէն շատեր հրատարակիչներու թիւին մէջ հսկայական աճ մը արձանագրած են։ Հասկնալի է որ Աստուածաշունչերու եւ սուրբ գրային գրականութիւններու մեծ պահանջք մը կայ։
Նոյնն է պարագան Թագաւորութեան Սրահներուն։ Հիմա իսկ, շուրջ 9,000 Թագաւորութեան Սրահներու կարիքը կայ համայն աշխարհի մէջ։ Եթէ ամէն օր մէկ Թագաւորութեան Սրահ շինուելու ըլլայ, ներկայ կարիքին գոհացում տալու համար 24 տարի պէտք է։ Միեւնոյն ժամանակ, օրական շուրջ եօթը ժողովքներ կը կազմուին, անոնցմէ շատեր աշխարհի այն մասերուն մէջ, ուր նիւթական վիճակը սահմանափակ է։ Միւս կողմէ, այս վայրերէն շատեր սուղնոց կառոյցներու պէտք չունին։ Կարգ մը շրջաններու մէջ կարիքը լեցնող եւ համայնքին մէջ լաւ վկայութեան նպաստող Թագաւորութեան Սրահ մը կրնայ ամբողջացուիլ միայն 6,000 ամերիկեան տոլարով։
Առաջին դարուն, կարգ մը Քրիստոնեաներ ուրիշներէն աւելի բարեկեցիկ վիճակ մը ունէին, ուստի Պօղոս առաքեալ գրեց. «Այսօրուան ձեր աւելին անոնց պակասութիւնը լեցնէ, որպէս զի անոնց աւելին ալ օր մը լեցնէ ձեր պակասութիւնը, որպէս զի հաւասարութիւն ըլլայ»։ (Բ. Կորնթացիս 8։14) Այսօր, նոյնանման «հաւասարութիւն» կարելի է ընել, Աստուածաշունչերու, սուրբ գրային գրականութիւններու, Թագաւորութեան Սրահներու, աղէտեալներու օգնութեան եւ, աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ, տարբեր բաներու համար հարկ եղած նիւթականը հայթայթելով։ Տալը ի՜նչ մեծ օրհնութիւն մըն է թէ՛ տուողին եւ թէ ստացողին համար։—Գործք 20։35
Այսպիսի առատաձեռն հոգի ունեցողներու կողմէ Ընկերութեան ստացած նամակներէն յայտնի կ’ըլլայ թէ այս պարբերաթերթը կարդացողներէն շատեր կը փափաքին օգնել, բայց չեն գիտեր թէ ի՛նչ կերպերով կարելի է նուիրատուութիւններ ընել։ Այս յօդուածին ընկերակցող շրջագծի տեղեկութիւնը անկասկած պատասխան մը պիտի հայթայթէ իրենց հարցումներուն։
Սողոմոնի փառաւոր իշխանութեան ընթացքին, իր մասին լսող «երկրի բոլոր թագաւորները» իրեն այցելութեան եկան։ Սակայն, Աստուածաշունչը կը յիշէ միայն մէկ կառավարիչ՝ Սաբայի թագուհին։ (Բ. Մնացորդաց 9։23) Ի՜նչ մեծ զոհողութիւն ըրաւ ան։ Բայց անոր փոխարէն մեծապէս վարձատրուեցաւ. ա՛յն աստիճան որ իր այցելութեան վերջաւորութեան «խելքը գլխէն գնաց»։—Բ. Մնացորդաց 9։4
Ապագային, մեծագոյն Թագաւորն ու Պարգեւողը՝ Եհովա՝ Իրեն համար զոհողութիւններ ընողներուն շա՛տ աւելին պիտի ընէ քան ինչ որ Սողոմոն կրցաւ ընել։ Անոր փոխարէն, անոնց ‘խելքը գլխէն պիտի երթայ’, քանի որ Եհովա ոչ միայն զիրենք դատաստանի ահարկու օրուընէ պիտի պահպանէ, հապա անկէ ետք ‘իր ձեռքը պիտի բանայ ու ամէն ապրողներուն փափաքը պիտի լեցնէ’։—Սաղմոս 145։16
[Նկար՝ էջ 23]
Եհովայի Վկաներու գործունէութիւնները սիրայօժար նուիրատուութիւններով յառաջ կը տարուին