Տաղաւարահարաց տօնին
Յիսուսի կեանքը եւ ծառայութիւնը
ՄՕՏԱՒՈՐԱՊԷՍ երեք տարիէ՝ իր մկրտութենէն ի վեր, Յիսուս հռչակաւոր եղած է։ Հազարաւորներ իր հրաշքները տեսած են եւ ամբողջ երկրին մէջ իր գործերուն մասին կը խօսուի։ Արդ, ժողովուրդը Տաղաւարահարաց Տօնին համար Երուսաղէմ գտնուելով, կ’ակնկալեն զինք հոն տեսնել։ «Ո՞ւր է անիկա», կ’ուզեն գիտնալ։
Յիսուս հակաճառութեան նիւթ մը եղած է։ «Աղէկ մարդ է», կ’ըսեն ոմանք։ «Ոչ, հապա ժողովուրդը կը մոլորեցնէ», կը պնդեն ուրիշներ։ Տօնախմբութեան սկիզբի օրերուն այսպիսի շատ մը խօսակցութիւններ կը դառնան։ Սակայն ոեւէ մէկը չի համարձակիր բացէ ի բաց Յիսուսը պաշտպանել, քանի որ մարդիկ կը վախնան Հրեայ առաջնորդներուն կողմէ փոխ–հատուցում ստանալէ։
Տօնախմբութեան կիսուն, Յիսուս կը հասնի։ Ան տաճար կ’երթայ եւ հոն ժողովուրդը կը սքանչանայ իր սորվեցնելու հոյակապ կարողութեան վրայ։ Քանի որ Յիսուս րաբբունական դպրոց յաճախած չէ, Հրեաները կը զարմանան ու կ’ըսեն. «Ի՞նչպէս ասիկա գրքերը գիտէ, որ սորված չէ»։
«Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ», կը բացատրէ Յիսուս, «հապա զիս ղրկողինն է։ Եթէ մէկը կ’ուզէ անոր կամքը ընել, պիտի գիտնայ այս վարդապետութեան համար թէ արդեօք Աստուծմէ՞ է՝ թէ ես ինքնիրմէս կը խօսիմ»։ Յիսուսի ուսուցումը սերտօրէն կապուած է Աստուծոյ օրէնքին։ Ասիկա կ’ապացուցանէ որ ան Աստուծոյ փառքը կը փնտռէ եւ ոչ թէ իրը։ «Մովսէս չտուա՞ւ ձեզի օրէնքը», կը հարցնէ Յիսուս։ Իսկ որպէս յանդիմանութիւն ան կը շարունակէ ըսել. «Ձեզմէ մէ՛կն ալ չի պահեր օրէնքը»։
«Ինչո՞ւ կ’ուզէք զիս սպաննել», կը հարցնէ Յիսուս։
Ամբոխը՝ հաւանաբար տօնին համար եկած այցելուներ՝ տեղեակ չեն այս մասին։ Անոնց մտքէն իսկ չ’անցնիր որ ոեւէ մէկը ուզէ սպաննել այսպիսի հոյակապ ուսուցիչ մը։ Ուստի կը խորհին որ Յիսուսի այդ մտածումը բնական չէ։ «Դեւ կայ քու ներսդ», կ’ըսեն անոնք, «ո՞վ կ’ուզէ քեզ սպաննել»։
Հրեայ առաջնորդները կ’ուզեն Յիսուսի սպաննուիլը, թէեւ ամբոխը տեղեակ չէ այս մասին։ Երբ մէկուկէս տարի առաջ Յիսուս Շաբաթ օրը մարդ մը բուժեց, առաջնորդները փորձեցին զինք սպաննել։ Ուստի Յիսուս անոնց ցոյց կու տայ իրենց անտրամաբանական ըլլալը, անոնց հարցնելով. «Եթէ շաբաթ օրը մարդ կը թլփատէք որպէսզի Մովսէսին օրէնքը չքակուի, ինծի կը բարկանա՞ք որ ես շաբաթ օրը ամբողջ մարդ մը բժշկեցի։ Աչքի երեւցածին պէս դատաստան մի՛ ընէք, հապա արդար դատաստան ըրէք»։
Արդ, այս պարագային ծանօթ եղող Երուսաղէմի բնակիչները կ’ըսեն. «Ասիկա ան չէ՞, որ կը փնտռեն սպաննելու համար։ Ահա յայտնի կը խօսի ու բան մը չեն ըսեր անոր. միթէ իշխանները հասկցա՞ն թէ ասիկա ճշմարտապէս Քրիստոսն է»։ Երուսաղէմի այս բնակիչները կը բացատրեն թէ ի՛նչու չեն հաւատար թէ Յիսուս Քրիստոսն է. «Մենք գիտենք թէ ուրկէ՛ է [ան]. բայց Քրիստոս երբ գայ, մէ՛կը պիտի չգիտնայ ուրկէ՛ ըլլալը»։
Յիսուս կը պատասխանէ. «Զի՛ս ալ կը ճանչնաք եւ ուրկէ՛ ըլլալս ալ գիտէք։ Ես ինքնիրմէս եկած չեմ, հապա ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է, որ դուք չէք ճանչնար։ Բայց ես կը ճանչնամ զանիկա, վասնզի ես անկէ եմ եւ անիկա զիս ղրկեց»։ Ասոր վրայ, անոնք կը ջանան զինք բռնել կա՛մ բանտ նետելու եւ կա՛մ սպաննելու համար։ Սակայն չեն յաջողիր, քանի որ Յիսուսի մեռնելու ժամանակը եկած չէ տակաւին։
Այսուհանդերձ, շատեր հաւատացին Յիսուսի։ Այո, ան ջուրին վրայ քալած, հովը դադրեցուցած, փոթորկալից ծովը հանդարտեցուցած, քանի մը նկանակով եւ ձուկով հազարաւորներ կերակրած, հիւանդը բուժած, կաղին քալել տուած, կոյրին աչքերը բացած, բորոտները աղեկցուցած եւ նոյնիսկ մեռելներ յարուցանած էր։ Ուստի անոնք կը հարցնեն. «Քրիստոս երբ գայ, ասոնցմէ աւելի նշաննե՞ր պիտի ընէ, որչափ ասիկա կ’ընէ»։
Երբ Փարիսեցիները կը լսեն որ ամբոխը այս բաները կը մրմնջէ, անոնք եւ քահանայապետները պաշտօնեաներ կը ղրկեն որ Յիսուսը ձերբակալեն։ Յովհաննու 7։11–32
◆ Յիսուս ե՞րբ կը հասնի տօնախմբութեան, եւ իր մասին ի՞նչ խօսակցութիւն կը դառնայ։
◆ Հաւանաբար ինչո՞ւ ոմանք ըսին որ Յիսուս դեւ ունի։
◆ Երուսաղէմի բնակիչները Յիսուսի մասին ի՞նչ գաղափար ունին։
◆ Ինչո՞ւ շատեր կը հաւատան Յիսուսի։