Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ91 11/1 էջ 24-25
  • Հայրութեան մասին հարց

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հայրութեան մասին հարց
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հայրութեան հարցը
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
  • Անոնց հայրը Աբրահա՞մն է, թէ ոչ՝ Սատանան
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Եհովան զինք իր «բարեկամ»ը կոչեց
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ո՞վ էր Աբրահամ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
դ91 11/1 էջ 24-25

Հայրութեան մասին հարց

Յիսուսի կեանքը եւ ծառայութիւնը

ՀՐԵԱՅ առաջնորդներուն հետ Յիսուսի խօսակցութիւնը աւելի տաք բնոյթ կը ստանայ, Հ.Դ. 32–ի Տաղաւարահարաց Տօնին ընթացքին։ «Գիտեմ թէ Աբրահամի սերունդն էք», կ’ընդունի Յիսուս, «Բայց կը փնտռէք զիս մեռցնել վասնզի իմ խօսքս ձեր ներսիդին տեղ չունի։ Ես ինչ որ տեսայ Հօրս քով՝ զայն կը խօսիմ եւ դուք ալ ինչ որ տեսաք ձեր հօրը քով՝ զայն կ’ընէք»։

Թէեւ իրենց հօրը ինքնութիւնը չի յայտներ, բայց Յիսուս որոշապէս ցոյց կու տայ թէ իրենց հայրը տարբեր է։ Չհասկնալով Յիսուսի միտքը, Հրեայ առաջնորդները կը պատասխանեն. «Մեր հայրը Աբրահամ է»։ Անոնք կը խորհին որ Աստուծոյ բարեկամը եղող Աբրահամի հաւատքը ունին։

Սակայն Յիսուս իր պատասխանով կը ցնցէ զիրենք. «Եթէ Աբրահամին որդիները ըլլայիք, Աբրահամին գործերը պիտի գործէիք»։ Արդարեւ, իրական որդին մը իր հայրը կ’ընդօրինակէ։ «Բայց հիմա կը փնտռէք սպաննել զիս», կ’ըսէ Յիսուս, «այնպիսի մարդ մը, որ ձեզի ճշմարտութիւնը խօսեցայ, որ Աստուծմէ լսեցի։ Աբրահամ այդ բանը չըրաւ»։ Ուստի Յիսուս դարձեալ կ’ըսէ. «Դուք ձեր հօրը գործերը կ’ընէք»։

Տակաւին անոնք չեն հասկնար թէ Յիսուս ի՛նչ բանի կ’ակնարկէ։ Անոնք կը պնդեն թէ իրենք Աբրահամի օրինաւոր որդիներն են, ըսելով. «Մենք պոռնկութենէ չենք ծնած»։ Հետեւաբար, Աբրահամի նման ճշմարիտ երկրպագուներ ըլլալ դաւանելով, անոնք կը պնդեն. «Մենք մէկ Հայր ունինք, որ է Աստուած»։

Բայց արդեօք Աստուա՞ծ է անոնց Հայրը։ «Եթէ Աստուած ձեր Հայրը ըլլար», կը պատասխանէ Յիսուս, «պիտի սիրէիք զիս. վասնզի ես Աստուծէ ելայ ու եկայ. ո՛չ թէ ես ինքիրմէս եկայ, հապա անիկա զիս ղրկեց։ Ինչո՞ւ դուք իմ խօսքերս չէք հասկնար»։

Յիսուս կը փորձէր այս կրօնական առաջնորդներուն ցոյց տալ, թէ ինչ պիտի ըլլայ զինք մերժելուն հետեւանքները։ Արդ, ան շեշտակի կ’ըսէ անոնց. «Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել»։ Բանսարկուն ինչպի՞սի հայր մըն է։ Յիսուս զինք մարդասպան կը կոչէ ու կ’ըսէ. «Անիկա ստախօս է եւ անոր հայրը»։ Ուստի Յիսուս կ’եզրափակէ. «Ան որ Աստուծմէ է, Աստուծոյ խօսքերը մտիկ կ’ընէ։ Դուք անոր համար մտիկ չէք ըներ, քանզի Աստուծմէ չէք»։

Յիսուսի դատավճիռէն բարկացած, Հրեաները կը պատասխանեն. «Աղէկ չե՞նք ըսեր մենք՝ թէ դուն Սամարացի ես ու դեւ կայ քու ներսդ»։ «Սամարացի» արտայայտութիւնը անարգանքի ու նախատինքի համար գործածուած է, քանի որ Հրեաները կ’ատէին Սամարացիները։

Սամարացի ըլլալու մասին եղած անարգանքը անտեսելով, Յիսուս կը պատասխանէ. «Իմ ներսս դեւ չկայ, հապա ես իմ Հայրս կը պատուեմ, բայց դուք զիս կ’անարգէք»։ Շարունակելով, Յիսուս ապշեցուցիչ խոստում մը կու տայ. «Եթէ մէկը իմ խօսքս պահէ, յաւիտեան մահ պիտի չտեսնէ»։ Անշուշտ, Յիսուս ըսել չէր ուզեր թէ բոլոր իր հետեւորդները բառացիօրէն բնաւ մահ պիտի չտեսնէին։ Այլ, ըսել կ’ուզէր թէ անոնք բնաւ յաւիտենական բնաջնջում կամ «երկրորդ մահ» պիտի չտեսնէին, որմէ յարութիւն չկայ։

Սակայն, Հրեաները Յիսուսի խօսքերը բառացի կ’առնեն։ Ուստի, կ’ըսեն. «Հիմա գիտցանք թէ քու ներսդ դեւ կայ։ Աբրահամ մեռաւ ու մարգարէներն ալ եւ դուն կ’ըսես. ‘Եթէ մէկը իմ խօսքս պահէ, յաւիտեան մահուան համը պիտի չառնէ’։ Միթէ դուն աւելի՞ մեծ ես մեր հօրմէն՝ Աբրահամէն, որ մեռաւ ու մարգարէներն ալ մեռան. դուն քեզ ո՞վ կը կարծես»։

Այս ընդհանուր խօսակցութեան ընթացքին, Յիսուս բացայայտօրէն իր Մեսիա ըլլալուն կը մատնանշէ։ Բայց իր ինքնութեան մասին փոխանակ ուղղակիօրէն պատասխանելու անոնց հարցումներուն, ան կ’ըսէ. «Եթէ ես ինքզինքս փառաւորեմ, իմ փառքս բան մը չէ։ Իմ Հայրս է, որ զիս կը փառաւորէ, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ մեր Աստուածն է, բայց զանիկա չէք ճանչնար, բայց ես կը ճանչնամ զանիկա ու եթէ ըսեմ թէ զանիա չեմ ճանչնար, ձեզի պէս ստախօս պիտի ըլլամ»։

Շարունակելով, Յիսուս դարձեալ հաւատարիմ Աբրահամի ակնարկութիւն կ’ընէ, ըսելով. «Ձեր հայրը Աբրահամ՝ ցանկացաւ իմ օրս տեսնել ու տեսաւ եւ ուրախացաւ»։ Այո, հաւատքի աչքերով Աբրահամ առաջ նայեցաւ ու տեսաւ խոստացեալ Մեսիային գալը։ Հրեաները թերահաւատութեամբ ըսին. «Դուն տակաւին յիսուն տարեկան չկաս, Աբրահա՞մն ալ տեսար»։

«Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Աբրահամին ըլլալէն առաջ եմ ես», կը պատասխանէ Յիսուս։ Անշուշտ, ան իր նախամարդկային գոյութեան մասին կը խօսի, որպէս հզօր հոգեղէն անհատ մը։

Աբրահամէն առաջ ըլլալուն մասին Յիսուսի խօսքերէն զայրացած, Հրեաները քարեր կը վերցնեն որպէսզի անոր վրայ նետեն։ Բայց ան կը պահուըտի եւ անվնաս տաճարէն դուրս կ’ելլէ։ Յովհաննու 8։37–59. Յայտնութիւն 3։14. 21։8

◆ Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ ինք եւ իր թշնամիները տարբեր հայրեր ունին։

◆ Ի՞նչ իմաստով Հրեաները զինք Սամարացի կը կոչեն։

◆ Ի՞նչ իմաստով Յիսուս կ’ըսէ թէ իր հետեւորդները բնաւ մահ պիտի չտեսնեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել